Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ինչպէ՛ս ալքոլը իր տեղը պահել

Ինչպէ՛ս ալքոլը իր տեղը պահել

Ինչպէ՛ս ալքոլը իր տեղը պահել

ԲԱՑՄԱՆ յօդուածին մէջ նշուած Թոնին կրնար շատ տարբեր կեանք մը վայելել, եթէ միայն իր ալքոլամոլութեան խնդիրը ձեռք առնէր։ Սակայն, քանի որ ըստ երեւոյթին կրնար քանի մը բաժակ կոնծել առանց բացայայտ ախտանշաններու, ան խորհեցաւ թէ իր կեանքը հակակշռի տակ առած էր։ Ինչո՞ւ անոր դատողութիւնը թերի էր։

Ալքոլի չափազանց սպառումը խեղաթիւրեց անոր արժեւորելու կարողութիւնը։ Թոնին ասոր գիտակից էր կամ ոչ, իր ֆիզիքական, մտային ու զգացական վիճակը ղեկավարող գործարանը,– իր ուղեղը,– թերի կերպով կը գործէր, երբ ալքոլով կը ծանրաբեռնուէր։ Ան ո՛րքան աւելի խմէր, իր ուղեղը ա՛յնքան նուազ կարող կ’ըլլար իր վիճակը ճշգրտօրէն արժեւորելու։

Իսկ երկրորդ պատճառը, իր խմելու սովորութիւնը պահելու իր զօրաւոր փափաքն էր։ Նախորդ յօդուածներուն մէջ նշուած Ալէնը, սկիզբը ժխտեց թէ ալքոլի առնչութեամբ խնդիր ունէր։ Ան կը խոստովանի. «Խմելու սովորութիւնս ծածուկ կը պահէի, չքմեղանքներ կը ներկայացնէի եւ կը փորձէի չափազանց խմելս նսեմացնել։ Մէկ նպատակակէտ ունէի. ալքոլամոլութիւնս պաշտպանել»։ Թէեւ ուրիշներ կրցան տեսնել, թէ խմիչքը Թոնին եւ Ալէնը իր հակակշռին տակ առած էր, բայց Թոնին եւ Ալէնը շարունակեցին խորհիլ թէ ամէն բան սովորական կ’ընթանար։ Երկուքն ալ իրենց խմելու սովորութիւնը զսպելու համար, պէտք էր գործի լծուէին։ Բայց ի՞նչ պէտք էր ընէին։

Քա՛յլ առ

Շատեր, որոնք ոգելից ըմպելիներու չափազանց գործածութիւնը դադրեցուցած են, Յիսուսի խօսքերուն համաձայն վարուած են. «Եթէ քու աջ աչքդ քեզ կը գայթակղեցնէ, հանէ զանիկա ու քեզմէ ձգէ. վասն զի աղէկ է քեզի որ անդամներէդ մէկը կորսուի, բայց քու բոլոր մարմինդ դժոխքը չձգուի» (Մատթէոս 5։29

Անշուշտ Յիսուս ինքնախեղում չէր քաջալերեր։ Փոխարէն, ան փոխաբերականօրէն կ’ընդգծէր, թէ պատրաստ պէտք է ըլլանք մեր կեանքէն վանելու որեւէ բան, որ հոգեւորապէս վնասակար է։ Ճիշդ է որ մեր առած քայլը կրնայ ցաւագին ըլլալ, բայց մեզ պիտի պաշտպանէ այն մտածելակերպէն ու կացութիւններէն, որոնք կրնան ալքոլի սխալ գործածութեան առաջնորդել։ Ուստի, եթէ ուրիշներ մտահոգութիւն յայտնած են, թէ սկսած ես ալքոլը չափազանց սպառելու, զայն զսպելու համար քա՛յլ առ։ * Եթէ յստակ ըլլայ թէ խմելու սովորութիւնդ չես կրնար զսպել, խմիչքը կեանքէդ հեռացնելու յօժա՛ր եղիր։ Ասիկա ո՛րքան ալ տաժանելի ըլլայ, շատ նուազ տաժանելի է՝ քան քանդուած կեանքը։

