Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մի՛ զատէք ինչ որ Աստուած իրարու միացուցած է

Մի՛ զատէք ինչ որ Աստուած իրարու միացուցած է

Մի՛ զատէք ինչ որ Աստուած իրարու միացուցած է

«Ա՛լ երկուք չեն, հապա մէկ մարմին. ուրեմն զայն որ Աստուած միաւորեց՝ մարդ թող չզատէ»։—ՄԱՏԹԷՈՍ 19։6

1, 2. Ինչո՞ւ թէ՛ աստուածաշնչական եւ թէ իրապաշտական է ակնկալել որ ամոլներ ատեն–ատեն խնդիրներ պիտի ունենան։

ԵՐԵՒԱԿԱՅԷ որ ինքնաշարժով երկար ճամբորդութեան մը կը ձեռնարկես։ Կարելի՞ է որ ճամբուն վրայ դժուարութիւններ դիմագրաւես։ Տարբեր ենթադրութիւն ընելը անխոհեմութիւն է։ Օրինակ, թերեւս աննպաստ օդի հանդիպիս, անհրաժեշտ դարձնելով որ ինքնաշարժը դանդաղօրէն եւ զգուշօրէն քշես։ Ճամբուն վրայ թերեւս ինքնաշարժդ մեքենայական խնդիր մը ունենայ, որուն լուծումը կարողութենէդ վեր է։ Ասիկա կրնայ պահանջել որ ինքնաշարժդ մէկ կողմ շարես եւ մէկու մը օգնութիւնը խնդրես։ Այսպիսի պարագաներ պատճառ պէ՞տք է ըլլան եզրակացնելու թէ ճամբորդութեան ձեռնարկելը սկիզբէն իսկ սխալ էր եւ թէ կանգնած ինքնաշարժը լքելու ես։ Ո՛չ։ Երբ երկար ճամբորդութեան մը ձեռնարկես, կ’ակնկալես որ խնդիրներ ծագին եւ զանոնք խոհեմօրէն լուծելու կերպեր կը փնտռես։

2 Նոյնն է պարագան ամուսնութեան։ Խնդիրները անխուսափելի են, եւ ամուսնութեան ձեռնարկող զոյգեր միամիտ կը համարուին եթէ խորհին թէ ամուսնական կեանքը լոկ երանութիւն է։ Ա. Կորնթացիս 7։28–ի մէջ, Աստուածաշունչը յստակօրէն կ’ըսէ թէ ամուսիններ ու կիներ «մարմնի նեղութիւն պիտի ունենան»։ Ինչո՞ւ։ Պարզապէս քանի որ ամուսիններ ու կիներ անկատար են, եւ մենք «չար ժամանակներ»ու մէջ կ’ապրինք։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1. Հռովմայեցիս 3։23) Ուստի, նոյնիսկ իրարու յարմար եղող ու հոգեւոր մտայնութիւն ունեցող ամոլը, ատեն–ատեն խնդիրներ պիտի դիմագրաւէ։

3. (ա) Աշխարհի մէջ շատեր ամուսնութիւնը ի՞նչպէս կը նկատեն։ (բ) Քրիստոնեաները ինչո՞ւ կը ջանան իրենց ամուսնութիւնը պահպանել։

3 Ներկայ աշխարհին մէջ երբ կարգ մը ամոլներ խնդիրներ ունենան, անոնց առաջին հակազդեցութիւնն է՝ ամուսնութեան վերջ դնել։ Շատ մը երկիրներու մէջ, ամուսնալուծման տոկոսը անընդհատ կ’աւելնայ։ Սակայն ճշմարիտ Քրիստոնեաները խնդիրները կը լուծեն, փոխանակ անոնցմէ փախչելու։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ անոնք ամուսնութիւնը Եհովայի կողմէ սրբազան պարգեւ մը կը նկատեն։ Յիսուս ամոլներուն նկատմամբ ըսաւ. «Զայն որ Աստուած միաւորեց՝ մարդ թող չզատէ»։ (Մատթէոս 19։6) Ճիշդ է որ այս չափանիշին համաձայն ապրիլը միշտ դիւրին չէ։ Օրինակ, ազգականներ եւ ուրիշներ,– ի ներառեալ կարգ մը ամուսնական խրատատուներ,– որոնք Աստուածաշունչի սկզբունքները կը մերժեն, յաճախ ամոլները կը քաջալերեն որ բաժնուին կամ ամուսնալուծուին՝ անաստուածաշնչական հիման վրայ։ * Բայց Քրիստոնեաները գիտեն թէ ամուսնութիւնը վերահաստատելը ու պահպանելը շա՜տ աւելի լաւ է, քան՝ հապճեպով անոր վերջ դնելը։ Արդարեւ, անհրաժեշտ է որ սկիզբէ՛ն վճռենք հարցերը լուծել Եհովայի կերպով եւ ո՛չ թէ ուրիշներու մատուցած խրատներուն համաձայն։—Առակաց 14։12

