Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Բարի գործերու նախանձախնդիր» եղիր

«Բարի գործերու նախանձախնդիր» եղիր

«Բարի գործերու նախանձախնդիր» եղիր

«[Յիսուս] իր անձը մեզի համար տուաւ, որպէս զի մեզ ամէն անօրէնութենէ ազատէ ու մաքրէ, իրեն սեփական ժողովուրդ ընէ՝ բարի գործերու նախանձախնդիր» (ՏԻՏ. 2։14

1. Տաճարին շրջանին մէջ ի՞նչ կը պատահի, երբ մ.թ. 33–ի նիսան 10–ին Յիսուս կը ժամանէ։

ՊԱՍԵՔԻ տօնակատարութենէն քանի մը օր առաջ, մ.թ. 33–ի նիսան 10–ին, Երուսաղէմի տաճարին շրջանին մէջ բազմաթիւ երկրպագուներ ոգեւորուած են։ Ի՞նչ պիտի պատահի, երբ Յիսուս ժամանէ։ Երեք աւետարանագիրներ,– Մատթէոս, Մարկոս ու Ղուկաս,– կը վկայեն թէ երկրորդ անգամ ըլլալով, Յիսուս հոն ծախողներն ու գնողները դուրս կը վռնտէ։ Ան լումայափոխներուն սեղաններն ու աղաւնի ծախողներուն աթոռները կը տապալէ (Մատ. 21։12. Մար. 11։15. Ղուկ. 19։45)։ Երեք տարի առաջ նոյն քայլը առնելէն ի վեր Յիսուսի նախանձախնդրութիւնը չէ նուազած (Յովհ. 2։13-17

2, 3. Ի՞նչպէս գիտենք թէ Յիսուսի նախանձախնդրութիւնը սահմանափակուած չէր տաճարին մաքրութեան։

2 Մատթէոսի արձանագրութիւնը ցոյց կու տայ, թէ այդ ժամանակ Յիսուսի նախանձախնդրութիւնը սահմանափակուած չէր տաճարին մաքրութեան։ Ան նաեւ իրեն մօտեցող կոյրերն ու կաղերը բժշկեց (Մատ. 21։14)։ Ղուկասի արձանագրութիւնը Յիսուսի կատարած այլ գործերուն կ’ակնարկէ։ «[Յիսուս] ամէն օր տաճարին մէջ կը սորվեցնէր» (Ղուկ. 19։47. 20։1)։ Այսպէս Յիսուսի նախանձախնդրութիւնը յատկանշականօրէն բացայայտ էր իր հանրային ծառայութեան մէջ։

3 Յետագային, Պօղոս առաքեալ Տիտոսի գրեց ու բացատրեց, թէ Յիսուս «իր անձը մեզի համար տուաւ, որպէս զի մեզ ամէն անօրէնութենէ ազատէ ու մաքրէ, իրեն սեփական ժողովուրդ ընէ՝ բարի գործերու նախանձախնդիր» (Տիտ. 2։14)։ Ներկայիս ի՞նչ կերպերով կրնանք «բարի գործերու նախանձախնդիր» ըլլալ։ Եւ Յուդայի բարի թագաւորներուն օրինակները ի՞նչպէս կրնան մեզ քաջալերել։

Քարոզելու եւ ուսուցանելու նախանձախնդիր ըլլալ

4, 5. Յուդայի չորս թագաւորները ի՞նչ կերպերով բարի գործերու նախանձախնդիր էին։

4 Ասա, Յովսափատ, Եզեկիա եւ Յովսիա, Յուդայի մէջ կռապաշտութիւնը արմատախիլ ընելու արշաւներ կազմակերպեցին։ Ասա «օտար աստուածներուն սեղաններն ու բարձր տեղերը վերցուց եւ արձանները կոտրտեց ու Աստարովթին կուռքերը կտոր կտոր ըրաւ» (Բ. Մն. 14։3)։ Եհովայի պաշտամունքին նախանձախնդիր ըլլալով, Յովսափատ «բարձր տեղերն ու Աստարովթին կուռքերն ալ Յուդայէն վերցուց» (Բ. Մն. 17։6. 19։3 *

