Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ինչո՞ւ «Քրիստոս»ին հետեւիլ

Ինչո՞ւ «Քրիստոս»ին հետեւիլ

Ինչո՞ւ «Քրիստոս»ին հետեւիլ

«Եթէ մէկը կ’ուզէ իմ ետեւէս գալ, թող իր անձը ուրանայ. . . ու իմ ետեւէս գայ» (ՂՈՒԿ. 9։23

1, 2. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ նկատի առնենք, թէ ինչո՛ւ «Քրիստոս»ին պէտք է հետեւինք։

Ո՛Վ ՆՈՐ հետաքրքրուած անհատներ ու պատանիներ, Եհովա ո՜րքան ուրախ պէտք է ըլլայ, ձեզ տեսնելով իր երկրային երկրպագուներուն մէջ։ Մինչ կը շարունակէք Աստուածաշունչը ուսումնասիրել, քրիստոնէական ժողովներուն կանոնաւորաբար յաճախել եւ աստուածաշնչական փրկաբեր ճշմարտութեան մասին ձեր գիտութիւնը աւելցնել, լրջօրէն նկատի պէտք է առնէք Յիսուսի հրաւէրը. «Եթէ մէկը կ’ուզէ իմ ետեւէս գալ, թող իր անձը ուրանայ եւ ամէն օր իր խաչը վերցնէ ու իմ ետեւէս գայ» (Ղուկ. 9։23)։ Յիսուս կ’ըսէ թէ ինքզինքդ ուրանալը եւ իր հետեւորդը ըլլալը բան մըն է, զոր պէտք է ուզես ընել։ Ուստի կարեւոր է որ նկատի առնենք, թէ ինչո՛ւ «Քրիստոս»ին պէտք է հետեւինք (Մատ. 16։13-16

2 Ի՞նչ կրնանք ըսել անոնց մասին, որոնք արդէն Յիսուս Քրիստոսի քայլերուն կը հետեւին։ Մեզի յորդոր տրուած է, որ ‘ա՛լ աւելի յառաջանանք անոր մէջ’ (Ա. Թես. 4։1, 2)։ Ճշմարիտ պաշտամունքը վերջե՛րս ընդունեցինք թէ տասնամեակներ առաջ, Քրիստոսին հետեւելու պատճառներուն վրայ խոկալը մեզի պիտի օգնէ, որ մեր առօրեայ կեանքին մէջ ա՛լ աւելի Պօղոսի յորդորը կիրարկենք ու Քրիստոսին հետեւինք։ Քննարկենք հինգ պատճառներ, թէ ինչո՛ւ պէտք է փափաքինք Քրիստոսին հետեւիլ։

Եհովայի հետ մեր մտերմութիւնը աւելցնել

3. Ի՞նչ երկու կերպերով կրնանք Եհովան ճանչնալ։

3 ‘Արիսպագոսի մէջ կայնելով’ ու իր խօսքը աթենացիներուն ուղղելով, Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «[Աստուած] բոլոր ազգերը մէկ արիւնէ ըրաւ. . . եւ որոշուած ժամանակներ հաստատեց ու անոնց բնակութեան սահմանները՝ Աստուած փնտռելու. որպէս զի խարխափելով զինք գտնեն. թէպէտեւ մեր ամէն մէկէն ալ հեռու չէ» (Գործք 17։22, 26, 27)։ Կրնա՛նք Աստուած փնտռել եւ իրապէս զինք ճանչնալ։ Օրինակ, ստեղծագործութեան գիրքը շատ բան կը յայտնէ Աստուծոյ յատկութիւններուն ու կարողութիւններուն մասին։ Ստեղծագործութիւններուն վրայ գնահատութեամբ խոկալը կրնայ Ստեղծիչին մասին բազմաթիւ բաներ սորվեցնել մեզի (Հռով. 1։20)։ Եհովա նաեւ իր մասին մանրամասնութիւններ յայտնած է իր գրաւոր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին մէջ (Բ. Տիմ. 3։16, 17)։ Ո՛րքան աւելի ‘իր բոլոր գործերուն վրայ խորհինք ու իր ըրածներուն վրայ մտածենք’, ա՛յնքան աւելի լաւ կերպով կրնանք Եհովան ճանչնալ (Սաղ. 77։12