Դժուարութիւնները յաղթահարել

4, 5. (ա) Ամուսնութեան մէջ ի՞նչ դժուարութիւններ կրնան յարուցուիլ։ (բ) Աստուծոյ Խօսքին սկզբունքները ինչո՞ւ իրապէս գործնական են՝ նոյնիսկ երբ ամուսնութեան մէջ խնդիրներ ծագին։

4 Իրողութիւնը այն է՝ թէ իւրաքանչիւր ամուսնութիւն ժամանակ առ ժամանակ մասնայատուկ ուշադրութեան կը կարօտի։ Շատ մը պարագաներուն, ասիկա կը պարփակէ աննշան տարակարծութիւններ լուծել։ Սակայն կարգ մը ամուսնութիւններու մէջ, շատ լուրջ դժուարութիւններ կրնան յարաբերութեան հիմերուն սպառնալ։ Երբեմն թերեւս հարկ տեսնես ամուսնացած ու փորձառու Քրիստոնեայ երէցի մը օգնութեան դիմել։ Սակայն այս կացութիւնները չեն նշանակեր թէ ամուսնութիւնդ ձախող է։ Անոնք պարզապէս կ’ընդգծեն՝ լուծումներ գտնելու համար Աստուածաշունչի սկզբունքներուն սերտօրէն կառչելու կարեւորութիւնը։

5 Որպէս մարդկային ցեղին Ստեղծիչ եւ ամուսնական կարգադրութեան Հեղինակ, Եհովա ոեւէ անհատէ լաւ գիտէ թէ ամուսնական յաջող յարաբերութեան մը համար ի՛նչ բաներու պէտք ունինք։ Հարցումը այն է՝ թէ իր Խօսքին խրատները մտիկ պիտի ընե՞նք ու հնազանդի՞նք։ Եթէ ասիկա ընենք, վստահաբար պիտի օգտուինք։ Եհովա իր վաղեմի ժողովուրդին ըսաւ. «Երանի՜ թէ իմ պատուիրանքիս մտիկ ընէիր։ Այն ատեն քու խաղաղութիւնդ՝ գետի պէս ու արդարութիւնդ ծովուն ալիքներուն պէս պիտի ըլլար»։ (Եսայի 48։18) Աստուածաշունչի ուղեգծերուն կառչիլը կրնայ ամուսնութեան յաջողութիւն տալ։ Նախ եւ առաջ նկատի առնենք ամուսիններուն ուղղուած Աստուածաշունչի խրատները։

«Շարունակեցէք սիրել ձեր կիները»

6. Ամուսիններուն ուղղուած աստուածաշնչական խրատը ի՞նչ է։

6 Եփեսացիներուն յղուած Պօղոս առաքեալի նամակը, ամուսիններուն համար յստակ ուղեգծեր կը բովանդակէ։ Պօղոս գրեց. «Այրե՛ր, սիրեցէ՛ք [«շարունակեցէք սիրել», ՆԱ] ձեր կիները, ինչպէս Քրիստոս ալ սիրեց եկեղեցին ու իր անձը մատնեց անոր համար։ Պէտք է որ այրերը իրենց կիները սիրեն իրենց մարմիններուն պէս։ Ան որ իր կինը կը սիրէ, իր անձը կը սիրէ. վասն զի մէկը բնաւ իր անձը չ’ատեր, հապա կը սնուցանէ ու կը խնամէ [«փայփայէ», ԱՎ] զանիկա, ինչպէս Տէրն ալ՝ եկեղեցին։ Սակայն ձեզմէ ամէն մէկն ալ իր կինը այնպէս սիրէ՝ որպէս թէ իր անձը»։—Եփեսացիս 5։25, 28, 29, 33

7. (ա) Ի՞նչ բան քրիստոնէական ամուսնութեան հիմին գլխաւոր մաս պէտք է կազմէ։ (բ) Ամուսինները ի՞նչպէս կը շարունակեն իրենց կիները սիրել։

