Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Զաւակներուդ Եհովան սիրել սորվեցուր

Զաւակներուդ Եհովան սիրել սորվեցուր

Զաւակներուդ Եհովան սիրել սորվեցուր

«Ինչպէս են նետերը զօրաւոր մարդուն ձեռքին մէջ, այնպէս են երիտասարդութեան որդիները»։—ՍԱՂՄՈՍ 127։4, ԱՎ

1, 2. Երախաները ի՞նչպէս ‘զօրաւոր մարդուն ձեռքին մէջ եղող նետերուն’ պէս են։

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ մը կը պատրաստուի նետը նշանակէտի մը ուղղելու։ Ան ուշադրութեամբ զայն կը զետեղէ թելին վրայ, եւ իր մկանները պրկած՝ աղեղը կը լարէ։ Հակառակ լարուածութեան, ան նետը ուղղելու համար ժամանակ կը յատկացնէ, ապա զայն կ’արձակէ։ Նետը նշանակէտին պիտի հասնի՞։ Ասիկա կախեալ է մի քանի ազդակներէ, ինչպէս՝ աղեղնաւորին հմտութիւնը, հովին բանեցուցած ազդեցութիւնը եւ նետին վիճակը։

2 Սողոմոն թագաւոր երախաները նմանցուց ‘զօրաւոր մարդուն ձեռքին մէջ եղող նետերուն’։ (Սաղմոս 127։4, ԱՎ) Նկատի առ թէ այս օրինակը ի՛նչպէս կրնայ կիրարկուիլ։ Աղեղնաւորը կրնայ նետը իր աղեղին մէջ յարաբերաբար կարճ ժամանակ մը ձգել։ Նետը նշանակէտին հասնելու համար, ան պէտք է զայն արագօրէն արձակէ։ Նոյնպէս, ծնողներ յարաբերաբար կարճ ժամանակ ունին՝ իրենց զաւակներուն մէջ Եհովայի հանդէպ սրտագին սէր մշակելու։ Միայն քանի մը տարի ետք, երախաները կը մեծնան եւ տունէն կը հեռանան։ (Մատթէոս 19։5) Անոնք նշանակէտին պիտի հասնի՞ն,– այսինքն՝ պիտի շարունակե՞ն Աստուած սիրել եւ անոր ծառայել, տունը ձգելէ յետոյ։ Պատասխանը բազմաթիւ ազդակներէ կախեալ է, բայց նշենք երեք հատ. ծնողքին հմտութիւնը, զաւակներուն միջավայրը եւ ‘նետին’ կամ զաւկին ընդառաջումը իր ստացած մարզումին։ Այս ազդակներէն իւրաքանչիւրը մանրամասնօրէն նկատի պիտի առնենք։ Նախ, քննարկենք հմուտ ծնողքին կարգ մը յատկանիշները։

Հմուտ ծնողները օրինակ կը հանդիսանան

3. Ինչո՞ւ ծնողի մը խօսքերուն պէտք է ընկերակցին արարքներ։

3 Յիսուս ծնողներուն օրինակ հանդիսացաւ՝ իր քարոզածը ի գործ դնելով։ (Յովհաննէս 13։15) Միւս կողմէ, ան Փարիսեցիները դատապարտեց, որոնք ‘կ’ըսէին’ բայց ‘չէին ըներ’։ (Մատթէոս 23։3) Զաւակները Եհովան սիրելու մղելու համար, ծնողներուն խօսքերը ներդաշնակ պէտք է ըլլան իրենց գործերուն հետ։ Խօսքեր՝ որոնց արարքներ չեն ընկերակցիր, նո՛յնքան անօգուտ են՝ ո՛րքան լարահատ աղեղը։—Ա. Յովհաննէս 3։18

