Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Քրիստոսի մտածելակերպը ունեցիր

Քրիստոսի մտածելակերպը ունեցիր

Քրիստոսի մտածելակերպը ունեցիր

«Իրարու մէջ [ունեցէք] այն նոյն մտածելակերպը, որ Քրիստոս Յիսուս ունէր» (ՀՌՈՎ. 15։5, ՆԱ

1. Ինչո՞ւ պէտք է ջանանք Քրիստոսի մտածելակերպը որդեգրել։

ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍ ըսաւ. «Եկէ՛ք ինծի. . . Ինձմէ սորվեցէք՝ որ հեզ եմ ու սրտով խոնարհ եւ ձեր անձերուն հանգստութիւն պիտի գտնէք» (Մատ. 11։28, 29)։ Այս ջերմ հրաւէրը լաւ կերպով կը դրսեւորէ Յիսուսի սիրալիր մտածելակերպը։ Ո՛չ մէկ մարդ կրնայ հետեւելիք աւելի լաւ օրինակ մը ըլլալ։ Աստուծոյ հզօր Որդին ըլլալով հանդերձ, Յիսուս կարեկցութիւն ու քնքշութիւն ցուցաբերեց, մանաւանդ կարիքաւորներուն հանդէպ։

2. Յիսուսի վերաբերմունքին ո՞ր երեսակները նկատի պիտի առնենք։

2 Այս եւ յաջորդ երկու յօդուածներուն մէջ նկատի պիտի առնենք, թէ ի՛նչպէս կրնանք Յիսուսի մտածելակերպը մշակել ու պահպանել եւ մեր կեանքին մէջ «Քրիստոսին միտքը» արտացոլացնել (Ա. Կոր. 2։16)։ Գլխաւորաբար պիտի կեդրոնանանք հինգ երեսակներու վրայ. Յիսուսի հեզութիւնն ու խոնարհութիւնը, իր քաղցրութիւնը, Աստուծոյ հանդէպ իր հնազանդութիւնը, իր քաջութիւնը եւ իր հաստատ սէրը։

Քրիստոսի հեզ բնաւորութենէն սորվէ

3. ա) Յիսուս խոնարհութեան մասին ի՞նչ դաս սորվեցուց իր աշակերտներուն։ բ) Յիսուս ի՞նչպէս հակազդեց, երբ իր աշակերտները տկարութիւններ ցուցաբերեցին։

3 Աստուծոյ կատարեալ Որդին՝ Յիսուս, սիրայօժար երկիր եկաւ, անկատար ու մեղաւոր մարդոց մէջ ծառայելու։ Անոնցմէ ոմանք յետագային զինք պիտի սպաննէին։ Այսուհանդերձ Յիսուս միշտ իր ուրախութիւնն ու ժուժկալութիւնը պահպանեց (Ա. Պետ. 2։21-23)։ Յիսուսի օրինակին ուշադրութեամբ ‘նայիլը’ կրնայ մեզի օգնել, որ նոյնը ընենք, երբ ուրիշներու թերութիւններն ու անկատարութիւնները մեզի ազդեն (Եբ. 12։2)։ Յիսուս իր աշակերտները հրաւիրեց, որ իրեն հետ իր լուծին տակ մտնեն ու այսպէս իրմէ սորվին (Մատ. 11։29)։ Անոնք ի՞նչ կրնային սորվիլ։ Կէտերէն մէկը այն էր՝ թէ Յիսուս մեղմաբարոյ էր, եւ հակառակ իր աշակերտներուն թերութիւններուն, անոնց հետ համբերութեամբ վարուեցաւ։ Իր մահուան նախորդող գիշերը, Յիսուս անոնց ոտքերը լուաց, «սրտով խոնարհ» ըլլալու մասին անմոռանալի դաս մը սորվեցնելով (կարդալ՝ Յովհաննէս 13։14-17Յետագային, երբ Պետրոս, Յակոբոս ու Յովհաննէս «արթուն» չկեցան, Յիսուս կարեկցաբար զատորոշեց անոնց տկարութիւնը։ Ան ըսաւ. «Սի՛մոն, կը քնանա՞ս. . . Արթո՛ւն կեցէք եւ աղօթք ըրէք, որպէս զի փորձութեան մէջ չմտնէք. հոգին յօժար է, բայց մարմինը տկար» (Մար. 14։32-38

