Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յակոբոսի եւ Պետրոսի նամակներէն աչքառու կէտեր

Յակոբոսի եւ Պետրոսի նամակներէն աչքառու կէտեր

Եհովայի խօսքը կենդանի է

Յակոբոսի եւ Պետրոսի նամակներէն աչքառու կէտեր

ՅԻՍՈՒՍԻ խորթ եղբայրը՝ Յակոբոս աշակերտ, մ.թ. 33–ի Պէնտէկոստէէն շուրջ 30 տարի ետք, հոգեւոր իսրայէլի «տասներկու ցեղերուն» նամակ մը կը գրէ (Յակ. 1։1)։ Իր նպատակն է՝ զանոնք յորդորել որ հաւատքի մէջ զօրաւոր ըլլան ու փորձութիւններու տոկան։ Ան նաեւ խրատներ կու տայ՝ սրբագրելու համար խռովեցուցիչ վիճակներ, որոնք ժողովքներուն մէջ զարգացած են։

Մ.թ. 64–ին՝ հռովմայեցի Ներոն կայսրին հրահրած հալածանքէն առաջ, Պետրոս առաքեալ քրիստոնեաներուն կը գրէ իր առաջին նամակը, զիրենք քաջալերելով որ հաւատքին մէջ հաստատուն կայնին։ Անկէ քիչ ետք, Պետրոս իր երկրորդ նամակը կը գրէ, հաւատակիցները յորդորելով որ Աստուծոյ խօսքին ուշադրութիւն ընծայեն եւ Եհովայի օրուան գալը ի մտի ունենան։ Արդարեւ, Յակոբոսի եւ Պետրոսի նամակներուն բովանդակած պատգամներուն ուշադրութիւն ընծայելով կրնանք օգտուիլ (Եբ. 4։12

ԱՍՏՈՒԱԾ ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆ ԿՈՒ ՏԱՅ ‘ՀԱՒԱՏՔՈՎ ԽՆԴՐՈՂՆԵՐՈՒՆ’

(Յակ. 1։1–5։20)

Յակոբոս կը գրէ. «Երանելի է այն մարդը, որ փորձութեան կը համբերէ։ Վասն զի եթէ փորձուելով ընտիր գտնուի, կենաց պսակը պիտի առնէ»։ Անոնք որ կը շարունակեն ‘հաւատքով խնդրել’, Եհովայէ կը ստանան հարկ եղած իմաստութիւնը, որպէսզի փորձութիւններու տոկան (Յակ. 1։5-8, 12

Ժողովքին մէջ «վարդապետ» կամ ուսուցիչ եղողներուն համար ալ հաւատքն ու իմաստութիւնը անհրաժեշտ են։ Լեզուն բնորոշելէ ետք որպէս «պզտիկ անդամ մը», որ կրնայ ‘ամբողջ մարմինը ապականել’, Յակոբոս կը զգուշացնէ աշխարհային հակումներէ, որոնք կրնան Աստուծոյ հետ անհատի մը յարաբերութեան վնասել։ Ան նաեւ կ’ուրուագծէ այն քայլերը, զորս հոգեւորապէս հիւանդ եղողը պէտք է առնէ որ ապաքինի (Յակ. 3։1, 5, 6. 5։14, 15

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

2։13—Ի՞նչ կերպով «ողորմութիւնը կը պարծենայ դատաստանին դիմաց»։ Երբ մեր անձին համար Աստուծոյ հաշիւ պիտի տանք, ան հաշուի պիտի առնէ ուրիշներուն հանդէպ մեր ցուցաբերած ողորմութիւնը եւ մեզի ներէ իր Որդիին փրկանքի զոհին հիման վրայ (Հռով. 14։12)։ Ասիկա պատճառ մը չէ՞ որ ողորմութիւնը մեր կեանքին մէջ տիրական յատկութիւն մը դարձնենք։

4։5—Յակոբոս հոս ո՞ր համարը կը մէջբերէ։ Յակոբոս մասնայատուկ համար մը չի մէջբերեր։ Աստուծմէ ներշնչուած այս խօսքերը հաւանաբար հիմնուած են կարգ մը համարներու ետին եղող ընդհանուր գաղափարին վրայ, ինչպէս՝ Ծննդոց 6։5. 8։21. Առակաց 21։10 եւ Գաղատացիս 5։17։

5։20—«Ան, որ մեղաւորը իր մոլորութեան ճամբայէն կը դարձնէ», որո՞ւն հոգին մահէն կը փրկէ։ Քրիստոնեայ մը որ յանցագործը մեղաւոր ընթացքէ ետ կը դարձնէ, զղջացող անհատին հոգին կ’ազատէ հոգեւոր մահէն եւ թերեւս յաւիտենական կործանումէն։ Մեղաւորին այս կերպով օգնող անհատը նաեւ անոր «մեղքերու բազմութիւնը կը ծածկէ»։

Դասեր՝ մեզի համար.

