Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մեծագոյն Մովսէսը գնահատել

Մեծագոյն Մովսէսը գնահատել

Մեծագոյն Մովսէսը գնահատել

«Տէր Աստուածը ձեր եղբայրներէն ինծի պէս մարգարէ մը պիտի հանէ ձեզի. Անոր մտի՛կ ըրէք» (ԳՈՐԾՔ 3։22

1. Յիսուս Քրիստոս ի՞նչպէս պատմութեան ազդած է։

ԵՐԿՈՒ հազար տարի առաջ, մանչի մը ծնունդը պատճառ եղաւ որ երկնքի մէջ հրեշտակներ Աստուած փառաբանեն, իսկ կարգ մը հովիւներ զայն լսեցին (Ղուկ. 2։8-14)։ Երեսուն տարի ետք, այդ մանուկը որ այժմ չափահաս էր, սկսաւ ծառայութիւն մը, որ միայն երեքուկէս տարի տեւելով հանդերձ, պատմութիւնը փոխեց։ 19–րդ դարու ականաւոր պատմաբան Ֆիլիփ Շաֆ մղուեցաւ այս երիտասարդին մասին ըսելու. «Վաղեմի եւ արդի բոլոր մտաւորականներէն աւելի, ան առանց տող մը գրելու, շա՜տ գրիչներ գործի լծեց ու շա՜տ քարոզներու, ճառերու, քննարկութիւններու, հատորներու, գեղարուեստական գործերու եւ փառաբանական երգերու նիւթ դարձաւ»։ Անշուշտ, այդ արտակարգ երիտասարդը Յիսուս Քրիստոսն էր։

2. Յովհաննէս առաքեալ Յիսուսի ու անոր ծառայութեան մասին ի՞նչ ըսաւ։

2 Յովհաննէս առաքեալ Յիսուսի ծառայութեան մասին գրեց ու եզրափակութեան մէջ ըսաւ. «Ուրիշ շատ բաներ ալ կան, որոնք Յիսուս ըրաւ, որոնք եթէ մէկիկ մէկիկ գրուած ըլլային, կարծեմ թէ աշխարհս ալ բաւական պիտի չըլլար պարունակելու գրուած գրքերը» (Յովհ. 21։25)։ Յովհաննէս գիտէր թէ երեքուկէս տարուան ընթացքին Յիսուսի ըսած ու ըրած բաներէն, միայն չնչին մաս մը կրնար արձանագրել։ Այսուհանդերձ Յովհաննէսի Աւետարանին նշած պատմական իրադարձութիւնները մեծ արժէք ունին։

3. Ի՞նչպէս կրնանք Աստուծոյ նպատակին մէջ Յիսուսի ունեցած դերին մասին աւելի խորատեսութիւն ձեռք ձգել։

3 Չորս Աւետարաններուն կարեւոր տեղեկութիւններուն կողքին, Աստուածաշունչի այլ հատուածներ կու տան Յիսուսի կեանքին մասին հաւատք զօրացնող մանրամասնութիւններ։ Օրինակ, Յիսուսէ առաջ ապրած կարգ մը հաւատարիմ մարդոց վերաբերեալ աստուածաշնչական տեղեկութիւնները, Աստուծոյ նպատակին մէջ Յիսուսի ունեցած դերին մասին աւելի խորատեսութիւն կու տան մեզի։ Ասոնցմէ ոմանք նկատի առնենք։

Աստուածավախ մարդիկ՝ որոնք Քրիստոսը նախապատկերացուցին

4, 5. Որո՞նք Յիսուսը նախապատկերացուցին եւ ի՞նչ կերպերով։

4 Յովհաննէս եւ միւս երեք աւետարանագիրները կը մատնանշեն Մովսէսը, Դաւիթն ու Սողոմոնը որպէս տղամարդիկ, որոնք նախապատկերացուցին Յիսուսը իբրեւ Աստուծոյ Օծեալ եւ ապագայ Թագաւոր։ Աստուծոյ այդ վաղեմի ծառաները ի՞նչ կերպով Յիսուսի նախանմոյշները հանդիսացան, եւ տրուած տեղեկութիւններէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