5 Երուսաղէմի մէջ Եզեկիայի կազմակերպած եօթը օրուան Պասեքի տօնակատարութենէն ետք, «հոն գտնուող բոլոր Իսրայելացիները Յուդայի քաղաքները գացին եւ բոլոր Յուդայի, Բենիամինի, Եփրեմի ու Մանասէի մէջ եղող արձանները կտոր կտոր ըրին, Աստարովթին կուռքերը կոտրտեցին եւ բարձր տեղերն ու սեղանները փլցուցին, այնպէս որ բան մը չթողուցին» (Բ. Մն. 31։1)։ Յովսիա թագաւոր եղաւ, երբ տակաւին ութ տարեկան էր։ Պատմական արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Իր թագաւորութեան ութերորդ տարին, երբ դեռ ինք պատանի էր, իր հօրը Դաւիթին Աստուածը փնտռել սկսաւ ու տասնըերկրորդ տարին՝ Յուդան ու Երուսաղէմը բարձր տեղերէն, Աստարովթի կուռքերէն եւ քանդակուած ու ձուլածոյ կուռքերէն մաքրեց» (Բ. Մն. 34։3)։ Այսպէս չորս թագաւորներն ալ բարի գործերու նախանձախնդիր էին։

6. Մեր ծառայութիւնը ինչո՞ւ կրնայ համեմատուիլ Յուդայի հաւատարիմ թագաւորներուն ըրած արշաւներուն հետ։

6 Ներկայիս, նոյնանման արշաւի մը կը մասնակցինք, մարդոց օգնելու որ կրօնական սուտ ուսուցումներէ ձերբազատուին, ի ներառեալ՝ կռապաշտութիւնը։ Մեր տունէ–տուն ծառայութեան միջոցով ամէն տեսակ մարդոց կը հանդիպինք (Ա. Տիմ. 2։4)։ Ասիացի աղջնակ մը կը մտաբերէ, թէ իր մայրը ի՛նչպէս տան մէջ բազմաթիւ արձաններու առջեւ արարողութիւններ կը կատարէր։ Տրամաբանելով թէ բոլոր արձանները չէին կրնար ներկայացնել ճշմարիտ Աստուածը, աղջնակը յաճախ կ’աղօթէր որ կարենար Աստուծոյ բուն ինքնութիւնը ճանչնալ։ Օր մը երբ իր տան դուռը զարնուեցաւ, ան տեսաւ երկու վկաներ, որոնք պատրաստ էին իրեն օգնելու, որ սորվի ճշմարիտ Աստուծոյ իւրայատուկ անունը՝ Եհովա։ Եւ ան ո՜րքան երախտապարտ էր, որ կուռքերուն մասին ճշմարտութիւնը սորվեցաւ։ Այժմ ան գովելի նախանձախնդրութիւն կը ցուցաբերէ, ժրաջանօրէն դաշտի ծառայութեան մասնակցելով ու մարդոց հոգեւորապէս օգնելով (Սաղ. 83։18. 115։4-8. Ա. Յովհ. 5։21

7. Ի՞նչպէս կրնանք Յովսափատի օրերուն ուղարկուած ուսուցիչներուն օրինակին հետեւիլ։

7 Տունէ տուն ծառայութեան միջոցով, մեզի նշանակուած թաղամասը ամբողջովին կը ծածկե՞նք։ Հետաքրքրական է որ իր իշխանութեան երրորդ տարին, Յովսափատ ուղարկեց հինգ իշխան, ինը ղեւտացի եւ երկու քահանայ։ Անոնք բոլոր քաղաքները այցելեցին, որպէսզի ժողովուրդին սորվեցնեն Եհովայի օրէնքները։ Անոնց արշաւը ա՛յնքան ազդու էր, որ շրջակայ ազգերը սկսան Եհովայէ վախնալ (կարդալ՝ Բ. Մնացորդաց 17։9, 10Տարբեր օրեր եւ տարբեր ատեններ տուները այցելելով, թերեւս կարենանք ընտանիքի մը զանազան անդամներուն հետ խօսիլ։

