Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Նաւումի, Ամբակումի եւ Սոփոնիայի գիրքերէն աչքառու կէտեր

Նաւումի, Ամբակումի եւ Սոփոնիայի գիրքերէն աչքառու կէտեր

Եհովայի խօսքը կենդանի է

Նաւումի, Ամբակումի եւ Սոփոնիայի գիրքերէն աչքառու կէտեր

ՈՐՊԷՍ աշխարհակալ ոյժ Ասորեստան արդէն կործանած է Իսրայէլի տասը–ցեղեան թագաւորութեան մայրաքաղաքը՝ Սամարիան։ Ասորեստան նաեւ շատոնց Յուդային սպառնալիք մը եղած է։ Յուդայի մէջ եղող Նաւում մարգարէն Ասորեստանի մայրաքաղաքին՝ Նինուէի առնչութեամբ ըսելիք մը ունի։ Աստուածաշունչի Նաւումի գիրքը, որ Հ.Դ.Ա. 632–էն առաջ գրուած է, այդ պատգամը կը բովանդակէ։

Յաջորդ աշխարհակալ ուժը պիտի ըլլայ Բաբելոնի Կայսրութիւնը, երբեմն Քաղդէացի թագաւորներու կողմէ իշխուած։ Ամբակումի գիրքը, որ թերեւս Հ.Դ.Ա. 628–ին ամբողջացաւ, կը նախագուշակէ թէ Եհովա ի՛նչպէս այդ աշխարհակալ ուժը պիտի գործածէ դատաստան գործադրելու համար, եւ թէ ի վերջոյ Բաբելոնին ի՛նչ պիտի պատահի։

Յուդայի մէջ եղող Սոփոնիա մարգարէն, Նաւումէ ու Ամբակումէ առաջ կը մարգարէանայ։ Հ.Դ.Ա. 607–ին Երուսաղէմի կործանումէն աւելի քան 40 տարի առաջ մարգարէանալով, ան Յուդայի համար թէ՛ դատապարտութեան եւ թէ յոյսի պատգամ կը յայտարարէ։ Աստուածաշունչի Սոփոնիայի գիրքը նաեւ կը բովանդակէ այլ ազգերու դէմ պատգամներ։

«ՎԱ՜Յ ԱՐԻՒՆՆԵՐՈՒ ՔԱՂԱՔԻՆ»

(Նաւում 1։1–3։19)

«Նինուէի պատգամը» Եհովա Աստուծմէ է, որ «երկայնամիտ է ու անոր զօրութիւնը մեծ է»։ Թէեւ Եհովա «նեղութեան օրը ամրութիւն» է իրեն ապաւինողներուն, բայց Նինուէ պիտի կործանի։—Նաւում 1։1, 3, 7

‘Տէրը Յակոբի վայելչութիւնը պիտի նորոգէ’։ Սակայն ‘պատառող առիւծի պէս’, Ասորեստան Աստուծոյ ժողովուրդը ահաբեկած է։ Եհովա Նինուէի ‘կառքերը պիտի այրէ ու ծուխի պիտի դարձնէ։ Սուրը պիտի ուտէ անոր առոյգ առիւծները’։ (Նաւում 2։2, 12, 13) «Վա՜յ արիւններու քաղաքին»՝ Նինուէի։ ‘Բոլոր անոնք որ անոր լուրը կը լսեն, անոր համար ծափ կը զարնեն’ ու կ’ուրախանան։—Նաւում 3։1, 19

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

1։9—Նինուէի ‘բնաջնջումը’ ի՞նչ պիտի նշանակէ Յուդայի համար։ Անիկա Ասորեստանի ձեռքէն մնայուն հանգստութիւն պիտի նշանակէ. «տագնապը երկրորդ անգամ պիտի չհասնի» (ԱՎ)։ Խօսելով որպէս թէ Նինուէ այլեւս գոյութիւն չունի, Նաւում կը գրէ. «Ահա լեռներուն վրայ աւետիս բերողին, խաղաղութիւն քարոզողին ոտքերը։ Տօներդ պահէ՛, ո՛վ Յուդա»։—Նաւում 1։15

