Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ինչո՞ւ Եհովայի նուիրուիլ

Ինչո՞ւ Եհովայի նուիրուիլ

Ինչո՞ւ Եհովայի նուիրուիլ

«Այս գիշեր երեւցաւ ինծի հրեշտակը այն Աստուծոյն, որունն եմ ես» (ԳՈՐԾՔ 27։23

1. Մկրտութեան թեկնածուները նախապէս ի՞նչ քայլեր կ’առնեն, եւ ասիկա ի՞նչ հարցումներ կը յարուցէ։

«ՅԻՍՈՒՍ Քրիստոսի զոհաբերութեան հիման վրայ, մեղքերէդ զղջացած եւ դուն քեզ Եհովայի նուիրա՞ծ ես իր կամքը կատարելու համար»։ Ասիկա այն երկու հարցումներէն մէկն է, որուն մկրտութեան թեկնածուները կը պատասխանեն, մկրտութեան դասախօսութեան աւարտին։ Քրիստոնեաները ինչո՞ւ Եհովայի պէտք է նուիրուին։ Աստուծոյ նուիրուիլը ի՞նչպէս մեզի օգտակար է։ Ինչո՞ւ անհատ մը չի կրնար ընդունելի կերպով Աստուած պաշտել առանց իրեն նուիրուելու։ Պատասխանները հասկնալու համար, նախ նկատի առնենք թէ ի՛նչ է նուիրումը։

2. Եհովայի նուիրուիլը ի՞նչ կը նշանակէ։

2 Աստուծոյ նուիրուիլը ի՞նչ կը նշանակէ։ Նկատի առ թէ Պօղոս առաքեալ Աստուծոյ հետ իր յարաբերութիւնը ի՛նչպէս նկարագրեց։ Վտանգի ենթարկուած նաւու մը վրայ, ան բազմաթիւ անհատներու ներկայութեան Եհովան կոչեց ‘այն Աստուածը, որունն եմ ես’ (կարդալ՝ Գործք 27։22-24Բոլոր ճշմարիտ քրիստոնեաները Եհովայի կը պատկանին, իսկ աշխարհը ընդհանուր առմամբ «Չարին ենթակայ է» (Ա. Յովհ. 5։19, Անթիլիաս)։ Քրիստոնեաները կը սկսին Եհովայի պատկանիլ, երբ աղօթքով իրեն կը նուիրուին ընդունելի կերպով։ Այս նուիրումը անձնական ուխտ մըն է։ Անոր կը յաջորդէ ջուրի մկրտութիւնը։

3. Յիսուսի մկրտութիւնը ի՞նչ խորհրդանշեց, եւ իր հետեւորդները ի՞նչպէս կրնան զինք ընդօրինակել։

3 Յիսուս մեզի օրինակ հանդիսացաւ, երբ անձամբ ընտրեց Աստուծոյ կամքը կատարել։ Նուիրուած իսրայէլ ազգին մէջ ծնած ըլլալով, ան արդէն Աստուծոյ նուիրուած էր։ Այսուհանդերձ, մկրտութեան ատեն, ան մովսիսական օրէնքին ներքեւ պահանջուածէն աւելին ըրաւ։ Աստուծոյ Խօսքը կը նշէ, թէ ան ըսաւ. «Ահա կու գամ ես. . . քու կամքդ ընելու, ո՛վ Աստուած» (Եբ. 10։7. Ղուկ. 3։21)։ Ուստի Յիսուսի մկրտութիւնը խորհրդանշեց ինքզինք Աստուծոյ ներկայացնելը՝ իր Հօր կամքը կատարելու։ Իր հետեւորդները իր օրինակին կը հետեւին, երբ մկրտութեան կը ներկայանան։ Սակայն անոնց պարագային, ջուրի մկրտութիւնը հանրային ապացոյց է, թէ աղօթքով անձնապէս Աստուծոյ նուիրուած են։

