Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մեսիան. Աստուծոյ՝ փրկութեան միջոցը

Մեսիան. Աստուծոյ՝ փրկութեան միջոցը

Մեսիան. Աստուծոյ՝ փրկութեան միջոցը

«Ինչպէս Ադամով ամէնքը կը մեռնին, նոյնպէս ալ Քրիստոսով ամէնքը կենդանի պիտի ըլլան» (Ա. ԿՈՐ. 15։22

1, 2. ա) Յիսուսի հանդիպելով, Անդրէաս ու Փիլիպպոս ի՞նչպէս ընդառաջեցին։ բ) Ինչո՞ւ կ’ըսենք թէ Յիսուսի Մեսիա ըլլալուն նկատմամբ աւելի ապացոյցներ ունինք, քան առաջին դարու քրիստոնեաները։

«ԳՏԱՆՔ Մեսիան», ըսաւ Անդրէաս իր եղբօր՝ Պետրոսի, համոզուած ըլլալով թէ նազովրեցի Յիսուս Աստուծոյ Օծեալն էր։ Փիլիպպոս ալ համոզուած էր եւ իր բարեկամը՝ Նաթանայէլը գտնելով, անոր ըսաւ. «Ա՛ն, որուն համար Մովսէս օրէնքին մէջ գրեց եւ մարգարէներն ալ, զանիկա գտանք, այսինքն Յիսուս Նազովրեցին, Յովսէփին որդին» (Յովհ. 1։40, 41, 45

2 Լիովին համոզուա՞ծ ես, թէ Յիսուս խոստացեալ Մեսիան է, Եհովայի՝ «փրկութեան առաջնորդը» (Եբ. 2։10)։ Այսօր մենք անոր Մեսիա ըլլալուն նկատմամբ աւելի ապացոյցներ ունինք, քան անոր առաջին դարու հետեւորդները։ Յիսուսի ծնունդէն մինչեւ իր յարութիւնը, Աստուծոյ Խօսքը կտրական ապացոյց կու տայ, թէ ան Քրիստոսն էր (կարդալ՝ Յովհաննէս 20։30, 31Աստուածաշունչը նաեւ կը նշէ, թէ Յիսուս երկնքէն պիտի շարունակէր որպէս Մեսիա իր դերը կատարել (Յովհ. 6։40. կարդալ՝ Ա. Կորնթացիս 15։22)։ Հոգեւոր առումով, դուն ալ կրնաս ըսել. ‘Մեսիան գտած եմ’։ Բայց նախ նկատի առ, թէ այդ նախկին աշակերտները ի՛նչպէս շիտակ եզրակացութեան յանգեցան, թէ Մեսիան գտած էին։

Մեսիային սրբազան «խորհուրդը» աստիճանաբար յայտնուեցաւ

3, 4. ա) Առաջին դարու աշակերտները ի՞նչպէս կրնային ‘Մեսիան գտնել’։ բ) Ինչո՞ւ կ’ըսենք թէ միայն Յիսուս կրնար բոլոր մեսիական մարգարէութիւնները կատարել։

3 Յիսուսի առաջին դարու հետեւորդները ի՞նչպէս կրնային ստուգապէս ըսել թէ ան Մեսիան էր։ Եհովա մարգարէներուն միջոցաւ աստիճանաբար յայտնած էր գալիք Մեսիային բնորոշ նշանները։ Աստուածաշունչի ուսումնական մը այս գործընթացը նմանցուց արձան մը կազմելուն, որ մարմարիոնի կտորներէ կը բաղկանայ։ Երեւակայէ բազմաթիւ անհատներ, որոնք իրարու հետ որեւէ հաղորդակցութիւն չեն ունեցած, իւրաքանչիւրը սենեակի մը մէջ մարմարիոնի կտոր մը դրաւ։ Եթէ այդ կտորներով կատարեալ արձան մը կազմուի, տրամաբանօրէն պիտի եզրակացնես, թէ վարագոյրին ետեւ անհատ մը ըլլալու էր, որ մանրամասնութիւնները գծեց ու իւրաքանչիւր անհատի ուղարկեց անոր ինկած մասը։ Արձանին իւրաքանչիւր կտորին նման, իւրաքանչիւր մեսիական մարգարէութիւն կարեւոր տեղեկութիւն մը պիտի հայթայթէր Մեսիային մասին։