4, 5. Ուրիշներու թերութիւններուն առնչութեամբ, Յիսուսի օրինակը ի՞նչպէս կրնայ մեզի օգնել։

4 Ի՞նչպէս կը հակազդենք եթէ հաւատակից մը մրցակցական հոգի ունի, դիւրաւ կ’ընդվզի, կամ դանդաղօրէն կ’ընդառաջէ երէցներու խրատին կամ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին ցուցմունքներուն (Մատ. 24։45-47)։ Մինչ Սատանայի աշխարհին մէջ ցուցաբերուած մարմնաւոր յատկանիշները թերեւս բնական կը նկատենք, մեր եղբայրներուն դրսեւորած նոյն անկատարութիւնները կրնանք սիրտ հատցնող սեպել։ Եթէ ուրիշներու թերութիւնները մեզ դիւրաւ կը նեղացնեն, մենք մեզի հարց տանք. ‘Ի՞նչպէս կրնամ աւելի լաւ կերպով «Քրիստոսին միտքը» արտացոլացնել’։ Ջանա՛ միտքիդ մէջ պահել, թէ Յիսուս իր աշակերտներէն չդժգոհեցաւ, նոյնիսկ երբ որոշ չափով հոգեւոր տկարութիւն ցոյց տուին։

5 Նկատի առ Պետրոս առաքեալի պարագան։ Երբ Յիսուս զինք հրաւիրեց, որ նաւէն իջնէ եւ ջուրերուն վրայէն քալելով իրեն քով գայ, Պետրոս պահ մը ասիկա ըրաւ։ Ապա ան սաստիկ հովէն վախցաւ ու սկսաւ ընկղմիլ։ Յիսուս զայրացա՞ւ ու անոր ըսա՞ւ. «Դուն ասոր արժանի ես։ Ասիկա քեզի դաս մը թող ըլլայ»։ Ո՛չ։ «Յիսուս շուտ մը իր ձեռքը երկնցուց, բռնեց զանիկա ու ըսաւ. ‘Թերա՛հաւատ, ինչո՞ւ երկմտեցար’» (Մատ. 14։28-31)։ Եթէ եղբայր մը թերահաւատութիւն ցուցաբերէ, այլաբանօրէն կրնա՞նք մեր ձեռքը երկարել եւ իրեն օգնել, որ աւելի հաւատք ձեռք ձգէ։ Յիսուսի հեզ արարքէն վստահաբար այս դասը կը քաղենք։

6. Յիսուս իր առաքեալներուն ի՞նչ սորվեցուց երեւելիութիւն փնտռելու մասին։

6 Պետրոս նաեւ մասնակից էր առաքեալներուն շարունակական վէճին, թէ ո՛վ է մեծագոյնը իրենց մէջ։ Յակոբոս ու Յովհաննէս ուզեցին Յիսուսի աջ եւ ձախ կողմը նստիլ իր Թագաւորութեան մէջ։ Պետրոս ու միւս առաքեալները ասիկա լսելով բարկացան։ Յիսուս գիտնալով որ անոնք այս կեցուածքը հաւանաբար իրենց շրջապատէն սորված էին, անոնց ըսաւ. «Գիտէք թէ ազգերուն իշխանները կը տիրեն անոնց եւ մեծամեծները կ’իշխեն անոնց. բայց ձեր մէջ այնպէս պէտք չէ ըլլայ, հապա ձեզմէ ով որ մեծ ըլլալ կ’ուզէ, թող անիկա ձեր սպասաւորը ըլլայ ու ձեզմէ ով որ առաջին ըլլալ կ’ուզէ, թող անիկա ձեր ծառան ըլլայ»։ Ապա Յիսուս իր օրինակին ակնարկեց. «Ինչպէս Որդին մարդոյ չեկաւ սպասաւորութիւն ընդունելու, հապա սպասաւորութիւն ընելու եւ իր կեանքը շատերու համար փրկանք տալու» (Մատ. 20։20-28

