Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Տառապանքին տոկալով կրնանք օգտուիլ

Տառապանքին տոկալով կրնանք օգտուիլ

Տառապանքին տոկալով կրնանք օգտուիլ

«Ահա համբերողներուն երանի՜ կու տանք»։—ՅԱԿՈԲՈՍ 5։11

1, 2. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ Եհովա չնպատակադրեց որ մարդը տառապի։

ՈԵՒԷ ողջախոհ անձ չ’ուզեր տառապիլ։ Մեր Ստեղծիչն ալ՝ Եհովա Աստուած չ’ուզեր որ մարդիկ տառապին։ Ասիկա կրնանք տեսնել երբ քննենք իր ներշնչեալ Խօսքը ու նկատենք թէ մարդն ու կինը ստեղծելէն յետոյ ի՛նչ տեղի ունեցաւ։ Նախ, Աստուած մարդը շինեց։ «Տէր Աստուած գետնին հողէն շինեց մարդը եւ անոր ռնգունքներէն կենդանութեան շունչ փչեց ու մարդը կենդանի հոգի եղաւ»։ (Ծննդոց 2։7) Ադամ մարմնով ու մտքով կատարեալ էր,– պիտի չհիւանդանար ու պիտի չմեռնէր։

2 Իսկ ապրուստի պայմաններուն մասին՝ կը կարդանք. «Տէր Աստուած արեւելեան կողմը՝ Եդեմի մէջ՝ պարտէզ տնկեց ու իր շինած մարդը հոն դրաւ։ Եւ Տէր Աստուած գետնէն՝ տեսնելու հաճելի եւ ուտելու աղէկ ամէն ծառ . . . բուսցուց»։ (Ծննդոց 2։8, 9) Արդարեւ Ադամ հոյակապ բնակարան մը ունէր։ Եդեմի մէջ տառապանք չկար։

3. Մարդկային առաջին զոյգը ի՞նչ հեռանկարներ ունէր։

3 Ծննդոց 2։18–ը մեզ կը տեղեկացնէ. «Տէր Աստուած ըսաւ. ‘Աղէկ չէ որ Ադամ մինակ ըլլայ. անոր օգնական մը ընեմ իրեն յարմար’»։ Եհովա Ադամի համար կատարեալ կին մը ստեղծեց, կարելի դարձնելով որ ան ընտանեկան երջանիկ կեանքի հեռանկարը ունենայ։ (Ծննդոց 2։21-23) Աստուածաշունչը կ’աւելցնէ. «Աստուած օրհնեց զանոնք եւ Աստուած անոնց ըսաւ. ‘Աճեցէք ու շատցէք ու երկիրը լեցուցէք եւ անոր տիրեցէք’»։ (Ծննդոց 1։28) Մարդկային առաջին զոյգը Եդեմի Դրախտը ընդարձակելու հոյակապ առանձնաշնորհումը պիտի ունենար, մինչեւ որ անիկա ամբողջ երկրագունդը ծածկէր ու աշխարհածաւալ դրախտ մը ըլլար։ Եւ անոնք տառապանքէ զերծ ու երջանիկ սերունդ մը յառաջ պիտի բերէին։ Ի՜նչ սքանչելի սկիզբ մը։—Ծննդոց 1։31

Տառապանքը կը սկսի

4. Պատմութիւնը ի՞նչ կը յայտնէ մարդկութեան վիճակին մասին։

4 Սակայն երբ ակնարկ մը նետենք մարդկային ընտանիքին վիճակին վրայ ամբողջ պատմութեան ընթացքին, յստակօրէն կը տեսնենք որ բան մը ահռելիօրէն սխալ ընթացաւ։ Գէշ բաներ տեղի ունեցած են եւ մարդկային ընտանիքը մեծապէս տառապած է։ Դարերու ընթացքին, Ադամի եւ Եւայի սերունդը հիւանդացած, ծերացած եւ ի վերջոյ մահացած է։ Երկրագունդը երջանիկ մարդոցմով լեցուած դրախտ մը ըլլալէ շա՜տ հեռու է։ Կացութիւնը ճշգրտօրէն նկարագրուած է Հռովմայեցիս 8։22–ի մէջ. «Բոլոր ստեղծուածները մինչեւ հիմա մէկտեղ կը հառաչեն ու ծնանելու ցաւ կը քաշեն»։