4. Ծնողներ իրենք իրենց ի՞նչ հարցումներ պէտք է ուղղեն եւ ինչո՞ւ։

4 Ծնողական օրինակը ինչո՞ւ այդքան կարեւոր է։ Ինչպէս չափահասներ կրնան սորվիլ Աստուած սիրել՝ Յիսուսի օրինակին նայելով, նոյնպէս երախաներ կրնան սորվիլ Եհովան սիրել՝ իրենց ծնողքին լաւ օրինակին հետեւելով։ Երախայի մը ընկերակիցները կրնան կա՛մ զինք զօրացնել եւ կամ անոր ‘աղէկ բարքը ապականել’։ (Ա. Կորնթացիս 15։33) Զաւկի մը կեանքին մէջ, մանաւանդ առաջին քանի մը տարիներուն, անոր ամենամօտիկ եւ ամենէն հեղինակաւոր ընկերակիցները՝ իր ծնողքն է։ Հետեւաբար, ծնողներ պէտք է իրենք իրենց հարց տան. ‘Ի՞նչպիսի ընկերակից մըն եմ։ Օրինակս զաւակս կը քաջալերէ՞ որ օգտակար սովորութիւններ մշակէ։ Աղօթելու եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան կենսական մարզերուն մէջ ի՞նչ օրինակ կը հանդիսանամ’։

Հմուտ ծնողները իրենց զաւակներուն հետ կ’աղօթեն

5. Զաւակներ ծնողներուն աղօթքներէն ի՞նչ կրնան սորվիլ։

5 Ձեր զաւակները Եհովայի մասին շատ բան կրնան սորվիլ՝ ձեր աղօթքները մտիկ ընելով։ Եթէ ճաշի ժամանակ եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան նիստերուն լսեն մատուցած աղօթքներդ, անոնք ի՞նչ կրնան եզրակացնել։ Հաւանաբար անոնք սորվին թէ Եհովա մեր ֆիզիքական կարիքները կը լեցնէ,– որուն համար շնորհակալութիւն պէտք է յայտնենք,– եւ մեզի հոգեւոր ճշմարտութիւններ կը սորվեցնէ։ Ասոնք թանկարժէք դասեր են։—Յակոբոս 1։17

6. Ծնողներ ի՞նչպէս կրնան զաւակներուն օգնել որ զգան թէ Եհովա իւրաքանչիւրով հետաքրքրուած է։

6 Սակայն եթէ ընտանիքիդ հետ ճաշի կամ Աստուածաշունչի ընտանեկան ուսումնասիրութեան պահերէն զատ ուրիշ առիթներով ալ աղօթես՝ քեզի եւ զաւակներուդ ազդող մասնայատուկ նիւթեր յիշելով, շա՜տ աւելին պիտի իրագործես։ Զաւակներուդ պիտի օգնես որ զգան թէ Եհովա ձեր ընտանիքին մաս կը կազմէ եւ ձեզ անհատապէս կը հոգայ։ (Եփեսացիս 6։18. Ա. Պետրոս 5։6, 7) Հայր մը կ’ըսէ. «Այն օրէն որ մեր աղջիկը ծնաւ, անոր հետ աղօթեցինք։ Մինչ կը մեծնար, ընկերակցութիւններու եւ իրեն վերաբերեալ այլ հարցերու շուրջ աղօթեցինք։ Մինչեւ որ ամուսնացաւ, օր մը չանցաւ որ միասնաբար չաղօթեցինք»։ Կրնա՞ս զաւակներուդ հետ ամէն օր աղօթել։ Կրնա՞ս անոնց օգնել որ Եհովան նկատեն Բարեկամ մը, որ ո՛չ միայն իրենց ֆիզիքական ու հոգեւոր կարիքները կը լեցնէ, այլ նաեւ՝ իրենց զգացական կարիքները կը հոգայ։—Փիլիպպեցիս 4։6, 7

7. Ծնողներուն աղօթքները մասնայատուկ ըլլալու համար, ի՞նչ պէտք է գիտնան։

7 Հարկաւ, որպէսզի աղօթքներդ մասնայատուկ ըլլան, պէտք է գիտնաս թէ զաւկիդ կեանքին մէջ ի՛նչ կ’անցնի–կը դառնայ։ Նկատի առ երկու զաւակ մեծցուցած հօր մը խօսքերը. «Իւրաքանչիւր շաբթուան վերջաւորութեան, ես ինծի երկու հարցում կ’ուղղէի. ‘Այս շաբաթ զաւակներուս միտքը ի՞նչ բաներով զբաղած էր։ Անոնց առօրեային մէջ ի՞նչ օգտակար անցուդարձեր տեղի ունեցան’»։ Ո՛վ ծնողներ, կրնա՞ք դուք ձեզի այսպիսի հարցումներ ուղղել, ապա պատասխաններէն ոմանք պարփակել զաւակներուն հետ ձեր մատուցած աղօթքներուն մէջ։ Ասիկա ընելով, անոնց ո՛չ միայն կը սորվեցնէք աղօթքի Լսողին՝ Եհովայի աղօթել, այլ նաեւ՝ զինք սիրել։—Սաղմոս 65։2