7 Պօղոս ամուսինին ու կնոջ միջեւ ծագած իւրաքանչիւր հաւանական խնդիր չի քննարկեր։ Փոխարէն, ան խնդրին կորիզը կ’երթայ, բնորոշելով ինչ որ բոլոր քրիստոնէական ամուսնութիւններուն գլխաւոր հիմը պէտք է ըլլայ,– սէրը։ Իրականութեան մէջ, վերոնշեալ համարներուն մէջ սէրը վեց անգամ յիշուած է։ Նկատի առ նաեւ թէ Պօղոս ամուսիններուն կ’ըսէ. «Շարունակեցէք սիրել ձեր կիները»։ Անտարակոյս, Պօղոս գիտակցեցաւ թէ սիրահարիլը շա՜տ աւելի դիւրին է քան՝ սիրոյ մէջ մնալը։ Պարագան այդպէս է մանաւանդ այս «վերջին օրեր»ուն՝ երբ շատեր «անձնասէր» ու «անհաշտ» են։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1-3) Այսպիսի բացասական յատկութիւններ այժմ բազմաթիւ ամուսնութիւններ կը քայքայեն, բայց սիրալիր ամուսին մը թոյլ պիտի չտայ որ աշխարհի անձնասէր յատկանիշները իր մտածելակերպին ու արարքներուն ազդեն։—Հռովմայեցիս 12։2

Ի՞նչպէս կրնաս կինդ հոգալ

8, 9. Քրիստոնեայ ամուսին մը ի՞նչ կերպերով իր կինը կը հոգայ։

8 Եթէ Քրիստոնեայ ամուսին մըն ես, ի՞նչպէս կրնաս անձնասէր հակումներուն դէմ դնել եւ կնոջդ հանդէպ իսկական սէր ցուցաբերել։ Եփեսացիներուն ուղղուած վերոնշեալ խօսքերուն մէջ, Պօղոս բնորոշեց ընելիք երկու բան,– կինդ հոգաս եւ փայփայես ինչպէս մարմնիդ կ’ընես։ Ի՞նչպէս կրնաս կողակիցդ հոգալ։ Կերպերէն մէկն է՝ նիւթապէս,– կնոջդ ֆիզիքական կարիքներուն հոգ տանիլ։ Պօղոս Տիմոթէոսի գրեց. «Եթէ մէկը իրեններուն ու մանաւանդ իր ընտանիքին հոգ չի տանիր, անիկա հաւատքը ուրացած է ու անհաւատէ մըն ալ գէշ է»։—Ա. Տիմոթէոս 5։8

9 Սակայն ուտելիք, հագուելիք ու պատսպարան հայթայթելէն աւելին պարփակուած է։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ամուսին մը կրնայ իր կնոջ նիւթական կարիքները առատապէս ապահովել, բայց եւ այնպէս՝ թերանալ անոր զգացական ու հոգեւոր կարիքները գոհացնելու մէջ։ Այս վերջին կերպերով զայն հոգալը էական է։ Ճիշդ է որ Քրիստոնեայ տղամարդոցմէ շատեր ժողովքին վերաբերեալ պատասխանատուութիւններուն հոգ տանելով շատ զբաղած են, բայց ժողովքային ծանր պատասխանատուութիւններ ունենալը չի նշանակեր թէ ամուսին մը կրնայ որպէս ընտանիքի գլուխ իր աստուածատուր պարտաւորութիւնները զանց ընել։ (Ա. Տիմոթէոս 3։5, 12) Այս նիւթին ակնարկութիւն ընելով, քանի մը տարի առաջ այս պարբերաթերթը ըսաւ. «Սուրբ գրային պահանջներուն համաձայն, կրնայ ըսուիլ որ ‘հովուութիւնը տունէն կը սկսի’։ Եթէ երէց մը անտեսէ իր ընտանիքը, ան կրնայ վտանգել իր նշանակումը»։ * Բացորոշ է թէ շատ կարեւոր է որ կինդ հոգաս,– ֆիզիքապէս, զգացականօրէն եւ ամենակարեւորը՝ հոգեւորապէս։