5. Մեր առաջին ծնողքը ի՞նչպէս դեր ունեցաւ մարդկութիւնը տառապանքի ենթարկելու մէջ։

5 Երկար ատենէ գոյութիւն ունեցող սաստիկ տառապանքին համար Եհովան մեղադրելի չէ։ (Բ. Թագաւորաց 22։31) Մարդիկ մասամբ մեղադրելի են։ «[Անոնք] ապականեցան ու պիղծ գործեր ըրին»։ (Սաղմոս 14։1) Մեր առաջին ծնողքը լաւ սկիզբ մը ունեցաւ։ Այդ բարիքները շարունակուելու համար մէկ բան պահանջուած էր՝ Աստուծոյ հնազանդիլ, բայց Ադամ ու Եւա ընտրեցին Եհովայէ անկախ ըլլալ։ Մեր առաջին ծնողքը Եհովայէ հեռանալով, կատարելութիւնը կորսնցուց եւ աստիճանաբար պիտի վատթարանար մինչեւ մահ։ Բոլորս ալ անկատարութիւնը ժառանգած ենք։—Ծննդոց 3։17-19. Հռովմայեցիս 5։12

6. Սատանան ի՞նչ դեր խաղցաւ տառապանքի ծագումին մէջ։

6 Նաեւ հոգեղէն արարած մը տառապանքի ծագումին մէջ դեր խաղցաւ, որ հետագային Բանսարկու եւ Սատանայ կոչուեցաւ։ Ան ազատ կամքով օժտուած էր, բայց զայն սխալ կերպով գործածեց, փորձելով պաշտամունքի առարկայ դառնալ։ Սակայն միայն Եհովան պէտք է պաշտուի, եւ ո՛չ թէ իր ստեղծագործութիւնները։ Սատանան էր որ Ադամն ու Եւան հրապուրեց որ Եհովայէ անկախ ըլլան, իբրեւ թէ ասիկա ընելով պիտի կարենային ‘աստուածներու պէս ըլլալ՝ բարին ու չարը գիտնալով’։—Ծննդոց 3։5

Միայն Եհովա իշխելու իրաւունք ունի

7. Եհովայի դէմ եղած ըմբոստութեան հետեւանքները ի՞նչ կ’ապացուցանեն։

7 Ըմբոստութեան գէշ հետեւանքները կ’ապացուցանեն թէ միայն Եհովա՝ տիեզերքի Գերիշխանը, իշխելու իրաւունք ունի եւ միայն իր իշխանութիւնը արդար է։ Անցեալ հազարաւոր տարիները ցոյց տուած են թէ Սատանան, որ «այս աշխարհին իշխանը» եղաւ, ամբարիշտ, անիրաւ ու վայրագ իշխանութիւն մը զարգացուցած է, որ բոլորովին անգոհացուցիչ է։ (Յովհաննէս 12։31) Սատանայի հակակշռին տակ եղող մարդկային երկարատեւ ու ողորմելի իշխանութիւնը, նոյնպէս ապացուցանած է թէ մարդիկ արդարութեամբ իշխելու կարողութիւն չունին։ (Երեմիա 10։23) Հետեւաբար Եհովայի իշխանութենէն անջատ որեւէ իշխանութեան կերպ պէտք է ձախողի։ Պատմութիւնը բացայայտօրէն ապացուցանած է ասիկա։