4 Ի՞նչ է հաւանականութիւնը, որ Մեսիային վերաբերեալ բոլոր մարգարէութիւնները դիպուածով անհատի մը կիրարկուին։ Հետազօտիչ մը ըսաւ, թէ անհատի մը վրայ մեսիական բոլոր մարգարէութիւնները դիպուածով կատարուելու հաւանականութիւնը «ա՛յնքան չնչին է», որ անկարելի պէտք է նկատուի։ «Յիսուս,– եւ միայն Յիսուս ամբողջ պատմութեան մէջ,– կրցաւ ասիկա ընել»։

5, 6. ա) Սատանայի դատաստանը ի՞նչպէս պիտի գործադրուէր։ բ) Աստուած ի՞նչպէս խոստացեալ «սերունդ»ին շառաւիղը աստիճանաբար յայտնեց։

5 Մեսիական մարգարէութիւններուն առանցքը սրբազան «խորհուրդ» մըն է, տիեզերական կարեւորութիւն ունեցող բազմաթիւ երեսակներով (Կող. 1։26, 27. Ծն. 3։15)։ Այս խորհուրդին մէջ պարփակուած էր Բանսարկուին դատաստանը,– «այն առաջուան օձ»ը՝ որ մարդկութիւնը մեղքի եւ մահուան մէջ մխրճեց (Յայտ. 12։9)։ Այդ դատաստանը ի՞նչպէս պիտի գործադրուէր։ Եհովա նախագուշակեց որ «կին» մը յառաջ պիտի բերէր «սերունդ» մը, որ Սատանային գլուխը պիտի ջախջախէր։ Նախագուշակուած «սերունդ»ը օձին գլուխը պիտի ճզմէր, ըմբոստութեան, հիւանդութեան ու մահուան պատճառը չքացնելով։ Սակայն Աստուծոյ արտօնութեամբ, Սատանան նա՛խ կնոջ «սերունդ»ին գարշապարը այլաբանօրէն պիտի խայթէր։

6 Եհովա աստիճանաբար յայտնեց, թէ խոստացեալ «սերունդ»ը ո՛վ պիտի ըլլար։ Աստուած Աբրահամի երդում ըրաւ. «Երկրի բոլոր ազգերը քու սերունդովդ պիտի օրհնուին» (Ծն. 22։18)։ Մովսէս նախագուշակեց որ Ան իրմէ մեծ «մարգարէ մը» պիտի ըլլար (Բ. Օր. 18։18, 19)։ Դաւիթ երաշխիք ստացաւ, եւ մարգարէներ յետագային հաստատեցին, թէ Մեսիան իր զարմէն պիտի ըլլար ու դաւիթենական գահը առյաւէտ պիտի ժառանգէր (Բ. Թագ. 7։12, 16. Եր. 23։5, 6

Որպէս Մեսիա Յիսուսի հաւատարմագրերը

7. Յիսուս ի՞նչ կերպով Աստուծոյ ‘կնոջմէն’ եկաւ։

7 Աստուած երկնային հոգեղէն արարածներէ բաղկացած իր կնանման կազմակերպութենէն ղրկեց իր Որդին՝ իր առաջին ստեղծագործութիւնը, որպէսզի խոստացեալ «սերունդ»ը ըլլայ։ Ասիկա պահանջեց որ Աստուծոյ միածին Որդին իր ‘անձը ունայնացնէ’ եւ որպէս կատարեալ մարդ ծնի (Փլպ. 2։5-7. Յովհ. 1։14)։ Սուրբ հոգին Մարիամի վրայ ‘հովանի ըլլալը’ երաշխաւորեց, որ անկէ ծնող ‘սուրբը Աստուծոյ Որդի կոչուի’ (Ղուկ. 1։35

8. Յիսուս ի՞նչպէս մեսիական մարգարէութիւն մը կատարեց, երբ ինքզինք ջուրի մկրտութեան ներկայացուց։

