Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Գաղատացիս, Եփեսացիս, Փիլիպպեցիս եւ Կողոսացիս նամակներէն աչքառու կէտեր

Գաղատացիս, Եփեսացիս, Փիլիպպեցիս եւ Կողոսացիս նամակներէն աչքառու կէտեր

Եհովայի խօսքը կենդանի է

Գաղատացիս, Եփեսացիս, Փիլիպպեցիս եւ Կողոսացիս նամակներէն աչքառու կէտեր

ԵՐԲ Պօղոս առաքեալ կը լսէ թէ Յուդայականներ (Հրէութիւն գործադրող Քրիստոնեաներ) պատճառ կ’ըլլան որ ոմանք ճշմարիտ պաշտամունքէն խոտորին, «Գաղատիոյ եկեղեցիներուն» ազդու նամակ մը կը գրէ։ (Գաղ. 1։2) Նամակը գրուած է Հ.Դ. 50-52–ի ատենները, եւ շեշտակի խրատներ ու զօրաւոր յորդորներ կը բովանդակէ։

Շուրջ տասը տարի ետք, երբ Հռովմի մէջ է որպէս «Յիսուս Քրիստոսին բանտարկեալը», Պօղոս կը գրէ Եփեսոսի, Փիլիպպէի եւ Կողոսայի ժողովքներուն, ողջամիտ խրատներ եւ սիրալիր քաջալերութիւն տալով։ (Եփ. 3։1) Ներկայիս կրնանք օգտուիլ, Աստուածաշունչի Գաղատացիս, Եփեսացիս, Փիլիպպեցիս եւ Կողոսացիս նամակներուն պատգամին ուշադրութիւն ընծայելով։—Եբ. 4։12

«ԱՐԴԱՐԱՆԱԼ». Ի՞ՆՉՊԷՍ

(Գաղ. 1։1–6։18)

Որովհետեւ Յուդայականներ խորամանկօրէն կը ջանան Պօղոսը վարկաբեկել, ան իր առաքեալ ըլլալը կը պաշտպանէ՝ ինքնակենսագրական մանրամասնութիւններ տալով։ (Գաղ. 1։11–2։14) Անոնց սուտ ուսուցումները հերքելով, Պօղոս կը նշէ. «Մարդ օրէնքին գործերէն չի կրնար արդարանալ, հապա Յիսուս Քրիստոսի հաւատքէն»։—Գաղ. 2։16

Քրիստոս ‘օրէնքի տակ եղողները փրկեց’ եւ ազատագրեց որ քրիստոնէական ազատութիւնը վայելեն, կ’ըսէ Պօղոս։ Ան Գաղատացիները կը յորդորէ. «Ամուր կեցէք . . . եւ նորէն ծառայութեան լուծի տակ մի՛ մտնէք»։—Գաղ. 4։4, 5. 5։1

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

3։16-18, 28, 29—Աբրահամական ուխտը տակաւին ի զօրո՞ւ է։ Այո՛։ Օրէնքի ուխտը Աբրահամական ուխտին վրայ աւելցաւ, եւ ո՛չ թէ զայն փոխարինեց։ Հետեւաբար Աբրահամական ուխտը ի զօրու մնաց, Օրէնքը ‘խափանուելէ’ ետք։ (Եփ. 2։15) Անոր խոստումները Աբրահամի իսկական «սերունդ»ին փոխանցուեցան,– Քրիստոս Յիսուս, որ գլխաւոր անդամն է, եւ անոնք որոնք ‘Քրիստոսինն են’։

6։2—«Քրիստոսին օրէնքը» ի՞նչ է։ Այս օրէնքը Յիսուսի սորվեցուցած եւ պատուիրած բոլոր բաներէն կը բաղկանայ։ Անիկա յատկապէս կը պարփակէ ‘մէկզմէկ սիրելու’ պատուիրանը։—Յովհ. 13։34

6։8—Ի՞նչպէս ‘Հոգիին կը սերմանենք’։ Հոգիին կը սերմանենք՝ ապրելով ա՛յն կերպով որ թոյլ կու տայ Աստուծոյ հոգիին որ ազատօրէն մեզի ազդէ։ Ասիկա կը պարփակէ՝ ամբողջ սիրտով մասնակցիլ այն գործունէութիւններուն, որոնք հոգիին հոսքը կը յառաջացնեն։

Դասեր՝ մեզի համար.

