Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Քա՛ջ ըլլանք՝ հաւատք ու աստուածավախութիւն ի գործ դնելով

Քա՛ջ ըլլանք՝ հաւատք ու աստուածավախութիւն ի գործ դնելով

Քա՛ջ ըլլանք՝ հաւատք ու աստուածավախութիւն ի գործ դնելով

«Զօրացի՛ր ու քաջասի՛րտ եղիր, . . . քանզի քու Տէր Աստուածդ քեզի հետ պիտի ըլլայ»։—ՅԵՍՈՒԱՅ 1։9

1, 2. (ա) Մարդկային տեսանկիւնէն դիտուած, հաւանակա՞ն էր որ Իսրայէլ Քանանացիները նուաճէր։ (բ) Յեսու ի՞նչ երաշխիք ստացաւ։

ԻՍՐԱՅԷԼ ազգը Հ.Դ.Ա. 1473–ին՝ պատրաստ էր Խոստացեալ Երկիրը մտնելու։ Իրենց դիմաց գտնուող դժուարութիւններուն մասին խօսելով, Մովսէս ժողովուրդին յիշեցուց. «Դուն այսօր Յորդանանէն կ’անցնիս, որպէս զի երթաս քեզմէ մեծ ու զօրաւոր ազգերու, մինչեւ երկինք բարձրացող պարսպապատ մեծ քաղաքները ժառանգես, այն մեծ ու երկայնահասակ ազգը՝ Ենակիմներուն որդիները . . . որոնց համար լսեր ես՝ ‘Ենակին որդիներուն ո՞վ կրնայ դէմ դնել’»։ (Բ. Օրինաց 9։1, 2) Արդարեւ այս հսկայ ռազմիկները առակի կարգ անցած էին։ Ասկէ զատ, կարգ մը Քանանացիներ լաւ սպառազինուած բանակներ ունէին, ձիերով եւ կառքերով, որոնց անիւներուն գերանդիներ կցուած էին։—Դատաւորաց 4։13

2 Միւս կողմէ, Իսրայէլ ստրկացած ազգ մըն էր եւ անապատին մէջ 40 տարուան անոր թափառումը նոր վերջ գտած էր։ Ուստի մարդկային տեսանկիւնէն դիտուած, անհաւանական էր որ անոնք թշնամին նուաճէին։ Այսուհանդերձ Մովսէս հաւատք ունէր. ան «կը տեսնէր» թէ Եհովա զիրենք կ’առաջնորդէր։ (Եբրայեցիս 11։27) Ան ժողովուրդին ըսաւ. «Քու Տէր Աստուածդ ինք քու առջեւէդ կ’երթայ . . . զանոնք պիտի կորսնցնէ եւ քու առջեւէդ զանոնք պիտի նուաճէ»։ (Բ. Օրինաց 9։3. Սաղմոս 33։16, 17) Մովսէսի մահէն ետք, Եհովա Յեսուն հաւաստիացուց՝ ըսելով. «Ելի՛ր ու անցի՛ր Յորդանանէն՝ դուն եւ այս բոլոր ժողովուրդը՝ այն երկիրը որ ես Իսրայէլի որդիներուն պիտի տամ։ Քու կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ մա՛րդ մը պիտի չկրնայ քեզի դէմ դնել։ Ինչպէս Մովսէսին հետ էի, քեզի հետ ալ այնպէս պիտի ըլլամ»։—Յեսուայ 1։2, 5

