Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յիսուսը ընդօրինակէ. սիրով ուսուցանէ

Յիսուսը ընդօրինակէ. սիրով ուսուցանէ

Յիսուսը ընդօրինակէ. սիրով ուսուցանէ

«Երբեք մէ՛կը այդ մարդուն պէս խօսած չէ» (ՅՈՎՀ. 7։46

1. Մարդիկ Յիսուսի ուսուցանելու կերպին ի՞նչպէս հակազդեցին։

ՊԱՀ մը երեւակայէ, թէ Յիսուսը ունկնդրելը ո՜րքան ոգեւորիչ ըլլալու էր։ Աստուածաշունչը մեզի գաղափար մը կու տայ, թէ ան ի՛նչպէս ունկնդիրները տպաւորեց։ Օրինակ, աւետարանագիր Ղուկաս կը պատմէ, որ Յիսուսի բնագաւառին մէջ մարդիկ «կը զարմանային անոր բերնէն ելած շնորհալի խօսքերուն վրայ»։ Մատթէոս կը տեղեկագրէ, թէ Լերան քարոզէն ետք, «ժողովուրդը կը զարմանար անոր վարդապետութեանը վրայ»։ Իսկ Յովհաննէս դիտել կու տայ, որ Յիսուսը ձերբակալելու ղրկուած սպասաւորները ձեռնունայն վերադարձան ու ըսին. «Երբեք մէ՛կը այդ մարդուն պէս խօսած չէ» (Ղուկ. 4։22. Մատ. 7։28. Յովհ. 7։46

2. Յիսուս ուսուցանելու ի՞նչ մեթոտներ գործածեց։

2 Այդ սպասաւորներուն ըսածը սխալ չէր։ Անառարկելիօրէն, Յիսուս մեծագոյն Ուսուցիչն էր։ Ան յստակութեամբ, պարզութեամբ եւ անհերքելի տրամաբանութեամբ սորվեցուց։ Ան հմտօրէն օրինակներ ու հարցումներ գործածեց։ Ան իր ուսուցումը յարմարցուց ունկնդիրներուն, ըլլային հեղինակաւոր անհատներ թէ հասարակ ժողովուրդ։ Անոր սորվեցուցած ճշմարտութիւնները դիւրըմբռնելի էին, բայց եւ այնպէս՝ իմաստազեղ։ Սակայն միայն այս բաները չէին որ Յիսուսը մեծ Ուսուցիչ ըրին։

Բանալի յատկութիւն մը. սէր

3. Որպէս ուսուցիչ, Յիսուս ժամանակակից կրօնական առաջնորդներէն ի՞նչպէս կը տարբերէր։

3 Անկասկած դպիրներուն ու փարիսեցիներուն մէջ կային ուշիմ տղամարդիկ, որոնք ունէին գիտութիւն եւ զայն հաղորդելու հմտութիւններ։ Ի՞նչ բան Յիսուսի ուսուցանելու կերպը շատ տարբեր դարձուց։ Կրօնական առաջնորդները հասարակ ժողովուրդին հանդէպ սէր չունէին։ Զանոնք «նզովուած» նկատելով, անոնք ժողովուրդը կ’արհամարհէին (Յովհ. 7։49)։ Հակապատկերը ըլլալով, Յիսուս մարդոց վրայ գթաց, քանի որ «յոգնած ու ցիրուցան եղած էին հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս» (Մատ. 9։36)։ Ան ջերմ, կարեկից ու քաղցր էր։ Աւելին, կրօնական առաջնորդները Աստուծոյ հանդէպ իսկական սէր չունէին (Յովհ. 5։42)։ Իսկ Յիսուս իր Հայրը կը սիրէր եւ անոր կամքը հաճոյքով կը կատարէր։ Կրօնական առաջնորդները Աստուծոյ խօսքերը խեղաթիւրեցին՝ իրենց շահերուն համար, իսկ Յիսուս «Աստուծոյ խօսքը» սիրեց,– զայն ուսուցանեց, բացատրեց, պաշտպանեց եւ գործադրեց (Ղուկ. 11։28)։ Արդարեւ Քրիստոս սիրով շաղախուած էր,– սիրոյ հիման վրայ ուսուցանեց, հրահանգեց ու վարուեցաւ։

