Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մարիամի օրինակը ի՛նչ կրնայ սորվեցնել մեզի

Մարիամի օրինակը ի՛նչ կրնայ սորվեցնել մեզի

Մարիամի օրինակը ի՛նչ կրնայ սորվեցնել մեզի

Երբեք անակնկալ դժուարութեան մը կամ պատասխանատուութեան մը պատճառաւ ճնշուա՞ծ ես։ Ապրուստ ճարելու առօրեայ պայքարին պատճառաւ ուժասպառ կը զգա՞ս։ Թերեւս այն միլիոնաւոր անհատներէն մէկն ես, որոնք ստիպուած իրենց հայրենիքէն հեռանալով ու գաղթական դառնալով՝ շփոթած եւ վախի մատնուած են։ Իսկ մեզմէ ո՞վ սիրելիի մը մահուան առթած խոր ցաւն ու պարապութիւնը չէ զգացած։

ԳԻՏԷԻ՞Ր թէ Յիսուսի մայրը՝ Մարիամ այս բոլոր մարտահրաւէրները դիմագրաւեց եւ անոնց հետ գլուխ ելաւ։ Անոր օրինակէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

Մարիամ վստահաբար համայն աշխարհի մէջ ճանչցուած անձնաւորութիւն մըն է։ Եւ ասիկա զարմանալի չէ, քանի որ ան Աստուծոյ նպատակներուն կատարման մէջ եզական դեր մը խաղցաւ։ Ասկէ աւելի, Մարիամ կը մեծարուի միլիոնաւորներու կողմէ։ Կաթողիկէ եկեղեցին զինք կը մեծարէ որպէս սիրելի Մայր եւ հաւատքի, յոյսի ու բարեսիրութեան տիպար։ Եւ շատեր սորված են թէ Մարիամ մարդիկը Աստուծոյ կ’առաջնորդէ։

Յիսուսի մայրը ի՞նչպէս կը նկատես։ Աւելի կարեւորը, Աստուած զինք ի՞նչպէս կը նկատէ։

Անզուգական նշանակում մը

Հեղիի դուստրը՝ Մարիամ Յուդայի տոհմէն էր։ Աստուածաշունչին մէջ, ան առաջին անգամ արտակարգ դէպքի մը առնչութեամբ կը նշուի։ Հրեշտակ մը անոր կ’այցելէ ու կ’ըսէ. «Ողջոյն քեզ, ո՛վ շնորհընկալ կոյս, Տէրը քեզի հետ է»։ Սկիզբը, Մարիամ կը շփոթի եւ ‘ինքնիրեն կը մտածէ թէ ի՛նչ տեսակ բարեւ է ատիկա’։ Ուստի հրեշտակը անոր կ’ըսէ թէ ընտրուած է Աստուծոյ Որդին յղանալու, ծնանելու եւ մեծցնելու ապշեցուցիչ, բայց չափազանց լուրջ նշանակումին համար (Ղուկաս 1։26-33

Այս չամուսնացած երիտասարդուհիին ուսերուն վրայ ի՜նչ մեծ պատասխանատուութիւն մը դրուեցաւ։ Ան ի՞նչպէս ընդառաջեց։ Թերեւս Մարիամի մտքէն անցաւ թէ ո՛վ իր պատմութեան պիտի հաւատար։ Արդեօք այս յղութիւնը կրնա՞ր իր նշանածին՝ Յովսէփի սիրոյն կորուստը նշանակել կամ զինք խայտառակութեան ենթարկել (Բ. Օրինաց 22։20-24)։ Ան այս ծանրակշիռ նշանակումը ընդունելու չվարանեցաւ։

Մարիամի զօրաւոր հաւատքը զինք կարող դարձուց իր Աստուծոյն կամքին ենթարկուելու։ Ան համոզուած էր թէ Եհովա զինք պիտի հոգար։ Ուստի ան բացագանչեց. «Ահա ես Տէրոջը աղախինն եմ, քու ըսածիդ պէս թող ըլլայ ինծի»։ Մարիամ յօժար էր գալիք դժուար պարագաները դիմագրաւելու, քանի որ իրեն ներկայացուած հոգեւոր առանձնաշնորհումը կ’արժեւորէր (Ղուկաս 1։38