7. Ի՞նչպէս կրնանք իւրաքանչիւրս ժողովքին միութեան նպաստել։

7 Յիսուսի խոնարհ մտածելակերպին մասին խորհրդածելը կրնայ մեզի օգնել, որ մեր եղբայրներուն մէջ «պզտիկ»ի պէս վարուինք (Ղուկ. 9։46-48)։ Ասիկա ընելը միութեան կը նպաստէ։ Եհովա, մեծ ընտանիքի հօր մը նման, կ’ուզէ որ իր զաւակները համերաշխութեամբ ու «միաբանութեամբ բնակին» (Սաղ. 133։1)։ Յիսուս իր Հօր աղօթեց, որ բոլոր ճշմարիտ քրիստոնեաները միութեան մէջ ըլլան, որպէսզի «աշխարհ գիտնայ թէ դո՛ւն ղրկեցիր զիս ու սիրեցիր զանոնք՝ ինչպէս զիս սիրեցիր» (Յովհ. 17։23)։ Ուստի մեր միութիւնը կ’օգնէ մեզ բնորոշելու որպէս Քրիստոսի հետեւորդներ։ Այս միութիւնը վայելելու համար, ուրիշներու անկատարութիւնները պէտք է Քրիստոսի տեսանկիւնէն դիտենք։ Յիսուս ներող էր, եւ սորվեցուց որ միայն ներող ըլլալով կրնանք ներում ստանալ (կարդալ՝ Մատթէոս 6։14, 15

8. Երկար տարիներ Աստուծոյ ծառայողներուն օրինակէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

8 Նաեւ կրնանք շատ բան սորվիլ՝ ընդօրինակելով անոնց հաւատքը, որոնք երկար տարիներ Քրիստոսը ընդօրինակած են։ Յիսուսի նման, անոնք սովորաբար ուրիշներու անկատարութիւններուն նկատմամբ հասկացողութիւն ցոյց կու տան։ Անոնք սորված են թէ քրիստոսանման կարեկցութիւն ցուցաբերելը ո՛չ միայն մեզի կ’օգնէ ‘տկարներուն տկարութիւնը վերցնելու’, այլ նաեւ կը նպաստէ միութեան։ Աւելին, անիկա ամբողջ ժողովքը կը քաջալերէ, որ Քրիստոսի մտածելակերպը արտացոլացնէ։ Անոնք կ’ուզեն որ իրենց եղբայրները վայելեն այն ինչ որ Պօղոս առաքեալ Հռոմի մէջ գտնուող քրիստոնեաներուն նշեց. «Համբերութեան ու մխիթարութեան Աստուածը ոյժ պիտի տայ ձեզի, որ իրարու հետ միեւնոյն խորհուրդը ունենաք՝ Քրիստոս Յիսուսին ուզածին պէս, որպէս զի մէկ սրտով ու մէկ բերնով փառաւորէք Աստուած՝ մեր Տէրոջը՝ Յիսուս Քրիստոսին Հայրը» (Հռով. 15։1, 5, 6Արդարեւ, մեր միացեալ պաշտամունքը փառաբանութիւն կը բերէ Եհովայի։

9. Յիսուսի օրինակին հետեւելու համար, ինչո՞ւ սուրբ հոգիին կարիք ունինք։

9 Յիսուս «սրտով խոնարհ» ըլլալը առնչեց հեզութեան, որ Աստուծոյ սուրբ հոգիին պտուղին մաս կը կազմէ։ Հետեւաբար, Յիսուսի օրինակը ուսումնասիրելու կողքին, Եհովայի սուրբ հոգիին կարիք ունինք, որպէսզի կարենանք պատշաճօրէն այդ օրինակին հետեւիլ։ Պէտք է աղօթքով Աստուծոյ սուրբ հոգին խնդրենք ու ջանանք մշակել անոր պտուղը,– «սէր, խնդութիւն, խաղաղութիւն, երկայնմտութիւն, քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, հեզութիւն, ժուժկալութիւն» (Գաղ. 5։22, 23)։ Այսպէս Յիսուսի խոնարհութեան ու հեզութեան օրինակին հետեւելով, մեր երկնաւոր Հայրը՝ Եհովան պիտի հաճեցնենք։