3. Ի՞նչ բան Յեսուի հաւատքին ու քաջութեան նպաստեց։

3 Եհովայի աջակցութիւնն ու առաջնորդութիւնը ունենալու համար, Յեսու Աստուծոյ Օրէնքը պէտք էր կարդար, անոր վրայ խոկար եւ անոր համաձայն ապրէր։ Եհովա ըսաւ. «Այն ատեն քու գործերդ յառաջ պիտի տանիս եւ այն ատեն յաջողութիւն պիտի գտնես։ Ահա քեզի կը պատուիրեմ, զօրացի՛ր ու քաջասի՛րտ եղիր, մի՛ վախնար ու մի՛ զարհուրիր. քանզի քու Տէր Աստուածդ քեզի հետ պիտի ըլլայ, ուր որ երթաս»։ (Յեսուայ 1։8, 9) Որովհետեւ Յեսու Աստուծոյ մտիկ ըրաւ, ան քաջ, զօրաւոր ու յաջող անձ մը եղաւ։ Սակայն իր տարեկիցներուն մեծամասնութիւնը անհնազանդ գտնուելով, ձախողեցան եւ անապատին մէջ մեռան։

Անհաւատ ու երկչոտ ժողովուրդ մը

4, 5. (ա) Տասը լրտեսներուն կեցուածքը ի՞նչպէս տարբեր էր Յեսուի ու Քաղէբի կեցուածքէն։ (բ) Եհովա ժողովուրդին անհաւատութեան ի՞նչպէս հակազդեց։

4 Քառասուն տարի առաջ, երբ Իսրայէլ առաջին անգամ Քանանի մօտեցաւ, Մովսէս 12 տղամարդ ղրկեց՝ երկիրը լրտեսելու համար։ Անոնցմէ տասն վախով բռնուած վերադարձան ու ըսին. «Անոր մէջի ժողովուրդը, որ մենք տեսանք, յաղթահասակ մարդիկ են եւ հոն տեսանք հսկաներ, Ենակի որդիները, որ հսկաներ են. այնպէս որ մենք մեր աչքին մարախի պէս երեւցանք»։ Ենակիմներէն զատ, բոլո՞ր «ժողովուրդը» հսկաներ էին։ Ո՛չ։ Ենակիմները նախաջրհեղեղեան Նեֆիլիմներէն սերա՞ծ էին։ Անշուշտ ո՛չ։ Այսուհանդերձ, այս խեղաթիւրումներուն պատճառաւ բանակավայրին մէջ վախ տիրեց, եւ ժողովուրդը նոյնիսկ ուզեց իր ստրկութեան երկիրը՝ Եգիպտոս վերադառնալ։—Թուոց 13։32–14։4

5 Սակայն լրտեսներէն երկուքը՝ Յեսու եւ Քաղէբ, Աւետեաց Երկիրը մտնելու մեծ ցանկութիւն ունէին։ Անոնք ըսին. «Երկրին ժողովուրդը . . . մեր կերակուրն են. անոնց ապահովութիւնը գացած է իրենց վրայէն ու Տէրը մեզի հետ է։ Անոնցմէ մի՛ վախնաք»։ (Թուոց 14։9) Յեսու եւ Քաղէբ անտեղիօրէ՞ն լաւատես էին։ Բնաւ երբեք։ Անոնք եւ մնացեալ ազգը ականատես եղած էին, երբ Եհովա հզօր Եգիպտոսն ու անոր չաստուածները նուաստացուց՝ Տասը Պատուհասներու միջոցաւ, ապա Փարաւոնն ու անոր զօրագունդերը Կարմիր ծովուն մէջ խեղդեց։ (Սաղմոս 136։15) Բացայայտ է որ տասը լրտեսներուն եւ անոնցմէ ազդուողներուն ցուցաբերած վախը անարդարանալի էր։ Եհովա խոր վիշտ յայտնելով՝ ըսաւ. «Այս ժողովուրդը . . . մինչեւ ե՞րբ՝ հակառակ բոլոր հրաշքներուս՝ պիտի չհաւատան ինծի»։—Թուոց 14։11

6. Քաջութիւնը ի՞նչպէս հաւատքի հետ առնչութիւն ունի, եւ ասիկա ի՞նչպէս կը տեսնուի արդի ժամանակներուն։

