Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի իշխելու կերպը ջատագովուած է

Եհովայի իշխելու կերպը ջատագովուած է

Եհովայի իշխելու կերպը ջատագովուած է

«Բարձրեալը կը տիրէ մարդոց թագաւորութեանը վրայ» (ԴԱՆ. 4։17

1, 2. Ի՞նչ կարգ մը պատճառներով մարդկային իշխանութիւնը ձախողած է։

ԿԱՍԿԱԾ չի վերցներ թէ մարդկային իշխանութիւնը ձախողած է։ Այս ձախողութեան գլխաւոր մէկ պատճառը այն է, թէ մարդիկ յաջողապէս իշխելու իմաստութիւնը չունին։ Մարդկային իշխանութեան ձախողութիւնը յատկապէս բացայայտ է այսօր, երբ բազմաթիւ կառավարիչներ՝ ‘անձնասէր, արծաթասէր, ամբարտաւան, հպարտ, անսուրբ, անհաշտ, բանսարկու, անժուժկալ, դաժանաբարոյ, բարին չսիրող, մատնիչ ու գոռոզ’ են (Բ. Տիմ. 3։2-4

2 Վաղուց մեր առաջին ծնողքը մերժեց Աստուծոյ իշխելու կերպը, թերեւս խորհելով թէ անկախութիւն կ’ընտրէր։ Սակայն, իրականութեան մէջ, անոնք Սատանայի իշխանութեան կերպին ենթարկուեցան։ Մարդկային յոռի ղեկավարութեան վեց հազար տարիները,– «այս աշխարհի իշխանին»՝ Սատանայի զօրաւոր ազդեցութեան ներքեւ,– մեզ հասցուցած են ընթացիկ վատ շրջանին (Յովհ. 12։31)։ Մարդկութեան ներկայ կացութեան մասին խօսելով, գիրք մը (The Oxford History of the Twentieth Century) կը նշէ թէ «կատարեալ աշխարհ մը որոնելը» անօգուտ է, եւ կ’աւելցնէ. «Ոչ միայն կարելի չէ զայն գտնել, այլ զայն ստեղծելու ջանքը կ’առաջնորդէ աղէտի, ամբողջատիրականութեան եւ պատերազմի»։ Ի՜նչ անկեղծ խոստովանութիւն մը, թէ մարդկային իշխանութիւնը անյաջող է։

3. Եթէ Ադամ ու Եւա չմեղանչէին, Աստուծոյ իշխանութիւնը ինչպէ՞ս կրնար ըլլալ։

3 Հետեւաբար, ո՜րքան ողորմելի է որ մեր առաջին ծնողքը մերժեց միակ յաջող իշխանութիւնը,– Աստուծոյ իշխանութիւնը։ Անշուշտ, ճշգրիտ կերպով չենք գիտեր թէ Եհովա երկրի վրայ իր իշխանութեան ի՛նչ կառոյց պիտի տար, եթէ Ադամ ու Եւա իրեն հաւատարիմ մնային։ Սակայն կրնանք վստահ ըլլալ, որ ամբողջ մարդկութեան կողմէ ընդունուած աստուածային իշխանութիւնը, սիրով եւ անաչառութեամբ պիտի յատկանշուէր (Գործք 10։34. Ա. Յովհ. 4։8)։ Աստուծոյ անբաղդատելի իմաստութեան ի տես, կրնանք նաեւ վստահ ըլլալ, որ եթէ մարդկութիւնը Եհովայի իշխանութեան ներքեւ մնար, մարդկային իշխանութեան ջատագովներուն գործած բոլոր սխալներէն զերծ պիտի ըլլայինք։ Աստուծոյ իշխանութիւնը կամ աստուածպետութիւնը յաջողապէս ‘պիտի լեցնէր ամէն կենդանիի փափաքը’ (Սաղ. 145։16)։ Կարճ խօսքով, անիկա կատարեալ իշխանութիւն մը պիտի ըլլար (Բ. Օր. 32։4)։ Ո՜րքան ողբերգական է, որ մարդիկ զայն մերժեցին։

