Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

‘Աշխարհի հոգիին’ դիմադրէ

‘Աշխարհի հոգիին’ դիմադրէ

‘Աշխարհի հոգիին’ դիմադրէ

«Մենք ո՛չ թէ այս աշխարհի հոգին առինք, հապա այն Հոգին որ Աստուծմէն է» (Ա. ԿՈՐ. 2։12

1, 2. ա) Անցեալին, բրիտանական հանքերուն մէջ ինչո՞ւ դեղձանիկներ կը պահուէին։ բ) Քրիստոնեաները ի՞նչ վտանգ կը դիմագրաւեն։

ԲՐԻՏԱՆԱԿԱՆ հեղինակութիւնները օրէնք մը հանեցին 1911–ին, որուն նպատակն էր՝ ածխահանքերու մէջ աշխատող գործաւորներուն կեանքը փրկել։ Իւրաքանչիւր ածխահանքէ պահանջուեցաւ երկու դեղձանիկ պահել։ Ինչո՞ւ։ Որպէսզի հրդեհի պարագային ազատարարները զանոնք իրենց հետ առնելով գետնի տակը ուղղուէին։ Դեղձանիկները թունաւոր կազերէն դիւրաւ կ’ազդուին, ինչպէս՝ բնածուխի միաթթուիդ կազը։ Եթէ օդը ապականէր, այս թռչունները նեղութեան նշաններ պիտի յայտնէին, նոյնիսկ գլխիվայր իյնալով։ Այս կանուխ ազդարարութիւնը կենսական էր, քանի որ բնածուխի միաթթուիդը գոյն եւ հոտ չունի ու մահաբեր է, թոյլ չտալով արեան կարմիր գնդիկներուն որ մարմնին թթուածին հասցնեն։ Եթէ այսպիսի զգուշացում չտրուի, ազատարարները կրնան չանդրադառնալ թէ կը թունաւորուին, ուստի ուշակորոյս կ’ըլլան ու կը մահանան։

2 Հոգեւոր առումով, քրիստոնեաները հանքագործներուն պէս պարագայ մը կը դիմագրաւեն։ Ի՞նչպէս։ Երբ Յիսուս բարի լուրը համայն աշխարհի մէջ քարոզելու նշանակումը իր աշակերտներուն տուաւ, ան գիտէր թէ զիրենք վտանգաւոր միջավայր կը ղրկէր, որուն կը տիրապետեն Սատանան եւ աշխարհի հոգին (Մատ. 10։16. Ա. Յովհ. 5։19)։ Յիսուս իր աշակերտներուն նկատմամբ ա՛յնքան մտահոգ էր, որ իր կեանքին վերջին գիշերը իր Հօր աղօթեց. «Չեմ աղաչեր որ զանոնք աշխարհէն վերցնես, հապա որ զանոնք չարէն պահես» (Յովհ. 17։15

3, 4. Յիսուս իր աշակերտներուն ի՞նչ զգուշացում տուաւ, եւ ասիկա ինչո՞ւ մեզ պէտք է հետաքրքրէ։

3 Յիսուս իր հետեւորդները զգուշացուց վտանգէ մը, որ կրնայ հոգեւորապէս մահաբեր քուն պատճառել։ Իր խօսքերը մասնայատուկ իմաստ ունին մեզի համար,– մենք որ իրերու դրութեան վախճանին կ’ապրինք։ Ան իր աշակերտները յորդորեց. «Արթուն կեցէք. . . որ այս բոլոր նեղութիւններէն ազատիք եւ Որդին մարդոյ առջեւ կայնելու արժանի ըլլաք» (Ղուկ. 21։34-36)։ Բարեբախտաբար Յիսուս նաեւ խոստացաւ թէ իր Հայրը սուրբ հոգին պիտի տար, որպէսզի իրենց յիշողութիւնը թարմացնէր եւ իրենց օգնէր արթուն ու զօրաւոր մնալու (Յովհ. 14։26

4 Ներկայիս այդ նոյն սուրբ հոգին մատչելի՞ է որ մեզի օգնէ։ Եթէ այո՛, ի՞նչ պէտք է ընենք զայն ստանալու համար։ Աշխարհի հոգին ի՞նչ է եւ ի՞նչպէս կը գործէ։ Եւ ի՞նչպէս կրնանք այս աշխարհի հոգիին յաջողապէս դիմադրել (Կարդալ՝ Ա. Կորնթացիս 2։12