8 Մեսիական մարգարէութիւնները նշեցին, թէ Յիսուս ո՛ւր եւ ե՛րբ պիտի յայտնուէր։ Յիսուս Բեթլեհէմի մէջ ծնաւ, ինչպէս նախագուշակուած էր (Միք. 5։2)։ Առաջին դարուն, հրեաները մեծ ակնկալութիւններ ունէին։ Մեսիային յայտնուիլը ակնկալելով, ոմանք Յովհաննէս Մկրտիչին մասին հարցուցին. «Ա՞ս է արդեօք Քրիստոսը»։ Բայց Յովհաննէս պատասխանեց. «Ինձմէ աւելի զօրաւորը պիտի գայ» (Ղուկ. 3։15, 16)։ Մ.թ. 29–ի աշնան, երբ 30 տարեկան էր, մկրտուելու համար Յովհաննէսի քով գալով, Յիսուս ճիշդ ժամանակին ինքզինք ներկայացուց որպէս Մեսիան (Դան. 9։25)։ Ապա ան իրադարձութիւններով լի իր ծառայութիւնը սկսաւ, ըսելով. «Ժամանակը լրացած է եւ Աստուծոյ թագաւորութիւնը մօտեցած է» (Մար. 1։14, 15

9. Լման մանրամասնութիւններ չունենալով հանդերձ, Յիսուսի աշակերտները ի՞նչ հաստատ համոզում մը ունէին։

9 Սակայն մարդոց ակնկալութիւնները պէտք էր ճշդուէին։ Տեղին ըլլալով Յիսուս ողջունուեցաւ որպէս Թագաւոր, բայց միայն յետագային էր որ լիովին հասկցուեցաւ, թէ ան ապագային երկինքէն պիտի իշխէր (Յովհ. 12։12-16. 16։12, 13. Գործք 2։32-36)։ Այսուհանդերձ, երբ Յիսուս հարցուց. «Մարդիկ ո՞վ կ’ըսեն թէ եմ ես», Պետրոս անվարան պատասխանեց. «Դուն ես Քրիստոսը, կենդանի Աստուծոյ Որդին» (Մատ. 16։13-16)։ Պետրոս նմանապէս պատասխանեց, երբ շատեր Յիսուսը լքեցին, ուսուցումի մը նկատմամբ գայթակղելով (կարդալ՝ Յովհաննէս 6։69, 70

Մեսիային մտիկ ընել

10. Եհովա ինչո՞ւ իր Որդիին մտիկ ընելու կարիքը շեշտեց։

10 Աստուծոյ միածին Որդին երկնքի մէջ հզօր հոգեղէն անձ մըն էր։ Երկրի վրայ, ան «Հօր ներկայացուցիչ»ն էր (Յովհ. 16։27, ՆԱ, 28)։ Ան ըսաւ. «Իմ վարդապետութիւնս իմս չէ, հապա զիս ղրկողինն է» (Յովհ. 7։16)։ Այլակերպութեան ընթացքին, Յիսուսի Մեսիա ըլլալը հաստատելով՝ Եհովա պատուիրեց. «Ատոր մտիկ ըրէք» (Ղուկ. 9։35)։ Այո, այս Ընտրեալին մտիկ ըրէք, կամ հնազանդեցէք։ Ասիկա հաւատք եւ բարի գործեր կը պահանջէր,– երկուքն ալ բացարձակապէս կենսական են՝ Աստուած հաճեցնելու եւ յաւիտենական կեանք ձեռք ձգելու (Յովհ. 3։16, 35, 36

11, 12. ա) Առաջին դարու հրեաները ի՞նչ պատճառներով մերժեցին Յիսուսը որպէս Մեսիան։ բ) Որո՞նք Յիսուսի հաւատք ընծայեցին։

