Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովա արդարութիւնը սիրող է

Եհովա արդարութիւնը սիրող է

Եհովա արդարութիւնը սիրող է

«Ես Տէրս արդարութիւնը կը սիրեմ»։—ԵՍԱՅԻ 61։8

1, 2. (ա) «Արդարութիւն» եւ «անիրաւութիւն» բառերը ի՞նչ կը նշանակեն։ (բ) Աստուածաշունչը Եհովայի եւ իր արդարութեան մասին ի՞նչ կ’ըսէ։

ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆԸ սահմանուած է որպէս ‘անաչառ, անկողմնակալ ըլլալու յատկութիւնը, բարոյապէս ուղիղ ու բարի բաներու հետ ներդաշնակ գործելով’։ Անիրաւութիւնը կը պարփակէ նենգութեամբ, կանխադատութեամբ ու գէշութեամբ վարուիլ եւ ուրիշներուն անարժան վնաս հասցնել։

2 Շուրջ 3,500 տարի առաջ, Մովսէս տիեզերքի Գերիշխան Եհովայի առնչութեամբ գրեց. «Անոր բոլոր ճամբաները արդար են. Աստուած հաւատարիմ է ու անիրաւութիւն չունի»։ (Բ. Օրինաց 32։4) Աւելի քան եօթը դար ետք, Աստուած Եսայիին միջոցաւ ըսաւ. «Ես Տէրս արդարութիւնը կը սիրեմ»։ (Եսայի 61։8) Առաջին դարուն, Պօղոս բացագանչեց. «Միթէ Աստուծոյ քով անիրաւութի՞ւն կայ։ Քա՛ւ լիցի»։ (Հռովմայեցիս 9։14) Իսկ Պետրոս նշեց. «Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ։ Ոեւէ ազգէ, ոեւէ մարդ որ անկէ կը վախնայ ու արդարութիւն կը գործէ, իրեն ընդունելի է»։ (Գործք 10։34, 35) Արդարեւ «Տէրը կը սիրէ իրաւունքը»։—Սաղմոս 37։28. Մաղաքիա 3։6

Անիրաւութիւնը կը տիրէ

3. Երկրի վրայ անիրաւութիւնը ի՞նչպէս ծագում առաւ։

3 Արդարութիւնը ներկայիս տիրական յատկութիւն մը չէ։ Կրնանք անիրաւ արարքներու զոհը դառնալ ընկերութեան որեւէ մարզի մէջ,– գործատեղը, դպրոցը, հեղինակութիւններու կողմէ եւ ուրիշ կերպերով,– նոյնիսկ ընտանեկան շրջանակէն ներս։ Հարկաւ այսպիսի անիրաւութիւններ նորութիւն չեն։ Անոնք մարդկային ընտանիքին վրայ եկան երբ մեր առաջին ծնողքը ըմբոստացան եւ անօրէններ դարձան, դրդուելով ըմբոստ հոգեղէն արարածի մը կողմէ, որ Բանսարկու եւ Սատանայ եղաւ։ Վստահաբար Ադամ, Եւա եւ Սատանան անիրաւօրէն վարուեցան, երբ Եհովայի շնորհած ազատ կամքի սքանչելի պարգեւը չարաչար գործածեցին։ Անոնց սխալ արարքները ամբողջ մարդկութեան սաստիկ տառապանք ու մահ պատճառեցին։—Ծննդոց 3։1-6. Հռովմայեցիս 5։12. Եբրայեցիս 2։14

4. Անիրաւութիւնը ո՞րքան ժամանակ մարդկային պատմութեան մէկ մասը եղած է։

4 Շուրջ 6,000 տարիէ ի վեր, այն օրէն երբ Եդեմի մէջ ըմբոստութիւնը սկսաւ, անիրաւութիւնը մարդկային ընկերութեան մէկ մասը եղած է։ Ասիկա կ’ակնկալուի, քանի որ Սատանան աշխարհին աստուածն է։ (Բ. Կորնթացիս 4։4) Ան ստախօս, զրպարտիչ եւ Եհովայի հակառակորդ է։ (Յովհաննէս 8։44) Ան միշտ բացայայտ անիրաւութիւններ գործած է։ Օրինակ, Նոյի օրուան Ջրհեղեղէն առաջ, մասամբ Սատանայի չար ազդեցութեան պատճառաւ, Աստուած նշեց թէ «մարդոց չարութիւնը երկրի վրայ կը շատնայ եւ անոնց սրտին խորհուրդներուն բոլոր գաղափարները չար էին ամէն օր»։ (Ծննդոց 6։5) Յիսուսի ժամանակ՝ տակաւին այդ կացութիւնը տիրական էր։ Ան ըսաւ. «Հերիք է օրուան իր նեղութիւնը», այսինքն իր նեղացուցիչ խնդիրները, ինչպէս՝ անիրաւութիւնը։ (Մատթէոս 6։34) Աստուածաշունչը ճշգրտօրէն կ’ըսէ. «Բոլոր ստեղծուածները մինչեւ հիմա մէկտեղ կը հառաչեն ու ծնանելու ցաւ կը քաշեն»։—Հռովմայեցիս 8։22