4. Քրիստոսին հետեւիլը ի՞նչպէս կրնայ մեզի օգնել որ Եհովայի հետ աւելի մտերիմ յարաբերութիւն մը վայելենք։

4 Եհովայի աւելի քաջածանօթ ըլլալու ընտիր կերպ մըն է՝ Քրիստոսին հետեւիլը։ Պահ մը խորհէ՝ «աշխարհի ըլլալէն առաջ» իր Հօր կողքին Յիսուսի ունեցած փառքին մասին (Յովհ. 17։5)։ Ան «Աստուծոյ արարածներուն Սկիզբ»ն է (Յայտ. 3։14)։ «Ստեղծուածներուն անդրանիկը» ըլլալով, ան երկինքի մէջ Եհովայի հետ անհամար դարեր ապրեցաւ։ Իր նախամարդկային գոյութեան ընթացքին, Յիսուս իր Հօր հետ պարզապէս ժամանակ չանցուց։ Ան Աստուծոյ ընկերակիցն էր, Ամենակալին հետ ուրախութեամբ գործելով ու սիրոյ ամէնէն զօրաւոր կապը մշակելով։ Յիսուս ո՛չ միայն իր Հօր գործելակերպը դիտեց, Անոր զգացումներն ու յատկութիւնները նկատի առնելով, այլ նաեւ Հօր մասին իր սորված բոլոր բաները իւրացուց եւ որդեգրեց։ Որպէս արդիւնք, այս հնազանդ Որդին իր Հօր նման եղաւ,– ա՛յնքան նման, որ Աստուածաշունչը իրեն կ’ակնարկէ որպէս «աներեւոյթ Աստուծոյ պատկերը» (Կող. 1։15)։ Քրիստոսին սերտօրէն հետեւելով, կրնա՛նք Եհովայի հետ աւելի մտերիմ յարաբերութիւն մը վայելել։

Եհովան լիովին ընդօրինակել

5. Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ Եհովան լիովին ընդօրինակելու, եւ ինչո՞ւ։

5 Մենք ‘Աստուծոյ պատկերով ու նմանութեան պէս’ շինուած ենք, ուստի աստուածային յատկութիւններ արտացոլացնելու կարողութիւնը ունինք (Ծն. 1։26)։ Պօղոս առաքեալ քրիստոնեաները յորդորեց, որ ‘Աստուծոյ նմանին՝ սիրելի զաւակներու պէս’ (Եփ. 5։1)։ Քրիստոսին հետեւիլը մեզի կ’օգնէ մեր երկնաւոր Հայրը ընդօրինակելու, քանի որ Յիսուս անզուգական կերպով արտացոլացուց Աստուծոյ մտածումը, զգացումներն ու անձնաւորութիւնը եւ անոր մասին բացատրեց։ Երբ երկրի վրայ էր, Յիսուս պարզապէս Եհովայի անունը չճանչցուց, այլ՝ այդ անունը կրող Անձը յայտնեց (կարդալ՝ Մատթէոս 11։27Յիսուս ասիկա ըրաւ իր խօսքերով ու գործերով, իր ուսուցումներով եւ օրինակով։