1։14, 15. Մեղքը անպատշաճ ցանկութիւններէ ծագում կ’առնէ։ Հետեւաբար սխալ ցանկութիւններ պէտք չէ սնուցանենք, անոնց վրայ խոկալով։ Փոխարէն, պէտք է շարունակենք շինիչ բաներու մասին ‘խորհիլ’ եւ անոնցմով մեր միտքն ու սիրտը լեցնել (Փլպ. 4։8

2։8, 9. ‘Աչառութիւն ընելը’ սիրոյ «արքայական օրէնք»ին հակառակ է։ Ուստի ճշմարիտ քրիստոնեաները կողմնակցութիւն չեն ըներ։

2։14-26. Մենք ‘հաւատքի միջոցով կը փրկուինք’, եւ ո՛չ թէ մովսիսական օրէնքի «գործերէն» կամ իբրեւ քրիստոնեաներ մեր կատարած գործերով։ Մեր հաւատքը Աստուծոյ հաւատալէն շա՛տ աւելին պէտք է պարփակէ (Եփ. 2։8, 9. Յովհ. 3։16)։ Անիկա մեզ պէտք է մղէ Աստուծոյ կամքին հետ ներդաշնակ գործելու։

3։13-17. «Վերին իմաստութիւնը» վստահաբար կը գերազանցէ «երկրաւոր, շնչաւոր եւ դիւական» իմաստութիւնը։ Պէտք է շարունակենք ‘աստուածային իմաստութիւնը ծածուկ գանձերու պէս փնտռել’ (Առ. 2։1-5

3։18. Թագաւորութեան բարի լուրին սերմը պէտք է ‘խաղաղութեամբ սերմանուի անոնց միջոցով՝ որ խաղաղութիւն կ’ընեն’։ Կարեւոր է որ մենք խաղաղարարներ ըլլանք եւ ո՛չ թէ՝ յոխորտ, կռուազան կամ խռովարար։

‘ՀԱՒԱՏՔՈՎ ՀԱՍՏԱՏՈՒԱԾ ԿԵՑԷՔ’

(Ա. Պետ. 1։1–5։14)

Պետրոս հաւատակիցներուն կը յիշեցնէ երկնային ժառանգի իրենց «կենդանի յոյս»ը։ Պետրոս անոնց կ’ըսէ. «Դուք ընտիր ցեղ մըն էք, թագաւորական քահանայութիւն, սուրբ ազգ»։ Հնազանդութեան շուրջ որոշակի խրատներ տալէ ետք, ան բոլորը կը յորդորէ որ ‘մէկ մտքի վրայ ըլլան, կարեկից, եղբայրասէր, ողորմած ու քաղցրաբարոյ’ (Ա. Պետ. 1։3, 4. 2։9. 3։8

‘Ամէն բանի [հրէական իրերու դրութեան] վախճանը մօտենալով’, Պետրոս եղբայրները կը խրատէ որ ‘զգաստ ըլլան ու աղօթքի մէջ արթուն կենան’։ Ան անոնց կ’ըսէ. «Արթո՛ւն կեցէք, հսկեցէ՛ք, . . .[Սատանայի] դէմ կեցէ՛ք հաւատքով հաստատուած» (Ա. Պետ. 4։7. 5։8, 9

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

3։20-22—Մկրտութիւնը ի՞նչպէս կը փրկէ մեզ։ Մկրտութիւնը փրկուիլ ուզողներուն համար պահանջ մըն է։ Սակայն մկրտութիւնը ինքնին մեզ չի փրկեր։ Փրկութիւնը «Յիսուս Քրիստոսին յարութիւնով» է։ Մկրտութեան թեկնածուն պէտք է հաւատայ թէ փրկութիւնը կարելի է միայն քանի որ Յիսուս զոհաբերական մահով մեռաւ, յարուցանուեցաւ եւ «Աստուծոյ աջ կողմն է», հեղինակութիւն ունենալով ողջերուն եւ մեռելներուն վրայ։ Այսպիսի հաւատքի մը վրայ հիմնուած մկրտութիւնը կը համապատասխանէ ‘ութ հոգիի ջուրէն ազատուելուն’։