5 Ամփոփօրէն նշելով, Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ Մովսէս մարգարէ, միջնորդ եւ ազատարար մըն էր։ Յիսուս ալ այդպէս է։ Դաւիթ հովիւ ու թագաւոր մըն էր, որ իսրայէլի թշնամիները նուաճեց։ Յիսուս ալ հովիւ ու յաղթող թագաւոր է (Եզեկ. 37։24, 25)։ Մինչ հաւատարիմ էր, Սողոմոն իմաստուն կառավարիչ մըն էր, եւ իր իշխանութեան ներքեւ իսրայէլ խաղաղութիւն վայելեց (Գ. Թագ. 4։25, 29)։ Յիսուս ալ գերադասօրէն իմաստուն է եւ «Խաղաղութեան Իշխան» կոչուած է (Եսա. 9։6)։ Բացայայտ է որ Քրիստոս Յիսուսի դերը կը նմանի անոնց դերերուն, բայց Աստուծոյ նպատակին մէջ իր տեղը գերադրական է։ Նախ, Յիսուսը համեմատենք Մովսէսի հետ եւ տեսնենք թէ այս համեմատութիւնը ի՛նչպէս մեզի կ’օգնէ Աստուծոյ նպատակին մէջ Յիսուսի դերը աւելի գնահատելու։

Մովսէս. Յիսուսի նախակարապետ մը

6. Պետրոս առաքեալ ի՞նչպէս բացատրեց Յիսուսի մտիկ ընելու կարեւորութիւնը։

6 Մ.թ. 33–ի Պէնտէկոստէէն քիչ ետք, Պետրոս առաքեալ Մովսէսի մէկ մարգարէութիւնը մէջբերեց, որ Յիսուս Քրիստոսի վրայ կատարուեցաւ։ Պետրոս տաճարին մէջ երկրպագուներու առջեւ կայնած էր։ Անոնք «զարմացած» հաւաքուած էին Պետրոսի ու Յովհաննէսի քով, որոնք ի ծնէ կաղ եղող մուրացկան մը բուժած էին։ Պետրոս բացատրեց թէ այս ապշեցուցիչ արարքը կատարուեցաւ Եհովայի սուրբ հոգիին շնորհիւ, որ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ կը ներգործէր։ Ապա Եբրայերէն Գրութիւններէն մէջբերելով, ան նշեց. «Մովսէս մեր հայրերուն ըսաւ թէ՝ ‘Ձեր Տէր Աստուածը ձեր եղբայրներէն ինծի պէս մարգարէ մը պիտի հանէ ձեզի. Անոր մտի՛կ ըրէք՝ ամէն ինչ որ ձեզի խօսի’» (Գործք 3։11, 22, 23. կարդալ՝ Բ. Օրինաց 18։15, 18, 19

7. Պետրոսի ունկնդիրները ինչո՞ւ կրնային Մովսէսէն մեծ մարգարէի մը նկատմամբ իր խօսքերը հասկնալ։

7 Մովսէսի վերոյիշեալ խօսքերը հաւանաբար Պետրոսի ունկնդիրներուն ծանօթ էին։ Հրեաներ ըլլալով, անոնք Մովսէսը մեծապէս կը յարգէին (Բ. Օր. 34։10)։ Անոնք խոր ակնկալութեամբ կը սպասէին Մովսէսէն մեծ մարգարէի մը գալուստին։ Այդ մարգարէն պիտի ըլլար ո՛չ թէ մեսիա մը, Աստուծոյ մէկ օծեալը Մովսէսի նման, այլ՝ Մեսիան, «Քրիստոսը, Աստուծոյ ընտրեալը» (Ղուկ. 23։35. Եբ. 11։26

Յիսուսի ու Մովսէսի միջեւ նմանութիւններ

8. Մովսէսի կեանքին ու Յիսուսի կեանքին միջեւ ի՞նչ կարգ մը նմանութիւններ կան։

8 Կարգ մը կերպերով, Յիսուսի երկրային կեանքը նմանեցաւ Մովսէսի կեանքին։ Օրինակ, երբ Մովսէս ու Յիսուս մանուկ էին, երկուքն ալ բռնապետի մը ձեռքով սպաննուելէ փրկուեցան (Ել. 1։22–2։10. Մատ. 2։7-14)։ Ասկէ զատ, երկուքն ալ ‘Եգիպտոսէն կանչուեցան’։ Ովսէէ մարգարէն ըսաւ. «Երբ Իսրայէլը մանուկ էր, զանիկա կը սիրէի ու իմ որդիս Եգիպտոսէն կանչեցի» (Ով. 11։1)։ Ովսէէի խօսքերը ակնարկեցին այն ժամանակուան, երբ Աստուծոյ կողմէ նշանակուած առաջնորդը՝ Մովսէս, իսրայէլ ազգը Եգիպտոսէն դուրս հանեց (Ել. 4։22, 23. 12։29-37)։ Սակայն Ովսէէի խօսքերը մարգարէութիւն մը ըլլալով, նաեւ ակնարկեցին ապագայ դէպքի մը։ Անիկա կատարուեցաւ, երբ Հերովդէս թագաւորին մահէն ետք, Յովսէփ ու Մարիամ Յիսուսի հետ Եգիպտոսէն վերադարձան (Մատ. 2։15, 19-23

