Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ան մեր վիշտը կը հասկնայ

Ան մեր վիշտը կը հասկնայ

Աստուծոյ մօտեցիր

Ան մեր վիշտը կը հասկնայ

Յովհաննէս 11։33-35

«ԿԱՐԵԿՑՈՒԹԻՒՆ կը նշանակէ՝ քու ցաւդ սրտիս մէջ զգալ»։ Այսպէս սահմանեց Եհովայի Վկայ տարեց միսիոնար մը այս թանկարժէք յատկութիւնը։ Եհովա Աստուած կարեկցութեան առաջնագոյն օրինակն է։ Ան իր ժողովուրդին ցաւը անձամբ կը զգայ։ Ասկէ ի՞նչպէս կրնանք վստահ ըլլալ։ Երբ երկրի վրայ էր, Յիսուսի խօսքերն ու արարքները կատարելապէս արտացոլացուցին Եհովայի քնքուշ կարեկցութիւնը։ (Յովհաննէս 5։19) Օրինակ, նկատի առ Յովհաննէս 11։33-35–ի մէջ նկարագրուած միջադէպը։

Երբ իր բարեկամը՝ Ղազարոս վաղահասօրէն մեռաւ, Յիսուս անոր գիւղը ուղղուեցաւ։ Հասկնալիօրէն, Ղազարոսի քոյրերը՝ Մարիամ ու Մարթա, վշտահար եղած էին։ Յիսուս այս ընտանիքը շատ կը սիրէր։ (Յովհաննէս 11։5) Ուստի ան ի՞նչպէս պիտի հակազդէր։ Արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Յիսուս երբ տեսաւ [Մարիամը] որ կու լար եւ անոր հետ եղող Հրեաները, որոնք կու լային, իր հոգիին մէջ հառաչեց ու խռովեցաւ, եւ ըսաւ. ‘Ո՞ւր դրած էք զանիկա’։ Ըսին իրեն. ‘Տէ՛ր, եկուր ու տես’։ Յիսուս լացաւ»։ (Յովհաննէս 11։33-35) Յիսուս ինչո՞ւ լացաւ։ Ճիշդ է որ իր սիրելի բարեկամը՝ Ղազարոս մեռած էր, բայց Յիսուս զայն յարուցանելու վրայ էր։ (Յովհաննէս 11։41-44) Արդեօք ուրիշ բան մըն ալ կա՞ր, որ Յիսուսի յուզումը շարժեց։

Անգամ մը եւս նայէ վերը մէջբերուած խօսքերուն։ Նկատէ թէ երբ Յիսուս տեսաւ որ Մարիամ եւ իրեն հետ եղողները կու լան, ան «հառաչեց» եւ «խռովեցաւ»։ Բնագրային լեզուին մէջ հոս գործածուած բառերը բուռն յոյզեր ցոյց կու տան։ * Յիսուս իր տեսածով չափազանց ազդուեցաւ։ Իր մէջ եռացող զօրաւոր յոյզերը բացայայտ դարձան, իր աչքերը արցունքով լեցուելով։ Բացորոշ է թէ ուրիշներու վիշտը Յիսուսի սրտին դպաւ։ Բնաւ պատահա՞ծ է որ լացած ես, քանի որ քու մէկ սիրելիդ կու լար։—Հռովմայեցիս 12։15

Յիսուսի կարեկցութիւնը մեզի կ’օգնէ որ իր Հօր՝ Եհովայի յատկութիւններուն ու կերպերուն մասին սորվինք։ Մտաբերէ թէ Յիսուս իր Հօր յատկութիւնները ա՛յնքան կատարելապէս արտացոլացուց որ կրնար ըսել. «Ան որ զիս տեսաւ՝ Հայրը տեսաւ»։ (Յովհաննէս 14։9) Ուստի, երբ կը կարդանք թէ «Յիսուս լացաւ», կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովա իր երկրպագուներուն վիշտը անձամբ կը զգայ։ Արդարեւ Աստուածաշունչի այլ գրողներ այս իրողութիւնը կը հաստատեն։ (Եսայի 63։9. Զաքարիա 2։8) Եհովա ի՜նչ քնքուշ Աստուած մըն է։

Կարեկցութիւնը կը հրապուրէ։ Երբ վհատած կամ ընկճուած ըլլանք, կը մօտենանք անհատի մը, որ կրնայ մեր պարագաները հասկնալ ու վշտակցիլ։ Ո՜րքան աւելի Եհովայի կը մօտենանք, կարեկից Աստուծոյն՝ որ մեր վիշտը կը զգայ եւ մեր արցունքներուն պատճառը կը հասկնայ։—Սաղմոս 56։8

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 3 «Լացաւ» թարգմանուած Յունարէն բառը յաճախ ցոյց կու տայ «լռելեայն հեկեկալ»։ Իսկ Մարիամի ու միւսներուն լացը նկարագրող բառը կրնայ ցոյց տալ «բարձրաձայն լաց, ողբ»։