Հմուտ ծնողները ուսումնասիրութեան լաւ սովորութիւններ կը քաջալերեն

8. Ծնողներ ինչո՞ւ պէտք է իրենց զաւակներուն օգնեն որ Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրելու սովորութիւնը զարգացնեն։

8 Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան հանդէպ ծնողի մը կեցուածքը ի՞նչպէս կ’ազդէ Աստուծոյ հետ զաւկին ունեցած յարաբերութեան։ Որպէսզի յարաբերութիւն մը աճի եւ յարատեւէ, երկու կողմերն ալ ո՛չ միայն իրարու պէտք է խօսին, այլ նաեւ՝ մտիկ ընեն։ Եհովայի մտիկ ընելու կերպերէն մէկն է՝ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել, ‘հաւատարիմ ծառային’ հայթայթած հրատարակութիւններուն օգնութեամբ։ (Մատթէոս 24։45-47. Առակաց 4։1, 2) Հետեւաբար, իրենց զաւակներուն օգնելու համար որ Եհովայի հետ մնայուն եւ սիրալիր յարաբերութիւն մը մշակեն, ծնողներ պէտք է զանոնք քաջալերեն որ Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրելու սովորութիւնը զարգացնեն։

9. Երախաներուն ի՞նչպէս կարելի է օգնել որ ուսումնասիրութեան լաւ սովորութիւններ զարգացնեն։

9 Երախաները ի՞նչպէս կրնան ուսումնասիրելու լաւ սովորութիւններ զարգացնել։ Դարձեալ ծնողներ կրնան իրենց օրինակով սորվեցնել։ Զաւակներդ կանոնաւորաբար կը նկատե՞ն որ Աստուածաշունչի անձնական ընթերցանութիւն կամ ուսումնասիրութիւն կ’ընես։ Ճիշդ է որ շատ զբաղած ես զաւակներուդ հոգ տանելով, եւ թերեւս հարց տաս թէ կարդալու եւ ուսումնասիրելու համար ի՛նչպէս կրնաս ժամանակ գտնել։ Բայց դուն քեզի հարց տուր. ‘Զաւակներս կանոնաւորաբար կը նկատե՞ն որ հեռատեսիլ կը դիտեմ’։ Եթէ այո՛, կրնա՞ս այդ ժամանակէն մաս մը գործածել՝ անձնական ուսումնասիրութեան նկատմամբ լաւ օրինակ հանդիսանալու համար։

10, 11. Ծնողներ ինչո՞ւ ընտանեկան կանոնաւոր ուսումնասիրութիւն պէտք է վարեն։

10 Ծնողներ կրնան իրենց զաւակներուն այլ գործնական կերպով մըն ալ սորվեցնել որ Եհովայի մտիկ ընեն,– ընտանեօք Աստուածաշունչը կանոնաւորաբար ուսումնասիրելով։ (Եսայի 30։21) Սակայն ոմանք կրնան հարց տալ. ‘Զաւակներ ինչո՞ւ ընտանեկան ուսումնասիրութեան կարիքը ունին, եթէ ծնողներ զիրենք կանոնաւորաբար ժողովներու կը տանին’։ Կարգ մը վաւերական պատճառներ կան։ Եհովա ծնողներուն վստահած է իրենց զաւակները ուսուցանելու գլխաւոր պատասխանատուութիւնը։ (Առակաց 1։8. Եփեսացիս 6։4) Աստուածաշունչի ընտանեկան ուսումնասիրութիւնը զաւակներուն կը սորվեցնէ թէ պաշտամունքը ո՛չ թէ հանրութեան առջեւ կատարուող ծիսական բան մըն է, այլ՝ ընտանեկան կեանքէն ներս ի գործ դրուելիք բան մը։—Բ. Օրինաց 6։6-9