9. ա) Մովսէս ու Յիսուս ի՞նչ հրաշքներ գործեցին։ բ) Յիսուսի ու Մովսէսի միջեւ այլ նմանութիւններ նշէ (տե՛ս «Յաւելեալ կերպեր, որոնցմով Յիսուս Մովսէսին պէս էր» շրջանակը, էջ 26)։

9 Թէ՛ Մովսէս եւ թէ Յիսուս հրաշքներ գործեցին, այսպէս ապացուցանելով թէ Եհովայի զօրակցութիւնը ունէին։ Ըստ արձանագրութեան, Մովսէս առաջին մարդն էր, որ հրաշքներ գործեց (Ել. 4։1-9)։ Օրինակ, Մովսէս ջուր պարփակող հրաշքներ գործեց,– Նեղոսի ջուրերը արիւնի վերածել, Կարմիր ծովը ճեղքել եւ անապատին մէջ ժայռէն ջուր հոսեցնել (Ել. 7։19-21. 14։21. 17։5-7)։ Յիսուս ալ ջուր պարփակող հրաշքներ գործեց։ Անոր առաջին հրաշքն էր՝ հարսանիքի մը ընթացքին ջուրը գինիի վերածել (Յովհ. 2։1-11)։ Յետագային, ան Գալիլիայի ալեկոծ ծովը հանդարտեցուց։ Իսկ առիթով մը, ան նոյնիսկ ջուրին վրայ քալեց (Մատ. 8։23-27. 14։23-25)։ Էջ 26–ի շրջանակը ցոյց կու տայ Մովսէսի ու Մեծագոյն Մովսէսի՝ Յիսուսի միջեւ այլ նմանութիւններ։

Քրիստոսը իբրեւ մարգարէ գնահատէ

10. Ճշմարիտ մարգարէն ի՞նչ բաներ կ’ընէ, եւ ի՞նչպէս Մովսէս այդպէս էր։

10 Շատեր մարգարէն կը նկատեն մէկը, որ ապագան կը նախագուշակէ, բայց ասիկա մարգարէին պատասխանատուութեան միայն մէկ մասն է։ Ճշմարիտ մարգարէն Եհովայի ներշնչեալ բանբերն է, որ ‘Աստուծոյ մեծամեծ բաները’ կը յայտարարէ (Գործք 2։11, 16, 17)։ Ի միջի այլոց, անոր մարգարէանալը կրնայ պարփակել ապագայ իրադարձութիւններ ծանուցանել, Եհովայի նպատակին կարգ մը երեսակները յայտնել կամ Աստուծոյ դատաստանները յայտարարել։ Մովսէս այսպիսի մարգարէ մըն էր։ Ան Եգիպտոսի վրայ եկած Տասը պատուհասները նախագուշակեց։ Ան Սինայի մէջ մովսիսական օրէնքի ուխտը ներկայացուց։ Ան նաեւ ազգին սորվեցուց Աստուծոյ կամքը։ Այսուհանդերձ, յետագային Մովսէսէն մեծ մարգարէ մը պիտի գար։

11. Յիսուս ի՞նչպէս Մովսէսէն մեծ մարգարէ մըն էր։

11 Առաջին դարուն, Զաքարիա իբր մարգարէ վարուեցաւ, իր որդիին՝ Յովհաննէսի նկատմամբ Աստուծոյ նպատակը յայտնելով (Ղուկ. 1։76)։ Այդ որդին Յովհաննէս Մկրտիչը եղաւ եւ ծանուցանեց երկար ատենէ սպասուած Մովսէսէն մեծ մարգարէին՝ Յիսուս Քրիստոսի գալուստը (Յովհ. 1։23-36)։ Մարգարէ մը ըլլալով, Յիսուս բազմաթիւ բաներ նախագուշակեց։ Օրինակ, ան իր մահուան մասին խօսեցաւ, նախագուշակելով թէ ի՛նչպէս, ո՛ւր եւ որո՛նց ձեռքով պիտի մեռնէր (Մատ. 20։17-19)։ Ի զարմանք իր ունկնդիրներուն, Յիսուս նաեւ նախագուշակեց Երուսաղէմի եւ անոր տաճարին կործանումը (Մար. 13։1, 2)։ Անոր մարգարէութիւնները մեր օրերն ալ կը պարփակեն (Մատ. 24։3-41

