Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մշակէ այն սէրը, որ բնաւ չ’իյնար

Մշակէ այն սէրը, որ բնաւ չ’իյնար

Մշակէ այն սէրը, որ բնաւ չ’իյնար

‘Սէրը ամէն բանի կը համբերէ։ Սէրը բնա՛ւ չ’իյնար’ (Ա. ԿՈՐ. 13։7, 8

1. ա) Սէրը յաճախ ի՞նչպէս ներկայացուած է։ բ) Շատեր իրենց սէրը որո՞ւ եւ ի՞նչ բանի վրայ կը կեդրոնացնեն։

ՍԻՐՈՅ մասին շատ բան խօսուած է։ Այս յատկութիւնը երգերու մէջ գովաբանուած է։ Սէրը մարդկային հիմնական կարիք մըն է։ Բայց գիրքերն ու շարժապատկերները յաճախ զայն ներկայացուցած են երեւակայական սիրային պատմութիւններու մէջ, եւ այսպիսի նիւթեր շուկան կ’ողողեն։ Այսուհանդերձ, Աստուծոյ եւ ընկերի հանդէպ հարազատ սէրը հազուագիւտ է։ Մենք կը տեսնենք այս վերջին օրերուն վերաբերեալ Աստուածաշունչի մարգարէութեան կատարումը,– մարդիկ «անձնասէր, արծաթասէր. . . աւելի հեշտասէր [են] քան թէ աստուածասէր» (Բ. Տիմ. 3։1-5

2. Սիրոյ սխալ ուղղութիւն տալու մասին Աստուածաշունչը ի՞նչ ազդարարութիւն կու տայ։

2 Մարդիկ սէր ցուցաբերելու կարողութեամբ օժտուած են, բայց Աստուծոյ Խօսքը մեզ կը զգուշացնէ սիրոյ սխալ ուղղութիւն տալէ։ Եւ Աստուածաշունչը կը նկարագրէ անհատին սրտին մէջ արմատացած այսպիսի սիրոյ մը հետեւանքը (Ա. Տիմ. 6։9, 10)։ Կը յիշե՞ս Դեմասի մասին Պօղոսի գրածը։ Պօղոսի ընկերակցելով հանդերձ, Դեմաս աշխարհին հրամցուցած բաները սիրեց (Բ. Տիմ. 4։10)։ Յովհաննէս առաքեալ քրիստոնեաները զգուշացուց ա՛յս վտանգէն (կարդալ՝ Ա. Յովհաննէս 2։15, 16Աշխարհը եւ անոր վաղանցիկ բաներն ու ճամբաները սիրելը ներդաշնակ չէ Աստուած եւ Աստուծմէ ծագում առած բաները սիրելուն հետ։

3. Ի՞նչ մարտահրաւէր կը դիմագրաւենք, եւ ի՞նչ հարցումներ կը ծագին։

3 Թէեւ այս աշխարհին մէջ կ’ապրինք, բայց անոր մաս չենք կազմեր։ Ուստի սիրոյ նկատմամբ աշխարհի խեղաթիւրուած տեսակէտէն խուսափելու մարտահրաւէրը կը դիմագրաւենք։ Կենսական է որ մոլորած կամ խեղաթիւրուած սիրոյ կողմէ ծուղակ չիյնանք։ Արդ, որո՞նց հանդէպ սկզբունքային սէր պէտք է մշակենք ու ցուցաբերենք։ Ի՞նչ կարգադրութիւններ մեզ կարող կը դարձնեն մշակելու սէր մը, որ ամէն բանի կը տոկայ եւ բնաւ չ’իյնար։ Այս ընթացքը ի՞նչպէս մեզի օգտակար է եւ մեր ապագային կ’ազդէ։ Աստուածատուր պատասխաններ առնելով, կրնանք անոնց համաձայն առաջնորդուիլ։

