Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հօտէն մոլորած անհատներուն օգնէ

Հօտէն մոլորած անհատներուն օգնէ

Հօտէն մոլորած անհատներուն օգնէ

«Ուրախ եղէք ինծի հետ, վասն զի իմ կորսուած ոչխարս գտայ» (ՂՈՒԿ. 15։6

1. Յիսուս ի՞նչպէս ապացուցանած է թէ գորովալից հովիւ մըն է։

ԵՀՈՎԱՅԻ միածին Որդին՝ Յիսուս Քրիստոս կոչուած է «ոչխարներուն մեծ Հովիւը» (Եբ. 13։20)։ Սուրբ Գրութիւնները անոր գալուստը նախագուշակեցին եւ ցոյց տուին թէ ան եզակի Հովիւ մըն էր, որ ջանաց իսրայէլի «կորսուած ոչխարներ»ը փնտռել (Մատ. 2։1-6. 15։24)։ Անկէ զատ, ինչպէս որ բառացի հովիւ մը իր կեանքը կու տայ ոչխարները պաշտպանելու համար, Յիսուս մեռաւ իբրեւ փրկանքի զոհ ոչխարանման անհատներու համար, որոնք իր զոհէն պիտի օգտուէին (Յովհ. 10։11, 15. Ա. Յովհ. 2։1, 2

2. Թերեւս ի՞նչ բան պատճառ եղած է որ կարգ մը քրիստոնեաներ անգործունեայ դառնան։

2 Դժբախտաբար, ոմանք որոնք Յիսուսի զոհը կը գնահատէին եւ Աստուծոյ նուիրուած էին, այլեւս քրիստոնէական ժողովքին չեն ընկերակցիր։ Թերեւս վհատութիւնը, առողջապահական խնդիրները կամ այլ ազդակներ անոնց նախանձախնդրութիւնը տկարացուցած եւ զանոնք անգործունեայ դարձուցած են։ Սակայն միայն Աստուծոյ հօտին մաս կազմելով է որ անոնք կրնան 23–րդ սաղմոսին մէջ Դաւիթի նշած անդորրութիւնն ու երջանկութիւնը վայելել։ Օրինակ, ան տաղերգեց. «Տէրը իմ հովիւս է. ես բանի մը կարօտութիւն պիտի չունենամ» (Սաղ. 23։1)։ Աստուծոյ հօտին մէջ եղողները հոգեւոր առումով բանի մը կարօտութիւն չունին, բայց մոլորած ոչխարներուն պարագան այդպէս չէ։ Որո՞նք կրնան անոնց օգնել։ Ի՞նչպէս կարելի է օժանդակութիւն հայթայթել։ Արդարեւ, ի՞նչ կարելի է ընել անոնց օգնելու որ հօտին վերադառնան։

Որո՞նք կրնան օգնել

3. Յիսուս ի՞նչպէս ցոյց տուաւ թէ ի՛նչ բանի կարիք կայ՝ Աստուծոյ արօտին կորսուած ոչխարները փրկելու համար։

3 Աստուծոյ արօտին կորսուած ոչխարները ազատելու համար, անկեղծ ջանք կը պահանջուի (Սաղ. 100։3)։ Յիսուս ասիկա լուսաբանեց, երբ ըսաւ. «Եթէ մարդ մը հարիւր ոչխար ունենայ եւ անոնցմէ մէկը մոլորի, իննսունինը ոչխարը լեռները չի՞ ձգեր ու երթար մոլորածը փնտռեր։ Եթէ գտնելու ըլլայ, ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, որ աւելի ուրախ կ’ըլլայ անոր վրայ, քան թէ իննսունիննին՝ որոնք մոլորած չէին։ Այսպէս, ձեր երկնաւոր Հայրը չի հաճիր որ այս պզտիկներէն մէկը կորսուի» (Մատ. 18։12-14)։ Որո՞նք կրնան հօտէն մոլորած ոչխարանման անհատներուն օգնել։