5. Ինչո՞ւ ներկայիս որեւէ ժամանակէ աւելի անիրաւութիւններ կան։

5 Արդ, լուրջ անիրաւութիւններ յառաջ բերող գէշ բաներ տեղի կ’ունենան մարդկային պատմութեան սկիզբէն ի վեր։ Այժմ կացութիւնը որեւէ ատենէ աւելի վատ է։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ իրերու այս ամբարիշտ դրութիւնը տասնամեակներէ ի վեր իր «վերջին օրեր»ուն մէջ է ու «չար ժամանակներ» կը պատճառէ, մինչ իր վախճանին կը մօտենայ։ Աստուածաշունչը նախագուշակեց թէ պատմութեան այս ժամանակամիջոցին, մարդիկ պիտի ըլլային «անձնասէր, արծաթասէր, ամբարտաւան, հպարտ, հայհոյիչ, . . . ապերախտ, անսուրբ, անգութ, անհաշտ, բանսարկու, անժուժկալ, դաժանաբարոյ, բարին չսիրող, մատնիչ, յանդուգն, գոռոզ»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5) Այսպիսի վատ առանձնայատկութիւններ ամէն տեսակ անիրաւութիւններ կը յառաջացնեն։

6, 7. Արդի ժամանակներուն, մարդկային ընտանիքը ի՞նչ ահռելի անիրաւութիւններէ տառապած է։

6 Վերջին հարիւր տարուան ընթացքին, անիրաւութիւններուն տարողութիւնը աննախընթաց եղած է։ Պատճառներէն մէկն այն է թէ բազմաթիւ պատերազմներ տեղի ունեցան։ Օրինակ, կարգ մը պատմաբաններ կ’ենթադրեն թէ միայն Բ. Աշխարհամարտը շուրջ 50-60 միլիոն կեանք խլեց,– մեծամասնութիւնը քաղաքացիներ՝ անմեղ տղամարդիկ, կիներ ու երախաներ։ Այդ պատերազմը վերջ գտնելէ յետոյ, միլիոնաւորներ սպաննուած են զանազան պատերազմներու մէջ, դարձեալ մեծամասնութիւնը քաղաքացիներ ըլլալով։ Սատանան այսպիսի անիրաւութիւններ կը քաջալերէ, քանի որ շատ զայրացած է, գիտնալով թէ շուտով Եհովա զինք բոլորովին պիտի նուաճէ, ինչպէս Աստուածաշունչը կը նշէ. «Բանսարկուն ձեզի իջաւ, որ շատ բարկացած է, գիտնալով որ քիչ ժամանակ պիտի կենայ»։—Յայտնութիւն 12։12

7 Այժմ զինամթերքի համաշխարհային ծախսը տարեկան շուրջ երեք եռիլիոն տոլար է։ Հարիւր միլիոնաւորներ կեանքի անհրաժեշտութիւնները չունին, ուստի պահ մը խորհէ թէ այդ ծախսուած դրամը ի՜նչ օգուտ պիտի բերէր եթէ խաղաղասիրական նպատակներու համար գործածուէր։ Շուրջ մէկ միլիառ մարդ բաւարար ուտելիք չունի, մինչ ուրիշներ առատութեան մէջ կ’ապրին։ Միացեալ Ազգերու մէկ աղբիւրին համաձայն, ամէն տարի շուրջ հինգ միլիոն երախայ կը մահանայ՝ անօթութեան հետեւանքներէն։ Ի՜նչ անիրաւութիւն։ Նաեւ նկատի առ վիժումով սպաննուած անմեղները։ Կ’ենթադրուի թէ ամէն տարի համայն աշխարհի մէջ 40-60 միլիոն վիժում տեղի կ’ունենայ։ Ի՜նչ սարսափելի անիրաւութիւն։