Նոյնիսկ եթէ ալքոլամոլ չես, շատ խմելու հակումը ունի՞ս։ Եթէ այո՛, ի՞նչ գործնական քայլեր կրնաս առնել, որպէսզի ալքոլը իր տեղը պահես։

Ուրկէ՛ օգնութիւն ստանալ

1. Յաճախ ու սրտանց աղօթելու զօրութեան հաւատա՛։ Աստուածաշունչը Եհովա Աստուած հաճեցնել ուզող բոլոր անհատներուն սա խրատը կու տայ. «Ամէն բանի մէջ աղօթքով ու աղաչանքով, գոհութիւնով մէկտեղ, ձեր խնդրանքը Աստուծոյ յայտնի ըլլայ։ Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է, ձեր սրտերը ու մտքերը Յիսուս Քրիստոսով պիտի պահպանէ» (Փիլիպպեցիս 4։6, 7)։ Այս մտքի խաղաղութիւնը ձեռք ձգելու համար ի՞նչ բանի մասին կրնաս աղօթել։

Անկեղծօրէն ընդունէ թէ ալքոլի առնչութեամբ խնդիր ունիս եւ թէ անիկա քո՛ւ պատասխանատուութիւնդ է։ Ասոր նկատմամբ առնելիք քայլդ Աստուծոյ նշելը, պատճառ պիտի ըլլայ որ քեզ օրհնէ, մինչ կը ջանաս ամոքում գտնել եւ աւելի լուրջ խնդիրներէ խուսափիլ։ «Իր յանցանքները ծածկողը յաջողութիւն չի գտներ, բայց զանոնք խոստովանողն ու մէկդի ձգողը ողորմութիւն կը գտնէ» (Առակաց 28։13)։ Յիսուս նաեւ ըսաւ թէ կրնանք աղօթել. «Մեզ փորձութեան մի՛ տանիր, հապա չարէն մեզ ազատէ» (Մատթէոս 6։13)։ Սակայն ինչպէ՞ս կրնաս այս աղօթքներուն հետ ներդաշնակ գործել եւ ո՞ւր կրնաս աղերսանքիդ պատասխանը գտնել։

2. Աստուծոյ Խօսքէն զօրութիւն ստացիր։ «Աստուծոյ խօսքը կենդանի է ու զօրեղ. . . կը քննէ սրտին խորհուրդները ու մտածումները» (Եբրայեցիս 4։12)։ Նախկին ալքոլամոլներէն շատեր օգտուեցան՝ ամէն օր աստուածաշնչական համարներ կարդալով եւ անոնց վրայ խոկալով։ Աստուածավախ սաղմոսերգու մը գրեց. «Երանելի է այն մարդը, որ ամբարիշտներուն խորհուրդին մէջ չի քալեր. . . հապա անոր հաճութիւնը Աստուծոյ օրէնքին մէջ է, եւ ցորեկ ու գիշեր անոր օրէնքին վրայ կը մտածէ։ . . .Ինչ բան որ ընէ՝ պիտի յաջողի» (Սաղմոս 1։1-3

Ալէն, որ Եհովայի վկաներուն հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրելով զօրութիւն ստացաւ ալքոլամոլութիւնը յաղթահարելու, կ’ըսէ. «Համոզուած եմ որ եթէ Աստուածաշունչը եւ աստուածաշնչական սկզբունքները չըլլային, որոնք ինծի օգնեցին խմելը դադրեցնելու, հիմա մեռած կ’ըլլայի»։

3. Ժուժկալութիւն մշակէ։ Աստուածաշունչը կը տեղեկագրէ, թէ քրիստոնէական ժողովքին մէջ նախկին գինեմոլներ լուացուեցան «մեր Աստուծոյն Հոգիովը» (Ա. Կորնթացիս 6։9-11)։ Ինչպէ՞ս։ Ազդակներէն մէկը այն է, որ անոնք օգնութիւն ստացան գինովութենէ հրաժարելու, ժուժկալութիւն մշակելով՝ որ Աստուծոյ սուրբ հոգիին պտուղին մէկ յատկութիւնն է։ «Մի՛ գինովնաք գինիով, որուն մէջ անառակութիւն կայ, հապա Հոգիո՛վ լեցուեցէք» (Եփեսացիս 5։18. Գաղատացիս 5։21-23)։ Յիսուս Քրիստոս խոստացաւ, որ «Հայրը երկնքէն Սուրբ Հոգին պիտի տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն»։ Հետեւաբար, «խնդրեցէք եւ պիտի տրուի ձեզի» (Ղուկաս 11։9, 13