11 Ասկէ զատ, լաւ կերպով վարուած ընտանեկան ուսումնասիրութիւն մը կրնայ ծնողքին պատեհութիւն տալ որ հոգեւոր ու բարոյական հարցերու շուրջ իր զաւակներուն մտածումը գիտնայ։ Օրինակ, երբ զաւակները փոքր են, ծնողներ կրնան Մեծ Ուսուցիչէն սորվէ՛ գրքին նման հրատարակութիւններ գործածել։ * Աստուածաշունչը սերտելու նպաստող այս հրատարակութեան գրեթէ բոլոր պարբերութիւններուն մէջ, երախաներէն կը խնդրուի որ քննարկուած նիւթին մասին իրենց կարծիքը յայտնեն։ Այս գրքին մէջ նշուած համարներուն մասին պատճառաբանելով, թերեւս ծնողներ կարենան զաւակներուն օգնել որ իրենց ըմբռնողութիւնը մշակեն՝ «բարին ու չարը զանազանել»ու համար։—Եբրայեցիս 5։14

12. Ծնողներ ի՞նչպէս կրնան ընտանեկան ուսումնասիրութիւնը զաւկին կարիքներուն յարմարցնել, եւ այս առնչութեամբ ի՞նչ բան ազդու գտած ես։

12 Մինչ զաւակներդ կը մեծնան, ուսումնասիրութիւնը անոնց կարիքներուն յարմարցուր։ Նկատի առ թէ ամոլ մը իր պատանի աղջիկներուն ի՛նչպէս օգնեց որ հասկնան թէ դպրոցին մէջ պարի մասնակցի՛ն կամ ոչ։ Հայրը կ’ըսէ. «Անոնց ըսինք թէ յաջորդ ընտանեկան ուսումնասիրութեան ընթացքին, կինս ու ես զաւակներուն դերը պիտի առնենք, իսկ զաւակները՝ ծնողքին դերը։ Երկուքէն ոեւէ մէկը կրնար հօր կամ մօր դերը ստանձնել, բայց դպրոցական պարերու նիւթին շուրջ պրպտում ընելու եւ ուղղութիւններ փոխանցելու համար պէտք էր համագործակցէին»։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Հայրը կը շարունակէ. «Ապշեցանք երբ տեսանք թէ մեր զաւակները (որպէս ծնողք իրենց դերին մէջ) ո՜րքան դատողութիւն ունէին, երբ մեզի (որպէս զաւկի դերը ստանձնողներ) բացատրեցին Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած իրենց պատճառները, թէ այդ պարերուն մասնակցիլը ինչո՛ւ անխոհեմութիւն պիտի ըլլար։ Մեզ ա՛լ աւելի տպաւորեցին անոնց առաջարկած թելադրութիւնները որպէս ընդունելի փոխընտրութիւններ։ Ասիկա օգնեց որ անոնց մտածելակերպին ու փափաքներուն խորը թափանցենք»։ Արդարեւ յարատեւութիւն եւ երեւակայութիւն կը պահանջուին, որպէսզի ընտանեկան ուսումնասիրութիւնը մնայ կանոնաւոր եւ ընտանիքին կարիքներուն յարմար, բայց վարձատրութիւնները շատ են։—Առակաց 23։15

Խաղաղ միջավայր մը ստեղծէ

13, 14. (ա) Ծնողներ ի՞նչպէս կրնան տան մէջ խաղաղ մթնոլորտ մը ստեղծել։ (բ) Եթէ ծնող մը իր սխալը խոստովանի, ասիկա ի՞նչ դրական արդիւնք կրնայ ունենալ։