4, 5. Երէցները Աստուծոյ հօտին հանդէպ ի՞նչ կեցուածք պէտք է ունենան։

4 Որպէսզի քրիստոնեայ երէցները մոլորած ոչխարներուն իսկապէս օգնեն, ի մտի պէտք է ունենան թէ Աստուծոյ հօտը՝ Եհովայի նուիրուած անհատներէ բաղկացած ժողովք մըն է,– արդարեւ ‘Աստուծոյ արօտին ոչխարները’, որոնք թանկագին են (Սաղ. 79։13)։ Այս սիրելի ոչխարները գորովալից հոգածութեան կը կարօտին, ուստի սիրալիր հովիւներ անոնցմով անձնապէս պէտք է հետաքրքրուին։ Անոնց բարեկամական՝ հովուական այցելութիւններ տալը կրնայ շատ ազդու ըլլալ։ Հովիւի մը տուած սիրալիր քաջալերութիւնը կրնայ զիրենք հոգեւորապէս կերտել ու հօտին վերադառնալու իրենց փափաքը աւելցնել (Ա. Կոր. 8։1

5 Աստուծոյ հօտին հովիւները մոլորած ոչխարները փնտռելու եւ անոնց օգնելու պարտականութիւնը ունին։ Պօղոս առաքեալ վաղեմի Եփեսոսի քրիստոնեայ երէցներուն յիշեցուց իրենց հովուական պատասխանատուութիւնները, երբ ըսաւ. «Զգուշացէ՛ք ձեր անձերուն եւ բոլոր հօտին համար, որուն վրայ Սուրբ Հոգին ձեզ տեսուչ դրաւ Աստուծոյ եկեղեցին հովուելու զոր իր [«Որդիին», ՆԱ] արիւնովը ստացաւ» (Գործք 20։28)։ Նոյնպէս, Պետրոս առաքեալ օծեալ երէցներուն սա յորդորը տուաւ. «Աստուծոյ հօտը որ ձեր մէջ է՝ արածեցէք, վերակացու ըլլալով ո՛չ թէ ակամայ՝ հապա կամաւ, ո՛չ թէ անարգ շահախնդրութեամբ՝ հապա յօժարութեամբ, ո՛չ թէ վիճակներուն վրայ տիրելով՝ հապա հօտին օրինակ ըլլալով» (Ա. Պետ. 5։1-3

6. Աստուծոյ ոչխարները ինչո՞ւ յատկապէս այսօր հովիւներուն հոգատարութեան կարիք ունին։

6 Քրիստոնեայ հովիւները պէտք է «բարի հովիւը»՝ Յիսուսը ընդօրինակեն (Յովհ. 10։11)։ Ան Աստուծոյ հօտով խորապէս հետաքրքրուած էր եւ անոր հոգ տանելու կարեւորութիւնը շեշտեց, երբ Սիմոն Պետրոսի ըսաւ որ ‘Իր գառնուկները արածէ’ (Կարդալ՝ Յովհաննէս 21։15-17Յատկապէս ներկայիս ոչխարները այսպիսի հոգատարութեան կարիք ունին, քանի որ Բանսարկուն Աստուծոյ նուիրուած անհատներուն ուղղամտութիւնը բեկանելու իր ջանքերը աւելցուցած է։ Սատանան մարմնաւոր տկարութիւնները կը շահագործէ եւ աշխարհը կը գործածէ, ջանալով Եհովայի ոչխարները մեղաւոր գործունէութիւններու միջամուխ դարձնել (Ա. Յովհ. 2։15-17. 5։19)։ Անգործունեաները յատկապէս խոցելի են, եւ հետեւաբար օգնութեան կարիք ունին, որպէսզի ‘հոգիով քալելու’ խրատը կիրարկեն (Գաղ. 5։16-21, 25)։ Այս ոչխարներուն օգնելը կը պահանջէ՝ աղօթքով Աստուծոյ վստահիլ, իր հոգիին առաջնորդութիւնը խնդրել եւ իր Խօսքը հմտօրէն գործածել (Առ. 3։5, 6. Ղուկ. 11։13. Եբ. 4։12

