Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ուրիշներուն հետ ի՞նչպէս պէտք է վարուինք

Ուրիշներուն հետ ի՞նչպէս պէտք է վարուինք

Ուրիշներուն հետ ի՞նչպէս պէտք է վարուինք

«Ինչպէս կ’ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ անոնց այնպէս ըրէք»։—ՂՈՒԿ. 6։31

1, 2. (ա) Լերան Քարոզը ի՞նչ է։ (բ) Այս եւ յաջորդ յօդուածներուն մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍ իրապէս Մեծ Ուսուցիչն էր։ Երբ իր կրօնական ոսոխները մարդիկ ղրկեցին զինք ձերբակալելու, անոնք ձեռնունայն վերադարձան ու ըսին. «Երբեք մէ՛կը այդ մարդուն պէս խօսած չէ»։ (Յովհ. 7։32, 45, 46) Յիսուսի ճարտարակերտ ճառերէն մէկն էր Լերան Քարոզը։ Անիկա արձանագրուած է Մատթէոսի Աւետարանին 5-7–րդ գլուխներուն մէջ, եւ համանման տեղեկութիւններ ներկայացուած են Ղուկաս 6։20-49–ի մէջ։ *

2 Թերեւս այդ քարոզին ամենէն հռչակաւոր խօսքն է՝ Ոսկեղէն Կանոնը, ինչպէս յաճախ կը կոչուի։ Անիկա կը նշէ մեր վարուելու կերպը ուրիշներուն հետ։ «Ինչպէս կ’ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ անոնց այնպէս ըրէք», ըսաւ Յիսուս։ (Ղուկ. 6։31) Արդարեւ, ան մարդոց համար ի՜նչ բարի բաներ ըրաւ։ Յիսուս հիւանդներ բուժեց եւ նոյնիսկ մեռելներ յարուցանեց։ Սակայն մարդիկ յատկապէս օրհնուեցան, երբ իր քարոզած բարի լուրը ընդունեցին։ (Կարդալ՝ Ղուկաս 7։20-22) Եհովայի Վկաներ ըլլալով, համանման Թագաւորութեան քարոզչութեան մէջ բաժին բերելով ուրախ ենք։ (Մատ. 24։14. 28։19, 20) Այս եւ յաջորդ յօդուածներուն մէջ, այս գործունէութեան մասին Յիսուսի խօսքերը նկատի պիտի առնենք, ինչպէս նաեւ Լերան Քարոզէն այլ կէտեր, որոնք ցոյց կու տան թէ ուրիշներուն հետ ի՛նչպէս պէտք է վարուինք։

Հե՛զ եղիր

3. Հեզութիւնը ի՞նչպէս կը սահմանես։

3 Յիսուս ըսաւ. «Երանի՜ հեզերուն, վասն զի անոնք պիտի ժառանգեն երկիրը»։ (Մատ. 5։5) Սուրբ Գրութիւններուն մէջ, հեզութիւնը տկարութեան հետ ո՛չ մէկ կապ ունի։ Անիկա քաղցրութիւն է, զոր կը գործադրենք՝ Աստուծոյ պահանջներուն ընդառաջելով։ Մեր վարքը այս կեցուածքը կ’արտացոլացնէ։ Օրինակ, ‘չարութեան փոխարէն մէկո՛ւն չարութիւն չենք հատուցաներ’։—Հռով. 12։17-19