4, 5. ա) Ինչո՞ւ կարեւոր է սիրով ուսուցանել։ բ) Ուսուցանելու համար, ինչո՞ւ գիտութիւնն ու հմտութիւնը նաեւ կարեւոր են։

4 Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ մեր մասին։ Քրիստոսի հետեւորդները ըլլալով, կը փափաքինք զինք ընդօրինակել մեր ծառայութեան ու կեանքին մէջ (Ա. Պետ. 2։21)։ Ուստի մեր նպատակը միայն աստուածաշնչական գիտութիւն հաղորդել չէ, այլ նաեւ՝ Եհովայի յատկութիւնները արտացոլացնել, մանաւանդ իր սէրը։ Ունենանք շատ գիտութիւն թէ քիչ, ուսուցանելու մէջ ըլլանք հմուտ թէ անփորձ, մեր ցուցաբերած սէրը մեզի մեծապէս պիտի օգնէ, որ մեր քարոզած անհատներուն սրտին հասնինք։ Աշակերտելու գործին մէջ իսկապէս ազդու ըլլալու համար, Յիսուսը պէտք է ընդօրինակենք՝ սիրով ուսուցանելով։

5 Անշուշտ, ատակ ուսուցիչ ըլլալու համար, հարկ է որ մեր նիւթին մասին գիտութիւն ու զայն հաղորդելու հմտութիւն ունենանք։ Այս ուղղութեամբ Յիսուս իր աշակերտներուն օգնեց, իսկ այսօր Եհովա իր կազմակերպութեան միջոցաւ մեզի կ’օգնէ (կարդալ՝ Եսայի 54։13. Ղուկաս 12։42Այսուհանդերձ պէտք է ջանանք սորվեցնել ո՛չ միայն մեր միտքով, այլ նաեւ՝ մեր սիրտով։ Երբ գիտութիւնը, հմտութիւնը եւ սէրը միասնաբար գործեն, արդիւնքը կրնայ շատ գոհացուցիչ ըլլալ։ Արդ, ի՞նչ կերպերով կրնանք սէր ցոյց տալ, երբ կ’ուսուցանենք։ Յիսուս եւ իր աշակերտները ի՞նչպէս ասիկա ըրին։ Տեսնե՛նք։

Եհովան պէտք է սիրենք

6. Մեր սիրած անհատին մասին ի՞նչպէս կը խօսինք։

6 Մեր սիրած բաներուն մասին հաճոյքով կը խօսինք։ Երբ մեր սրտին սիրելի եղած բանի մը մասին կը խօսինք, կենսունակ կը դառնանք եւ խանդավառութեամբ ու ջերմութեամբ կը վարուինք։ Ասիկա յատկապէս շիտակ է, երբ կը խօսինք անհատի մը մասին, զոր կը սիրենք։ Սովորաբար կը տենչանք անոր մասին մեր գիտցած բաները ուրիշներու հետ բաժնել։ Անհատը կը գովաբանենք, կը պատուենք ու կը պաշտպանենք, քանի որ կ’ուզենք որ ուրիշներ ալ մեզի պէս գնահատեն զինք ու իր յատկութիւնները։

7. Աստուծոյ հանդէպ Յիսուսի սէրը զինք մղեց ի՞նչ ընելու։

7 Ուրիշներուն մէջ Եհովայի հանդէպ սէր զարգացնելէ առաջ, մե՛նք զինք պէտք է ճանչնանք ու սիրենք։ Արդարեւ ճշմարիտ պաշտամունքը հիմնուած է Աստուած սիրելուն վրայ (Մատ. 22։36-38)։ Յիսուս կատարեալ օրինակ հանդիսացաւ։ Ան Եհովան սիրեց ամբողջ սիրտով, միտքով, հոգիով եւ զօրութեամբ։ Իր երկնաւոր Հօր հետ միլիառաւոր տարիներ անցուցած ըլլալով, Յիսուս զինք լաւ կը ճանչնար։ Արդի՞ւնքը։ «Ես Հայրը կը սիրեմ», ըսաւ ան (Յովհ. 14։31)։ Յիսուսի ըսած եւ ըրած բոլոր բաները այդ սէրը արտացոլացուցին։ Սէրը զինք խթանեց, որ ամէն ատեն Աստուծոյ հաճելի եղած բաները ընէ (Յովհ. 8։29)։ Անիկա զինք մղեց կրօնական առաջնորդները դատապարտելու, որոնք աղուէսաբար կը դաւանէին Աստուած ներկայացնել։ Սէրը նաեւ զինք մղեց Եհովայի մասին խօսելու եւ ուրիշներուն օգնելու, որ Աստուած ճանչնան ու սիրեն։

