Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մեծ աշակերտ–ընողը ընդօրինակէ

Մեծ աշակերտ–ընողը ընդօրինակէ

Մեծ աշակերտ–ընողը ընդօրինակէ

«Նայեցէք թէ ի՛նչպէս կը լսէք»։—ՂՈՒԿԱՍ 8։18

1, 2. Ինչո՞ւ ուշադրութիւն պէտք է ընծայես այն կերպին, որով Յիսուս մարդոց հետ վարուեցաւ իր ծառայութեան ընթացքին։

ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍ որպէս Մեծ Ուսուցիչ եւ աշակերտ–Ընող իր դերը կը կատարէր, երբ իր հետեւորդներուն ըսաւ. «Նայեցէք թէ ի՛նչպէս կը լսէք»։ (Ղուկաս 8։16-18) Քրիստոնեայ մը ըլլալով, այդ սկզբունքը քու ծառայութեանդ կը կիրարկուի։ Եթէ հոգեւոր ցուցմունքներուն ուշադրութիւն ընծայես, զանոնք պիտի գործադրես ու Թագաւորութիւնը ազդուօրէն պիտի ծանուցանես։ Հարկաւ ներկայիս չես կրնար Յիսուսի ձայնը լսել, բայց կրնաս իր ըսածներուն եւ ըրածներուն մասին կարդալ Սուրբ Գրութիւններուն մէջ։ Անոնք ի՞նչ կը յայտնեն այն կերպին մասին, որով Յիսուս մարդոց հետ վարուեցաւ իր ծառայութեան ընթացքին։

2 Յիսուս բարի լուրին հոյակապ քարոզիչ մըն էր եւ աստուածաշնչական ճշմարտութեան՝ արտակարգ ուսուցիչ մը։ (Ղուկաս 8։1. Յովհաննէս 8։28) Աշակերտելու գործը կը պարփակէ թէ՛ քարոզել եւ թէ սորվեցնել, սակայն կարգ մը Քրիստոնեաներ, որոնք գովելի քարոզիչներ են, մարդոց ազդուօրէն սորվեցնելը դժուար կը գտնեն։ Մինչ քարոզչութիւնը կը պարփակէ պատգամ մը ծանուցանել, մարդոց սորվեցնելը Եհովայի եւ իր նպատակներուն մասին՝ սովորաբար կը պահանջէ որ աշակերտ ընողը անոնց հետ յարաբերութիւն մը կերտէ։ (Մատթէոս 28։19, 20) Ասիկա կարելի է ընել՝ ընդօրինակելով Յիսուս Քրիստոսը՝ Մեծ Ուսուցիչն ու աշակերտ–Ընողը։—Յովհաննէս 13։13

3. Յիսուսը ընդօրինակելը ի՞նչպէս կ’ազդէ աշակերտելու գործին մէջ թափած ջանքերուդ։

3 Յիսուսի սորվեցնելու մեթոտները ընդօրինակելով, Պօղոս առաքեալի սա յորդորին հետեւած կ’ըլլաս. «Խոհեմութեամբ վարուեցէք դուրսիններուն հետ՝ ժամանակը ծախու առնելով։ Ձեր խօսքը ամէն ատեն շնորհքով, որպէս թէ աղով համովցած ըլլայ ու գիտնաք թէ ի՛նչպէս կը վայլէ ձեզի ամէն մէկուն պատասխան տալ»։ (Կողոսացիս 4։5, 6) Աշակերտելու գործին մէջ Յիսուսը ընդօրինակելը ջանքի կը կարօտի, բայց ուսուցումդ ազդու պիտի դարձնէ, քանի որ քեզի պիտի օգնէ «ամէն մէկուն պատասխան տալ»ու՝ իր կարիքին համաձայն։