12. ա) Յիսուս ի՞նչպէս աշխարհածաւալ քարոզչութեան արշաւի մը հիմը դրաւ։ բ) Ներկայիս ինչո՞ւ Յիսուսի օրինակին կը հետեւինք։

12 Մարգարէ մը ըլլալէ զատ, Յիսուս քարոզիչ եւ ուսուցիչ մըն էր։ Ան Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզեց, եւ ո՛չ ոք իրմէ աւելի համարձակախօս էր (Ղուկ. 4։16-21, 44)։ Որպէս ուսուցիչ, ան աննման էր։ Ունկնդիրներէն ոմանք ըսին. «Երբեք մէ՛կը այդ մարդուն պէս խօսած չէ» (Յովհ. 7։46)։ Յիսուս նախանձախնդրաբար ջանաց բարի լուրը տարածել, եւ իր հետեւորդներուն մէջ քանդակեց Թագաւորութեան հանդէպ նոյն նախանձախնդրութիւնը։ Այսպէս ան աշխարհի տարածքին քարոզելու եւ ուսուցանելու արշաւի մը հիմը դրաւ, որ մինչեւ օրս կը շարունակուի (Մատ. 28։18-20. Գործք 5։42)։ Անցեալ տարի, գրեթէ եօթը միլիոն Քրիստոսի հետեւորդներ, շուրջ 1,500,000,000 ժամ տրամադրեցին Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելու եւ հետաքրքրուած անհատներուն աստուածաշնչական ճշմարտութիւններ սորվեցնելու։ Այս գործին մէջ նշանակալից բաժին մը կը բերե՞ս։

13. Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ ‘արթուն ըլլալու’։

13 Կասկած չի վերցներ թէ Եհովա Մովսէսի նման մարգարէ մը հանելու մարգարէութիւնը կատարեց։ Ասիկա գիտնալը ի՞նչպէս կ’ազդէ քեզի։ Մօտ ապագային հետ կապ ունեցող ներշնչեալ մարգարէութիւններուն կատարման նկատմամբ վստահութիւնդ կ’աւելցնէ՞։ Արդարեւ, Մեծագոյն Մովսէսի օրինակին վրայ խոկալը մեզ կը մղէ, որ շուտով Աստուծոյ ընելիքներուն առնչութեամբ «արթուն ու զգաստ ըլլանք» (Ա. Թես. 5։2, 6

Քրիստոսը իբրեւ միջնորդ արժեւորէ

14. Մովսէս ի՞նչպէս իսրայէլացիներուն ու Աստուծոյ միջեւ միջնորդ մըն էր։

14 Մովսէսի նման, Յիսուս միջնորդ մըն էր։ Միջնորդը երկու կողմերու միջեւ կամուրջի դեր կը խաղայ։ Մովսէս Եհովայի եւ իսրայէլացիներուն միջեւ մովսիսական օրէնքի ուխտին միջնորդն էր։ Եթէ Յակոբի որդիները Աստուծոյ օրէնքներուն հնազանդէին, Աստուծոյ սեփական ժողովուրդը պիտի մնային (Ել. 19։3-8)։ Այդ ուխտը ի զօրու մնաց մ.թ.ա. 1513–էն մինչեւ մ.թ. առաջին դարը։