8. Աստուծոյ հանդէպ սէրը Յիսուսի աշակերտները մղեց ի՞նչ ընելու։

8 Յիսուսի նման, առաջին դարու իր աշակերտները Եհովան սիրեցին, եւ այս սէրը զիրենք մղեց, որ խիզախօրէն եւ նախանձախնդրօրէն բարի լուրը քարոզեն։ Ի հեճուկս հեղինակաւոր կրօնական առաջնորդներուն հակառակութեան, անոնք իրենց ուսուցումով Երուսաղէմը լեցուցին։ Աշակերտները պարզապէս չկրցան չխօսիլ իրենց տեսածին ու լսածին մասին (Գործք 4։20. 5։28)։ Անոնք գիտէին թէ Եհովա իրենց կ’աջակցէր ու զիրենք պիտի օրհնէր,– եւ արդարեւ օրհնեց։ Իրականութեան մէջ, Յիսուսի մահէն ետք 30 տարի չանցած, Պօղոս առաքեալ կրցաւ գրել, թէ բարի լուրը «երկնքի տակ եղած բոլոր ստեղծուածներուն» քարոզուեցաւ (Կող. 1։23

9. Ի՞նչպէս կրնանք Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրը խորացնել։

9 Եթէ կ’ուզենք իսկապէս ազդու ուսուցիչներ ըլլալ, մենք ալ պէտք է շարունակենք Աստուծոյ սէրը խորացնել։ Ի՞նչպէս։ Աղօթքի միջոցով՝ Աստուծոյ հետ յաճախ հաղորդակցելով, իր Խօսքը ուսումնասիրելով, Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած հրատարակութիւններ կարդալով եւ քրիստոնէական ժողովներուն ներկայ գտնուելով։ Մինչ Աստուծոյ մասին աւելի գիտութիւն կ’առնենք, մեր սիրտը իր սիրով պիտի լեցուի։ Իսկ երբ խօսքով ու գործով Աստուծոյ սէրը յայտնենք, ուրիշներ զայն պիտի նկատեն եւ թերեւս Եհովայի մօտենան (կարդալ՝ Սաղմոս 104։33, 34

Մեր սորվեցուցածը պէտք է սիրենք

10. Ատակ ուսուցիչը ի՞նչ բանով կը յատկանշուի։

10 Ատակ ուսուցիչին մէկ յատկանիշն է, թէ իր սորվեցուցածը կը սիրէ։ Ան պէտք է հաւատայ, թէ անիկա ճշմարտութիւն է, կարեւոր է եւ արժէքաւոր է։ Եթէ ուսուցիչը իր սորվեցուցած նիւթերով հետաքրքրուած է, իր խանդավառութիւնը բացայայտ պիտի ըլլայ, աշակերտներուն վրայ զօրաւոր ազդեցութիւն բանեցնելով։ Միւս կողմէ, եթէ ուսուցիչը իր ուսուցանած բաները իրապէս չի գնահատեր, ի՞նչպէս կրնայ ակնկալել որ աշակերտները իրենց լսածը արժեւորեն։ Քու օրինակդ որպէս Աստուծոյ Խօսքին ուսուցիչ երբեք մի՛ ստորագնահատեր։ Յիսուս ըսաւ. «Կատարեալ պատրաստութիւն ունեցող աշակերտը իր ուսուցիչին նման պիտի ըլլայ» (Ղուկ. 6։40, Անթիլիաս