4։6—Որո՞նք էին այն «մեռելներ»ը, որոնց «աւետարանը քարոզուեցաւ»։ Անոնք բարի լուրը լսելէ առաջ՝ «յանցանքներու ու մեղքերու մէջ մեռած» կամ հոգեւորապէս մեռած անհատներ էին (Եփ. 2։1)։ Սակայն բարի լուրին հաւատք ընծայելէ ետք, անոնք սկսան հոգեւորապէս ‘ապրիլ’։

Դասեր՝ մեզի համար.

1։7. Մեր հաւատքը արժէքաւոր ըլլալու համար, փորձուած որակ պէտք է ունենայ։ Այսպիսի զօրաւոր հաւատք մը արդարեւ ‘հոգին կը փրկէ’ (Եբ. 10։39)։ Մեր հաւատքի փորձերուն դիմաց պէտք չէ ետ քաշուինք։

1։10-12. Հրեշտակները ցանկացին զննել ու հասկնալ խոր հոգեւոր ճշմարտութիւնները, զորս օծեալ քրիստոնէական ժողովքին առնչութեամբ Աստուծոյ վաղեմի մարգարէները գրեցին։ Սակայն այս բաները բացորոշ դարձան միայն երբ Եհովա սկսաւ ժողովքին հետ գործառնութիւն ունենալ (Եփ. 3։10)։ Հրեշտակներուն օրինակին պէտք չէ՞ հետեւինք եւ ջանանք «Աստուծոյ խորունկ բաները» քննել (Ա. Կոր. 2։10

2։21. Մեր Տիպարը՝ Յիսուս Քրիստոսը ընդօրինակելով, պէտք է յօժարինք տառապիլ, նոյնիսկ մինչեւ մահ, որպէսզի Եհովայի գերիշխանութիւնը վեր բռնենք։

5։6, 7. Երբ մեր հոգը Եհովայի վրայ ձգենք, ան մեզի կ’օգնէ որ շարունակենք մեր կեանքին մէջ առաջնահերթութիւնը տալ ճշմարիտ պաշտամունքին, փոխանակ անտեղիօրէն մտահոգուելու թէ յաջորդ օրը ի՛նչ պիտի բերէ (Մատ. 6։33, 34

‘ՏԷՐՈՋԸ ՕՐԸ ՊԻՏԻ ԳԱՅ’

(Բ. Պետ. 1։1–3։18)

Պետրոս կը գրէ. «Մարգարէութիւն մը երբեք մարդոց կամքին պէս չտրուեցաւ, հապա Աստուծոյ սուրբ մարդիկը Սուրբ Հոգիէն շարժուած՝ խօսեցան»։ Մարգարէական խօսքին ուշադրութիւն ընծայելը կրնայ մեզ պաշտպանել «սուտ վարդապետներ»է եւ այլ մոլորեցնողներէ (Բ. Պետ. 1։21. 2։1-3

«Վերջին օրերը ծաղր ընողներ պիտի գան», կը զգուշացնէ Պետրոս։ Բայց «Տէրոջը օրը գողի պէս պիտի գայ»։ Պետրոս իր նամակը կ’եզրափակէ ողջամիտ խրատներ տալով անոնց, որոնք ‘կը սպասեն ու կ’արտորան Աստուծոյ օրուան գալուն’ (Բ. Պետ. 3։3, 10-12

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

1։19—Ո՞վ է «արուսեակը», ան ե՞րբ կը ծագի եւ ի՞նչպէս կը գիտնանք թէ ասիկա տեղի ունեցած է։ «Արուսեակը» թագադրուած Յիսուս Քրիստոսն է (Յայտ. 22։16)։ 1914–ին, Յիսուս ամբողջ ստեղծագործութեան առջեւ ծագեցաւ որպէս մեսիական Թագաւոր, նոր օրուան մը արշալոյսը ծանուցանելով։ Այլակերպութիւնը, Յիսուսի փառքին ու թագաւորական հեղինակութեան մասին նմոյշ մը հայթայթեց, Աստուծոյ մարգարէական խօսքին վստահելիութիւնը ընդգծելով։ Այդ խօսքին ուշադրութիւն ընծայելը մեր սրտերը կը լուսաւորէ, եւ այսպէս կը գիտակցինք թէ Արուսեակը ծագած է։