2։6—«Գետերուն» ո՞ր «դռները» բացուեցան։ Այս դռները ակնարկեցին այն բացուածքին, զոր Տիգրիս գետի ջուրերը պատճառեցին Նինուէի պարիսպներուն մէջ։ Հ.Դ.Ա. 632–ին, երբ Բաբելոնացիներու եւ Մարերու միացեալ բանակները Նինուէի դէմ եկան, ինքզինք վտանգի տակ չզգաց։ Իր բարձր պարիսպներուն վստահելով, Նինուէ ինքզինք անառիկ քաղաք նկատեց։ Սակայն տեղատարափ անձրեւները պատճառ եղան որ Տիգրիս գետը յորդի։ Պատմաբան Դիոդորոսի համաձայն, ասիկա «թէ՛ քաղաքին մէկ մասը ողողեց եւ թէ պարիսպներուն մէկ մասը քանդեց»։ Այսպէս գետին դռները բացուեցան, եւ ինչպէս նախագուշակուած էր՝ Նինուէ արագօրէն գրաւուեցաւ, ինչպէս կրակը կը սպառէ չորցած յարդը։—Նաւում 1։8-10

3։4—Նինուէ ի՞նչպէս պոռնիկի մը պէս էր։ Նինուէ ազգերը խաբեց,– անոնց բարեկամութիւն եւ օգնութիւն խոստացաւ, բայց խորքին մէջ անոնց վրայ հարստահարութեան լուծը բերաւ։ Օրինակ, Ասորեստան Յուդայի Աքազ թագաւորին որոշ օգնութիւն մատուցանեց, Իսրայէլի եւ Սուրիոյ դաւադրութեան դէմ։ Սակայն ի վերջոյ, ‘Ասորեստանի թագաւորը Աքազի եկաւ ու զանիկա նեղեց’։—Բ. Մնացորդաց 28։20

Դասեր՝ մեզի համար.

1։2-6. Եհովայի վրէժ առնելը իր թշնամիներէն, որոնք կը մերժեն իրեն բացարձակ պաշտամունք մատուցանել, ցոյց կու տայ թէ իր երկրպագուներէն բացարձակ նուիրում կ’ակնկալէ։—Ելից 20։5

1։10. Հարիւրաւոր աշտարակներով օժտուած հսկայ պարիսպները, Նինուէի դէմ Եհովայի խօսքը կատարուելուն արգելք չհանդիսացան։ Եհովայի ժողովուրդին այժմու թշնամիները պիտի չկարենան Աստուծոյ աննպաստ դատավճիռներէն խուսափիլ։—Առակաց 2։22. Դանիէլ 2։44

‘ԱՐԴԱՐԸ ՊԻՏԻ ԱՊՐԻ’

(Ամբակում 1։1–3։19)

Ամբակումի գիրքին առաջին երկու գլուխները մարգարէին ու Եհովա Աստուծոյ միջեւ երկխօսութիւն մըն են։ Յուդայի մէջ տեղի ունեցող բաներուն ի տես վշտացած ըլլալով, Ամբակում Աստուծոյ կը հարցնէ. «Ինչո՞ւ անօրէնութիւնը կը ցուցնես եւ նեղութիւնը կ’երեւցնես»։ Առ ի պատասխան, Եհովա կ’ըսէ. «Ահա ես պիտի արթնցնեմ Քաղդէացիները, այն դառն ու արագընթաց ազգը»։ Մարգարէն զարմանք կը յայտնէ որ Աստուած «նենգաւորներ»ը պիտի գործածէ Յուդան պատժելու համար։ (Ամբակում 1։3, 6, 13) Ամբակումի երաշխիք կը տրուի թէ արդարը պիտի ապրի, իսկ թշնամին պատիժի պիտի ենթարկուի։ Ասկէ զատ, Ամբակում թշնամի Քաղդէացիներուն վրայ գալիք հինգ վայ կ’արձանագրէ։—Ամբակում 2։4