15. Յիսուս ի՞նչպէս գերադաս միջնորդ մըն է։

15 Մ.թ. 33–ին, Եհովա աւելի լաւ ուխտ մը հաստատեց նոր իսրայէլի՝ «Աստուծոյ Իսրայէլին» հետ, որ օծեալ քրիստոնեաներէ բաղկացած համաշխարհային ժողովք մը դարձաւ (Գաղ. 6։16)։ Թէեւ Մովսէսի միջնորդած ուխտը կը պարփակէր Աստուծոյ կողմէ քարի վրայ գրուած օրէնքներ, բայց Յիսուսի միջնորդած ուխտը գերադաս է։ Անոր օրէնքները Աստուծոյ կողմէ գրուած են մարդկային սրտերու վրայ (կարդալ՝ Ա. Տիմոթէոս 2։5. Եբրայեցիս 8։10Այսպէս «Աստուծոյ Իսրայէլը» այժմ Աստուծոյ սեփական ժողովուրդն է,– ազգ մը որ մեսիական Թագաւորութեան պտուղները կը բերէ (Մատ. 21։43)։ Այս հոգեւոր ազգին անդամները նոր ուխտին մէջ են։ Բայց միայն անոնք չեն որ անկէ կ’օգտուին։ Անհամար մարդիկ, ի ներառեալ բազմաթիւ ննջեցեալներ, այդ գերադրական ուխտին շնորհիւ յաւիտենական օրհնութիւններ պիտի ստանան։

Քրիստոսը իբրեւ ազատարար գնահատէ

16. ա) Եհովա իսրայէլը ազատելու համար ի՞նչ կերպերով Մովսէսը գործածեց։ բ) Ելից 14։13–ի համաձայն, փրկութեան Աղբիւրը ո՞վ է։

16 Իրենց վերջին գիշերը Ելքէն առաջ, իսրայէլացիներէն ոմանք լուրջ վտանգի տակ էին։ Շուտով Աստուծոյ հրեշտակը Եգիպտոսի երկրէն պիտի անցնէր ու բոլոր անդրանիկները զարնէր։ Եհովա Մովսէսի ըսաւ, թէ իսրայէլի անդրանիկները պիտի ազատուէին եթէ իսրայէլացիները Պասեքի գառնուկին արիւնէն քսէին իրենց դրան վերի սեմին ու երկու դրանդիներուն վրայ (Ել. 12։1-13, 21-23)։ Այդպէս ալ եղաւ։ Անկէ ետք, ամբողջ ազգը լուրջ վտանգ մը դիմագրաւեց,– մէկ կողմը Կարմիր ծովը ըլլալով, իսկ միւս կողմը՝ եգիպտական մարտակառքերը։ Եհովա դարձեալ Մովսէսի ձեռքով զիրենք ազատեց, հրաշալիօրէն ծովուն ջուրերը ճեղքելով (Ել. 14։13, 21

17, 18. Յիսուս ի՞նչ կերպերով Մովսէսէ մեծ ազատարար մըն է։

17 Թէեւ ազատման այդ արարքները մեծ էին, բայց Յիսուսի միջոցով Եհովայի կատարած ազատումը շա՜տ աւելի մեծ է։ Հնազանդ մարդիկ Յիսուսի միջոցաւ մեղքին ստրկութենէն կ’ազատագրուին (Հռով. 5։12, 18)։ Իսկ այդ ազատումը «յաւիտենական փրկութիւն» է (Եբ. 9։11, 12)։ Յիսուս անունը կը նշանակէ՝ «Եհովան փրկութիւն է»։ Յիսուս որպէս մեր Ազատարարը կամ Փրկիչը, ո՛չ միայն մեզ կ’ազատէ մեր անցեալի մեղքերէն, այլեւ՝ ճամբան կը հարթէ որ աւելի լաւ ապագայ մը վայելենք։ Իր հետեւորդները մեղքի ստրկութենէն ազատագրելով, Յիսուս զիրենք Եհովայի բարկութենէն կը փրկէ եւ Իրեն հետ սիրալիր յարաբերութեան մը մէջ կը բերէ (Մատ. 1։21

18 Մեղքէն ազատումը, զոր Յիսուս կը հայթայթէ, ժամանակի ընթացքին պիտի պարփակէ անոր դաժան հետեւանքներէն ձերբազատուիլ,– հիւանդութիւնն ու մահը։ Մտապատկերելու համար թէ ասիկա ի՛նչ պիտի նշանակէ, նկատի առ թէ ի՛նչ պատահեցաւ, երբ Յիսուս Յայրոսի տունը գնաց, որուն 12 տարեկան աղջնակը մահացած էր։ Յիսուս Յայրոսը հաւաստիացուց. «Մի՛ վախնար, միայն հաւատա ու պիտի ապրի» (Ղուկ. 8։41, 42, 49, 50)։ Արդարեւ աղջնակը վերակենդանացաւ։ Կրնա՞ս ծնողքին ուրախութիւնը երեւակայել։ Ի՜նչ գերազանց ուրախութիւն պիտի ունենանք, երբ ‘բոլոր գերեզմաններուն մէջ եղողները Յիսուսի ձայնը լսեն ու դուրս գան’, յարութեան առնելով (Յովհ. 5։28, 29)։ Այո, Յիսուս Փրկիչ է, մեր Ազատարարը (կարդալ՝ Գործք 5։31. Տիտ. 1։4. Յայտ. 7։10