8. Ի՞նչպէս կրնանք մեր վկայութեան տարողութիւնը աւելցնել։

8 Արդի ժամանակներուն, Աստուծոյ ծառաներէն շատեր կամաւորաբար իրենց տունը ձգած են ու փոխադրուած են հո՛ն, ուր նախանձախնդիր վկաներու աւելի մեծ կարիք կայ։ Կրնա՞ս այս քայլը առնել։ Ոմանք, որոնք չեն կրնար ուրիշ վայր մը փոխադրուիլ, թերեւս կրնան իրենց շրջանին մէջ բնակող օտարախօս անհատներու վկայել։ Որովհետեւ 81 տարեկան Ռոնը իր թաղամասին մէջ բազմաթիւ օտարներու կը հանդիպէր, ան սորվեցաւ 32 լեզուներով բարեւել։ Վերջերս ան փողոցը ափրիկեցի ամոլի մը հանդիպեցաւ, եւ անոնց Եօրուպա լեզուով զանոնք բարեւեց։ Անոնք Ռոնի հարցուցին, թէ երբեք Ափրիկէ գացա՛ծ էր։ Երբ ան պատասխանեց՝ ո՛չ, անոնք հարց տուին թէ ի՛նչպէս իրենց լեզուն սորված էր։ Ասիկա հոյակապ վկայութեան մը առաջնորդեց։ Անոնք իսկոյն կարգ մը պարբերաթերթեր ընդունեցին ու իրենց հասցէն տուին, եւ Ռոն զայն տեղական ժողովքին յանձնեց, որպէսզի ամոլը կարենայ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ունենալ։

9. Ծառայութեան մէջ Աստուածաշունչէն կարդալը ինչո՞ւ կարեւոր է։ Օրինակ մը տուր։

9 Յովսափատի հրամանով ուղարկուած ուսուցիչները իրենց հետ «Տէրոջը օրէնքի գիրքը» ունէին։ Աշխարհի տարածքին կը ջանանք Աստուածաշունչէն մարդոց սորվեցնել, քանի որ Աստուծոյ Խօսքն է։ Մասնայատուկ ջանք կը թափենք Աստուածաշունչին ըսածը ցոյց տալու մարդոց, ծառայութեան մէջ անկէ ուղղակի կարդալով։ Տանտիրուհի մը՝ Լինտա անունով վկայի մը բացատրեց, թէ իր կաթուածահար ամուսինը իր հոգատարութեան կը կարօտէր։ Ան ողբաց. «Չեմ գիտեր թէ ի՛նչ ըրած եմ, որ Աստուած թոյլ տուաւ որ ասիկա ինծի պատահի»։ Լինտա պատասխանեց. «Կրնա՞մ բանի մը նկատմամբ քեզ հաւաստիացնել»։ Ապա ան կարդաց Յակոբոս 1։13–ի խօսքերը եւ աւելցուց. «Մեր եւ մեր սիրելիներուն քաշած տառապանքը Աստուծմէ պատիժ մը չէ»։ Ասոր վրայ, տանտիրուհին ջերմօրէն զինք ողջագուրեց։ Լինտա կ’ըսէ. «Կրցա՛յ մխիթարել՝ Աստուածաշունչը գործածելով։ Երբեմն Աստուածաշունչէն համարներ կը կարդանք, զորս տանտէրը երբեք լսած չէ»։ Այդ խօսակցութենէն ետք, կինը Աստուածաշունչի տնային ուսումնասիրութիւն մը կանոնաւորաբար վայելեց։

Նախանձախնդրաբար ծառայող պատանիներ

10. Յովսիա ի՞նչպէս այժմու քրիստոնեայ պատանիներուն համար ընտիր օրինակ մըն է։

10 Մտաբերենք թէ Յովսիա երբ դեռատի էր՝ ճշմարիտ պաշտամունքին հետամուտ եղաւ, իսկ երբ շուրջ 20 տարեկան էր, կռապաշտութեան դէմ ընդարձակ արշաւի մը ձեռնարկեց (կարդալ՝ Բ. Մնացորդաց 34։1-3Ներկայիս անհամար պատանիներ իրենց Թագաւորութեան ծառայութեան մէջ նոյնանման նախանձախնդրութիւն կը ցուցաբերեն։

