Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովա. «Ազատարար»՝ Աստուածաշունչի ժամանակներուն

Եհովա. «Ազատարար»՝ Աստուածաշունչի ժամանակներուն

Եհովա. «Ազատարար»՝ Աստուածաշունչի ժամանակներուն

«Ո՛վ Աստուած, շուտով հասի՛ր ինծի։ Իմ օգնականս ու փրկիչս [«Ազատարարս», ՆԱ] դուն ես» (ՍԱՂ. 70։5

1, 2. ա) Աստուծոյ երկրպագուները ե՞րբ իրեն կը դիմեն օգնութեան համար։ բ) Ի՞նչ հարցում կ’ուղղուի եւ ո՞ւր կրնանք պատասխանը գտնել։

ԱՐՁԱԿՈՒՐԴԻ ընթացքին, 23 տարեկան ամուսնացած կնոջ մը ծնողքը կը տեղեկանայ թէ իրենց դուստրը անհետացած է։ Անոնք կասկածելով թէ ոճիր գործուած է, իսկոյն տուն կը վերադառնան, մինչ Եհովայէ կ’աղաչեն որ իրենց օգնէ։ Երբ 20 տարեկան վկայ մը կ’իմանայ թէ բռնուած է հիւանդութենէ մը, որ ի վերջոյ զինք ամբողջովին պիտի անդամալուծէ, անմիջապէս աղօթքով Եհովայի կը դիմէ։ Գործ մը գտնել ջանացող առանձին մայր մը, իրեն ու իր 12 տարեկան աղջկան ուտելիք գնելու բաւարար դրամ չունենալով, Եհովայի առջեւ իր սիրտը կը թափէ։ Արդարեւ, երբ Աստուծոյ երկրպագուները խիստ փորձութիւններ կամ դժուարութիւններ դիմագրաւեն, բնականաբար իրեն կը դիմեն օգնութեան համար։ Երբեք նեղ կացութեան մը մէջ Եհովայի օգնութիւնը խնդրա՞ծ ես։

2 Կարեւոր հարցում մը ի յայտ կու գայ. իրապէս կրնա՞նք ակնկալել որ Եհովա մեր օգնութեան աղաղակներուն պատասխանէ։ Հաւատք ամրապնդող պատասխանը կը գտնուի 70–րդ սաղմոսին մէջ, զոր Դաւիթ գրած է, Եհովայի հաւատարիմ մէկ երկրպագուն, որ իր կեանքի ընթացքին բազմաթիւ փորձութիւններ ու դժուարութիւններ դիմագրաւեց։ Ներշնչման ներքեւ այս սաղմոսերգուն մղուեցաւ Եհովայի ըսելու. «Ո՛վ Աստուած. . . իմ օգնականս ու փրկիչս [«Ազատարարս», ՆԱ] դուն ես» (Սաղ. 70։570–րդ սաղմոսը քննարկելը կրնայ մեզի օգնել տեսնելու թէ ինչո՛ւ կրնանք նեղութեան ատեն Եհովայի դիմել եւ լիովին վստահ ըլլալ թէ ան մեր «Ազատարար»ը պիտի ըլլայ։

«Ազատարարս դուն ես»

3. ա) 70–րդ սաղմոսը օգնութեան ի՞նչ աղաղակ կը բովանդակէ։ բ) 70–րդ սաղմոսին մէջ Դաւիթ ի՞նչ վստահութիւն կը յայտնէ։