13 Նետ մը աւելի հաւանական է որ նշանակէտին հասնի, եթէ աղեղնաւորը հանդարտ պայմաններու ներքեւ նշան առնէ եւ զայն արձակէ։ Նոյնպէս, աւելի հաւանական է որ երախաները Եհովան սիրել սորվին, եթէ ծնողներ ընտանեկան խաղաղ միջավայր մը ստեղծեն։ «Արդարութեան պտուղը խաղաղութիւնով կը սերմանուի անոնց՝ որոնք խաղաղութիւն կ’ընեն», գրեց Յակոբոս։ (Յակոբոս 3։18) Ծնողներ ի՞նչպէս կրնան տան մէջ խաղաղ մթնոլորտ մը ստեղծել։ Ամոլը պէտք է ընտանեկան զօրաւոր կապ մը պահպանէ։ Զիրար սիրող եւ յարգող ամոլը աւելի հաւանական է որ կարենայ իր զաւակներուն սորվեցնել ուրիշները սիրել եւ յարգել, ի ներառեալ՝ Եհովան։ (Գաղատացիս 6։7, 8. Եփեսացիս 5։33) Սէրն ու յարգանքը խաղաղութիւն կը յառաջացնեն։ Եւ իրարու հետ խաղաղութեան մէջ եղող ամոլը, ընտանիքէն ներս ծագած խնդիրներուն հետ աւելի լաւ կերպով գլուխ կ’ելլէ։

14 Անշուշտ, ինչպէս կատարեալ ամուսնութիւններ չկան, նոյնպէս կատարեալ ընտանիքներ չկան երկրի վրայ ներկայիս։ Երբեմն ծնողներ իրենց զաւակներուն հետ վարուելու ատեն՝ հոգիին պտուղը ցուցաբերելու մէջ կը թերանան։ (Գաղատացիս 5։22, 23) Երբ ասիկա պատահի, ծնողներ ի՞նչ պէտք է ընեն։ Եթէ անոնք իրենց սխալը ընդունին, ասիկա իրենց հանդէպ զաւկին յարգանքը պիտի նուազեցնէ՞։ Նկատի առ Պօղոս առաքեալի օրինակը։ Ան շատերու համար հոգեւոր հայր մըն էր։ (Ա. Կորնթացիս 4։15) Այսուհանդերձ ան հանրապէս խոստովանեցաւ թէ սխալներ գործած էր։ (Հռովմայեցիս 7։21-25) Արդարեւ անոր խոնարհութիւնն ու պարկեշտութիւնը՝ իրեն հանդէպ մեր յարգանքը կ’աւելցնեն։ Հակառակ իր թերութիւններուն, Պօղոս կրցաւ Կորնթոսի ժողովքին վստահութեամբ գրել. «Ինծի նմանեցէ՛ք, ինչպէս ես ալ՝ Քրիստոսին»։ (Ա. Կորնթացիս 11։1) Եթէ դուն ալ սխալներդ ընդունիս, հաւանաբար զաւակներդ թերացումներդ անտեսեն։

15, 16. Ծնողներ ինչո՞ւ իրենց զաւակները պէտք է մարզեն որ Քրիստոնեայ եղբայրներն ու քոյրերը սիրեն, եւ ասիկա ի՞նչպէս կարելի է ընել։

15 Ծնողներ ուրիշ ի՞նչ կրնան ընել՝ միջավայր մը ստեղծելու համար, ուր իրենց զաւակները կրնան մեծնալ ու Եհովան սիրել։ Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Եթէ մէկը կ’ըսէ թէ ‘Ես Աստուած կը սիրեմ’ ու իր եղբայրը ատէ, անիկա ստախօս է. քանզի ան որ իր եղբայրը չի սիրեր՝ որ կը տեսնէ, Աստուած՝ որ չի տեսներ, ի՞նչպէս կրնայ սիրել»։ (Ա. Յովհաննէս 4։20, 21) Հետեւաբար, երբ զաւակներդ կը մարզես որ իրենց Քրիստոնեայ եղբայրներն ու քոյրերը սիրեն, անոնց կը սորվեցնես Աստուած սիրել։ Ծնողներ իրենք իրենց սա հարցումը պէտք է ուղղեն. ‘Երբ ժողովքին մասին կը խօսիմ, ոճս քաջալերակա՞ն թէ քննադատական է’։ Ի՞նչպէս կրնաս գիտնալ։ Ուշի–ուշով մտիկ ըրէ թէ զաւակներդ ժողովներուն եւ ժողովքի անդամներուն մասին ի՛նչպէս կ’արտայայտուին։ Շատ հաւանական է որ անոնց խօսքերը արտացոլացնեն գաղափարներդ։