11-13. Եհովայի նախանձախնդրաբար ծառայող այժմու պատանիներէն ի՞նչ դասեր կրնանք սորվիլ։

11 Անգլիոյ մէջ բնակող Աննան 13 տարեկան էր եւ դպրոցը ֆրանսերէն լեզուն կը սորվէր, երբ լսեց թէ մօտակայ գիւղաքաղաքին մէջ ֆրանսախօս խումբ մը կազմուեցաւ։ Հայրը հաւանեցաւ Աննայի ընկերակցիլ, որպէսզի այդ խումբին ժողովներուն յաճախէ։ Այժմ Աննա 18 տարեկան է եւ որպէս կանոնաւոր ռահվիրայ՝ ֆրանսերէն լեզուով նախանձախնդրաբար կը քարոզէ։ Դուն ալ կրնա՞ս օտար լեզու մը սորվիլ եւ ուրիշներուն օգնել որ Եհովայի մասին գիտութիւն ստանան։

12 Ռաքէլ մեծապէս հաճոյք առաւ դիտելով՝ Աստուած պատուող նպատակակէտերու հետամո՛ւտ եղիր տեսաերիզը։ Խօսելով իր մտածելակերպին մասին, երբ սկսաւ Եհովայի ծառայել 1995–ին, ան կ’ըսէ. «Կը խորհէի թէ ճշմարտութիւնը իւրացուցած եմ»։ Ապա կ’աւելցնէ. «Այս թատերախաղը դիտելէ ետք, կ’անդրադառնամ որ տարիներէ ի վեր պարզապէս հիմնական բաները կ’ընէի։ Պէտք է ճշմարտութեան համար պայքարիմ եւ անձնական ուսումնասիրութեան ու ծառայութեան մէջ իսկական ջանք թափեմ»։ Այժմ Ռաքէլ կը գիտակցի, թէ աւելի նախանձախնդրութեամբ կը ծառայէ Եհովայի։ Ան իր քաղած օգուտները թուելով՝ կը նշէ. «Եհովայի հետ յարաբերութիւնս զօրացած է։ Աղօթքներս աւելի իմաստալից են, ուսումնասիրութիւնս աւելի խոր եւ աւելի գոհացուցիչ է, իսկ Աստուածաշունչի պատմութիւնները ինծի աւելի իրական են։ Որպէս արդիւնք, ծառայութեան մէջ աւելի մեծ հաճոյք կը գտնեմ եւ իսկական գոհունակութիւն կը զգամ, մինչ կը նկատեմ թէ Եհովայի խօսքերը ի՛նչպէս ուրիշները կը մխիթարեն»։

13 Ղուկաս պատանի մըն է, որ քաջալերուեցաւ դիտելով՝ Պատանիները կը հարցնեն. կեանքս ի՞նչ կերպով գործածեմ տեսաերիզը։ Ան կը գրէ. «Մղուեցայ պարագաներս վերստին արժեւորելու»։ Ան կը խոստովանի. «Անցեալին, վրաս ճնշում բանեցուեցաւ որ նա՛խ բարձր ուսում ստանալով նիւթական ապահովութիւն փնտռեմ, ապա հոգեւոր նպատակակէտերու վրայ կեդրոնանամ։ Այս ճնշումը հոգեւոր յառաջդիմութեան չի նպաստեր, այլ՝ անհատը կը քանդէ»։ Ո՛վ պատանի եղբայրներ ու քոյրեր, դպրոցին մէջ ձեր սորվածները կրնա՞ք գործածել ձեր ծառայութիւնը ընդարձակելու համար, ինչպէս Աննան ըրաւ։ Ինչո՞ւ Ռաքէլի օրինակին չհետեւիք, Աստուած պատուող նպատակակէտերու նախանձախնդրաբար հետամուտ ըլլալով։ Իսկ Ղուկասի օրինակին համաձայն, խուսափեցէք այն վտանգներէն, որոնք բազմաթիւ պատանիներու համար որոգայթ եղած են։