6 Եհովա ուղղակի խնդրին արմատը նշեց,– ժողովուրդին վախկոտ կեցուածքը անհաւատութեան հետեւանքն էր։ Արդարեւ հաւատքն ու քաջութիւնը սերտօրէն յարակից են. ատոր համար Յովհաննէս առաքեալ կրցաւ քրիստոնէական ժողովքին ու անոր հոգեւոր պատերազմին նկատմամբ գրել. «Մեր հաւատքն է, որ աշխարհին կը յաղթէ»։ (Ա. Յովհաննու 5։4) Ներկայիս, աւելի քան վեց միլիոն Եհովայի Վկաներ՝ երիտասարդ ու տարեց, զօրաւոր ու տկար, որոնք Յեսուի ու Քաղէբի հաւատքին նման հաւատք ունին, Թագաւորութեան բարի լուրը համայն աշխարհի մէջ քարոզած են։ Ո՛չ մէկ թշնամի կրցած է այս հզօր ու քաջ բանակը լռեցնել։—Հռովմայեցիս 8։31

‘Ետ մի՛ քաշուիր’

7. Ի՞նչ կը նշանակէ ‘ետ քաշուիլ’։

7 Ներկայիս Եհովայի ծառաները բարի լուրը քաջաբար կը քարոզեն, քանի որ Պօղոս առաքեալի մտավիճակը ունին, որ ըսաւ. «Մենք ետ չենք քաշուիր որ կորսուինք, հապա կը հաւատանք թէ մեր հոգին պիտի փրկուի»։ (Եբրայեցիս 10։39) Պօղոսի նշած ‘ետ քաշուիլը’ չ’ակնարկեր ժամանակաւորապէս վախնալուն, քանի որ Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաներէն շատեր ատեն–ատեն վախցած են։ (Ա. Թագաւորաց 21։12. Գ. Թագաւորաց 19։1-4) Աստուածաշունչի բառարանի մը համաձայն, անիկա կը նշանակէ «նահանջել», «ճշմարտութեան թոյլ կերպով կառչիլ»։ Բառարանը կ’աւելցնէ թէ Աստուծոյ ծառայութեան առնչութեամբ կրնայ ‘ետ քաշուիլը’ փոխաբերութիւն մը ըլլալ, հիմնուած՝ նաւուն «առագաստը իջեցնելուն եւ այսպէս արագութիւնը դանդաղեցնելուն» վրայ։ Անշուշտ զօրաւոր հաւատքի տէր անհատները ‘արագութիւնը չեն դանդաղեցներ’, երբ դժուարութիւններ ծագին, ինչպէս՝ հալածանք, հիւանդութիւն կամ այլ փորձութիւն։ Փոխարէն, անոնք Եհովայի ծառայութեան մէջ կը յարատեւեն, վստահ ըլլալով թէ ան խորապէս կը հոգայ զիրենք եւ իրենց սահմանափակումները գիտէ։ (Սաղմոս 55։22. 103։14) Այսպիսի հաւատք մը ունի՞ս։

8, 9. (ա) Եհովա ի՞նչպէս նախկին Քրիստոնեաներուն հաւատքը զօրացուց։ (բ) Մեր հաւատքը կերտելու համար ի՞նչ կրնանք ընել։

8 Ատեն մը առաքեալները զգացին թէ իրենց հաւատքը բաւարար չէր, ուստի Յիսուսի ըսին. «Մեր հաւատքը աւելցուր»։ (Ղուկաս 17։5) Անոնց անկեղծ խնդրանքը շնորհուեցաւ, յատկապէս Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին, երբ խոստացեալ սուրբ հոգին աշակերտներուն վրայ իջաւ եւ անոնց օգնեց որ խորապէս ըմբռնեն Աստուծոյ Խօսքն ու նպատակը։ (Յովհաննու 14։26. Գործք 2։1-4) Իրենց հաւատքը զօրանալով, աշակերտները քարոզչական արշաւի մը ձեռնարկեցին, որ բարի լուրը «երկնքի տակ եղած բոլոր ստեղծուածներուն» հասցուց՝ ի հեճուկս հակառակութեան։—Կողոսացիս 1։23. Գործք 1։8. 28։22

