Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Վերստին ծնիլ. անձնակա՞ն որոշում մըն է

Վերստին ծնիլ. անձնակա՞ն որոշում մըն է

Վերստին ծնիլ. անձնակա՞ն որոշում մըն է

Ո՞Վ կը պատճառէ վերստին ծնիլը։ Երբ կարգ մը քարոզիչներ իրենց ունկնդիրները կը յորդորեն որ վերստին–ծնած քրիստոնեաներ ըլլան, կը մէջբերեն Յիսուսի խօսքը. «Պէտք է ձեզի նորէն ծնանիլ» (Յովհաննէս 3։7)։ Այսպիսի քարոզիչներ այս խօսքը իբրեւ պատուէր կը գործածեն, ըսելով. «Վերստին ծնեցէ՛ք»։ Այսպէս անոնք կը սորվեցնեն, թէ իւրաքանչիւր հաւատացեալի կ’իյնայ Յիսուսի հնազանդիլ եւ վերստին ծնելու համար հարկ եղած քայլերը առնել, վերստին ծնիլը անձնական ընտրութեան հարց սեպելով։ Բայց այս տեսակէտը Նիկոդէմոսի ուղղուած Յիսուսի խօսքերուն հետ ներդաշնա՞կ է։

Յիսուսի խօսքերը ուշադրութեամբ կարդալը ցոյց կու տայ, թէ ան չսորվեցուց որ մարդուն ձգուած է ընտրել թէ կ’ուզէ՞ վերստին ծնիլ կամ ոչ։ Ինչո՞ւ այսպէս կ’ըսենք։ «Վերստին ծնիլ» թարգմանուած յունարէն արտայայտութիւնը կրնայ նաեւ թարգմանուիլ՝ «վերէն ծնիլ», * նշելով թէ վերստին ծնիլը «Հօրմէն» ծագում կ’առնէ (Յովհաննէս 19։11. Յակոբոս 1։17)։ Այո, Աստուած է որ զանիկա կը պատճառէ (Ա. Յովհաննէս 3։9

Եթէ «վերէն» բառը մեր միտքը պահենք, դիւրին կ’ըլլայ հասկնալ թէ ինչո՛ւ անհատ մը չի կրնար իր վերստին ծնիլը պատճառել։ Նկատի առ ֆիզիքական ծնունդդ։ Դո՞ւն ընտրեցիր որ ծնիս։ Անշուշտ ո՛չ։ Նոյնպէս, հաւատացեալի մը չէ ձգուած որոշում տալը որ վերստին ծնի։ Կրնանք վերստին ծնիլ միայն եթէ Աստուած, մեր երկնաւոր Հայրը, զայն պատճառէ (Յովհաննէս 1։13)։ Ուստի Պետրոս առաքեալ պատշաճօրէն կ’ըսէ. «Օրհնեալ է Աստուած՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին Հայրը՝ որ իր առատ ողորմութեամբ մեզ նորէն ծնաւ» (Ա. Պետրոս 1։3

Անիկա պատուէ՞ր մըն է

Սակայն ոմանք կրնան հարց տալ. ‘Եթէ ճիշդ է որ ո՛չ ոք կրնայ անձամբ որոշել վերստին ծնիլ, ինչո՞ւ Յիսուս սա պատուէրը տուաւ. «Պէտք է ձեզի նորէն ծնանիլ»’։ Ասիկա վաւերական հարցում մըն է։ Եթէ Յիսուսի խօսքը իրապէս պատուէր մըն է, ուրեմն ան մեզի կը հրամայէ որ մեր կարողութեան սահմաններէն դուրս եղող բան մը ընենք, ինչ որ տրամաբանական չէ։ Արդ, Յիսուսի խօսքը ի՞նչպէս պէտք է հասկնանք։

Բնագրական լեզուին մէջ այս նախադասութիւնը մօտէն նկատի առնելը ցոյց կու տայ, թէ հրամայական եղանակով չէ ըսուած։ Երբ Յիսուս ըսաւ թէ պէտք է «նորէն ծնանիլ», ան իրողութիւն մը կը նշէր եւ ո՛չ թէ պատուէր մը կու տար։ Ան ըսաւ. «Անհրաժեշտ է որ վերէն ծնիք» (Յովհաննէս 3։7, Modern Young’s Literal Translation

Այս կէտը լուսաբանելու համար, հետեւեալ համեմատութիւնը նկատի առ։ Երեւակայէ քաղաք մը, որ քանի մը դպրոցներ ունի։ Անոնցմէ մէկը յատկացուած է այն աշակերտներուն, որոնք բնիկ են ու քաղաքէն դուրս կը բնակին։ Օրին մէկը, օտարերկրացի պատանի մը այդ դպրոցին տնօրէնին կ’ըսէ. «Կը փափաքիմ ձեր դպրոցը յաճախել»։ Տնօրէնը կը պատասխանէ. «Մեր աշակերտը ըլլալու համար, պէտք է բնիկ ըլլաս»։ Հարկաւ տնօրէնին խօսքը պատուէր մը չէ։ Ան պատանիին չի հրամայեր. «Բնիկ մը եղի՛ր»։ Տնօրէնը պարզապէս իրողութիւնը կը նշէ,– ի՛նչ պահանջուած է դպրոցը յաճախելու համար։ Նոյնպէս, երբ Յիսուս ըսաւ. «Պէտք է ձեզի նորէն ծնանիլ», ան պարզապէս իրողութիւն մը կը նշէր,– «Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնել»ու պայմանը։

Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կապ ունի սա հարցումին հետ. ի՞նչ է վերստին ծնելուն նպատակը։ Այս հարցումին պատասխանը գիտնալը մեծապէս կ’օգնէ ճշգրտօրէն հասկնալու թէ վերստին ծնիլը ի՛նչ կը նշանակէ։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 3 Աստուածաշունչի կարգ մը թարգմանութիւններ այս կերպով կը թարգմանեն Յովհաննէս 3։3–ը, ինչպէս համարին ստորանիշն ալ ցոյց կու տայ։

[Նկար՝ էջ 6]

Վերստին ծնելուն եւ ֆիզիքական ծնունդին միջեւ ի՞նչ նմանութիւն կայ