Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Նոյ ու ջրհեղեղը՝ իրողութիւն եւ ո՛չ թէ առասպել

Նոյ ու ջրհեղեղը՝ իրողութիւն եւ ո՛չ թէ առասպել

Նոյ ու ջրհեղեղը՝ իրողութիւն եւ ո՛չ թէ առասպել

ԱՒԵԼԻ լաւ աշխարհի մը կը տենչա՞ս,– ուր մարդիկ իրարու հետ խաղաղութեամբ կ’ապրին եւ պատերազմ, ոճիր ու կեղեքում չկան։ Եթէ այո՛, քեզի ծանօթ եղող պատմական արձանագրութիւն մը քեզ պիտի քաջալերէ։ Անիկա Նոյի պատմութիւնն է. իրապէս բարի մարդ մը որ տապան մը շինելով իր անձն ու իր ընտանիքը փրկեց աշխարհածաւալ ջրհեղեղէ մը, որ ամբարիշտները բնաջնջեց։

Քիչ են այն պատմութիւնները՝ որոնք ա՛յսքան հանրածանօթ են։ Նոյի փորձառութիւնը արձանագրուած է Աստուածաշունչի Ծննդոց գիրքին մէջ, գլուխ 6-9, եւ վերստին պատմուած է Գուրանին եւ անհամար ժողովուրդներու աւանդավէպերուն մէջ։ Ջրհեղեղը ի՞րապէս տեղի ունեցաւ, թէ ոչ պարզապէս փոխաբերական պատմուածք մըն է, մարդիկը քաջալերելու որ շիտակը ընեն։ Աստուածաբաններ ու գիտնականներ այս հարցումին շուրջ դարեր վիճաբանած են։ Այսուհանդերձ Աստուածաշունչը՝ Աստուծոյ Խօսքը յստակօրէն ցոյց կու տայ թէ պատմութիւնը իրողութիւն է եւ ոչ թէ՝ առասպել։ Հետեւեալը նկատի առ.

Ծննդոցի արձանագրութիւնը մանրակրկիտ կերպով կը նշէ տարին, ամիսն ու օրը, երբ Ջրհեղեղը սկսաւ, թէ տապանը ե՛րբ եւ ո՛ւր հանգչեցաւ ու ջուրերը ե՛րբ ցամքեցան։ Տապանին մանրամասնութիւններն ալ տրուած են,– յատակագիծը, չափերն ու շինանիւթերը։ Միւս կողմէ, հէքեաթները սովորաբար տարտամ նկարագրութիւններ կու տան։

Աստուածաշունչին մէջ երկու սերնդաբանական արձանագրութիւն կը վկայեն թէ Նոյ իրական անձ մըն էր։ (Ա. Մնացորդաց 1։4. Ղուկաս 3։36) Այս սերնդաբանութիւնները գրող Եզրասը եւ Ղուկասը ուշադիր հետազօտիչներ էին։ Ղուկաս Յիսուս Քրիստոսի նախահայրերուն ցանկը տուաւ մինչեւ Նոյ։

Նոյի կամ Ջրհեղեղին ակնարկած են՝ Եսայի եւ Եզեկիէլ մարգարէները ու Պօղոս եւ Պետրոս առաքեալները։—Եսայի 54։9. Եզեկիէլ 14։14, 20. Եբրայեցիս 11։7. Ա. Պետրոս 3։19, 20. Բ. Պետրոս 2։5

Յիսուս Քրիստոս Ջրհեղեղին ակնարկեց՝ ըսելով. «Ինչպէս Նոյին օրերը եղաւ, այնպէս պիտի ըլլայ Որդի մարդոյ օրերն ալ։ Կ’ուտէին, կը խմէին, կին կ’առնէին, էրկան կը տրուէին, մինչեւ այն օրը՝ որ Նոյ տապանը մտաւ եւ ջրհեղեղը եկաւ ու ամէնքը կորսնցուց»։ (Ղուկաս 17։26, 27) Եթէ Ջրհեղեղը տեղի ունեցած չըլլար, «Որդի մարդոյ օրեր»ուն նկատմամբ Յիսուսի խօսքը անիմաստ պիտի ըլլար։

Պետրոս առաքեալ նախագուշակեց թէ «ծաղր ընողներ» պիտի գային, որոնք Աստուածաշունչի ըսածներուն վրայ պիտի ծիծաղէին։ Պետրոս գրեց. «Անոնք որոնց ուզածը այս է, այն բանը մոռցեր են, թէ . . . [Նոյի ատենուան] աշխարհը ջրհեղեղով կորսուեցաւ»։ «Այս բանը» մե՞նք ալ պէտք է մոռնանք։ Բնաւ երբեք։ Պետրոս շարունակեց. «Հիմա երկինք ու երկիր պահուած են նոյն խօսքով կրակի համար, մինչեւ դատաստանին ու ամբարիշտ մարդոց կորստեան օրը»։—Բ. Պետրոս 3։3-7

Անգամ մը եւս Աստուած ամբարիշտները պիտի բնաջնջէ եւ անգամ մը եւս վերապրողներ պիտի ըլլան։ Նոյի օրինակին հետեւելով, կրնանք այն արդարներուն մէջ ըլլալ, որոնք պիտի փրկուին ու աւելի լաւ աշխարհ մը մտնեն։