6. Յիսուսի ուսուցումները Եհովայի մասին ի՞նչ կը յայտնեն։

6 Յիսուս իր ուսուցումներով ցոյց տուաւ, թէ Աստուած մեզմէ ի՛նչ կը պահանջէ եւ իր երկրպագուներուն հանդէպ ի՛նչ կը զգայ (Մատ. 22։36-40. Ղուկ. 12։6, 7. 15։4-7)։ Օրինակ, Տասը պատուիրաններէն մէկը,– «Շնութիւն մի՛ ըներ»,– մէջբերելէ ետք, Յիսուս բացատրեց թէ Աստուած ի՛նչպէս կը նկատէ մարդուն սրտին մէջ տեղի ունեցածը, այդ արարքը գործելէն շա՜տ առաջ։ Ան ըսաւ. «Ով որ կին մարդու կը նայի անոր ցանկալու համար, ալ անիկա իր սրտին մէջ շնութիւն ըրաւ անոր հետ» (Ել. 20։14. Մատ. 5։27, 28)։ Մովսիսական օրէնքին մէկ խօսքին փարիսեցիական մեկնութիւնը,– «Քու ընկերդ սիրես ու թշնամիդ ատես»,– նշելէ ետք, Յիսուս Եհովայի մտածումը ճանչցուց, ըսելով. «Սիրեցէք ձեր թշնամիները. . . եւ աղօթք ըրէք անոնց համար որ ձեզ կը չարչարեն ու կը հալածեն» (Մատ. 5։43, 44. Ել. 23։4. Ղեւ. 19։18)։ Աստուծոյ մտածած ու զգացած կերպին եւ մեզմէ պահանջած բաներուն մասին խորատեսութիւն ձեռք ձգելով, աւելի կրնանք զինք լիովին ընդօրինակել։

7, 8. Յիսուսի օրինակէն Եհովայի մասին ի՞նչ կը սորվինք։

7 Յիսուս իր օրինակով նաեւ յայտնեց իր Հօր անձնաւորութիւնը։ Երբ Աւետարաններուն մէջ կը կարդանք, թէ Յիսուս չքաւորներուն ողորմեցաւ, տառապեալներուն կարեկցեցաւ, երեխաները յանդիմանող իր աշակերտներուն դէմ բարկացաւ, չե՞նք նկատեր թէ Հայրը նոյն յուզումը կը բաժնէ (Մար. 1։40-42. 10։13, 14. Յովհ. 11։32-35)։ Պահ մը խորհէ թէ Յիսուսի արարքները ի՛նչպէս լոյս կը սփռեն Աստուծոյ գլխաւոր յատկութիւններուն վրայ։ Քրիստոսի կատարած հրաշքները ցոյց չե՞ն տար իր տրամադրութեան տակ եղող անհուն զօրութիւնը։ Այսուհանդերձ, ան երբեք այդ զօրութիւնը չգործածեց անձնական շահու համար կամ ուրիշներուն վնաս հասցնելու մտադրութեամբ (Ղուկ. 4։1-4)։ Ընչաքաղց վաճառականները տաճարէն վռնտելը ո՜րքան բացայայտօրէն ցոյց կու տայ Յիսուսի արդարութեան զգացումը (Մար. 11։15-17. Յովհ. 2։13-16)։ Իր ուսուցումները եւ մարդոց սրտին հասնելու համար իր գործածած շնորհալի խօսքերը ցոյց կու տան, թէ իմաստութեամբ «Սողոմոնէն մեծ» էր (Մատ. 12։42)։ Ուրիշներու համար իր կեանքը տալով Յիսուսի ցուցաբերած սիրոյն մասին տեղին է ըսել. «Ասկէ աւելի մեծ սէր մէ՛կը չի կրնար ունենալ» (Յովհ. 15։13

8 Աստուծոյ Որդին իր բոլոր ըսած ու ըրած բաներով ա՛յնքան կատարելապէս Եհովան ներկայացուց, որ կրցաւ ըսել. «Ան որ զիս տեսաւ՝ Հայրը տեսաւ» (կարդալ՝ Յովհաննէս 14։9-11Քրիստոսին հետեւիլը համահաւասար է Եհովան ընդօրինակելուն։

