Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի տան նախանձախնդի՛ր եղիր

Եհովայի տան նախանձախնդի՛ր եղիր

Եհովայի տան նախանձախնդի՛ր եղիր

«Քու տանդ նախանձը զիս կերաւ» (ՅՈՎՀ. 2։17

1, 2. Մ.թ. 30–ին, տաճարին մէջ Յիսուս ի՞նչ ըրաւ եւ ինչո՞ւ։

ՏԵՍԱՐԱՆԸ երեւակայէ։ Մ.թ. 30–ի Պասեքի ժամանակն է։ Վեց ամիս առաջ, Յիսուս սկսաւ իր երկրային ծառայութիւնը։ Այժմ ան դէպի Երուսաղէմ կ’ուղղուի։ Հոն, տաճարին Հեթանոսներուն գաւիթին մէջ, Յիսուս կը տեսնէ «արջառ ու ոչխար եւ աղաւնի ծախողներ ու ստակ փոխողներ ալ»։ Պարաններով մտրակ մը պատրաստելով, ան բոլոր անասունները դուրս կը վռնտէ, եւ վստահաբար վաճառականները անոնց կը հետեւին։ Յիսուս նաեւ դրամափոխներու մետաղադրամները ցիրուցան կ’ընէ ու անոնց սեղանները կը տապալէ։ Ան աղաւնի վաճառողներուն կը հրամայէ որ իրենց ունեցածը առնեն ու հեռանան (Յովհ. 2։13-16

2 Յիսուսի արարքները կը յայտնեն տաճարին հանդէպ իր ունեցած խոր հետաքրքրութիւնը։ «Իմ Հօրս տունը առուտուրի տուն մի՛ ընէք», կը հրամայէ ան։ Այս իրադարձութեան ականատես ըլլալով, Յիսուսի աշակերտները կը մտաբերեն սաղմոսերգու Դաւիթի խօսքը. «Քու տանդ նախանձը զիս կերաւ» (Յովհ. 2։16, 17. Սաղ. 69։9

3. ա) Ի՞նչ է նախանձախնդրութիւնը։ բ) Մենք մեզի ի՞նչ հարցում կրնանք ուղղել։

3 Աստուծոյ տան հանդէպ Յիսուսի խոր հետաքրքրութիւնը եւ նախանձախնդրութիւնն էր որ զինք մղեց գործելու։ Նախանձախնդրութիւնը՝ «բուռն եռանդով ու խանդավառութեամբ բանի մը հետամուտ ըլլալ» է։ Այս 21–րդ դարուն, աւելի քան եօթը միլիոն քրիստոնեաներ Աստուծոյ տան հանդէպ խոր հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն։ Անհատապէս կրնանք հարց տալ. ‘Ի՞նչպէս կրնամ Եհովայի տան հանդէպ նախանձախնդրութիւնս աւելցնել’։ Պատասխանելու համար, նախ քննարկենք թէ ներկայիս Աստուծոյ տունը ի՛նչ է։ Ապա նկատի պիտի առնենք Աստուածաշունչին մէջ նշուած կարգ մը հաւատարիմ անհատներ, որոնք Աստուծոյ տան հանդէպ նախանձախնդրութիւն ցուցաբերեցին։ Անոնց օրինակները գրուեցան ‘որ սորվինք’, եւ կրնան մեզ խթանել որ աւելի մեծ նախանձախնդրութիւն ցուցաբերենք (Հռով. 15։4

Աստուծոյ տունը. անցեալին եւ ներկայիս

4. Սողոմոնի կառուցանած տաճարը ի՞նչ նպատակի ծառայեց։

4 Վաղեմի Իսրայէլի մէջ, Աստուծոյ տունը Երուսաղէմի տաճարն էր։ Անշուշտ Եհովա բառացիօրէն հոն չէր բնակեր։ Ան ըսաւ. «Երկինք իմ աթոռս է ու երկիր իմ ոտքերուս պատուանդանն է։ Այս ի՞նչ տուն է որ ինծի համար կը շինէք եւ այս ի՞նչ տեղ է իմ հանգստութեանս համար» (Եսա. 66։1)։ Այսուհանդերձ, Սողոմոնի իշխանութեան ընթացքին կառուցուած տաճարը, Եհովայի պաշտամունքին առանցքն էր, ուր աղօթքներ կը մատուցանուէին (Գ. Թագ. 8։27-30