Նուիրումը ի՛նչպէս օգտակար է մեզի

4. Դաւիթի եւ Յովնաթանի բարեկամութիւնը ի՞նչ կը յայտնէ յանձնառութեան մասին։

4 Քրիստոնէական նուիրումը լուրջ հարց է։ Անիկա միայն պարզ յանձնառութիւն մը չէ։ Սակայն նուիրուիլը ի՞նչ օգուտներ կը բերէ մեզի։ Առ ի բաղդատութիւն, նկատի առնենք մարդկային յարաբերութիւններու մէջ յանձնառութիւն ընելուն օգուտները։ Օրինակներէն մէկը՝ բարեկամութիւնն է։ Բարեկամ մը ունենալու առանձնաշնորհումը վայելելու համար, բարեկամ մը ըլլալու պատասխանատուութիւնը պէտք է ընդունիս։ Ասիկա յանձնառութիւն կը պարփակէ,– բարեկամովդ հետաքրքրուելու պարտաւոր զգալ։ Աստուածաշունչին մէջ նկարագրուած ամէնէն ուշագրաւ բարեկամութիւններէն մէկը՝ Դաւիթի եւ Յովնաթանի բարեկամութիւնն է։ Անոնք նոյնիսկ իրարու հետ բարեկամութեան ուխտ մը կնքեցին (կարդալ՝ Ա. Թագաւորաց 17։57. 18։1, 3Թէեւ այդ մակարդակով յանձնառութիւն պարփակող բարեկամութիւններ ներկայիս սակաւադէպ են, սակայն բարեկամութիւններու մեծ մասը կ’ուռճանայ, երբ բարեկամներ յանձնառու են, կամ իրարու հանդէպ որոշ պարտաւորութիւն կը զգան (Առ. 17։17. 18։24

5. Ստրուկ մը ի՞նչպէս կրնար բարի տիրոջ մը պատկանելով մնայուն կերպով օգտուիլ։

5 Իսրայէլի տրուած մովսիսական օրէնքը կը նկարագրէ ուրիշ յարաբերութիւն մը, որ յանձնառութիւն ընողներու օգուտ բերաւ։ Եթէ ստրուկ մը ուզէր բարի տիրոջ մը մնայուն կերպով պատկանելու ապահովութիւնը վայելել, ան կրնար կենսատեւ ու պարտաւորիչ համաձայնութիւն մը կնքել։ Օրէնքը կ’ըսէ. «Եթէ ծառան յայտնէ թէ՝ ‘Ես կը սիրեմ իմ տէրս, իմ կինս ու իմ տղաքներս, չեմ ուզեր ելլել եւ ազատ ըլլալ’, այն ատեն անոր տէրը դատաւորներուն պիտի տանի զանիկա եւ դրանը կամ դրանդիքներուն մօտեցնէ ու անոր տէրը անոր ականջը հերիւնով պիտի ծակէ եւ անիկա յաւիտեան ծառայ պիտի ըլլայ անոր» (Ել. 21։5, 6

6, 7. ա) Յանձնառութիւնը ի՞նչպէս մարդոց օգտակար կ’ըլլայ։ բ) Անիկա Եհովայի հետ մեր յարաբերութեան մասին ի՞նչ կը յայտնէ։

6 Ամուսնութիւնը լուրջ յանձնառութիւն պահանջող յարաբերութիւն մըն է։ Անիկա յանձնառութիւն մըն է ոչ թէ համաձայնագրի, այլ՝ անձի մը հանդէպ։ Առանց ամուսնութեան իրարու հետ կենակցող անհատները երբեք չեն կրնար իսկական ապահովութիւն վայելել. ոչ ալ անոնց զաւակները կրնան վայելել։ Բայց կողակիցներ, որոնք պատուարժան ամուսնութեամբ յանձնառու են, աստուածաշնչական զօրաւոր պատճառ ունին, որ ջանան իրենց ծագած խնդիրները սիրով լուծել (Մատ. 19։5, 6. Ա. Կոր. 13։7, 8. Եբ. 13։4