Յիսուս Եհովայի Օծեալն է

9. Ե՞րբ եւ ի՞նչպէս Յիսուս Աստուծոյ Օծեալը եղաւ։

9 Նկատի առ թէ մ.թ. 29–ի աշնան ի՛նչ տեղի ունեցաւ, երբ 30 տարեկան Յիսուսը Յովհաննէս Մկրտիչին քով եկաւ։ «Երբ Յիսուս մկրտուեցաւ, շուտ մը ջուրէն դուրս ելաւ եւ ահա երկինքը բացուեցաւ ու տեսաւ Աստուծոյ Հոգին, որ աղաւնիի պէս կ’իջնէր ու կու գար իր վրայ»։ Այդ ատեն, ան Քրիստոսը կամ Մեսիան եղաւ։ Իսկ Եհովա անձամբ գիտցուց որ Յիսուս իր Օծեալն է, ըսելով. «Ասիկա է իմ սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ» (Մատ. 3։13-17)։ Ասիկա Քրիստոսին հետեւելու ի՜նչ հիմնական պատճառ մըն է։

10, 11. ա) Յիսուսի առնչութեամբ «Քրիստոս» տիտղոսը ի՞նչ կերպերով գործածուած է։ բ) Ինչո՞ւ Յիսուս Քրիստոսին հետեւելու մէջ պէտք չէ թերանանք։

10 Աստուածաշունչին մէջ, Յիսուսի առնչութեամբ «Քրիստոս» տիտղոսը այլազան կերպերով կը գործածուի, ինչպէս՝ Յիսուս Քրիստոս, Քրիստոս Յիսուս եւ Քրիստոսը։ Յիսուս ինք առաջին անգամ «Յիսուս Քրիստոս» արտայայտութիւնը գործածեց,– անունը ապա տիտղոսը։ Աղօթքի մը մէջ, ան իր Հօր ըսաւ. «Այս է յաւիտենական կեանքը, որ ճանչնան քեզ միմիայն ճշմարիտ Աստուածդ ու Յիսուս Քրիստոսը, որ դուն ղրկեցիր» (Յովհ. 17։3)։ Այս գործածութիւնը յստակօրէն ուշադրութիւն կը հրաւիրէ այն անհատին վրայ, որ Աստուծոյ կողմէ ղրկուեցաւ եւ անոր Օծեալը եղաւ։ Երբ տիտղոսը անունէն առաջ դրուի, ինչպէս՝ «Քրիստոս Յիսուս», կը շեշտուի Յիսուսի դիրքը կամ պաշտօնը (Բ. Կոր. 4։5)։ «Քրիստոսը» արտայայտութիւնը գործածելը, այսինքն՝ տիտղոսը եւ որոշիչ յօդը, որպէս Մեսիա Յիսուսի պաշտօնը շեշտելու այլ կերպ մըն է (Յովհ. 4։29

11 Յիսուսի առնչութեամբ «Քրիստոս» տիտղոսը ամէն կերպով սա կարեւոր ճշմարտութիւնը ցցուն կ’ընէ. թէեւ Աստուծոյ Որդին որպէս մարդ երկիր եկաւ եւ իր Հօր կամքը գիտցուց, սակայն սովորական մարդ կամ մարգարէ մը չէր, այլ Եհովայի Օծեալը եղաւ։ Պէտք է վստահ ըլլանք թէ այս Օծեալին կը հետեւինք։

Յիսուս փրկութեան միակ ճամբան է

12. Թովմաս առաքեալին ուղղուած ո՞ր խօսքերը մեզի համար նշանակութիւն ունին։

12 Մեսիային հետեւելու ուրիշ կենսական պատճառ մը նշուած է, Յիսուսի մահէն քանի մը ժամ առաջ իր 11 հաւատարիմ առաքեալներուն ուղղուած իր խօսքերուն մէջ։ Առ ի պատասխան Թովմասի հարցումին, որ կապ ունէր Յիսուսի երթալուն եւ անոնց տեղ պատրաստելուն հետ, ան ըսաւ. «Ես եմ ճամբան ու ճշմարտութիւնը եւ կեանքը. մէկը Հօրը քով չի գար՝ եթէ ոչ ինձմով» (Յովհ. 14։1-6)։ Յիսուս հաւատարիմ առաքեալներուն խոստացաւ տեղ մը երկինքի մէջ, բայց իր խօսքերը երկրի վրայ յաւիտենական կեանք ստանալու յոյսը ունեցողներուն համար ալ նշանակութիւն ունին (Յայտ. 7։9, 10. 21։1-4)։ Ի՞նչպէս։