Երբ Մարիամ իր յղի ըլլալը Յովսէփի իմացուց, ան մտադրեց նշանածէն հրաժարիլ։ Ասիկա երկուքին համար մեծ նեղութեան ժամանակամիջոց մըն էր։ Աստուածաշունչը չ’ըսեր թէ այս դժուար ժամանակամիջոցը ո՛րքան տեւեց։ Սակայն Եհովայի հրեշտակը Յովսէփի յայտնուելով, թէ՛ Մարիամ եւ թէ Յովսէփ մեծապէս հանդարտած ըլլալու էին։ Այս հոգեղէն պատուիրակը Մարիամի արտակարգ յղութիւնը բացատրեց եւ Յովսէփը յորդորեց որ զայն որպէս իր կինը առնէ (Մատթէոս 1։19-24

Դժուարին ժամանակներ

Այսօր, բազմաթիւ յղիներ իրենց մանկիկին համար ամիսնե՜ր պատրաստութիւն կը տեսնեն։ Հաւանաբար Մարիամ նոյնն ըրաւ։ Ասիկա իր առաջին զաւակը պիտի ըլլար։ Սակայն անակնկալ միջադէպեր իր ծրագիրները խանգարեցին։ Օգոստոս կայսրը հրամանագիր մը հանեց, պահանջելով որ ամէն ոք իր ծննդավայրին մէջ գրանցուի։ Ուստի Յովսէփ հաւանաբար աւանակ մը գործածելով՝ առաւ Մարիամը, որ յղութեան իններորդ ամսուան մէջ էր, եւ շուրջ 150 քիլոմեթր ճամբորդեց։ Բեթլեհէմ խճողուած էր եւ Մարիամ ծննդաբերութեան համար առանձնացած վայրի մը կարիք ունէր, բայց մատչելի եղող միակ տեղը ախոռ մըն էր։ Ախոռին մէջ ծնունդ տալը Մարիամի համար դժուար ըլլալու էր։ Ան հաւանաբար նեղ կացութեան մատնուեցաւ ու վախցաւ։

Իր կեանքին այս նեղ պահերուն, Մարիամ անկասկած իր սիրտը Եհովայի պարպեց, վստահ ըլլալով որ իրեն ու իր մանկիկին հոգ պիտի տանէր։ Ժամանակ մը ետք, կարգ մը հովիւներ եկան, որոնք անձկալից կ’ուզէին մանկիկը տեսնել։ Անոնք տեղեկացուցին թէ հրեշտակներ մանկիկը կոչած էին՝ «Փրկիչ մը. . . որ Օծեալ Տէր է»։ Ապա կը կարդանք. «Մարիամ այս ամէն բաները կը պահէր ու իր սրտին մէջ կը մտածէր»։ Ան այս խօսքերուն վրայ խոկաց եւ անոնցմով զօրացաւ (Ղուկաս 2։11, 16-19

Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ մեր մասին։ Մեր կեանքն ալ վիշտերով լեցուն է։ Բացի այդ, Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ «ժամանակ ու դիպուած» կը պատահին ոեւէ անհատի, ամէն տեսակ դժուարութիւններու եւ մարտահրաւէրներու դուռ բանալով (Ժողովող 9։11)։ Եթէ ասիկա մեզի պատահի, կը դառնանանք եւ Եհովան կը մեղադրե՞նք։ Աւելի լաւ չը՞լլար Մարիամի կեցուածքը ընդօրինակել եւ Եհովա Աստուծոյ աւելի մօտենալ, իր Խօսքէն՝ Աստուածաշունչէն սորվելով ու մեր սորվածին վրայ խոկալով։ Ասիկա ընելը վստահաբար մեզի պիտի օգնէ փորձութիւններու տոկալու։

Աղքատ ու գաղթական

Մարիամ այլ դժուարութիւններ ալ դիմագրաւեց, ինչպէս՝ աղքատութիւն ու պանդխտութիւն։ Այսպիսի մարտահրաւէրներ դիմագրաւա՞ծ ես։ Տեղեկագրութեան մը համաձայն, «աշխարհի կէսը,– մօտաւորապէս երեք միլիառ մարդիկ,– օրական երկու տոլարէն նուազ եկամուտով կ’ապրի», իսկ միլիոնաւորներ այդպէս կոչուած հարուստ երկիրներու մէջ ըլլալով հանդերձ, կը մաքառին իրենց առօրեայ ապրուստը ճարելու։ Ի՞նչ է քու պարագադ։ Ընտանիքիդ ուտելիք, հագուստ ու բնակարան հայթայթելու ամէնօրեայ մաշեցուցիչ աշխատանքը, երբեմն քեզ կը ջախջախէ՞։

Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ Յովսէփ ու Մարիամ յարաբերաբար աղքատ էին։ Ի՞նչպէս։ Այս ամոլին մասին Մատթէոսի, Մարկոսի, Ղուկասի եւ Յովհաննէսի Աւետարաններուն յայտնած սակաւաթիւ իրողութիւններէն մէկը այն է, թէ Մարիամ ծնունդ տալէն 40 օր ետք, Յովսէփին հետ տաճար գնաց պահանջուած ընծան մատուցանելու,– «զոյգ մը տատրակ կամ աղաւնիի երկու ձագ» (Ղուկաս 2։22-24 * Այս զոհը արտօնուած էր միայն անոնց, որոնք ա՛յնքան աղքատ էին, որ գառ մը ընծայելու կարողութիւն չունէին։ Արդ, Յովսէփի ու Մարիամի համար ապրուստ ճարելը առօրեայ պայքար մըն էր։ Այսուհանդերձ անոնք ընտանեկան գորովալից միջավայր մը ստեղծեցին։ Անկասկած անոնց նախապատուութիւնը հոգեւոր հետաքրքրութիւններն էր (Բ. Օրինաց 6։6, 7

Յիսուսի ծնունդէն կարճ ժամանակ ետք, Մարիամի կեանքը դարձեալ փոփոխութեան ենթարկուեցաւ։ Հրեշտակ մը Յովսէփի ըսաւ որ ընտանիքը առնէ եւ Եգիպտոս փախչի (Մատթէոս 2։13-15)։ Ասիկա երկրորդ անգամն էր որ Մարիամ կը հարկադրուէր ծանօթ միջավայրէ մը հեռանալ, բայց այժմ օտար երկիր մը երթալու համար։ Եգիպտոսի մէջ հրէական հսկայ գաղութ մը կար, ուստի Մարիամ ու Յովսէփ հաւանաբար իրենց հայրենակիցներուն միացան։ Բայց եւ այնպէս, օտար երկրի մը մէջ ապրիլը կրնայ դժուար ու խռովեցուցիչ ըլլալ։ Եթէ դուն եւ ընտանիքդ կը պատկանիք այն միլիոնաւորներուն, որոնք իրենց երկրէն հեռացած են, հաւանաբար իրենց զաւակներուն բարօրութեան կամ վտանգներէ խուսափելու համար, կրնաս հասկնալ թէ Մարիամ Եգիպտոսի մէջ ի՛նչ դժուարութիւններ դիմագրաւեց։

Անձնուէր կին ու մայր

Յիսուսի ծննդեան ու մանկութեան հետ կապ ունեցող արձանագրութիւններէն զատ, Աւետարանները Մարիամի մասին շատ քիչ տեղեկութիւն կը բովանդակեն։ Այսուհանդերձ գիտենք որ Մարիամ ու Յովսէփ առնուազն վեց զաւակներ ալ ունէին։ Թերեւս ասիկա քեզ անակնկալի բերէ։ Սակայն նկատի առ թէ Աւետարանները ի՛նչ կ’ըսեն։

Յովսէփ՝ Աստուծոյ Որդին ծնանելու Մարիամի առանձնաշնորհումին հանդէպ մեծ յարգանք ունէր։ Հետեւաբար, Յիսուսի ծնունդէն առաջ, ան Մարիամի հետ սեռային յարաբերութիւն չունեցաւ։ Մատթէոս 1։25–ը կը նշէ թէ Յովսէփ «չգիտցաւ զանիկա՝ մինչեւ իր անդրանիկ որդին ծնաւ»։ Այս համարին մէջ «մինչեւ» բառը ցոյց կու տայ թէ Յիսուսի ծնունդէն ետք, Յովսէփ ու Մարիամ իբրեւ ամուսին ու կին՝ սեռային յարաբերութիւններ ունեցան, եւ առ ի արդիւնք՝ որդիներ ու աղջիկներ ծնան։ Յիսուսի խորթ եղբայրներն էին՝ Յակոբոս, Յովսէս, Սիմոն ու Յուդա։ Մարիամ առնուազն երկու դուստրեր ունէր (Մատթէոս 13։55, 56)։ Այս զաւակներուն առնչութեամբ յղացումը սովորական կերպով էր։ *