Եհովան ընդունելի կերպով պաշտել փափաքողները կրնան ժուժկալութիւն մշակել՝ Աստուածաշունչը կարդալով եւ ուսումնասիրելով ու յաճախ սրտանց աղօթելով։ Փոխանակ վհատութեան տեղի տալու, Աստուծոյ Խօսքին սա խոստումը ընդունէ. «Ան որ Հոգիին կը սերմանէ, այն Հոգիէն յաւիտենական կեանք պիտի հնձէ։ Բայց բարիք գործելէն չձանձրանանք, քանզի յարմար ժամանակին պիտի հնձենք՝ եթէ չթուլնանք» (Գաղատացիս 6։8, 9

4. Լաւ ընկերակիցներ ընտրէ։ «Իմաստուններուն հետ ընթացողը իմաստուն կ’ըլլայ, իսկ անմիտներուն բարեկամացողը չարիքի կը հանդիպի» (Առակաց 13։20, ԱԾ)։ Բարեկամներուդ իմացուր, որ վճռած ես ալքոլի գործածութիւնդ հակակշռի տակ պահել։ Բայց Աստուծոյ Խօսքը կը զգուշացնէ, թէ երբ ‘գինեմոլութիւններէ, անառակութիւններէ եւ արբեցութիւններէ’ հրաժարիս, կարգ մը նախկին բարեկամներ ‘պիտի զարմանան ու հայհոյութիւն ընեն’ (Ա. Պետրոս 4։3, 4)։ Պատրա՛ստ եղիր յարաբերութիւնդ խզելու անոնց հետ, որոնք խմելդ հակակշռի տակ առնելու վճռականութիւնդ կը տկարացնեն։

5. Հաստատ սահմաններ դիր։ «Մի՛ կերպարանիք այս աշխարհին կերպարանքովը, հապա ձեր մտքին նորոգութիւնովը նորոգուեցէ՛ք, որպէս զի քննէք թէ ի՞նչ է Աստուծոյ կամքը, որ բարի ու հաճելի եւ կատարեալ է» (Հռովմայեցիս 12։2)։ Եթէ թոյլ տաս որ Աստուծոյ Խօսքին սկզբունքները քեզի օգնեն անձնական սահմաններ դնելու, փոխանակ ընկերակիցներուդ եւ «այս աշխարհին» թոյլ տալու որ ասիկա ընեն, պիտի վայելես կենցաղակերպ մը, որ Աստուծոյ ընդունելի պիտի ըլլայ։ Բայց ինչպէ՞ս կրնաս որոշել, թէ քեզի համար ի՛նչ է ապահով սահմանը։

Ալքոլի ա՛յն քանակը, որ դատողութիւնդ կը տկարացնէ եւ բանականութիւնդ կը բթացնէ, քեզի համար շատ է։ Ուստի, եթէ ընտրես խմել, խոհեմութիւն չէ դնել աղօտ սահման մը, որ չափաւորութեան եւ գինովութեան միջեւ է։ Թոյլ մի՛ տար որ ուրանալը նսեմացնէ խմիչք գործածելուդ նկատմամբ քու կատարած պարկեշտ արժեւորումդ։ Հաստատ եւ ապահով սահման մը դիր, որ իսկապէս չափաւորութեան տարողութեան մէջ է եւ թոյլ պիտի չտայ քեզի որ չափազանցութեան երթաս։