Յիսուս ուրիշները քաջալերեց որ խօսին

4. Ինչո՞ւ կրնայ ըսուիլ թէ Յիսուս լաւ ունկնդիր մըն էր։

4 Յիսուս մանկութենէն ի վեր սովորութիւն ունէր մարդոց մտիկ ընելու եւ զիրենք քաջալերելու որ իրենց տեսակէտները արտայայտեն։ Օրինակ, երբ ան 12 տարեկան էր, իր ծնողքը գտաւ զինք տաճարին մէջ, ուր նստած էր վարդապետներուն հետ, «անոնց մտիկ կ’ընէր ու անոնց բան կը հարցնէր»։ (Ղուկաս 2։46) Յիսուս տաճար չգնաց որպէսզի իր գիտութեամբ վարդապետները նեղ կացութեան մատնէ։ Ան հոն գնաց մտիկ ընելու, թէեւ հարցումներ ալ ուղղեց։ Լաւ ունկնդիր մը ըլլալու անոր հակումը թերեւս նպաստեց որ շնորհք գտնէ Աստուծոյ ու մարդոց քով։—Ղուկաս 2։52

5, 6. Ի՞նչպէս գիտենք թէ Յիսուս իր ուսուցանած անհատներուն արտայայտութիւնները մտիկ ըրաւ։

5 Իր մկրտութենէն եւ որպէս Մեսիա օծուելէն ետք, Յիսուս մարդոց մտիկ ընելու իր հետաքրքրութիւնը պահեց։ Ան իր սորվեցուցած բաներով ա՛յնքան չկլանուեցաւ որ մոռնայ իրեն մտիկ ընողները։ Ան յաճախ կանգ կ’առնէր, կը հարցնէր թէ ի՛նչ կը խորհէին, ապա անոնց պատասխանը մտիկ կ’ընէր։ (Մատթէոս 16։13-15) Օրինակ, Մարթայի եղբօր՝ Ղազարոսի մահէն ետք, Յիսուս անոր ըսաւ. «Ան որ կենդանի է ու ինծի կը հաւատայ, յաւիտեան պիտի չմեռնի», ապա հարցուց. «Դուն կը հաւատա՞ս ասոր»։ Յիսուս վստահաբար մտիկ ըրաւ երբ Մարթա պատասխանեց. «Այո՛, Տէ՛ր, ես հաւատացեր եմ, որ դուն ես Քրիստոսը՝ Աստուծոյ Որդին»։ (Յովհաննէս 11։26, 27) Մարթայի հաւատքի այս արտայայտութիւնը լսելը ո՜րքան գոհունակութիւն պատճառած ըլլալու էր Յիսուսի։

6 Երբ աշակերտներէն շատեր Յիսուսը լքեցին, ան հետաքրքրուած էր իր առաքեալներուն տեսակէտը գիտնալով։ Ուստի ան հարցուց. «Միթէ դո՞ւք ալ կ’ուզէք երթալ»։ Սիմոն Պետրոս պատասխանեց. «Տէ՛ր, որո՞ւ պիտի երթանք, դուն յաւիտենական կեանքի խօսքեր ունիս։ Մենք հաւատացինք ու գիտցանք թէ դուն ես Քրիստոսը՝ Աստուծոյ Որդին»։ (Յովհաննէս 6։67-70) Այս խօսքերը ո՜րքան հաճելի եղած ըլլալու էին Յիսուսի։ Աստուածաշունչի աշակերտի մը հաւատքի նոյնանման արտայայտութիւն մը, վստահաբար քեզ պիտի ուրախացնէ։

Յիսուս յարգանքով մտիկ ըրաւ

7. Սամարացիներէն շատեր ինչո՞ւ Յիսուսի հաւատք ընծայեցին։

7 Այլ պատճառ մը թէ Յիսուս ինչո՛ւ ազդու աշակերտ–ընող մըն էր, այն է թէ ան մարդոցմով հետաքրքրուած էր եւ յարգանքով անոնց մտիկ կ’ընէր։ Օրինակ, առիթով մը Յիսուս Սամարացի կնոջ մը վկայեց Սուքարի մէջ եղող Յակոբի ջրհորին քով։ Այդ զրոյցի ընթացքին, Յիսուս միակ խօսողը չէր եւ կնոջ ըսելիքներուն ականջ տուաւ։ Մինչ Յիսուս անոր մտիկ կ’ընէր, նկատեց թէ պաշտամունքով հետաքրքրուած էր, ուստի անոր ըսաւ թէ Աստուած Զինք հոգիով ու ճշմարտութեամբ պաշտողներ կը փնտռէ։ Յիսուս այս կնոջ հանդէպ յարգանք ու հետաքրքրութիւն ցուցաբերեց, իսկ երբ կինը ուրիշներու վկայեց, «այն քաղաքէն շատ Սամարացիներ իրեն հաւատացին այն կնոջ խօսքին համար»։—Յովհաննէս 4։5-29, 39-42