7 Աստուածաշունչի ժամանակներուն, մարդիկ առեւտուրի եւ գործի մէջ պարտաւորիչ համաձայնագիրներ ունենալով օգտուեցան (Մատ. 20։1, 2, 8)։ Ներկայիս պարագան նոյնն է։ Օրինակ՝ առեւտրական ձեռնարկ մը կամ հաստատութեան մը մէջ աշխատելու սկսելէ առաջ, պարտաւորիչ գրաւոր համաձայնագիր մը ունենալը մեզի օգտակար է։ Հետեւաբար, եթէ յանձնառութիւնը կ’որակաւորէ յարաբերութիւնները, ինչպէս՝ բարեկամութիւն, ամուսնութիւն եւ գործ, ո՜րքան աւելի անվերապահ նուիրում ընելը օգտակար պիտի ըլլայ քեզի՝ Եհովայի հետ յարաբերութեանդ մէջ։ Այժմ նկատի առնենք, թէ անցեալին անհատներ Եհովա Աստուծոյ նուիրուած ըլլալով ի՛նչպէս օգտուեցան եւ ասիկա ի՛նչպէս պարզ յանձնառութիւն մը չէր։

Աստուծոյ նուիրուիլը ի՛նչպէս իսրայէլի օգտակար էր

8. Աստուծոյ նուիրուած ըլլալը ի՞նչ նշանակեց իսրայէլի համար։

8 Ամբողջ իսրայէլ ազգը Եհովայի նուիրուած եղաւ, երբ իրեն ուխտ ըրաւ։ Եհովա զիրենք Սինա լերան քով ժողվեց եւ ըսաւ. «Եթէ իրաւցնէ իմ ձայնիս հնազանդիք ու իմ ուխտս պահէք, դուք ինծի սեպհական ժողովուրդ պիտի ըլլաք բոլոր ազգերէն»։ Ժողովուրդը միաձայնութեամբ պատասխանեց. «Տէրոջը բոլոր ըսածները պիտի ընենք» (Ել. 19։4-8)։ Իսրայէլի համար նուիրուիլը՝ բան մը ընելու յանձնառու ըլլալէ աւելին նշանակեց։ Անիկա նշանակեց, թէ անոնք Եհովայի կը պատկանէին, եւ Եհովա անոնց հետ վարուեցաւ որպէս իր «սեպհական ժողովուրդ»ը։

9. Իսրայէլ Աստուծոյ նուիրուած ըլլալով ի՞նչպէս օգտուեցաւ։

9 Եհովայի պատկանելով իսրայէլացիները օգտուեցան։ Ան հաւատարիմ էր եւ անոնց հոգ տարաւ, ինչպէս գորովալից ծնող մը իր մանուկը կը հոգայ։ Աստուած իսրայէլի ըսաւ. «Միթէ կինը իր կաթնկեր մանուկը կրնա՞յ մոռնալ, այնպէս որ իր որովայնին ծննդեանը վրայ չգթայ։ Թէեւ անոնք մոռնան, բայց ես քեզ պիտի չմոռնամ» (Եսա. 49։15)։ Եհովա զանոնք մովսիսական օրէնքով առաջնորդեց, մարգարէներով քաջալերեց եւ հրեշտակներով պաշտպանեց։ Սաղմոսերգու մը գրեց. «Անիկա իր խօսքը կը պատմէ Յակոբին եւ իր կանոնները ու դատաստանները՝ Իսրայէլին։ Բնաւ ազգի մը այսպէս չըրաւ» (Սաղ. 147։19, 20. կարդալ՝ Սաղմոս 34։7, 19. 48։14)։ Ինչպէս որ Եհովա անցեալին իրեն պատկանող ազգին հոգ տարաւ, նոյնպէս հոգ պիտի տանի անոնց, որոնք այսօր իրեն կը նուիրուին։