8. Մարդակերտ իշխանութիւններու վերաբերեալ Եհովայի նպատակը ի՞նչ է, եւ զայն ի՞նչպէս պիտի իրագործէ։

8 Որովհետեւ Եհովա հազարաւոր տարիներէ ի վեր թոյլ տուած է որ մարդիկ անկախաբար իշխելու կերպեր փորձեն, ան արդարացի է որ երկրի վրայէն վերցնէ իշխելու այդ բոլոր ձեւերը եւ զանոնք փոխարինէ իր կառավարութեամբ։ Այս առնչութեամբ մարգարէութիւն մը կ’ըսէ. «Այն թագաւորներուն [մարդկային իշխանութիւններուն] օրերը երկնքի Աստուածը ուրիշ թագաւորութիւն մը [Քրիստոսի յանձնուած իր երկնային կառավարութիւնը] պիտի հանէ, որ յաւիտեան պիտի չաւերուի։ . . . Անիկա այս բոլոր թագաւորութիւնները պիտի փշրէ ու պիտի հատցնէ ու ինք յաւիտեան պիտի մնայ»։ (Դանիէլ 2։44) Դիւային ու մարդկային իշխանութիւնը գոյութենէ պիտի դադրի, միայն Աստուծոյ երկնային Թագաւորութիւնը առկայ պիտի ըլլայ եւ երկրի վրայ պիտի իշխէ։ Քրիստոս պիտի ըլլայ Թագաւորը, եւ երկրէն առնուած 144,000 հաւատարիմ մարդիկ իրեն հետ պիտի իշխեն։—Յայտնութիւն 14։1

Տառապանքէն օգտուիլ

9, 10. Յիսուս ի՞նչպէս իր տառապանքէն օգտուեցաւ։

9 Հետաքրքրական է քննել երկնային Թագաւորութեան մէջ իշխողներուն որակումները։ Նախ, Քրիստոս Յիսուս ցոյց տուաւ թէ ինք շատ յարմար է որպէս Թագաւոր։ Ան Եհովայի կողքին անսահման դարեր անցուցած է՝ իր Հօր կամքը ընելով, Անոր «ճարտարապետ»ը ըլլալով։ (Առակաց 8։22-31) Յիսուս սիրայօժար համակերպեցաւ, երբ Եհովա կարգադրեց որ երկիր գայ։ Ան գլխաւորաբար ուշադրութիւն հրաւիրեց Եհովայի գերիշխանութեան ու Թագաւորութեան վրայ, եւ մեզի հոյակապ օրինակ հանդիսացաւ՝ այդ գերիշխանութեան ամբողջովին հնազանդելով։—Մատթէոս 4։17. 6։9

10 Յիսուս հալածանքի ենթարկուեցաւ եւ ի վերջոյ սպաննուեցաւ։ Իսկ իր ծառայութեան ընթացքին, ան մարդկութեան ողորմելի վիճակը նկատեց։ Ան այս փորձառութենէն օգուտ մը քաղե՞ց։ Այո՛։ Եբրայեցիս 5։8–ը կ’ըսէ. «Թէպէտ ինք [Աստուծոյ] Որդի է, բայց իր չարչարանքներէն հնազանդութիւն սորվեցաւ»։ Յիսուսի երկրային փորձառութիւնը զինք աւելի հասկացող ու կարեկից դարձուց։ Ան մարդկային ընտանիքին վիճակը ապրեցաւ։ Ուստի ան կրնայ տառապեալներուն կարեկցիլ եւ աւելի գնահատել իր դերը որպէս ազատող։ Պօղոս առաքեալ Եբրայեցիս նամակին մէջ ասիկա ցցուն կ’ընէ. «Ան պէտք էր բոլորովին եղբայրներուն նմանէր, որպէս զի ինք ողորմած ըլլայ ու հաւատարիմ քահանայապետ՝ Աստուծոյ կողմանէ, ժողովուրդին մեղքերը քաւելու համար։ Քանզի ինչ բանով որ ինք չարչարուեցաւ փորձութիւն կրելով, կրնայ փորձուողներուն ալ օգնական ըլլալ»։ «Ո՛չ թէ այնպիսի քահանայապետ մը ունինք՝ որ կարող չըլլայ մեր տկարութիւններուն կարեկից ըլլալ, հապա ինք ամէն կերպով փորձը առած է մեզի նման, բայց առանց մեղքի։ Ուստի ա՛լ համարձակութիւնով մօտենանք շնորհաց աթոռին, որպէս զի ողորմութիւն ընդունինք ու շնորհք գտնենք պէտք եղած ատեն մեզի օգնելու»։—Եբրայեցիս 2։17, 18. 4։14-16. Մատթէոս 9։36. 11։28-30