11. Յիսուս ինչո՞ւ իր ուսուցումները սիրեց։

11 Յիսուս իր ուսուցումները սիրեց։ Ան գիտէր թէ բաժնելիք թանկագին բան մը ունէր,– իր երկնաւոր Հօր մասին ճշմարտութիւնը, «Աստուծոյ խօսքերը» եւ «յաւիտենական կեանքի խօսքեր»ը (Յովհ. 3։34. 6։69)։ Յիսուսի սորվեցուցած ճշմարտութիւնները, պայծառ լոյսի պէս քօղազերծեցին վատ բաները եւ ցցուն ըրին բարի բաները։ Անոնք յոյս եւ մխիթարութիւն տուին խոնարհ անհատներուն, որոնք կրօնական առաջնորդներուն կողմէ խաբուած եւ Բանսարկուին կողմէ հարստահարուած էին (Գործք 10։38)։ Ո՛չ միայն Յիսուսի ուսուցումները, այլեւ իր բոլոր արարքները կ’արտացոլացնեն այն սէրը, որ ճշմարտութեան հանդէպ ունէր։

12. Պօղոս առաքեալ բարի լուրը ի՞նչպէս նկատեց։

12 Յիսուսի նման, իր աշակերտները Եհովայի ու Քրիստոսի մասին ճշմարտութիւնը ա՛յնքան սիրեցին եւ արժեւորեցին, որ հակառակորդներ չկրցան զիրենք վհատեցնել, որ զայն ուրիշներուն հետ չբաժնեն։ Պօղոս Հռոմի մէջ գտնուող քրիստոնեաներուն գրեց. «Որչափ որ ձեռքէս կու գայ, յօժարութիւն ունիմ. . . աւետարանը քարոզել։ Վասն զի ես ամօթ չեմ սեպեր աւետարանը քանզի Աստուծոյ զօրութիւնն է ան՝ բոլոր հաւատացեալներուն փրկութեան համար» (Հռով. 1։15, 16)։ Պօղոս ճշմարտութիւնը յայտարարելը պատիւ սեպեց։ Ան գրեց. «Ինծի. . . այս շնորհքը տրուեցաւ, հեթանոսներուն մէջ Քրիստոսին անքննելի ճոխութիւնը քարոզելու» (Եփ. 3։8)։ Դժուար չէ երեւակայել Պօղոսի խանդավառութիւնը, մինչ ուրիշներուն կը սորվեցնէր Եհովայի եւ Իր նպատակներուն մասին։

13. Բարի լուրը սիրելու ի՞նչ պատճառներ կան։

13 Աստուծոյ Խօսքին բովանդակած բարի լուրը, մեզ կարող կը դարձնէ որ Ստեղծիչը ճանչնանք եւ իրեն հետ սիրալիր փոխյարաբերութիւն ունենանք։ Այդ բարի լուրը կեանքի կարեւոր հարցումներուն գոհացուցիչ պատասխաններ կու տայ եւ զօրութիւն ունի մեր կեանքը փոխակերպելու, մեզի յոյս ներշնչելու եւ նեղութեան ժամանակ մեզ ամրապնդելու։ Աւելին, անիկա մեզի կը մատնանշէ անվերջ, իմաստալից կեանքի տանող ճամբան։ Բարի լուրէն աւելի թանկարժէք կամ աւելի կարեւոր գիտութիւն չկայ։ Անիկա մեզի տրուած անգին պարգեւ մըն է, որ մեծ ուրախութիւն կը պատճառէ։ Իսկ մեր ուրախութիւնը կ’աւելնայ, երբ այդ պարգեւը ուրիշներուն հետ կը բաժնենք (Գործք 20։35

