Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ղուկասի գիրքէն աչքառու կէտեր

Ղուկասի գիրքէն աչքառու կէտեր

Եհովայի խօսքը կենդանի է

Ղուկասի գիրքէն աչքառու կէտեր

ԲԱՑԱՅԱՅՏ է որ Մատթէոսի Աւետարանը գլխաւորաբար գրուած է Հրեայ ընթերցողներու համար, իսկ Մարկոսի Աւետարանը՝ Հրեայ չեղողներու համար։ Բայց Ղուկաս բոլոր ազգերէն անհատներ ի մտի ունենալով գրեց իր Աւետարանը շուրջ Հ.Դ. 56-58–ին, մանրամասնօրէն նկարագրելով Յիսուսի կեանքն ու ծառայութիւնը։

Կարեկից եւ ուշադիր բժիշկի մը մօտեցումով, Ղուկաս ‘սկիզբէն բծախնդրութեամբ կը հետազօտէ բոլոր դէպքերը’ եւ 35 տարուան ժամանակաշրջան մը կը ծածկէ,– Հ.Դ.Ա. 3–էն մինչեւ Հ.Դ. 33–ը։ (Ղուկ. 1։3, Անթիլիաս) Ղուկասի Աւետարանին բովանդակութեան շուրջ 60 առ հարիւրը անզուգական է։

ՍԿԻԶԲԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ

(Ղուկ. 1։1–9։62)

Յովհաննէս Մկրտիչի ու Յիսուսի ծնունդին մասին մանրամասնութիւններ տալէ ետք, Ղուկաս մեզի կ’ըսէ թէ Յովհաննէս իր ծառայութիւնը սկսաւ Տիբերիոս կայսրին գահակալութեան 15–րդ տարին, այսինքն՝ Հ.Դ. 29–ի գարնան։ (Ղուկ. 3։1, 2) Յիսուս նոյն տարուան աշնան կը մկրտուի Յովհաննէսի ձեռքով։ (Ղուկ. 3։21, 22) Հ.Դ. 30–ի ատենները, ‘Յիսուս Գալիլիա կը դառնայ եւ անոնց ժողովարաններուն մէջ կը սորվեցնէ’։—Ղուկ. 4։14, 15

Յիսուս Գալիլիոյ մէջ իր առաջին քարոզչական շրջապտոյտը կը սկսի։ Ան ամբոխին կ’ըսէ. «Պէտք է ինծի որ ուրիշ քաղաքներու ալ Աստուծոյ թագաւորութիւնը քարոզեմ»։ (Ղուկ. 4։44) Ան իրեն հետ կ’առնէ ձկնորս Սիմոնը եւ ուրիշներ։ Ան կ’ըսէ. «Իմ ետեւէս եկէք ու ձեզ մարդոց որսորդ ընեմ»։ (Ղուկ. 5։1-11. Մատթ. 4։18, 19) Գալիլիոյ մէջ Յիսուսի երկրորդ քարոզչական շրջապտոյտին ընթացքին, 12 առաքեալներն ալ իրեն կ’ընկերակցին։ (Ղուկ. 8։1) Երրորդ շրջապտոյտին, ան 12 առաքեալները կը ղրկէ՝ որ «Աստուծոյ թագաւորութիւնը քարոզեն ու հիւանդները բժշկեն»։—Ղուկ. 9։1, 2

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

1։35—Մարիամի ձուն իր յղութեան մէջ որեւէ դեր ունեցա՞ւ։ Մարիամի ձուն իր յղութեան մէջ բաժին պէտք էր բերէր, որպէսզի մանուկը Մարիամի նախահայրերուն՝ Աբրահամի, Յուդայի ու Դաւիթի իսկական զարմը ըլլար, ինչպէս Աստուած խոստացած էր։ (Ծննդ. 22։15, 18. 49։10. Բ. Թագ. 7։8, 16) Եհովայի սուրբ հոգին փոխադրեց Աստուծոյ Որդիին կատարեալ կեանքը եւ պատճառեց յղացումը։ (Մատթ. 1։18) Բացայայտ է թէ ասիկա Մարիամի ձուին մէջ եղող ամէն անկատարութիւն ջնջեց եւ սկիզբէն իսկ սաղմը պաշտպանեց վնասակար տարրերէ։

