Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ընտրելու ժամանակ մը

Ընտրելու ժամանակ մը

Ընտրելու ժամանակ մը

«Աստուած՝ իր պատկերովը ստեղծեց մարդը. Աստուծոյ պատկերովը ստեղծեց զանիկա, արու եւ էգ ստեղծեց զանոնք» (Ծննդոց 1։27

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ բացման էջերուն մէջ գտնուող այս ծանօթ խօսքերը կը նշեն Աստուծոյ ‘իր ժամանակին վայելուչ ըրած’ ամէնէն հոյակապ բաներէն մէկը,– գոյացնել կատարեալ մարդկային զոյգ մը՝ Ադամ եւ Եւա (Ժողովող 3։11)։ Անոնց Ստեղծիչը ըլլալով, Եհովա Աստուած ըսաւ. «Աճեցէք ու շատցէք ու երկիրը լեցուցէք եւ անոր տիրեցէք ու ծովու ձուկերուն ու երկնքի թռչուններուն եւ երկրի վրայ սողացող բոլոր կենդանիներուն իշխեցէք» (Ծննդոց 1։28

Մարդկային առաջին ամոլին ուղղուած այդ խօսքերով, Աստուած անոնց վերաբերեալ իր նպատակը յայտնեց։ Անոնք պիտի բազմանային եւ երկրին հոգ պիտի տանէին, զայն աշխարհածաւալ դրախտի մը վերածելով՝ որպէս բնակարան իրենց ու իրենց սերունդին։ Անոնց ապրելու եւ մեռնելու նախասահմանուած ժամանակ մը չկար։ Փոխարէն, Աստուած անոնց առջեւ սքանչելի հեռանկար մը դրաւ։ Շիտակ ընտրութիւնը ընելով եւ Աստուծոյ հետ ներդաշնակութեան մէջ մնալով, անոնք կրնային կատարեալ խաղաղութեամբ ու երջանկութեամբ առյաւէտ ապրիլ։

Անոնք սխալ ընտրութիւն ըրին, եւ առ ի հետեւանք, ծերութիւնն ու մահը բոլոր մարդոց բաժինը եղան։ Իրականութեան մէջ, Յոբ նահապետ նշեց. «Կնոջմէ ծնած մարդը կարճ կեանք ունի, որ թշուառութիւնով լեցուն է» (Յոբ 14։1)։ Ի՞նչ բան սխալ ընթացաւ։

«Մարդէ մը մեղքը աշխարհ մտաւ եւ այն մեղքէն՝ մահը, այնպէս բոլոր մարդոց վրայ տարածուեցաւ մահը, քանզի ամէնքն ալ մեղանչեցին», կը բացատրէ Աստուածաշունչը (Հռովմայեցիս 5։12)։ Անշուշտ այդ «մարդ»ը Ադամն էր, որ դիտումնաւոր կերպով ընտրեց Աստուծոյ պարզ ու յստակ պատուէրը բեկանել (Ծննդոց 2։17)։ Իր ընտրութեամբ, Ադամ դրախտային երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու պատեհութիւնը կորսնցուց։ Ան նաեւ պատճառ եղաւ որ իր զարմը թանկագին ժառանգութենէ մը զրկուի եւ մեղքն ու մահը ժառանգէ։ Արդեօք ամէն բան կորսուեցա՞ւ։

Նորոգելու ժամանակ մը

Հազարաւոր տարիներ ետք, ներշնչման ներքեւ սաղմոսերգուն գրեց. «Արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին» (Սաղմոս 37։29)։ Առ ի երաշխիք թէ Աստուծոյ եդեմական խոստումը պիտի իրագործուի, Աստուածաշունչը գեղեցիկ կերպով կը նկարագրէ ի՛նչ որ ան մօտ ատենէն պիտի ընէ. «Ինք անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասն զի առաջուան բաները անցան»։ Ապա Աստուած կ’ըսէ. «Ահա ամէն բաները նոր կ’ընեմ» (Յայտնութիւն 21։4, 5

Քանի որ ամէն բանի ժամանակը կայ, տրամաբանական է հարց տալ. Ե՞րբ պիտի գայ այդ նորոգման ժամանակը, որպէսզի Աստուծոյ հոյակապ խոստումները իրականանան։ Այս պարբերաթերթին հրատարակիչները՝ Եհովայի վկաները, ջանք կը թափեն մարդոց ուշադրութեան յանձնելու, թէ կ’ապրինք «վերջին օրեր»ուն մէջ եւ ‘ամէն բան նոր ընելու’ Աստուծոյ ժամանակը մօտալուտ է (Բ. Տիմոթէոս 3։1)։ Քեզ կը յորդորենք, որ Աստուածաշունչը քննես ու անոր ներկայացուցած սքանչելի հեռանկարներուն մասին սորվիս։ Նաեւ քեզ կը յորդորենք, որ սա հրաւէրը ընդունիս. «Տէ՛րը փնտռեցէք, քանի որ անիկա կը գտնուի. զանիկա՛ կանչեցէք, քանի որ անիկա մօտ է» (Եսայի 55։6)։ Ճակատագիրը չէ որ կ’որոշէ կեանքդ ու յաւիտենական հեռանկարներդ, հապա անոնք քեզմէ կախեալ են։

[Մէջբերում՝ էջ 8]

«Ահա ամէն բաները նոր կ’ընեմ»