Սուրբ հոգի՞ն թէ աշխարհի հոգին

5, 6. Սուրբ հոգին մեզի համար ի՞նչ կրնայ ընել, եւ ի՞նչ պէտք է ընենք զայն ստանալու համար։

5 Սուրբ հոգիին հայթայթումը սահմանափակուած չէր առաջին դարուն։ Անիկա ներկայիս ալ դիւրամատչելի է, եւ Աստուծոյ հոգին կրնայ մեզի շիտակը ընելու զօրութիւնը տալ ու ծառայութեան մէջ ոյժ հայթայթել (Հռով. 12։11. Փլպ. 4։13)։ Անիկա նաեւ մեր մէջ նուրբ յատկութիւններ կը զարգացնէ, ինչպէս՝ սէր, քաղցրութիւն եւ բարութիւն, որոնք «հոգիին պտուղ»ին երեսակներն են (Գաղ. 5։22, 23)։ Սակայն Եհովա Աստուած իր սուրբ հոգին չի պարտադրեր անոնց՝ որոնք չեն ուզեր զայն ստանալ։

6 Ուստի տրամաբանական է հարց տալ. ‘Սուրբ հոգին ստանալու համար ի՞նչ կրնամ ընել’։ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ ընելիք շարք մը բաներ։ Կարեւոր քայլերէն մէկն է՝ զայն ուղղակի Աստուծմէ խնդրել (Կարդալ՝ Ղուկաս 11։13Ուրիշ օգտակար քայլ մըն է՝ հոգիէն ներշնչուած Աստուծոյ Խօսքին խրատները ուսումնասիրել ու կիրարկել (Բ. Տիմ. 3։16)։ Հարկաւ Աստուածաշունչը պարզապէս կարդացող անհատը Աստուծոյ հոգին չի ստանար։ Բայց երբ անկեղծ քրիստոնեայ մը Աստուծոյ Խօսքը կ’ուսումնասիրէ, կրնայ ներշնչեալ Խօսքին մէջ դրսեւորուած զգացումներն ու հայեցակէտը իւրացնել։ Նաեւ կենսական է որ ընդունինք թէ Եհովա Յիսուսը նշանակած է Իր ներկայացուցիչը եւ սուրբ հոգին հայթայթելու խողովակը (Կող. 2։6)։ Հետեւաբար կ’ուզենք մեր կեանքը Յիսուսի օրինակին եւ ուսուցումներուն հետ ներդաշնակել (Ա. Պետ. 2։21)։ Ո՛րքան աւելի ջանանք Քրիստոսի նմանիլ, ա՛յնքան աւելի սուրբ հոգին պիտի ստանանք։

7. Աշխարհի հոգին ի՞նչպէս անհատներուն կ’ազդէ։

7 Միւս կողմէ, աշխարհի հոգին մարդիկը կը մղէ Սատանայի անձնաւորութիւնը արտացոլացնելու (Կարդալ՝ Եփեսացիս 2։1-3Աշխարհի հոգին այլազան կերպերով կը գործէ։ Ինչպէս մեր շուրջը կը տեսնենք, անիկա Աստուծոյ չափանիշներուն դէմ ըմբոստութիւն կը քաջալերէ։ Անիկա «մարմնի ցանկութիւնը ու աչքերու ցանկութիւնը եւ այս կեանքին ամբարտաւանութիւնը» յառաջ կը մղէ (Ա. Յովհ. 2։16)։ Անիկա մարմնաւոր գործեր կ’արտադրէ, ինչպէս՝ պոռնկութիւն, կռապաշտութիւն, ոգեհարցութիւն, նախանձ, բարկութիւն ու գինովութիւն (Գաղ. 5։19-21)։ Անիկա նաեւ հաւատուրաց խօսքեր կը քաջալերէ, որոնք սուրբ բաները կ’ոտնահարեն (Բ. Տիմ. 2։14-18)։ Անխուսափելիօրէն, անհատ մը ո՛րքան աւելի թոյլ տայ որ աշխարհի հոգին իրեն ազդէ, ա՛յնքան աւելի Սատանայի նման կը դառնայ։

