Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ազատում՝ թռչնորսին որոգայթներէն

Ազատում՝ թռչնորսին որոգայթներէն

Ազատում՝ թռչնորսին որոգայթներէն

«Արդարեւ [Եհովա] քեզ պիտի ազատէ թռչնորսին վարմէն»։—ՍԱՂՄՈՍ 91։3, ԱՎ

1. Ո՞վ է «թռչնորս»ը եւ ինչո՞ւ վտանգաւոր է։

ԲՈԼՈՐ ճշմարիտ Քրիստոնեաները գերմարդկային ուշիմութիւն ու հնարամտութիւն ունեցող գիշատող մը կը դիմագրաւեն։ Սաղմոս 91։3–ի մէջ անոր ակնարկուած է որպէս «թռչնորս»ը։ Ո՞վ է այս թշնամին։ Այս պարբերաթերթը իր 1 Յունիս 1883 թուակիր համարէն ի վեր նշած է թէ ան Բանսարկուն է։ Այս ահաւոր ոսոխը խորամանկօրէն կը ջանայ Եհովայի ծառաները մոլորեցնել ու ծուղակ ձգել, ինչպէս որ թռչնորսը կը փորձէ թռչուն մը բռնել։

2. Սատանան ինչո՞ւ թռչնորսի մը նմանցուած է։

2 Վաղեմի ժամանակներուն, մարդիկ թռչուններ կը բռնէին անոնց գեղգեղումին, գոյնզգոյն փետուրներուն եւ միսին համար, ինչպէս նաեւ իբրեւ զոհ մատուցանելու համար։ Սակայն թռչունները բնազդաբար զգոյշ են, եւ զանոնք թակարդ ձգելը դժուար է։ Հետեւաբար, Աստուածաշունչի ժամանակներուն, թռչնորսը որոշելէ յետոյ թէ ո՛ր թռչունները պիտի բռնէր, ուշադրութեամբ կ’ուսումնասիրէր անոնց առանձնայատկութիւններն ու սովորութիւնները, ապա զանոնք ծուղակ ձգելու խորամանկ մեթոտներ կը հնարէր։ Սատանան թռչնորսի մը նմանցնելով, Աստուածաշունչը մեզի կ’օգնէ անոր մեթոտները հասկնալու։ Բանսարկուն իւրաքանչիւրս կ’ուսումնասիրէ։ Ան կը նկատէ մեր սովորութիւններն ու առանձնայատկութիւնները, եւ թաքցուած թակարդներ կը լարէ, ջանալով մեզ բռնել։ (Բ. Տիմոթէոս 2։26) Անոր թակարդին մէջ իյնալը պիտի նշանակէ մեր հոգեւոր կործանումը եւ կրնայ մեր վերջնական բնաջնջման առաջնորդել։ Ուստի մենք մեզ պաշտպանելու համար, «թռչնորս»ին այլազան ծրագիրները պէտք է բնորոշենք։

3, 4. Սատանայի ռազմավարութիւնը ե՞րբ կը նմանի առիւծի եւ իժի մարտավարութեան։

3 Պատկերաւոր արտայայտութիւններ գործածելով, սաղմոսերգուն Սատանայի ռազմավարութիւնը նաեւ կը նմանցնէ առիւծի կամ իժի մարտավարութեան։ (Սաղմոս 91։13) Առիւծի պէս, Սատանան երբեմն բացայայտ եւ ուղղակի յարձակումներ կը գործէ, Եհովայի ժողովուրդին դէմ հալածանք կամ օրինական քայլեր հրահրելով։ (Սաղմոս 94։20) Այսպիսի առիւծանման յարձակումներով, ոմանք կրնան սայթաքիլ։ Սակայն յաճախ այս բացայայտ յարձակումները հակառակ արդիւնք կու տան եւ Աստուծոյ ժողովուրդին միութեան կը նպաստեն։ Ի՞նչ ըսենք Սատանայի աւելի խորամանկ՝ իժակերպ յարձակումներուն մասին։

4 Բանսարկուն իր գերմարդկային ուշիմութիւնը կը գործածէ՝ պահուըտած թունաւոր օձի մը պէս, նենգ ու մահացու հարուածներ տալու համար։ Այս կերպով, ան կրցած է Աստուծոյ ծառաներէն ոմանց մտքերը թունաւորել, զիրենք խաբելով որ ի՛ր կամքը ընեն քան՝ Եհովայի կամքը, ողբերգական հետեւանքներ ունենալով։ Բարեբախտաբար, Սատանայի դիտաւորութիւնները գիտենք։ (Բ. Կորնթացիս 2։11) Այժմ քննարկենք չորս մահաբեր որոգայթներ, զորս «թռչնորս»ը կը գործածէ։