Նախանձախնդրօրէն զգուշացումներուն ուշադրութիւն ընծայէ

14. Եհովա ի՞նչպիսի պաշտամունք կ’ընդունի, եւ զայն պահելը ներկայիս ինչո՞ւ դժուար է։

14 Եհովայի ծառաները մաքուր պէտք է ըլլան, եթէ կ’ուզեն որ իրենց պաշտամունքը ընդունելի ըլլայ։ Եսայի կ’ազդարարէ. «Քաշուեցէ՛ք, քաշուեցէ՛ք, անկէ [Բաբելոն] ելէ՛ք, պիղծ բանի մի՛ դպչիք, անոր մէջէն ելէ՛ք. մաքուր եղէ՛ք, ո՛վ Տէրոջը սպասները կրողներ» (Եսա. 52։11)։ Այս խօսքերը գրուելէն շատ տարիներ առաջ, Ասա թագաւոր մեծապէս ջանաց Յուդայէն անբարոյութիւնը արմատահան ընել (կարդալ՝ Գ. Թագաւորաց 15։11-13Իսկ դարեր ետք, Պօղոս առաքեալ Տիտոսի ըսաւ, թէ Յիսուս ինքզինք ընծայեց, որպէսզի իր հետեւորդները մաքրէ ու «իրեն սեփական ժողովուրդ ընէ՝ բարի գործերու նախանձախնդիր» (Տիտ. 2։14)։ Անառակութեամբ յատկանշուած ներկայ ընկերութեան մէջ բարոյապէս մաքուր մնալը դիւրին չէ, մանաւանդ՝ պատանիներուն համար։ Օրինակ, Աստուծոյ բոլոր ծառաները, անչափահաս թէ չափահաս, պէտք է պայքարին որ զերծ մնան պոռնկագրութեան ապականութենէն, որ կը ցուցադրուի ցուցատախտակներու, հեռատեսիլի, ֆիլմերու եւ յատկապէս համացանցին միջոցով։

15. Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել չար բաներու հանդէպ ատելութիւն մշակելու։

15 Աստուծոյ ազդարարութիւններուն նախանձախնդրօրէն ուշադրութիւն ընծայելը կրնայ մեզի օգնել, որ չարին հանդէպ ատելութիւն մշակենք (Սաղ. 97։10. Հռով. 12։9)։ Պէտք է պոռնկագրութենէ զզուինք, որպէսզի կարենանք «անոր հզօր ու մագնիսական քաշողութենէն ձերբազատուիլ», ըսաւ քրիստոնեայ եղբայր մը։ Մագնիսացած մետաղի մը կտորները իրարմէ անջատելու համար, հարկ է բանեցնել ոյժ մը, որ անոնց մագնիսային ուժէն աւելի զօրաւոր է։ Նմանապէս, զօրաւոր ջանք կը պահանջուի՝ պոռնկագրութեան հրապոյրին դէմ դնելու համար։ Բայց պոռնկագրութեան պատճառած բազմաթիւ վնասները ըմբռնելը կ’օգնէ մեզի անոր հանդէպ զզուանք մշակելու։ Եղբայր մը անխոնջ ջանքեր թափեց, որ պոռնկագրական ցանցակայքերը այցելելու իր սովորութենէն ձերբազատուի։ Ան իր անձնական համակարգիչը փոխադրեց տեղ մը, ուր ընտանիքի անդամները կրնային զայն լման կերպով տեսնել։ Ասկէ զատ, ան ա՛լ աւելի վճռեց ինքզինք մաքրել եւ բարի գործերու նախանձախնդիր ըլլալ։ Ան նոյնիսկ յաւելեալ քայլ մը առաւ։ Որովհետեւ իր գործին համար համացանցը անհրաժեշտ էր, ան որոշեց զայն գործածել, միայն իր կնոջ ներկայութեան։

Բարի վարքին արժէքը

16, 17. Մեր բարի վարքը մեզ դիտողներուն վրայ ի՞նչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ։ Օրինակ մը տուր։