8. Բոլորս ալ ի՞նչ ընտրութիւն կը դիմագրաւենք։

8 Արտաքին ազդեցութիւններէ զերծ չենք կրնար ապրիլ։ Իւրաքանչիւր անհատ պէտք է ընտրէ թէ ի՛նչ բանի թոյլ պիտի տայ որ իր կեանքը ղեկավարէ,– սուրբ հոգին կամ աշխարհի հոգին։ Անոնք որ ներկայիս աշխարհի հոգիով կը ղեկավարուին, կրնան անոր ազդեցութենէն ձերբազատուիլ եւ թոյլ տալ որ սուրբ հոգին իրենց կեանքը առաջնորդէ։ Սակայն հակառակն ալ կարելի է։ Անոնք որ ատեն մը սուրբ հոգիով կ’առաջնորդուէին, կրնան աշխարհի հոգիին ծուղակը իյնալ (Փլպ. 3։18, 19)։ Այժմ նկատի առնենք թէ ի՛նչպէս կրնանք աշխարհի հոգիին դիմադրել։

Վտանգի առաջին նշանները զատորոշէ

9-11. Ի՞նչ նշաններ ցոյց կու տան թէ սկսած ենք աշխարհի հոգիին անձնատուր ըլլալ։

9 Յօդուածին սկիզբը նշուած բրիտանացի հանքագործները դեղձանիկներ գործածեցին, թունաւոր կազի ներկայութենէն զգուշանալու համար։ Եթէ թռչունը գետին փռուէր, հանքագործը արագօրէն պէտք էր գործի լծուէր, որպէսզի չմեռնէր։ Հոգեւոր առումով, ի՞նչ են առաջին նշաններէն ոմանք, որոնք կը նշեն թէ աշխարհի հոգիով ազդուած ենք։

10 Երբ առաջին անգամ Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնները սորվեցանք եւ ապա մեր կեանքը Եհովայի նուիրեցինք, հաւանաբար անձկագին Աստուածաշունչը կը կարդայինք եւ ջերմեռանդօրէն ու յաճախ կ’աղօթէինք։ Ժողովքային հանդիպումներուն ներկայ գտնուելով կ’ուրախանայինք, իւրաքանչիւրը հոգեւոր թարմացումի աղբիւր նկատելով, ինչպէս ովասիսը՝ ծարաւ մարդու։ Այս ընթացքը մեզի օգնեց աշխարհի հոգիէն ազատուելու եւ զերծ մնալու։

11 Տակաւին Աստուածաշունչը ամէն օր կը կարդա՞նք (Սաղ. 1։2)։ Մեր աղօթքները յաճախակի ու սրտա՞նց են։ Ժողովքային հանդիպումները կը սիրե՞նք, ամէն շաբաթ բոլորին ներկայ գտնուելով (Սաղ. 84։10)։ Կամ, այս լաւ սովորութիւններէն ոմանք կորսնցուցա՞ծ ենք։ Անշուշտ բազմաթիւ պատասխանատուութիւններ կրնանք ունենալ, որոնք մեր ժամանակն ու կորովը կը սպառեն, եւ հոգեւոր լաւ սովորամոլութիւն պահպանելը կրնայ մարտահրաւէր մը ըլլալ։ Բայց եթէ մեր լաւ սովորութիւններէն ոմանք ժամանակի ընթացքին կորսնցուցած ենք, կրնա՞յ ըլլալ որ սկսած ենք աշխարհի հոգիին անձնատուր ըլլալ։ Ատենօք մեր ունեցած լաւ սովորութիւնները վերահաստատելու համար լուրջ ջանք պիտի թափե՞նք։

‘Ձեր սիրտերը չծանրանան’

12. Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ որ որո՞նց ուշադիր ըլլան եւ ինչո՞ւ։

12 Աշխարհի հոգիին դիմադրելու համար, ուրիշ ի՞նչ կրնանք ընել։ Երբ Յիսուս իր աշակերտները յորդորեց որ ‘արթուն կենան’, արդէն զանոնք կարգ մը վտանգներէ զգուշացուցած էր։ Ան ըսաւ. «Դուք զգուշացէք ձեր անձերուն, չըլլայ որ սրտերնիդ կերուխումով ու գինովութիւնով եւ աշխարհային զբաղմունքներով ծանրանայ ու յանկարծակի այն օրը ձեր վրայ հասնի» (Ղուկ. 21։34, 35