11 Թէեւ Յիսուս բազմաթիւ հաւատարմագրեր ունէր, որոնք կը փաստէին Մեսիան ըլլալը, սակայն առաջին դարու հրեաներուն մեծամասնութիւնը զինք մերժեց։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ անոնք Մեսիային մասին կանխայղացուած գաղափարներ ունէին, ի ներառեալ՝ թէ ան քաղաքական մեսիա մը պիտի ըլլար, որ զիրենք հռոմէական լուծէն պիտի ազատագրէր (կարդալ՝ Յովհաննէս 12։34Այսպէս, անոնք չկրցան ընդունիլ Մեսիան, որ կատարեց այն մարգարէութիւնները, որոնք նշեցին թէ մարդոցմէ պիտի անարգուէր, երեսէ պիտի ձգուէր, վիշտերու տէր ու ցաւերու տեղեակ պիտի ըլլար, եւ ի վերջոյ պիտի սպաննուէր (Եսա. 53։3, 5)։ Նոյնիսկ Յիսուսի հաւատարիմ աշակերտներէն ոմանք յուսախաբ եղան, երբ քաղաքական ազատագրութիւն չիրագործեց։ Բայց անոնք հաւատարիմ մնացին, եւ ժամանակ մը ետք, անոնց ճշգրիտ հասկացողութիւն տրուեցաւ (Ղուկ. 24։21

12 Յիսուս որպէս խոստացեալ Մեսիա մերժուեցաւ նաեւ իր ուսուցումներուն պատճառաւ, զորս շատեր դժուարացան ընդունիլ։ Թագաւորութիւնը մտնելու համար պահանջուած էին ‘անձը ուրանալ’, Յիսուսի մարմինը ‘ուտել’ եւ անոր արիւնը ‘խմել’, ‘նորէն ծնիլ’ եւ ‘աշխարհէն չըլլալ’ (Մար. 8։34. Յովհ. 3։3. 6։54. 17։14, 16)։ Հպարտները, հարուստները եւ կեղծաւորները այս պահանջները չափազանց դժուար նկատեցին։ Սակայն խոնարհ հրեաներ Յիսուսը ընդունեցին որպէս Մեսիան, ինչպէս նաեւ կարգ մը սամարացիներ, որոնք ըսին. «Անիկա է ճշմարտապէս աշխարհի Փրկիչը» (Յովհ. 4։25, 26, 41, 42. 7։31

13. Այլաբանօրէն ի՞նչպէս Յիսուսի «գարշապարը» խայթուեցաւ։

13 Յիսուս նախագուշակեց որ աւագ քահանաները զինք պիտի դատապարտէին եւ հեթանոսները զինք պիտի ցցահարէին, սակայն երրորդ օրը պիտի յարուցանուէր (Մատ. 20։17-19)։ Սենետրիոնին առջեւ իր հաստատումը, թէ ինքն էր «Քրիստոսը՝ Որդին Աստուծոյ», հայհոյութիւն նկատուեցաւ (Մատ. 26։63-66)։ Պիղատոս պնդեց թէ ան ‘մահու արժանի գործ մը ըրած չէր’, բայց քանի որ հրեաները նաեւ զայն ամբաստանեցին խռովարար ըլլալու յանցանքով, «Յիսուսը իրենց կամքին յանձնեց» (Ղուկ. 23։13-15, 25)։ Այսպէս անոնք «կենաց Առաջնորդը» ուրացան ու ծրագրեցին զինք սպաննել, հակառակ ջախջախիչ ապացոյցներուն, թէ Աստուծմէ ղրկուած էր (Գործք 3։13-15)։ Ինչպէս նախագուշակուած էր, Մեսիան ‘կտրուեցաւ’, մ.թ. 33–ի Պասեքին ցցահարուելով (Դան. 9։26, 27. Գործք 2։22, 23)։ Այս անգութ մահով, անոր «գարշապարը» խայթուեցաւ, ինչպէս նշեց Ծննդոց 3։15–ը։

Մեսիան ինչո՛ւ պէտք էր մեռնէր

14, 15. ա) Եհովա ի՞նչ երկու պատճառներով թոյլ տուաւ որ Յիսուս մեռնի։ բ) Յիսուս յարութիւն առնելէ ետք ի՞նչ ըրաւ։