4. Սատանան ի՞նչ տարողութեամբ իշխած է։

4 Լաւ է մտաբերել, որ թէեւ Եհովա մարդոց թոյլ տուաւ որ ինքնիշխանութիւն ունենան, բայց իր արարածներուն վրայ իշխելու իր իրաւունքէն ո՛չ մէկ ատեն հրաժարեցաւ։ Նոյնիսկ Բաբելոնի հզօր թագաւորը հարկադրուեցաւ գիտակցելու, թէ ի վերջոյ «Բարձրեալը կը տիրէ մարդոց թագաւորութեանը վրայ» (Դան. 4։17)։ Վերջապէս, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պատճառ պիտի ըլլայ որ Իր կամքը կատարուի (Մատ. 6։10)։ Ճիշդ է որ կարճ ժամանակուան մը համար Եհովա Սատանայի թոյլ տուած է, որ իբրեւ «այս աշխարհի աստուածը» վարուի, որպէսզի անոր յարուցած հարցերուն համոզիչ պատասխան հայթայթէ (Բ. Կոր. 4։4. Ա. Յովհ. 5։19)։ Սակայն Սատանան երբեք չէ կրցած Եհովայի թոյլատրած բաներէն անդին երթալ (Բ. Մն. 20։6. համեմատել՝ Յոբ 1։11, 12. 2։3-6)։ Եւ միշտ եղած են անհատներ, որոնք ընտրած են Աստուծոյ հպատակիլ, թէեւ Աստուծոյ մեծագոյն թշնամիին կողմէ կառավարուած աշխարհին մէջ ապրած են։

Իսրայէլի վրայ Աստուծոյ իշխանութիւնը

5. Իսրայէլ ի՞նչ յանձնառութիւն ըրաւ Աստուծոյ։

5 Աբէլի ժամանակէն մինչեւ նահապետներուն ժամանակը, կարգ մը հաւատարիմ անհատներ Եհովան պաշտեցին եւ անոր պատուէրներուն հնազանդեցան (Եբ. 11։4-22)։ Մովսէսի օրերուն, Եհովա Յակոբ նահապետի սերունդին հետ ուխտ ըրաւ, եւ անոնք իսրայէլ ազգը եղան։ Մ.թ.ա. 1513–ին, իսրայէլացիները յանձնառութիւն ըրին, որ իրենք եւ իրենց զարմը Եհովան պիտի ընդունին որպէս Կառավարիչ, ըսելով. «Տէրոջը բոլոր ըսածները պիտի ընենք» (Ել. 19։8

6, 7. Իսրայէլի վրայ Աստուծոյ իշխանութիւնը ի՞նչ բանով յատկանշուեցաւ։

6 Եհովա իսրայէլը որպէս իր ժողովուրդը ընտրելուն մէջ նպատակ մը ունէր (կարդալ՝ Բ. Օրինաց 7։7, 8Այս ընտրութիւնը միայն իսրայէլացիներուն բարօրութիւնը նկատի չէր առներ։ Աստուծոյ անունը եւ գերիշխանութիւնն ալ պարփակուած էին, որոնք աւելի մեծ կարեւորութիւն ունէին։ Իսրայէլ պիտի ծառայէր որպէս վկայ այն իրողութեան, թէ Եհովա միակ ճշմարիտ Աստուածն է (Եսա. 43։10. 44։6-8)։ Ուստի Եհովա այդ ազգին ըսաւ. «Դուն քու Տէր Աստուծոյդ սուրբ ժողովուրդն ես։ Տէրը երկրի բոլոր ժողովուրդներուն մէջէն քեզ ընտրեց, որպէս զի իրեն սեփական ժողովուրդ ըլլաս» (Բ. Օր. 14։2