13. Յիսուս ի՞նչ առումով «ճամբան» է։

13 Յիսուս Քրիստոս «ճամբան» է։ Այսինքն, ան միակ անհատն է, որուն միջոցաւ կրնանք Աստուծոյ մօտենալ։ Ասիկա կը կիրարկուի աղօթքի պարագային, քանի որ միայն Յիսուսի անունով աղօթելով է որ երաշխիք ունինք, թէ Հայրը պիտի տայ ի՛նչ որ խնդրենք Իր կամքին համաձայն (Յովհ. 15։16)։ Բայց Յիսուս յաւելեալ առումով ալ «ճամբան» է։ Մեղքը մարդկութիւնը Աստուծմէ օտարացուցած է (Եսա. 59։2)։ Յիսուս «իր կեանքը շատերու համար փրկանք» տուաւ (Մատ. 20։28)։ Որպէս արդիւնք, Աստուածաշունչը կը բացատրէ. «Յիսուս Քրիստոսին արիւնը մեզ ամէն մեղքէ կը սրբէ» (Ա. Յովհ. 1։7)։ Այսպէս Որդին Աստուծոյ հետ հաշտուելու ճամբան բացաւ (Հռով. 5։8-10)։ Յիսուսի հաւատալով եւ հնազանդելով է որ կրնանք Աստուծոյ հետ ընդունելի յարաբերութիւն մը ունենալ (Յովհ. 3։36

14. Յիսուս ի՞նչպէս «ճշմարտութիւնն» է։

14 Յիսուս «ճշմարտութիւնն» է ո՛չ միայն քանի որ միշտ ճշմարտութիւնը խօսեցաւ եւ անոր համաձայն ապրեցաւ, այլ նաեւ՝ քանի որ Մեսիային մասին գրուած բոլոր մարգարէութիւնները իր վրայ կատարուեցան։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Որչափ որ Աստուծոյ խոստումները կան՝ իր մէջ ‘Այո’ են» (Բ. Կոր. 1։20)։ Նոյնիսկ մովսիսական օրէնքին բովանդակած «գալիք բարիքներուն շուք»ը, Քրիստոս Յիսուսի մէջ իրականութիւն դարձաւ (Եբ. 10։1. Կող. 2։17)։ Յիսուս բոլոր մարգարէութիւններուն առանցքն է, եւ անոնք Եհովայի նպատակին իրագործման մէջ իր գլխաւոր դերին վրայ լոյս կը սփռեն (Յայտ. 19։10)։ Աստուծոյ նպատակին կատարումէն օգտուելու համար, Մեսիային պէտք է հետեւինք։

15. Յիսուս ի՞նչ առումով «կեանքն» է։

15 Յիսուս «կեանքն» է, քանի որ իր կեանքի արիւնով մարդկութիւնը գնած է, եւ յաւիտենական կեանքը պարգեւ մըն է, զոր Աստուած կը շնորհէ «մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով» (Հռով. 6։23)։ Յիսուս «կեանքն» է նաեւ անոնց համար, որոնք մահացած են (Յովհ. 5։28, 29)։ Ասկէ զատ, Հազարամեայ իշխանութեան ընթացքին իբրեւ Քահանայապետ ան մեղքէն ու մահէն մշտնջենական ազատում պիտի բերէ իր երկրային հպատակներուն (Եբ. 9։11, 12, 28

