Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուած իր միտքը կը փոխէ՞

Աստուած իր միտքը կը փոխէ՞

Աստուած իր միտքը կը փոխէ՞

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Աստուծոյ մասին կ’ըսէ. «[Անոր] մէջ բնաւ փոփոխութիւն կամ դառնալու շուք մը չկայ»։ Եւ Աստուած մեզ կը հաւաստիացնէ՝ ըսելով. «Ես Եհովա եմ, չեմ փոխուիր» (Յակոբոս 1։17. Մաղաքիա 3։6)։ Եհովա Աստուած ո՜րքան կը տարբերի անոնցմէ, որոնք դժուարահաճ եւ անվստահելի են, քանի որ փոփոխամիտ են։

Սակայն Աստուածաշունչի ընթերցողներէն ոմանք կը խորհին թէ Աստուած իր միտքը փոխած է։ Օրինակ, ժամանակ մը Եհովա Աստուած քրիստոնեաներուն զօրութիւն տուաւ հրաշքներ գործելու, բայց այժմ՝ չի տար։ Վաղեմի ժամանակներուն, Աստուած բազմակնութիւնը հանդուրժեց, բայց այլեւս չի հանդուրժեր։ Մովսիսական օրէնքին ներքեւ, Եհովա պահանջեց Շաբաթ պահելը, բայց ներկայիս՝ ոչ։ Այս պարագաները ցոյց չե՞ն տար որ Աստուած փոխուած է։

Նախ եւ առաջ, կրնանք վստահ ըլլալ որ Աստուած սիրոյ եւ արդարութեան իր չափանիշները երբեք չի փոխեր։ Նաեւ, իր Թագաւորութեան միջոցաւ մարդկութիւնը օրհնելու իր «յաւիտենական նպատակ»ը երբեք չէ փոխուած (Եփեսացիս 3։11, ՆԱ)։ Այսուհանդերձ, Եհովա փոխուած պարագաներուն տարբեր կերպով կը հակազդէ, ինչպէս որ կեցուածքդ կրնաս փոխել անհատի մը հանդէպ, որուն վարքը անդադար քեզ յուսախաբ կ’ընէ։

Աստուած նաեւ իր ժողովուրդին հաղորդած իր հրահանգները կը փոխէ, անոնց կացութեան ու կարիքներուն համաձայն։ Ասիկա մեզ պէտք չէ զարմացնէ։ Նկատի առ թէ զբօսաշրջիկներու ատակ ուղեւոր մը ի՛նչ կ’ընէ, երբ վտանգ մը նախատեսէ։ Ան իր խումբին կ’ըսէ, որ տարբեր ուղի մը բռնեն, վտանգէն հեռու մնալով։ Բայց ասիկա չի նշանակեր, թէ ան որոշեալ վայրը հասնելու նկատմամբ իր միտքը փոխեց, այդպէս չէ՞։ Հետեւաբար քննենք վերոյիշեալ երեք օրինակները, զորս ոմանք շփոթեցուցիչ կը գտնեն։

Հրաշքները ինչո՞ւ դադրեցան

Աստուած առաջին դարու կարգ մը քրիստոնեաներուն ինչո՞ւ հրաշագործելու զօրութիւն տուաւ։ Թերեւս տեղեակ ես, թէ երբ իսրայէլ Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդն էր, Աստուած յաճախ հրաշքներով ցոյց տուաւ իր զօրակցութիւնը։ Մովսէսի միջոցաւ, Աստուած իր ահարկու զօրութիւնը գործածեց՝ իսրայէլը Եգիպտոսէն ազատելու եւ անապատի ճամբով դէպի Խոստացեալ երկիր առաջնորդելու։ Դժբախտաբար, իսրայէլացիները կրկին անգամ հաւատքով չընդառաջեցին։ Երբ Եհովա վերջապէս իսրայէլը մերժեց եւ քրիստոնէական ժողովքը հաստատեց, հրաշագործելու զօրութիւն շնորհեց առաքեալներուն եւ ուրիշներու։ Օրինակ, Պետրոս եւ Յովհաննէս առաքեալները, ի ծնէ կաղ մարդ մը բուժեցին, իսկ Պօղոս մեռեալ մը վերակենդանացուց (Գործք 3։2-8. 20։9-11)։ Անոնց կատարած հրաշքները նպաստեցին, որ շատ մը երկիրներու մէջ քրիստոնէութիւնը հաստատուի։ Արդ, հրաշքները ինչո՞ւ դադրեցան։

Պօղոս առաքեալ օրինակով մը բացատրեց. «Երբ մանուկ էի, մանուկի պէս կը խօսէի, մանուկի պէս կը մտածէի, մանուկի կարծիք ունէի. բայց երբ այր մարդ եղայ, մանկական բաները մէկ կողմ դրի» (Ա. Կորնթացիս 13։11, ԱԾ)։ Ինչպէս որ ծնողներ իրենց մանուկին հետ տարբեր ձեւով կը վարուին երբ մեծնայ, քրիստոնէական ժողովքին հետ Եհովայի վարուելու կերպը փոխուեցաւ, երբ դադրեցաւ «մանուկ» ըլլալէ։ Պօղոս առաքեալ բացատրեց, թէ գերբնական պարգեւները, ինչպէս՝ մարգարէանալն ու օտար լեզուներով խօսիլը, «պիտի խափանին» (Ա. Կորնթացիս 13։8