7. Ո՞րքան կարեւոր է որ երէցներ իրենց հոգատարութեան յանձնուած ոչխարանման անհատները հովուեն։

7 Վաղեմի Իսրայէլի մէջ հովիւ մը իր հօտը առաջնորդելու համար, երկար ու կոր ցուպ կամ գաւազան մը կը գործածէր։ Երբ ոչխարները փարախ պիտի մտնէին կամ անկէ դուրս պիտի ելլէին, անոնք ‘գաւազանին տակէն կ’անցնէին’ եւ հովիւը զանոնք կը համրէր (Ղեւ. 27։32. Միք. 2։12. 7։14)։ Քրիստոնեայ հովիւը նոյնպէս պէտք է իր հոգատարութեան յանձնուած Աստուծոյ հօտը լաւ ճանչնայ եւ իւրաքանչիւրին բարօրութեամբ հետաքրքրուի (Համեմատել՝ Առակաց 27։23)։ Հետեւաբար, հովուութիւնը երէցներու մարմինին կողմէ քննարկուած կարեւոր հարցերէն մէկն է։ Ասիկա կը պարփակէ մոլորած ոչխարներուն օգնելու ծրագիրներ ընել։ Եհովա ինք ըսաւ թէ իր ոչխարները պիտի փնտռէր եւ անոնց հարկ եղած հոգատարութիւնը պիտի տար (Եզեկ. 34։11)։ Ուստի Աստուած կը հաճի, երբ երէցներ համանման քայլեր առնելով կը ջանան մոլորած ոչխարներուն օգնել որ հօտին վերադառնան։

8. Երէցները ի՞նչ կերպերով կրնան ոչխարներուն անձնական ուշադրութիւն ընծայել։

8 Երբ հաւատակից մը ֆիզիքապէս հիւանդ է, Աստուծոյ հօտին մէկ հովիւին այցելութիւնը կրնայ ուրախութեան ու քաջալերութեան աղբիւր ըլլալ։ Պարագան նոյնը կրնայ ըլլալ, երբ հոգեւորապէս հիւանդ ոչխարի մը անձնական ուշադրութիւն ընծայուի։ Երէցները կրնան համարներ կարդալ, յօդուած մը աչքէ անցընել, ժողովներէն քաղուած ուշագրաւ կէտերու մասին խօսիլ, անգործունեայ անհատին հետ աղօթել, եւ այլն։ Անոնք կրնան նշել թէ ժողովքին անդամները պիտի ուրախանան զինք ժողովներուն դարձեալ տեսնելով (Բ. Կոր. 1։3-7. Յակ. 5։13-15)։ Այցելութիւն մը, հեռաձայն մը, կամ նամակ մը կրնայ մեծ նշանակութիւն ունենալ։ Հօտէն մոլորած ոչխարի մը անձնական օգնութիւն մատուցանելը կրնայ նաեւ կարեկից հովիւին ուրախութիւնը աւելցնել։

Համագործակցական ջանքեր

9, 10. Մոլորած ոչխարով հետաքրքրուիլը ինչո՞ւ սահմանափակուած չէ երէցներուն։

9 Խճողուած ու շատ վտանգաւոր ժամանակներու մէջ ապրելով, կարելի է որ չնկատենք թէ հաւատակից մը սկսած է ժողովքէն հեռանալ (Եբ. 2։1)։ Այսուհանդերձ Եհովայի ոչխարները իր աչքին թանկարժէք են։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը արժէք ունի, ինչպէս՝ մարդկային մարմինի իւրաքանչիւր անդամը։ Ուստի բոլորս ալ մեր եղբայրներով պէտք է հետաքրքրուինք եւ իրապէս իրարու հոգ տանինք (Ա. Կոր. 12։25)։ Այսպիսի կեցուածք մը ունի՞ս։