11. Ապագայ թագաւորներն ու քահանաները իրենց երկրային փորձառութենէն ի՞նչպէս պիտի օգտուին որպէս կառավարիչներ։

11 Գրեթէ նոյնը կրնայ ըսուիլ երկրէն ‘գնուած’ 144,000–ին մասին, որոնք երկնային Թագաւորութեան մէջ Քրիստոս Յիսուսի իշխանակիցներ պիտի ըլլան։ (Յայտնութիւն 14։4) Բոլորն ալ երկրի վրայ ծնած էին ու տառապանքով շրջապատուած աշխարհի մը մէջ մեծցած էին, անձամբ նեղութիւններ քաշելով։ Շատեր հալածուած էին եւ ոմանք նոյնիսկ սպաննուած էին, քանի որ Եհովայի հանդէպ իրենց ուղղամտութիւնը պահած եւ Յիսուսի հետեւած էին։ Բայց անոնք ‘մեր Տէրոջը վկայութիւնը ամօթ չսեպեցին, աւետարանին չարչարանքներուն մասնակից ըլլալով’։ (Բ. Տիմոթէոս 1։8) Երկրի վրայ անոնց ձեռք ձգած փորձառութիւնը զիրենք յատկապէս որակեալ կը դարձնէ, որ երկնքէն մարդկային ընտանիքը դատեն։ Անոնք սորված են աւելի կարեկից ու աւելի քաղցր ըլլալ եւ մարդոց օգնելու աւելի մեծ փափաք ունենալ։—Յայտնութիւն 5։10. 14։2-5. 20։6

Երկրային յոյս ունեցողներուն երջանկութիւնը

12, 13. Երկրային յոյս ունեցողները ի՞նչպէս կրնան տառապանքէն օգտուիլ։

12 Ներկայ տառապանքը որեւէ օգուտ կը բերէ՞ անոնց, որոնք երկրի վրայ հիւանդութենէ, վշտէ ու մահէ զերծ դրախտի մը մէջ յաւիտեան ապրելու յոյսը ունին։ Տառապանքին պատճառած ցաւն ու նեղութիւնը ինքնին ցանկալի բաներ չեն։ Բայց անոր տոկալով, կրնանք անձնական լաւ յատկութիւններ մշակել եւ երջանիկ ըլլալ։

13 Նկատի առ թէ Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքը ասոր մասին ի՛նչ կ’ըսէ. «Եթէ արդարութեան համար չարչարուիք ալ՝ երանելի էք»։ «Եթէ Քրիստոսին անուանը համար նախատուիք, երանելի է՛ք»։ (Ա. Պետրոս 3։14. 4։14) «Երանի՜ է ձեզի, երբ կը նախատեն ձեզ ու կը հալածեն եւ սուտ տեղը ամէն կերպ գէշ խօսքեր կը խօսին ձեր վրայ ինծի համար։ Ցնծացէք եւ ուրախ եղէք, վասն զի ձեր վարձքը շատ է երկինքը»։ (Մատթէոս 5։11, 12) «Երանելի է այն մարդը, որ փորձութեան կը համբերէ։ Վասն զի եթէ փորձուելով ընտիր գտնուի, կենաց պսակը պիտի առնէ»։—Յակոբոս 1։12