6. Սորվէ ո՛չ ըսել։ «Ձեր խօսքը ըլլայ այոն՝ այո, եւ ոչը՝ ոչ» (Մատթէոս 5։37)։ Ազնիւ բայց սխալ տեսակէտ ունեցող հիւրընկալի մը յարատեւ առաջարկները քաղաքավարօրէն մերժէ։ «Ձեր խօսքը ամէն ատեն շնորհքով, որպէս թէ աղով համովցած ըլլայ ու գիտնաք թէ ի՛նչպէս կը վայլէ ձեզի ամէն մէկուն պատասխան տալ» (Կողոսացիս 4։6

7. Անձնական օգնութիւն հայցէ։ Խնդրէ աջակից բարեկամներու օգնութիւնը, որոնք կրնան խմելը զսպելու վճռականութիւնդ ամրապնդել եւ հոգեւոր օժանդակութիւն հայթայթել։ «Երկուքը մէկէն աղէկ է, վասն զի անոնց աշխատանքը աղէկ վարձք ունի, քանզի եթէ իյնան, մէկզմէկ կը վերցնեն» (Ժողովող 4։9, 10. Յակոբոս 5։14, 16)։ Միացեալ Նահանգներու մէջ, Խմիչքի չափազանց գործածութեան եւ ալքոլամոլութեան ազգային ինստիտուտը նոյնպէս կը խրատէ. «Ալքոլի սպառումդ նուազեցնելը կրնայ երբեմն դժուար ըլլալ։ Ընտանիքէդ ու բարեկամներէդ խնդրէ, որ քեզի օգնեն նպատակակէտիդ հասնելու»։

8. Որոշումիդ կառչէ՛։ «Խօսքը կատարեցէ՛ք, միայն մի՛ լսէք՝ ինքզինքնիդ խաբելով։ Բայց ան որ ազատութեան կատարեալ օրէնքին աչք տնկելով կը նայի եւ անոր մէջ կը կենայ, կը լսէ, չի մոռնար, այլ կը կատարէ, երանելի պիտի ըլլայ իր գործերուն մէջ» (Յակոբոս 1։22, 25

Մոլութենէն ձերբազատուիլ

Չափազանց խմող բոլոր անհատները ալքոլամոլ չեն ըլլար։ Բայց ոմանք կը սկսին ա՛յնքան շատ կամ ա՛յնքան յաճախ խմելու, որ ալքոլի մոլի կը դառնան։ Քանի որ ալքոլի մոլի ըլլալը կը պարփակէ զօրաւոր նիւթի մը հանդէպ ֆիզիքական ու հոգեբանական կախուածութիւն, կամքը եւ հոգեւոր օգնութիւնը բաւարար չեն, որ անհատը ալքոլամոլութենէն ձերբազատուի։ Ալէն կը մտաբերէ. «Երբ սկսայ ալքոլէն հեռու կենալու, ահռելի ֆիզիքական ցաւի ենթարկուեցայ։ Այդ ժամանակ անդրադարձայ, որ հոգեւոր օգնութեան կողքին բժշկական դարմանումի կարիք ունիմ»։

Խմողներէն շատեր բժշկական դարմանումի կը կարօտին, խմիչքի չափազանց գործածութենէն ձերբազատուելու եւ անկէ հեռու մնալու իրենց հոգեւոր պայքարը զօրացնելու համար։ * Ոմանք հիւանդանոց պէտք է մտնեն, ալքոլէ հրաժարելուն սոսկալի ախտանշաններուն հետ գլուխ ելլելու կամ դեղեր առնելու համար, որոնք ալքոլ խմելու ծայրայեղ տենչանքը կը նուազեցնեն եւ կ’օգնեն անկէ ձերբազատուիլը պահպանելու։ Աստուծոյ հրաշագործ Որդին նշեց. «Առողջներուն բժիշկ պէտք չէ, հապա՝ հիւանդներուն» (Մարկոս 2։17