9 Մեր հաւատքը կերտելու եւ ծառայութեան մէջ յարատեւելու համար, մենք ալ Սուրբ Գրութիւնները պէտք է ուսումնասիրենք եւ անոնց վրայ խոկանք ու աղօթքով սուրբ հոգին խնդրենք։ Յեսուի, Քաղէբի ու նախկին Քրիստոնեաներուն նման, Աստուծոյ ճշմարտութիւնը մեր մտքին ու սրտին մէջ դրոշմելով կ’ունենանք հաւատք մը, որ հարկ եղած քաջութիւնը կու տայ որ մեր հոգեւոր պատերազմին մէջ տոկանք եւ յաղթական դուրս գանք։—Հռովմայեցիս 10։17

Միայն Աստուծոյ գոյութեան հաւատալը բաւարար չէ

10. Ճշմարիտ հաւատքը ի՞նչ կ’ընդգրկէ։

10 Ինչպէս վաղեմի ուղղամիտներուն օրինակը ցոյց կու տայ, քաջութիւն ու համբերատարութիւն յառաջ բերող հաւատքը, Աստուծոյ գոյութեան հաւատալէն աւելին կը պարփակէ։ (Յակոբու 2։19) Անիկա կը պահանջէ Եհովան ճանչնալ որպէս անձ եւ լիովին իրեն վստահիլ։ (Սաղմոս 78։5-8. Առակաց 3։5, 6) Անիկա կը նշանակէ մեր ամբողջ սրտով հաւատալ թէ Աստուծոյ օրէնքներուն եւ սկզբունքներուն ուշադրութիւն ընծայելը՝ մեր լաւագոյն շահերուն կը ծառայէ։ (Եսայեայ 48։17, 18) Հաւատքը նաեւ կը պարփակէ լման վստահութիւն ունենալ թէ Եհովա իր բոլոր խոստումները պիտի կատարէ եւ թէ «վարձահատոյց կ’ըլլայ անոնց, որ զինք կը փնտռեն»։—Եբրայեցիս 11։1, 6. Եսայեայ 55։11

11. Յեսու եւ Քաղէբ իրենց հաւատքին ու քաջութեան համար ի՞նչպէս օրհնուեցան։

11 Այս հաւատքը սառած վիճակի մէջ չէ։ Անիկա կ’աճի մինչ ճշմարտութիւնը կ’ապրինք, օգուտները ‘կը ճաշակենք’, մեր աղօթքներուն պատասխանները ‘կը տեսնենք’ եւ այլ կերպերով՝ Եհովայի առաջնորդութիւնը կը զգանք մեր կեանքին մէջ։ (Սաղմոս 34։8. Ա. Յովհաննու 5։14, 15) Վստահ ենք որ Յեսուի ու Քաղէբի հաւատքը խորացաւ, երբ Աստուծոյ բարութիւնը ճաշակեցին։ (Յեսուայ 23։14) Հետեւեալ կէտերը նկատի առ. անոնք անապատին մէջ 40 տարուան թափառման վերջաւորութեան ողջ մնացին՝ Աստուծոյ խոստումին համաձայն։ (Թուոց 14։27-30. 32։11, 12) Անոնք Քանանի վեց տարի տեւող նուաճման մէջ գործնական դեր մը խաղցան։ Ի վերջոյ, անոնք երկար ու առողջ կեանք վայելեցին եւ նոյնիսկ իրենց անձնական ժառանգութիւնը ստացան։ Արդարեւ Եհովա իրեն ծառայող հաւատարիմ ու քաջ անհատները մեծապէս կը վարձատրէ։—Յեսուայ 14։6, 9-14. 19։49, 50. 24։29

