Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Գիտէի՞ր

Գիտէի՞ր

Գիտէի՞ր

Երբ Յիսուս կ’աղօթէր, ինչո՞ւ Եհովայի ըսաւ. «Աբբա՛ Հայր»։

Արամերէն աբ·բա բառը կրնայ նշանակել «հայրը» կամ «ո՛վ հայր»։ Սուրբ Գրութիւններուն մէջ այս բառը երեք անգամ գործածուած է։ Անիկա աղօթքներու մէջ նշուած է, երկնաւոր Հօր՝ Եհովայի ակնարկելով։ Այս բառը ի՞նչ իմաստ կը կրէ։

Համայնագիտարան մը (The International Standard Bible Encyclopedia) կը նշէ. «Յիսուսի օրերուն, ժողովրդական լեզուին մէջ աբբա բառը գլխաւորաբար կը գործածուէր երեխաներու կողմէ, որպէս իրենց հօր հանդէպ սերտ մտերմութիւն ու յարգանք նշող բառ»։ Անիկա խօսակցելու խանդաղատալից ոճ մըն էր եւ առաջին բառերէն մէկը՝ զոր մանուկը կը սորվէր։ Յիսուս այս բառը գործածեց, իր Հօր մատուցած ջերմեռանդ աղօթքի մը մէջ։ Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ, իր մահուընէ քանի մը ժամ առաջ, Յիսուս Եհովայի դիմեց՝ ըսելով. «Աբբա՛ Հայր» (Մարկոս 14։36

«Աբբա բառով Աստուծոյ դիմելու կերպը, յունա–հռոմէական շրջանի հրէական գրականութեան մէջ չափազանց անսովոր էր, անկասկած քանի որ Աստուծոյ հետ այդպէս խօսիլը կրնար անյարգալից թուիլ», կը շարունակէ վերոյիշեալ աշխատասիրութիւնը։ Սակայն «այս բառին Յիսուսի գործածութիւնը աղօթքին մէջ, անուղղակի կ’ապացուցանէ իր արտակարգ դաւանութիւնը, թէ Աստուծոյ հետ մտերիմ էր»։ Պօղոս առաքեալի գրութիւններուն մէջ «Աբբա» բառը երկու անգամ կը նշուի, ցոյց տալով թէ առաջին դարու քրիստոնեաները զայն գործածեցին իրենց աղօթքներուն մէջ (Հռովմայեցիս 8։15. Գաղատացիս 4։6

Աստուածաշունչին մէկ մասը ինչո՞ւ յունարէնով գրուեցաւ։

«Աստուծոյ պատգամները» վստահուեցան հրեաներուն, ըսաւ Պօղոս առաքեալ (Հռովմայեցիս 3։1, 2)։ Այս պատճառով Աստուածաշունչին առաջին մասը մեծաւ մասամբ հրեաներուն լեզուով՝ եբրայերէնով գրուեցաւ։ Սակայն Քրիստոնէական Գրութիւնները յունարէնով գրուեցան։ * Ինչո՞ւ։

Մ.թ.ա. չորրորդ դարուն, Մեծն Աղեքսանդրի զինուորները կը գործածէին դասական յունարէնի զանազան բարբառները, որոնք միաձուլուելու վրայ էին, յառաջ բերելով գօյնէ լեզուն կամ հասարակ յունարէնը։ Աղեքսանդրի նուաճումներուն շնորհիւ, գօյնէն այդ ժամանակուան միջազգային լեզուն դարձաւ։ Մինչ այդ, հրեաները բազմաթիւ վայրեր գաղթած էին եւ բաբելոնական գերեվարութիւնը դարեր առաջ վերջ գտնելով հանդերձ, շատեր կը շարունակէին Բաբելոնի մէջ բնակիլ։ Որպէս արդիւնք, բազմաթիւ հրեաներ այլեւս մաքուր եբրայերէնը չէին ըմբռներ եւ սկսան յունարէնը գործածել (Գործք 6։1)։ Անոնց օգտին համար պատրաստուեցաւ Եօթանասնից թարգմանութիւնը,– Եբրայերէն Գրութիւններու թարգմանութիւնը՝ գօյնէ լեզուով, կամ հասարակ յունարէնով։

Dictionnaire de la Bible աշխատասիրութիւնը կը նշէ թէ ուրիշ ո՛չ մէկ լեզու ունէր «յունարէն լեզուին ճոխութիւնը, դիւրաթեքութիւնը եւ համաշխարհային ու միջազգային յատկանիշը»։ Ընդարձակ ու ստոյգ բառամթերք, մանրամասն քերականութիւն եւ իմաստի նրբերանգներ արտայայտող բայեր ունենալով, յունարէնը «հաղորդակցութեան, շրջաբերութեան ու ծաւալման լեզու մըն էր,– արդարեւ քրիստոնէութեան հարկ եղած լեզուն»։ Տեղին չէ՞ որ քրիստոնէական պատգամը յունարէնով գրուեցաւ։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 7 Եբրայերէն Գրութիւններէն փոքր հատուածներ արամերէնով գրուած էին։ Ըստ երեւոյթին, Մատթէոսի Աւետարանը նախ գրուեցաւ եբրայերէնով, յետոյ յունարէնի թարգմանուեցաւ՝ թերեւս Մատթէոսի կողմէ։

[Նկար՝ էջ 13]

Յունարէն Եօթանասնից թարգմանութեան մէկ բեկորը

[Նկարին աղբիւրը]

Courtesy of Israel Antiquities Authority