Ողորմութեան համար աղօթելով, Ամբակում ողբերգով կը նշէ Եհովայի ահարկու զօրութեան անցեալի ցուցադրութիւնները, ինչպէս՝ Կարմիր ծովուն, անապատին եւ Երիքովի մէջ։ Մարգարէն նաեւ կը նախագուշակէ՝ կործանարար բարկութեամբ Եհովայի կատարելիք յարձակումը Արմագեդոնին։ Աղօթքը կ’եզրափակուի սա խօսքերով. «Տէր Եհովան իմ զօրութիւնս է, որ իմ ոտքերս եղնիկի ոտքերուն պէս պիտի ընէ եւ զիս իմ բարձր տեղերուս վրայ պիտի պտըտցնէ»։—Ամբակում 3։1, 19

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

1։5, 6—Երուսաղէմի դէմ Քաղդէացիներուն գալը ինչո՞ւ անհաւատալի թուեցաւ Հրեաներուն։ Երբ Ամբակում սկսաւ մարգարէանալ, Յուդան արդէն Եգիպտոսի զօրաւոր ազդեցութեան ներքեւ եկած էր։ (Դ. Թագաւորաց 23։29, 30, 34) Թէեւ Բաբելոնացիները հետզհետէ կը զօրանային, բայց անոնց բանակը տակաւին Նեքաւով Փարաւոնը պարտութեան չէր մատնած։ (Երեմիա 46։2) Ասկէ զատ, Եհովայի տաճարը Երուսաղէմի մէջ էր, եւ այս վայրէն Դաւիթենական հարստութիւնը անընդհատ իշխած էր։ Այն ատենուան Հրեաներուն համար, անկարելի կը թուէր Աստուծոյ «գործ»ը,– Քաղդէացիներուն թոյլ տալ որ Երուսաղէմը կործանեն։ Սակայն, Ամբակումին խօսքերը ո՛րքան ալ անհաւատալի թուեցան, Բաբելոնացիներուն ձեռքով Երուսաղէմի կործանումին տեսիլքը ճշմարիտ ելաւ՝ Հ.Դ.Ա. 607–ին։—Ամբակում 2։3

2։5—Ո՞վ է այն «մարդը» որ «հանդարտ չի կենար» կամ իր նպատակակէտին պիտի չհասնի։ Բաբելոնացիները, որոնք իրենց զինուորական հմտութիւնները գործածելով ազգեր նուաճեցին, բաղադրեալ զօրաւոր «մարդ» մըն էին։ Յաղթութեան համը զինք գինովցուց։ Սակայն ան պիտի չկարենար բոլոր ազգերը իր քով հաւաքել, քանի որ Եհովա Մարերն ու Պարսիկները պիտի գործածէր զինք տապալելու համար։ Այժմու բաղադրեալ «մարդը» քաղաքական ուժերէ կազմուած է։ Ան ալ ինքնավստահութեամբ ու ինքնագովութեամբ գինովցած է եւ ծաւալելու անյագ ախորժակ ունի։ Բայց ան ‘բոլոր ազգերը իր քով հաւաքելու’ իր նպատակակէտին չի հասնիր։ Միայն Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մարդկութիւնը պիտի միացնէ։—Մատթէոս 6։9, 10

Դասեր՝ մեզի համար.

1։1-4. 1։12–2։1. Ամբակում անկեղծ հարցումներ ուղղեց, եւ Եհովա անոր պատասխանեց։ Ճշմարիտ Աստուածը իր հաւատարիմ ծառաներուն աղօթքները մտիկ կ’ընէ։

2։1. Ամբակումի նման, հոգեւորապէս արթուն ու գործունեայ պէտք է մնանք։ Նաեւ պէտք է պատրաստ ըլլանք մեր մտածելակերպը ճշդելու, մեր ստացած «յանդիմանութեան» կամ սրբագրութեան համաձայն։

2։3. 3։16. Մինչ հաւատքով Եհովայի օրուան կը սպասենք, թող ստիպողականութեան հոգին չկորսնցնենք։

2։4. Եհովայի դատաստանի օրէն վերապրելու համար, հաւատարմութեամբ պէտք է տոկանք։—Եբրայեցիս 10։36-38