8. Մարդկութիւնը միայն ի՞նչպէս կրնայ իսկական արդարութիւն վայելել։

8 Մարդկային կառավարիչներ՝ ներկայիս մարդկութիւնը հարուածող հսկայ խնդիրներուն լուծում չեն գտներ. ո՛չ ալ կացութիւնը պիտի բարելաւուի մարդկային ջանքերուն շնորհիւ։ Աստուծոյ Խօսքը նախագուշակեց թէ մեր ժամանակներուն «չար ու խաբեբայ մարդիկ չարութեան մէջ պիտի յառաջանան՝ մոլորեցնելով ու մոլորելով»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։13) Անիրաւութիւնը առօրեայ կեանքին անբաժան մէկ մասը ըլլալով, մարդիկ չեն կրնար զայն վերցնել։ Միայն արդարութեան Աստուածը կրնայ զայն չքացնել։ Միայն ինք կրնայ Սատանան, դեւերն ու ամբարիշտ մարդիկը մէջտեղէն վերցնել։—Երեմիա 10։23, 24

Իրաւացի մտահոգութիւն

9, 10. Ասափ ինչո՞ւ վհատեցաւ։

9 Անցեալին, նոյնիսկ Աստուածաշունչի կարգ մը գրողներ հարց տուին թէ Աստուած ինչո՛ւ տակաւին չէ միջամտած եւ իսկական արդարութիւն ու իրաւունք չէ բերած։ Օրինակ, նկատի առ Աստուածաշունչի ժամանակներէն որոշ մարդ մը։ Սաղմոս 73–ի մակագրութիւնը Ասափ անունը կու տայ, ակնարկելով կա՛մ երեւելի Ղեւտացի երաժիշտի մը՝ Դաւիթ թագաւորի իշխանութեան ընթացքին, եւ կամ Ասափի տան պատկանող երաժիշտներուն։ Ասափ եւ իր սերունդը բազմաթիւ երաժշտութիւններ յօրինեցին, որոնք հանրային պաշտամունքի մէջ գործածուեցան։ Այսուհանդերձ, առիթով մը այս սաղմոսը գրողը հոգեւորապէս վհատեցաւ։ Ան ամբարիշտներուն նիւթական բարգաւաճումն ու գոհունակութիւնը տեսաւ եւ նկատեց թէ անոնք գէշ հետեւանքներ չէին հնձեր։

10 Կը կարդանք. «Նախանձեցայ հպարտներուն, երբ ամբարիշտներուն յաջողութիւնը տեսայ։ Քանզի իրենց մահուան ժամանակն ալ ցաւ չունին, մարմիննին ալ պարարտ է։ Անոնք ուրիշ մարդոց նման նեղութեան մէջ չեն եւ ուրիշ մարդոց պէս չեն տանջուիր»։ (Սաղմոս 73։2-8) Բայց ժամանակ մը ետք, Աստուածաշունչի այս գրողը անդրադարձաւ թէ այս բացասական տեսակէտը սխալ էր։ (Սաղմոս 73։15, 16) Ան փորձեց իր մտածումը սրբագրել, բայց լիովին չհասկցաւ թէ ինչո՛ւ միշտ կը թուէր թէ ամբարիշտները անպատիժ կը մնային, մինչ պարկեշտամիտ անհատները յաճախ կը տառապէին։

11. Սաղմոսերգու Ասափ ի՞նչ ըմբռնեց։

11 Վերջապէս, այս վաղեմի հաւատարիմ մարդը ըմբռնեց թէ ամբարիշտներուն ի՛նչ վերապահուած է,– թէ Եհովա ի վերջոյ հարցերը պիտի շտկէ։ (Սաղմոս 73։17-19) Դաւիթ գրեց. «Տէրոջը համբերէ՛ ու անոր ճամբան պահէ՛ եւ անիկա քեզ պիտի բարձրացնէ, որպէս զի երկիրը ժառանգես։ Ամբարիշտներուն սատակումը պիտի տեսնես»։—Սաղմոս 37։9, 11, 34

12. (ա) Ամբարշտութեան ու անիրաւութեան նկատմամբ Եհովա ի՞նչ նպատակադրած է։ (բ) Անիրաւութեան խնդրին այս լուծման մասին ի՞նչ կը խորհիս։

12 Անտարակոյս, Եհովայի նպատակն է ամբարշտութիւնը ու անոր ընկերակցող անիրաւութիւնը երկրէն արմատախիլ ընել՝ իր որոշած ժամանակին։ Նոյնիսկ հաւատարիմ Քրիստոնեաները կանոնաւորաբար իրենք իրենց պէտք է յիշեցնեն այս կէտը։ Եհովա իր կամքին հակառակ գործողները պիտի բնաջնջէ, իսկ իր կամքը կատարողները պիտի վարձատրէ։ «Անոր աչքերը կը տեսնեն, անոր թարթիչները կը քննեն մարդոց որդիները։ Տէրը կը քննէ արդարը. բայց անոր անձը կ’ատէ ամբարիշտը ու բռնութիւն սիրողը։ Ամբարիշտներուն վրայ պիտի տեղան որոգայթներ, հուր եւ ծծումբ ու խորշակ . . . քանզի արդար Տէրը արդարութիւնը կը սիրէ»։—Սաղմոս 11։4-7