14 Եհովա թոյլ տուաւ որ Յիսուս մահ ճաշակէ երկու կենսական պատճառներով։ Առաջին՝ մինչեւ մահ Յիսուսի հաւատարմութիւնը սրբազան «խորհուրդ»ին կարեւոր մէկ երեսակը պարզեց։ Ան բացարձակապէս ապացուցանեց, թէ կատարեալ մարդ մը կրնայ «աստուածապաշտ» մնալ եւ Աստուծոյ գերիշխանութիւնը վեր բռնել, ո՛րքան ալ խիստ ըլլան Սատանայի բերած փորձութիւնները (Ա. Տիմ. 3։16)։ Երկրորդ, ինչպէս Յիսուս ըսաւ. «Որդին մարդոյ չեկաւ սպասաւորութիւն ընդունելու, հապա. . . իր կեանքը շատերու համար փրկանք տալու» (Մատ. 20։28)։ Այս «փրկանք»ը Ադամի սերունդին ժառանգած մեղքին պատիժը վճարեց եւ կարելի դարձուց որ բոլոր անոնք, որոնք Յիսուսը կ’ընդունին որպէս Աստուծոյ փրկութեան միջոցը, յաւիտենական կեանք ստանան (Ա. Տիմ. 2։5, 6

15 Գերեզմանին մէջ երեք օր մնալէ ետք, Քրիստոս յարութիւն առաւ եւ 40 օր իր աշակերտներուն երեւցաւ, ապացուցանելով թէ ինք ողջ է եւ յաւելեալ հրահանգներ տալով (Գործք 1։3-5)։ Ապա ան երկինք համբարձաւ, իր թանկագին զոհին արժէքը Եհովայի ներկայացնելու եւ սպասելու որոշուած ժամանակին, երբ որպէս Մեսիական Թագաւոր իր ներկայութիւնը պիտի սկսէր։ Մինչ այդ, ան շատ գործ ունէր։

Որպէս Մեսիա իր դերը ամբողջացնել

16, 17. Երկինք համբառնալէն ետք, որպէս Մեսիա Յիսուսի դերը ուրուագծէ։

16 Յիսուս իր յարութենէն ի վեր հաւատարմօրէն առաջնորդած է քրիստոնէական ժողովքին գործունէութիւնները, որուն վրայ որպէս Թագաւոր իշխած է (Կող. 1։13)։ Որոշուած ժամանակին, ան պիտի սկսէր որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը իր հեղինակութիւնը բանեցնելու։ Աստուածաշնչական մարգարէութիւններն ու համաշխարհային իրադարձութիւնները կը հաստատեն, թէ որպէս Թագաւոր իր ներկայութիւնը եւ «իրերու դրութեան վախճանը» սկսան 1914–ին (Մատ. 24։3, ՆԱ. Յայտ. 11։15)։ Անկէ քիչ ետք, ան սուրբ հրեշտակները առաջնորդելով, Սատանան ու անոր դեւերը երկնքէն վռնտեց (Յայտ. 12։7-10

17 Մ.թ. 29–ին Յիսուսի սկսած քարոզչութեան եւ ուսուցման գործը իր հոյակապ յանգումին կը մօտենայ։ Շուտով ան բոլոր ապրողները պիտի դատէ։ Այն ատեն, ան զինք որպէս Եհովայի փրկութեան միջոց ընդունող ոչխարանման անհատներուն պիտի ըսէ, որ ‘աշխարհի սկիզբէն իրենց համար պատրաստուած թագաւորութիւնը ժառանգեն’ (Մատ. 25։31-34, 41)։ Յիսուսը որպէս Թագաւոր մերժողները պիտի կործանին, երբ ան երկնային բանակներով պատերազմի ամէն ամբարշտութեան դէմ։ Ապա Յիսուս Սատանան պիտի կապէ եւ զինք ու դեւերը «անդունդը» պիտի նետէ (Յայտ. 19։11-14. 20։1-3