4. Հեզերը ինչո՞ւ երջանիկ են։

4 Հեզերը երջանիկ են, քանի որ «պիտի ժառանգեն երկիրը»։ Յիսուս, որ ‘հեզ ու սրտով խոնարհ էր’, «ամէն բանի ժառանգորդ»ն է եւ հետեւաբար երկրի գլխաւոր Ժառանգը։ (Մատ. 11։29. Եբր. 1։2. Սաղ. 2։8) Նախագուշակուած էր թէ Մեսիան՝ «Որդին մարդոյ», երկնային Թագաւորութեան մէջ իշխանակիցներ պիտի ունենար։ (Դան. 7։13, 14, 21, 22, 27) «Քրիստոսին ժառանգակիցներ» ըլլալով, 144,000 հեզ օծեալներ Յիսուսի հետ երկիրը պիտի ժառանգեն։ (Հռով. 8։16, 17. Յայտ. 14։1) Իսկ այլ հեզեր Թագաւորութեան երկրային ծիրին մէջ յաւիտենական կեանքով պիտի օրհնուին։—Սաղ. 37։11

5. Քրիստոսանման հեզութիւն ունենալը ի՞նչպէս մեր վարքին կ’ազդէ։

5 Եթէ կոշտ ըլլանք, հաւանաբար ուրիշներ մեր ընկերակցութենէն չախորժելով մեզմէ պիտի խուսափին։ Սակայն քրիստոսանման հեզութիւն ունենալը, մեզ ժողովքի հաճելի ու հոգեւորապէս շինիչ անդամներ կը դարձնէ։ Հեզութիւնը մաս կը կազմէ այն պտուղին, որ Աստուծոյ գործօն ուժը մեր մէջ կ’արտադրէ, եթէ ‘հոգիով ապրինք ու հոգիին համեմատ քալենք’։ (Կարդալ՝ Գաղատացիս 5։22-25) Վստահաբար կ’ուզենք Եհովայի սուրբ հոգիով առաջնորդուած հեզերուն շարքին դասուիլ։

Երանի՜ ողորմածներուն

6. «Ողորմածներ»ը ի՞նչ աչքառու յատկութիւններ ունին։

6 Լերան Քարոզին մէջ Յիսուս նաեւ ըսաւ. «Երանի՜ ողորմածներուն, վասն զի անոնք ողորմութիւն պիտի գտնեն»։ (Մատ. 5։7) «Ողորմածներ»ը գթառատ ողորմութիւն ունին եւ անբարենպաստ վիճակի մէջ եղողներուն հանդէպ քաղցր նկատառութիւն ու կարեկցութիւն կը ցուցաբերեն։ Յիսուս հրաշալիօրէն մարդոց տառապանքը թեթեւցուց, քանի որ «խղճաց»։ (Մատ. 14։14. 20։34) Ուստի կարեկցութիւնն ու նկատառութիւնը մեզ պէտք է մղեն որ գթասիրտ ըլլանք։—Յակ. 2։13

7. Կարեկցութիւնը մղեց Յիսուսը ի՞նչ ընելու։

7 Երբ Յիսուս ամբոխի մը հանդիպեցաւ մինչ հանգստանալու կ’երթար, ան «խղճաց անոնց վրայ, վասն զի հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս էին»։ Հետեւաբար, ան «շատ բաներ սորվեցուց անոնց»։ (Մար. 6։34) Ո՜րքան կ’ուրախանանք մինչ նմանապէս Թագաւորութեան պատգամը ուրիշներուն կը հաղորդենք եւ Աստուծոյ մեծ ողորմութեան մասին կը խօսինք։

8. Ողորմածները ինչո՞ւ երջանիկ են։

8 Ողորմածները երջանիկ են, քանի որ ‘ողորմութիւն կը գտնեն’։ Երբ մարդոց հետ ողորմութեամբ վարուինք, անոնք սովորաբար նոյն կերպով կ’ընդառաջեն։ (Ղուկ. 6։38) Ասկէ զատ, Յիսուս ըսաւ. «Եթէ դուք ներէք մարդոց իրենց յանցանքները, ձեր երկնաւոր Հայրն ալ ձեզի պիտի ներէ»։ (Մատ. 6։14) Միայն ողորմածները գիտեն մեղքերու ներումէն եւ Աստուծոյ հաճութիւնը ունենալէն յառաջ եկող երջանկութիւնը։