Մարիամ հոգեւոր մտայնութեան տէր կին մըն էր։ Թէեւ մովսիսական օրէնքը կիներէն չէր պահանջեր որ Պասեքի տօնակատարութեան ներկայ գտնուին, բայց Մարիամ սովորաբար Յովսէփի կ’ընկերակցէր, երբ ան Երուսաղէմ կ’ուղղուէր տարեկան տօնին համար (Ղուկաս 2։41)։ Ասիկա կը պարփակէր ամէն տարի շուրջ 300 քիլոմեթր երթուդարձ, հետզհետէ աճող ընտանիքին ընկերակցութեամբ։ Բայց անտարակոյս, այս ճամբորդութիւնները ընտանեկան ուրախ առիթներ էին։

Ներկայիս բազմաթիւ կիներ Մարիամի ընտիր օրինակին կը հետեւին։ Անոնք անձնուրացօրէն կը ջանան իրենց աստուածաշնչական պարտականութիւնները կատարել։ Անոնք ո՜րքան յաճախ մեծ համբերատարութիւն, համբերութիւն ու խոնարհութիւն կը ցուցաբերեն։ Մարիամի կեցուածքին վրայ խոկալը կ’օգնէ անոնց որ հոգեւոր բաները իրենց հանգստութենէն ու հաճոյքէն առաջ դասեն։ Անոնք գիտեն, ինչպէս Մարիամ անկասկած գիտէր, թէ իրենց ամուսինին ու զաւակներուն հետ Աստուած պաշտելը՝ ընտանիքը կը զօրացնէ ու կը միացնէ։

Անգամ մը, երբ Մարիամ ու Յովսէփ Երուսաղէմի մէջ տեղի ունեցած տօնէ մը կը վերադառնային,– հաւանաբար մի քանի զաւակներու ընկերակցութեամբ,– անդրադարձան որ 12 տարեկան Յիսուսը իրենց հետ չէր։ Կրնա՞ս Մարիամի նեղութիւնը երեւակայել, մինչ երեք օր ասդին–անդին իր որդին կը փնտռէր։ Երբ վերջապէս զինք տաճարին մէջ գտան, Յիսուս ըսաւ. «Չէի՞ք գիտեր թէ ինծի պէտք է որ իմ Հօրս տունը ըլլամ»։ Դարձեալ, արձանագրութիւնը կ’ըսէ թէ Մարիամ «այս բոլոր խօսքերը իր սրտին մէջ կը պահէր», նշելով անոր հոգեւորութեան խորութիւնը։ Ան բծախնդրաբար խոկաց այն բոլոր բաներուն վրայ, որոնք Յիսուսի առնչութեամբ տեղի ունեցան։ Տարիներ ետք, հաւանաբար Մարիամ աւետարանագիրներուն պատմեց այս եւ Յիսուսի մանկութեան տարիներուն պատահած այլ դէպքերու մասին իր ունեցած վառ յիշատակները (Ղուկաս 2։41-52

Տառապանքի ու կորուստի տոկալ

Ի՞նչ պատահեցաւ Յիսուսի հայրագիրին՝ Յովսէփի։ Վերոնշեալ դէպքին մէջ հակիրճօրէն նշուելէ ետք, Յովսէփ Աւետարաններու արձանագրութիւններէն կ’անհետանայ։ Ոմանք այս բացակայութիւնը կը վերագրեն անոր մահուան, Յիսուսի ծառայութիւնը սկսելէն քիչ առաջ։ * Ամէն պարագայի, այնպէս կը թուի թէ Յիսուսի ծառայութեան վերջաւորութեան, Մարիամ այրի էր։ Մինչ տանջանքի ցիցին վրայ էր, Յիսուս իր մայրը Յովհաննէս առաքեալի հոգատարութեան յանձնեց (Յովհաննէս 19։26, 27)։ Յիսուս ասիկա պիտի չընէր եթէ Յովսէփ ողջ ըլլար։

Մարիամ ու Յովսէփ միասնաբար շատ բաներէ անցան։ Իրենց հրեշտակներ այցելեցին, բռնաւորէ մը փախան, մի քանի անգամ իրենց տունը փոխեցին, եւ մեծ ընտանիք մը մեծցուցին։ Անոնք բազմաթիւ երեկոներ միասին նստած եւ խօսած ըլլալու էին Յիսուսի մասին, թերեւս հարց տալով թէ ապագային ան ի՛նչ պիտի դիմագրաւէր եւ մտահոգուելով թէ արդեօք զինք շիտակ կերպով կը մարզէին ու կը պատրաստէի՞ն։ Յետոյ Մարիամ յանկարծ ինքզինք առանձին գտաւ։