5. Սողոմոնի տաճարին մէջ մատուցուած պաշտամունքով նախապատկերացուած արդի կարգադրութիւնը ի՞նչ է։

5 Ներկայիս, Եհովայի տունը Երուսաղէմի մէջ կամ այլուր գտնուող քարեղէն կառոյց մը չէ։ Անիկա Քրիստոսի փրկանքի զոհին հիման վրայ՝ պաշտամունքի համար Եհովայի մօտենալու կարգադրութիւնն է։ Երկրի վրայ, Աստուծոյ բոլոր հաւատարիմ ծառաները միաբանութեամբ զինք կը պաշտեն այս հոգեւոր տաճարին մէջ (Եսա. 60։4, 8, 13. Գործք 17։24. Եբ. 8։5. 9։24

6. Յուդայի ո՞ր թագաւորները ճշմարիտ պաշտամունքին հանդէպ ուշագրաւ նախանձախնդրութիւն ցուցաբերեցին։

6 Մ.թ.ա. 997–ին, Իսրայէլի բաժանումէն ետք, հարաւային մասին՝ Յուդայի վրայ իշխող 19 թագաւորներէն չորսը,– Ասա, Յովսափատ, Եզեկիա եւ Յովսիա,– ճշմարիտ պաշտամունքին հանդէպ ուշագրաւ նախանձախնդրութիւն ցուցաբերեցին։ Անոնց օրինակէն ի՞նչ կարեւոր դասեր կրնանք սորվիլ։

Սրտագին ծառայութիւնը օրհնութիւններ կը բերէ

7, 8. ա) Եհովա ի՞նչպիսի ծառայութիւն կ’օրհնէ։ բ) Ասա թագաւորին օրինակէն ի՞նչ ազդարարական դաս մը կրնանք սորվիլ։

7 Ասա թագաւորին իշխանութեան ընթացքին, Եհովա մարգարէներ հանեց, Իր ժողովուրդը հաւատարիմ ընթացքի մէջ առաջնորդելու համար։ Օրինակ, Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ թէ Ասա Ովդեդի որդիին՝ Ազարիա մարգարէին մտիկ ըրաւ (կարդալ՝ Բ. Մնացորդաց 15։1-8Ասայի բարեկարգութիւնները Յուդայի ժողովուրդը միացուցին, ինչպէս նաեւ՝ Իսրայէլի թագաւորութեան պատկանող մեծ բազմութիւն մը, որ Երուսաղէմի մէջ հաւաքուեցաւ։ Անոնք միասնաբար յայտարարեցին Եհովան հաւատարմօրէն պաշտելու իրենց վճռականութիւնը։ Կը կարդանք. «Մեծ ձայնով եւ ցնծութեան աղաղակով ու փողերով ու շեփորներով Տէրոջը երդում ըրին։ Բոլոր Յուդան այն երդումին վրայ ուրախացաւ. քանզի իրենց բոլոր սրտովը երդում ըրին ու իրենց բոլոր կամքովը փնտռելով՝ գտան զանիկա։ Տէրը ամէն կողմանէ հանգստացուց զանոնք» (Բ. Մն. 15։9-15)։ Վստահաբար Եհովա նմանապէս մեզ պիտի օրհնէ, երբ ամբողջ սիրտով իրեն ծառայենք (Մար. 12։30

8 Դժբախտաբար, յետագային Ասա Անանի տեսանողին կողմէ իրեն տրուած սրբագրութեան համար ընդվզեցաւ (Բ. Մն. 16։7-10)։ Ի՞նչպէս կ’ընդառաջենք, երբ Եհովա քրիստոնեայ երէցներուն միջոցաւ մեզի խրատ կամ ուղղութիւն կու տայ։ Փութով կ’ընդունի՞նք ու կը կիրարկե՞նք անոնց աստուածաշնչական խրատը, դժգոհութեան թակարդէն խուսափելով։

