Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յովէլի եւ Ամովսի գիրքերէն աչքառու կէտեր

Յովէլի եւ Ամովսի գիրքերէն աչքառու կէտեր

Եհովայի խօսքը կենդանի է

Յովէլի եւ Ամովսի գիրքերէն աչքառու կէտեր

ՄԻԱԿ տեղեկութիւնը որ իր մասին կու տայ՝ այն է թէ ինք ‘Փաթուէլի որդին Յովէլն’ է։ (Յովէլ 1։1) Իր անունը կրող գրքին մէջ, Յովէլ իր պատգամէն զատ ա՛յնքան քիչ տեղեկութիւններ կու տայ, որ նոյնիսկ իր մարգարէութեան ժամանակը միայն կ’ենթադրուի,– շուրջ Հ.Դ.Ա. 820, Ոզիա Յուդայի վրայ թագաւոր ըլլալէն ինը տարի ետք։ Յովէլ ինչո՞ւ շատ վերապահ է։ Հաւանաբար ան կ’ուզէ շեշտը պատգամին վրայ դնել եւ ո՛չ թէ պատգամաբերին վրայ։

Նաեւ Ոզիայի օրերուն, Ամովս որ Յուդայի մէջ կը բնակի եւ «արջառներու հովիւ ու մոլաթուզ քաղող» է, մարգարէ ըլլալու յանձնարարութիւն կը ստանայ։ (Ամովս 7։14) Յուդայի մէջ մարգարէութիւն ընող Յովէլին հակառակը, Ամովս կը ղրկուի հիւսիս՝ Իսրայէլի տասը–ցեղեան թագաւորութեան։ Յուդա վերադառնալէ յետոյ, Ամովս իր գիրքը կ’ամբողջացնէ շուրջ Հ.Դ.Ա. 804–ին, զայն գրելով պարզ բայց վառ ոճով։

ԻՆՉՈ՞Ւ «ԱՒԱ՜Ղ ԱՅՆ ՕՐՈՒԱՆ ՀԱՄԱՐ»

(Յովէլ 1։1–3։21)

Յովէլ տեսիլքի մէջ կը տեսնէ ներխուժում մը՝ խառնիճներու, մարախներու եւ գրուիճներու կողմէ, որոնց կ’ակնարկէ իբրեւ «շատուոր ու զօրաւոր ժողովուրդ մը»։ (Յովէլ 1։4. 2։2-7) Յովէլ կը հառաչէ. «Աւա՜ղ այն օրուան համար։ Քանզի Տէրոջը օրը մօտ է, ու Ամենակարողէն եկած աւերումին պէս պիտի գայ»։ (Յովէլ 1։15) Եհովա Սիօնի բնակիչները կը խրատէ. «Ինծի դարձէ՛ք ձեր բոլոր սրտովը»։ Եթէ անոնք անսան, Եհովա «իր ժողովուրդին պիտի ողորմի» եւ հեռացնէ «հիւսիսային զօրքը»՝ միջատներու յարձակումը։ Սակայն իր մեծ օրը չեկած, Եհովա ‘իր հոգին ամէն մարմնի վրայ պիտի թափէ’ եւ ‘երկնքի մէջ ու երկրի վրայ նշաններ պիտի դնէ’։—Յովէլ 2։12, 18-20, 28-31

Ազգերուն ասպարէզ կը կարդացուի. «Ձեր խոփերը սուրեր շինեցէ՛ք ու ձեր յօտոցները՝ նիզակներ» եւ պատերազմի պատրաստուեցէք։ Անոնց հրաման կը տրուի որ «Յովսափատի հովիտը գան», ուր պիտի դատուին ու բնաջնջուին։ «Բայց Յուդա յաւիտեան մարդաբնակ պիտի ըլլայ»։—Յովէլ 3։10, 12, 20

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

1։15. 2։1, 11, 31. 3։14—Ի՞նչ է «Տէրոջը օրը»։ Եհովայի օրը այն ժամանակն է, երբ իր թշնամիներուն վրայ իր դատաստանը կը գործադրէ, զանոնք բնաջնջելով եւ ճշմարիտ երկրպագուները փրկելով։ Օրինակ, այսպիսի օր մը եկաւ վաղեմի Բաբելոնի վրայ Հ.Դ.Ա. 539–ին, երբ Մարերն ու Պարսիկները զայն նուաճեցին։ (Եսայի 13։1, 6) ‘Եհովայի [այլ] օր մը’ մօտ է, երբ իր դատաստանը պիտի գործադրէ «Մեծ Բաբելոն»ի վրայ,– սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութիւնը։—Յայտնութիւն 18։1-4, 21