Բազմակնութիւնը ինչո՞ւ արտօնուած էր

Յիսուս ցոյց տուաւ թէ Աստուած ամուսնութեան չափանիշը դրաւ, երբ առաջին մարդկային զոյգին ըսաւ. «Մարդ իր հայրը ու մայրը պիտի ձգէ եւ իր կնոջ պիտի յարի ու երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան» (Մատթէոս 19։5)։ Ամուսնութիւնը՝ երկու անձերու միջեւ մնայուն կապ պիտի ըլլար։ Սակայն բազմակնութիւնը արդէն սովորական դարձած էր, երբ Աստուած իսրայէլացիները որպէս ազգ կազմակերպեց եւ մովսիսական օրէնքը տուաւ անոնց։ Այսպէս, բազմակնութեան ծագում չտալով ու զայն չքաջալերելով հանդերձ, Աստուած զայն կարգաւորելու համար օրէնքներ դրաւ։ Երբ քրիստոնէական ժողովքը հաստատուեցաւ, Աստուծոյ Խօսքը բացայայտօրէն բազմակնութիւնը արգիլեց (Ա. Տիմոթէոս 3։2

Եհովա Աստուած որոշ բաներ կը հանդուրժէ մինչեւ որ զանոնք սրբագրելու իր ժամանակը գայ (Հռովմայեցիս 9։22-24)։ Յիսուս ցոյց տուաւ, թէ Եհովա անպատշաճ ամուսնական սովորութիւններ առժամաբար հանդուրժած էր, զանոնք իսրայէլացիներուն ‘արտօնելով՝ իրենց սիրտին կարծրութեան համար’ (Մատթէոս 19։8, ԱԾ. Առակաց 4։18

Շաբաթ պահելը ինչո՞ւ ժամանակաւոր էր

Աստուած Շաբաթ պահելը հաստատեց, իսրայէլացիները Եգիպտոսէն ազատելէ ետք։ Յետագային, ան զայն մովսիսական օրէնքին մէկ մասը ըրաւ (Ելից 16։22-30. 20։8-10)։ Պօղոս առաքեալ բացատրեց, թէ Յիսուս իր անձը զոհ մատուցանեց եւ «հրամաններով եղած պատուիրանքներուն օրէնքը խափանեց» ու «պարտամուրհակը. . . ջնջեց» (Եփեսացիս 2։15. Կողոսացիս 2։14)։ ‘Խափանուած’ եւ ‘ջնջուած’ բանը կը պարփակէր Շաբաթի օրէնքը, քանի որ Աստուածաշունչը կը շարունակէ ըսել. «Ուստի ալ մէկը թող չդատէ՛ ձեզ ուտելու կամ խմելու կամ տօներու կամ ամսագլուխներու կամ շաբաթներու խնդրով» (Կողոսացիս 2։16)։ Սակայն Աստուած ինչո՞ւ տուաւ մովսիսական օրէնքը, ի ներառեալ՝ Շաբաթ պահելը։

Պօղոս առաքեալ գրեց. «Օրէնքը մեր դաստիարակը եղաւ՝ մեզ Քրիստոսին բերելու»։ Ապա ան աւելցուց. «Երբ հաւատքը եկաւ, ալ օրէնքի տակ չենք» (Գաղատացիս 3։24, 25)։ Փոխանակ իր միտքը փոխելու, Աստուած Շաբաթը գործածեց որպէս ժամանակաւոր կարգադրութիւն, մարդոց սորվեցնելու որ կանոնաւորաբար պէտք է ժամանակ յատկացնեն հոգեւոր բաներու վրայ խոկալու համար։ Շաբաթի օրէնքը առժամեայ ըլլալով հանդերձ, մատնանշեց այն ժամանակը, երբ մարդկութիւնը ֆիզիքական ու հոգեւոր տառապանքէն մնայուն հանգստութիւն պիտի գտնէ (Եբրայեցիս 4։10. Յայտնութիւն 21։1-4

Վստահելի եւ գորովալից Աստուած

Վերոնշեալ աստուածաշնչական օրինակները ցոյց կու տան, թէ Եհովա Աստուած տարբեր ժամանակներու մէջ տուա՛ւ տարբեր ցուցմունքներ ու հրահանգներ։ Բայց ասիկա չի նշանակեր թէ ան իր միտքը փոխեց։ Փոխարէն, ան իր ժողովուրդին կարիքներուն ընդառաջեց՝ այլազան պարագաներու ներքեւ,– անոնց օգտին համար։ Նոյնն է պարագան այսօր։

Որովհետեւ Եհովա իր չափանիշները չի փոխեր, միշտ կրնանք գիտնալ թէ ի՛նչ պէտք է ընենք զինք հաճեցնելու համար։ Ասկէ զատ, կրնանք վստահ ըլլալ թէ Աստուծոյ խոստացած բոլոր բաները պիտի իրականանան։ Եհովա կ’ըսէ. «Իմ ամէն կամքս պիտի կատարուի։ . . .Ես խորհեցայ ու ես պիտի գործադրեմ» (Եսայի 46։10, 11

[Մէջբերում՝ էջ 12]

Պօղոս բացատրեց թէ ժամանակի ընթացքին, գերբնական պարգեւները ‘պիտի խափանուէին’

[Մէջբերում՝ էջ 13]

Աստուած սիրոյ եւ արդարութեան իր չափանիշները երբեք չի փոխեր