3 70–րդ սաղմոսը Աստուծոյ օգնութիւնը խնդրող աղաղակով կը սկսի եւ կը վերջանայ (Կարդալ՝ Սաղմոս 70։1-5Դաւիթ Եհովայի կը պաղատի որ զինք ազատելու համար ‘արտորայ’ ու ‘շուտով հասնի’։ Ասոնց միջեւ եղող համարներուն մէջ, Դաւիթ հինգ խնդրանք կը ներկայացնէ, իւրաքանչիւրը «թող» բառով կը սկսի, փափաք կամ իղձ արտայայտելով։ Առաջին երեքը զինք սպաննել փորձողներուն մասին են։ Դաւիթ Եհովայի կ’աղերսէ որ այս թշնամիները նուաճէ եւ զանոնք ամչցնէ իրենց չարագործութեան համար։ Յաջորդ երկու խնդրանքները, 4–րդ համարին մէջ, Աստուծոյ ժողովուրդին վերաբերեալ են։ Դաւիթ կ’աղօթէ որ Եհովան փնտռողները մղուին ցնծալու եւ զինք մեծցնելու։ Իր սաղմոսը եզրափակելով, Դաւիթ Եհովայի կ’ըսէ. «Իմ Օգնականս ու Ազատարարս դուն ես»։ Նկատի առ թէ Դաւիթ հոս «թող» բառը չի գործածեր, որպէս թէ յաւելեալ խնդրանք մը ըլլար։ Փոխարէն, իր վստահութիւնը յայտնելով՝ ան կ’ըսէ. «Դուն ես»։ Դաւիթ կը հաւատայ թէ աստուածային օգնութիւն պիտի ստանայ։

4, 5. 70–րդ սաղմոսէն Դաւիթի մասին ի՞նչ կը սորվինք, եւ ի՞նչ վստահութիւն կրնանք ունենալ։

4 70–րդ սաղմոսը Դաւիթի մասին ի՞նչ ցոյց կու տայ։ Երբ իր թշնամիները կ’ուզէին զինք սպաննել, Դաւիթ ընտրեց հարցերը իր ձեռքը չառնել։ Փոխարէն, ան Եհովայի ապաւինեցաւ որ հակառակորդներուն հետ վարուի Ի՛ր որոշած ժամանակին եւ Ի՛ր ուզած կերպով (Ա. Թագ. 26։10)։ Ան հաստատօրէն համոզուած էր թէ Եհովա Զինք փնտռողներուն կ’օգնէ եւ կ’ազատէ (Եբ. 11։6)։ Դաւիթ կը հաւատար թէ ճշմարիտ երկրպագուները ամէն պատճառ ունին ուրախանալու եւ Եհովան մեծցնելու, Իր մեծութեան մասին ուրիշներուն պատմելով (Սաղ. 5։11. 35։27

5 Դաւիթի նման, կրնանք լրիւ վստահութիւն ունենալ թէ Եհովա մեր Օգնականն ու «Ազատարար»ն է։ Ուստի, երբ խիստ փորձութիւններ դիմագրաւենք կամ օգնութեան մեծ կարիք զգանք, կրնանք պատշաճօրէն աղօթել որ Եհովա արագօրէն մեզի աջակցի (Սաղ. 71։12)։ Սակայն Եհովա օգնութեան համար մեր մատուցած աղօթքներուն ի՞նչպէս կը պատասխանէ։ Այս կէտը նկատի առնելէ առաջ, քննարկենք երեք կերպեր, որոնցմով Եհովա խիստ նեղութեան ժամանակ Դաւիթը ազատեց։

Հակառակորդներուն ձեռքէն ազատել

6. Ի՞նչ բան Դաւիթի օգնեց գիտնալու թէ Եհովա արդարները կ’ազատէ։

6 Դաւիթ իր օրերուն մատչելի եղող Սուրբ Գրութիւններէն գիտէր թէ արդարները կրնան օգնութեան համար Եհովայի ապաւինիլ։ Երբ Եհովա ամբարիշտ աշխարհին վրայ Ջրհեղեղը բերաւ, Նոյը եւ իր աստուածավախ ընտանիքը ողջ պահեց (Ծն. 7։23)։ Երբ Եհովա Սոդոմի եւ Գոմորի չար բնակիչներուն վրայ կրակ ու ծծումբ տեղացուց, արդար Ղովտի եւ անոր երկու աղջիկներուն օգնեց որ իրենց կեանքը փրկեն (Ծն. 19։12-26)։ Երբ Եհովա ամբարտաւան փարաւոնը եւ իր զօրքերը Կարմիր ծովուն մէջ բնաջնջեց, Իր ժողովուրդը ողջ պահեց, անոնց օգնելով որ ահաւոր կործանումէ խուսափին (Ել. 14։19-28)։ Ուստի զարմանալի՞ է որ Դաւիթ ուրիշ սաղմոսի մէջ Եհովան գովաբանեց որպէս «փրկութեան Աստուած» (Սաղ. 68։20