«Խաղաղութիւն ընողներ»ը ինչո՛ւ երջանիկ են

9. Եթէ խաղաղարար ենք, ի՞նչպէս պիտի վարուինք։

9 Երջանկութեան այլ պատճառ մը նշելով, Յիսուս ըսաւ. «Երանի՜ խաղաղութիւն ընողներուն, վասն զի անոնք Աստուծոյ որդիներ պիտի կոչուին»։ (Մատ. 5։9) Եթէ խաղաղարար ենք, պիտի չհանդուրժենք կամ չմասնակցինք որեւէ բանի, ինչպէս՝ զրպարտալից խօսակցութիւն, որ կրնայ ‘մտերիմ բարեկամները զատել’։ (Առ. 16։28) Խօսքով ու գործով, պիտի ջանանք ուրիշներուն հետ խաղաղութիւն ունենալ՝ քրիստոնէական ժողովքէն ներս թէ դուրս։ (Եբր. 12։14) Մանաւանդ մեր լաւագոյնը պիտի ընենք որ Եհովա Աստուծոյ հետ խաղաղութեան մէջ ըլլանք։—Կարդալ՝ Ա. Պետրոս 3։10-12

10. «Խաղաղութիւն ընողներ»ը ինչո՞ւ երջանիկ են։

10 Յիսուս ըսաւ թէ «խաղաղութիւն ընողներ»ը երջանիկ են, քանի որ «Աստուծոյ որդիներ պիտի կոչուին»։ Յիսուսի հաւատալով որպէս Մեսիան, օծեալ Քրիստոնեաները ‘իշխանութիւն կը ստանան Աստուծոյ որդիներ ըլլալու’։ (Յովհ. 1։12. Ա. Պետ. 2։24) Իսկ Յիսուսի խաղաղարար «ուրիշ ոչխարներ»ը զինք պիտի ունենան իբրեւ իրենց «Յաւիտենական Հայր»ը՝ Հազարամեայ Իշխանութեան ընթացքին։ (Յովհ. 10։14, 16. Եսա. 9։6. Յայտ. 20։6) Հազարամեայ Իշխանութեան աւարտին, այս խաղաղարարները լման առումով Աստուծոյ երկրային զաւակները պիտի ըլլան։—Ա. Կոր. 15։27, 28

11. Եթէ ‘վերին իմաստութեամբ’ առաջնորդուինք, ուրիշներուն հետ ի՞նչպէս պիտի վարուինք։

11 ‘Խաղաղութեան Աստուծոյն’՝ Եհովայի հետ մտերիմ յարաբերութիւն մը վայելելու համար, իր յատկութիւնները պէտք է ընդօրինակենք, ի ներառեալ՝ խաղաղասիրութիւնը։ (Փիլ. 4։9) Եթէ թոյլ տանք որ «վերին իմաստութիւնը» մեզ առաջնորդէ, ուրիշներուն հետ խաղաղութեամբ պիտի վարուինք։ (Յակ. 3։17) Արդարեւ երջանիկ խաղաղարարներ պիտի ըլլանք։

«Թող լուսաւորուի ձեր լոյսը»

12. (ա) Յիսուս հոգեւոր լոյսին մասին ի՞նչ ըսաւ։ (բ) Ի՞նչպէս կրնանք թոյլ տալ որ մեր լոյսը շողայ։

12 Մարդոց հետ լաւագոյն կերպով կը վարուինք, երբ անոնց կ’օգնենք որ Աստուծմէ հոգեւոր լոյս ստանան։ (Սաղ. 43։3) Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ թէ իրենք «աշխարհի լոյս»ն են եւ զիրենք յորդորեց որ թոյլ տան իրենց լոյսին որ շողայ մարդոց առջեւ, որպէսզի տեսնեն իրենց «բարի գործերը» յօգուտ ուրիշներուն։ Ասիկա հոգեւոր լուսաւորում յառաջ պիտի բերէր «մարդոց առջեւ», կամ մարդկութեան օգտին համար։ (Կարդալ՝ Մատթէոս 5։14-16) Ներկայիս, թոյլ կու տանք որ մեր լոյսը շողայ՝ մեր դրացիներուն բարիք գործելով եւ բարի լուրի քարոզչութեան մասնակցելով «բոլոր աշխարհի մէջ»,– «բոլոր ազգերուն»։ (Մատ. 26։13. Մար. 13։10) Ի՜նչ առանձնաշնորհում մը կը վայելենք։