13, 14. Տեղին է որ մենք մեզի ի՞նչ հարցումներ ուղղենք ուտելու եւ խմելու մասին։

13 Պահ մը խորհէ այդ զգուշացումին մասին։ Յիսուս ուտելն ու խմելը դատապարտե՞ց։ Ո՛չ։ Ան քաջածանօթ էր Սողոմոնի խօսքերուն. «Այս գիտեմ, որ ուրախ ըլլալէ ու կենդանութեան ատեն աղէկութիւն ընելէ զատ, ուրիշ աղէկ բան չկայ [մարդոց] մէջ։ Նաեւ ամէն մարդու ուտելն ու խմելը եւ իր բոլոր աշխատութենէն բարիք վայլելը Աստուծոյ պարգեւն է» (Ժող. 3։12, 13)։ Բայց եւ այնպէս, Յիսուս գիտէր թէ աշխարհի հոգին այս մարզերուն մէջ անժուժկալութիւն կը քաջալերէ։

14 Ի՞նչպէս կրնանք վստահ ըլլալ թէ աշխարհի հոգին չափազանց ուտելու կամ խմելու նկատմամբ մեր զգայարանքները չէ թունաւորած։ Կրնանք մենք մեզի հարց տալ. ‘Աստուածաշունչին կամ մեր հրատարակութիւններուն մէջ որկրամոլութեան մասին տրուած խրատներուն ի՞նչպէս կը հակազդեմ։ Այդ խրատները անտեղի կամ ծայրայեղ նկատելով զանոնք անտեսելու հակում ունի՞մ, թերեւս արարքներս չքմեղացնելու կամ արդարացնելու համար։ * Ի՞նչ է կարծիքս ալքոլի չափաւոր գործածութեան եւ «գինովութիւններ»է խուսափելու վերաբերեալ խրատներուն շուրջ։ Այսպիսի խրատներու կարեւորութիւնը կը նսեմացնե՞մ, խորհելով թէ այս կամ այդ պատճառով անոնք ինծի չեն կիրարկուիր։ Եթէ խմիչք գործածելուս նկատմամբ ուրիշներ մտահոգութիւն յայտնեն, կ’ընդվզի՞մ կամ կը բարկանա՞մ։ Ուրիշները կը քաջալերե՞մ որ այսպիսի աստուածաշնչական խրատներու ականջ չկախեն’։ Արդարեւ անհատին կեցուածքը ցոյց կու տայ թէ աշխարհի հոգիին անձնատուր կ’ըլլա՛յ կամ ոչ (Համեմատել՝ Հռովմայեցիս 13։11-14

Թոյլ մի՛ տար մտահոգութեան որ քեզ խեղդէ

15. Յիսուս մարդկային ո՞ր հակումէն զգուշացուց։

15 Աշխարհի հոգիին դիմադրելու կենսական այլ քայլ մըն է՝ մտահոգութիւնը հակակշռին տակ պահել։ Յիսուս գիտէր թէ մենք անկատար արարածներ ըլլալով, սովորական բաներու շուրջ մտահոգուելու հակում ունինք։ Ան իր աշակերտներուն սիրալիրօրէն ըսաւ. «Հոգ մի՛ ընէք» (Մատ. 6։25)։ Հասկնալի է որ կարեւոր հարցերով մտահոգուինք,– Աստուած հաճեցնել, քրիստոնէական պատասխանատուութիւններու հոգ տանիլ եւ ընտանիքին անհրաժեշտութիւնները հայթայթել (Ա. Կոր. 7։32-34)։ Ուստի Յիսուսի զգուշացումէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