Յիսուս ուրիշներու հետ քաղցրութեամբ վարուեցաւ

10. Յիսուս ի՞նչպէս քաղցրութիւն ցուցաբերեց։

10 Քաղցրութիւնն ալ սուրբ հոգիին պտուղին մաս կը կազմէ։ Յիսուս յարատեւաբար ուրիշներու հետ քաղցրութեամբ վարուեցաւ։ Ան քաղցրութեամբ ‘ընդունեց’ բոլոր զանոնք, որոնք անկեղծօրէն զինք փնտռեցին (կարդալ՝ Ղուկաս 9։11Յիսուսի ցուցաբերած քաղցրութենէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ Քաղցր անհատը բարեկամական, մեղմաբարոյ, կարեկից ու բարեգութ է։ Յիսուս այդպէս էր։ Ան մարդոց վրայ գթաց, «վասն զի յոգնած ու ցիրուցան եղած էին հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս» (Մատ. 9։35, 36

11, 12. ա) Նկարագրէ միջադէպ մը, ուր Յիսուս կարեկցութիւն ցուցաբերեց։ բ) Այս օրինակէն ի՞նչ կրնաս սորվիլ։

11 Յիսուս նաեւ իր կարեկցութենէն մղուած՝ գործի լծուեցաւ։ Նկատի առ միջադէպ մը։ Կին մը 12 տարի արիւնահոսութիւն ունէր։ Ան գիտէր թէ մովսիսական օրէնքին ներքեւ, իր վիճակը զինք եւ իրեն դպչող անհատը ծիսականօրէն անմաքուր կը դարձնէր (Ղեւ. 15։25-27)։ Այսուհանդերձ, Յիսուսի համբաւն ու վերաբերմունքը զինք համոզած էին, թէ ան կրնա՛ր բուժել եւ պիտի բուժէր զինք։ Ան շարունակ կ’ըսէր. «Եթէ միայն անոր հանդերձներուն դպչիմ, պիտի բժշկուիմ»։ Քաջութիւն հաւաքելով, ան դպաւ անոր եւ անմիջապէս զգաց թէ բուժուեցաւ։

12 Յիսուս գիտցաւ թէ մէկը իրեն դպաւ, եւ իր շուրջը նայեցաւ որ զայն տեսնէ։ Կինը հաւանաբար վախցաւ որ մովսիսական օրէնքը բեկանելուն համար յանդիմանուի, եւ դողալով ինկաւ անոր առջեւ ու պատմեց ամբողջ ճշմարտութիւնը։ Յիսուս այս խեղճ ու տառապող կինը կշտամբե՞ց։ Բնաւ երբեք։ Ան զինք հաւաստիացուց. «Ա՛ղջիկ, քու հաւատքդ քեզ բժշկեց. գնա խաղաղութեամբ» (Մար. 5։25-34)։ Այս քաղցր խօսքերը ո՜րքան մխիթարած ըլլալու էին զինք։

13. ա) Յիսուսի կեցուածքը ի՞նչպէս տարբեր էր փարիսեցիներուն կեցուածքէն։ բ) Յիսուս երեխաներուն հետ ի՞նչպէս վարուեցաւ։

13 Ի տարբերութիւն կարծրասիրտ փարիսեցիներուն, Քրիստոս երբեք իր հեղինակութիւնը չգործածեց ուրիշներուն բեռը աւելցնելու (Մատ. 23։4)։ Ընդհակառակը, ան քաղցրութեամբ ու համբերութեամբ ուրիշներուն սորվեցուց Եհովայի ուղիները։ Յիսուս իր հետեւորդներուն գորովալի ընկերակից եւ իսկական բարեկամ մըն էր, որ միշտ սիրառատ ու քաղցր էր (Առ. 17։17. Յովհ. 15։11-15)։ Նոյնիսկ երեխաներ Յիսուսի հետ հանգիստ զգացին, եւ բացայայտ է որ ան ալ անոնց հետ հանգիստ զգաց։ Ան բազմազբաղ ըլլալով հանդերձ, կանգ կ’առնէր որ մանուկներուն հետ ժամանակ անցընէր։ Առիթով մը իր աշակերտները, որոնք տակաւին ժամանակակից կրօնական առաջնորդներուն նման ինքնագովութեան գաղափարներ կը սնուցանէին, փորձեցին արգելք հանդիսանալ որ մարդիկ իրենց զաւակները Յիսուսի մօտեցնեն։ Յիսուս իր աշակերտներուն ըրածը չհաւնելով՝ ըսաւ. «Թող տուէք այդ մանր տղոցը, որ ինծի գան եւ մի՛ արգիլէք ատոնք, վասն զի Աստուծոյ թագաւորութիւնը այդպիսիներունն է»։ Ապա, երեխաները իբրեւ օրինակ գործածելով՝ ան նշեց. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, ով որ Աստուծոյ թագաւորութիւնը պզտիկ տղու մը պէս չընդունի, բնաւ պիտի չմտնէ անոր մէջ» (Մար. 10։13-15