1։6-9. Քրիստոնեայ երէցները անյապաղ պէտք է քայլեր առնեն, երբ ժողովքին մէջ խնդիրներ ծագին։ Սուրբ Գրութիւնները եւ ողջամիտ պատճառաբանութիւն գործածելով, անոնք արագօրէն կրնան սխալ դատողութիւնները հերքել։

2։20. Փրկանքը Աստուծոյ կողմէ մեզի տրուած անձնական պարգեւ մըն է։ Պէտք է սորվինք զայն այդ կերպով նկատել։—Յովհ. 3։16

5։7-9. Չար ընկերակցութիւնները կրնան ‘մեզ ետ կեցնել՝ որ ճշմարտութեան չհնազանդինք’։ Անոնցմէ խուսափիլը խոհեմութիւն է։

6։1, 2, 5. «Հոգեւոր» որակներ ունեցողները կրնան մեզի օգնել նեղութիւն մը կրելու, ինչպէս՝ անգիտակցաբար սխալ քայլ մը առնելէն յառաջ եկած վրդովեցուցիչ կամ ծանր բան մը։ Բայց մեր հոգեւոր պատասխանատուութիւններուն բեռը մե՛նք պէտք է կրենք։

‘ԱՄԷՆ ԲԱՆ ԲՈՎԱՆԴԱԿԵԼ ՔՐԻՍՏՈՍՈՎ’

(Եփ. 1։1–6։24)

Եփեսացիներուն գրած իր նամակին մէջ քրիստոնէական միութեան բնաբանը ցցուն ընելով, Պօղոս կը խօսի «տնտեսութեան» մը մասին, ‘ժամանակներուն լրանալուն . . . ամէն բան բովանդակելու համար Քրիստոսով, ինչ որ երկինքը ու ինչ որ երկրի վրայ կայ’։ Քրիստոս ‘որպէս պարգեւ տրուած տղամարդիկ’ հայթայթած է, բոլորին օգնելու որ ‘հասնին հաւատքին միաբանութեան’։—Եփ. 1։10. 4։8, 13

Աստուած պատուելու եւ միութիւն յառաջացնելու համար, Քրիստոնեաները պէտք է ‘նոր մարդը հագնին’ եւ ‘իրարու հնազանդին Աստուծոյ վախով’։ Անոնք նաեւ պէտք է ‘Սատանային հնարքներուն դէմ դնեն’, ամբողջ հոգեւոր զրահը հագնելով։—Եփ. 4։24. 5։21. 6։11

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

1։4-7—Օծեալ Քրիստոնեաները ի՞նչպէս նախասահմանուած էին, իրենց ծնունդէն երկար ժամանակ առաջ։ Անոնք նախասահմանուած էին որպէս խումբ, կամ դասակարգ, եւ ո՛չ թէ անհատապէս։ Ասիկա տեղի ունեցաւ մարդկային մեղաւոր աշխարհը գոյանալէ առաջ։ Ծննդոց 3։15–ի մէջ արձանագրուած մարգարէութիւնը, որ ոեւէ մեղաւոր մարդու յղացումէն առաջ ըսուեցաւ, կը պարփակէ Աստուծոյ նպատակը, որ Քրիստոսի կարգ մը հետեւորդները իշխեն իրեն հետ երկինքի մէջ։—Գաղ. 3։16, 29

2։2—Աշխարհի հոգին ի՞նչպէս օդին նման է, եւ իր հեղինակութիւնը ի՞նչպէս կը բանեցնէ։ «Աշխարհի հոգին»,– անկախութեան եւ ըմբոստութեան հոգին,– մեր շնչած օդին պէս համատարած է։ (Ա. Կոր. 2։12) Անոր հեղինակութիւնը կամ զօրութիւնը կը կայանայ իր համոզիչ, յամառ եւ անողոք ըլլալուն մէջ։

2։6—Օծեալ Քրիստոնեաները ի՞նչպէս կրնան «երկնաւորներուն մէջ» ըլլալ, մինչ տակաւին երկրի վրայ են։ Հոս «երկնաւորներ» արտայայտութիւնը անոնց խոստացուած երկնային ժառանգութեան չ’ակնարկեր։ Փոխարէն, անիկա կը նշէ անոնց բարձր հոգեւոր դիրքը, որ ‘խոստացեալ Սուրբ Հոգիով կնքուելուն’ արդիւնքն է։—Եփ. 1։13, 14

Դասեր՝ մեզի համար.