12. Եհովա ի՞նչպէս ‘իր խօսքը կը մեծցնէ’։

12 Յեսուի ու Քաղէբի հանդէպ Աստուծոյ հաւատարիմ սէրը մեր միտքը կը բերէ սաղմոսերգուին խօսքը. «Քու բոլոր անունէդ վեր մեծցուցիր քու խօսքդ»։ (Սաղմոս 138։2) Երբ Եհովա իր անունը կ’առնչէ խոստումի մը, այդ խոստումին կատարումը ‘կը մեծնայ’, այն առումով որ անիկա բոլոր ակնկալութիւնները կը գերազանցէ։ (Եփեսացիս 3։20) Այո, Եհովա իրմով ‘ուրախացողները’ երբեք յուսախաբ չ’ըներ։—Սաղմոս 37։3, 4

«Աստուծոյ հաճելի» եղող մարդ մը

13, 14. Ենովք ինչո՞ւ հաւատքի ու քաջութեան կարիք ունէր։

13 Հաւատքի ու քաջութեան մասին շատ բան կրնանք սորվիլ, նախաքրիստոնէական այլ վկայի մը՝ Ենովքի օրինակը նկատի առնելով։ Մարգարէանալու սկսելէ առաջ իսկ, Ենովք հաւանաբար գիտէր որ իր հաւատքն ու քաջութիւնը փորձի պիտի ենթարկուէին։ Ի՞նչպէս։ Քանի որ Եհովա Եդեմի մէջ ըսած էր թէ Աստուծոյ ծառայողներուն եւ Բանսարկուին ծառայողներուն միջեւ թշնամութիւն կամ ատելութիւն պիտի գոյանար։ (Ծննդոց 3։15) Ենովք նաեւ գիտէր որ այս ատելութիւնը մարդկային պատմութեան սկիզբը գլուխ ցցած էր, Կայէնը իր եղբայրը՝ Աբէլը սպաննելով։ Արդարեւ անոնց հայրը՝ Ադամ, Ենովքի ծնունդէն ետք, շուրջ 310 տարի ապրեցաւ։—Ծննդոց 5։3-18

14 Սակայն հակառակ այս իրողութիւններուն, Ենովք քաջաբար «Աստուծոյ հետ քալեց» եւ Եհովայի դէմ մարդոց խօսած «խիստ խօսքեր»ը դատապարտեց։ (Ծննդոց 5։22. Յուդա 14, 15) Ճշմարիտ պաշտամունքի կողքին Ենովքի անվախ կեցուածքը, ըստ երեւոյթին պատճառ եղաւ որ բազմաթիւ թշնամիներ ունենայ, իր կեանքը վտանգելով։ Այս պարագային, Եհովա իր մարգարէն մահուան ցաւերէն խնայեց։ Անոր յայտնելէ ետք թէ «Աստուծոյ հաճելի էր», Եհովա զինք մահուան ‘փոխադրեց’, թերեւս՝ մինչ ան տեսիլք մը կը ստանար։—Եբրայեցիս 11։5, 13. Ծննդոց 5։24

15. Ենովք Եհովայի արդի ծառաներուն համար ի՞նչ ընտիր օրինակ հանդիսացաւ։

15 Ենովքի փոխադրուիլը նշելէն անմիջապէս ետք, Պօղոս դարձեալ հաւատքի կարեւորութիւնը ընդգծեց՝ ըսելով. «Առանց հաւատքի անհնար է Աստուծոյ հաճելի ըլլալ»։ (Եբրայեցիս 11։6) Արդարեւ Ենովքի հաւատքը իրեն քաջութիւն տուաւ որ Եհովայի հետ քալէ եւ անոր դատաստանական պատգամը անաստուած աշխարհի մը յայտարարէ։ Ենովք ասոր մէջ ընտիր օրինակ մը հանդիսացաւ մեզի։ Մենք ճշմարիտ պաշտամունքին հակառակող եւ ամէն տեսակ չարութեամբ լեցուած աշխարհի մը մէջ կատարելիք նոյնանման գործ մը ունինք։—Սաղմոս 92։7. Մատթէոս 24։14. Յայտնութիւն 12։17