Կողակիցդ մահացա՞ծ է։ Նոյնիսկ տարիներ անցնելէ ետք, տակաւին այդ կորուստին առթած ցաւն ու պարապութիւնը կը զգա՞ս։ Անտարակոյս Մարիամ մխիթարուեցաւ իր հաւատքով ու գիտութեամբ թէ յարութիւն տեղի պիտի ունենայ (Յովհաննէս 5։28, 29 * Սակայն այսպիսի մխիթարական գաղափարներ Մարիամի խնդիրներուն վերջ չդրին։ Ներկայ առանձին ծնողներու նման, ան առանց ամուսինի մը աջակցութեամբ իր զաւակներուն հոգ տանելու մարտահրաւէրը դիմագրաւեց։

Տրամաբանական է խորհիլ թէ Յովսէփի մահէն ետք, Յիսուս յանձն առաւ ընտանիքին ապրուստը ճարելու պատասխանատուութիւնը։ Իր եղբայրները մեծնալով, ընտանեկան պատասխանատուութիւնները կրելու մէջ իրենց բաժինը բերելու կարող պիտի ըլլային։ Երբ Յիսուս «գրեթէ երեսուն տարեկան էր», տունը ձգեց եւ իր ծառայութիւնը սկսաւ (Ղուկաս 3։23)։ Ծնողներէն շատեր խառն զգացումներ կ’ունենան, երբ զաւակ մը տունը ձգէ։ Զաւակներուն ա՛յնքան ժամանակ, ջանք ու յուզում կը տրամադրուին, որ երբ անոնք տունէն հեռանան, ծնողքին սրտին մէջ մեծ պարապութիւն կը ստեղծուի։ Զաւակներ ունի՞ս, որոնք տունը ձգած են, իրենց նպատակակէտերուն հետամուտ ըլլալով։ Անոնցմով կը պարծենա՞ս, բայց միեւնոյն ատեն, երբեմն կը փափաքի՞ս որ մօտդ ըլլան։ Ուրեմն կրնաս երեւակայել թէ Մարիամ ի՛նչ զգաց, երբ Յիսուս տունը ձգեց։

Անսպասելի դժուարութիւններ

Մարիամի ուրիշ մէկ դժուարութիւնը հաւանաբար անսպասելի էր։ Երբ Յիսուս սկսաւ քարոզել, իր եղբայրներէն զատ, շատեր իրեն հետեւեցան։ «Իր եղբայրներն ալ չէին հաւատար իրեն», կ’ըսեն Սուրբ Գրութիւնները (Յովհաննէս 7։5)։ Անկասկած Մարիամ անոնց հաղորդած էր հրեշտակին խօսքը, թէ Յիսուս «Աստուծոյ Որդի» է (Ղուկաս 1։35)։ Այսուհանդերձ, Յակոբոսի, Յովսէսի, Սիմոնի ու Յուդայի համար, Յիսուս պարզապէս իրենց երիցագոյն եղբայրն էր։ Այսպէս Մարիամի ընտանիքին մէջ կրօնական տարբեր տեսակէտներ կային։

Մարիամ վհատեցաւ ու ձեռնթափ եղա՞ւ։ Բնաւ երբեք։ Առիթով մը, երբ Յիսուս Գալիլիոյ մէջ կը քարոզէր, տուն մը մտաւ որ ուտէ։ Բազմութիւն մը հաւաքուեցաւ, իրեն մտիկ ընելու։ Որո՞նք նաեւ եկան, զինք փնտռելով։ Մարիամ ու Յիսուսի եղբայրները։ Արդ, երբ Յիսուս իր ընտանիքին տան մօտ գտնուէր, Մարիամ անոր կը հետեւէր, ակներեւօրէն միւս զաւակները իրեն հետ առնելով, թերեւս յուսալով որ Յիսուսի հանդէպ անոնց կեցուածքը փոխուի (Մատթէոս 12։46, 47