Եհովայի հանդէպ սէր մշակել

4. Աստուծոյ սէրը ի՞նչպէս կ’աճի։

4 Մշակել կը նշանակէ՝ բանի մը աճման համար պատրաստութիւն տեսնել ու զայն քաջալերել։ Օրինակ՝ հողագործը ծանր կ’աշխատի հողը պատրաստելու եւ հունտեր ցանելու, ակնկալելով անոնց աճումը (Եբ. 6։7)։ Նմանապէս Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրը պէտք է աճի։ Ասոր համար ի՞նչ պահանջուած է։ Մեր սրտին աղէկ հողը պէտք է պատրաստենք, ուր Թագաւորութեան ճշմարտութեան սերմը ցանուած է։ Ասիկա կրնանք ընել՝ Աստուծոյ Խօսքը ժրաջանօրէն ուսումնասիրելով, որպէսզի Իր մասին մեր գիտութիւնը աւելցնենք (Կող. 1։10)։ Ժողովքային հանդիպումներուն կանոնաւորաբար ներկայ գտնուիլը եւ անոնց մասնակցիլը, նաեւ մեզի պիտի օգնեն մեր գիտութիւնը աւելցնելու։ Անհատապէս միշտ կը ջանա՞նք աւելի խոր գիտութիւն ձեռք ձգել (Առ. 2։1-7

5. ա) Ի՞նչպէս կրնանք Եհովայի գլխաւոր յատկութիւններուն մասին սորվիլ։ բ) Ի՞նչ կրնաս ըսել Աստուծոյ արդարութեան, իմաստութեան ու զօրութեան մասին։

5 Իր Խօսքին միջոցաւ, Եհովա իր անձնաւորութիւնը կը յայտնէ։ Սուրբ Գրութիւնները ուսումնասիրելով եւ Եհովայի գիտութիւնը աստիճանաբար ստանալով, կրնանք ա՛լ աւելի գնահատել իր յատկութիւնները,– իր արդարութիւնը, զօրութիւնը, իմաստութիւնը եւ, ամէն բանէ առաջ, գերազանց սէրը։ Եհովայի բոլոր ճամբաները արդար են եւ իր կատարեալ օրէնքին մէջ արդարութիւն կը ցուցաբերէ (Բ. Օր. 32։4. Սաղ. 19։7)։ Կրնանք Եհովայի բոլոր ստեղծագործութիւններուն վրայ խոկալ եւ իր գերագոյն իմաստութեան վրայ հիանալ (Սաղ. 104։24)։ Տիեզերքը նաեւ կ’ապացուցանէ, թէ Եհովա սաստիկ եւ անսպառ զօրութեան Աղբիւրն է (Եսա. 40։26

6. Աստուած իր սէրը ի՞նչպէս արտայայտած է մեզի հանդէպ, եւ անիկա քեզի ի՞նչպէս ազդած է։

6 Ի՞նչ կարելի է ըսել Աստուծոյ տիրական յատկութեան՝ սիրոյն մասին։ Անիկա հեռահաս է եւ մեր բոլորին կ’ազդէ։ Ան այս սէրը դրսեւորեց՝ մարդկութեան փրկութեան համար փրկանքը հայթայթելով (կարդալ՝ Հռովմայեցիս 5։8, 9Այս կարգադրութիւնը ամբողջ մարդկային աշխարհին մատչելի է, բայց անկէ պիտի օգտուին միայն անոնք, որոնք Աստուծոյ սիրոյն կ’ընդառաջեն եւ իր Որդիին կը հաւատան (Յովհ. 3։16, 36)։ Մեր մեղքերուն համար Յիսուս որպէս հաշտութեան զոհ մատուցանուիլը Աստուծոյ կողմէ, մեր մէջ սէր պէտք է յառաջացնէ։

7, 8. ա) Աստուծոյ հանդէպ սէր ցուցաբերելու համար, ի՞նչ պահանջուած է։ բ) Ի՞նչ կացութիւն դիմագրաւելով հանդերձ, Աստուծոյ ծառաները իր պատուիրանները կը պահեն։

7 Ի՞նչպէս կրնանք Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրը դրսեւորել, նկատի ունենալով մեզի ի նպաստ իր ըրած բոլոր բաները։ Ներշնչեալ պատասխանը նշանակալից է. «Ասիկա է Աստուծոյ սէրը, որ անոր պատուիրանքները պահենք եւ անոր պատուիրանքները ծանր բան չեն» (Ա. Յովհ. 5։3)։ Արդարեւ, Եհովա Աստուծոյ սէրը մեզ կը մղէ, որ իր պատուիրանները պահենք։ Ասիկա պատճառներէն մէկն է, թէ ինչո՛ւ իր անուան ու Թագաւորութեան մասին կը վկայենք, ուրիշներուն օգուտներ բերելով։ Ասիկա սրտանց ընելը կ’ապացուցանէ, թէ մաքուր շարժառիթով Աստուծոյ պատուիրանները կը պահենք (Մատ. 12։34

