Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Գիտէի՞ր

Գիտէի՞ր

Գիտէի՞ր

Ի՞նչ էր այն մարդահամարը, որ ճամբան հարթեց Յիսուսի ծնունդին Բեթլեհէմի մէջ։

Ըստ Ղուկասի Աւետարանին, երբ Օգոստոս կայսր հրամանագիր մը հանեց, որ ամբողջ հռոմէական կայսրութեան մէջ մարդահամար կատարուի, ‘ամէնքը գացին աշխարհագիրը մտնելու՝ ամէն մէկը իր քաղաքին մէջ’ (Ղուկաս 2։1-3)։ Յիսուսի հայրագիրը՝ Յովսէփ, Բեթլեհէմ քաղաքէն ըլլալով, ան հրովարտակին ենթարկուեցաւ ու Մարիամի հետ ճամբորդեց դէպի Բեթլեհէմ, եւ հոն Յիսուս ծնաւ։ Այսպիսի արձանագրութիւններ տուրք հաւաքելը եւ զինուորագրութիւնը կը դիւրացնէին։

Մ.թ.ա. 30–ին, երբ հռոմայեցիները Եգիպտոսը նուաճեցին, հոն մարդահամարը արդէն տարիներէ ի վեր կը գործածուէր։ Ուսումնականներ կը հաւատան, թէ հռոմայեցիները եգիպտական մարդահամարի դրութիւնը որդեգրեցին եւ իրենց կայսրութեան մնացեալ մասերուն մէջ համանման գործելակերպ կիրարկեցին։

Այսպիսի մարդահամարի մը մէկ ապացոյցն է այն հրամանագիրը, զոր հանեց Եգիպտոսի հռոմայեցի կառավարիչը, մ.թ. 104–ին։ Անոր պատճէնը, որ այժմ կը գտնուի Բրիտանական գրատան մէջ, կը նշէ. «Գայիոս Վիպիոս Մաքսիմոս՝ Եգիպտոսի Իշխանը (կ’ըսէ). Նկատի ունենալով որ ժամանակը հասած է, որ տունէ տուն մարդահամարը կատարուի, անհրաժեշտ է պահանջել բոլոր անոնցմէ, որոնք այլեւայլ պատճառներով իրենց շրջաններէն դուրս կը բնակին, վերադառնալ իրենց բնագաւառը, որպէսզի թէ՛ մարդահամարին ենթարկուին եւ թէ փութաջանութեամբ իրենց հողաբաժինը մշակեն»։

Յովսէփ ինչո՞ւ մտածեց ամուսնալուծման փաստաթուղթ տալ Մարիամի, երբ միայն նշանուած էին։

Մատթէոսի Աւետարանին համաձայն, Յովսէփ իմացաւ թէ Մարիամ յղի էր, մինչ իրեն «նշանուած» էր ու դեռ իրարու քով չեկած։ Չգիտնալով որ Մարիամ «Սուրբ Հոգիէն» յղացած էր, Յովսէփ խորհած ըլլալու էր թէ Մարիամ անհաւատարիմ գտնուած էր, եւ այսպէս մտադրեց զայն արձակել (Մատթէոս 1։18-20

Հրեաները նշանուած զոյգը արդէն ամուսնացած կը նկատէին։ Սակայն զոյգը իրարու հետ որպէս ամուսին ու կին չէին ապրեր մինչեւ որ հարսանիքը տեղի ունենար։ Նշանախօսութիւնը ա՛յնքան լուրջ յանձնառութիւն մըն էր, որ եթէ ամուսնութիւնը տեղի չունենար, քանի որ փեսան իր միտքը փոխեց կամ այլ կարեւոր պատճառով, երիտասարդուհին ազատ չէր ամուսնանալու մինչեւ որ ամուսնալուծման փաստաթուղթ ձեռք ձգէր։ Եթէ կնոջ մը նշանածը հարսանիքէն առաջ մահանար, կինը այրի կը նկատուէր։ Միւս կողմէ, եթէ կինը իր նշանուած շրջանին պոռնկութիւն գործէր, շնացող կը սեպուէր ու մահուան կը դատապարտուէր (Բ. Օրինաց 22։23, 24

Ակներեւօրէն, Յովսէփ մտածեց հետեւանքներուն մասին, եթէ Մարիամ հանրութեան առջեւ խայտառակուէր։ Թէեւ ան զգաց թէ պարտաւոր էր հարցը յարմար հեղինակութիւններուն ուշադրութեան յանձնել, սակայն ուզեց Մարիամը պաշտպանել եւ վատահամբաւութենէ խուսափիլ։ Ուստի ան որոշեց լռելեայն արձակել զինք։ Ի վերջոյ, առանձին մօր ունեցած ամուսնալուծման փաստաթուղթը ցոյց պիտի տար թէ ան արդէն ամուսնացած էր։

[Նկար՝ էջ 10]

Մարդահամարի հրամանագիր՝ Եգիպտոսի հռոմայեցի կառավարիչին կողմէ, մ.թ. 104–ին

[Նկարին աղբիւրը]

© The British Library Board all rights reserved (P.904)