Մարդու վախ

5. ‘Մարդու վախը’ ինչո՞ւ շատ ազդու որոգայթ մըն է։

5 «Թռչնորս»ը կը հասկնայ ընդունելի ըլլալու եւ ուրիշներու հաճութիւնը ունենալու մարդկային բնական փափաքը։ Քրիստոնեաները իրենց շուրջիններուն մտածումներուն եւ զգացումներուն նկատմամբ անտարբեր չեն։ Ասոր գիտակցելով, Բանսարկուն կը շահագործէ անոնց մտահոգութիւնը թէ մարդիկ իրենց մասին ի՛նչ կը խորհին։ Օրինակ, ան Աստուծոյ ծառաներէն ոմանք կը սայթաքեցնէ՝ ‘մարդու վախը’ իբր որոգայթ գործածելով։ (Առակաց 29։25) Աստուծոյ ծառաները «թռչնորս»ին կողմէ թակարդի մէջ ինկած կ’ըլլան, եթէ մարդէ վախնալով՝ ուրիշներու հետ ընեն ի՛նչ որ Եհովա կ’արգիլէ, կամ ետ կենան ընելէ ի՛նչ որ Աստուծոյ Խօսքը կը պատուիրէ որ ընեն։—Եզեկիէլ 33։8. Յակոբոս 4։17

6. Ո՞ր օրինակը ցոյց կու տայ թէ ի՛նչպէս պատանի մը կրնայ «թռչնորս»ին լարած որոգայթին մէջ իյնալ։

6 Օրինակ, պատանի մը կրնայ դպրոցակիցներու ճնշումին տեղի տալ ու ծխախոտ մը ծխել։ Այդ օրը երբ ան դէպի դպրոց կ’ուղղուէր, թերեւս ծխելը իր մտքին ծայրէն իսկ չէր անցներ։ Բայց ահաւասիկ ան կ’ընէ ի՛նչ որ իր առողջութեան կը վնասէ եւ Աստուած կը տհաճեցնէ։ (Բ. Կորնթացիս 7։1) Ան ի՞նչպէս հրապուրուեցաւ։ Հաւանաբար ան սխալ տեսակի տարեկիցներու հետ ընկերակցեցաւ եւ վախցաւ որ անոնց տհաճութիւնը իր վրայ հրաւիրէ։ Ո՛վ պատանիներ, թոյլ մի՛ տաք որ ‘թռչնորսը’ ձեզ հրապուրէ եւ ծուղակ ձգէ։ Չբռնուելու համար, զգուշացէք նոյնիսկ չնչին համակերպումներ ընելէ։ Չար ընկերակցութիւնը մերժելու Աստուածաշունչի ազդարարութեան անսացէք։—Ա. Կորնթացիս 15։33

7. Սատանան ի՞նչպէս կրնայ պատճառ ըլլալ որ կարգ մը ծնողներ իրենց հոգեւոր հաւասարակշռութիւնը կորսնցնեն։

7 Խղճամիտ Քրիստոնեայ ծնողներ իրենց ընտանիքը նիւթապէս հոգալու աստուածաշնչական պատասխանատուութիւնը լուրջի կ’առնեն։ (Ա. Տիմոթէոս 5։8) Սակայն Սատանայի նպատակն է՝ Քրիստոնեաները մղել որ այս առնչութեամբ իրենց հաւասարակշռութիւնը կորսնցնեն։ Թերեւս անոնք յաճախ ժողովներէն կը բացակային, քանի որ գործատիրոջ ճնշումին տեղի տալով՝ յաւելեալ ժամեր կ’աշխատին։ Անոնք թերեւս կը վախնան արձակուրդ խնդրել, որպէսզի կարենան նահանգային համաժողովի բոլոր նիստերուն ներկայ գտնուիլ ու իրենց եղբայրներուն հետ Եհովան պաշտել։ Այս որոգայթէն պաշտպանուելու համար, հարկ է ‘Տէրոջ ապաւինիլ’։ (Առակաց 3։5, 6) Ասկէ զատ, մեր հաւասարակշռութիւնը կը պահենք՝ մտաբերելով թէ բոլորս ալ Եհովայի ընտանիքին անդամներն ենք եւ ինքզինք պարտաւորած է մեզ հոգալու։ Ո՛վ ծնողներ, հաւատք ունի՞ք թէ Եհովա կերպով մը հոգ պիտի տանի ձեզի եւ ձեր ընտանիքին, եթէ իր կամքը կատարէք։ Կամ, մարդու վախին պատճառաւ, Բանսարկուն ձեզ պիտի բռնէ ու ստիպէ՞ որ իր կամքը կատարէք։ Կ’աղերսենք որ այս հարցումները ջերմեռանդ աղօթքով նկատի առնէք։

