Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

‘Գրուեցաւ որ սորվինք’

‘Գրուեցաւ որ սորվինք’

‘Գրուեցաւ որ սորվինք’

«ՇԱՏ գիրք շինելը ծայր չունի»։ (Ժողովող 12։12) Այսօր մեզի մատչելի եղող տպագրուած նիւթերուն հսկայ քանակը կ’ապացուցանէ թէ ինչպէս անցեալին, նոյնպէս ներկայիս այս խօսքը ճշմարիտ է։ Ուստի խորատես ընթերցող մը ի՞նչպէս կրնայ որոշել թէ ի՛նչ բան իր ուշադրութեան արժանի է։

Շատ մը ընթերցողներ, երբ աչքէ կ’անցընեն ընթերցուելիք գիրք մը, կ’ուզեն հեղինակին մասին բան մը գիտնալ։ Թերեւս հրատարակիչներ համառօտ պարբերութիւն մը պարփակեն, որ գաղափար մը կու տայ հեղինակին ծննդավայրին, ակադեմական յանձնարարագիրին եւ հրատարակած երկերուն մասին։ Հեղինակին ինքնութիւնը կարեւոր է, ինչպէս կը տեսնուի այն իրողութենէն թէ անցեալ դարերուն, կիները յաճախ այր մարդու ծածկանուն մը կը գործածէին, որպէսզի հաւանական ընթերցողները գիրքը ստորադաս չնկատէին՝ պարզապէս քանի որ հեղինակը կին է։

Դժբախտաբար, ինչպէս նախորդ յօդուածը նշեց, ոմանք Եբրայերէն Գրութիւնները զանց կ’ընեն, քանի որ կը հաւատան թէ անոնց մէջ Աստուած նկարագրուած է որպէս անգութ աստուած մը, որ իր թշնամիները անողորմօրէն կը սպաննէ։ * Նկատի առնենք թէ Եբրայերէն Գրութիւնները եւ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները ի՛նչ կ’ըսեն Աստուածաշունչի Հեղինակին մասին։

Հեղինակը

Եբրայերէն Գրութիւններուն համաձայն, Աստուած Իսրայէլ ազգին ըսաւ. «Ես Եհովա եմ, չեմ փոխուիր»։ (Մաղաքիա 3։6) Շուրջ 500 տարի ետք, Աստուածաշունչի գրողներէն մէկը՝ Յակոբոս, Աստուծոյ մասին գրեց. «[Աստուծոյ] մէջ բնաւ փոփոխութիւն կամ դառնալու շուք մը չկայ»։ (Յակոբոս 1։17) Հետեւաբար, ինչո՞ւ ոմանց կը թուի թէ Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ յայտնուած Աստուածը տարբեր է Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէջ յայտնուած Աստուծմէն։

Պատասխանը այն է թէ Աստուծոյ անձնաւորութեան տարբեր երեսակներ յայտնուած են Աստուածաշունչի տարբեր հատուածներու մէջ։ Միայն Ծննդոց գրքին մէջ, կը կարդանք թէ ան «իր սրտին մէջ տրտմեցաւ» եւ «երկնքի ու երկրի տէրը» ու «բոլոր երկրի Դատաւոր»ն է։ (Ծննդոց 6։6. 14։22. 18։25) Այս տարբեր նկարագրութիւնները նո՞յն Աստուծոյն կ’ակնարկեն։ Անշո՛ւշտ։

Բացատրենք. դատաւոր մը կրնայ օրէնքը հաստատօրէն կիրարկող նկատուիլ անոնց կողմէ՝ որոնց դատը քննած է։ Անոր զաւակները կրնան զինք սիրալիր ու առատաձեռն հայր նկատել։ Իսկ անոր սերտ բարեկամները կրնան զինք դիւրամատչելի ու զուարթամիտ մարդ նկատել։ Նո՛յն անձը դատաւոր, հայր եւ բարեկամ է։ Ասոնք պարզապէս անոր անձնաւորութեան տարբեր երեսակներն են, որոնք տարբեր պարագաներու ներքեւ կը բացայայտուին։