8 Աշխարհի տարածքին մեր եղբայրները կը շարունակեն Աստուծոյ պատուիրաններուն հնազանդիլ, թէեւ անտարբերութիւն կը դիմագրաւեն ու Թագաւորութեան պատգամը կը մերժուի։ Անոնք անխոնջօրէն կը ջանան իրենց ծառայութիւնը լիովին կատարել (Բ. Տիմ. 4։5)։ Նմանապէս մենք կը մղուինք Աստուծոյ գիտութիւնը ուրիշներուն հետ բաժնելու եւ իր միւս բոլոր պատուիրանները պահելու։

Ինչո՛ւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը կը սիրենք

9. Քրիստոս ի՞նչ բաներու տոկաց, եւ ի՞նչ բան զինք խթանեց։

9 Աստուած սիրելու կողքին, բազմաթիւ պատճառներով իր Որդիին հանդէպ սէր կը մշակենք։ Թէեւ Յիսուսը երբեք չենք տեսած, մինչ իր մասին աւելի կը սորվինք, իրեն հանդէպ մեր սէրը կը խորանայ (Ա. Պետ. 1։8)։ Յիսուս ի՞նչ կարգ մը բաներու տոկաց։ Մինչ իր Հօր կամքը կը կատարէր, Յիսուս առանց պատճառի ատուեցաւ, հալածուեցաւ, սուտ կերպով ամբաստանուեցաւ ու նախատուեցաւ։ Ան նաեւ այլ անարգանքներու ենթարկուեցաւ (կարդալ՝ Յովհաննէս 15։25Իր երկնաւոր Հօր հանդէպ Յիսուսի սէրը զինք մղեց այդ փորձութիւններուն տոկալու։ Եւ սէրէ մղուած, իր զոհաբերական մահը շատերու համար փրկանք մը հայթայթեց (Մատ. 20։28

10, 11. Մեզի ի նպաստ Քրիստոսի ըրածներուն ի տես, ի՞նչ է մեր նշանակէտը։

10 Յիսուսի ընթացքը մեզ կը մղէ բան մը ընելու։ Երբ խորհինք թէ Քրիստոս մեզի համար ի՛նչ ըրած է, իրեն հանդէպ մեր սէրը կը խորանայ։ Իր հետեւորդները ըլլալով, պէտք է ձգտինք քրիստոսանման սէր մշակելու եւ ցուցաբերելու, որպէսզի Թագաւորութեան մասին վկայելու եւ աշակերտելու իր պատուէրը կատարելու մէջ յարատեւենք (Մատ. 28։19, 20

11 Ամբողջ մարդկութեան հանդէպ Քրիստոսի ունեցած սիրոյն ընդառաջելով, հարկադրուած կը զգանք որ վերջը գալէն առաջ՝ մեր նշանակումը աւարտենք (կարդալ՝ Բ. Կորնթացիս 5։14, 15Մարդկութեան համար Աստուծոյ նպատակադրածը իրագործելու մէջ Քրիստոսի յայտնած սէրը էական էր։ Իսկ Քրիստոսի օրինակը, որուն սերտօրէն հետեւելու ենք, իւրաքանչիւրս կարող կը դարձնէ այդ աստուածային նպատակին մէջ բաժին մը ունենալու։ Ասիկա կը պահանջէ, որ Աստուծոյ սէրը կարելի եղածին չափ լման մշակենք (Մատ. 22։37)։ Յիսուսի ուսուցումներն ու պատուիրանները պահելով, ցոյց կու տանք թէ զինք կը սիրենք ու վճռած ենք Աստուծոյ գերիշխանութիւնը ամէն գնով վեր բռնել, ինչպէս որ Յիսուս ըրաւ (Յովհ. 14։23, 24. 15։10