16. Աշխարհի հոգին ի՞նչ ազդեցութիւն ունի շատերուն վրայ։

16 Աշխարհի հոգին, որ ապրուստի միջոցները ցուցադրաբար ներկայացնելուն վրայ շեշտ կը դնէ, շատերը վատառողջ մտահոգութեամբ մը կը վարակէ։ Աշխարհը կ’ուզէ որ հաւատանք թէ դրամը ապահովութեան համահաւասար է եւ անհատի մը արժէքը կը չափուի ո՛չ թէ իր հոգեւոր յատկութիւններով, այլ՝ իր ստացուածքներուն որակով ու քանակով։ Այս պրոպականդով խաբուած անհատները չարաչար կ’աշխատին հարստութիւն դիզելու եւ յարատեւ մտահոգ են որ նորագոյն, մեծագոյն եւ լաւագոյն արտադրութիւնները ձեռք ձգեն (Առ. 18։11)։ Նիւթական բաներու հանդէպ այսպիսի խեղաթիւրուած հայեցակէտ մը մտահոգութիւններ կը յառաջացնէ, որոնք անհատին հոգեւոր յառաջդիմութիւնը կրնան խեղդել (Կարդալ՝ Մատթէոս 13։18, 22

17. Ի՞նչպէս կրնանք մտահոգութեամբ խեղդուելէ խուսափիլ։

17 Կրնանք մտահոգութեամբ խեղդուելէ խուսափիլ, եթէ Յիսուսի պատուէրին հնազանդինք. «Առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը»։ Յիսուս մեզ կը հաւաստիացնէ թէ եթէ ասիկա ընենք, իսկապէս անհրաժեշտ եղող բաները մեզի պիտի տրուին (Մատ. 6։33)։ Ի՞նչպէս կրնանք ցոյց տալ թէ այս խոստումին կը հաւատանք։ Կերպերէն մէկն է՝ նա՛խ Աստուծոյ արդարութիւնը փնտռել, դրամական հարցերու մէջ աստուածային չափանիշներուն յարելով։ Օրինակ, կը մերժենք մեր տուրքերուն առնչութեամբ խարդախութիւն ընել կամ առեւտրական գործառնութեանց մէջ նոյնիսկ «պզտիկ» սուտեր խօսիլ։ Մեր ամէն կարելին կ’ընենք՝ մեր դրամական յանձնառութիւնները կատարելու համար, ինչպէս՝ պարտքեր վճարելը, մեր «այոն» յարգելով (Մատ. 5։37. Սաղ. 37։21)։ Այսպիսի պարկեշտութիւն կրնայ անհատը չհարստացնել, բայց Աստուծոյ հաճութիւնը կ’ապահովէ, մաքուր խղճմտանք յառաջ կը բերէ եւ մտահոգութիւնը մեծապէս կը նուազեցնէ։

18. Յիսուս մեզի ի՞նչ ընտիր օրինակ հանդիսացաւ, եւ զինք ընդօրինակելով ի՞նչպէս կ’օգտուինք։

18 Առա՛ջ Թագաւորութիւնը փնտռելը կը պարփակէ մեր նախապատուութիւնները կարգի դնել։ Նկատի առ Յիսուսի օրինակը։ Երբեմն ան որակաւոր պատմուճան կը հագնէր (Յովհ. 19։23)։ Ան լաւ բարեկամներու ընկերակցութեամբ կ’ուտէր ու գինի կը խմէր (Մատ. 11։18, 19)։ Բայց ինչքն ու զբօսանքը իրեն համար համեմներու պէս էին, եւ ո՛չ թէ բուն կերակուրը։ Յիսուսի կերակուրը Եհովայի կամքը ընելն էր (Յովհ. 4։34-36)։ Կեանքը շատ վարձահատոյց է, երբ Յիսուսի օրինակին հետեւինք։ Ուրախ կ’ըլլանք ոտնակոխուած մարդոց օգնելով որ Սուրբ Գրութիւններէն մխիթարութիւն ստանան։ Ժողովքին սէրը եւ աջակցութիւնը կը շահինք ու Եհովայի սիրտը կ’ուրախացնենք։ Մեր նախապատուութիւնները կարգի դնելով, ինչքն ու հաճոյքը մեր տէրերը չեն ըլլար։ Փոխարէն, անոնք ծառաներ կամ գործիքներ կ’ըլլան, որոնք մեզի կ’օգնեն Եհովան պաշտելու։ Իսկ Աստուծոյ Թագաւորութեան թիկունք կանգնող գործին մէջ ո՛րքան աւելի գործունեայ ըլլանք, ա՛յնքան աւելի կը նուազի հաւանականութիւնը որ աշխարհի հոգին մեզ նուաճէ։