2։1-10, 28—Միջատներու ներխուժման վերաբերեալ մարգարէութիւնը ի՞նչպէս կատարուած է։ Աստուածաշունչին մէջ արձանագրութիւն մը չկայ թէ միջատներ Քանանի երկիրը ներխուժեցին՝ Յովէլի գրքին նկարագրած տարողութեամբ։ Հետեւաբար Յովէլի նկարագրած յարձակումը՝ ըստ երեւոյթին կը պատկերացնէ Հ.Դ. 33–ին տեղի ունեցածը, երբ Եհովա սկսաւ Քրիստոսի հետեւորդներուն վրայ իր հոգին թափել եւ անոնք սկսան քարոզել այն պատգամը, որ սուտ կրօնքի առաջնորդները չարչարեց։ (Գործք 2։1, 14-21. 5։27-33) Ներկայիս մեր առանձնաշնորհումն է նման գործի մը մէջ բաժին բերել։

2։32—Ի՞նչ կը նշանակէ ‘Տէրոջը անունը կանչել’։ Աստուծոյ անունը կանչել կը նշանակէ՝ այդ անունը ճանչնալ, զայն խորապէս յարգել, եւ այդ անունը կրողին ապաւինիլ ու վստահիլ։—Հռովմայեցիս 10։13, 14

3։14—«Վճիռի հովիտ»ը ի՞նչ է։ Անիկա խորհրդանշական վայր մըն է, ուր Աստուծոյ դատաստանը կը գործադրուի։ Յուդայի Յովսափատ թագաւորին օրերուն, որուն անունը կը նշանակէ «Եհովան Դատաւոր է», Աստուած Յուդան ազատեց շրջակայ ազգերէն, անոնց զօրքերը շփոթութեան մատնելով։ Ուստի այս վայրը նաեւ կը կոչուի՝ «Յովսափատի հովիտը»։ (Յովէլ 3։2, 12) Մեր օրերուն, անիկա կը ներկայացնէ այլաբանական վայր մը, ուր ազգերը պիտի ճզմուին՝ հնձանի մէջ եղող խաղողին պէս։—Յայտնութիւն 19։15

Դասեր՝ մեզի համար.

1։13, 14. Իսկական զղջումը եւ Եհովան որպէս ճշմարիտ Աստուած ընդունիլը, փրկութեան համար էական են։

2։12, 13. Հարազատ զղջումը սրտագին է։ Անիկա կը պարփակէ ներքնապէս ‘մեր սրտերը պատռել’, ո՛չ թէ արտաքնապէս ‘հանդերձները պատռել’։

2։28-32. «Տէրոջը մեծ ու ահեղ օրը», միայն ան որ «Տէրոջը անունը [կը] կանչէ, պիտի ազատի»։ Ո՜րքան շնորհապարտ ենք որ Եհովա իր հոգին ամէն մարմնի վրայ կը թափէ եւ երիտասարդներ ու ծերեր, արուներ եւ էգեր կը մարգարէանան, այսինքն՝ «Աստուծոյ մեծամեծ բաներ»ը կը յայտարարեն։ (Գործք 2։11) Մինչ Եհովայի օրը կը մօտենայ, պէտք չէ՞ ա՛լ աւելի «սուրբ վարմունքով ու բարեպաշտութեամբ» ապրինք։—Բ. Պետրոս 3։10-12

3։4-8, 19. Յովէլ մարգարէացաւ թէ Յուդայի շրջակայ ազգերը պիտի պատժուէին, քանի որ Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդին հետ գէշ կերպով վարուեցան։ Այս մարգարէական խօսքերուն առ ի կատարում, Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը կործանեց Տիւրոսի ցամաք–քաղաքը։ Հետագային, երբ Մեծն Աղեքսանդր նուաճեց կղզի–քաղաքը, անոր զինուորներէն ու կարկառուն անձնաւորութիւններէն հազարաւորներ սպաննուեցան եւ բնակիչներէն 30,000 հոգի իբրեւ ստրուկ ծախուեցան։ Աղեքսանդր եւ իր յաջորդները նոյն կերպով վարուեցան Փղշտացիներուն հետ։ Իսկ Հ.Դ.Ա. չորրորդ դարուն, Եդովմ արդէն ամայացած էր։ (Մաղաքիա 1։3) Այս կատարուած մարգարէութիւնները կը զօրացնեն մեր հաւատքը Եհովայի հանդէպ որպէս իր խոստումները Կատարող։ Անոնք նաեւ ցոյց կու տան թէ Եհովա ի՛նչպէս պիտի վարուի այն ազգերուն հետ, որոնք ներկայիս իր երկրպագուները կը հալածեն։