7 Իսրայէլացիներուն վրայ Աստուծոյ իշխելու կերպը հաշուի առաւ անոնց անկատար ըլլալը։ Միեւնոյն ատեն, իր օրէնքները կատարեալ էին եւ իր յատկութիւնները կ’արտացոլացնէին։ Մովսէսի միջոցաւ տրուած Եհովայի պատուիրանները յստակօրէն աչքառու դարձուցին Աստուծոյ սրբութիւնը, արդարութեան հանդէպ իր սէրը, ներելու պատրաստակամութիւնը եւ իր համբերութիւնը։ Յետագային, Յեսուի օրերուն, ազգը Եհովայի պատուիրաններուն հնազանդեցաւ եւ խաղաղութիւն ու հոգեւոր օրհնութիւններ վայելեց (Յես. 24։21, 22, 31)։ Իսրայէլի պատմութեան այդ ժամանակաշրջանը ապացուցանեց Եհովայի իշխելու կերպին յաջող ըլլալը։

Մարդկային իշխանութեան համար վճարուած գինը

8, 9. Իսրայէլ ի՞նչ անխոհեմ խնդրանք ներկայացուց, իսկ հետեւանքը ի՞նչ եղաւ։

8 Սակայն ժամանակի ընթացքին, իսրայէլացիները յաճախ Աստուծոյ իշխանութեան կռնակ դարձուցին եւ իր պաշտպանութիւնը կորսնցուցին։ Ի վերջոյ, Սամուէլ մարգարէին միջոցաւ, իսրայէլ տեսանելի՝ մարդկային թագաւոր մը պահանջեց։ Եհովա Սամուէլի ըսաւ, որ անոնց խնդրանքը կատարէ։ Բայց Եհովա աւելցուց. «Անոնք քեզ չեն մերժեր, այլ զիս կը մերժեն, որպէս զի անոնց վրայ չթագաւորեմ» (Ա. Թագ. 8։7)։ Թէեւ Եհովա իսրայէլի արտօնեց որ տեսանելի թագաւոր մը ունենայ, սակայն անոնց զգուշացուց թէ մարդկային թագաւորին իշխանութիւնը գին մը ունի (կարդալ՝ Ա. Թագաւորաց 8։9-18

9 Պատմութիւնը ապացուցանեց Եհովայի ազդարարութեան ճշմարիտ ըլլալը։ Մարդկային թագաւորի մը կողմէ ղեկավարուիլը լուրջ խնդիրներ յարուց իսրայէլի, մանաւանդ երբ թագաւորը անհաւատարիմ էր։ Իսրայէլի այս օրինակը ի մտի ունենալով, զարմանալի չէ որ դարերու ընթացքին, Եհովան չճանչցող մարդոցմէ կազմուած կառավարութիւնները չեն կրցած մնայուն լաւ արդիւնքներ բերել։ Ճիշդ է որ կարգ մը քաղաքագէտներ խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն իրագործելու իրենց ջանքերուն վրայ Աստուծոյ օրհնութիւնը կը խնդրեն, բայց Աստուած ի՞նչպէս կրնայ օրհնել զանոնք, որոնք իր իշխելու կերպին չեն ենթարկուիր (Սաղ. 2։10-12

Աստուծոյ իշխանութեան ներքեւ նոր ազգ մը

10. Իսրայէլ ինչո՞ւ չշարունակեց որպէս Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդ։

10 Իսրայէլ ազգը հաւատարմօրէն Եհովայի չծառայեց։ Ի վերջոյ, անոնք Աստուծոյ նշանակած Մեսիան մերժեցին, իսկ Եհովա զիրենք լքեց ու նպատակադրեց զիրենք փոխարինել խումբ մը մարդոցմով, որոնք նոր ազգ մը կազմեցին։ Ուստի մ.թ. 33–ին, Եհովայի օծեալ երկրպագուներէ բաղկացած քրիստոնէական ժողովքը ծնաւ, որ Եհովայի իշխանութեան ներքեւ նոր ազգ մըն էր։ Պօղոս անոր մասին խօսեցաւ որպէս «Աստուծոյ Իսրայէլ»ը (Գաղ. 6։16

11, 12. Վերակացութեան առնչութեամբ, իսրայէլի եւ «Աստուծոյ Իսրայէլ»ին միջեւ ի՞նչ նմանութիւններ կան։