14. Երեխաները անկեղծ ուշադրութենէն ի՞նչ օգուտներ կը քաղեն։

14 Պահ մը խորհէ, թէ այդ երեխաներէն ոմանք տարիներ ետք ի՛նչպէս պիտի զգային, երբ մտաբերէին թէ Յիսուս Քրիստոս ‘զիրենք իր գիրկը առաւ ու օրհնեց’ (Մար. 10։16)։ Այժմու երեխաներն ալ սիրով պիտի յիշեն երէցներ եւ ուրիշներ, որոնք իրենց հանդէպ անձնուրաց հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն։ Աւելի կարեւորը, այն երեխաները, որոնք կանուխ տարիքէն ժողովքին մէջ իսկական հետաքրքրութեան կ’արժանանան, կը սորվին թէ Եհովայի հոգին իր ժողովուրդին վրայ է։

Անազնիւ աշխարհին մէջ քաղցրութիւն ցուցաբերէ

15. Ինչո՞ւ պէտք չէ զարմանանք որ ներկայիս քաղցրութիւնը հազուագիւտ է։

15 Ներկայիս շատեր կը զգան, թէ ուրիշներու հանդէպ քաղցրութիւն ցուցաբերելու ժամանակ չունին։ Հետեւաբար, ամէն օր դպրոցը, գործատեղին, ճամբորդութեան ատեն եւ ծառայութեան մէջ, Եհովայի ժողովուրդը աշխարհի հոգին կը դիմագրաւէ։ Անազնիւ կեցուածքները կրնան մեզ յուսախաբ ընել, բայց մեզ պէտք չէ զարմացնեն։ Եհովա Պօղոսը ներշնչեց, որ մեզ զգուշացնէ թէ այս դժուար «վերջին օրեր»ուն մէջ ճշմարիտ քրիստոնեաները շփման մէջ պիտի գան անհատներու հետ, որոնք ‘անձնասէր եւ անգութ’ են (Բ. Տիմ. 3։1-3

16. Ի՞նչպէս կրնանք ժողովքին մէջ քրիստոսանման քաղցրութիւնը յառաջացնել։

16 Միւս կողմէ, անազնիւ աշխարհին հակապատկերն է ճշմարիտ քրիստոնէական ժողովքին թարմացուցիչ մթնոլորտը։ Յիսուսը ընդօրինակելով, իւրաքանչիւրս կրնանք այդ առողջ մթնոլորտին նպաստել։ Ի՞նչպէս։ Նախ, ժողովքին մէջ շատեր մեր օգնութեան ու քաջալերութեան կարիք ունին, քանի որ առողջապահական խնդիրներ կամ այլ աննպաստ պարագաներ կը դիմագրաւեն։ Այս «վերջին օրեր»ուն մէջ, այսպիսի խնդիրներ կրնան շատնալ, բայց երբեք նոր չեն։ Աստուածաշունչի ժամանակներուն, քրիստոնեաները համանման խնդիրներէ տառապեցան։ Հետեւաբար, ինչպէս այն ատեն՝ նոյնպէս այսօր, քրիստոնեաներուն ի նպաստ օգտակար արարքներ ընելը պատշաճ է։ Օրինակ, Պօղոս քրիստոնեաները յորդորեց, որ ‘վատասիրտները մխիթարեն, տկարներուն ձեռնտու ըլլան եւ ամենուն երկայնամիտ ըլլան’ (Ա. Թես. 5։14)։ Ասիկա կը պարփակէ քրիստոսանման քաղցրութիւնը գործի վերածել։