Ինչո՛ւ Աստուծոյ պէտք է նուիրուինք

10, 11. Մենք Աստուծոյ տիեզերական ընտանիքի՞ն մէջ կը ծնինք. բացատրէ։

10 Մինչ քրիստոնէական նուիրումին ու մկրտութեան մասին կը խորհրդածեն, ոմանք հարց կու տան. ‘Ինչո՞ւ չեմ կրնար Աստուած պաշտել առանց իրեն նուիրուելու’։ Պատճառը բացայայտ կը դառնայ, երբ նկատի առնենք Աստուծոյ առջեւ մեր ներկայ կեցուածքը։ Մտաբերէ թէ Ադամի մեղքին պատճառաւ, բոլորս ալ Աստուծոյ ընտանիքէն դուրս կը ծնինք (Հռով. 3։23. 5։12)։ Աստուծոյ նուիրուիլը՝ իր տիեզերական ընտանիքին մէջ ընդունուելու կենսական պահանջ մըն է։ Ինչո՞ւ։

11 Մեր հայրերը չէին կրնար մեզի կատարեալ կեանք փոխանցել (Ա. Տիմ. 6։19)։ Որպէս Աստուծոյ որդիներ չծնանք, քանի որ երբ մարդկային առաջին զոյգը մեղանչեց, մարդկութիւնը իր սիրառատ Հօրմէն ու Ստեղծիչէն անջատուեցաւ (Համեմատել՝ Բ. Օրինաց 32։5)։ Այդ ժամանակէն ի վեր, մարդկային աշխարհը Եհովայի տիեզերական ընտանիքէն դուրս ապրած է, Աստուծմէ օտարացած։

12. ա) Անկատար մարդիկ ի՞նչպէս կրնան Աստուծոյ ընտանիքին անդամներ ըլլալ։ բ) Մկրտութենէն առաջ ի՞նչ քայլեր պէտք է առնենք։

12 Այսուհանդերձ, անհատապէս կրնանք խնդրել որ Աստուած ընդունելի ծառաներէ բաղկացած իր ընտանիքին մէջ մեզ ընդունի։ * Ասիկա ի՞նչպէս կարելի է, երբ մեղաւորներ ենք։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Մեր թշնամի եղած ատենը Աստուծոյ հետ հաշտուեցանք իր Որդիին մահովը» (Հռով. 5։10)։ Մկրտութեան ատեն, Աստուծմէ բարի խղճմտանք կը խնդրենք, որպէսզի իրեն ընդունելի ըլլանք (Ա. Պետ. 3։21)։ Սակայն մկրտութենէն առաջ, կարգ մը քայլեր պէտք է առնենք։ Պէտք է Աստուած ճանչնանք, սորվինք իրեն վստահիլ, զղջանք ու մեր ճամբաները փոխենք (Յովհ. 17։3. Գործք 3։19. Եբ. 11։6)։ Բայց Աստուծոյ ընտանիքին մէջ ընդունուելէ առաջ, տակաւին կատարուելիք բան մը կը մնայ։ Ի՞նչ։

13. Ինչո՞ւ տեղին է որ անհատ մը նուիրման ուխտ ընէ Աստուծոյ, որպէսզի ընդունելի երկրպագուներէ բաղկացած Իր ընտանիքին մաս կազմէ։

13 Աստուծմէ օտարացած անհատը՝ ընդունելի ծառաներէ բաղկացած Աստուծոյ ընտանիքին մէկ անդամը դառնալէ առաջ, Եհովայի լուրջ խոստում մը պէտք է տայ։ Պատճառը հասկնալու համար, երեւակայէ յարգելի հայր մը, որ որբ դեռատիի մը հանդէպ ազնիւ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ եւ կ’ուզէ զինք որդեգրել որպէս իր ընտանիքին մէկ անդամը։ Հայրը ճանչցուած է, որ բարի մարդ մըն է։ Այսուհանդերձ, դեռատին որպէս որդի ընդունելէ առաջ, հայրը կ’ուզէ որ ան խոստում մը տայ։ Ուստի հայրը կ’ըսէ. «Քեզ որպէս որդի ընդունելէ առաջ, կ’ուզեմ գիտնալ թէ զիս որպէս քու հայրդ պիտի սիրես ու յարգես»։ Միայն եթէ դեռատին կամենայ լրջօրէն խոստանալ, հայրը զինք պիտի ընդունի իր ընտանիքին մէջ։ Ասիկա տրամաբանական չէ՞։ Նմանապէս, Եհովա իր ընտանիքին մէջ կ’ընդունի միայն զանոնք, որոնք կը կամենան նուիրման ուխտ ընել իրեն։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Դուք ձեզ Աստուծոյ [ընծայեցէք] որպէս կենդանի զոհ մը՝ իրեն վերապահուած» (Հռով. 12։1, Անթիլիաս