1։62—Զաքարիա համր ու խուլ դարձա՞ւ։ Ո՛չ։ Ան միայն համրացաւ։ Անհատներ ‘աչք ընելով’ հարցուցին թէ ի՛նչ անունով կ’ուզէր որ մանուկը կոչուի, ո՛չ թէ քանի որ Զաքարիա խուլ էր։ Շատ հաւանաբար ան լսեց ինչ որ իր կինը ըսաւ իրենց որդիին անուանումին նկատմամբ։ Թերեւս ոմանք այդ խօսքին վերաբերեալ իրեն հարցուցին՝ նշան մը ընելով։ Այն իրողութիւնը թէ միայն իր խօսելու կարողութիւնը վերահաստատուեցաւ, ցոյց կու տայ թէ Զաքարիայի լսողութիւնը չէր ազդուած։—Ղուկ. 1։13, 18-20, 60-64

2։1, 2—«Այս առաջին աշխարհագիրը» ըսելը ի՞նչպէս կ’օգնէ Յիսուսի ծննդեան թուականը որոշելու։ Օգոստոս կայսրին իշխանութեան ներքեւ, մէկէ աւելի աշխարհագիրներ տեղի ունեցան,– առաջինը՝ Հ.Դ.Ա. 2–ին, Դանիէլ 11։20–ի առ ի կատարում, իսկ երկրորդը՝ Հ.Դ. 6–ին կամ 7–ին։ (Գործք 5։37) Երկու մարդահամարներուն ընթացքին՝ Կիւրենոս Սուրիայի վրայ կառավարիչ էր, ակներեւօրէն այդ դիրքը երկու անգամ գրաւելով։ Ղուկասի ակնարկումը առաջին աշխարհագրին ցոյց կու տայ թէ Յիսուս Հ.Դ.Ա. 2–ին ծնաւ։

2։35—Մարիամի սրտէն ի՞նչպէս ‘թուր մը պիտի անցնէր’։ Ասիկա կ’ակնարկէ Մարիամի վշտին, երբ նկատէր որ մարդոց մեծամասնութիւնը Յիսուսը կը մերժէ որպէս Մեսիան, եւ անոր տառապանքին՝ երբ տեսնէր Յիսուսի ցաւալի մահը։—Յովհ. 19։25

9։27, 28—Ղուկաս ինչո՞ւ կ’ըսէ թէ այլակերպութիւնը տեղի ունեցաւ Յիսուսի խոստումէն,– իր աշակերտներէն ոմանք «մահուան համը պիտի չառնեն, մինչեւ տեսնեն Աստուծոյ թագաւորութիւնը»,– «ութ օր» ետք, մինչդեռ Մատթէոս ու Մարկոս կը նշեն թէ անիկա «վեց օր յետոյ» էր։ (Մատթ. 17։1. Մար. 9։1) Ըստ երեւոյթին, Ղուկաս յաւելեալ երկու օր կը պարփակէ,– խոստումին օրը եւ կատարման օրը։

9։49, 50—Յիսուս ինչո՞ւ չարգիլեց մարդ մը դեւեր հանելէ, թէեւ ան իրեն չէր հետեւեր։ Յիսուս մարդը չարգիլեց, քանի որ քրիստոնէական ժողովքը տակաւին չէր կազմուած։ Ուստի չէր պահանջուած որ մարդը Յիսուսի ընկերակցէր, որպէսզի Յիսուսի անունին հաւատք ընծայէր ու դեւեր հանէր։—Մար. 9։37-39

Դասեր՝ մեզի համար.