Նիւթապաշտութեան որոգայթը

8. Սատանան ի՞նչ կերպով նիւթապաշտութեան խանձը կը գործածէ։

8 Սատանան նաեւ կը գործածէ նիւթապաշտութեան խայծը, մեզ թակարդ ձգելու համար։ Այս աշխարհի առեւտրական դրութիւնը յաճախ կը յառաջացնէ՝ արագօրէն հարստանալու ծրագիրներ, որոնք կրնան նոյնիսկ Աստուծոյ ծառաներէն ոմանք խաբել։ Երբեմն ոմանց կ’ըսուի. «Ծանր աշխատէ։ Երբ լաւ դիրքի մը տիրանաս, կրնաս հանգիստ ընթանալ ու կեանքը վայելել, նոյնիսկ ռահվիրայութիւն ընել»։ Ասիկա անոնց անհաւասարակշիռ մտածումն է, որոնք քրիստոնէական ժողովքին մէջ իրենց ընկերակիցները նիւթապէս կը շահագործեն։ Այդ դրդապատճառին մասին խորապէս խորհրդածէ։ Անիկա Յիսուսի առակին մէջի «անմիտ» հարուստին մտածումը չ’ա՞րտացոլացներ։—Ղուկաս 12։16-21

9. Ինչո՞ւ կարելի է որ Քրիստոնեաներէն ոմանք բաներ ցանկալով թակարդի մէջ իյնան։

9 Սատանան իր ամբարիշտ դրութիւնը այնպէս մը կը ղեկավարէ որ մարդիկը մղէ բաներ ցանկալու։ Այդ ցանկութիւնը ի վերջոյ կրնայ Քրիստոնեային կեանքէն ներս թափանցել, խօսքը խեղդելով եւ «անպտուղ» դարձնելով։ (Մարկոս 4։19) Աստուածաշունչը մեզ կը քաջալերէ որ կերակուր ու հագնելիք ունենալով՝ բաւարարուինք անոնցմով։ (Ա. Տիմոթէոս 6։8) Սակայն շատեր այդ խրատը չկիրարկելով՝ «թռչնորս»ին լարած թակարդին մէջ կ’իյնան։ Արդեօք հպարտութի՞ւնը պատճառ կ’ըլլայ որ անոնք խորհին թէ որոշ կենցաղակերպի մը պէտք է կառչին։ Իսկ ի՞նչ կրնայ ըսուիլ մեր մասին։ Ստացուածքներ ունենալու մեր ցանկութիւնը պատճառ կ’ըլլա՞յ որ ճշմարիտ պաշտամունքին շահերը երկրորդական տեղը դնենք։ (Անգէ 1։2-8) Դժբախտաբար, տնտեսական դժուար ժամանակներուն, ոմանք իրենց հոգեւորութիւնը զոհած են, իրենց սովորական կենսամակարդակը պահպանելու համար։ Այս նիւթապաշտական կեցուածքը «թռչնորս»ին հաճելի է։