Շարունակէ «հոգեւոր խորհուրդ» ունենալ

19-21. Ի՞նչպէս կրնանք շարունակել հոգիին մասին մտածել, եւ ինչո՞ւ։

19 Խորհուրդները կը կանխեն արարքները։ Ինչ որ շատեր կը կոչեն անմիտ արարքներ, յաճախ մարմնաւոր մտածմունքի հետեւանքն են։ Հետեւաբար Պօղոս առաքեալ մեզի կը յիշեցնէ որ մեր մտածումը պէտք է պաշտպանենք։ Ան գրեց. «Մարմնաւոր եղողները մարմնին բաները կը մտածեն ու հոգեւոր եղողները՝ հոգիին բաները» (Հռով. 8։5

20 Ի՞նչպէս կրնանք թոյլ չտալ աշխարհի հոգիին որ մեր մտածումին,– եւ հետեւաբար մեր արարքներուն,– տիրապետէ։ Մեր մտքին վրայ զտիչ մը պէտք է դնենք, ջանալով կարելի եղածին չափ դուրս ձգել աշխարհի պրոպականդը։ Օրինակ, ժամանց ընտրելու ատեն, չենք ուզեր որ մեր միտքը արատաւորուի յայտագիրներով, որոնք անբարոյութիւնը կամ բռնութիւնը կը փառաւորեն։ Կը գիտակցինք թէ Աստուծոյ սուրբ կամ մաքուր հոգին պիտի չբնակի աղտոտ մտքին մէջ (Սաղ. 11։5. Բ. Կոր. 6։15-18)։ Անկէ զատ, Աստուածաշունչի կանոնաւոր ընթերցանութեամբ, աղօթքով, խոկալով եւ ժողովներու յաճախելով, Աստուծոյ հոգին կը հրաւիրենք որ մեր մտքէն ներս թափանցէ։ Եւ այս հոգիին հետ կը համագործակցինք, մինչ կանոնաւորաբար քրիստոնէական քարոզչութեան կը մասնակցինք։

21 Վստահաբար, աշխարհի հոգիին եւ անոր քաջալերած մարմնաւոր ցանկութիւններուն պէտք է դիմադրենք։ Բայց թափուած ջանքերը կ’արժեն, քանի որ Պօղոս կ’ըսէ. «Մարմնաւոր խորհուրդը մահ է իսկ հոգեւոր խորհուրդը՝ կեանք ու խաղաղութիւն» (Հռով. 8։6

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 14 Որկրամոլութիւնը մտային կեցուածք մըն է, որ կը նշուի ուտել–խմելու անյագ ցանկութեամբ։ Հետեւաբար անհատին կշիռը չէ որ կ’որոշէ որկրամոլութիւնը, այլ՝ ուտելիքի հանդէպ անոր կեցուածքը։ Անհատ մը կրնայ մարմնի սովորական կազմ ունենալ կամ նոյնիսկ նիհար ըլլալ, բայց եւ այնպէս՝ որկրամոլ ըլլալ։ Միւս կողմէ, կարգ մը պարագաներուն գիրութիւնը հիւանդութեան մը հետեւանքն է, կամ ժառանգական ազդակները կրնան սոնքութեան նպաստել։ Անհատին կշիռը ի՛նչ որ ալ ըլլայ, բուն հարցը այն է թէ ուտել–խմելու անյագ ցանկութիւն ունի՞ (Տես՝ «Հարցումներ ընթերցողներէն», Դիտարան 1 նոյեմբեր 2004 թիւին մէջ

Կը յիշե՞ս

• Սուրբ հոգին ստանալու համար ի՞նչ պէտք է ընենք։

• Աշխարհի հոգին ի՞նչ կերպերով կրնայ մեզի ազդել։

• Ի՞նչպէս կրնանք աշխարհի հոգիին դիմադրել։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 29]

Դպրոց կամ գործի երթալէ առաջ, աղօթքով սուրբ հոգին խնդրէ

[Նկարներ՝ էջ 31]

Մեր միտքը մաքուր պէտք է պահենք, առեւտրական գործառնութիւններու մէջ պարկեշտ ըլլանք եւ սովորութիւններու մէջ չափաւոր ըլլանք