Աստուածավախութենէ յառաջ եկած քաջութիւն

16, 17. Ո՞վ էր Աբդիան, եւ ինչպիսի՞ պարագայի մը մէջ գտնուեցաւ։

16 Հաւատքի կողքին, քաջութեան նպաստող ուրիշ յատկութիւն մըն ալ կայ,– Աստուծոյ հանդէպ յարգալից վախը։ Այժմ քննարկենք աստուածավախ մարդու մը ուշագրաւ օրինակը, որ ապրեցաւ Եղիա մարգարէին եւ Իսրայէլի հիւսիսային թագաւորութեան վրայ իշխող Աքաաբ թագաւորի օրերուն։ Աքաաբի իշխանութեան ընթացքին, հիւսիսային թագաւորութիւնը աննախընթաց տարողութեամբ վարակուած էր Բահաղի պաշտամունքով։ Իրականութեան մէջ, Բահաղի 450 մարգարէները եւ Աստարովթի 400 մարգարէները, Աքաաբի կնոջ՝ ‘Յեզաբէլի սեղանէն կ’ուտէին’։—Գ. Թագաւորաց 16։30-33. 18։19

17 Եհովայի անգութ թշնամին՝ Յեզաբէլ ջանաց ճշմարիտ պաշտամունքը երկրէն արմատախիլ ընել։ Ան Եհովայի կարգ մը մարգարէները սպաննեց եւ նոյնիսկ փորձեց Եղիան սպաննել, բայց ան Աստուծոյ հնազանդելով փախաւ Յորդանանի անդիի կողմը։ (Գ. Թագաւորաց 17։1-3. 18։13) Կրնա՞ս երեւակայել թէ հիւսիսային թագաւորութեան մէջ մաքուր պաշտամունքին նեցուկ կանգնիլը որքա՜ն դժուար ըլլալու էր այդ ժամանակ։ Աւելի գէշը, եթէ մէկը արքունական պալատին մէջ աշխատէր, ինչպէս էր պարագան Աքաաբի տան տնտեսին՝ աստուածավախ Աբդիայի։ *Գ. Թագաւորաց 18։3

18. Ի՞նչ բան Աբդիան Եհովայի բացառիկ երկրպագու մը դարձուց։

18 Անկասկած Աբդիա Եհովան պաշտելու մէջ թէ՛ զգոյշ եւ թէ խոհեմ էր, բայց զիջումներ չըրաւ։ Իրականութեան մէջ, Գ. Թագաւորաց 18։3–ը մեզի կ’ըսէ. «Աբդիան Տէրոջմէն շատ կը վախնար»։ Այո, Աստուծոյ հանդէպ Աբդիայի վախը բացառիկ էր։ Այս առողջ վախը իր կարգին՝ անոր տուաւ յատկանշական քաջութիւն, ինչպէս ի յայտ եկաւ՝ Յեզաբէլ Եհովայի մարգարէները սպաննելէն անմիջապէս ետք։