Վնասակար ժամանցի որոգայթը

10. Իւրաքանչիւր Քրիստոնեայ ի՞նչ բանի նկատմամբ ինքնաքննութիւն մը պէտք է ընէ։

10 «Թռչնորս»ին ուրիշ մէկ ռազմավարութիւնն է՝ շիտակի ու սխալի նկատմամբ մարդոց բնական ըմբռնումը խեղաթիւրել։ Սոդոմի ու Գոմորի մէջ եղած մտայնութիւնը ընդհանուր առմամբ կը տիրապետէ ներկայ ժամանցի ճարտարարուեստին վրայ։ Նոյնիսկ հեռատեսիլի ու պարբերաթերթերու հաղորդած լուրերը բռնութիւնը ցցուն կ’ընեն եւ սեռի հանդէպ սուր հետաքրքրութիւն կ’արթնցնեն։ Լրատուամիջոցներու ներկայացուցած ժամանցին մեծ մասը՝ «բարին ու չարը զանազանել»ու մարդոց կարողութիւնը կը բթացնէ։ (Եբրայեցիս 5։14) Սակայն մտաբերէ Եսայի մարգարէին միջոցաւ Եհովայի խօսքը. «Վա՜յ անոնց, որոնք չարին բարի կ’ըսեն ու բարիին՝ չար»։ (Եսայի 5։20) Արդեօք «թռչնորս»ը այս վնասակար ժամանցով նենգօրէն մտածումիդ ազդա՞ծ է։ Ինքնաքննութիւն մը կատարելը կենսական է։—Բ. Կորնթացիս 13։5

11. Այս պարբերաթերթը ի՞նչպէս զգուշացուց հեռատեսիլի ֆիլմաշարներէ։

11 Գրեթէ քառորդ դար առաջ, Դիտարան–ը հաւատքի ընտանիքէն եղողները սիրալիրօրէն զգուշացուց հեռատեսիլի ֆիլմաշարներէ։ * Ժողովրդական ֆիլմաշարներու խորամանկ ազդեցութեան մասին՝ հետեւեալը ըսուեցաւ. «Սիրոյ փնտռտուքը կը գործածուի որեւէ վարք արդարացնելու համար։ Օրինակ, ամուրի բայց յղի պատանուհի մը իր բարեկամուհիին կ’ըսէ. ‘Բայց ես կը սիրեմ Վիքթորը։ Վերջին հոգս է։ . . . Անկէ երախայ մը ունենալը՝ ինծի համար աշխարհը կ’արժէ’։ Ֆիլմին ընկերակցող մեղմ երաժշտութիւնը դժուար կը դարձնէ անոր ընթացքը բոլորովին գէշ նկատել։ Դիտողն ալ կը հաւնի Վիքթորը, ուստի աղջկան կը կարեկցի ու պարագան ‘կը հասկնայ’։ Կին մը որ հետագային զգաստացաւ, նշեց. ‘Զարմանալի է որ ի՛նչպէս կրնաս մտածումդ արդարացնել։ Գիտենք թէ անբարոյութիւնը գէշ բան մըն է։ . . . Բայց անդրադարձայ թէ մտքով անոր կը մասնակցէի’»։

12. Ո՞ր իրողութիւնները ցոյց կու տան թէ տակաւին տեղին է զգուշանալ հեռատեսիլի կարգ մը յայտագիրներէ։

12 Այս յօդուածները հրատարակուելէն ի վեր, սիրտ ապականող յայտագիրները հետզհետէ աւելի մատչելի դարձած են։ Շատ մը վայրերու մէջ, այսպիսի յայտագիրներ օրը 24 ժամ կը սփռուին։ Տղամարդիկ, կիներ ու բազմաթիւ դեռատիներ յաճախ իրենց միտքն ու սիրտը այսպիսի ժամանցով կը սնուցանեն։ Սակայն սխալ մտածումով մենք մեզ պէտք չէ մոլորեցնենք։ Շիտակ չէ պատճառաբանել թէ նուաստացած ժամանցը նուազ վատ է քան՝ ի՛նչ որ կը տեսնուի իրական աշխարհին մէջ։ Քրիստոնեայ մը իսկապէս կրնա՞յ ինքզինք արդարացնել, եթէ ընտրէ ժամանակ անցընել այնպիսի անհատներու հետ, զորս իր տունը հրաւիրելու գաղափարն անգամ իր մտքէն չ’անցնիր։