16 Եհովայի ծառայող պատանիներն ու պատանուհիները ի՜նչ սքանչելի հոգի մը կը ցուցաբերեն, եւ ասիկա ո՜րքան դրսեցիները կը տպաւորէ (կարդալ՝ Ա. Պետրոս 2։12Անհատ մը Լոնտոնի Պէթէլին մէկ տպագրամեքենան նորոգելու համար լման օր մը անցընելէ ետք, Եհովայի վկաներուն հանդէպ իր ամբողջ տեսակէտը փոխեց։ Անոր կինը, որ քրոջ մը հետ Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրէր, ամուսինին փոխուած կեցուածքը նկատեց։ Նախապէս, ան չէր ուզած որ վկաները իր տունը այցելեն։ Բայց Պէթէլէն վերադառնալէ ետք, ան մեծապէս գովեց իրեն հանդէպ ցուցաբերուած վերաբերմունքը։ Ան նշեց թէ ո՛չ ոք աղտոտ լեզու գործածեց։ Ամէն ոք համբերատար էր, իսկ մթնոլորտը՝ խաղաղ։ Ան յատկապէս տպաւորուեցաւ՝ տեսնելով երիտասարդ եղբայրներ ու քոյրեր, որոնք կ’աշխատէին նախանձախնդրօրէն եւ ձրիաբար, իրենց ժամանակն ու կորովը տրամադրելով բարի լուրը հրատարակելու։

17 Իրենց ընտանիքը հոգալու համար աշխարհիկ գործով զբաղող եղբայրներն ու քոյրերը, նմանապէս իրենց աշխատանքին մէջ բոլորանուէր են (Կող. 3։23, 24)։ Ասիկա յաճախ իրենց աշխատանքը պահելուն կը նպաստէ, քանի որ գործատէրեր իրենց խղճամիտ վերաբերմունքը կ’արժեւորեն ու չեն ուզեր այսպիսի գործաւորներ կորսնցնել։

18. Ի՞նչպէս կրնանք «բարի գործերու նախանձախնդիր» ըլլալ։

18 Եհովայի վստահիլը, իր հրահանգներուն հնազանդիլը եւ մեր ժողովասրահներուն հոգ տանիլը, կերպեր են՝ որոնցմով Եհովայի տան հանդէպ մեր նախանձախնդրութիւնը կը ցուցաբերենք։ Ասկէ զատ, կ’ուզենք Թագաւորութեան քարոզչութեան եւ աշակերտելու գործին մէջ մեր լաւագոյնը ընել։ Ըլլանք անչափահաս թէ չափահաս, մեր պաշտամունքին առնչուած մաքուր չափանիշներուն սերտօրէն յարելով, բազմաթիւ օգուտներ պիտի վայելենք։ Եւ պիտի շարունակենք ճանչցուիլ որպէս «բարի գործերու նախանձախնդիր» ժողովուրդ մը (Տիտ. 2։14

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 4 Թերեւս Ասա չաստուածներու պաշտամունքին առնչուած բարձր տեղերը վերցուց եւ ձգեց այն տեղերը, ուր ժողովուրդը Եհովան կը պաշտէր։ Կամ, կրնայ ըլլալ որ Ասայի իշխանութեան վերջին տարիներուն բարձր տեղերը վերաշինուեցան, իսկ իր որդին՝ Յովսափատ զանոնք վերցուց (Գ. Թագ. 15։14. Բ. Մն. 15։17

Ըստ աստուածաշնչական եւ արդի օրինակներուն՝

• քարոզելով եւ ուսուցանելով ի՞նչպէս կրնաս նախանձախնդրութիւնդ ցուցաբերել։

• քրիստոնեայ պատանիները ի՞նչպէս կրնան «բարի գործերու նախանձախնդիր» ըլլալ։

• ապականիչ սովորութիւններէ ի՞նչպէս կարելի է ձերբազատուիլ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 21]

Ծառայութեան մէջ կանոնաւորաբար Աստուածաշունչը կը գործածե՞ս

[Նկար՝ էջ 23]

Դպրոցը օտար լեզու մը սորվելով, կրնաս ծառայութիւնդ ընդարձակել