Նոյնպէս, Եբրայերէն Գրութիւնները Եհովան կը նկարագրեն որպէս «ողորմած ու բարերար, երկայնամիտ եւ առատ՝ ողորմութիւնով ու ճշմարտութիւնով»։ Միւս կողմէ, կը տեղեկանանք թէ ան «յանցաւորը ամենեւին անպարտ չի թողուր»։ (Ելից 34։6, 7) Այս երկու երեսակները Աստուծոյ անուան նշանակութիւնը ցոյց կու տան։ «Եհովա» բառացիօրէն կը նշանակէ՝ «Ան կը Պատճառէ Ըլլալ», այսինքն Աստուած կ’ըլլայ ի՛նչ որ հարկ է իր խոստումները կատարելու համար։ (Ելից 3։13-15) Բայց ան նո՛յն Աստուածը կը մնայ։ Յիսուս ըսաւ. «Մեր Տէր Աստուածը մէկ Տէր է»։—Մարկոս 12։29

Եբրայերէն Գրութիւնները փոխարինուա՞ծ են

Ներկայիս անսովոր չէ որ դասագրքեր փոխարինուին, երբ նոր պրպտումներ կատարուին կամ երբ ժողովրդական տեսակէտներ փոփոխութեան ենթարկուին։ Արդեօք այս կերպով Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները փոխարինեցի՞ն Եբրայերէն Գրութիւնները։ Ո՛չ։

Եթէ Յիսուս մտադրած էր որ իր ծառայութեան արձանագրութիւնը եւ իր աշակերտներուն գրութիւնները փոխարինէին Եբրայերէն Գրութիւնները, վստահաբար ասիկա պիտի նշէր։ Սակայն, երկինք համբառնալէն ճիշդ առաջ, Յիսուսի մասին Ղուկասի արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Սկսելով Մովսէսէն ու բոլոր մարգարէներէն [Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ], կը մեկնէր անոնց [երկու աշակերտներուն], ինչ որ իրեն համար բոլոր գրքերուն մէջ գրուած էր»։ Հետագային, Յիսուս իր հաւատարիմ առաքեալներուն եւ ուրիշներու երեւցաւ։ Արձանագրութիւնը կ’աւելցնէ. «Եւ ըսաւ անոնց. ‘Ասոնք են այն խօսքերը որոնք ձեզի խօսեցայ, երբ դեռ ձեզի հետ էի, թէ «Պէտք է որ կատարուին այն ամէնը՝ որոնք Մովսէսին օրէնքին ու մարգարէներուն մէջ եւ սաղմոսներուն մէջ ինծի համար գրուած են»’»։ (Ղուկաս 24։27, 44) Յիսուս ինչո՞ւ իր երկրային ծառայութեան վերջաւորութեան Եբրայերէն Գրութիւնները գործածեց, եթէ անոնք ժամանակավրէպ էին։

Քրիստոնէական ժողովքը հաստատուելէ յետոյ, Յիսուսի հետեւորդները շարունակեցին Եբրայերէն Գրութիւնները գործածել կատարուելիք մարգարէութիւնները ցցուն ընելու համար, Մովսիսական Օրէնքին սկզբունքները գործածեցին արժէքաւոր դասեր սորվեցնելու համար, եւ Աստուծոյ վաղեմի ծառաներուն կեանքէն դրուագներ մէջբերեցին, որոնց ընտիր օրինակը կը քաջալերէ Քրիստոնեաները որ հաւատարիմ մնան։ (Գործք 2։16-21. Ա. Կորնթացիս 9։9, 10. Եբրայեցիս 11։1–12։1) Պօղոս առաքեալ գրեց. «Բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է եւ օգտակար է»։ * (Բ. Տիմոթէոս 3։16) Եբրայերէն Գրութիւնները ներկայիս ի՞նչպէս օգտակար են։

Խրատներ՝ առօրեային համար

Նկատի առ ցեղային խտրականութեան այժմու խնդիրը։ Արեւելեան Եւրոպայի քաղաքներէն մէկուն մէջ, 21 տարեկան Եթովպիացի երիտասարդ մը կ’ըսէ. «Եթէ ուզենք տեղ մը երթալ, խմբովին պէտք է երթանք։ Թերեւս եթէ խումբով ըլլանք՝ մեր վրայ չեն յարձակիր»։ Ան կը շարունակէ. «Ժամը 6–էն ետք դուրս չենք կրնար ելլել, մանաւանդ մէթրօ չենք կրնար առնել։ Երբ մարդիկ մեզի նային, անոնք միայն մեր գոյնը կը տեսնեն»։ Եբրայերէն Գրութիւնները այս բարդ խնդիրը կը շօշափե՞ն։