13. Մեզի նկատմամբ ուրիշներ ի՞նչ կը նկատեն։

13 «Քաղաք մը որ լերան վրայ կեցած է, չի կրնար պահուիլ», ըսաւ Յիսուս։ Լերան մը վրայ եղող քաղաքը դիւրաւ կը տեսնուի։ Նմանապէս, ուրիշներ կը նկատեն մեր բարի գործերը որպէս Թագաւորութիւնը ծանուցանողներ, ինչպէս նաեւ որոշ յատկութիւններ, ինչպէս՝ չափաւորութիւն եւ անարատութիւն։—Տիտ. 2։1-14

14. (ա) Նկարագրէ առաջին դարու ճրագը։ (բ) Հոգեւոր լոյսը ի՞նչպէս «գրուան»ի տակ չենք պահեր։

14 Յիսուս ըսաւ թէ ճրագը չեն վառեր եւ դներ գրուանի տակ, հապա՝ աշտանակի՛ վրայ, որ լուսաւորէ բոլոր տան մէջ եղողները։ Առաջին դարու սովորական ճրագը՝ ձէթով լեցուած կաւակերտ աման մըն էր, որուն մէջի պատրոյգը կը վառէին եւ լոյս կը ստանային։ Անիկա յաճախ կը դրուէր փայտէ կամ մետաղէ ճրագակալի վրայ, որպէսզի ‘լոյս տար բոլոր տան մէջ եղողներուն’։ Մարդիկ վառած ճրագը պիտի չդնէին «գրուան»ի տակ,– մեծ աման՝ շուրջ 9 լիդր տարողութեամբ։ Յիսուս չուզեց որ իր աշակերտները իրենց հոգեւոր լոյսը այլաբանական գրուանի տակ պահեն։ Հետեւաբար, թող մեր լոյսը շողայ, բնաւ թոյլ չտալով հակառակութեան կամ հալածանքին որ պատճառ ըլլայ որ աստուածաշնչական ճշմարտութիւնը ծածկենք կամ մեզի պահենք։

15. Մեր «բարի գործերը» ի՞նչպէս ոմանց կ’ազդեն։

15 Լուսաւորող ճրագը նշելէ ետքն էր որ Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Այնպէս թող լուսաւորուի ձեր լոյսը մարդոց առջեւ, որ տեսնեն ձեր բարի գործերը ու փառաւորեն ձեր Հայրը որ երկինքն է»։ Մեր «բարի գործեր»ուն շնորհիւ, ոմանք Աստուած ‘կը փառաւորեն’՝ իր ծառաները դառնալով։ Ասիկա ի՜նչ դրդապատճառ մըն է որ շարունակենք ‘լուսաւորներու պէս փայլիլ աշխարհի մէջ’։—Փիլ. 2։15