1։32, 33. 2։19, 51. Մարիամ իր սրտին մէջ կը պահէր մարգարէութիւններ կատարող դէպքերն ու խօսքերը։ Մենք ալ մեծապէս կ’արժեւորե՞նք ինչ որ Յիսուս նախագուշակեց «աշխարհիս վերջին» մասին, իր ըսածները համեմատելով ներկայիս տեղի ունեցող բաներուն հետ։—Մատթ. 24։3

2։37. Աննայի օրինակը մեզի կը սորվեցնէ թէ հաստատամտութեամբ Եհովան պէտք է պաշտենք, ‘ստէպ աղօթքի կենանք’ եւ «մէկտեղ հաւաքուիլը չթողունք»։—Հռովմ. 12։12. Եբր. 10։24, 25

2։41-50. Յովսէփ հոգեւոր շահերը իր կեանքին մէջ առաջին տեղը դրաւ եւ իր ընտանիքին ֆիզիքական ու հոգեւոր բարօրութեան հոգ տարաւ։ Այս մարզերուն մէջ ան ամուսիններուն ընտիր օրինակ մը հադիսացաւ։

4։4. Թոյլ պէտք չէ տանք որ օր մը անցնի առանց հոգեւոր նիւթեր նկատի առնելու։

6։40. Աստուծոյ Խօսքին ուսուցիչը իր աշակերտներուն պատշաճ օրինակ պէտք է հանդիսանայ։ Ան իր քարոզածը պէտք է գործադրէ։

8։15. ‘Խօսքը ընդունելու եւ համբերութեամբ պտուղ տալու’ համար, Աստուծոյ Խօսքը պէտք է հասկնանք, գնահատենք եւ իւրացնենք։ Աղօթքով խոկալը անհրաժեշտ է, երբ կը կարդանք Աստուածաշունչը եւ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած հրատարակութիւնները։

ՅԻՍՈՒՍԻ ՈՒՇ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ

(Ղուկ. 10։1–24։53)

Յիսուս ուրիշ 70 հոգի իր առջեւէն կը ղրկէ Հրէաստանի քաղաքներն ու տեղերը։ (Ղուկ. 10։1) Ան «քաղաքները ու գիւղերը պտըտելով՝ կը սորվեցնէ»։—Ղուկ. 13։22

Հ.Դ. 33–ի Պասեքէն հինգ օր առաջ, Յիսուս աւանակի վրայ նստած Երուսաղէմ կը մտնէ։ Ժամանակը եկած է որ աշակերտներուն ըսած իր խօսքերը կատարուին. «Պէտք է Որդին մարդոյ շատ չարչարանքներ կրէ, ծերերէն ու քահանայապետներէն եւ դպիրներէն մերժուի ու սպաննուի ու երրորդ օրը յարութիւն առնէ»։—Ղուկ. 9։22, 44

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

10։18—Յիսուս ի՞նչ բանի կ’ակնարկէր երբ 70 աշակերտներուն ըսաւ. «Սատանան փայլակի պէս երկնքէն վար ինկած կը տեսնէի»։ Յիսուս չէր ըսեր թէ Սատանան արդէն երկնքէն դուրս վռնտուած էր։ Ասիկա 1914–ին՝ Քրիստոս երկնքի մէջ թագադրուելէն քիչ ետք տեղի ունեցաւ։ (Յայտ. 12։1-10) Թէպէտ կտրական չենք կրնար ըլլալ, անցեալ եղանակով ապագայ դէպքի մը ակնարկելով, Յիսուս բացայայտօրէն կ’ընդգծէր թէ անիկա անպայման տեղի պիտի ունենար։

14։26—Քրիստոսի հետեւորդները ի՞նչ առումով իրենց ազգականները ‘պէտք է ատեն’։ Աստուածաշունչին մէջ, «ատել» բառը կրնայ նշանակել՝ անհատ մը կամ առարկայ մը նուազ սիրել։ (Ծննդ. 29։30, 31) Քրիստոնեաները իրենց ազգականները պէտք է «ատեն», այն առումով որ զանոնք Յիսուսէ նուազ սիրեն։—Մատթ. 10։37