Աստուածային ցուցմունքին հնազանդելուն օգուտները

Ալքոլի շուրջ Աստուածաշունչի տրամաբանական խրատները կու գան ճշմարիտ Աստուծմէ, որ մեզի համար լաւագոյնը կը ցանկայ,– ոչ միայն կեանքը վայելելու, այլ նաեւ՝ մնայուն կերպով օգտուելու համար։ Ալքոլէ հրաժարելէն քսանչորս տարի ետք, Ալէն կը մտաբերէ. «Սքանչելի էր գիտնալ, թէ կրնայի տարբեր մէկը ըլլալ, իմանալ թէ Եհովա կ’ուզէր ինծի օգնել ընթացքս ուղղելու, թէ ան. . . »։ Ալէն կանգ կ’առնէ եւ արցունքները կը զսպէ, մինչ յիշատակները զինք կ’ողողեն։ «Գիտակցիլ թէ Եհովա կը հասկնայ ու կը հոգայ եւ հարկ եղած օգնութիւնը կը հայթայթէ,– անհաւատալի բան մը»։

Հետեւաբար, եթէ ալքոլի սխալ գործածութեան կամ ալքոլամոլութեան ճիրաններուն մէջ ես, արագօրէն ձեռնթափ մի՛ ըլլար, ոչ ալ եզրակացուր թէ պարագադ անյոյս է։ Ալէն եւ բազմաթիւ ուրիշներ ատեն մը ներկայ կացութիւնդ ունէին, եւ խմիչք խմելը կա՛մ նուազեցուցած են եւ կամ բոլորովին դադրեցուցած են։ Անոնք չեն զղջացած. դուն ալ պիտի չզղջաս։

Եթէ անձամբ որոշես չափաւորութեամբ ալքոլ խմել կամ բնաւ չխմել, Աստուծոյ սիրալիր կոչին ականջ տուր. «Երանի՜ թէ իմ պատուիրանքիս մտիկ [ընես]։ Այն ատեն քու խաղաղութիւնդ՝ գետի պէս ու արդարութիւնդ ծովուն ալիքներուն պէս պիտի [ըլլայ]» (Եսայի 48։18

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 7 Տե՛ս « Ալքոլը սկսա՞ծ է տիրելու» շրջանակը, էջ 8։

^ պարբ. 24 Բազմաթիւ դարմանումի կեդրոններ, հիւանդանոցներ եւ ապաքինման յայտագիրներ կան, որոնք կրնան օգնութիւն հայթայթել։ Դիտարան–ը որոշ դարմանում մը չի յանձնարարեր։ Իւրաքանչիւր անհատ ուշադրութեամբ պէտք է արժեւորէ դարմանումի ընտրանքները, ապա կայացնէ անձնական որոշում մը, որ աստուածաշնչական սկզբունքներուն չի հակասեր։

[Շրջանակ/Նկար՝ էջ 8]

 Ալքոլը սկսա՞ծ է տիրելու

Կրնաս դուն քեզի հարց տալ.

Այժմ աւելի՞ ալքոլ կը խմեմ, քան ինչ որ սովորաբար կը խմէի։

Ներկայիս աւելի՞ յաճախ կը խմեմ։

Սկսած եմ աւելի զօրաւո՞ր խմիչքներ գործածելու։

Ճնշուածութեան դիմանալու կամ խնդիրները մոռացութեան տալու համար ալքոլ կը գործածե՞մ։

Բարեկամ մը կամ ընտանիքին մէկ անդամը, խմիչք գործածելուս նկատմամբ մտահոգութիւն յայտնա՞ծ է։

Խմելս ինծի խնդիրներ յարուցանա՞ծ է տան մէջ, գործատեղին կամ ճամբորդութեան ընթացքին։

Շաբաթ մը առանց ալքոլի մնալը դժուա՞ր է։

Երբ ուրիշներ ալքոլէ հեռու կենան, անհանգիստ կը զգա՞մ։

Ոգելից ըմպելիներու սպառած քանակս ուրիշներէն ծածուկ կը պահե՞մ։

Եթէ վերոյիշեալ մէկ կամ աւելի հարցումներու այո՛ պատասխանես, խմելու սովորութիւնդ հակակշռի տակ առնելու համար քայլեր պէտք է առնես։

[Շրջանակ/Նկար՝ էջ 9]

Ալքոլի նկատմամբ խոհեմ որոշումներ կայացնել

Ոգելից ըմպելի խմելէ առաջ, նկատի առ.

