Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Առասպել 6. Աստուած պաշտամունքի մէջ արձաններու եւ սրբանկարներու գործածութիւնը կ’ընդունի

Առասպել 6. Աստուած պաշտամունքի մէջ արձաններու եւ սրբանկարներու գործածութիւնը կ’ընդունի

Առասպել 6. Աստուած պաշտամունքի մէջ արձաններու եւ սրբանկարներու գործածութիւնը կ’ընդունի

Առասպելին ծագումը ի՞նչ է։ «Նախնական քրիստոնեաներու պաշտամունքին մէջ պատկերներն ու արձանները անծանօթ էին. . . 4–րդ եւ 5–րդ դարերուն, եկեղեցիին մէջ պատկերներու գործածութիւնը արդարացուեցաւ այն տեսութեան համաձայն, թէ տգէտ մարդիկ կրնային քրիստոնէութեան իրողութիւնները աւելի լաւ սորվիլ անոնց միջոցաւ քան քարոզներու կամ գիրքերու միջոցաւ» (Cyclopedia of Biblical, Theological, and Ecclesiastical Literature, Մգլինթոքի եւ Սթրոնկի կողմէ, հատոր 4, էջ 503 եւ 504)։

Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ։ «Դուն քեզի կուռք չշինես, ո՛չ վերը երկնքի մէջ, ո՛չ վարը երկրի վրայ, կամ երկրի տակի ջուրերուն մէջ եղած բաներուն մէկ նմանութիւնը. անոնց երկրպագութիւն չընես ու զանոնք չպաշտես» (Ելից 20։4, 5)։ Յովհաննէս առաքեալ առաջին դարու քրիստոնեաներուն գրեց. «Ո՛րդեակներ, ինքզինքնիդ կուռքերէն պահեցէք» (Ա. Յովհաննէս 5։21

Արդեօք պատկերներն ու արձանները, ինչպէս որ եկեղեցիները կը դաւանին, պարզապէս միջո՞ց մըն են մօտենալու եւ պատուելու զանոնք, որոնք կը ներկայացնեն։ Համայնագիտարան մը կ’ըսէ. «Սկիզբը, պատկերները գլխաւորաբար ուսուցանելու եւ զարդարելու համար գործածուեցան. առնուազն, անոնք այս հիման վրայ պաշտպանուեցան։ Բայց շատ չանցած, անոնք անուրանալիօրէն որպէս պաշտամունքի առարկաներ սկսան գործածուելու։ Ասիկա յատկապէս սրբանկարներուն պարագան էր, որոնք արեւելեան ուղղափառութեան աչքառու մէկ երեսակը դարձան» (The Encyclopedia of Religion)։ Սակայն Եսայի մարգարէն իրաւացիօրէն հարցուց. «Դուք Աստուած որո՞ւ կը նմանցնէք ու զանիկա ի՞նչ նմանութեան հետ կը բաղդատէք» (Եսայի 40։18

Աստուածաշունչի հետեւեալ համարները համեմատէ. Եսայի 44։13-19. Գործք 10։25, 26. 17։29. Բ. Կորնթացիս 5։7

ԻՐՈՂՈՒԹԻՒՆ.

Աստուած արձաններու եւ սրբանկարներու գործածութեան չի հաճիր

ԱՌԱՍՊԵԼՆԵՐԸ ՄԵՐԺԷ՛, ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԿԱՌՉԷ՛

Բազմաթիւ եկեղեցիներու կողմէ տակաւին ուսուցանուած առասպելներու այս համառօտ վերաքաղէն ի՞նչ կրնանք եզրակացնել։ Այս «վարպետութեամբ շինուած առասպելներ»ը չեն կրնար Աստուածաշունչի պարզ ու մխիթարական ճշմարտութիւններուն հետ մրցիլ (Բ. Պետրոս 1։16

Հետեւաբար, լայնամտութեամբ, մի՛ վարանիր Աստուծոյ Խօսքը,– ճշմարտութեան աղբիւրը,– բաղդատելու այն բաներուն հետ, զորս սորված ես (Յովհաննէս 17։17)։ Այսպէս քու պարագայիդ սա խոստումը պիտի կատարուի. «Ճշմարտութիւնը պիտի գիտնաք ու այն ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ» (Յովհաննէս 8։32

[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 9]

Pictorial Archive (Near Eastern History) Est.