4։8, 11-15. Յիսուս Քրիստոս «գերութիւնը գերի բռնեց», այսինքն՝ Սատանայի հակակշռին տակ գտնուող տղամարդիկ առաւ, որպէսզի զանոնք իբրեւ պարգեւներ գործածէ՝ քրիստոնէական ժողովքը կերտելու։ Կրնանք ‘սիրով ամէն բան աճեցնել’, մեր մէջ առաջնորդութիւն առնողներուն հնազանդելով եւ ենթարկուելով ու ժողովքային կարգադրութիւններուն հետ համագործակցելով։—Եբ. 13։7, 17

5։22-24, 33. Իր ամուսինին հպատակելէ զատ, կինը զայն պէտք է յարգէ։ Ան ասիկա կ’ընէ՝ «հեզ ու հանդարտ հոգի» ցուցաբերելով եւ անոր պատիւ բերելով, մինչ անոր մասին լաւ բաներ կը խօսի եւ կը ջանայ անոր որոշումները յաջողցնել։—Ա. Պետ. 3։3, 4. Տիտ. 2։3-5

5։25, 28, 29. Ինչպէս որ ինքզինք «կը սնուցանէ», ամուսին մը իր կնոջ համար պէտք է լաւ հայթայթող ըլլայ,– ֆիզիքապէս, զգացականօրէն եւ հոգեւորապէս։ Ան նաեւ պէտք է անոր վրայ գուրգուրայ, անոր հետ ժամանակ անցընելով եւ խօսքով ու գործով անոր հետ քնքշութեամբ վարուելով։

6։10-13. Դիւային ուժերուն դիմադրելու համար, սրտանց պէտք է հագնինք Աստուծոյ հայթայթած հոգեւոր սպառազինութիւնը։

ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆՔ ՊԱՏՇԱՃՕՐԷՆ ‘ՔԱԼԵԼ’

(Փլպ. 1։1–4։23)

Փիլիպպեցիներուն ուղղուած Պօղոսի նամակը սէրը աչքառու կը դարձնէ։ Պօղոս կ’ըսէ. «Կ’աղօթեմ որ ձեր սէրը հետզհետէ աւելի շատնայ գիտութիւնով ու իմաստութիւնով»։ Անոնց օգնելու որ չափազանց ինքնավստահութեան թակարդէն խուսափին, ան կը յորդորէ. «Ահով ու դողով անձերնուդ փրկութիւնը գործեցէք»։—Փլպ. 1։9. 2։12

Պօղոս հասուն անհատները կը քաջալերէ որ ‘Աստուծոյ վերին կոչումին մրցանակին վազեն’։ Ան կ’ըսէ. «Ի՛նչ աստիճանի որ հասեր ենք նոյն կանոնին համեմատ քալենք»։—Փլպ. 3։14-16

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

1։23—Ի՞նչ «երկու» բաներու կողմէ Պօղոս ճնշումի տակ էր, եւ ան ի՞նչ ‘մեկնում’ ցանկաց։ Իր պարագաներուն պատճառաւ, Պօղոս իր առջեւ դրուած երկու կարելիութիւններու կողմէ ճնշումի տակ էր. կեանք կամ մահ։ (Փլպ. 1։21) Թէեւ ան չնշեց իր ընտրութիւնը, բայց յայտնեց իր փափաքը,– ‘մեկնիլ ու Քրիստոսին հետ ըլլալ’։ (Փլպ. 3։20, 21. Ա. Թես. 4։15) Քրիստոսի ներկայութեան ընթացքին այս ‘մեկնումը’ տեղի պիտի ունենար եւ Պօղոս Եհովայի պատրաստած վարձատրութիւնը պիտի ստանար։—Մատ. 24։3

2։12, 13—Աստուած ի՞նչ կերպով պատճառ կ’ըլլայ որ ‘կամենանք ու գործենք’։ Եհովայի սուրբ հոգին կրնայ մեր սիրտին ու մտքին մէջ ներգործել, իր ծառայութեան մէջ մեր լաւագոյնը ընելու փափաքը աւելցնելու համար։ Ուստի օգնութեան աղբիւր ունինք, մինչ ‘մեր անձերուն փրկութիւնը կը գործենք’։

Դասեր՝ մեզի համար.