• Ինծի համար յարմա՞ր է ալքոլ խմելը, թէ ոչ պէտք է անկէ հեռու կենամ։

Յանձնարարութիւն. ան որ իր խմելու չափը չի կրնար սահմանափակել, ոգելից ըմպելիներէ հեռու պէտք է կենայ։

Ո՞րքան պէտք է խմեմ։

Յանձնարարութիւն. ալքոլը դատողութիւնդ խեղաթիւրելէ առաջ, սահմանդ որոշէ։

Ե՞րբ պիտի խմեմ։

Յանձնարարութիւն. չխմել ինքնաշարժ վարելէ առաջ, ոչ ալ արթնութիւն պահանջող գործունէութիւններէ առաջ. չխմել կրօնական գործունէութիւններու միջամուխ ըլլալէ առաջ. չխմել յղութեան ընթացքին. չխմել որոշ դեղերու հետ։

Ո՞ւր պիտի խմեմ։

Յանձնարարութիւն. գաղտնաբար չխմել. խմել առողջ միջավայրի մը մէջ. չխմել անհատներու առջեւ, որոնք ոգելից ըմպելիներու գործածութենէն կ’ընդվզին։

Որո՞ւ հետ պիտի խմեմ։

Յանձնարարութիւն. խմել բարեկամներու եւ ընտանիքի անդամներու հետ, որոնք դրական ազդեցութիւն ունին մեր վրայ. չխմել գինեսէր անհատներու հետ։

[Շրջանակ/Նկար՝ էջ 10]

Աստուծոյ Խօսքը նախկին գինեմոլի մը կ’օգնէ

Թայլանտի մէջ, Սուփոթ գինեմոլ էր։ Սկիզբը ան միայն երեկոները կը խմէր, ապա սկսաւ առաւօտուն խմելու, իսկ յետագային՝ կէսօրին ալ։ Ան յաճախ կը խմէր գինովնալու համար։ Բայց ան սկսաւ Եհովայի վկաներուն հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրելու։ Երբ իմացաւ որ գինովութիւնը Եհովա Աստուծոյ աչքին անընդունելի է, Սուփոթ խմիչքէն հրաժարեցաւ։ Սակայն ժամանակ մը ետք, ան իր նախկին սովորութեան դարձաւ, իր ընտանիքին տխրութիւն պատճառելով։

Սակայն Սուփոթ տակաւին կը սիրէր Եհովան եւ կ’ուզէր զինք պատշաճօրէն պաշտել։ Սուփոթի բարեկամները շարունակեցին իրեն օգնել եւ քաջալերեցին իր ընտանիքը, որ իրեն հետ աւելի ժամանակ անցընէ եւ ձեռնթափ չըլլայ։ Այդ միջոցին, Սուփոթ իր կացութեան լրջութիւնը տեսաւ, կարդալով Ա. Կորնթացիս 6։10–ի յստակ խօսքը. ‘Գինովները Աստուծոյ թագաւորութիւնը պիտի չժառանգեն’։ Ան անդրադարձաւ որ իր խմելու խնդիրը յաղթահարելու համար, ամբողջական ջանք պէտք է թափէ։

Այս անգամ Սուփոթ վճռեց ալքոլէ ամբողջովին հրաժարիլ։ Ի վերջոյ, Աստուծոյ սուրբ հոգիին զօրութեամբ, Աստուածաշունչին առաջնորդութեամբ եւ ընտանիքին ու ժողովքին օգնութեամբ, Սուփոթ հոգեւոր ոյժ ձեռք ձգեց եւ ալքոլ խմելու իր ցանկութիւնը յաղթահարեց։ Անոր ընտանիքը ուրախացաւ, երբ ան մկրտութեամբ խորհրդանշեց Աստուծոյ կատարած իր նուիրումը։ Սուփոթ այժմ կը վայելէ իր փափաքած սերտ յարաբերութիւնը Աստուծոյ հետ, եւ իր ժամանակը կը գործածէ ուրիշներուն հոգեւորապէս օգնելու։