2։6, 7, 9, 12, 15, 19. Արդարեւ աղէտի պիտի հանդիպի ան որ ամօթալի շահախնդրութեան հետամուտ կ’ըլլայ, բռնութիւնը կը սիրէ, անբարոյութիւն կը գործէ կամ կռապաշտութեան միջամուխ կ’ըլլայ։ Այս առանձնայատկութիւններէն ու սովորութիւններէն պէտք է զգուշանանք։

2։11. Եթէ այս աշխարհին չարութիւնը չքօղազերծենք, «քարը պատէն պիտի աղաղակէ»։ Կարեւոր է որ շարունակենք քաջաբար քարոզել Թագաւորութեան պատգամը։

3։6. Երբ Եհովա իր դատաստանը գործադրէ, ոչինչ արգելք պիտի հանդիսանայ, ո՛չ իսկ մարդկային կազմակերպութիւններ որոնք լեռներուն ու բլուրներուն նման կը թուին մնայուն ըլլալ։

3։13. Երաշխիք ունինք թէ Արմագեդոնին՝ կործանումը անխտիր պիտի չըլլայ։ Եհովա իր հաւատարիմ ծառաները պիտի փրկէ։

3։17-19. Թէեւ Արմագեդոնէն առաջ եւ անոր ընթացքին կրնանք դժուարութիւններ դիմագրաւել, սակայն վստահ ենք որ Եհովա մեզի «զօրութիւն» պիտի հայթայթէ, մինչ ուրախութեամբ կը շարունակենք իրեն ծառայել։

«ՏԷՐՈՋԸ ՕՐԸ ՄՕՏ Է»

(Սոփոնիա 1։1–3։20)

Բահաղի պաշտամունքը Յուդայի մէջ լայնատարած է։ Եհովա Սոփոնիա մարգարէին միջոցաւ կ’ըսէ. «Իմ ձեռքս Յուդայի վրայ, Երուսաղէմի բոլոր բնակիչներուն վրայ պիտի երկնցնեմ»։ Սոփոնիա կ’ազդարարէ. «Տէրոջը օրը մօտ է»։ (Սոփոնիա 1։4, 7, 14) Միայն անոնք որ Աստուծոյ պահանջներուն գոհացում կու տան՝ այդ օրը պիտի «ծածկուին»։—Սոփոնիա 2։3

«Վա՜յ . . . հարստահարութիւն ընող քաղաքին»՝ Երուսաղէմի։ «Ուրեմն ինծի սպասեցէ՛ք, կ’ըսէ Տէրը, մինչեւ այն օրը, որ որսի համար ոտքի ելլեմ։ Քանզի վճռած եմ ազգերը հաւաքել . . . որպէսզի անոնց վրայ իմ սրտմտութիւնս . . . թափեմ»։ Բայց Աստուած կը խոստանայ. «Երկրի բոլոր ժողովուրդներուն մէջ ձեզ անուանի ու գովելի պիտի ընեմ, երբ ձեր գերութիւնը ձեր աչքերուն առջեւ դադրեցնեմ»։—Սոփոնիա 3։1, 8, 20

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

2։13, 14—Բոլորովին ամայի դարձած Նինուէի մէջ, որո՞ւն ‘ձայնը պիտի լսուի’։ Քանի որ Նինուէ գազաններու եւ թռչուններու բնակավայր պիտի ըլլար, պիտի լսուէին ճռուողիւնի ձայն եւ հաւանաբար քամիի ձայն՝ լքուած տուներու պատուհաններէն։

3։9—«Մաքուր շրթունք»ը կամ լեզուն ի՞նչ է, եւ ի՞նչպէս կը խօսուի։ Անիկա Աստուծոյ վերաբերեալ ճշմարտութիւնն է, որ կը գտնուի իր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին մէջ։ Անիկա կը պարփակէ Աստուածաշունչի բոլոր ուսուցումները։ Զայն կը խօսինք՝ ճշմարտութեան հաւատալով, զայն ճշգրտօրէն ուրիշներուն սորվեցնելով եւ Աստուծոյ կամքին համաձայն ապրելով։

Դասեր՝ մեզի համար.