8. Իրենց կարծիքը տալու մարդոց հակումը ի՞նչպէս կ’օգնէ քեզի որ ծառայութեան մէջ խօսակցութիւններ սկսիս։

8 Սովորաբար մարդիկ իրենց տեսակէտները արտայայտելէն կ’ախորժին։ Օրինակ, վաղեմի Աթէնքի բնակիչներուն ժամանցն էր՝ իրենց կարծիքը յայտնել ու նոր բան լսել։ Ասիկա առաջնորդեց որ Պօղոս առաքեալ Արիսպագոսի մէջ ազդու ճառ մը տայ։ (Գործք 17։18-34) Երբ ծառայութեանդ մէջ տանտիրոջ մը հետ սկսիս խօսակցիլ, կրնաս ըսել. «Քեզի կ’այցելեմ քանի որ հետաքրքրուած եմ կարծիքդ գիտնալով [որոշ նիւթ] մասին»։ Անհատին տեսակէտը մտիկ ըրէ եւ անոր մասին մեկնաբանէ կամ հարցում մը ուղղէ։ Ապա ազնուօրէն ցոյց տուր թէ Աստուածաշունչը նիւթին մասին ի՛նչ կ’ըսէ։

Յիսուս իր ըսելիքը գիտէր

9. Յիսուս ի՞նչ ըրաւ ‘գրքերը մեկնելէ’ առաջ Կղէովպասի եւ ընկերակիցին։

9 Յիսուս երբեք խօսակցելու դժուարութիւն չունէր։ Լաւ ունկնդիր մը ըլլալէ զատ, ան յաճախ մարդոց խորհածը կը զատորոշէր, եւ գիտէր ճիշդ ի՛նչ ըսել։ (Մատթէոս 9։4. 12։22-30. Ղուկաս 9։46, 47) Օրինակ մը տանք. Յիսուսի յարութենէն կարճ ժամանակ մը ետք, իր աշակերտներէն երկուքը Երուսաղէմէն Էմմաւուս կ’երթային։ Աւետարանի պատմութիւնը կ’ըսէ. «Երբ անոնք կը խօսակցէին ու խորհրդածութիւն կ’ընէին, Յիսուս՝ ինքն ալ մօտենալով՝ անոնց հետ կ’երթար։ Բայց անոնց աչքերը բռնուած էին, որպէս զի զինք չճանչնան։ Այն ատեն ըսաւ անոնց. ‘Ի՞նչ են այդ խօսքերը՝ որ քալելով իրարու հետ կը խօսակցիք ու տրտմած ալ էք’։ Պատասխան տուաւ անոնցմէ մէկը, որուն անունը Կղէովպաս էր ու ըսաւ անոր. ‘Դո՞ւն միայն Երուսաղէմի մէջ կաս ու չես գիտեր թէ ինչե՜ր եղան հոն այս օրերս’։ Ան ալ ըսաւ անոնց. ‘Ի՞նչ’»։ Մեծ Ուսուցիչը անոնց մտիկ ըրաւ մինչ բացատրեցին թէ Նազովրեցի Յիսուսը ժողովուրդին սորվեցուց, հրաշքներ գործեց ու մահապատիժի ենթարկուեցաւ, բայց այժմ ոմանք կ’ըսեն թէ յարուցանուած է։ Յիսուս թոյլ տուաւ որ Կղէովպաս եւ ընկերակիցը արտայայտուին։ Ապա ան բացատրեց հարկ եղածը, ‘գրքերը մեկնելով’ անոնց։—Ղուկաս 24։13-27, 32

10. Ի՞նչպէս կրնաս ծառայութեանդ մէջ քեզի հանդիպած անհատին կրօնական տեսակէտը գիտնալ։