10 Թէեւ երէցները մոլորած ոչխարները փնտռելու եւ անոնց օգնելու մէջ առաջնորդութիւնը կ’առնեն, բայց հեռացած հաւատակիցներով հետաքրքրուիլը սահմանափակուած չէ քրիստոնեայ տեսուչներուն։ Ուրիշներ ալ կրնան այս հովիւներուն հետ համագործակցիլ։ Քաջալերութիւն ու հոգեւոր աջակցութիւն կրնանք մատուցանել եւ պէտք է մատուցանենք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն, որոնք հօտին վերադառնալու համար օգնութեան կարիք ունին։ Այս օգնութիւնը ի՞նչպէս կարելի է մատուցանել։

11, 12. Ի՞նչպէս կարելի է որ հոգեւոր օգնութեան կարիք ունեցողի մը օժանդակելու առանձնաշնորհումը ունենաս։

11 Կարգ մը պարագաներուն, երէցները կը կարգադրեն որ Թագաւորութեան փորձառու հրատարակիչ մը Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը վարէ անգործունեայ անհատի մը հետ, որ կը փափաքի օգնութիւն ստանալ։ Այս ջանքերուն նպատակն է՝ այսպիսիներուն «առաջուան սէր»ը վերարծարծել (Յայտ. 2։1, 4)։ Անոնք կրնան հոգեւորապէս կերտուիլ եւ ամրապնդուիլ, նկատի առնելով նիւթեր, որոնք իրենց բացակայութեան շրջանին քննարկուեցան ժողովներուն մէջ։

12 Եթէ երէցները քեզմէ խնդրեն որ հոգեւոր օգնութեան կարիք ունեցող հաւատակիցի մը հետ ուսումնասիրես, աղօթէ որ Եհովա ջանքերդ ուղղէ եւ օրհնէ։ Արդարեւ «քու գործերդ Տէրոջը յանձնէ եւ քու խորհուրդներդ պիտի հաստատուին» (Առ. 16։3)։ Մտածէ թէ ի՛նչ համարներ ու հաւատք զօրացնող կէտեր կրնաս գործածել։ Խորհրդածէ Պօղոս առաքեալի ընտիր օրինակին մասին (Կարդալ՝ Հռովմայեցիս 1։11, 12Պօղոս կը փափաքէր Հռովմի քրիստոնեաները տեսնել, անոնց հոգեւոր շնորհք հաղորդելու համար, որպէսզի հաստատուին։ Ան նաեւ ակնկալեց անոնցմէ քաջալերութիւն ստանալ։ Նոյն հոգին պէտք չէ՞ ցուցաբերենք, երբ կը ջանանք Աստուծոյ հօտէն մոլորած ոչխարներուն ձեռք հասցնել։

13. Անգործունեայ անհատի մը հետ ի՞նչ բաներ կրնաս նկատի առնել։

13 Ուսումնասիրութեան նիստերուն ընթացքին, կրնաս հարցնել. «Ճշմարտութիւնը ի՞նչպէս սորվեցար»։ Անգործունեայ անհատին օգնէ որ անցեալին իր վայելած ուրախութիւնները մտաբերէ, զինք քաջալերելով որ ժողովներուն, քարոզչութեան ու համաժողովներուն մէջ իր ունեցած հաճելի փորձառութիւններուն մասին խօսի։ Ուշադրութիւն հրաւիրէ այն ուրախ ժամանակներուն վրայ, զորս թերեւս միասնաբար վայելած էիք Եհովայի ծառայութեան մէջ։ Եհովայի աւելի մօտենալով ձեռք ձգած ուրախութեանդ մասին խօսէ (Յակ. 4։8)։ Իր ժողովուրդը ըլլալով, մեր կարիքները հայթայթելու Աստուծոյ կերպին հանդէպ երախտագիտութիւնդ յայտնէ,– յատկապէս՝ նեղութիւններու ներքեւ մխիթարութիւն եւ յոյս տալը (Հռով. 15։4. Բ. Կոր. 1։3, 4