19. Աբդիայի ո՞ր արարքը ցոյց տուաւ իր քաջութիւնը։

19 Կը կարդանք. «Երբ Յեզաբէլ Տէրոջը մարգարէները ջարդեց, Աբդիա հարիւր մարգարէ առաւ ու զանոնք, յիսուն յիսուն, քարայրներու մէջ պահեց ու զանոնք հացով ու ջրով կերակրեց»։ (Գ. Թագաւորաց 18։4) Ինչպէս կրնաս երեւակայել, հարիւր տղամարդ գաղտնօրէն կերակրելը շատ վտանգաւոր ձեռնարկ մըն էր։ Աբդիա գերուշադիր պէտք էր ըլլար որ իր ըրածը չգիտցուէր ո՛չ միայն Աքաաբի ու Յեզաբէլի կողմէ, այլեւ՝ 850 սուտ մարգարէներուն կողմէ, որոնք յաճախ պալատը կ’այցելէին։ Ասկէ զատ, երկրին մէջ գտնուող բազմաթիւ սուտ երկրպագուները, գիւղացիէն մինչեւ իշխանը, անկասկած որեւէ առիթ պիտի օգտագործէին Աբդիան քօղազերծելու, որպէսզի թագաւորին ու թագուհիին քով շնորհք գտնէին։ Բայց եւ այնպէս, այս բոլոր կռապաշտներուն քիթին տակ, Աբդիա քաջաբար Եհովայի մարգարէներուն կարիքներուն հոգ տարաւ։ Աստուածավախութիւնը ի՜նչ զօրաւոր ոյժ մը կրնայ ըլլալ։

20. Աբդիայի աստուածավախութիւնը ի՞նչպէս իրեն օգնեց, եւ անոր օրինակէն ի՞նչպէս կրնաս օգտուիլ։

20 Որովհետեւ Աբդիա աստուածավախութեամբ քաջութիւն ցուցաբերեց, ակներեւօրէն Եհովա զինք պաշտպանեց իր թշնամիներէն։ Առակաց 29։25–ը կ’ըսէ. «Վախը մարդը որոգայթի մէջ կը ձգէ, բայց Տէրոջը ապաւինողը ամուր ապաստանարան կ’ունենայ»։ Աբդիա գերմարդ մը չէր. մեզի նման, ան կը վախնար որ բռնուէր ու սպաննուէր։ (Գ. Թագաւորաց 18։7-9, 12) Սակայն աստուածավախութիւնը իրեն քաջութիւն տուաւ որ մարդու վախը յաղթահարէ։ Աբդիա բոլորիս համար ընտիր օրինակ մըն է, մանաւանդ անոնց՝ որոնք Եհովան կը պաշտեն, իրենց ազատութիւնը կամ նոյնիսկ կեանքը վտանգելով։ (Մատթէոս 24։9) Այո, թող բոլորս ալ ջանանք «ակնածութեամբ եւ բարեպաշտութեամբ» Եհովայի ծառայել։—Եբրայեցիս 12։28

21. Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

21 Հաւատքն ու աստուածավախութիւնը քաջութիւն կերտող միակ յատկութիւնները չեն. սէրը կրնայ աւելի մեծ ոյժ մը ըլլալ։ «Աստուած մեզի երկչոտութեան հոգի չտուաւ, հապա զօրութեան ու սիրոյ եւ զգաստութեան», գրեց Պօղոս։ (Բ. Տիմոթէոս 1։7) Յաջորդ յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք թէ սէրը ի՛նչպէս կրնայ մեզի օգնել որ քաջաբար Եհովայի ծառայենք այս դաժան վերջին օրերուն ընթացքին։—Բ. Տիմոթէոս 3։1

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 17 Աբդի մարգարէն չէ։

Կրնա՞ս պատասխանել

• Ի՞նչ բան Յեսուի ու Քաղէբի քաջութեան նպաստեց։

• Ճշմարիտ հաւատքը ի՞նչ կը պարփակէ։

• Ենովք ինչո՞ւ քաջաբար Աստուծոյ դատաստանական պատգամը յայտարարեց։

• Աստուածավախութիւնը ի՞նչպէս քաջութեան կը նպաստէ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 15]

Եհովա Յեսուի պատուիրեց. «Զօրացի՛ր ու քաջասի՛րտ եղիր»

[Նկար՝ էջ 16]

Աբդիա Աստուծոյ մարգարէներուն հոգ տարաւ եւ զանոնք պաշտպանեց

[Նկարներ՝ էջ 17]

Ենովք խիզախօրէն Աստուծոյ խօսքը յայտարարեց