13, 14. Ոմանք ի՞նչպէս հեռատեսիլի նկատմամբ տրուած զգուշացումներէն օգտուեցան։

13 Շատեր օգտուեցան երբ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին տուած զգուշացումը լուրջի առին։ (Մատթէոս 24։45-47) Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած եւ ուղղակի խրատները կարդալէ յետոյ, ոմանք նամակով պատմեցին թէ յօդուածները ի՛նչպէս իրենց ազդեցին։ * Կին մը խոստովանեցաւ. «Շուրջ 13 տարի ֆիլմաշարներու մոլի էի։ Կը խորհէի թէ ապահով էի՝ պարզապէս քրիստոնէական ժողովներուն յաճախելով եւ դաշտի ծառայութեան որոշ չափով մասնակցելով։ Բայց որդեգրեցի ֆիլմաշարներու աշխարհային կեցուածքը,– եթէ ամուսինդ քեզի հետ գէշ կերպով վարուի կամ եթէ սիրուած չզգաս, շնութիւն գործելը արդարացի է, մեղադրելին՝ ամուսինը ըլլալով։ Հետեւաբար, օրին մէկը ‘արդարացի’ ըլլալու զգացումով այս վատ ընթացքին հետեւեցայ ու մեղանչեցի Եհովայի եւ կողակիցիս դէմ»։ Այս կինը վտարուեցաւ։ Ժամանակի ընթացքին, ան զգաստացաւ, զղջաց եւ վերահաստատուեցաւ։ Հեռատեսիլի ֆիլմաշարներէ զգուշացնող յօդուածները զինք զօրացուցին որ մերժէ այն ժամանցը, որ կը բովանդակէ Եհովայի ատած բաները։—Ամովս 5։14, 15

14 Ուրիշ ընթերցող մը, որուն կեանքը ազդուած էր, ըսաւ. «Յօդուածները կարդալով լացի, քանի որ անդրադարձայ թէ այլեւս սիրտս Եհովայի հանդէպ կատարեալ չէր։ Աստուծոյս խոստացայ որ այլեւս ֆիլմաշարներուն ստրուկ պիտի չըլլամ»։ Յօդուածները գնահատելէ յետոյ, Քրիստոնեայ կին մը իր մոլութեան առնչութեամբ ըսաւ. «Հարց տուի . . . թէ Եհովայի հետ յարաբերութիւնս ի՛նչպէս կրնար ազդուիլ։ Միաժամանակ կրնայի՞ այս ‘հերոսները’ բարեկամներս նկատել եւ Եհովայի բարեկամը ըլլալ»։ Եթէ 25 տարի առաջ այսպիսի ֆիլմաշարներ սրտեր ապականեցին, ներկայիս ի՞նչ ազդեցութիւն ունին։ (Բ. Տիմոթէոս 3։13) Պէտք է զգուշանանք Սատանայի որոգայթէն՝ վնասակար ժամանցի բոլոր տեսակներէն,– հեռատեսիլի ֆիլմաշարներ, տեսաերիզի վայրագ խաղեր եւ անբարոյ երաժշտական տեսաերիզներ։

Տարակարծութեան որոգայթը

15. Ոմանք ի՞նչպէս Բանսարկուին կողմէ կը բռնուին։

15 Սատանան տարակարծութիւնները իբրեւ որոգայթ կը գործածէ՝ Եհովայի ժողովուրդին մէջ բաժանումներ յառաջացնելու համար։ Կրնանք այս թակարդին մէջ իյնալ՝ ի՛նչ որ ալ ըլլան ծառայութեան մեր առանձնաշնորհումները։ Ոմանք Բանսարկուին կողմէ կը բռնուին, քանի որ տարակարծութիւններուն թոյլ կու տան որ քայքայեն Եհովայի մէջտեղ բերած խաղաղութիւնը, միութիւնը եւ հոգեւոր բարգաւաճութիւնը։—Սաղմոս 133։1-3

16. Սատանան ի՞նչպէս խորամանկօրէն կը ջանայ մեր միութիւնը քայքայել։

16 Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին, Սատանան ուղղակի յարձակում գործելով փորձեց Եհովայի կազմակերպութեան երկրային մասը կործանել, բայց չյաջողեցաւ։ (Յայտնութիւն 11։7-13) Անկէ ի վեր, ան խորամանկօրէն կը ջանայ մեր միութիւնը քայքայել։ Երբ թոյլատրենք որ տարակարծութիւնները անմիաբանութիւն յառաջացնեն, «թռչնորս»ին կռուան կամ մեկնակէտ տուած կ’ըլլանք, ինչ որ կրնայ մեր անձնական կեանքէն ու ժողովքէն ներս սուրբ հոգիին ազատ հոսքը խոչընդոտել։ Ասիկա Սատանան կ’ուրախացնէ, քանի որ ժողովքի խաղաղութեան ու միութեան խախտումը կը խանգարէ քարոզչութիւնը։—Եփեսացիս 4։27, 30-32