14, 15. Թերեւս օգտակար ըլլայ անգործունեաներուն յիշեցնել անցեալին իրենց վայելած ո՞ր օրհնութիւնները։

14 Շատ հաւանաբար օգտակար պիտի ըլլայ անգործունեայ անհատին յիշեցնել անցեալին իր վայելած կարգ մը օրհնութիւնները, երբ ժողովքին սերտօրէն կ’ընկերակցէր։ Օրինակ, Աստուծոյ Խօսքին ու նպատակներուն գիտութեան մէջ աճելու օրհնութիւնը (Առ. 4։18)։ Երբ ան ‘հոգիով կը քալէր’, մեղք գործելու փորձութեան դէմ դնելը անկասկած աւելի դիւրին էր (Գաղ. 5։22-26)։ Իսկ մաքուր խղճմտանքը կարելի կը դարձնէր որ ան աղօթքով Եհովայի մօտենար ու վայելէր ‘Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է եւ մեր սրտերն ու մտքերը կը պահպանէ’ (Փլպ. 4։6, 7)։ Այսպիսի կէտեր ի մտի ունեցիր, անկեղծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերէ եւ ամէն գնով սիրալիրօրէն հոգեւոր եղբայրդ կամ քոյրդ քաջալերէ որ հօտին վերադառնայ (Կարդալ՝ Փիլիպպեցիս 2։4

15 Եթէ երէց մըն ես, որ անգործունեայ զոյգի մը հովուական այցելութիւն կու տաս, կրնաս զանոնք քաջալերել որ մտաբերեն այն ժամանակը, երբ առաջին անգամ ըլլալով Աստուծոյ Խօսքէն ճշմարտութիւնը սորվեցան։ Ճշմարտութիւնը ի՜նչ սքանչելի, տրամաբանական, գոհացուցիչ եւ հոգեւորապէս ազատագրող էր (Յովհ. 8։32)։ Եհովայի, իր սիրոյն եւ փառաւոր նպատակներուն մասին սորվելով, անոնց սիրտը ո՜րքան երախտագիտութեամբ յորդեցաւ (Համեմատել՝ Ղուկաս 24։32)։ Անոնց յիշեցուր նուիրուած քրիստոնեաներուն վայելած սերտ յարաբերութիւնը Եհովայի հետ եւ աղօթելու սքանչելի առանձնաշնորհումը։ Անգործունեաները սրտանց քաջալերէ որ «երանելի Աստուծոյ փառաւոր աւետարան»ին դարձեալ ընդառաջեն (Ա. Տիմ. 1։11

Շարունակէ անոնց հանդէպ սէր ցուցաբերել

16. Օրինակ մը նշէ՝ ցոյց տալու համար թէ հոգեւոր օգնութիւն հայթայթելու ջանքերը իրապէս ազդու են։

16 Վերոյիշեալ թելադրութիւնները իրապէս գործնակա՞ն են։ Այո՛։ Օրինակ, 12 տարեկան դեռատի մը Թագաւորութեան հրատարակիչ եղաւ, բայց 15 տարեկանին անգործունեայ դարձաւ։ Հետագային ան դարձեալ գործունեայ եղաւ, եւ աւելի քան 30 տարիէ ի վեր լիաժամ ծառայութեան մէջ է։ Անոր հոգեւոր ապաքինումը մեծ մասամբ քրիստոնեայ երէցի մը կողմէ տրուած աջակցութեան շնորհիւ էր։ Ան ո՜րքան շնորհապարտ էր իրեն տրուած հոգեւոր օգնութեան համար։

17, 18. Ի՞նչ յատկութիւններ քեզի պիտի օգնեն որ Աստուծոյ հօտէն մոլորած անհատի մը ձեռք տաս։