9. Յովսափատ եւ Յուդա ի՞նչ սպառնալիք դիմագրաւեցին, եւ ի՞նչպէս հակազդեցին։

9 Յովսափատ մ.թ.ա. տասներորդ դարուն Յուդայի մէջ թագաւորեց։ Ան եւ ամբողջ Յուդան՝ Ամմոնի, Մովաբի եւ Սէիրի լերան բնակիչներու միացեալ բանակներուն սպառնալիքը դիմագրաւեցին։ Թէեւ թագաւորը վախցաւ, բայց ի՞նչ ըրաւ։ Ան եւ իր մարդիկը, իրենց կիներով ու զաւակներով, Եհովայի տունը հաւաքուեցան աղօթելու համար (կարդալ՝ Բ. Մնացորդաց 20։3-6Տաճարի նաւակատիքին ատեն Սողոմոնի ըսած խօսքերուն հետ ներդաշնակ, Յովսափատ աղերսեց. «Ո՛վ մեր Աստուածը, անոնց դատաստան չե՞ս ըներ. քանզի մեր վրայ եկող այս մեծ բազմութեանը դէմ դնելու զօրութիւն չունինք ու չենք գիտեր ի՛նչ ընելու ենք. ուստի մեր աչքերը քեզի կ’ուղղենք» (Բ. Մն. 20։12, 13)։ Յովսափատի աղօթքէն ետք, «ժողովուրդին մէջ» Եհովայի հոգին ղեւտացի Յազիէլը մղեց մխիթարական խօսքեր ըսելու, որոնք վստահութիւն ներշնչեցին (կարդալ՝ Բ. Մնացորդաց 20։14-17

10. ա) Յովսափատ եւ Յուդա ի՞նչպէս ուղղութիւն ստացան։ բ) Ի՞նչպէս կրնանք Եհովայի տուած ուղղութիւնը գնահատել։

10 Այո, այդ ատեն Յովսափատ եւ Յուդայի թագաւորութիւնը, Յազիէլի միջոցով ուղղութիւն ստացան։ Ներկայիս, հաւատարիմ ու իմաստուն ծառային միջոցաւ մխիթարութիւն եւ ուղղութիւն կը ստանանք։ Վստահաբար, միշտ կ’ուզենք նշանակուած երէցներուն հետ համագործակցիլ ու զանոնք յարգել, որոնք ծանր կ’աշխատին, որպէսզի մեզ հովուեն եւ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին ուղղութիւնները գործադրեն (Մատ. 24։45. Ա. Թես. 5։12, 13

11, 12. Յովսափատի ու Յուդայի փորձառութենէն ի՞նչ դաս կրնանք քաղել։

11 Ինչպէս որ Յովսափատ եւ իր ժողովուրդը հաւաքուեցան Եհովայի առաջնորդութիւնը փնտռելու համար, մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ կանոնաւորաբար ժողովքային հանդիպումներուն ներկայ գտնուիլը երբեք չանտեսենք։ Եթէ լուրջ նեղութեան մը մատնուինք ու չգիտնանք ի՛նչ ընել, Յովսափատի եւ Յուդայի ժողովուրդին ընտիր օրինակին հետեւինք ու աղօթքով Եհովայի դիմենք, իրեն հանդէպ լման վստահութիւն ունենալով (Առ. 3։5, 6. Փլպ. 4։6, 7)։ Նոյնիսկ եթէ մեկուսացած ենք, Եհովայի ուղղուած մեր աղաչանքները մեզ կը միացնեն ‘աշխարհի մէջ եղող մեր եղբայրներուն’ (Ա. Պետ. 5։9

12 Յովսափատ եւ իր ժողովուրդը, Յազիէլի աստուածատուր ուղղութեան հետեւեցան։ Արդի՞ւնքը։ Անոնք պատերազմէն յաղթական դուրս եկան եւ «ուրախութեամբ» վերադարձան ու «տաւիղներով, քնարներով ու փողերով Երուսաղէմ Տէրոջը տունը գացին» (Բ. Մն. 20։27, 28)։ Նմանապէս, Իր խողովակին միջոցաւ Եհովայի տուած առաջնորդութիւնը կը յարգենք ու Զինք միաբերան կը փառաբանենք։