Արդար նոր աշխարհ մը

13, 14. Նոր աշխարհին մէջ ինչո՞ւ արդարութիւնը տիրական պիտի ըլլայ։

13 Երբ Եհովա Սատանայի հակակշռին տակ եղող այս իրերու անիրաւ դրութիւնը կործանէ, Ան փառաւոր նոր աշխարհ պիտի բերէ։ Անիկա Աստուծոյ երկնային Թագաւորութեան հակակշռին տակ պիտի ըլլայ, որուն մասին Յիսուս իր աշակերտներուն սորվեցուց որ աղօթեն։ Ամբարշտութիւնը եւ անիրաւութիւնը պիտի փոխարինուին արդարութեամբ եւ իրաւունքով, քանի որ այն ատեն լման առումով պիտի պատասխանուի այս աղօթքը. «Քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ»։—Մատթէոս 6։10

14 Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ թէ ի՛նչպիսի իշխանութիւն մը կրնանք ակնկալել, որուն կը տենչան բոլոր պարկեշտաբարոյ անհատները։ Սաղմոս 145։16–ը այն ատեն ամբողջական կատարում մը պիտի ունենայ. «Քու [Եհովա Աստուած] ձեռքդ կը բանաս ու ամէն կենդանիի փափաքը կը լեցնես»։ Ասկէ զատ, Եսայի 32։1–ը կը նշէ. «Ահա թագաւոր մը [Քրիստոս Յիսուս երկնքի մէջ] արդարութեամբ պիտի թագաւորէ ու իշխանները [Քրիստոսի երկրային ներկայացուցիչները] իրաւունքով պիտի իշխեն»։ Թագաւոր Յիսուս Քրիստոսի նկատմամբ, Եսայի 9։7–ն կը նախագուշակէ. «Դաւիթին աթոռին վրայ ու անոր թագաւորութեանը վրայ անոր իշխանութեանը մեծնալուն ու խաղաղութեանը սահման չկայ, որպէս զի հիմակուընէ մինչեւ յաւիտեան իրաւունքով ու արդարութիւնով հաստատէ ու զօրացնէ զանիկա։ Զօրքերու Տէրոջը նախանձը պիտի ընէ ասիկա»։ Դուն քեզ այս արդար իշխանութեան ներքեւ կը տեսնե՞ս։

15. Եհովա նոր աշխարհին մէջ մարդկութեան համար ի՞նչ պիտի ընէ։

15 Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ, այլեւս Ժողովող 4։1–ի խօսքերը կրկնելու հարկ պիտի չունենանք. «Ես դարձայ ու տեսայ արեւուն տակ եղած բոլոր զրկանքները։ Զրկուածներուն աչքը արցունք կար, բայց անոնք մխիթարող չունէին. անոնց զրկանք ընողներուն ձեռքը ոյժ կար, բայց անոնց մխիթարութիւն տուող չկար»։ Ճիշդ է որ մեր անկատար մտքով դժուար է երեւակայել թէ այդ արդար նոր աշխարհը ո՜րքան սքանչելի պիտի ըլլայ։ Այլեւս գէշ բաներ գոյութիւն պիտի չունենան. փոխարէն, իւրաքանչիւր օր բարի բաներով լեցուն պիտի ըլլայ։ Արդարեւ Եհովա շատ սքանչելի կերպով ամէն սխալ պիտի սրբագրէ։ Ո՜րքան տեղին է որ Եհովա Աստուած Պետրոս առաքեալը ներշնչեց որ գրէ. «Իր խոստումին համեմատ, նոր երկնքի ու նոր երկրի մը կը սպասենք, որոնց մէջ արդարութիւնը կը բնակի»։—Բ. Պետրոս 3։13

16. «Նոր երկինքը» ի՞նչպէս հաստատուած է, եւ ի՞նչ առումով «նոր երկիրը» ներկայիս կը պատրաստուի։