11 Իսրայէլ ազգին եւ «Աստուծոյ Իսրայէլ»ին միջեւ թէ՛ տարբերութիւններ եւ թէ նմանութիւններ կան։ Վաղեմի իսրայէլի հակառակը, քրիստոնէական ժողովքը մարդկային թագաւոր մը չունի եւ մեղաւորներուն համար անասնական զոհեր մատուցանելու կարիք չունի։ Իսկ երկուքին միջեւ եղած նմանութիւնը՝ ծերերու կամ երէցներու կարգադրութիւնն է (Ել. 19։3-8)։ Քրիստոնեայ երէցները հօտին վրայ չեն տիրեր, այլ ժողովքը կը հովուեն ու քրիստոնէական գործունէութիւններուն մէջ անձնուրացօրէն առաջնորդութիւնը կ’առնեն։ Անոնք ժողովքի իւրաքանչիւր անդամի հետ սիրալիրօրէն կը վարուին, բոլորը պատուելով (Բ. Կոր. 1։23. Ա. Պետ. 5։2, 3

12 Իսրայէլի հետ Աստուծոյ գործառնութեանց վրայ խոկալով, «Աստուծոյ Իսրայէլ»ին անդամները եւ անոնց ընկերակցող «ուրիշ ոչխարները» ա՛լ աւելի կը գնահատեն Եհովան եւ իր իշխելու կերպը (Յովհ. 10։16)։ Օրինակ՝ պատմութիւնը ցոյց կու տայ թէ իսրայէլի մարդկային կառավարիչները իրենց հպատակներուն վրայ մեծ ազդեցութիւն բանեցուցին,– լաւ թէ գէշ։ Այս իրողութիւնը կ’ընդգծէ քրիստոնեաներուն մէջ առաջնորդութիւն առնողներուն, թէ այդ վաղեմի թագաւորներուն պէս կառավարիչներ չըլլալով հանդերձ, միշտ հաւատքի լաւ օրինակ պէտք է հանդիսանան (Եբ. 13։7

Եհովա ներկայիս ի՛նչպէս կ’իշխէ

13. 1914–ին, ի՞նչ յատկանշական իրադարձութիւն մը տեղի ունեցաւ։

13 Այսօր քրիստոնեաները աշխարհի կը յայտարարեն, թէ մարդկութեան վրայ մարդկային իշխանութիւնը իր վախճանին մօտեցած է։ 1914–ին, Եհովա երկնքի մէջ իր Թագաւորութիւնը հաստատեց, իր նշանակած Թագաւորին՝ Յիսուս Քրիստոսի գլխաւորութեամբ։ Այդ ատեն, ան Յիսուսի հեղինակութիւն շնորհեց, որ «յաղթելու» երթայ (Յայտ. 6։2)։ Նորաթագ Թագաւորին ըսուեցաւ. «Քու թշնամիներուդ մէջտեղը դո՛ւն տիրէ» (Սաղ. 110։2)։ Ցաւօք սրտի, ազգերը յարատեւաբար մերժած են Եհովայի իշխանութեան ենթարկուիլ։ Անոնք շարունակած են վարուիլ որպէս թէ «Աստուած չկայ» (Սաղ. 14։1

14, 15. ա) Ներկայիս Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ինչպէ՞ս կ’իշխէ մեր վրայ, եւ ասոր ի տես, մենք մեզի ի՞նչ հարցումներ պէտք է ուղղենք։ բ) Ինչպէ՞ս բացայայտ է Աստուծոյ իշխանութեան գերազանցութիւնը նոյնիսկ այսօր։

14 «Աստուծոյ Իսրայէլ»էն ոմանք տակաւին ողջ են, եւ որպէս Յիսուսի եղբայրներ կը շարունակեն ‘Քրիստոսին կողմանէ դեսպանութիւն ընել’ (Բ. Կոր. 5։20)։ Անոնք նշանակուած են որպէս հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ դասակարգ, որպէսզի հոգ տանին ու հոգեւոր կերակուր հայթայթեն թէ՛ օծեալներուն եւ թէ քրիստոնեաներու մեծ բազմութեան, որ այժմ կը պարփակէ միլիոնաւորներ, որոնք երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու յոյսը ունին (Մատ. 24։45-47. Յայտ. 7։9-15)։ Ճշմարիտ երկրպագուներուն վայելած հոգեւոր բարգաւաճութիւնը կը բացայայտէ այդ կարգադրութեան վրայ Եհովայի օրհնութիւնը։