Մեր ժողովասրահներուն լաւ հոգ տանինք

13. Եզեկիա իր իշխանութեան սկիզբը ի՞նչ աշխատանքի ձեռնարկեց։

13 Իր իշխանութեան առաջին ամիսը, Եզեկիա Եհովայի պաշտամունքին հանդէպ իր նախանձախնդրութիւնը դրսեւորեց, տաճարը վերաբանալով ու նորոգելով։ Ան քահանաներն ու ղեւտացիները կազմակերպեց, որ Աստուծոյ տունը մաքրեն։ Անոնք ասիկա 16 օրուան մէջ կատարեցին (կարդալ՝ Բ. Մնացորդաց 29։16-18Այդ ջանքը մեզի կը յիշեցնէ նորոգութեան աշխատանքները, որոնք մեր ժողովասրահները կը պահեն այնպիսի վիճակի մէջ, որ մեր նախանձախնդիր պաշտամունքը կ’արտացոլացնէ։ Չե՞ս լսած փորձառութիւններ, որոնք ցոյց կու տան թէ անհատներ այսպիսի գործունէութիւններու մասնակցող եղբայրներուն ու քոյրերուն նախանձախնդրութեամբ տպաւորուած են։ Արդարեւ անոնց ջանքերը մեծապէս Եհովան կը փառաբանեն։

14, 15. Ներկայիս ո՞ր գործը Եհովայի շատ փառաբանութիւն բերած է։ Օրինակներ տուր։

14 Անգլիոյ հիւսիսը գտնուող քաղաքի մը մէջ, մարդ մը իր կալուածին կից եղող Թագաւորութեան սրահին նորոգութեան ընդդիմացաւ։ Եղբայրները ազնուութեամբ հակազդեցին։ Նկատելով որ Թագաւորութեան սրահին ու դրացիին կալուածին միջեւ եղող պատը նորոգութեան կարիք ունէր, անոնք առաջարկեցին ասիկա ընել իրենց հաշւոյն։ Անոնք ծանր աշխատեցան եւ, իրականութեան մէջ, պատին մեծ մասը վերակառուցանեցին։ Անոնք պարագան ա՛յնքան լաւ կերպով ձեռք առին, որ դրացիին կեցուածքը փոխուեցաւ։ Այժմ ան Թագաւորութեան սրահին վրայ կը հսկէ։

15 Եհովայի ծառաները աշխարհի տարածքին շինարարութեան կը մասնակցին։ Տեղական կամաւորներ լիաժամ միջազգային ծառաներու հետ կը կառուցանեն ո՛չ միայն Թագաւորութեան սրահներ, այլեւ՝ Համաժողովի սրահներ ու Պէթէլի տուներ։ Սէմ, որ մեքենագէտ մըն է, եւ իր կինը՝ Հռութ, Եւրոպայի եւ Ափրիկէի կարգ մը երկիրները ճամբորդած են, շինարարական ծրագիրներու մէջ իրենց բաժինը բերելու համար։ Անոնք ո՛ւր որ երթան, տեղական ժողովքներուն հետ քարոզչութեան ալ կը մասնակցին։ Սէմ կը բացատրէ թէ ի՛նչ բան զինք մղեց այսպիսի միջազգային ծրագիրներու մասնակցելու. «Զիս քաջալերեցին անոնք, որոնք մեր երկրէն ներս ու դուրս, Պէթէլի տուներու մէջ կը ծառայէին։ Պարզապէս անոնց նախանձախնդրութիւնը եւ ուրախութիւնը տեսնելը, իրապէս զիս մղեց որ ուզեմ այս կերպով ծառայել»։

Աստուածային հրահանգներուն հնազանդէ

16, 17. Աստուծոյ ժողովուրդը ո՞ր մասնայատուկ գործունէութեան սրտանց մասնակցած է, իսկ արդիւնքը ի՞նչ եղած է։