Սիրոյ գերազանց ճամբուն հետամուտ ըլլալ

12. Պօղոս ‘գերազանց ճամբայ’ արտայայտութեամբ ի՞նչ ըսել ուզեց։

12 Պօղոս առաքեալ Քրիստոսը ընդօրինակեց։ Քրիստոսի քայլերուն սերտօրէն հետեւելուն շնորհիւ, Պօղոս համարձակեցաւ եղբայրները յորդորել, որ իրեն նմանին (Ա. Կոր. 11։1)։ Թէեւ Պօղոս կորնթացի քրիստոնեաները յորդորեց, որ շարունակեն նախանձախնդրօրէն փնտռել հոգիին կարգ մը պարգեւները, որոնք առաջին դարուն դրսեւորուած էին, ինչպէս՝ բուժում ընելը եւ լեզուներ խօսիլը, բայց անոնց ցոյց տուաւ թէ հետամուտ ըլլալիք աւելի լաւ բան մը կար։ Ա. Կորնթացիս 12։31–ի մէջ, ան բացատրեց. «Ա՛լ աւելի աղէկ [«գերազանց», ՆԱ] ճամբայ մը պիտի ցուցնեմ ձեզի»։ Յաջորդ համարները ցոյց կու տան, թէ անիկա սիրոյ գերազանց ճամբան էր։ Անիկա ի՞նչ առումով գերազանց էր։ Պօղոս իր խօսքը լուսաբանեց (կարդալ՝ Ա. Կորնթացիս 13։1-3Եթէ ան ուշագրաւ կարողութիւններով օժտուած ըլլար ու մեծ բաներ իրագործէր, բայց սէր չունենար, ի՞նչ արժէք պիտի ներկայացնէր։ Ոչինչ։ Ան Աստուծոյ հոգիով այս կարեւոր կէտը յստակացուց, մեր վրայ զօրաւոր տպաւորութիւն մը ձգելով։

13. ա) 2010–ի տարուան համարը ի՞նչ է։ բ) Ի՞նչ առումով սէրը բնաւ չ’իյնար։

13 Ապա Պօղոս մեզի համար կը սահմանէ, թէ սէրը ի՛նչ է եւ ինչ չէ (կարդալ՝ Ա. Կորնթացիս 13։4-8Այժմ դուն քեզ քննէ, թէ սիրոյ պահանջներուն ո՛րքան գոհացում կու տաս։ Գլխաւորաբար կեդրոնացիր 7–րդ համարին վերջին նախադասութեան եւ 8–րդ համարին առաջին նախադասութեան վրայ. ‘Սէրը ամէն բանի կը համբերէ։ Սէրը բնա՛ւ չ’իյնար’, որ 2010–ի մեր տարուան համարը պիտի ըլլայ։ Նկատի առ թէ 8–րդ համարին մէջ Պօղոս ըսաւ, թէ հոգիին պարգեւները, ի ներառեալ մարգարէանալը եւ լեզուներ խօսիլը,– որոնք քրիստոնէական ժողովքին մանկութեան շրջանին գործածուեցան,– պիտի ոչնչանային։ Անոնք վերջ պիտի գտնէին, բայց սէրը միշտ պիտի մնայ։ Եհովա սիրոյ բուն էութիւնն է եւ յաւերժական է։ Ուստի սէրը բնաւ պիտի չիյնայ, կամ վերջ պիտի չգտնէ։ Անիկա պիտի շարունակէ յաւիտեան գոյատեւել որպէս մեր յաւիտենական Աստուծոյն յատկութիւնը (Ա. Յովհ. 4։8

Սէրը ամէն բանի կը համբերէ

14, 15. ա) Սէրը ի՞նչպէս կրնայ մեզի օգնել փորձութիւններու տոկալու։ բ) Երիտասարդ եղբայր մը ինչո՞ւ մերժեց համակերպիլ։

14 Ի՞նչ բան քրիստոնեաները կարող կը դարձնէ որ տոկան կամ համբերեն, ի՛նչ փորձութիւններ, դժուար կացութիւններ ու խնդիրներ ալ դիմագրաւեն։ Հիմնականօրէն, անիկա սկզբունքի վրայ հիմնուած սէրն է։ Այս սէրը նիւթական օժանդակութիւն տալէն աւելին կը պարփակէ։ Անիկա մեզ կը մղէ մեր ուղղամտութիւնը պահելու եւ նոյնիսկ պատրաստ ըլլալու Քրիստոսի համար մեր կեանքը զոհելու (Ղուկ. 9։24, 25)։ Խորհրդածէ Վկաներու հաւատարիմ ընթացքին մասին, որոնք Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին եւ անկէ ետք, կեդրոնացման կայաններու, տաժանակրութեան ճամբարներու եւ բանտերու մէջ չարչարուեցան։