1։8. Սոփոնիայի օրերուն, ըստ երեւոյթին ոմանք ‘օտար զգեստ հագնելով’ կը ջանային շրջակայ ազգերուն կողմէ ընդունելի ըլլալ։ Ի՜նչ անմտութիւն է եթէ ներկայիս Եհովայի երկրպագուներ համանման միջոցներ գործածելով փորձեն աշխարհին համակերպիլ։

1։12. 3։5, 16. Եհովա շարունակեց իր մարգարէները ղրկել, իր դատավճիռներուն նկատմամբ իր ժողովուրդը ազդարարելու համար։ Ան ասիկա ըրաւ հակառակ անոր որ բազմաթիւ Հրեաներ գինեմրուրի պէս հաստատուած էին եւ պատգամին հանդէպ անտարբեր էին։ Մինչ Եհովայի մեծ օրը կը մօտենայ, փոխանակ թոյլ տալու որ մարդոց անտարբեր կեցուածքը պատճառ ըլլայ որ ‘մեր ձեռքերը թուլնան’, պէտք է շարունակենք Թագաւորութեան պատգամը ծանուցանել։

2։3. Միայն Եհովան կրնայ մեզ փրկել իր բարկութեան օրը։ Իր հաճութեան մէջ մնալու համար, պէտք է ‘Տէրը փնտռենք’՝ ուշադրութեամբ Աստուածաշունչը ուսումնասիրելով, ջերմեռանդ աղօթքով իր առաջնորդութիւնը խնդրելով եւ իրեն մօտենալով։ Պէտք է ‘արդարութիւն փնտռենք’՝ բարոյապէս մաքուր կեանք մը վարելով։ Եւ պէտք է ‘խոնարհութիւն փնտռենք’՝ հեզ ու հլու կեցուածք մը մշակելով։

2։4-15. 3։1-5. Եհովայի դատաստանի գործադրութեան օրը, Քրիստոնեայ Աշխարհը եւ բոլոր ազգերը, որոնք Աստուծոյ ժողովուրդը հարստահարած են, պիտի ունենան այն վախճանը որ վաղեմի Երուսաղէմն ու շրջակայ ազգերը ունեցան։ (Յայտնութիւն 16։14, 16. 18։4-8) Քաջաբար պէտք է շարունակենք Աստուծոյ դատաստանները յայտարարել։

3։8, 9. Մինչ Եհովայի օրուան կը սպասենք, փրկութեան համար կը նախապատրաստուինք՝ «մաքուր շրթունք»ը կամ լեզուն խօսիլ սորվելով եւ ‘Աստուծոյ անունը կանչելով’, իրեն նուիրուելով։ Նաեւ Եհովայի ժողովուրդին հետ «մէկ սրտով» կամ ուս–ուսի իրեն կը ծառայենք ու «օրհնութեան պատարագ» կը մատուցանենք։—Եբրայեցիս 13։15

«Խիստ կ’արտորայ»

Սաղմոսերգուն տաղերգեց. «Քիչ ժամանակէ յետոյ ամբարիշտը պիտի չքանայ, անոր տեղը պիտի փնտռես ու պիտի չգտնես»։ (Սաղմոս 37։10) Նաւումի գիրքին մէջ Նինուէի մասին, իսկ Ամբակումի գիրքին մէջ Բաբելոնի ու հաւատուրաց Յուդայի մասին նախագուշակուած բաներուն վրայ խոկալով, կասկած չունինք որ սաղմոսերգուին խօսքերը պիտի կատարուին։ Սակայն ո՞րքան պէտք է սպասենք։

Սոփոնիա 1։14–ը կ’ըսէ. «Տէրոջը մեծ օրը մօտ է։ Մօտ է ու խիստ կ’արտորայ»։ Սոփոնիայի գիրքը նաեւ ցոյց կու տայ թէ ի՛նչպէս կրնանք այդ օրը ծածկուիլ եւ փրկութեան պատրաստուելու համար ի՛նչ պէտք է ընենք հիմա։ Արդարեւ «Աստուծոյ խօսքը կենդանի է ու զօրեղ»։—Եբրայեցիս 4։12

[Նկարներ՝ էջ 8]

Նինուէի հսկայ պարիսպները Նաւումի մարգարէութեան կատարման արգելք չհանդիսացան

[Նկարին աղբիւրը]

Randy Olson/National Geographic Image Collection