14. Ի՞նչպէս կրնանք մեր ուսուցանած բաներուն հանդէպ մեր սէրը զօրացնել։

14 Բարի լուրին հանդէպ սէրդ ա՛լ աւելի խորացնելու համար ի՞նչ կրնաս ընել։ Աստուծոյ Խօսքը կարդալու ատեն, մերթ ընդ մերթ կանգ առ եւ կարդացածիդ վրայ խոկա՛։ Օրինակ, երեւակայէ որ Յիսուսի կ’ընկերակցիս իր երկրային ծառայութեան ընթացքին կամ Պօղոս առաքեալի հետ կը ճամբորդես։ Դուն քեզ պատկերացուր նոր աշխարհին մէջ եւ երեւակայէ թէ կեանքը ո՜րքան տարբեր պիտի ըլլայ։ Բարի լուրին հնազանդելով վայելած օրհնութիւններուդ մասին խորհրդածէ։ Եթէ բարի լուրին հանդէպ սէրդ զօրաւոր պահես, աշակերտներդ զայն պիտի զգան։ Հետեւաբար, վաւերական պատճառներ ունենալով, մեր սորված բաներուն վրայ բծախնդրաբար պէտք է խոկանք եւ մեր ուսուցանած բաներուն ուշադրութիւն ընծայենք (կարդալ՝ Ա. Տիմոթէոս 4։15, 16

Մարդիկը պէտք է սիրենք

15. Ուսուցիչը ինչո՞ւ իր աշակերտները պէտք է սիրէ։

15 Լաւ ուսուցիչը իր աշակերտները հանգիստ մթնոլորտի մէջ կը պահէ, որպէսզի փափաքին սորվիլ եւ ուրախութեամբ արտայայտուիլ։ Սիրալիր ուսուցիչը գիտութիւն կը հաղորդէ, քանի որ իր աշակերտներով անկեղծօրէն հետաքրքրուած է։ Ան իր ուսուցումը անոնց կարիքներուն ու հասկացողութեան մակարդակին կը յարմարցնէ, եւ անոնց կարողութիւններն ու պարագաները հաշուի կ’առնէ։ Երբ ուսուցիչներ այսպիսի սէր ունենան, աշակերտները զայն պիտի զատորոշեն, եւ այսպէս հաճոյալի կ’ըլլան սորվեցնելն ու սորվիլը։

16. Յիսուս ի՞նչ կերպերով մարդոց հանդէպ սէր ցուցաբերեց։

16 Յիսուս այդպիսի սէր ցուցաբերեց։ Իր սիրոյ մեծագոյն դրսեւորումն էր՝ իր կատարեալ մարդկային կեանքը զոհել, որպէսզի ուրիշներ կարենան փրկուիլ (Յովհ. 15։13)։ Իր ծառայութեան ընթացքին, Յիսուս անխոնջօրէն մարդոց հոգ տարաւ՝ ֆիզիքապէս եւ մանաւանդ հոգեւորապէս։ Փոխանակ ակնկալելու որ մարդիկ իր քով գան, ան հետիոտն հարիւրաւոր մղոններ ճամբորդեց, բարի լուրը անոնց հետ բաժնելու համար (Մատ. 4։23-25. Ղուկ. 8։1)։ Ան համբերատար ու հասկացող էր։ Երբ հարկ եղաւ, ան իր աշակերտները սիրով սրբագրեց (Մար. 9։32-36)։ Ան զանոնք քաջալերեց, վստահութիւն յայտնելով թէ բարի լուրի ազդու քարոզիչներ պիտի ըլլային։ Յիսուսէ աւելի սիրառատ ուսուցիչ մը երբեք չէ եղած։ Իր աշակերտներուն հանդէպ իր ցուցաբերած սէրը մղեց զիրենք, որ զինք սիրեն եւ իր պատուիրանները պահեն (կարդալ՝ Յովհաննէս 14։15

17. Յիսուսի աշակերտները ի՞նչպէս ուրիշներու հանդէպ սէր ցուցաբերեցին։

17 Յիսուսի նման, իր աշակերտները իրենց քարոզած անհատներուն հանդէպ խոր սէր ու գորով ցուցաբերեցին։ Հալածանքի տոկալով եւ իրենց կեանքը վտանգելով, անոնք ուրիշներու ծառայեցին ու յաջողապէս բարի լուրը քարոզեցին։ Անոնք ի՜նչ խանդաղատանք ունէին այն անհատներուն հանդէպ, որոնց հոգեւորապէս օգնեցին։ Արդարեւ Պօղոս առաքեալի սա խօսքերը սրտագրաւ են. «Մենք համեստ եղանք ձեր մէջ։ Ինչպէս դայեակ մը որ իր երախաները կը խնամէ, նոյնպէս մենք ձեր վրայ գորով ունենալով՝ կը յօժարէինք ո՛չ միայն Աստուծոյ աւետարանը ձեզի տալ, հապա մեր անձերն ալ. վասն զի դուք մեր սիրելիներն էիք» (Ա. Թես. 2։7, 8