16 Արդարեւ «նոր երկինքը»՝ Քրիստոսի յանձնուած Աստուծոյ երկնային կառավարութիւնը, արդէն հաստատուած է։ Անոնք որ պիտի կազմեն «նոր երկիր»ին կորիզը,– ուղղամիտ անհատներէ բաղկացած երկրային նոր ընկերութիւնը,– այս վերջին օրերու ընթացքին կը հաւաքուին։ Արդէն անոնց թիւը շուրջ եօթը միլիոն է ու կը գտնուին առնուազն 235 երկրի եւ շուրջ 100,000 ժողովքի մէջ։ Այս միլիոնաւորները Եհովայի արդար ճամբաներուն մասին կը սորվին, եւ ասոր շնորհիւ՝ համայն աշխարհի մէջ կը վայելեն միութիւն մը, որ քրիստոնէական սիրով շաղախուած է։ Անոնց միութիւնը աշխարհի պատմութեան մէջ ամենէն յատկանշական ու մնայուն միութիւնն է եւ Սատանայի հպատակներուն ունեցածը կը գերազանցէ։ Այս սէրն ու միութիւնը գաղափար մը կու տան Աստուծոյ նոր աշխարհին մասին, որ արդարութեամբ պիտի կառավարուի։—Եսայի 2։2-4. Յովհաննէս 13։34, 35. Կողոսացիս 3։14

Սատանայի յարձակումը պիտի ձախողի

17. Եհովայի ժողովուրդին վրայ Սատանայի վերջին յարձակումը ինչո՞ւ անպայման պիտի ձախողի։

17 Սատանան եւ իր հետեւորդները մօտ ատենէն Եհովայի երկրպագուներուն վրայ պիտի յարձակին, փորձելով զանոնք բնաջնջել։ (Եզեկիէլ 38։14-23) Ասիկա մաս պիտի կազմէ Յիսուսի նշած ‘մեծ նեղութեան, որուն նմանը աշխարհի սկիզբէն մինչեւ հիմա եղած չէ, ո՛չ ալ պիտի ըլլայ’։ (Մատթէոս 24։21) Սատանայի յարձակումը պիտի յաջողի՞։ Ո՛չ։ Աստուծոյ Խօսքը մեզ կը հաւաստիացնէ. «Տէրը կը սիրէ իրաւունքը եւ իր սուրբերը երեսէ չի ձգեր. յաւիտեան կը պահուին անոնք, բայց ամբարիշտներուն սերունդը պիտի կորսուի։ Արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին»։—Սաղմոս 37։28, 29

18. (ա) Աստուած ի՞նչպէս պիտի հակազդէ Իր ժողովուրդին վրայ Սատանայի մօտալուտ յարձակումին։ (բ) Արդարութեան յաղթանակին մասին Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած տեղեկութիւնները նկատի առնելը ինչո՞ւ քեզի օգտակար եղաւ։

18 Եհովայի ծառաներուն վրայ Սատանայի եւ իր հետեւորդներուն յարձակումը վերջին նախատինքը պիտի ըլլայ։ Եհովա Զաքարիայի միջոցաւ նախագուշակեց. «Ձեզի դպչողը անոր աչքին [«աչքիս», ՆԱ] բիբին կը դպչի»,– որպէս թէ մէկը իր մատը Եհովայի ակնագունդին կը դպցնէ։ (Զաքարիա 2։8) Ան անմիջապէս պիտի հակազդէ եւ յանցագործները պիտի ոչնչացնէ։ Եհովայի ծառաները երկրի վրայ ամենէն սիրալիր, միակամ, խաղաղասէր եւ օրինապահ ժողովուրդն են։ Ուստի այդ յարձակումը բոլորովին անտեղի եւ անիրաւ է։ ‘Արդարութիւն սիրող’ Աստուածը ասոր պիտի չհանդուրժէ։ Անոնց ի նպաստ գործի լծուելուն արդիւնքը պիտի ըլլայ՝ իր ժողովուրդին թշնամիներուն յաւիտենական բնաջնջումը, արդարութեան յաղթանակը եւ միակ ճշմարիտ Աստուածը պաշտողներուն փրկութիւնը։ Մօտալուտ ի՜նչ ապշեցուցիչ ու ոգեւորիչ դէպքեր։—Առակաց 2։21, 22

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես

• Անիրաւութիւնը ինչո՞ւ այսքան տիրական է։

• Եհովա անիրաւութեան խնդիրը ի՞նչպէս պիտի լուծէ։

• Արդարութեան յաղթանակին մասին այս ուսումնասիրութեան մէջ ո՞ր կէտը սրտիդ դպաւ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 9]

Ջրհեղեղէն առաջ չարութիւնը տիրական էր, եւ այս «վերջին օրեր»ուն մէջ անիկա կը յորդի

[Նկար՝ էջ 10]

Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ, արդարութիւնը եւ իրաւունքը չարութեան տեղը պիտի առնեն