16 Ծնողներ ի՞նչ կրնան ընել իրենց զաւակներուն օգնելու որ իրենց հոգեւոր եղբայրները սիրեն։ Փիթըր՝ որ երկու պատանիներու հայր է, կ’ըսէ. «Մինչ մեր տղաքը մանուկ էին, կանոնաւորաբար կը հրաւիրէինք հոգեւորապէս հասուն անհատներ որ մեր տունը ճաշեն եւ մեզի հետ ժամանակ անցընեն։ Ասոնք շատ հաճելի պահեր էին։ Մեր տղաքը մեծցան՝ Եհովան սիրող անհատներու սերտ ընկերակցութիւնը վայելելով, եւ այժմ անոնք կը գիտակցին թէ Աստուծոյ ծառայելը հաճելի ապրելակերպ մըն է»։ Տէնիս՝ որ հինգ դուստրերու հայր է, կ’ըսէ. «Մեր աղջիկները քաջալերեցինք որ ժողովքի տարեց ռահվիրաներուն հետ ընկերակցին, իսկ երբ կարելի ըլլար, ճամբորդող տեսուչներն ու անոնց կիները կը հիւրասիրէինք»։ Կրնա՞ս նախաձեռնութիւնը առնել զաւակներուդ օգնելու որ ժողովքը ընտանիքին մէկ մասը նկատեն։—Մարկոս 10։29, 30

Զաւկին պատասխանատուութիւնը

17. Ի վերջոյ, երախաները ո՞ր որոշումը պէտք է կայացնեն։

17 Դարձեալ նկատի առ աղեղնաւորին օրինակը։ Թէեւ ան կրնայ հմուտ ըլլալ, բայց պիտի չկարենայ նետը նշանակէտին հասցնել, եթէ նետը ծռութիւն մը ունի։ Անշուշտ ծնողներ ծանր պիտի աշխատին այլաբանական ծուռ նետը շտկելու համար, ջանալով զաւկին սխալ մտածումը սրբագրել։ Սակայն ի վերջոյ երախաները իրենք պէտք է որոշեն թէ կ’ուզեն թոյլ տալ աշխարհի՛ն որ զիրենք ծռէ՝ իր կամքին ենթարկելով, կամ՝ թոյլ տալ Եհովայի որ իրենց ‘շաւիղները ուղղէ’։—Առակաց 3։5, 6. Հռովմայեցիս 12։2

18. Երախային ընտրութիւնը ի՞նչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ ուրիշներու վրայ։

18 Թէեւ ծնողներ իրենց զաւակները ‘Տէրոջ վարժութեամբ ու խրատով մեծցնելու’ պատասխանատուութիւնը ունին, սակայն վերջնական որոշումը զաւկին կ’իյնայ թէ ի՛նչ կ’ուզէ ըլլալ երբ մեծնայ։ (Եփեսացիս 6։4) Հետեւաբար, ո՛վ երախաներ, դուք ձեզի հարց տուէք. ‘Ծնողքիս հայթայթած սիրալիր մարզումը պիտի ընդունի՞մ’։ Զայն ընդունելով՝ լաւագոյն կենցաղը կ’ընտրես, ծնողքդ կ’երջանկացնես, իսկ ամենէն կարեւորը, Եհովայի սիրտը կ’ուրախացնես։—Առակաց 27։11

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 11 Հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։

Կը յիշե՞ս

• Ծնողներ ի՞նչպէս կրնան աղօթքի եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան մէջ լաւ օրինակ հանդիսանալ։

• Ծնողներ ի՞նչպէս կրնան ընտանեկան խաղաղ միջավայր մը ստեղծել։

• Երախաները ի՞նչ ընտրութիւն կը դիմագրաւեն, եւ անոնց որոշումը ի՞նչպէս ուրիշներուն պիտի ազդէ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 29]

Ընտանեկան խաղաղ մթնոլորտը երջանկութեան կը նպաստէ

[Նկար՝ էջ 30]

Անձնական ուսումնասիրութեան մէջ՝ զաւկիդ լաւ օրինակ կը հանդիսանա՞ս