17 Սէրն է որ քրիստոնեաները կը մղէ անգործունեաներուն օգնելու որ ժողովքին վերադառնան։ Իր հետեւորդներուն առնչութեամբ Յիսուս ըսաւ. «Նոր պատուիրան մը կու տամ ձեզի, որ մէկզմէկ սիրէք, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի, որ դուք ալ մէկզմէկ սիրէք։ Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք» (Յովհ. 13։34, 35)։ Իրօք, սէրը ճշմարիտ քրիստոնեաները բնորոշող նշան մըն է, եւ վստահաբար պէտք է ցուցաբերուի մկրտուած քրիստոնեաներու հանդէպ, որոնք անգործունեայ դարձած են։ Բայց հարկ եղած օգնութիւնը մատակարարելը կը պահանջէ աստուածային յատկութիւններ գործադրել։

18 Աստուծոյ հօտէն մոլորած անհատի մը օգնելու համար, ի՞նչ յատկութիւններ պէտք է ցուցաբերես։ Սիրոյ կողքին, կարեկցութիւն, քաղցրութիւն, հեզութիւն եւ երկայնամտութիւն պէտք է ցոյց տաս։ Պարագաներէն կախեալ ըլլալով, թերեւս ներող ալ պէտք է ըլլաս։ Պօղոս գրեց. «Ձեր վրայ հագէ՛ք գութը, ողորմութիւնը եւ քաղցրութիւնը, խոնարհութիւնը, հեզութիւնը, երկայնմտութիւնը, իրարու համբերելով եւ իրարու ներելով՝ եթէ մէկը մէկուն դէմ տրտունջ մը ունենայ. ինչպէս Քրիստոս ձեզի ներեց, նոյնպէս ալ՝ դո՛ւք։ Եւ այս բոլոր բաներուն վրայ սէրը հագէք, որ կատարելութեան կապն է» (Կող. 3։12-14

19. Ինչո՞ւ կ’արժէ ջանք թափել ոչխարանման անհատներուն օգնելու որ քրիստոնէական փարախը վերադառնան։

19 Յաջորդ յօդուածը նկատի պիտի առնէ թէ ի՛նչ պատճառներով ոմանք Աստուծոյ հօտէն կը մոլորին եւ ցոյց պիտի տայ թէ վերադարձողներուն ի՛նչ ընդունելութիւն կը սպասէ։ Մինչ զանիկա կ’ուսումնասիրես եւ այս յօդուածին վրայ կը խոկաս, ի մտի ունեցիր որ ոչխարանման անհատները քրիստոնէական փարախը վերադարձնելու համար կ’արժէ ամէն ջանք թափել։ Իրերու ներկայ դրութեան մէջ շատեր իրենց ամբողջ կեանքը կը վատնեն՝ ջանալով հարստութիւն դիզել, բայց միայն մէկ անհատի կեանքը շա՜տ աւելի կ’արժէ քան՝ ամբողջ աշխարհին դրամը։ Յիսուս ասիկա ընդգծեց կորսուած ոչխարին առակին մէջ (Մատ. 18։12-14)։ Մի՛ մոռնար այս կէտը, մինչ անկեղծօրէն ու ստիպողական հոգիով կը ջանաս օգնել Եհովայի սիրելի ոչխարներուն որ հօտին վերադառնան։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես

• Քրիստոնեայ հովիւները հօտէն մոլորած ոչխարանման անհատներուն հանդէպ ի՞նչ պատասխանատուութիւն ունին։

• Ի՞նչպէս կրնաս օգնել անոնց, որոնք ներկայիս ժողովքին չեն ընկերակցիր։

• Ի՞նչ յատկութիւններ կրնան քեզի օգնել որ հօտէն մոլորած անհատներուն ձեռք հասցնես։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 17]

Քրիստոնեայ հովիւները սիրալիրօրէն կը ջանան Աստուծոյ հօտէն մոլորած անհատներուն օգնել