17։34-37—Որո՞նք են «արծիւները» եւ ի՞նչ է այն «մարմին»ը, ուր կը ժողվուին։ ‘Առնուողները’ կամ ազատուողները հեռատես արծիւներու նմանցուած են։ «Մարմին»ը՝ ուր անոնք կը ժողվուին, ճշմարիտ Քրիստոսն է՝ իր անտեսանելի ներկայութեան ժամանակ, եւ հոգեւոր սնունդն է, զոր Եհովա իրենց համար կը հայթայթէ։—Մատթ. 24։28

22։43, 44—Յիսուս ինչո՞ւ սաստիկ նեղութեան մէջ էր։ Մի քանի պատճառներով։ Յիսուս մտահոգ էր որ իբրեւ ոճրագործ իր մահը Եհովա Աստուծոյ ու անոր անուան ի՛նչպէս պիտի ազդէր։ Ասկէ զատ, Յիսուս շատ լաւ գիտէր թէ իր յաւիտենական կեանքը եւ ամբողջ մարդկութեան ապագան իր հաւատարիմ մնալէն կախեալ էր։

23։44—Արեւու խաւարո՞ւմ մը պատճառեց երեք ժամ տեւող մթութիւնը։ Ո՛չ։ Արեւու խաւարումը տեղի կ’ունենայ միայն նորալուսնի ժամանակ, եւ ո՛չ թէ լիալուսնի ժամանակ, ինչպէս է պարագան Պասեքի օրը։ Յիսուսի մահուան օրը տեղի ունեցած խաւարը, Աստուծոյ կողմէ հրաշք մըն էր։

Դասեր՝ մեզի համար.

11։1-4. Երբ այս ցուցմունքները համեմատենք շուրջ 18 ամիս առաջ Լերան Քարոզին մէջ տրուած տիպար աղօթքին քիչ մը տարբեր եղող շարադրութեան հետ, յստակօրէն յայտնի կ’ըլլայ որ մեր աղօթքները պէտք չէ որոշ բառերու կրկնում ըլլան։—Մատթ. 6։9-13

11։5, 13. Թէեւ Եհովա պատրաստ է մեր աղօթքներուն պատասխանելու, յարատեւաբար պէտք է աղօթենք։—Ա. Յովհ. 5։14

11։27, 28. Իսկական երջանկութիւնը յառաջ կու գայ Աստուծոյ կամքը հաւատարմօրէն կատարելէն, եւ ո՛չ թէ՝ ընտանեկան կապերէն կամ նիւթական իրագործումներէն։

11։41. Մեր ողորմութիւնները սիրառատ ու յօժար սիրտէ ծագում պէտք է առնեն։

12։47, 48. Անհատ մը որ մեծ պատասխանատուութիւն ունի, բայց անոր հոգ չի տանիր, աւելի մեղադրելի է քան՝ ան որ իր պարտականութիւնները չի գիտեր կամ լիովին չի հասկնար։

14։28, 29. Մեր նիւթական միջոցներուն համաձայն ապրիլը խոհեմութիւն է։

22։36-38. Յիսուս իր աշակերտներուն չպատուիրեց որ ապահովութեան կամ ինքնապաշտպանութեան համար զէնք կրեն։ Փոխարէն, իր մատնուած գիշերը անոնց հետ սուրեր ըլլալը կարելի դարձուց որ Յիսուս անոնց էական դաս մը սորվեցնէ. «Բոլոր սուր առնողները՝ սուրով պիտի կորսուին»։—Մատթ. 26։52

[Նկար՝ էջ 11]

Որպէս ընտանիքի գլուխ, Յովսէփ հոյակապ օրինակ մը հանդիսացաւ

[Նկար՝ էջ 12]

Ղուկաս Յիսուսի կեանքին ու ծառայութեան մասին մանրամասնօրէն գրեց