19, 20. ա) Իբրեւ Մեծագոյն Մովսէս Յիսուսի դերին վրայ խոկալը ի՞նչպէս կ’ազդէ մեզի։ բ) Յաջորդ յօդուածը ի՞նչ բան նկատի պիտի առնէ։

19 Գիտակցելով թէ կրնանք մարդոց օգնել, որ Յիսուսի փրկաբեր արարքներէն օգտուին, կը մղուինք քարոզչութեան եւ ուսուցանելու գործին մասնակցելու (Եսա. 61։1-3)։ Ասկէ զատ, որպէս Մեծագոյն Մովսէս Յիսուսի դերին վրայ խոկալը, մեր վստահութիւնը կը խորացնէ թէ իր հետեւորդները պիտի ազատէ, երբ ամբարիշտներուն վրայ դատաստան գործադրելու գայ (Մատ. 25։31-34, 41, 46. Յայտ. 7։9, 14

20 Արդարեւ Յիսուս Մեծագոյն Մովսէսն է։ Ան բազմաթիւ հրաշալի բաներ ըրաւ, զորս Մովսէս երբեք չէր կրնար ընել։ Իբրեւ մարգարէ Յիսուսի խօսքերը եւ իբրեւ միջնորդ անոր արարքները կ’ազդեն ամբողջ մարդկային ընտանիքին։ Որպէս Ազատարար, Յիսուս փրկուելու արժանի եղող մարդոց ո՛չ թէ ժամանակաւոր, այլ յաւերժական փրկութիւն կը բերէ։ Յիսուսի մասին տակաւին շատ բաներ կրնանք սորվիլ վաղեմի հաւատարիմ տղամարդոցմէ։ Յաջորդ յօդուածը նկատի պիտի առնէ, թէ ան ի՛նչպէս Մեծագոյն Դաւիթը եւ Մեծագոյն Սողոմոնն էր։

Կրնա՞ս բացատրել

Յիսուս ի՞նչպէս Մովսէսէն մեծ էր իբրեւ՝

• մարգարէ։

• միջնորդ։

• ազատարար։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Շրջանակ/Նկար՝ էջ 26]

Յաւելեալ կերպեր, որոնցմով Յիսուս Մովսէսին պէս էր

□ Երկուքն ալ իրենց ետին թողուցին բարձր դիրքեր, որպէսզի Եհովայի ու իր ժողովուրդին ծառայեն (Բ. Կոր. 8։9. Փլպ. 2։5-8. Եբ. 11։24-26

□ Երկուքն ալ ծառայեցին որպէս օծեալներ կամ ‘քրիստոսներ’ (Մար. 14։61, 62. Յովհ. 4։25, 26. Եբ. 11։26

□ Երկուքն ալ Եհովայի անունով եկան (Ել. 3։13-16. Յովհ. 5։43. 17։4, 6, 26

□ Երկուքն ալ հեզութիւն ցուցաբերեցին (Թուոց 12։3. Մատ. 11։28-30

□ Երկուքն ալ բազմութիւններ կերակրեցին (Ել. 16։12. Յովհ. 6։48-52

□ Երկուքն ալ ծառայեցին իբրեւ դատաւոր եւ օրէնսդիր (Ել. 18։13. Մաղ. 4։4. Յովհ. 5։22, 23. 15։10

□ Երկուքին ալ վստահուեցաւ Աստուծոյ տան գլխաւորութիւնը (Թուոց 12։7. Եբ. 3։2-6

□ Երկուքն ալ նկարագրուած են որպէս Եհովայի հաւատարիմ վկաներ (Եբ. 11։24-29. 12։1. Յայտ. 1։5

□ Մովսէսի եւ Յիսուսի մահէն ետք, Աստուած անոնց մարմինները անհետացուց (Բ. Օր. 34։5, 6. Ղուկ. 24։1-3. Գործք 2։31. Ա. Կոր. 15։50. Յուդա 9