3։16-21. «Երկինք ու երկիր պիտի սարսին», եւ ազգերուն վրայ պիտի գործադրուին Եհովայի աննպաստ դատավճիռները։ «Բայց Տէրը իր ժողովուրդին ապաւէն . . . պիտի ըլլայ» եւ դրախտային պայմաններու ներքեւ անոնց կեանք պիտի շնորհէ։ Պէտք չէ՞ հաստատօրէն վճռենք իրեն մօտիկ մնալ, մինչ ամբարիշտ աշխարհին վրայ դատաստան ի գործ դնելու իր օրը կը մօտենայ։

«ՔՈՒ ԱՍՏՈՒԱԾԴ ԴԻՄԱՒՈՐԵԼՈՒ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԷ»

(Ամովս 1։1–9։15)

Ամովս պատգամ մը ունի Իսրայէլի շրջակայ թշնամի ազգերուն եւ Յուդայի ու Իսրայէլի համար։ Կործանում վերապահուած է՝ Սուրիոյ, Փղշտիայի, Տիւրոսի, Եդովմի եւ Մովաբի, քանի որ Աստուծոյ ժողովուրդին հետ անգթօրէն վարուեցան։ Յուդայի բնակիչներն ալ պիտի պատժուին, քանի որ «Տէրոջը օրէնքը անարգեցին»։ (Ամովս 2։4) Իսկ ինչ կը վերաբերի Իսրայէլի տասը–ցեղեան թագաւորութեան, անոր մեղքերը կը պարփակեն՝ անբարոյութիւն, ագահութենէ մղուած՝ աղքատները կեղեքել, եւ Աստուծոյ մարգարէներուն հետ անյարգալից կերպով վարուիլ։ Ամովս կ’ազդարարէ թէ Եհովա ‘Բեթէլի սեղանները պիտի պատժէ’ եւ ‘ձմեռնային տունն ու ամառնային տունը պիտի կործանէ’։—Ամովս 3։14, 15

Հակառակ տրուած զանազան պատիժներուն, կռապաշտ Իսրայելացիները պնդագլուխ կը մնան։ Ամովս անոնց կ’ըսէ. «Քու Աստուածդ դիմաւորելու պատրաստուէ, ո՛վ Իսրայէլ»։ (Ամովս 4։12) Իսրայելացիներուն համար, Եհովայի օրը պիտի նշանակէ թէ անոնք ‘Դամասկոսէն անդին գերի պիտի քշուին’, այսինքն՝ դէպի Ասորեստան։ (Ամովս 5։27) Ամովս Բեթէլի մէկ քուրմին կողմէ հակառակութիւն կը դիմագրաւէ, բայց անվեհեր կը մնայ։ Եհովա Ամովսի կ’ըսէ. «Իմ ժողովուրդիս՝ Իսրայէլի՝ վախճանը հասած է։ Ա՛լ անոնց անօրէնութիւնը անտես պիտի չընեմ»։ (Ամովս 8։2) Ո՛չ Շէօլը, ո՛չ ալ բարձր լեռները կրնան զանոնք Աստուծոյ դատաստաններէն պաշտպանել։ (Ամովս 9։2, 3) Այսուհանդերձ վերահաստատման խոստում մը կայ։ Եհովա կ’ըսէ. «Իմ ժողովուրդս՝ Իսրայէլը՝ գերութենէ պիտի դարձնեմ։ Անոնք աւերուած քաղաքները պիտի շէնցնեն ու անոնց մէջ բնակին եւ այգիներ պիտի տնկեն ու անոնց գինին խմեն եւ պարտէզներ պիտի շինեն ու անոնց պտուղները պիտի ուտեն»։—Ամովս 9։14