18, 19. Որպէս Մեսիա իր դերը կատարելով՝ Յիսուս ի՞նչ կ’իրագործէ։

18 Իր Հազարամեայ իշխանութեան ընթացքին, Յիսուս իր բոլոր տիտղոսներուն հետ ներդաշնակ պիտի վարուի, ինչպէս՝ «Սքանչելի խորհրդական, Հզօր Աստուած, Յաւերժութեան հայր, Խաղաղութեան իշխան» (Եսա. 9։6, 7, ԱԾ)։ Իր Թագաւորութեան իշխանութիւնը մարդիկը կատարելութեան պիտի հասցնէ, ի ներառեալ՝ յարուցեալները (Յովհ. 5։26-29)։ Մեսիան յօժարակամ մարդիկը «կենդանի ջուրերու աղբիւրները» պիտի առաջնորդէ, կարելի դարձնելով որ հնազանդ մարդկութիւնը Եհովայի հետ խաղաղ յարաբերութիւն վայելեն (կարդալ՝ Յայտնութիւն 7։16, 17Վերջին փորձէն ետք, բոլոր ըմբոստները, մէջը ըլլալով Սատանան եւ իր դեւերը, «կրակի ու ծծումբի լիճին մէջ» պիտի ձգուին, «օձին» գլուխը մահացու հարուած ստանալով (Յայտ. 20։9, 10

19 Յիսուս որպէս Մեսիա իր դերը ի՜նչ սքանչելի ու անթերի կերպով կը կատարէ։ Դրախտային երկիրը փրկուած մարդոցմով պիտի լեցուի, որոնք կատարեալ առողջութեամբ եւ երջանկութեամբ յաւիտեան պիտի ապրին։ Եհովայի սուրբ անունը ամէն նախատինքէ մաքրուած պիտի ըլլայ, իսկ իր տիեզերական գերիշխանութեան իրաւացի ըլլալը՝ լիովին ջատագովուած։ Ի՜նչ հոյակապ ժառանգութիւն մը կը սպասէ բոլոր անոնց, որոնք Աստուծոյ Օծեալին կը հնազանդին։

Մեսիան գտա՞ծ ես

20, 21. Ուրիշներուն Մեսիային մասին խօսելու ի՞նչ պատճառներ ունիս։

20 1914–էն ի վեր կ’ապրինք Քրիստոսի բա·րու·սիա–ին կամ ներկայութեան ժամանակաշրջանին մէջ։ Թէեւ որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը իր ներկայութիւնը անտեսանելի է, բայց բացայայտ է՝ մարգարէութիւններու կատարման միջոցաւ (Յայտ. 6։2-8)։ Այսուհանդերձ, առաջին դարու հրեաներուն նման, ներկայիս մարդոց մեծամասնութիւնը Մեսիային ներկայութեան ապացոյցները կ’անտեսէ։ Անոնք ալ քաղաքական մեսիա մը կ’ուզեն կամ առնուազն մէկը՝ որ մարդկային կառավարիչներու միջոցաւ պիտի գործէ։ Սակայն դուն գիտես, թէ Յիսուս այժմ կ’իշխէ որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը։ Ասիկա գիտնալով չե՞ս ոգեւորուած։ Առաջին դարու աշակերտներուն նման, մղուեցար յայտարարելու. «Գտանք Մեսիան»։

21 Այսօր, երբ ճշմարտութեան մասին կը խօսիս, որպէս Մեսիա Յիսուսի դերը ցցուն կ’ընե՞ս։ Այսպէս ա՛լ աւելի պիտի գնահատես ի՛նչ որ Յիսուս քեզի համար ըրաւ, կ’ընէ ու պիտի ընէ։ Անդրէասի եւ Փիլիպպոսի նման, անտարակոյս Մեսիային մասին խօսած ես ազգականներուդ եւ բարեկամներուդ։ Ինչո՞ւ նորոգուած խանդավառութեամբ անոնց հետ անգամ մը եւս չխօսիս, ցոյց տալով թէ Յիսուս Քրիստոս արդարեւ խոստացեալ Մեսիան է, Աստուծոյ փրկութեան միջոցը։

Կրնա՞ս բացատրել

• Առաջին դարու աշակերտները ի՞նչպէս կրնային Մեսիան գտնել։

• Ի՞նչ երկու կարեւոր պատճառներով Յիսուս մեռաւ։

• Որպէս Մեսիա իր դերը կատարելով, Յիսուս տակաւին ի՞նչ պիտի իրագործէ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 23]

Առաջին դարուն, մարդիկ ի՞նչպէս կրնային գիտնալ թէ Յիսուս խոստացեալ Մեսիան էր

[Նկար՝ էջ 25]

Երբ ուրիշներու կը խօսիս, որպէս Մեսիա Յիսուսի դերը ցցուն կ’ընե՞ս