14. Եհովայի երկրպագուները տառապելով ինչո՞ւ կ’ուրախանան։

14 Իրականութեան մէջ, ինքնին տառապանքը չէ որ մեզ կ’երջանկացնէ։ Երջանկութիւնն ու գոհունակութիւնը յառաջ կու գան այն գիտակցութենէն թէ կը տառապինք՝ քանի որ Եհովայի կամքը կ’ընենք եւ Յիսուսի օրինակին կը հետեւինք։ Օրինակ, առաջին դարուն կարգ մը առաքեալներ բանտարկուեցան, ապա հրէական բարձրագոյն ատեանին առջեւ բերուեցան ու դատապարտուեցան, քանի որ Յիսուս Քրիստոսի մասին կը քարոզէին։ Ծեծուելէ յետոյ, անոնք ազատ արձակուեցան։ Ի՞նչ էր անոնց կեցուածքը։ Աստուածաշունչի արձանագրութիւնը կ’ըսէ թէ անոնք «ատեանէն գացին, ուրախանալով որ Տէրոջը անուանը համար արժանի եղան անարգուելու»։ (Գործք 5։17-41) Անոնք ուրախ էին, ո՛չ թէ ծեծին ու անոր առթած ցաւերուն համար, այլ՝ քանի որ ըմբռնեցին պատահածին պատճառը,– Եհովայի հանդէպ իրենց ուղղամտութիւնը կը պահէին եւ Յիսուսի քայլերուն կը հետեւէին։—Գործք 16։25. Բ. Կորնթացիս 12։10. Ա. Պետրոս 4։13

15. Այսօր տառապանքին տոկալը ի՞նչպէս կրնայ ապագային մեզի օգտել։

15 Շիտակ հայեցակէտով հակառակութեան ու հալածանքի տոկալը մեր մէջ համբերատարութիւն կը կերտէ, մեզի օգնելով որ գալիք տառապանքները յաջողութեամբ դիմագրաւենք։ Կը կարդանք. «Ե՛ղբայրներ, բոլորովին ուրախութեան արժանի բան սեպեցէք, երբ կերպ կերպ փորձանքներու մէջ իյնաք, գիտնալով որ ձեր հաւատքին փորձառութիւնը համբերութիւն կը ներգործէ»։ (Յակոբոս 1։2, 3) Նոյնպէս, Հռովմայեցիս 5։3-5–ը մեզ կը տեղեկացնէ. «Նեղութիւններու մէջ կը պարծինք. վասն զի գիտենք թէ նեղութիւնը համբերութիւն կը գործէ եւ համբերութիւնը՝ փորձառութիւն ու փորձառութիւնը՝ յոյս. եւ յոյսը ամօթով չի ձգեր»։ Ուստի, մեր քրիստոնէական ընթացքին պատճառաւ եղած փորձութիւններուն ո՛րքան աւելի տոկանք, ա՛յնքան աւելի կը զինուինք իրերու այս չար դրութեան մէջ յաւելեալ փորձութիւններու տոկալու։