7-9. ա) Դաւիթ Աստուծոյ փրկաբեր զօրութեան վստահելու ի՞նչ պատճառ ունէր։ բ) Դաւիթ իր ազատման վարկը որո՞ւ տուաւ։

7 Դաւիթ նաեւ անձնական պատճառ մը ունէր որ Եհովայի փրկաբեր զօրութեան վստահէր։ Ան ականատես եղած էր թէ Եհովայի «յաւիտենական բազուկները» կրնան Իրեն ծառայողները ազատել (Բ. Օր. 33։27)։ Մէկէ աւելի առիթներով, Եհովա Դաւիթը ազատած էր իր զայրացած ‘թշնամիներուն’ ճիրաններէն (Սաղ. 18։17-19, 48)։ Նկատի առ օրինակ մը։

8 Երբ իսրայէլացի կիներ սկսան Դաւիթը գովաբանել իր զինուորական քաջագործութիւններուն համար, ասիկա Սաւուղ թագաւորին նախանձը ա՛յնքան գրգռեց, որ իր նիզակը երկու անգամ Դաւիթի վրայ նետեց (Ա. Թագ. 18։6-9)։ Երկու անգամին ալ Դաւիթ կրցաւ պրծիլ։ Ասիկա պարզապէս իբր փորձառու ռազմիկ, Դաւիթի ճարպիկութեան եւ արագաշարժութեա՞ն շնորհիւ էր։ Ո՛չ։ Աստուածաշունչի արձանագրութիւնը կը բացատրէ թէ «Տէրը անոր հետ էր» (Կարդալ՝ Ա. Թագաւորաց 18։11-14Հետագային, երբ փղշտացիներու ձեռքով Դաւիթը սպաննելու իր ծրագիրը ձախողեցաւ, Սաւուղ «տեսաւ ու հասկցաւ թէ Տէրը Դաւիթին հետ է» (Ա. Թագ. 18։17-28

9 Դաւիթ իր ազատման վարկը որո՞ւ տուաւ։ 18–րդ սաղմոսի մակագրութիւնը (ԱՎ) կ’ըսէ թէ Դաւիթ «ուղղեց Տէրոջ այս երգին խօսքերը այն օրը՝ երբ Տէրը ազատեց զինք. . . Սաւուղի ձեռքէն»։ Ան սաղմոսին մէջ իր զգացումները արտայայտեց, ըսելով. «Տէրը իմ վէմս, ամրութիւնս ու փրկիչս է։ Իմ Աստուածս իմ պարիսպս է, ես անոր կը յուսամ» (Սաղ. 18։2)։ Մեր հաւատքը չի՞ զօրանար, գիտնալով թէ Եհովա իր ժողովուրդը ազատելու կարող է (Սաղ. 35։10

Հիւանդութեան ընթացքին կազդուրել

10, 11. Ի՞նչ բան մեզի կ’օգնէ որոշելու թէ Դաւիթ ե՛րբ 41–րդ սաղմոսի նշած հիւանդութենէն տառապեցաւ։