2։4—Ի՞նչ է «տարտարոս»ը եւ ե՞րբ ըմբոստ հրեշտակները հոն նետուեցան։ Տարտարոսը բանտանման վիճակ մըն է, որուն կը յանձնուին միայն հոգեղէն արարածներ եւ ո՛չ թէ մարդիկ։ Անիկա Աստուծոյ պայծառ նպատակներուն նկատմամբ մտային թանձր մթութեան կացութիւն է։ Տարտարոսի մէջ եղողները ապագային նկատմամբ որեւէ յոյս չունին։ Աստուած Նոյի օրերուն տարտարոս նետեց անհնազանդ հրեշտակները, եւ անոնք այդ նուաստացած վիճակին մէջ պիտի մնան մինչեւ որ բնաջնջուին։

3։17—Պետրոս ի՞նչ ըսել ուզեց «առաջուընէ գիտնալ» արտայայտութեամբ։ Պետրոս կ’ակնարկէր ապագայ դէպքերու վերաբերեալ կանխագիտութեան, որ ներշնչումով տրուած էր իրեն եւ Աստուածաշունչի այլ գրողներու։ Որովհետեւ ասիկա անսահման գիտութիւն չէր, զայն ունենալը պատճառ չեղաւ որ նախկին քրիստոնեաները ապագայ դէպքերուն բոլոր մանրամասնութիւնները գիտնան։ Անոնք ակնկալուած բաներուն մասին միայն ընդհանուր գաղափար մը կազմեցին։

Դասեր՝ մեզի համար.

1։2, 5-7. Հաւատք, համբերութիւն, աստուածպաշտութիւն եւ նման յատկութիւններ մշակելու համար անկեղծ ջանքեր թափելը, մեզի կ’օգնէ «Աստուծոյ ու մեր Տէրոջը Յիսուսին գիտութիւնով» աւելնալու եւ անոր առնչութեամբ «պարապ ու անպտուղ» չըլլալու (Բ. Պետ. 1։8

1։12-15. ‘Ճշմարտութեան մէջ հաստատուած’ մնալու համար, յարատեւաբար յիշեցումներու կարիք ունինք, զորս կը ստանանք զանազան միջոցներով, ինչպէս՝ մեր ժողովքային հանդիպումները, անձնական ուսումնասիրութիւնը եւ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւնը։

2։2. Պէտք է զգոյշ ըլլանք որ մեր վարքը Եհովայի եւ իր կազմակերպութեան վրայ նախատինք չբերէ (Հռով. 2։24

2։4-9. Անցեալին իր ըրած բաներուն ի տես, կրնա՛նք վստահ ըլլալ որ «Տէրը գիտէ բարեպաշտները փորձութենէ ազատել եւ անիրաւները տանջանքի համար դատաստանի օրուան պահել»։

2։10-13. Թէեւ «մեծափառներ»ը, այսինքն՝ քրիստոնեայ երէցները, թերութիւններ ունին եւ երբեմն կը սխալին, բայց անոնց մասին անարգական կերպով պէտք չէ խօսինք (Եբ. 13։7, 17

3։2-4, 12. ‘Սուրբ մարգարէներուն նախապէս ըսած խօսքերուն եւ Տէրոջ ու Փրկիչին պատուէրին’ սերտօրէն ուշադրութիւն ընծայելը, մեզի պիտի օգնէ որ Եհովայի օրուան մօտ ըլլալուն վրայ կեդրոնացած մնանք։

3։11-14. Մինչ ‘կը սպասենք ու կ’արտորանք Աստուծոյ օրուան գալուն’, 1) «սուրբ վարմունք» պէտք է ունենանք, ֆիզիքական, մտային, բարոյական ու հոգեւոր մաքրութիւն պահպանելով. 2) ‘բարեպաշտութիւն’ դրսեւորող արարքներ պէտք է ունենանք, ինչպէս՝ Թագաւորութեան քարոզչութեան եւ աշակերտելու գործին առնչութեամբ. 3) մեր վարքն ու անձնաւորութիւնը աշխարհէն «անբիծ» պէտք է պահենք. 4) «անարատ» պէտք է ըլլանք, ամէն բան մաքուր շարժառիթով ընելով. եւ 5) ‘խաղաղութեան մէջ’ պէտք է ըլլանք,– Աստուծոյ, մեր քրիստոնեայ եղբայրներուն եւ մարդոց հետ։