17, 18. Ի՞նչ կարգ մը կերպերով կրնանք Յիսուսի քաղցրութիւնը ընդօրինակել։

17 Քրիստոնեաները պատասխանատուութիւն ունին իրենց եղբայրները ազնուօրէն ‘ընդունելու’, անոնց հետ վարուելու ինչպէս Քրիստոս պիտի վարուէր, ցուցաբերելով իսկական հետաքրքրութիւն անոնց հանդէպ, զորս տարիներէ ի վեր կը ճանչնանք, եւ անոնց հանդէպ՝ որոնց բնաւ չենք հանդիպած (Գ. Յովհ. 5-8)։ Յիսուսի նման, կարեկցութիւն ցուցաբերելու մէջ նախաձեռնութիւնը պէտք է առնենք, միշտ ուրիշները թարմացնելով (Եսա. 32։2. Մատ. 11։28-30

18 Իւրաքանչիւրս կրնանք քաղցրութիւն ցուցաբերել, ուրիշներուն բարօրութեամբ գործնականօրէն հետաքրքրուելով։ Ասիկա ընելու կերպեր փնտռէ ու պատեհութիւններ ստեղծէ։ Ձեռնտու եղիր։ «Եղբայրսիրութեան մէջ իրարու գորովալից եղէ՛ք», յորդորեց Պօղոս, ապա աւելցուց. «Պատուելու մէջ իրարմէ անցէ՛ք» (Հռով. 12։10)։ Ասիկա կը նշանակէ Քրիստոսի օրինակին հետեւիլ, ուրիշներու հետ ջերմօրէն ու քաղցրօրէն վարուելով եւ «անկեղծ սէր» ցոյց տալով (Բ. Կոր. 6։6)։ Պօղոս այս քրիստոսանման սէրը հետեւեալ կերպով նկարագրեց. «Սէրը երկայնամիտ է, քաղցր է. սէրը չի նախանձիր, սէրը չի գոռոզանար, չի հպարտանար» (Ա. Կոր. 13։4)։ Փոխանակ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն դէմ ոխ պահելու, սա յորդորին անսանք. «Իրարու հետ քաղցր եղէք, գթած, ներելով իրարու, ինչպէս Աստուած Քրիստոսով ներեց ձեզի» (Եփ. 4։32

19. Քրիստոսանման քաղցրութիւն ցուցաբերելուն կարգ մը լաւ արդիւնքները ի՞նչ են։

19 Ամէն ատեն եւ բոլոր պարագաներու ներքեւ քրիստոսանման քաղցրութիւն մշակելն ու ցուցաբերելը, ճոխ վարձատրութիւններ կը բերէ։ Եհովայի հոգին պիտի կարենայ ժողովքին մէջ ազատօրէն գործել, արտադրելով հոգիին բարի պտուղը։ Ասկէ զատ, երբ Յիսուսի օրինակին հետեւինք եւ ուրիշներուն օգնենք որ նոյնն ընեն, մեր միացեալ պաշտամունքը ուրախութիւն պիտի բերէ Աստուծոյ։ Հետեւաբար, միշտ ջանանք ուրիշներու հետ մեր գործառնութեանց մէջ Յիսուսի հեզութիւնն ու քաղցրութիւնը արտացոլացնել։

Կրնա՞ս բացատրել

• Յիսուս ի՞նչպէս ցոյց տուաւ, թէ ‘հեզ ու սրտով խոնարհ էր’։

• Յիսուս ի՞նչպէս քաղցրութիւն ցուցաբերեց։

• Այս անկատար աշխարհին մէջ, ի՞նչ կարգ մը կերպերով քրիստոսանման հեզութիւն ու քաղցրութիւն կը ցուցաբերենք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 12]

Երբ եղբօր մը հաւատքը տկարանայ, ինչպէս Պետրոսի հետ պատահեցաւ, ձեռք պիտի հասցնե՞նք

[Նկար՝ էջ 14]

Ի՞նչպէս կրնաս օգնել, որ ժողովքը քաղցրութեան ապաստանարան ըլլայ