1։3-5. Թէեւ նիւթապէս աղքատ էին, Փիլիպպեցիները առատաձեռնութիւն ցուցաբերելուն մէջ ընտիր օրինակ հանդիսացան։—Բ. Կոր. 8։1-6

2։5-11. Ինչպէս Յիսուսի օրինակը կը յայտնէ, խոնարհութիւնը տկարութեան նշան չէ, այլ՝ բարոյական զօրութիւն ցոյց կու տայ։ Ասկէ զատ, Եհովա խոնարհները կը բարձրացնէ։—Առ. 22։4

3։13. «Ետեւի եղածները» կրնան ըլլալ՝ շահաբեր ասպարէզ, հարուստ ընտանիքի մը պատկանելու ապահովութիւնը, կամ նոյնիսկ անցեալին գործուած լուրջ մեղքեր, որոնց համար զղջացած ենք եւ անոնցմէ ‘մաքրուած ենք’։ (Ա. Կոր. 6։11) Այս բաները պէտք է մոռնանք, այսինքն՝ անոնցմով չմտահոգուինք, եւ ‘առջեւի եղածներուն դիմենք’։

«ՀԱՒԱՏՔԻՆ ՄԷՋ ՀԱՍՏԱՏՈՒԱԾ»

(Կող. 1։1–4։18)

Կողոսացիներուն յղած իր նամակին մէջ, Պօղոս սուտ ուսուցիչներուն սխալ տեսակէտները կը հերքէ։ Ան կը պատճառաբանէ թէ փրկութիւնը կախեալ է ո՛չ թէ Օրէնքի պահանջներէն, այլ՝ ‘հաւատքին մէջ կենալէն’։ Պօղոս Կողոսացիները կը քաջալերէ որ շարունակեն Քրիստոսի հետ ‘քալել, արմատ կապած, անոր վրայ շինուած ու հաւատքին մէջ հաստատուած’։ Այսպէս հաստատուիլը անոնց ի՞նչպէս պէտք է ազդէ։—Կող. 1։23. 2։6, 7

Պօղոս կը գրէ. «Այս բոլոր բաներուն վրայ սէրը հագէք, որ կատարելութեան կապն է։ Ու Աստուծոյ խաղաղութիւնը ձեր սրտերուն մէջ թագաւորէ»։ Առաքեալը անոնց կ’ըսէ. «Ինչ որ կ’ընէք՝ սրտանց ըրէք, որպէս թէ Տէրոջը ու ոչ թէ մարդոց»։ Ժողովքէն դուրս եղողներուն նկատմամբ, ան կ’ըսէ. «Խոհեմութեամբ վարուեցէք դուրսիններուն հետ»։—Կող. 3։14, 15, 23. 4։5

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

2։8—Ի՞նչ են «աշխարհի սկզբունքներ»ը, որոնցմէ Պօղոս զգուշացուց։ Ասոնք Սատանայի աշխարհին տարրերն են,– հիմնական բաներ կամ սկզբունքներ, որոնք կը կազմեն, կ’առաջնորդեն կամ կը դրդեն զայն։ (Ա. Յովհ. 2։16) Անոնք կը պարփակեն այս աշխարհի փիլիսոփայութիւնը, նիւթապաշտութիւնը եւ սուտ կրօնքները։

4։16—Լաւոդիկեցիներուն ուղղուած նամակը ինչո՞ւ Աստուածաշունչին մէկ մասը չէ։ Թերեւս քանի որ նամակը այսօրուան համար անհրաժեշտ եղող տեղեկութիւններ չէր բովանդակեր։ Կամ, կրնայ ըլլալ որ անիկա կանոնական նամակներուն մէջ նշուած կէտեր կրկնեց։

Դասեր՝ մեզի համար.

1։2, 20. Փրկանքը, Աստուծոյ շնորհքին մէկ արտայայտութիւնը, կրնայ մեր խղճմտանքը յանցապարտութենէ մաքրել եւ մեզի ներքին խաղաղութիւն տալ։

2։18, 23, ՆԱ. «Ձեւական խոնարհութիւն»ը,– կեղծ խոնարհութիւն՝ ուրիշները տպաւորելու համար, թերեւս նիւթական բաներ մերժելով կամ մարմնին հետ խստօրէն վարուելով,– ցոյց կու տայ թէ անհատը ‘իր մարմնաւոր միտքով փուճ տեղ կը հպարտանայ’։