Թերեւս դուն ալ կը ջանաս Յիսուսի հետեւիլ, մինչ ընտանիքիդ միւս անդամները չեն ուզեր ասիկա ընել։ Մի՛ վհատիր եւ ձեռնթափ մի՛ ըլլար։ Մարիամի նման, շատեր համբերութեամբ ընտանիքի անդամները տարիներ քաջալերած են, մինչեւ որ իսկական փոփոխութիւն մը շօշափած են։ Այսպիսի համբերատարութիւն Աստուծոյ աչքին թանկագին է, ուրիշներ ընդառաջե՛ն կամ ոչ (Ա. Պետրոս 3։1, 2

Ամենադժուար մարտահրաւէրը

Սուրբ Գրութիւններուն մէջ արձանագրուած Մարիամի վերջին փորձութիւնը, անկասկած ամէնէն սրտաբեկիչն էր։ Ան դիտեց իր սիրելի որդիին տանջալից մահը, հրեաներուն կողմէ մերժուելէ ետք։ Զաւակի մը մահը նկարագրուած է որպէս «ծայրագոյն կորուստը», «ամէնէն ջախջախիչ մահը», զաւակը ըլլայ անչափահաս թէ չափահաս։ Ինչպէս տասնամեակներ առաջ նախագուշակուած էր, Մարիամ զգաց որպէս թէ ‘իր սրտէն թուր մը կ’անցնէր’ (Ղուկաս 2։34, 35

Մարիամ թոյլ տուա՞ւ որ այս վերջին փորձը զինք զգացականօրէն զգետնէ կամ Եհովայի հանդէպ իր հաւատքը տկարացնէ։ Ո՛չ։ Հետագային, Աստուածաշունչի արձանագրութիւնը կը նշէ թէ ան Յիսուսի աշակերտներուն հետ ‘միշտ աղօթք ու աղաչանք կ’ընէր’։ Նաեւ իրեն հետ էին իր միւս զաւակները, որոնք սկսած էին իրենց երիցագոյն եղբօր հաւատք ընծայել։ Ասիկա Մարիամը ո՜րքան մխիթարած ըլլալու էր (Գործք 1։14 *

Որպէս հաւատարիմ կին ու ծնող, Մարիամ ճոխ ու գոհացուցիչ կեանք մը վայելեց։ Ան հոգեւորապէս վարձահատոյց փորձառութիւններ ունեցաւ։ Ան բազմաթիւ փորձեր ու դժուարութիւններ յաղթահարեց։ Երբ անակնկալ մարտահրաւէրներ դիմագրաւենք, կամ երբ ընտանեկան խնդիրներու պատճառաւ մտահոգուինք, վստահաբար կրնանք անոր հաւատարմօրէն տոկալու օրինակէն սորվիլ (Եբրայեցիս 10։36

Սակայն ի՞նչ կարելի է ըսել Մարիամի հանդէպ ցոյց տրուած մասնայատուկ նուիրումին մասին։ Մարիամի եզական դերին վերաբերող աստուածաշնչական արձանագրութիւնը կ’արդարացնէ՞ անոր մեծարուիլը։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 17 Թռչուններէն մէկը մեղքի պատարագ կը կոչուէր (Ղեւտացւոց 12։6, 8)։ Զայն մատուցանելով, Մարիամ ընդունեց որ ինք ալ բոլոր անկատար մարդոց նման, առաջին մարդուն՝ Ադամի մեղքին հետեւանքները ժառանգած էր (Հռովմայեցիս 5։12

^ պարբ. 26 Յիսուսի ծառայութեան արձանագրութեան մէջ Յովսէփի բացակայութիւնը աչքառու է, քանի որ Յիսուսի ընտանիքին միւս անդամները՝ մայրը, եղբայրներն ու քոյրերը, նշուած են։ Օրինակ, կը նկատենք որ Կանայի հարսանիքին մէջ, Մարիամ նախաձեռնութիւն կ’առնէ ու գործօն կերպով դեր կը խաղայ, բայց Յովսէփի մասին ոչինչ կը նշուի (Յովհաննէս 2։1-11)։ Իսկ այլ առիթով, Յիսուսի բնագաւառին մարդիկը իրեն կ’ակնարկեն ո՛չ թէ որպէս Յովսէփի որդին, այլ՝ «Մարիամին որդին» (Մարկոս 6։3

^ պարբ. 28 Աստուածաշունչի յարութեան խոստումին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, տես՝ Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքը, գլուխ 7, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։

[Շրջանակ/Նկար՝ էջ 6]