Սիրոյ եւ հաւատքի արարք մը

14. Նուիրումը ի՞նչ կերպով սիրոյ արտայայտութիւն մըն է։

14 Նուիրման ուխտ ընելը Աստուծոյ, իրեն հանդէպ մեր սրտագին սէրը կ’արտայայտէ։ Անիկա կարգ մը կերպերով ամուսնութեան ուխտին նման է։ Քրիստոնեայ փեսան իր սէրը կը յայտնէ, ուխտելով հաւատարիմ մնալ իր հարսին, ի՛նչ որ ալ պատահի։ Անիկա անձի մը հետ եղած ուխտ է, եւ ոչ թէ պարզապէս բան մը ընելու խոստում։ Քրիստոնեայ փեսան կը հասկնայ, թէ իր հարսին հետ ապրելու առանձնաշնորհումը չի կրնար ունենալ եթէ ամուսնական ուխտը չընէ։ Նոյն կերպով, Եհովայի ընտանիքին մէկ անդամը ըլլալու օգուտները լիովին չենք կրնար վայելել առանց նուիրման ուխտը ընելու։ Ուստի Աստուծոյ կը նուիրուինք, քանի որ անկատար ըլլալով հանդերձ, կը փափաքինք իրեն պատկանիլ ու վճռած ենք իրեն հաւատարիմ մնալ, ի՛նչ որ ալ պատահի (Մատ. 22։37

15. Նուիրումը ի՞նչպէս հաւատքի արարք մըն է։

15 Երբ Աստուծոյ կը նուիրուինք, հաւատքի արարք մը կը կատարենք։ Ի՞նչպէս։ Եհովայի հանդէպ մեր հաւատքը մեզ կը հաւաստիացնէ, թէ իրեն մօտենալը մեզի համար բարիք է (Սաղ. 73։28)։ Կը գիտակցինք որ Աստուծոյ հետ քալելը միշտ դիւրին պիտի չըլլայ, մինչ կ’ապրինք «կամակոր ու խոտորեալ ազգ»ի մը մէջ, բայց մեր ջանքերը օրհնելու Աստուծոյ խոստումին կը վստահինք (Փլպ. 2։15. 4։13)։ Գիտենք թէ անկատար ենք, բայց վստահ ենք որ Եհովա մեզի հետ ողորմութեամբ պիտի վարուի, նոյնիսկ երբ սխալներ գործենք (կարդալ՝ Սաղմոս 103։13, 14. Հռովմայեցիս 7։21-25Կը հաւատանք թէ Եհովա մեր ուղղամտութիւնը պահելու մեր վճռականութիւնը պիտի վարձատրէ (Յոբ 27։5

Աստուծոյ նուիրուիլը երջանկութեան կ’առաջնորդէ

16, 17. Եհովայի նուիրուիլը ինչո՞ւ երջանկութեան կ’առաջնորդէ։

16 Եհովայի նուիրուիլը երջանկութիւն կը բերէ, քանի որ մեր անձէն տալ կը պարփակէ։ Յիսուս հիմնական ճշմարտութիւն մը նշեց, երբ ըսաւ. «Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը» (Գործք 20։35)։ Ան տալու երջանկութիւնը լիովին վայելեց իր երկրային ծառայութեան ընթացքին։ Երբ հարկ ըլլար, ան ո՛չ կը հանգստանար եւ ոչ ալ կ’ուտէր, որպէսզի կարենար ուրիշներուն օգնել կեանքի ճամբան գտնելու (Յովհ. 4։34)։ Յիսուս իր Հօր սիրտը ուրախացնելու մէջ հաճոյք գտաւ։ Ան ըսաւ. «Ես միշտ անոր հաճելի եղած բաները կ’ընեմ» (Յովհ. 8։29. Առ. 27։11