15 Վիլհելմ անունով երիտասարդ գերմանացի Վկայի մը պարագան այս կէտը կը լուսաբանէ։ Փոխանակ համակերպելու, ան հաւատարիմ մնաց, երբ գնդակահարող ջոկատը զինք մահապատիժի ենթարկեց։ Հրաժեշտի նամակին մէջ, ան իր ընտանիքին ըսաւ. «Ամէն բանէ առաջ, Աստուած պէտք է սիրենք, ինչպէս որ մեր Առաջնորդը՝ Յիսուս Քրիստոս պատուիրեց։ Եթէ իր կողքին դիրք բռնենք, ան մեզ պիտի վարձատրէ»։ Յետագային, Դիտարան–ին մէջ, անոր ընտանիքին մէկ անդամը գրեց. «Այդ դաժան օրերուն ընթացքին, ընտանեօք հոգ տարինք որ Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրը միշտ առաջնակարգ տեղը գրաւէ»։ Բազմաթիւ եղբայրներ այդ նոյն հոգին կը դրսեւորեն, որոնք ներկայիս բանտարկութեան կը տոկան Էրիթրիոյ, Հայաստանի, Հարաւային Քորէայի եւ այլ երկիրներու մէջ։ Այս եղբայրները Եհովայի հանդէպ իրենց սիրոյն մէջ հաստատ կը մնան։

16. Մալաուիի մէջ մեր եղբայրները ի՞նչ բաներու տոկացին։

16 Շատ մը շրջաններու մէջ, տարբեր փորձութիւններ կը փորձեն մեր եղբայրներուն հաւատքն ու համբերատարութիւնը։ Մալաուիի մէջ, Եհովայի վկաները 26 տարի տոկացին պետական արգելումի, խիստ հակառակութեան եւ գազանային արարքներու։ Անոնց համբերատարութիւնը վարձատրուեցաւ։ Երբ հալածանքը սկսաւ, այդ երկրին մէջ շուրջ 18,000 Վկաներ կային։ Երեսուն տարի ետք, անոնց թիւը կրկնապատկուելով՝ 38,393–ի հասած էր։ Նոյնանման արդիւնքներ տեսնուած են ուրիշ երկիրներու մէջ։

17. Բաժնուած ընտանիքներու մէջ ոմանք ի՞նչ կը դիմագրաւեն, եւ ինչո՞ւ կրնան գէշ վերաբերմունքին տոկալ։

17 Աստուծոյ ընդհանուր ժողովուրդին վրայ եղած յարձակումները բան մըն են, իսկ բոլորովին ուրիշ բան մըն է, երբ հակառակութիւնը ընտանիքի անդամներուն կողմէ գայ։ Ընտանիքի անդամներ կամ անմիջական ազգականներ կրնան ճնշուածութիւն պատճառել։ Յիսուս նախագուշակեց, որ ասիկա տեղի պիտի ունենար, եւ շատեր իր խօսքին ճշմարիտ ըլլալը շօշափած են (Մատ. 10։35, 36)։ Դեռատիներ իրենց անհաւատ ծնողներուն հակառակութեան տոկացած են։ Ոմանք տունէն վռնտուած են, բայց ազնիւ Վկաներ զիրենք ընդունած են։ Ուրիշներ լքուած են։ Ի՞նչ բան զանոնք կարող դարձուցած է, որ գէշ վերաբերմունքին տոկան։ Եղբայրութեան սէրը, բայց մանաւանդ՝ Եհովայի եւ իր Որդիին հանդէպ իրենց հարազատ սէրը (Ա. Պետ. 1։22. Ա. Յովհ. 4։21

18. Ամէն բանի համբերող սէրը ի՞նչպէս ամուսնացած քրիստոնեաներուն կ’օգնէ։

18 Կեանքի մէջ բազմաթիւ այլ պարագաներ կան, որոնք կը պահանջեն այն սէրը, որ ամէն բանի կը տոկայ կամ կը համբերէ։ Ամուսնութեան մէջ, սէրը կ’օգնէ կողակիցներուն որ յարգեն Յիսուսի խօսքը. «Զայն որ Աստուած միաւորեց՝ մարդ թող չզատէ» (Մատ. 19։6)։ Երբ քրիստոնեայ ամոլներ «մարմնի նեղութիւն» ունենան, պէտք է յիշեն թէ Եհովա իրենց ամուսնութեան մէջ գլխաւոր դեր մը ունի (Ա. Կոր. 7։28)։ Իր Խօսքը կ’ըսէ, թէ սէրը «ամէն բանի կը համբերէ», եւ այս յատկութիւնը հագած ամուսինն ու կինը կ’ամրապնդուին, որ իրարու կառչին եւ իրենց ամուսնութիւնը անխախտ պահեն (Կող. 3։14