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

4։1—«Բասանի կովեր» արտայայտութիւնը որո՞նց կ’ակնարկէ։ Բասանի բարձրաւանդակը, որ Գալիլիոյ ծովուն արեւելեան կողմը կը գտնուի, ընտիր անասուններու տեսակներով համբաւաւոր էր, ի ներառեալ՝ կովերը։ Ասոր նպաստեցին շրջանին բերրի արօտավայրերը։ Ամովս Սամարիոյ պերճասէր կիները նմանցուց Բասանի կովերուն։ Անկասկած այս կիները հարստանալու իրենց ախորժակը սրելու համար, ‘իրենց տէրերուն’ կամ ամուսիններուն վրայ ճնշում կը բանեցնէին որ աղքատներուն զրկանք ընեն։

4։6—«Ակռայի մաքրութիւն» արտայայտութեամբ ի՞նչ ըսել կ’ուզուի։ «Հացի կարօտութիւն» արտայայտութեան հետ գործածուելով, անիկա կրնայ ակնարկել սովի ժամանակի մը, երբ ակռաները մաքուր կը մնան՝ ուտելիք չըլլալուն պատճառով։

5։5—Իսրայէլ ի՞նչ կերպով ‘Բեթէլը պէտք չէր փնտռէր’։ Յերոբովամ Բեթէլի մէջ հորթի պաշտամունքը հաստատած էր։ Անկէ ի վեր, այս քաղաքը սուտ պաշտամունքի կեդրոն եղած էր։ Գաղգաղան եւ Բերսաբէէն ալ հաւատուրաց պաշտամունքի կեդրոններ դարձած ըլլալու էին։ Նախագուշակուած աղէտէն ազատուելու համար, Իսրայէլ այլեւս կրօնական նպատակով պէտք չէր այցելէր այդ վայրերը, եւ պէտք էր սկսէր Եհովան փնտռել։

7։1—«Թագաւորին հունձք»ը ի՞նչ բանի կ’ակնարկէ։ Հաւանաբար անիկա կ’ակնարկէ թագաւորին պարտադրած տուրքին, իր ձիաւորներուն եւ անասուններուն պէտքերը հոգալու համար։ Այս տուրքը «վերջին խոտին բուսնելուն սկիզբը» պէտք էր վճարուէր։ Անկէ ետք, ժողովուրդը կրնար իր բերքը հաւաքել։ Սակայն ասիկա ընելէ առաջ, մարախները սպառեցին անոնց հունձքը եւ այլ բոյսեր։

8։1, 2—«Կողով մը ամառնային պտուղ»ը ի՞նչ նշանակութիւն ունէր։ Անիկա կը նշանակէր թէ Եհովայի օրը մօտ էր։ Ամառնային պտուղը կը հաւաքուէր հունձքի եղանակին վերջաւորութեան, այսինքն՝ հողագործական տարուան վերջաւորութեան։ Երբ Եհովա «կողով մը ամառնային պտուղ» ցոյց տուաւ Ամովսի, անիկա կը նշանակէր թէ Իսրայէլի վախճանը մօտալուտ էր։ Հետեւաբար Աստուած Ամովսի ըսաւ. «Իմ ժողովուրդիս՝ Իսրայէլի՝ վախճանը հասած է։ Ա՛լ անոնց անօրէնութիւնը անտես պիտի չընեմ»։

Դասեր՝ մեզի համար.

1։3, 6, 9, 11, 13. 2։1, 4, 6. Իսրայէլի, Յուդայի եւ շրջակայ վեց ազգերուն հանդէպ իր բարկութեան ի տես, Եհովա ըսաւ. «[Անոնց] պատիժը պիտի չջնջեմ»։ Եհովայի դատաստանները անխուսափելի են։—Ամովս 9։2-5

2։12. Ծանր աշխատող ռահվիրաները, ճամբորդող տեսուչները, միսիոնարները կամ Պէթէլի ընտանիքին անդամները պէտք չէ վհատեցնենք, զիրենք յորդորելով որ լիաժամ ծառայութենէն հրաժարին ու այդպէս կոչուած բնական կեանք մը վարեն։ Ընդհակառակը, զանոնք պէտք է քաջալերենք որ իրենց բարի աշխատանքը շարունակեն։