Վաղեմի Իսրայելացիներուն ըսուեցաւ. «Եթէ օտարական մը ձեր երկրին մէջ ձեր քով պանդխտանալու ըլլայ, մի՛ նեղէք զանիկա։ Ձեր քով պանդխտացող օտարականը ձեր երկրին բնիկին պէս թող ըլլայ ձեզի եւ քու անձիդ պէս սիրէ՛ զանիկա, վասն զի դուք ալ Եգիպտոսի երկրին մէջ օտարական էիք»։ (Ղեւտացւոց 19։33, 34) Արդարեւ վաղեմի Իսրայէլի մէջ այդ օրէնքը կը քաջալերէր որ պանդուխտներուն կամ «օտարական»ներուն հանդէպ նկատառու ըլլան, եւ անիկա պահպանուած է Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ։ Չե՞ս համաձայնիր թէ այդ օրէնքին պարփակած սկզբունքները կրնան ցեղային խտրականութեան վերջ դնելու հիմ ծառայել այսօր։

Թէեւ Եբրայերէն Գրութիւնները տնտեսական մանրամասն խրատներ չեն տար, սակայն անոնք դրամական հարցերը խոհեմօրէն ձեռք առնելու կերպին մասին գործնական ուղեգծեր կը բովանդակեն։ Օրինակ, Առակաց 22։7–ի մէջ կը կարդանք. «Փոխ առնողը փոխ տուողին ծառայ կ’ըլլայ»։ Շատ մը ֆինանսական խրատատուներ կը համաձայնին թէ անխոհեմաբար պարտքով գնելը կրնայ տնտեսական քանդումի առաջնորդել։

Ասկէ զատ, ամէն գնով հարստանալը,– ներկայ նիւթապաշտ աշխարհին մէջ շատ սովորական դարձած բան մը,– ճշգրտօրէն նկարագրուած էր պատմութեան ամենահարուստ մարդոցմէ մէկուն՝ Սողոմոն թագաւորին կողմէ։ Ան գրեց. «Արծաթ սիրողը արծաթէն չի կշտանար, ո՛չ ալ հարստութիւն սիրողը՝ երկրի բերքէն։ Ասիկա ալ ունայնութիւն է»։ (Ժողովող 5։10) Ի՜նչ իմաստուն խրատ մը։

Ապագայի համար յոյս

Ամբողջ Աստուածաշունչը մէկ բնաբան ունի. Յիսուս Քրիստոսի յանձնուած Թագաւորութիւնը այն միջոցն է, որով Աստուծոյ գերիշխանութիւնը պիտի ջատագովուի եւ Իր անունը պիտի սրբացուի։—Դանիէլ 2։44. Յայտնութիւն 11։15

Եբրայերէն Գրութիւններուն միջոցաւ կը սորվինք թէ Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ կեանքը ի՛նչպէս պիտի ըլլայ։ Ասիկա մեզ կը մխիթարէ եւ մխիթարութեան Աղբիւրին՝ Եհովա Աստուծոյ աւելի կը մօտեցնէ։ Օրինակ, Եսայի մարգարէն նախագուշակեց թէ անասուններուն ու մարդոց միջեւ խաղաղութիւն պիտի ըլլայ. «Գայլը գառին հետ պիտի բնակի ու ինձը ուլին հետ պիտի պառկի։ Հորթն ու առոյգ առիւծը եւ պարարտ զուարակը մէկտեղ պիտի արածին ու զանոնք պզտիկ տղայ մը պիտի քշէ»։ (Եսայի 11։6-8) Ի՜նչ գեղեցիկ հեռանկար մը։

Իսկ ի՞նչ կրնայ ըսուիլ անոնց մասին, որոնք կը տառապին ցեղային կամ էթնիքական խտրականութենէ, լուրջ հիւանդութենէ կամ կամքէ անկախ եղող տնտեսական վատ պարագաներէ։ Եբրայերէն Գրութիւնները Քրիստոս Յիսուսի մասին մարգարէաբար հետեւեալը կ’ըսեն. «Աղքատը պիտի փրկէ աղաղակելու ատենը, խեղճն ալ ու զանիկա ալ, որ օգնական չունի։ Պիտի խղճայ աղքատին ու տնանկին եւ տնանկներուն անձերը պիտի ազատէ»։ (Սաղմոս 72։12, 13) Այս խոստումները գործնական են, քանի որ հաւատացողներուն կ’օգնեն որ ապագան յոյսով ու վստահութեամբ դիմագրաւեն։—Եբրայեցիս 11։6