10 Թերեւս տանտիրոջ մը կրօնական տեսակէտին մասին ոչինչ գիտես։ Զայն իմանալու համար, կրնաս ըսել թէ քեզ կը հետաքրքրէ գիտնալ թէ մարդիկ աղօթքի մասին ի՛նչ կը խորհին։ Ապա կրնաս հարցնել. «Կը խորհի՞ս թէ կայ մէկը որ իրապէս աղօթքները մտիկ կ’ընէ»։ Պատասխանը կրնայ անհատին տեսակէտին եւ կրօնական ենթահողին մասին շատ բան յայտնել։ Եթէ ան կրօնասէր է, թերեւս կարենաս զինք մղել աւելի արտայայտուելու, հարցնելով. «Կը խորհի՞ս թէ Աստուած բոլոր աղօթքները կը լսէ, թէ ոչ՝ կան աղօթքներ որոնց չի հաճիր»։ Այսպիսի հարցումներ կրնան հանդարտ զրոյցի մը առաջնորդել։ Երբ աստուածաշնչական գաղափար մը բաժնելը տեղին է, ասիկա փափկանկատօրէն պիտի ուզես ընել, անհատին հաւատալիքներուն վրայ չյարձակելով։ Եթէ ան քեզի մտիկ ընելէն ախորժի, թերեւս փափաքի որ վերադառնաս։ Եթէ ան հարցում մը ուղղէ, որուն պատասխանը չես գիտեր, կրնաս պրպտում ընել եւ պատրաստուած վերադառնալ, ‘ունեցած յոյսիդ մասին հեզութեամբ ու երկիւղածութեամբ պատասխան տալու’։—Ա. Պետրոս 3։15

Յիսուս արժանաւորներուն սորվեցուց

11. Ի՞նչ բան քեզի պիտի օգնէ ուսուցանուելու արժանի եղողները գտնելու։

11 Կատարեալ մարդ մը ըլլալով, Յիսուս խորատեսութեամբ կը բնորոշէր ուսուցանուելու արժանի եղողները։ Մեզի համար մարտահրաւէր է գտնել անհատներ, որոնք «յաւիտենական կեանքի տրամադիր» են։ (Գործք 13։48, ՆԱ) Նոյնն էր պարագան առաքեալներուն, որոնց Յիսուս ըսաւ. «Երբ քաղաք մը կամ գիւղ մը մտնէք, հարցուցէք թէ ո՞վ է անոր մէջ արժանաւորը»։ (Մատթէոս 10։11) Յիսուսի առաքեալներուն նման, պէտք է փնտռես անհատներ, որոնք մտիկ ընելու եւ աստուածաշնչական ճշմարտութիւնը սորվելու յօժար են։ Կրնաս արժանաւորներ գտնել, ուշադրութեամբ մտիկ ընելով բոլոր անոնց՝ որոնց հետ կը խօսիս, իւրաքանչիւրին կեցուածքը նկատի առնելով։

12. Ի՞նչպէս կրնաս շարունակել հետաքրքրուած անհատի մը օգնել։

12 Թագաւորութեան պատգամին հանդէպ որոշ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած անհատը ձգելէ յետոյ, լաւ կ’ըլլայ որ շարունակես անոր հոգեւոր կարիքներուն մասին մտածել։ Եթէ անհատի մը հետ բարի լուրին մասին խօսակցելէ յետոյ գրի առնես քաղած տեղեկութիւններդ, պիտի կարենաս շարունակել անհատին հոգեւորապէս օգնել։ Վերայցելութիւններու ընթացքին, ուշադրութեամբ պէտք է մտիկ ընես, եթէ կ’ուզես անհատին հաւատալիքներուն, կեցուածքին կամ պարագաներուն մասին աւելի գիտնալ։

13. Ի՞նչ բան կրնայ քեզի օգնել Աստուածաշունչին հանդէպ անհատի մը զգացումները գիտնալու։

13 Ի՞նչպէս կրնաս անհատներ քաջալերել որ քեզի ըսեն թէ Աստուծոյ Խօսքին նկատմամբ ի՛նչ կը խորհին։ Կարգ մը շրջաններու մէջ գործնական է հարցնել. «Բնաւ փորձա՞ծ ես Աստուածաշունչը հասկնալ»։ Յաճախ պատասխանը հոգեւոր բաներու հանդէպ անհատին կեցուածքը երեւան կը հանէ։ Ուրիշ կերպ մըն է՝ համար մը կարդալ, ապա հարցնել. «Այս խօսքը ի՞նչպէս կը թուի քեզի»։ Յիսուսի նման, ծառայութեանդ մէջ շատ բան կրնաս իրագործել՝ պատշաճ հարցումներ ուղղելով։ Սակայն զգուշացում մը տեղին է։