17 Ուստի Յիսուս գոհացուցիչ կենցաղակերպը մատնանշեց իր հետեւորդներուն, երբ ըսաւ. «Եթէ մէկը իմ ետեւէս գալ կ’ուզէ, թող իր անձը ուրանայ» (Մատ. 16։24)։ Ասիկա ընելը մեզ Եհովայի կը մօտեցնէ։ Արդարեւ, ուրիշ ո՛չ ոք կրնայ աւելի սիրալիրօրէն մեզ հոգալ։

18. Ինչո՞ւ աւելի երջանկութիւն կը պատճառէ Եհովայի ըրած մեր նուիրումին համաձայն ապրիլը, քան որեւէ բանի կամ ոեւէ մէկու նուիրուիլը։

18 Աւելի երջանկութիւն կը պատճառէ Եհովայի նուիրուիլը եւ անկէ ետք իր կամքը կատարելով նուիրումին համաձայն ապրիլը, քան որեւէ բանի կամ ոեւէ մէկու նուիրուիլը։ Օրինակ՝ շատեր իրենց կեանքը կը յատկացնեն նիւթական հարստութիւն ձեռք ձգելու, առանց իսկական երջանկութիւն եւ գոհունակութիւն վայելելու։ Իսկ անոնք որ Եհովայի կը նուիրուին, մնայուն երջանկութիւն կը գտնեն (Մատ. 6։24)։ Թէեւ «Աստուծոյ գործակից» ըլլալու պատիւը զիրենք կ’երջանկացնէ, սակայն անոնց նուիրումը գործի մը չէ, հապա՝ գնահատող Աստուծոյ (Ա. Կոր. 3։9)։ Ո՛չ ոք կրնայ Եհովայէ աւելի գնահատել անոնց անձնազոհութիւնը։ Ան նոյնիսկ իր հաւատարիմները երիտասարդ պիտի դարձնէ, որպէսզի կարենան իր հոգատարութենէն առյաւէտ օգտուիլ (Յոբ 33։25. կարդալ՝ Եբրայեցիս 6։10

19. Եհովայի նուիրուած անհատները ի՞նչ առանձնաշնորհում կը վայելեն։

19 Կեանքդ Եհովայի նուիրելը, քեզ իրեն հետ սերտ յարաբերութեան մը մէջ կը բերէ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Աստուծոյ մօտեցէ՛ք ու անիկա ձեզի պիտի մօտենայ» (Յակ. 4։8. Սաղ. 25։14)։ Յաջորդ յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք, թէ Եհովայի պատկանելու ընտրութեան նկատմամբ ինչո՛ւ կրնանք վստահ ըլլալ։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 12 Յիսուսի «ուրիշ ոչխարներ»ը Աստուծոյ որդիները պիտի չըլլան մինչեւ հազարամեայ իշխանութեան վերջաւորութեան։ Սակայն Աստուծոյ նուիրուած ըլլալով, անոնք պատշաճօրէն կրնան զինք «Հայր» կոչել եւ երկրպագուներէ բաղկացած իր ընտանիքին անդամները նկատուիլ (Յովհ. 10։16. Եսա. 64։8. Մատ. 6։9. Յայտ. 20։5

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես

• Աստուծոյ նուիրուիլը ի՞նչ կը նշանակէ։

• Աստուծոյ նուիրուիլը ի՞նչպէս օգտակար է մեզի։

• Քրիստոնեաները ինչո՞ւ Եհովայի պէտք է նուիրուին։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 14]

Մեր նուիրումին համաձայն ապրիլը կ’առաջնորդէ մեր մնայուն երջանկութեան