Կինդ փայփայել ի՞նչ

կը նշանակէ

10. Ամուսին մը ի՞նչպէս կրնայ իր կինը փայփայել։

10 Եթէ կինդ կը փայփայես, անոր լաւ հոգ կը տանիս քանի որ զինք կը սիրես։ Ասիկա ընելու զանազան կերպեր կան։ Նախ, կողակիցիդ հետ բաւարար ժամանակ անցուր։ Եթէ այս ուղղութեամբ կինդ անտեսես, քեզի հանդէպ իր սէրը կրնայ պաղիլ։ Նաեւ, թերեւս խորհիս թէ կինդ որոշ ժամանակի եւ ուշադրութեան կարիք ունի, մինչդեռ ան կը զգայ թէ շա՜տ աւելիին կարիք ունի։ Չես կրնար կնոջդ պարզապէս ըսել թէ իրեն հանդէպ գուրգուրանք ունիս։ Կինդ պէտք է զգայ թէ փայփայուած է։ Պօղոս գրեց. «Չըլլայ որ մէկը միայն իր անձին օգուտը փնտռէ, հապա իր ընկերինն ալ»։ (Ա. Կորնթացիս 10։24) Որպէս սիրալիր ամուսին, կ’ուզես վստահ ըլլալ թէ կնոջդ իսկական կարիքները կը հասկնաս։—Փիլիպպեցիս 2։4

11. Իր կնոջ հետ ամուսինին վարուելակերպը, Աստուծոյ ու ժողովքին հետ իր յարաբերութեան ի՞նչպէս կ’ազդէ։

11 Կինդ փայփայելու այլ կերպ մըն է՝ անոր հետ քնքշօրէն վարուիլ՝ խօսքով ու գործով։ (Առակաց 12։18) Պօղոս Կողոսացիներուն գրեց. «Այրե՛ր, սիրեցէք ձեր կիները ու դառն մի՛ ըլլաք անոնց»։ (Կողոսացիս 3։19) Աշխատասիրութեան մը համաձայն, Պօղոսի խօսքին երկրորդ մասը կրնայ նաեւ յատկաբանօրէն թարգմանուիլ՝ «անոր հետ իբրեւ սպասուհի մի՛ վարուիր» կամ «զինք ստրկուհի մի՛ նկատեր»։ Տունէն ներս կամ դուրս՝ բռնակալօրէն վարուող ամուսինը, վստահաբար ցոյց չի տար որ իր կինը կը փայփայէ։ Իր կնոջ հետ կոշտօրէն վարուելով, ան կրնայ Աստուծոյ հետ իր յարաբերութիւնը վտանգել։ Պետրոս առաքեալ ամուսիններուն գրեց. «Նմանապէս այրերը խոհեմութիւնով [իրենց կիներուն] հետ ապրին, տկար անօթի պէս յարգելով կիները, իբրեւ կեանքի շնորհքին ժառանգակիցներ՝ որպէս զի ձեր աղօթքներուն արգելք չըլլայ»։ *Ա. Պետրոս 3։7

12. Քրիստոնեայ ամուսին մը ի՞նչ կրնայ սորվիլ քրիստոնէական ժողովքին հետ Յիսուսի վարուելակերպէն։

12 Կնոջդ սէրը բնաւ մի՛ թերագնահատեր։ Զինք հաւաստիացուր թէ յարատեւ կը սիրես զինք։ Քրիստոնէական ժողովքին հետ իր վարուելակերպով՝ Յիսուս Քրիստոնեայ ամուսիններուն օրինակ հանդիսացաւ։ Ան քաղցր, ազնիւ եւ ներող էր,– նոյնիսկ երբ իր հետեւորդները կրկին անգամ բացասական առանձնայատկութիւններ ցուցաբերեցին։ Հետեւաբար Յիսուս կրնար ուրիշներուն ըսել. «Եկէ՛ք ինծի, . . . [որովհետեւ] հեզ եմ ու սրտով խոնարհ եւ ձեր անձերուն հանգստութիւն պիտի գտնէք»։ (Մատթէոս 11։28, 29) Յիսուսն ընդօրինակելով, Քրիստոնեայ ամուսինը իր կնոջ հետ պիտի վարուի այնպէս՝ ինչպէս Յիսուս քրիստոնէական ժողովքին հետ վարուեցաւ։ Իր կինը խօսքով ու գործով իրապէս փայփայող ամուսինը պիտի թարմացնէ զինք։