10 Դաւիթ թագաւոր անգամ մը ծանր հիւանդութեամբ բռնուեցաւ, որուն մասին ակնարկութիւն եղած է 41–րդ սաղմոսին մէջ։ Ան ա՛յնքան հիւանդ էր որ իր թշնամիներէն ոմանց թուեցաւ թէ «ա՛լ պիտի չելլէ» (Համար 7, 8)։ Ասիկա ե՞րբ տեղի ունեցաւ։ Սաղմոսին մէջ նշուած պարագաները թերեւս կապ ունին Դաւիթի կեանքին այն ճնշիչ ժամանակին հետ, երբ իր որդին՝ Աբիսողոմ փորձեց գահը խլել (Բ. Թագ. 15։6, 13, 14

11 Օրինակ, Դաւիթ կ’ակնարկէ վստահելի բարեկամի մը, որուն հետ հաց կ’ուտէր, նշելով թէ ան զինք մատնեց (Համար 9)։ Ասիկա մեր միտքը կը բերէ Դաւիթի վստահելի խրատատուն՝ Աքիտոփէլ, որ դաւաճան դառնալով միացաւ Աբիսողոմի հրահրած ապստամբութեան (Բ. Թագ. 15։31. 16։15)։ Պահ մը երեւակայէ հիւանդ թագաւորը իր անկողնին մէջ, ոտքի ելլելու անկարող, եւ գիտէ թէ դաւաճաններով շրջապատուած է, որոնք իր մահուան անհամբեր կը սպասեն, որպէսզի կարենան իրենց չարամիտ ծրագիրները իրագործել (Համար 5

12, 13. ա) Դաւիթ ի՞նչ վստահութիւն յայտնեց։ բ) Հաւանաբար Աստուած ի՞նչպէս Դաւիթը զօրացուց։

12 «Ազատարար»ին հանդէպ Դաւիթի վստահութիւնը չխախտեցաւ։ Ուղիղ երկրպագուի մը նկատմամբ որ հիւանդ է, Դաւիթ ըսաւ. «Նեղութեան օրը Տէրը պիտի փրկէ զանիկա։ Տէրը անոր ոյժ պիտի տայ տկարութեան անկողնին մէջ. անոր բոլոր տկարութիւնները պիտի բուժէ հիւանդութեան ատենը» (Սաղ. 41։1, 3)։ «Տէրը պիտի» արտայայտութեան մէջ վերստին կը տեսնենք Դաւիթի վստահութիւնը։ Ան վստահ էր թէ Եհովա զինք պիտի ազատէր։ Ի՞նչպէս։

13 Դաւիթ չակնկալեց որ Եհովա հրաշք մը գործէ ու հիւանդութիւնը վերացնէ։ Փոխարէն, ան վստահ էր թէ Եհովա ‘իրեն ոյժ պիտի տար’,– իրեն նեցուկ պիտի կանգնէր եւ զօրացնէր իր տկարութեան անկողնին մէջ։ Դաւիթ անկասկած այսպիսի օգնութեան կարիք ունէր։ Զինք տկարացնող հիւանդութեան կողքին, ան շրջապատուած էր թշնամիներով, որոնք իր մասին գէշ բաներ կը խօսէին (Համար 5, 6)։ Հաւանական է որ Եհովա Դաւիթը զօրացուց, անոր միտքը մխիթարական գաղափարներ բերելով։ Հետաքրքրականօրէն, Դաւիթ ըսաւ. «Զիս իմ անմեղութեանս մէջ կը պահես» (Համար 12)։ Թերեւս ան զօրացաւ, խորհելով այն իրողութեան մասին, թէ հակառակ իր տկար վիճակին եւ թշնամիներուն խօսած գէշ բաներուն, Եհովա զինք ուղղամիտ կը նկատէր։ Ի վերջոյ Դաւիթ ապաքինեցաւ։ Սրտապնդիչ չէ՞ գիտնալ թէ Եհովա կրնայ հիւանդներուն նեցուկ կանգնիլ (Բ. Կոր. 1։3

Կարիքները հոգալ

14, 15. Դաւիթ ու իր մարդիկը ե՞րբ նեղ կացութեան մատնուեցան, եւ ի՞նչ օգնութիւն ստացան։