16. Յիսուսի հետեւելու ի՞նչ պատճառ ունինք։

16 Արդ, Թովմասի տրուած Յիսուսի պատասխանը, մեզի համար մեծ նշանակութիւն ունի։ Յիսուս ճամբան ու ճշմարտութիւնը եւ կեանքն է։ Աստուած զա՛յն աշխարհ ղրկեց, որպէսզի աշխարհը փրկուի անով (Յովհ. 3։17)։ Եւ առանց Յիսուսի, ո՛չ ոք կրնայ Հօր դիմել։ Աստուածաշունչը յստակօրէն կը նշէ. «Ուրիշ մէկո՛վ փրկութիւն չկայ. վասն զի անկէ զատ ուրիշ անուն մը չկայ երկնքի տակ՝ մարդոց մէջ տրուած, որով կարող ըլլանք փրկուիլ» (Գործք 4։12)։ Հետեւաբար, ի՛նչ ենթահող ալ ունենանք, իմաստութիւն է Յիսուսի հաւատալ, անոր հետեւիլ եւ այսպէս դէպի կեանք առաջնորդուիլ (Յովհ. 20։31

Քրիստոսի մտիկ ընելու պատուէր ստացած ենք

17. Աստուծոյ Որդիին մտիկ ընելը ինչո՞ւ կարեւոր է։

17 Պետրոս, Յովհաննէս ու Յակոբոս այլակերպութեան ականատես եղան։ Այդ ատեն, անոնք երկինքէն ձայն մը լսեցին, որ կ’ըսէր. «Ատիկա է իմ սիրելի Որդիս, ատոր մտիկ ըրէք» (Ղուկ. 9։28, 29, 35)։ Մեսիային մտիկ ընելու պատուէրին հնազանդիլը լուրջ հարց է (կարդալ՝ Գործք 3։22, 23

18. Ի՞նչպէս կրնանք Յիսուս Քրիստոսին մտիկ ընել։

18 Յիսուսին մտիկ ընելը կը պարփակէ՝ ‘իրեն ուշադրութեամբ նայիլ, իր օրինակը մօտէն նկատի առնելով’ (Եբ. 12։2, 3, ՆԱ)։ Ուստի, պէտք է «ա՛լ աւելի ուշադրութիւն ընենք» այն բաներուն, զորս իր մասին կը կարդանք Աստուածաշունչին մէջ եւ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին հրատարակութիւններուն մէջ, եւ զորս իր մասին կը լսենք քրիստոնէական ժողովներուն մէջ (Եբ. 2։1. Մատ. 24։45)։ Իր ոչխարները ըլլալով, սրտանց փափաքինք Յիսուսի մտիկ ընել ու իրեն հետեւիլ (Յովհ. 10։27

19. Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ որ յարատեւաբար Քրիստոսին հետեւինք։

19 Ի՛նչ դժուարութիւն ալ դիմագրաւենք, յարատեւաբար Քրիստոսին հետեւելու մէջ կրնա՞նք յաջողիլ։ Այո կրնա՛նք, պայմանաւ որ ‘ողջամիտ խօսքերը ամուր բռնենք’, մեր սորվածը ի գործ դնելով «հաւատքով ու սիրով՝ որ Քրիստոս Յիսուսով է» (Բ. Տիմ. 1։13

Ի՞նչ սորվեցար

• «Քրիստոս»ին հետեւիլը ինչո՞ւ կրնայ Եհովայի հետ մեր մտերմութիւնը աւելցնել։

• Յիսուսը ընդօրինակելը ինչո՞ւ համահաւասար է Եհովան ընդօրինակելուն։

• Յիսուս ի՞նչպէս «ճամբան ու ճշմարտութիւնը եւ կեանքն» է։

• Ինչո՞ւ Եհովայի Օծեալին պէտք է մտիկ ընենք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 28]

Հաւատարմօրէն Եհովայի Օծեալին պէտք է հետեւինք

[Նկար՝ էջ 29]

Յիսուսի ուսուցումները Եհովայի վեհ մտածումը արտացոլացուցին

[Նկար՝ էջ 30]

Եհովա յայտարարեց. «Ատիկա է իմ սիրելի Որդիս, ատոր մտիկ ըրէք»