Աստուածաշունչի սկզբունքներուն համաձայն ապրող կիներ

13. Աստուածաշունչը ի՞նչ սկզբունքներ կը բովանդակէ՝ որոնք կրնան կիներուն օգնել։

13 Աստուածաշունչը նաեւ կը բովանդակէ սկզբունքներ՝ որոնք կրնան կիներուն օգնել։ Եփեսացիս 5։22-24, 33–ը կ’ըսէ. «Կիները իրենց այրերուն հնազանդ ըլլան՝ որպէս թէ Տէրոջը. վասն զի այրը կնոջ գլուխն է, ինչպէս Քրիստոս ալ եկեղեցիին գլուխն է ու ինք մարմնին Փրկիչն է։ Ուստի ինչպէս եկեղեցին հնազանդ կ’ըլլայ Քրիստոսին, նոյնպէս ալ կիները՝ ամէն բանի մէջ իրենց այրերուն։ . . . Կինը իր այրէն ակնածի»։

14. Հպատակելու վերաբերեալ աստուածաշնչական սկզբունքը ինչո՞ւ չի նուաստացներ կիները։

14 Նկատէ թէ Պօղոս հնազանդութիւնն ու յարգանքը ընդգծեց։ Կնոջ ըսուած է որ իր ամուսինին ենթարկուի։ Ասիկա Աստուծոյ կարգադրութեան հետ ներդաշնակ է։ Երկնքի մէջ ու երկրի վրայ ամէն արարած մէկու մը կը հպատակի։ Նոյնիսկ Յիսուս Եհովա Աստուծոյ կը հնազանդի։ (Ա. Կորնթացիս 11։3) Անշուշտ, իր գլխաւորութիւնը պատշաճօրէն ի գործ դնող ամուսինը, իր կնոջ պիտի դիւրացնէ որ հնազանդ մնայ։

15. Աստուածաշունչին մէջ կիներուն ի՞նչ կարգ մը խրատներ տրուած են։

15 Պօղոս նաեւ ըսաւ թէ կինը պէտք է «իր այրէն ակնածի»։ Քրիստոնեայ կինը «հեզ ու հանդարտ հոգի» մը պէտք է ցուցաբերէ, եւ ո՛չ թէ յոխորտօրէն իր ամուսնոյն գլխաւորութեան ասպարէզ կարդայ կամ ինքնագլուխ ընթացք մը որդեգրէ։ (Ա. Պետրոս 3։4) Բարեպաշտ կին մը իր ընտանիքին ի նպաստ ծանր կ’աշխատի եւ իր գլուխին պատիւ կը բերէ։ (Տիտոս 2։4, 5) Ան պիտի ջանայ իր ամուսնոյն մասին լաւ խօսիլ եւ ո՛չ մէկ բան ընել որ կրնայ պատճառ ըլլալ որ ուրիշներ իր ամուսինը չյարգեն։ Ան նաեւ ծանր պիտի աշխատի՝ իր ամուսնոյն որոշումները յաջողեցնելու համար։—Առակաց 14։1

16. Քրիստոնեայ կիները Սառայի ու Ռեբեկայի օրինակներէն ի՞նչ կրնան սորվիլ։

16 Հեզ ու հանդարտ հոգի ունենալը չի նշանակեր թէ Քրիստոնեայ կինը տեսակէտներ չունի կամ անոր գաղափարները կարեւոր չեն։ Վաղեմի բարեպաշտ կիները, ինչպէս Սառա եւ Ռեբեկա, նախաքայլը առին հարցերու շուրջ իրենց մտահոգութիւնը յայտնելու, եւ Աստուածաշունչի արձանագրութիւնը ցոյց կու տայ թէ Եհովա անոնց ընթացքին հաճեցաւ։ (Ծննդոց 21։8-12. 27։46–28։4) Քրիստոնեայ կիները նոյնպէս կրնան իրենց զգացումները յայտնել։ Սակայն անոնք ասիկա պէտք է ընեն փափկանկատօրէն եւ ո՛չ թէ նուաստացուցիչ ոճով, ինչ որ պիտի մղէ իրենց ամուսինները աւելի նպաստաւոր կերպով ընդառաջելու։

Յանձնառութեան դերը

17, 18. Ի՞նչ կարգ մը կերպերով ամուսիններ ու կիներ կրնան ամուսնական միութիւնը կործանելու Սատանայի ջանքերուն դէմ դնել։