19. Բնական աղէտներէ ետք, Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ ի՞նչ տեղի ունեցած է։

19 Սէրը կ’օգնէ որ բնական աղէտներու ընթացքին ամէն բանի տոկանք։ Այս էր պարագան, երբ երկրաշարժ մը Փերուի հարաւը հարուածեց եւ Քաթրինա ծովամրրիկը Միացեալ Նահանգներու որոշ շրջաններ աւերեց։ Բազմաթիւ եղբայրներ այս աղէտներուն պատճառաւ իրենց տուները կամ ստացուածքները կորսնցուցին։ Սէրը մղեց համաշխարհային ժողովքը, որ օժանդակութիւն ապահովէ, իսկ կամաւորներ տուներ վերակառուցանեցին ու Թագաւորութեան սրահներ նորոգեցին։ Այս արարքները կ’ապացուցանեն, թէ մեր եղբայրները ամէն ժամանակ եւ որեւէ պարագայի ներքեւ զիրար կը սիրեն ու կը հոգան (Յովհ. 13։34, 35. Ա. Պետ. 2։17

Սէրը բնաւ չ’իյնար

20, 21. ա) Սէրը ինչո՞ւ գերազանց արժէք ունի։ բ) Ինչո՞ւ վճռած ես սիրոյ ճամբուն հետամուտ ըլլալ։

20 Այսօր Եհովայի ժողովուրդին մէջ, սիրոյ գերազանց ճամբուն հետամուտ ըլլալուն իմաստութիւնը կը տեսնենք։ Արդարեւ ան ամէն պարագայի մէջ գերազանց է։ Նկատէ թէ Պօղոս առաքեալ ի՛նչպէս այս ճշմարտութիւնը ընդգծեց։ Նախ՝ ան նշեց թէ հոգիին պարգեւները վերջ պիտի գտնէին եւ քրիստոնէական ժողովքը չափահասութեան պիտի դիմէր։ Ապա ան եզրակացուց. «Ուստի հիմա կը մնայ՝ հաւատք, յոյս, սէր։ Այս երեքը ու ասոնց մեծագոյնը սէրն է» (Ա. Կոր. 13։13

21 Ի վերջոյ, այն բաները՝ որոնց հանդէպ հաւատք ունինք, իրականութիւն պիտի դառնան, եւ հետեւաբար անոնց հաւատալու կարիքը վերջ պիտի գտնէ։ Մեր յոյսը, որ տեսնենք խոստումներու կատարումը, այլեւս պիտի չսնուցանուի, երբ ամէն բան նոր ըլլայ։ Բայց ի՞նչ կրնայ ըսուիլ սիրոյ մասին։ Անիկա բնաւ պիտի չիյնայ կամ պիտի չվերջանայ։ Սէրը պիտի մնայ։ Յաւիտենական կեանքի հեռանկարը ունենալով, վստահաբար պիտի կարենանք Աստուծոյ սիրոյն յաւելեալ երեսակները տեսնել ու հասկնալ։ Աստուծոյ կամքը կատարելով՝ այն սիրոյն գերազանց ճամբուն հետամուտ ըլլալով, որ բնաւ չ’իյնար, կրնաս յաւիտեան մնալ (Ա. Յովհ. 2։17

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես

• Ինչո՞ւ մոլորած սէրէ պէտք է զգուշանանք։

• Սէրը կրնայ մեզի օգնել, որ ի՞նչ բաներու տոկանք։

• Ի՞նչ առումով սէրը բնաւ չ’իյնար։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Մէջբերում՝ էջ 31]

2010–ի տարուան համարը պիտի ըլլայ. ‘Սէրը ամէն բանի կը համբերէ։ Սէրը բնա՛ւ չ’իյնար’ (Ա. Կոր. 13։7, 8

[Նկար՝ էջ 28]

Մալաուիի մէջ, անսպառ սէրը մեր եղբայրներն ու քոյրերը կարող դարձուց, որ փորձութիւններու տոկան

[Նկար՝ էջ 29]

Աստուծոյ սէրը մեզ կը մղէ վկայութիւն տալու