14 Երբ Դաւիթ Իսրայէլի թագաւոր եղաւ, լաւագոյն ուտելիքն ու խմելիքը ունէր, եւ նոյնիսկ կրնար շատեր հրաւիրել որ իր սեղանէն ճաշակեն (Բ. Թագ. 9։10)։ Սակայն Դաւիթ նաեւ գիտէր թէ ի՛նչ կը նշանակէ չքաւորութիւն քաշել։ Երբ իր որդին՝ Աբիսողոմ ապստամբութիւն մը կազմակերպեց ու փորձեց գահը խլել, Դաւիթ եւ բազմաթիւ համակիրներ Երուսաղէմէն դուրս ելան։ Անոնք Գաղաադի երկիրը փախան, Յորդանան գետին արեւելքը (Բ. Թագ. 17։22, 24)։ Փախստականներ ըլլալով, Դաւիթ ու իր մարդիկը ուտելիքի, խմելիքի եւ հանգիստի մեծ կարիք ունէին։ Սակայն այդ հեռաւոր վայրին մէջ ո՞ւր կրնային պաշար գտնել։

15 Ի վերջոյ, Դաւիթ եւ իր մարդիկը Մանայիմ քաղաքը հասան։ Անոնք երեք կտրիճ մարդոց հանդիպեցան,– Սոբի, Մաքիր եւ Բերզելի։ Աստուծոյ կողմէ նշանակուած թագաւորին օգնելու համար, անոնք պատրաստ էին իրենց կեանքը վտանգելու, գիտակցելով որ եթէ Աբիսողոմ կարենար թագաւորել, անկասկած խստօրէն պիտի պատժէր ոեւէ անհատ որ Դաւիթի նեցուկ կանգնած էր։ Երեք հաւատարիմ հպատակները շատ անհրաժեշտ բաներ հայթայթեցին, ինչպէս՝ անկողիններ, ցորեն, գարի, բոհրած ցորեն, բակլայ, ոսպ, մեղր, կոգի եւ ոչխարներ (Կարդալ՝ Բ. Թագաւորաց 17։27-29Այս երեքին արտակարգ նուիրուածութիւնն ու հիւրասիրութիւնը անպայման Դաւիթի սիրտին դպաւ։ Ան ի՞նչպէս կրնար մոռնալ անոնց ըրածները։

16. Դաւիթի եւ իր մարդոց կարիքները հոգալուն բուն վարկը որո՞ւն կ’երթայ։

16 Սակայն Դաւիթի եւ իր մարդոց կարիքները հոգալուն բուն վարկը որո՞ւն կ’երթայ։ Դաւիթ վստահ էր որ Եհովա իր ժողովուրդը կը հոգայ։ Վստահաբար Եհովա կրնայ իր ծառաները մղել որ կարիքաւոր երկրպագուներու օգնութեան փութան։ Գաղաադի երկրին մէջ տեղի ունեցած դէպքին մասին խորհրդածելով, անկասկած Դաւիթ երեք տղամարդոց ցուցաբերած քաղցրութիւնը սեպեց Եհովայի սիրալիր հոգատարութեան մէկ արտայայտութիւնը։ Իր կեանքին վերջաւորութեան, Դաւիթ գրեց. «Տղայ էի ու ծերացայ, բայց արդարը [ի ներառեալ՝ ինք] անտես եղած չտեսայ, կամ անոր զաւակը՝ հաց մուրացող» (Սաղ. 37։25)։ Մխիթարական չէ՞ գիտնալ թէ Եհովայի ձեռքը երբեք կարճ չէ (Առ. 10։3

«Տէրը գիտէ բարեպաշտները. . . ազատել»

17. Եհովա կրկին անգամ ի՞նչ ապացուցանած է։

17 Դաւիթ այն բազմաթիւ երկրպագուներէն միայն մէկն է, զորս Եհովա ազատեց Աստուածաշունչի ժամանակներուն։ Դաւիթի օրերէն ի վեր Աստուած կրկին անգամ փաստած է Պետրոս առաքեալի խօսքերուն ճշմարիտ ըլլալը. «Տէրը գիտէ բարեպաշտները փորձութենէ ազատել» (Բ. Պետ. 2։9)։ Նկատի առ յաւելեալ երկու օրինակ։