3։8. Ինչպէս մէկը առիւծին մռնչիւնը լսելով կը վախնայ, Ամովս մղուեցաւ քարոզելու, երբ լսեց Եհովայի խօսքը. «Գնա՛, իմ ժողովուրդիս՝ Իսրայէլին՝ մարգարէութիւն ըրէ՛»։ (Ամովս 7։15) Աստուածավախութիւնը պէտք է մղէ մեզ որ Թագաւորութեան պատգամը նախանձախնդրաբար քարոզենք։

3։13-15. 5։11. Եհովայի օգնութեամբ, աննշան խաշնարած Ամովս կրցաւ հարուստ եւ ինքնագոհ մարդոց ‘վկայել’։ Եհովա նոյնպէս կրնայ մեզ զինել որ Թագաւորութեան պատգամը յայտարարենք, թաղամասը ո՛րքան ալ դժուար ըլլայ։

4։6-11. 5։4, 6, 14. Թէեւ Իսրայելացիները կրկին անգամ ‘չվերադարձան’ Եհովայի, բայց անոնց յորդոր տրուեցաւ որ ‘Տէրը փնտռեն, որպէսզի ապրին’։ Այնքան ատեն որ Եհովա համբերութեամբ թոյլ կու տայ որ իրերու այս ամբարիշտ դրութիւնը գոյատեւէ, մարդիկը պէտք է յորդորենք որ Աստուծոյ վերադառնան։

5։18, 19. ‘Տէրոջ օրուան ցանկալը’ առանց անոր համար իսկապէս պատրաստ ըլլալու, անմտութիւն է։ Այդպէս վարուող անհատը մէկու մը պէս կ’ըլլայ, որ առիւծին առջեւէն կը փախչի եւ արջ մը անոր կը հանդիպի, ապա արջէն կը փախչի եւ օձ մը զինք կը խածնէ։ Խոհեմութիւն է որ հոգեւորապէս ‘արթուն կենանք’ եւ պատրաստ վիճակի մէջ մնանք։—Ղուկաս 21։36

7։12-17. Աստուծոյ պատգամը յայտարարելու մէջ անվախ ու յանդուգն պէտք է ըլլանք։

9։7-10. Հաւատարիմ նահապետներուն եւ որպէս Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդ Եգիպտոսէ ազատագրուածներուն սերունդը ըլլալով հանդերձ, անհաւատարիմ Իսրայելացիները Աստուծոյ առջեւ անընդունելի կեցուածք մը ունեցան, Եթովպիացիներուն պէս։ Անաչառ Աստուծոյ առջեւ ընդունելի կեցուածք մը ձեռք ձգելու համար, մեր նախահայրերուն ո՛վ ըլլալը կարեւորութիւն չունի, այլ՝ պէտք է ‘իրմէ վախնանք ու արդարութիւն գործենք’։—Գործք 10։34, 35

Ի՛նչ պէտք է ընենք

Սատանայի աշխարհին վրայ աստուածային դատաստան գործադրելու օրը մօտ է։ Աստուած իր հոգին թափած է իր երկրպագուներուն վրայ, զանոնք զինելով որ իր մօտալուտ օրուան նկատմամբ մարդիկը ազդարարեն։ Պէտք չէ՞ լիովին օգնենք ուրիշներուն որ Եհովան ճանչնան ու ‘իր անունը կանչեն’։—Յովէլ 2։31, 32

Ամովս կը յորդորէ. «Չարութիւնը ատեցէ՛ք ու բարութիւնը սիրեցէ՛ք եւ դրանը մէջ իրաւունքը հաստատեցէ՛ք»։ (Ամովս 5։15) Մինչ Եհովայի օրը կը մօտենայ, խոհեմութիւն է որ Աստուծոյ մօտենանք եւ մենք մեզ չար աշխարհէն եւ անոր նուաստացուցիչ ընկերակցութիւններէն անջատ պահենք։ Այդ նպատակով, Յովէլի եւ Ամովսի գիրքերէն ի՜նչ ժամանակայարմար կէտեր կրնանք սորվիլ։—Եբրայեցիս 4։12

[Նկար՝ էջ 16]

Յովէլ մարգարէացաւ. «Տէրոջը օրը մօտ է»

[Նկարներ՝ էջ 19]

Ամովսի նման, քաջաբար ու յանդգնօրէն Աստուծոյ պատգամը պէտք է յայտարարենք