18, 19. ա) Քարոզչութիւնը կատարելու համար ինչո՞ւ զոհողութիւններ ընելու յօժար ենք։ բ) Օրինակ մը տուր, որ ցոյց կու տայ թէ ուրիշներ մեր ցուցաբերած սէրը կը նկատեն։

18 Նմանապէս, արդի ժամանակներուն, Եհովայի վկաները աշխարհի չորս կողմը կը փնտռեն անհատներ, որոնք կը տենչան Աստուած ճանչնալ եւ անոր ծառայել։ Իրականութեան մէջ, այժմ 17 տարի է, որ տարեկան աւելի քան մէկ միլիառ ժամ կը յատկացնենք քարոզելու եւ աշակերտելու գործին։ Ասիկա յօժարակամ կ’ընենք, թէեւ քարոզչութիւնը կը պահանջէ, որ մեր ժամանակը, կորովն ու նիւթական միջոցները զոհենք։ Յիսուսի նման, կը հասկնանք թէ մեր կաթոգին երկնաւոր Հայրը կը փափաքի, որ մարդիկ յաւիտենական կեանքի առաջնորդող գիտութիւնը ձեռք ձգեն (Յովհ. 17։3. Ա. Տիմ. 2։3, 4)։ Սէրը մեզ կը մղէ պարկեշտամիտ անհատներուն օգնելու, որ մեզի պէս Եհովան ճանչնան ու սիրեն։

19 Ուրիշներ մեր ցուցաբերած սէրը կը նկատեն։ Օրինակ, Միացեալ Նահանգներու մէջ ռահվիրայ քոյր մը նամակներ կը գրէ, սիրելիներ կորսնցուցած անհատները մխիթարելու համար։ Առ ի պատասխան, մարդ մը գրեց. «Սկիզբը զարմացայ, որ անհատ մը այս ջանքը կը թափէ, բոլորովին օտար մէկու մը նամակ գրելով, անոր օգնելու որ դժուարին ժամանակներուն տոկայ։ Կ’եզրակացնեմ թէ սէր ունիս ընկեր արարածին եւ Աստուծոյ հանդէպ, որ մարդիկը կեանքի ճամբաներուն մէջ կ’առաջնորդէ»։

20. Սիրով ուսուցանելը ո՞րքան կարեւոր է։

20 Ըսուած է, թէ երբ սէրն ու հմտութիւնը միասնաբար աշխատին, կրնաս գլուխ–գործոց մը ակնկալել։ Ուսուցանելու գործին մէջ կը ջանանք մեր աշակերտներուն օգնել, որ Եհովան ճանչցող միտք ու զինք սիրող սիրտ զարգացնեն։ Արդարեւ, ձեռնհաս ուսուցիչներ ըլլալու համար, եռապատիկ սէր պէտք է ունենանք,– Աստուծոյ հանդէպ սէր, ճշմարտութեան հանդէպ սէր եւ մարդոց հանդէպ սէր։ Մինչ այդպիսի սէր կը մշակենք ու ծառայութեան մէջ կը ցուցաբերենք, ո՛չ միայն տալու ուրախութիւնը կը վայելենք, այլ նաեւ՝ գոհունակութիւն, գիտակցելով թէ Յիսուսը կ’ընդօրինակենք եւ Եհովան կը հաճեցնենք։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես

• Մինչ ուրիշներուն բարի լուրը կը սորվեցնենք, ինչո՞ւ կարեւոր է՝

Աստուծոյ հանդէպ սէր ունենալ։

մեր ուսուցանած բաները սիրել։

մեր աշակերտներուն հանդէպ սէր ունենալ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 26]

Ազդուօրէն ուսուցանելը կը պահանջէ գիտութիւն, հմտութիւն եւ, ամէնէն աւելի, սէր