17 Ամուսնութիւնը կենսատեւ յանձնառութիւն մըն է։ Հետեւաբար, թէ՛ ամուսինը եւ թէ կինը իրապէս պէտք է փափաքին որ իրենց ամուսնութիւնը յաջողի։ Անկեղծ հաղորդակցութեան պակասը կրնայ պատճառ ըլլալ որ խնդիրները կուտակուին ու լրջանան։ Շատ յաճախ, երբ խնդիրներ ծագին, կողակիցներ կը դադրին իրարու հետ հաղորդակցելէ, ընդվզում յառաջացնելով։ Կարգ մը ամոլներ նոյնիսկ կը ջանան ամուսնութեան վերջ դնել, թերեւս ուրիշի հետ ռոմանթիկ յարաբերութիւն զարգացնելով։ Յիսուս զգուշացուց. «Ով որ կին մարդու կը նայի անոր ցանկալու համար, ալ անիկա իր սրտին մէջ շնութիւն ըրաւ անոր հետ»։—Մատթէոս 5։28

18 Պօղոս առաքեալ բոլոր Քրիստոնեաները խրատեց, ի ներառեալ՝ ամուսնացածները. «Եթէ բարկանաք՝ մեղք մի՛ գործէք, արեւը ձեր բարկութեանը վրայ մարը թող չմտնէ։ Ու Սատանային՝ տեղի մի՛ տաք»։ (Եփեսացիս 4։26, 27) Մեր գլխաւոր թշնամին՝ Սատանան, կը փորձէ Քրիստոնեաներուն միջեւ ծագած թիւրիմացութիւնները շահագործել։ Թոյլ մի՛ տաք որ ան յաջողի։ Երբ խնդիրներ ծագին, պրպտում ըրէք թէ Աստուածաշունչը հարցին շուրջ Եհովայի տեսակէտին մասին ի՛նչ կ’ըսէ, գործածելով Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած հրատարակութիւններ։ Տարակարծութիւններուն մասին հանդարտօրէն ու պարկեշտօրէն խօսեցէք։ Քննեցէք թէ ո՞ր տարողութեամբ Եհովայի չափանիշները իրապէս կը գործադրէք։ (Յակոբոս 1։22-25) Վճռեցէք շարունակել Աստուծոյ հետ քալել որպէս ամուսնացած զոյգ, եւ թոյլ մի՛ տաք որ ոեւէ անհատ կամ որեւէ բան զատէ ինչ որ Ան իրարու միացուց։—Միքիա 6։8

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 3 Տես՝ «Ամուսնալուծում ու բաժանում» խորագրով շրջանակը, Զարթի՛ր 8 Փետրուար 2002 թիւին մէջ, էջ 10, հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։

^ պարբ. 9 Տես՝ Դիտարան 1 Յունիս 1989, էջ 16։

^ պարբ. 11 Քրիստոնէական ժողովքին մէջ առանձնաշնորհումներ ձեռք ձգելու որակեալ ըլլալու համար, տղամարդ մը «զարնող» պէտք չէ ըլլայ,– ուրիշները ֆիզիքապէս հարուածող կամ խօսքով սպառնացող։ Ուստի, Դիտարան 1 Նոյեմբեր 1990 թիւը, էջ 17, կ’ըսէ. ‘Անհատ մը որակեալ չ’ըլլար եթէ ուրիշ տեղեր աստուածապաշտ վերաբերմունք ունենայ, բայց տան մէջ բռնակալ ըլլայ’։—Ա. Տիմոթէոս 3։2-5, 12

Կը յիշե՞ս

• Ինչո՞ւ նոյնիսկ քրիստոնէական ամուսնութիւններու մէջ խնդիրներ կրնան ծագիլ։

• Ամուսին մը ի՞նչպէս կրնայ իր կինը հոգալ եւ ցոյց տալ թէ զինք կը փայփայէ։

• Կին մը ի՞նչ ընելով կրնայ ցոյց տալ թէ իր ամուսինէն կ’ակնածի։

• Ամուսինը եւ կինը ի՞նչպէս կրնան իրենց յանձնառութիւնը ամրացնել։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 23]

Իր կինը փայփայող ամուսինը, իր կնոջ համար թարմացումի աղբիւր է

[Նկար՝ էջ 24]

Ամուսին մը իր կնոջ պէտք է լաւ հոգ տանի, ո՛չ միայն նիւթապէս, այլեւ՝ հոգեւորապէս

[Նկար՝ էջ 25]

Քրիստոնեայ կիները իրենց զգացումները յարգալից կերպով կը յայտնեն