16. «Աշխարհի լոյսը» ըլլալը մեզմէ ի՞նչ կը պահանջէ։

16 «Աշխարհի լոյսը» ըլլալը կը պահանջէ որ Թագաւորութեան քարոզչութեան եւ աշակերտելու գործին մասնակցինք։ Բայց մեզմէ ուրիշ բան մըն ալ կը պահանջուի։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Լոյսի որդիներուն վայել ձեւով ապրեցէք. որովհետեւ լոյսին պտուղներն են՝ բարութիւնը, արդարութիւնը եւ ճշմարտութիւնը»։ (Եփ. 5։8, 9, Անթիլիաս) Բարեպաշտ վարքի փայլող տիպարներ պէտք է ըլլանք։ Արդարեւ Պետրոս առաքեալի խրատին պէտք է անսանք. «Ձեր վարքը հեթանոսներուն մէջ բարի պահելով, որպէս զի եթէ ձեզ չարագործներու պէս բամբասեն, ձեր բարի գործերը տեսնելով՝ փառաւորեն Աստուած՝ այցելութեան օրը»։ (Ա. Պետ. 2։12) Բայց ի՞նչ պէտք է ընել եթէ հաւատակիցներու միջեւ լարուած կացութիւն մը զարգանայ։

«Եղբօրդ հետ հաշտուէ»

17-19. (ա) Մատթէոս 5։23, 24–ի մէջ նշուած «ընծան» ի՞նչ էր։ (բ) Եղբօր մը հետ հաշտուիլը ո՞րքան կարեւոր է, եւ Յիսուս ի՞նչպէս ասիկա ցոյց տուաւ։

17 Լերան Քարոզին մէջ, Յիսուս իր աշակերտները զգուշացուց եղբօր մը հանդէպ բարկութիւն եւ արհամարհանք սնուցանելէ։ Փոխարէն, անոնք ընդվզած եղբօր հետ շուտով խաղաղութիւն պէտք էր հաստատէին։ (Կարդալ՝ Մատթէոս 5։21-25) Յիսուսի խրատը մօտէն քննէ։ Եթէ քու ընծադ զոհասեղանին վրայ բերէիր ու հոն յիշէիր թէ եղբայրդ բա՛ն մը ունէր քեզի դէմ, ի՞նչ պիտի ընէիր։ Զոհասեղանին առջեւ ընծադ պիտի ձգէիր եւ պիտի երթայիր որ եղբօրդ հետ հաշտուէիր։ Ասիկա ընելէ ետք, կրնայիր վերադառնալ ու ընծադ մատուցանել։

18 «Ընծան» յաճախ մատուցուելիք զոհ մըն էր, որ անհատը կրնար Եհովայի տաճարը բերել։ Անասնական զոհերը շատ կարեւոր էին, քանի որ Աստուծոյ կողմէ պահանջուած էին որպէս Իսրայէլի պաշտամունքին մէկ մասը՝ Մովսիսական Օրէնքին ներքեւ։ Բայց եթէ յիշէիր թէ եղբայրդ բա՛ն մը ունէր քեզի դէմ, այդ հարցը լուծելը աւելի կարեւոր էր քան՝ ընծադ մատուցանելը։ Յիսուս ըսաւ. «Հոն ձգէ ընծադ սեղանին առջեւ, գնա առաջ եղբօրդ հետ հաշտուէ ու ետքը եկուր որ քու ընծադ մատուցանես»։ Եղբօր մը հետ հաշտուիլը, Օրէնքին մէջ նշուած պարտաւորութիւն մը կատարելէն առաջ պէտք էր դասուէր։

19 Յիսուս իր խօսքը մասնայատուկ ընծաներու եւ յանցագործութիւններու չսահմանափակեց։ Հետեւաբար որեւէ ընծայ պէտք էր յետաձգուէր, եթէ անհատը մտաբերէր թէ իր եղբայրը բա՛ն մը ունէր իրեն դէմ։ Եթէ ընծան ողջ անասուն մըն էր, անիկա պիտի ձգուէր ողջակէզի «սեղանին առջեւ», որ քահանաներուն գաւիթը կը գտնուէր։ Խնդիրը լուծուելէն ետք, անհատը պիտի վերադառնար եւ ընծան մատուցանէր։