Յիսուս ազդուօրէն հարցումներ գործածեց

14. Առանց մարդիկը հարցաքննելու, ի՞նչպէս կրնաս անոնց տեսակէտին հանդէպ հետաքրքրութիւն ցուցաբերել։

14 Ուրիշներու տեսակէտով հետաքրքրուէ, առանց զանոնք անհանգիստ դարձնելու։ Յիսուսի մեթոտին հետեւէ։ Ան անփափկանկատ հարցաքննող մը չէր, այլ՝ միտք գրգռող հարցումներ գործածեց։ Յիսուս նաեւ քաղցր ունկնդիր մըն էր, որ անկեղծ մարդիկը թարմացուց ու հանգստացուց։ (Մատթէոս 11։28) Ամէն տեսակի մարդիկ չվարանեցան իրեն մօտենալու եւ իրենց խնդիրները ներկայացնելու։ (Մարկոս 1։40. 5։35, 36. 10։13, 17, 46, 47) Եթէ կ’ուզես որ մարդիկ չվարանին Աստուածաշունչին ու անոր ուսուցումներուն նկատմամբ իրենց զգացումները քեզի յայտնելու, զանոնք հարցաքննելէ պէտք է խուսափիս։

15, 16. Ի՞նչպէս կրնաս մարդիկը մղել որ կրօնական նիւթերու մասին խօսակցին։

15 Ազդուօրէն հարցումներ գործածելէ զատ, կրնաս խօսակցութիւնը հրահրել՝ հետաքրքրական բան մը ըսելով եւ ապա պատասխանը մտիկ ընելով։ Օրինակ, Յիսուս Նիկոդէմոսի ըսաւ. «Եթէ մարդ մը նորէն չծնանի, չի կրնար Աստուծոյ թագաւորութիւնը տեսնել»։ (Յովհաննէս 3։3) Այս խօսքը ա՛յնքան հետաքրքրաշարժ էր որ Նիկոդէմոս մղուեցաւ Յիսուսի հարցումներ ուղղելու եւ մտիկ ընելու։ (Յովհաննէս 3։4-20) Համանման մեթոտ մը գործածելով, դուն ալ կրնաս անհատներ խօսակցութեան միջամուխ ընել։

16 Ներկայիս, Ափրիկէի, Արեւելեան Եւրոպայի եւ Լատին Ամերիկայի մէջ, բազմաթիւ նոր կրօնքներու ի յայտ գալը խօսակցութեան նիւթ է։ Այսպիսի շրջաններու մէջ, յաճախ կրնաս խօսակցութիւն մը սկսիլ՝ ըսելով. «Մտահոգ եմ որ ա՛յսքան շատ կրօնքներ կան։ Բայց կը յուսամ մօտ ատենէն տեսնել որ բոլոր ազգերէ անհատներ ճշմարիտ պաշտամունքին մէջ միացած են։ Նոյն փափաքը ունի՞ս»։ Յոյսիդ մասին ուշագրաւ բան մը ըսելով, թերեւս կարենաս մարդիկը մղել որ իրենց տեսակէտը արտայայտեն։ Եւ հարցումներուն պատասխանելը աւելի դիւրին է, եթէ հաւանական երկու պատասխան ըլլայ։ (Մատթէոս 17։24) Տանտէրը մեկնաբանելէ յետոյ, հարցումիդ պատասխանէ՝ մէկ կամ երկու համար գործածելով։ (Եսայի 11։9. Սոփոնիա 3։9) Ուշի–ուշով մտիկ ընելով եւ անհատին ընդառաջումը նկատի առնելով, թերեւս կարենաս որոշել թէ յաջորդ այցելութեան ի՛նչ նիւթի մասին պիտի խօսիս։

Յիսուս երախաներուն մտիկ ըրաւ

17. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ Յիսուս երախաներով հետաքրքրուած էր։

