Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուած իրապէս կը հոգայ. ի՛նչպէս գիտենք

Աստուած իրապէս կը հոգայ. ի՛նչպէս գիտենք

Աստուած իրապէս կը հոգայ. ի՛նչպէս գիտենք

ԵԹԷ Աստուած մեզ կը սիրէ, ինչո՞ւ շատ տառապանք կայ։ Ասիկա հին բայց կարեւոր հարցում մըն է, որուն մասին մարդիկ հազարաւոր տարիներէ ի վեր խորհրդածած են։ Հաւանաբար կը համաձայնիս, թէ եթէ մէկը կը սիրես, չես ուզեր որ տառապի, իսկ եթէ նեղի մատնուի, կը ջանաս անոր օգնել։ Հետեւաբար, շատեր կը խորհին թէ աշխարհի մէջ շատ տառապանք ըլլալով, կարելի չէ ըսել որ Աստուած մեզմով հետաքրքրուած է։ Ուստի կարեւոր է, որ նա՛խ նկատի առնենք այն ապացոյցը, թէ Աստուած մեզ իրապէս կը սիրէ ու կը հոգայ։

Ստեղծագործութիւնը Աստուծոյ սիրոյն մասին կը վկայէ

Եհովա Աստուած ինք «երկինքը ու երկիրը եւ ծովը ու բոլոր անոնց մէջ եղածները ստեղծեց» (Գործք 4։24)։ Մինչ Եհովայի ստեղծագործութիւններուն մասին կը խորհրդածենք, վստահաբար պէտք է եզրակացնենք, թէ ան մեզ կը հոգայ։ Նկատի առ, զոր օրինակ, այն բաները՝ որոնք քեզի ուրախութիւն ու հաճոյք կը պատճառեն։ Համեղ ուտելիքները կը սիրե՞ս։ Եհովա կրնար մեր կեանքը պահպանող մէ՛կ տեսակ ուտելիք հայթայթել։ Փոխարէն, ան ստեղծեց բազմաթիւ այլազան ուտելիքներ, որոնք մեր քիմքին հաճելի են։ Նմանապէս, Եհովա երկրագունդը զարդարած է սքանչելի ծառերով, ծաղիկներով ու բնատեսարաններով, կեանքը զուարճալի եւ հետաքրքրական դարձնելու համար։

Նաեւ նկատի առ մեր ստեղծուած կերպը։ Մեր զուարթամտութիւնը, երաժշտութիւնը վայելելու եւ գեղեցկութիւնը գնահատելու մեր կարողութիւնները անհրաժեշտ չեն կեանքը պահպանելու,– անոնք Աստուծմէ պարգեւներ են, որոնք մեր կեանքը կը ճոխացնեն։ Խորհէ նաեւ ուրիշներու հետ քու յարաբերութիւններուդ մասին։ Ո՜րքան հաճելի է լաւ բարեկամներու ջերմ ընկերակցութիւնը կամ շատ սիրելի անհատին ողջագուրումը։ Արդարեւ, սիրելու կարողութիւնը ինքնին պարգեւ մըն է Աստուծմէ, որ կը սիրէ։ Որովհետեւ Աստուած մարդիկը օժտեց սիրելու կարողութեամբ, այդ յատկութիւնը իր անձնաւորութեան մէկ մասը պէտք է ըլլայ։

Աստուածաշունչը մեզ կը հաւաստիացնէ թէ Աստուած սէր է

Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ, թէ Աստուած սէր է (Ա. Յովհաննէս 4։8)։ Անոր սէրը ոչ միայն ստեղծագործութեան մէջ բացայայտ է, այլեւ իր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին մէջ ակներեւ է։ Օրինակ՝ Աստուածաշունչը լաւ առողջութեան նպաստող ուղեգիծներ կու տայ, ամէն բանի մէջ չափաւորութիւն կը քաջալերէ ու գինովութենէն եւ որկրամոլութենէն կը զգուշացնէ (Ա. Կորնթացիս 6։9, 10

Աստուածաշունչը նաեւ իմաստուն խրատներ կու տայ մարդկային փոխյարաբերութիւններուն վերաբերեալ, մեզ յորդորելով որ զիրար սիրենք եւ ուրիշներու հետ յարգանքով, արժանապատուութեամբ ու քաղցրութեամբ վարուինք (Մատթէոս 7։12)։ Անիկա կը դատապարտէ սովորութիւններ ու կեցուածքներ, որոնք տառապանք կը պատճառեն, ինչպէս՝ ագահութիւն, բամբասանք, նախանձ, շնութիւն եւ սպանութիւն։ Եթէ ամէն անհատ ջանար Սուրբ Գրութիւններուն ընտիր խրատներուն համաձայն ապրիլ, վստահաբար համայն աշխարհի մէջ շատ աւելի նուազ տառապանք պիտի ըլլար։

Սակայն Աստուծոյ սիրոյն մեծագոյն դրսեւորումն էր՝ իր Որդին Յիսուսը զոհելը մարդկութեան փրկութեան համար։ Յովհաննէս 3։16–ը կ’ըսէ. «Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ»։ Այսպէս Եհովա արդէն կարգադրած է, որ վերջնականապէս մահուան ու բոլոր նեղութիւններուն վերջ դնէ (Ա. Յովհաննէս 3։8

Բացորոշ է որ շատ ապացոյցներ կան, թէ Եհովա մեզ կը սիրէ։ Ուստի կրնանք հետեւցնել, որ մեր տառապիլը զինք չ’ուրախացներ։ Ան գործի պիտի լծուի, տառապանքին վերջ դնելու համար։ Այս հարցին շուրջ ենթադրութիւններ ընելու հարկ չունինք. Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ թէ Աստուած ի՛նչպէս տառապանքը պիտի չքացնէ։

[Նկար՝ էջ 4]

Սիրելու կարողութիւնը՝ սիրոյ Աստուծմէն պարգեւ մըն է