 Յիսուս եղբայրներ ու քոյրեր ունէ՞ր

Այո՛։ Աւետարանները յստակօրէն այս իրողութիւնը յայտնելով հանդերձ, կարգ մը աստուածաբաններ անոր շուրջ վիճած են (Մատթէոս 12։46, 47. 13։54-56. Մարկոս 6։3)։ Սակայն Աստուածաշունչի ուսումնականներ երկու բան նշած են այն տեսութիւններուն մասին, թէ Մարիամ ուրիշ զաւակներ չէ ունեցած։ Առաջին, այս տեսութիւններուն ետին շարժառիթ մը կայ,– վեր բռնել հետագային որդեգրուած եկեղեցական վարդապետութիւնը, թէ Մարիամ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին կոյս մնաց։ Երկրորդ, մանրակրկիտ քննութիւնը կ’ապացուցանէ տեսութիւններուն անհամոզիչ եւ անվաւեր ըլլալը։

Օրինակ, տեսութիւն մը կը թելադրէ թէ խնդրոյ առարկայ «եղբայրները» խորթ եղբայրներ էին,– Յովսէփի որդիները նախկին ամուսնութեան մը միջոցաւ։ Այս կարծիքը հիմ չունի, քանի որ Յիսուսէ կը խլէ անդրանիկի օրինական իրաւունքը՝ Դաւիթի թագաւորութիւնը ժառանգելու (Բ. Թագաւորաց 7։12, 13

Այլ տեսութիւն մը կը նշէ, թէ այս եղբայրները Յիսուսի զարմիկներն էին, թէեւ Յունարէն Գրութիւնները յատուկ բառեր կը գործածեն՝ «եղբայր», «զարմիկ» եւ «ազգական» բառերուն համար։ Ուսումնական Ֆրէնք Է. Կէպէլին այս աստուածաբանական տեսութիւնները անհաւանական կը կոչէ։ Ան կ’եզրափակէ. «‘Եղբայրներ’ բառը հասկնալու ամէնէն բնական կերպը այն է, թէ այս արտայայտութիւնը կ’ակնարկէ Մարիամի ու Յովսէփի որդիներուն,– Յիսուսի եղբայրները՝ իր մօր կողմէ»։

[Շրջանակ՝ էջ 7]

 Ան իր կրօնքը փոխելու քաջութիւն ունէր

Մարիամ ծնաւ հրեայ ընտանիքի մը մէջ, եւ հրէական կրօնքին հետեւեցաւ։ Ան տեղական ժողովարանը յաճախեց եւ Երուսաղէմի տաճարը այցելեց։ Սակայն Աստուծոյ նպատակներուն մասին իր գիտութիւնը աւելնալով, Մարիամ անդրադարձաւ թէ իր նախահայրերուն աւանդութիւնները այլեւս Աստուծոյ հաւանութիւնը չունին։ Հրեայ կրօնական առաջնորդները իր Որդին՝ Մեսիան մահուան մատնեցին։ Ասիկա տեղի ունենալէ առաջ, Յիսուս անոնց յայտարարեց. «Ահա ձեր տունը ձեզի աւերակ պիտի մնայ» (Մատթէոս 23։38)։ Աստուած իր օրհնութիւնը հեռացուց այն կրօնական դրութենէն, որուն մէջ Մարիամ մեծցած էր (Գաղատացիս 2։15, 16

Երբ քրիստոնէական ժողովքը հաստատուեցաւ, Մարիամ թերեւս շուրջ 50 տարեկան էր։ Ան ի՞նչ պիտի ընէր։ Ան պատճառաբանե՞ց թէ հրեայ կրօնական դրութեան մէջ ծնած էր եւ կ’ուզէր իր նախահայրերուն աւանդութեանց հաւատարիմ մնալ։ Ան ըսա՞ւ թէ իր տարիքին պատճառաւ դժուար է որ իր կրօնքը փոխէ։ Անշուշտ ոչ։ Մարիամ ըմբռնելով թէ այժմ Աստուծոյ օրհնութիւնը քրիստոնէական ժողովքին վրայ էր, փոփոխութիւն մտցնելու հաւատք ու քաջութիւն ունեցաւ։

[Նկար՝ էջ 5]

Իբրեւ գաղթականներ Եգիպտոս փախչիլ

[Նկար՝ էջ 8]

Յոռեգոյն փորձառութիւնը՝ մօր մը համար