17 Յիսուս ո՛չ միայն չափահասներով հետաքրքրուած էր, այլ նաեւ՝ երախաներով։ Ան երախաներուն խաղցած խաղերը եւ անոնց խօսած խօսքերը գիտէր։ Երբեմն ան երախաները կը հրաւիրէր որ իր քով գան։ (Ղուկաս 7։31, 32. 18։15-17) Յիսուսի մտիկ ընող ամբոխներուն մէջ բազմաթիւ երախաներ կային։ Երբ մանուկներ Մեսիան գովաբանելով կ’աղաղակէին, Յիսուս նկատեց ու նշեց թէ Սուրբ Գրութիւնները ասիկա նախագուշակած էին։ (Մատթէոս 14։21. 15։38. 21։15, 16) Այսօր, բազմաթիւ երախաներ Յիսուսի աշակերտ կ’ըլլան։ Ի՞նչպէս կրնաս անոնց օգնել։

18, 19. Ի՞նչպէս կրնաս զաւակիդ հոգեւորապէս օգնել։

18 Զաւակիդ հոգեւորապէս օգնելու համար, անոր պէտք է մտիկ ընես։ Անհրաժեշտ է որ զատորոշես թէ անոր ո՛ր գաղափարները Եհովայի մտածմունքին հետ ներդաշնակ չեն։ Զաւակդ ի՛նչ ալ ըսէ, խոհեմութիւն է նա՛խ դրական խօսք մը ըսել։ Ապա կրնաս յարմար համարներ գործածել, անոր օգնելու որ Եհովայի տեսակէտը ըմբռնէ։

19 Հարցումները իրենց տեղը ունին։ Բայց չափահասներուն նման՝ երախաները հարցաքննութեան ենթարկուիլ չեն սիրեր։ Փոխանակ զաւակիդ դժուար հարցումներ ուղղելու, ինչո՞ւ քու մասիդ հակիրճ խօսք մը չըսես։ Նկատի առնուած նիւթին համաձայն, կրնաս ըսել թէ ատեն մը որոշ կերպով կը զգայիր եւ բացատրէ պատճառը։ Ապա հարցուր. «Դուն ալ այդպէս կը զգա՞ս»։ Զաւակիդ պատասխանը կրնայ աստուածաշնչական օգտալից ու քաջալերական քննարկումի մը դուռ բանալ։

Շարունակէ Մեծ աշակերտ–Ընողը ընդօրինակել

20, 21. Որպէս աշակերտ ընող, ինչո՞ւ լաւ ունկնդիր պէտք է ըլլաս։

20 Երբ զաւակիդ կամ ոեւէ անհատի հետ նիւթ մը նկատի կ’առնես, ուշադրութեամբ մտիկ ընելը կենսական է։ Արդարեւ անիկա սիրոյ մէկ արտայայտութիւնն է։ Մտիկ ընելով, խոնարհութեամբ կը վարուիս եւ խօսողին հանդէպ յարգանք ու սիրալիր նկատառութիւն կը ցուցաբերես։ Հարկաւ մտիկ ընելը կը պահանջէ որ անհատին ըսածներուն ուշադրութիւն ընծայես։

21 Մինչ քրիստոնէական ծառայութեան կը մասնակցիս, շարունակէ տանտէրներուն ուշի–ուշով մտիկ ընել։ Եթէ անոնց ըսածին ուշադրութիւն ընծայես, հաւանաբար պիտի զատորոշես թէ Աստուածաշունչի ճշմարտութեան ո՛ր երեսակները յատկապէս զիրենք պիտի հետաքրքրեն։ Ապա ջանա՛ անոնց օգնել, Յիսուսի ուսուցման զանազան մեթոտները գործածելով։ Ասիկա ընելով, վարձատրութիւնդ ուրախութիւն եւ գոհունակութիւն պիտի ըլլայ, քանի որ Մեծ աշակերտ–Ընողը կ’ընդօրինակես։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես

• Յիսուս ի՞նչպէս ուրիշները քաջալերեց որ իրենց կարծիքը արտայայտեն։

• Յիսուս իր ուսուցանած անհատներուն ինչո՞ւ մտիկ ըրաւ։

• Ծառայութեանդ մէջ ի՞նչպէս կրնաս հարցումներ գործածել։

• Երախաներուն հոգեւորապէս օգնելու համար, ի՞նչ կրնաս ընել։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]