16 Տաճարի նորոգութենէն զատ, Եզեկիա Եհովայի պատուիրած Պասեքի տարեկան տօնակատարութիւնը վերահաստատեց (կարդալ՝ Բ. Մնացորդաց 30։1, 4, 5Եզեկիա եւ Երուսաղէմի բնակիչները ամբողջ ազգը,– նոյնիսկ հիւսիսային թագաւորութեան ժողովուրդը,– հրաւիրեցին ներկայ գտնուելու։ Սուրհանդակներ հրաւիրագիրներով ամբողջ Յուդա եւ Իսրայէլ գացին (Բ. Մն. 30։6-9

17 Վերջին տարիներուն, որոշ չափով նման աշխատանքի մը մէջ բաժին բերած ենք։ Գրաւիչ հրաւիրագիրներ գործածելով, մեր թաղամասերուն մէջ բնակող անհատները հրաւիրած ենք, որ մեզի հետ Տէրունական ընթրիքը յիշատակեն, առ ի հնազանդութիւն Յիսուսի պատուէրին (Ղուկ. 22։19, 20)։ Մեր Ծառայութեան ժողովներուն հրահանգներ ստանալով, այս գործին նախանձախնդրաբար մասնակցած ենք։ Իսկ Եհովա մեծապէս օրհնած է այս ջանքերը։ Անցեալ տարի, շուրջ եօթը միլիոն վկաներ հրաւիրագիրներ բաշխեցին, եւ 17,790,631 անհատներ ներկայ գտնուեցան։

18. Ճշմարիտ պաշտամունքին հանդէպ նախանձախնդրութիւնը ինչո՞ւ շատ կարեւոր է քեզի համար։

18 Եզեկիայի մասին ըսուած է. «Անիկա Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն ապաւինեցաւ եւ անկէ ետքը Յուդայի բոլոր թագաւորներուն մէջ անոր նմանը չեղաւ, ոչ ալ անկէ առաջ եղողներուն մէջ։ Տէրոջը յարեցաւ եւ անոր ետեւէն չխոտորեցաւ։ Տէրոջը Մովսէսին պատուիրած պատուիրանքները պահեց» (Դ. Թագ. 18։5, 6)։ Կը յուսանք որ մեր պարագային ալ նոյնն ըսուի։ Աստուծոյ տան հանդէպ մեր նախանձախնդրութիւնը մեզի պիտի օգնէ ‘Տէրոջ յարելու’, յաւիտենական կեանքի հեռանկարով (Բ. Օր. 30։16

Փութով ընդառաջէ ուղղութեան

19. Յիշատակատօնին առթիւ ի՞նչ նախանձախնդիր ջանքեր կը թափուին։

19 Երբ Յովսիա կը թագաւորէր, նոյնպէս Պասեքի տօնակատարութիւնը կազմակերպեց, մեծ պատրաստութիւններ տեսնելով (Դ. Թագ. 23։21-23. Բ. Մն. 35։1-19)։ Մենք ալ բծախնդրաբար կը նախապատրաստուինք՝ նահանգային, շրջանային եւ միօրեայ համաժողովներուն, ինչպէս նաեւ Յիշատակատօնին համար։ Կարգ մը երկիրներու մէջ, եղբայրները իրենց կեանքը վտանգելով կը ժողվուին, Քրիստոսի մահը յիշատակելու համար։ Նախանձախնդիր երէցներ հոգ կը տանին, որ ժողովքին մէջ ո՛չ ոք անտեսուի։ Տարեցներն ու անկարողները Յիշատակատօնին ներկայ գտնուելու համար օգնութիւն կը ստանան։

20. ա) Յովսիա թագաւորին իշխանութեան ընթացքին ի՞նչ պատահեցաւ, եւ ան ի՞նչպէս հակազդեց։ բ) Ո՞ր դասը կ’ուզենք լրջօրէն նկատի առնել։