18. Եզեկիայի օրերուն՝ Եհովա իր ծառաները ի՞նչպէս ազատեց։

18 Երբ մ.թ.ա. ութերորդ դարուն, Ասորեստանի հզօր բանակը Յուդա ներխուժեց եւ Երուսաղէմի սպառնաց, Եզեկիա թագաւոր աղօթեց. «Ով Տէր Աստուած մեր, ազատէ՛ մեզ. . . որպէս զի երկրին բոլոր թագաւորութիւնները գիտնան թէ միայն դուն ես Տէրը» (Եսա. 37։20)։ Եզեկիայի գլխաւոր մտահոգութիւնը Աստուծոյ անունն ու համբաւն էր։ Եհովա այդ ջերմեռանդ աղօթքին պատասխանեց։ Մէկ գիշերուան մէջ, հրեշտակ մը 185,000 ասորեստանցի սպաննեց, Եհովայի հաւատարիմ ծառաները ազատելով (Եսա. 37։32, 36

19. Առաջին դարու քրիստոնեաները ո՞ր ազդարարութեան ականջ տալով ազատուեցան։

19 Իր մահէն քանի մը օր առաջ, Յիսուս Հրէաստանի մէջ գտնուող իր աշակերտներուն օգտին համար մարգարէական ազդարարութիւն մը տուաւ (Կարդալ՝ Ղուկաս 21։20-22Տասնամեակներ անցան, բայց մ.թ. 66–ին, հրէական ըմբոստութիւն մը պատճառ եղաւ որ հռովմէական բանակները Երուսաղէմի վրայ յարձակին։ Սեսդիոս Գաղիոսի առաջնորդութեամբ լեգէոնները յաջողեցան տաճարի պարիսպէն մաս մը տկարացնել, սակայն յանկարծ նահանջեցին։ Ասիկա Յիսուսի նախագուշակած կործանումէն խոյս տալու պատեհութիւն նկատելով, հաւատարիմ քրիստոնեաները լեռները փախան։ Մ.թ. 70–ին հռովմէական լեգէոնները վերադարձան եւ Երուսաղէմը ամբողջովին կործանեցին։ Յիսուսի ազդարարութեան ականջ տուող քրիստոնեաները այդ ահռելի աղէտէն ազատուեցան (Ղուկ. 19։41-44

20. Ինչո՞ւ կրնանք Եհովայի վստահիլ որպէս մեր «Ազատարար»ը։

20 Մեր հաւատքը կը զօրանայ երբ կը խոկանք այն ապացոյցին վրայ թէ Եհովա իր ժողովուրդին կ’օգնէ։ Ինչ որ ան անցեալին ըրաւ, մեզի վստահութեան հիմ կու տայ։ Ի՛նչ որ ալ ըլլան մեր դիմագրաւած ներկայ կամ ապագայ դժուարութիւնները, կրնա՛նք լիովին Եհովայի վստահիլ որպէս մեր «Ազատարար»ը։ Յաջորդ յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք թէ Եհովա ի՛նչպէս մեզ կ’ազատէ եւ այս յօդուածին սկիզբը նշուած անհատներուն ի՛նչ պատահեցաւ։

Կը յիշե՞ս

70–րդ սաղմոսը վստահութեան ի՞նչ պատճառ կու տայ մեզի։

• Դաւիթ հիւանդութեան ընթացքին ի՞նչ օգնութիւն ստացաւ։

• Ո՞ր օրինակները ցոյց կու տան թէ Եհովա կրնայ իր ժողովուրդը հակառակորդներուն ձեռքէն ազատել։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 14]

Եհովա Եզեկիայի աղօթքին պատասխանեց