20. Ինչո՞ւ հարցերը շուտով պէտք է լուծենք եթէ եղբօր մը դէմ բարկացած ենք։

20 Աստուծոյ տեսանկիւնէն դիտուած, մեր եղբայրներուն հետ մեր յարաբերութիւնը ճշմարիտ պաշտամունքին կարեւոր մէկ մասն է։ Անասնական զոհերը Եհովայի աչքին անիմաստ էին, եթէ զանոնք մատուցանողները իրենց ընկեր արարածին հետ պատշաճօրէն չէին վարուեր։ (Միք. 6։6-8) Ուստի Յիսուս իր աշակերտները յորդորեց որ ‘շուտով միաբանին’։ (Մատ. 5։25) Նոյն ուղղութեամբ, Պօղոս գրեց. «Եթէ բարկանաք՝ մեղք մի՛ գործէք, արեւը ձեր բարկութեանը վրայ մարը թող չմտնէ։ Ու Սատանային՝ տեղի մի՛ տաք»։ (Եփ. 4։26, 27) Եթէ իրաւացիօրէն բարկանանք, շուտով հարցերը պէտք է լուծենք, որպէսզի զայրացած վիճակի մէջ չմնանք եւ թոյլ չտանք որ Բանսարկուն պարագան շահագործէ։—Ղուկ. 17։3, 4

Ուրիշներուն հետ միշտ յարգանքով վարուէ

21, 22. (ա) Ի՞նչպէս կրնանք կիրարկել Յիսուսի խրատները, զորս քննարկեցինք։ (բ) Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ բան նկատի պիտի առնենք։

21 Այս յօդուածով Յիսուսի Լերան Քարոզին կարգ մը խօսքերը վերաքաղ ընելը, մեզի պէտք է օգնէ որ ուրիշներուն հետ քաղցրութեամբ ու յարգանքով վարուինք։ Թէեւ բոլորս ալ անկատար ենք, բայց կրնանք Յիսուսի խրատները կիրարկել, քանի որ ո՛չ ինք, ո՛չ ալ մեր երկնաւոր Հայրը մեզմէ կ’ակնկալեն մեր կարողութենէն վեր եղող բաներ։ Աղօթքով, անկեղծ ջանք թափելով եւ Եհովա Աստուծոյ օրհնութեամբ, կրնա՛նք հեզ, ողորմած ու խաղաղարար ըլլալ։ Կրնա՛նք հոգեւոր լոյս արտացոլացնել, որ կը շողայ՝ ի փառս Եհովայի։ Ասկէ զատ, կրնա՛նք մեր եղբօր հետ հաշտուիլ, երբ հարց մը ծագի։

22 Եհովայի ընդունելի պաշտամունքը կը պարփակէ՝ մեր ընկերին հետ պատշաճօրէն վարուիլ։ (Մար. 12։31) Յաջորդ յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք Լերան Քարոզին կարգ մը այլ խօսքերը, որոնք մեզի պիտի օգնեն որ շարունակենք ուրիշներուն բարիք ընել։ Սակայն Յիսուսի աննման ճառէն քաղուած վերոնշեալ կէտերուն վրայ խոկալէ ետք, կրնանք մենք մեզի հարց տալ. ‘Ուրիշներուն հետ ո՞րքան լաւ կը վարուիմ’։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 1 Անձնական ուսումնասիրութեանդ մէջ, շատ օգտակար է որ այս հատուածները կարդաս, այս եւ յաջորդ յօդուածները նկատի առնելէ առաջ։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես

• Ի՞նչ կը նշանակէ հեզ ըլլալ։

• «Ողորմածներ»ը ինչո՞ւ երջանիկ են։

• Ի՞նչպէս կրնանք թոյլ տալ որ մեր լոյսը շողայ։

• Ինչո՞ւ շուտով ‘մեր եղբօր հետ պէտք է հաշտուինք’։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 15]

Քրիստոնեաները բարեպաշտ վարքի տիպարներ պէտք է ըլլան

[Նկար՝ էջ 16]

Լաւագոյնդ ըրէ՝ եղբօրդ հետ հաշտուելու