Զարմանալի չէ որ Պօղոս առաքեալ ներշնչումի ներքեւ գրեց. «Ինչ որ առաջուընէ գրուեցաւ, գրուեցաւ որ սորվիք, որպէս զի համբերութիւնով ու գրքերուն մխիթարութիւնով մենք յոյս ունենանք»։ (Հռովմայեցիս 15։4) Արդարեւ Եբրայերէն Գրութիւնները տակաւին Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին անբաժան մէկ մասն են։ Անոնք մեզի համար իսկական արժէք ունին։ Կը յուսանք որ պիտի ջանաս աւելին սորվիլ թէ ամբողջ Աստուածաշունչը իրապէս ի՛նչ կը սորվեցնէ, եւ այս կերպով անոր Հեղինակին՝ Եհովա Աստուծոյ աւելի պիտի մօտենաս։—Սաղմոս 119։111, 112

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 4 Այս յօդուածին մէջ, Հին Կտակարանին կ’ակնարկենք որպէս Եբրայերէն Գրութիւններ։ (Տես՝ «Հին Կտակարա՞ն թէ Եբրայերէն Գրութիւններ» խորագրով շրջանակը, էջ 6։) Նոյն գծով, Եհովայի Վկաները սովորաբար Նոր Կտակարանին կ’ակնարկեն որպէս Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններ։

^ պարբ. 13 Եբրայերէն Գրութիւնները բազմաթիւ սկզբունքներ կը բովանդակեն, որոնք ներկայիս մեծապէս արժէքաւոր են։ Բայց պէտք է նշենք թէ Քրիստոնեաները Օրէնքին ներքեւ չեն, զոր Աստուած Մովսէսի միջոցաւ Իսրայէլ ազգին տուաւ։

[Շրջանակ՝ էջ 6]

ՀԻՆ ԿՏԱԿԱՐԱ՞Ն ԹԷ ԵԲՐԱՅԵՐԷՆ ԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

«Հին կտակարան» արտայայտութիւնը կը գտնուի Բ. Կորնթացիս 3։14–ի մէջ, Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ։ Հոս «կտակարան» բառը Յունարէն տի·ա·թիքի բառին թարգմանութիւնն է։ Սակայն շատ մը արդի թարգմանութիւններ, ինչպէս՝ New International Version, տի·ա·թիքի բառը «ուխտ» կը թարգմանեն։ Ինչո՞ւ։

Բառարանագիր Էտուարտ Ռոպինսըն ըսաւ. «Հին ուխտը Մովսիսական գրքերուն մէջ գտնուելով, [տի·ա·թիքի] բառը կը ներկայացնէ ուխտին գիրքը, Մովսիսական գրութիւնները, այսինքն՝ օրէնքը»։ Բ. Կորնթացիս 3։14–ի մէջ, Պօղոս առաքեալ կ’ակնարկէր Մովսիսական Օրէնքին, որ նախաքրիստոնէական Գրութիւններուն միայն մէկ մասն է։

Արդ, Աստուածաշունչին առաջին 39 գրքերուն ի՞նչ աւելի յարմար անուն մը կարելի է տալ։ Փոխանակ հասկցնելու թէ Աստուածաշունչի այս մասը ժամանակավրէպ կամ հին է, Յիսուս Քրիստոս եւ իր հետեւորդները այս հատուածներուն ակնարկեցին որպէս ‘գիրքը’ եւ ‘սուրբ գրքերը’։ (Մատթէոս 21։42. Հռովմայեցիս 1։2) Ուստի այս ներշնչեալ խօսքերուն հետ ներդաշնակ, Եհովայի Վկաները Հին Կտակարանին կ’ակնարկեն որպէս Եբրայերէն Գրութիւնները, քանի որ Աստուածաշունչին այս մասը սկիզբը մեծաւ մասամբ Եբրայերէնով գրուած էր։ Նոյնպէս, անոնք այդպէս կոչուած Նոր Կտակարանին կ’ակնարկեն որպէս Յունարէն Գրութիւնները, քանի որ Աստուծմէ ներշնչուած գրողները Յունարէն լեզուն գործածեցին։

[Նկարներ՝ էջ 4]

Անհատ մը կրնայ ճանչցուիլ որպէս խիստ դատաւոր, սիրալիր հայր եւ բարեկամ

[Նկար՝ էջ 5]

Յիսուս իր ամբողջ ծառայութեան ընթացքին Եբրայերէն Գրութիւնները գործածեց

[Նկարներ՝ էջ 7]

Աստուածաշունչի ո՞ր սկզբունքները կրնան անհատի մը օգնել շիտակ որոշումներ կայացնելու