20 Յովսիա թագաւորին կազմակերպած վերահաստատման աշխատանքին ընթացքին, քահանայապետ Քեղկիա «Մովսէսին ձեռքով տրուած Տէրոջը օրէնքներուն գիրքը գտաւ»։ Ան զայն յանձնեց Սափան ատենադպիրին, որ իր կարգին՝ անոր մէջէն թագաւորին առջեւ կարդաց (կարդալ՝ Բ. Մնացորդաց 34։14-18Ազդեցութիւնը ի՞նչ էր։ Վշտահար թագաւորը անմիջապէս իր հագուստները պատռեց եւ իր ծառաներուն պատուիրեց, որ Եհովայի խորհուրդը փնտռեն։ Ողդա մարգարէուհիին միջոցաւ, Աստուած պատգամ մը տուաւ, դատապարտելով Յուդայի մէջ տեղի ունեցած կարգ մը կրօնական սովորութիւնները։ Բայց կռապաշտական սովորութիւնները վերցնելու Յովսիայի լուրջ ջանքերը աննկատ չմնացին, եւ ան շարունակեց Եհովայի հաճութիւնը ունենալ, հակառակ ամբողջ ազգին համար նախագուշակուած աղէտներուն (Բ. Մն. 34։19-28)։ Ասկէ ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ Վստահաբար Յովսիայի փափաքը կը բաժնենք։ Մենք կ’ուզենք փութով Եհովայի ուղղութեան ընդառաջել, ի մտի ունենալով այն ազդարարական օրինակը, թէ ի՛նչ կրնայ տեղի ունենալ եթէ թոյլ տանք հաւատուրացութեան եւ անհաւատարմութեան որ մեր պաշտամունքէն ներս թափանցեն։ Եւ կրնանք վստահ ըլլալ թէ Եհովա ճշմարիտ պաշտամունքին հանդէպ մեր ցուցաբերած նախանձախնդրութեան պիտի հաճի, ինչպէս ըրաւ Յովսիայի պարագային։

21, 22. ա) Ինչո՞ւ Եհովայի տան հանդէպ նախանձախնդրութիւն պէտք է ցուցաբերենք։ բ) Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

21 Յուդայի այս չորս թագաւորները,– Ասա, Յովսափատ, Եզեկիա եւ Յովսիա,– Աստուծոյ տան ու պաշտամունքին նախանձախնդիր ըլլալու մէջ մեզի ընտիր օրինակներ հանդիսացան։ Մեր նախանձախնդրութիւնը նմանապէս մեզ պէտք է մղէ Եհովայի վստահելու եւ իր պաշտամունքին մէջ շատ ջանք թափելու։ Վստահաբար, աստուածային հրահանգներուն հնազանդիլը եւ ժողովքին ու անոր երէցներուն միջոցաւ մեր ստացած սիրալիր հոգատարութեան ու սրբագրութեան ընդառաջելը, խոհեմ ընթացքն է եւ երջանկութեան կ’առաջնորդէ։

22 Յաջորդ յօդուածը մեր ուշադրութեան պիտի յանձնէ դաշտի ծառայութեան հանդէպ նախանձախնդիր ըլլալը եւ պատանիները պիտի քաջալերէ որ նախանձախնդրաբար մեր գորովալից Հօր ծառայեն։ Նաեւ նկատի պիտի առնենք թէ ի՛նչպէս կրնանք Սատանայի ամէնէն ապականիչ մէկ ազդեցութենէն խուսափիլ։ Եհովայի կողմէ եկած այս բոլոր յիշեցումներուն նախանձախնդրաբար անսալով, կը հետեւինք Եհովայի Որդիին՝ Յիսուսի օրինակին, որուն առնչութեամբ գրուեցաւ. «Քու տանդ նախանձը զիս կերաւ» (Սաղ. 69։9. 119։111, 129. Ա. Պետ. 2։21

Կը յիշե՞ս

• Եհովա ի՞նչպիսի ծառայութիւն կ’օրհնէ, եւ ինչո՞ւ։

• Ի՞նչպէս կրնանք Եհովայի հանդէպ վստահութիւն ցոյց տալ։

• Նախանձախնդրութիւնը ի՞նչպէս կրնայ մեզ մղել աստուածային հրահանգներուն հնազանդելու։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 17]

Ասա, Յովսափատ, Եզեկիա եւ Յովսիա, Եհովայի տան հանդէպ ի՞նչպէս նախանձախնդրութիւն ցուցաբերեցին