17. Տարակարծիք եղողներուն ի՞նչ բան կրնայ օգնել համակարծիք ըլլալու։

17 Ի՞նչ կրնաս ընել եթէ դուն եւ Քրիստոնեայ հաւատակից մը համակարծիք չէք։ Ճիշդ է որ իւրաքանչիւր պարագայ եզական է, բայց տարակարծութիւնը չլուծելու ո՛չ մէկ պատճառ կայ, թէեւ խնդիրները շատ մը պատճառներով կը ծագին։ (Մատթէոս 5։23, 24. 18։15-17) Աստուծոյ Խօսքին բովանդակած խրատը ներշնչուած ու կատարեալ է։ Երբ Աստուածաշունչի սկզբունքները կիրարկուին, անոնք երբեք չեն ձախողիր, այլ միշտ լաւ արդիւնք կու տան։

18. Եհովան ընդօրինակելը ի՞նչպէս մեզի կ’օգնէ տարակարծութիւն մը լուծելու։

18 Եհովա իսկապէս «ներող» է։ (Սաղմոս 86։5. 130։4) Զինք ընդօրինակելով՝ կ’ապացուցանենք թէ իր սիրելի զաւակներն ենք։ (Եփեսացիս 5։1) Բոլորս ալ մեղաւորներ ենք եւ Եհովայի ներումին մեծապէս կարիք ունինք։ Ուստի ուրիշի մը չներելու հակումէն պէտք է զգուշանանք։ Կրնանք Յիսուսի առակին մէջի ծառային նմանիլ, որ մերժեց ներել իր ծառայակիցին պարտքը որ շա՜տ չնչին էր, բաղդատած՝ իր տիրոջ կողմէ իրեն ներուած պարտքին հետ։ Պատահածը իմանալով՝ տէրը չներող ծառան բանտը նետել տուաւ։ Յիսուս առակը եզրափակեց՝ ըսելով. «Այսպէս իմ երկնաւոր Հայրս պիտի ընէ ձեզի եթէ ձեր սրտերէն չներէք ամէն մէկդ իր եղբօրը յանցանքները»։ (Մատթէոս 18։21-35) Այս առակին մասին խոկալը եւ մտաբերելը թէ Եհովա շատ անգամ մեզի ներած է, վստահաբար պիտի օգնէ մեզի, երբ կը ջանանք տարակարծութիւն մը լուծել։—Սաղմոս 19։14

Ապահով՝ «Բարձրելոյն ծածկոցին տակ»

19, 20. Այս վտանգաւոր ժամանակներուն, Եհովայի «ծածկոց»ը եւ «հովանաւորութիւնը» ի՞նչպէս պէտք է նկատենք։

19 Վտանգաւոր ժամանակներու մէջ կ’ապրինք։ Սատանան վստահաբար մեզ բնաջնջած պիտի ըլլար, եթէ Եհովայի սիրալիր պաշտպանութիւնը չունենայինք։ Հետեւաբար, «թռչնորս»ին կողմէ բռնուելէ խուսափելու համար, պաշտպանութեան այլաբանական վայրին մէջ պէտք է մնանք, ‘Բարձրելոյն ծածկոցին տակ բնակելով’ եւ ‘Ամենակարողին հովանաւորութեանը տակ հանգչելով’։—Սաղմոս 91։1

20 Թող միշտ Եհովայի յիշեցումները եւ ուղղութիւնները պաշտպանիչ նկատենք, եւ ո՛չ թէ կաշկանդիչ։ Բոլորս ալ գերմարդկային ուշիմութիւն ունեցող գիշատող մը կը դիմագրաւենք։ Առանց Եհովայի սիրառատ օգնութեան, ո՛չ ոք պիտի կարենայ թակարդի մէջ չիյնալ։ (Սաղմոս 124։7, 8) Ուստի աղօթենք որ Եհովա մեզ ազատէ «թռչնորս»ին որոգայթներէն։—Մատթէոս 6։13

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 11 Դիտարան 1 Դեկտեմբեր 1982, էջ 3-7 (Անգլերէն)։

^ պարբ. 13 Դիտարան 1 Դեկտեմբեր 1983, էջ 23 (Անգլերէն)։

Կը յիշե՞ս

• ‘Մարդու վախը’ ինչո՞ւ մահաբեր որոգայթ մըն է։

• Բանսարկուն ի՞նչպէս նիւթապաշտութեան խայծը կը գործածէ։

• Սատանան ի՞նչպէս վնասակար ժամանցին միջոցաւ ոմանք թակարդ ձգած է։

• Բանսարկուն ի՞նչ որոգայթ կը գործածէ մեր միութիւնը քայքայելու համար։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]