Եհովա պիտի հատուցանէ

16. Եհովա ի՞նչպէս պիտի վարձատրէ ապագայ թագաւորներն ու քահանաները։

16 Նոյնիսկ երբ նիւթական կորուստ ունենանք, քանի որ քրիստոնէական ճամբուն կառչելով հակառակութեան կամ հալածանքի կը հանդիպինք, կրնանք գոհունակ ըլլալ՝ գիտնալով որ Եհովա մեզ լիովին պիտի վարձատրէ։ Օրինակ, երկինք երթալու յոյսը ունեցողներէն ոմանց Պօղոս առաքեալ գրեց. «Ձեր ստացուածքին կողոպտուիլը ուրախութեամբ ընդունեցիք, գիտնալով որ լաւագոյն եւ մնայուն ստացուածքներ ունիք ձեզի երկինքը», որպէս կառավարիչներ Աստուծոյ Թագաւորութեան մէջ։ (Եբրայեցիս 10։34) Իսկ երեւակայէ անոնց ուրախութիւնը, երբ Եհովայի ու Քրիստոսի առաջնորդութեան ներքեւ, նոր աշխարհին մէջ երկրի բնակիչներուն հոյակապ օրհնութիւններ մատակարարեն։ Ո՜րքան տեղին են հաւատարիմ Քրիստոնեաներուն ուղղուած Պօղոս առաքեալի խօսքերը. «Ես այսպէս կը նկատեմ թէ այս ժամանակին չարչարանքները բան մը չեն գալու փառքին քով՝ որ մեզի պիտի յայտնուի»։—Հռովմայեցիս 8։18

17. Եհովա ի՞նչ պիտի ընէ երկրային յոյս ունեցողներուն, որոնք ներկայիս հաւատարմօրէն իրեն կը ծառայեն։

17 Նոյնպէս, երկրային յոյս ունեցողները ներկայիս ի՛նչ որ ալ կորսնցնեն կամ յօժարակամ զոհեն Եհովայի ծառայութեան համար, ան ապագային զիրենք առատապէս պիտի վարձատրէ։ Ան անոնց պիտի տայ կատարեալ ու անվերջ կեանք՝ դրախտային երկրի մը մէջ։ Այդ նոր աշխարհին մէջ, ան «անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ»։ (Յայտնութիւն 21։4) Ի՜նչ սքանչելի խոստում։ Ո՛չ մէկ զոհողութիւն որ կ’ընենք Եհովայի համար ներկայ աշխարհին մէջ, կրնայ համապատասխան ըլլալ գալիք սքանչելի կեանքին, զոր պիտի տայ իր հաւատարիմ ծառաներուն, որոնք տառապանքին կը տոկան։

18. Եհովա իր Խօսքին մէջ ի՞նչ մխիթարական խոստում մը կու տայ մեզի։

18 Այն տառապանքները՝ որոնց տակաւին պիտի տոկանք, որեւէ կերպով արգելք պիտի չհանդիսանան մեր վայելելիք յաւիտենական կեանքին, Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ, ուր սքանչելի վիճակներով լրիւ հատուցում պիտի ըլլայ։ Եսայի 65։17, 18–ը մեզի կ’ըսէ. «Առաջինները պիտի չյիշուին ու մարդուս միտքը պիտի չգան։ Բայց դուք իմ ստեղծագործութիւնովս յաւիտեանս յաւիտենից ուրախացէ՛ք եւ ցնծացէ՛ք»։ Ուստի տեղին էր որ Յիսուսի խորթ եղբայրը՝ Յակոբոս ըսէր. «Ահա համբերողներուն երանի՜ կու տանք»։ (Յակոբոս 5։11) Արդարեւ, եթէ ներկայ տառապանքին հաւատարմօրէն տոկանք, կրնանք թէ՛ հիմա եւ թէ ապագային օգտուիլ։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես

• Մարդիկ ի՞նչպէս սկսան տառապիլ։

• Տառապանքը ի՞նչ օգուտներ կրնայ բերել երկրի ապագայ կառավարիչներուն ու բնակիչներուն։

• Հակառակ տառապանքին, ինչո՞ւ կրնանք ուրախ ըլլալ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ  13]

Մեր առաջին ծնողքը իր առջեւ հոյակապ ապագայ մը ունէր

[Նկար՝ էջ 15]

Տառապանքին մօտէն ականատես ըլլալը օգնեց Յիսուսի որ ընտիր Թագաւոր ու Քահանայապետ ըլլայ

[Նկար՝ էջ 17]

Առաքեալները ուրախացան որ իրենց հաւատքին համար «արժանի եղան անարգուելու»