15 Իւրաքանչիւրս հարց տանք. ‘Լիովին կը զատորոշե՞մ այն պատասխանատուութիւնները, զորս քրիստոնէական ժողովքին մէջ պէտք է կրեմ։ Եհովայի իշխելու կերպին պատշաճօրէն թիկունք կը կանգնի՞մ։ Եհովայի իշխող Թագաւորութեան մէկ հպատակը ըլլալով կը պարծենա՞մ։ Վճռա՞ծ եմ շարունակել ուրիշներուն Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին խօսիլ՝ այն տարողութեամբ որ կարողութիւնս կը ներէ’։ Որպէս խումբ, սիրայօժար կ’ենթարկուինք Կառավարիչ մարմինին տուած ուղղութիւններուն եւ կը համագործակցինք ժողովքի երէցներուն հետ։ Այսպիսի կերպերով ցոյց կու տանք, թէ Աստուծոյ իշխելու կերպը կ’ընդունինք (կարդալ՝ Եբրայեցիս 13։17Յօժարակամ ենթարկումը յառաջ կը բերէ համաշխարհային միութիւն մը, որ այս պառակտուած աշխարհին մէջ եզական է։ Անիկա նաեւ խաղաղութիւն եւ արդարութիւն կը գոյացնէ ու Եհովայի փառք կը բերէ, ապացուցանելով թէ Իր իշխելու կերպը լաւագոյնն է։

Եհովայի իշխանութիւնը յաղթական է

16. Ներկայիս ամէն ոք ի՞նչ որոշում կը դիմագրաւէ։

16 Ժամանակը արագօրէն կը մօտենայ, երբ Եդեմի մէջ յարուցուած հարցերը պիտի լուծուին։ Ուստի հի՛մա է ժամանակը, որ մարդիկ որոշում մը կայացնեն։ Իւրաքանչիւր անհատ պէտք է որոշէ, կա՛մ Եհովայի իշխած կերպը ընդունիլ եւ կամ մարդկային իշխանութեան կառչիլ։ Մեր առանձնաշնորհումն է հեզերուն օգնել, որ շիտակ որոշումը կայացնեն։ Մօտ ատենէն, Արմագեդոնին, Եհովայի իշխելու կերպը վերջնականապէս Սատանայի ազդեցութեան ներքեւ եղող մարդակերտ կառավարութիւններուն տեղը պիտի առնէ (Դան. 2։44. Յայտ. 16։16)։ Մարդկային իշխանութիւնը վերջ պիտի գտնէ, եւ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ամբողջ երկրի վրայ պիտի տիրէ։ Բառին լման առումով, Եհովայի իշխելու կերպը պիտի ջատագովուի (կարդալ՝ Յայտնութիւն 21։3-5

17. Ի՞նչ իրողութիւններ հեզերուն կ’օգնեն, որ իշխանութեան նկատմամբ լաւ որոշում մը կայացնեն։

17 Անոնք որոնք տակաւին Եհովայի ի նպաստ հաստատ որոշում մը չեն կայացուցած, աղօթքով պէտք է նկատի առնեն այն օգուտները, զորս Աստուծոյ իշխելու կերպը պիտի բերէ մարդկութեան։ Մարդկային իշխանութիւնը չէ կրցած լուծել ոճիրի խնդիրը, ի ներառեալ՝ ահաբեկչութիւնը։ Աստուծոյ իշխանութիւնը երկրային թատերաբեմէն ամէն չարութիւն պիտի վերցնէ (Սաղ. 37։1, 2, 9)։ Մարդուն իշխանութիւնը անվերջ պատերազմներու առաջնորդած է, բայց Աստուծոյ իշխանութիւնը «պատերազմները [պիտի] դադարեցնէ մինչեւ երկրի ծայրը» (Սաղ. 46։9)։ Աստուծոյ իշխանութիւնը նոյնիսկ մարդոց եւ անասուններուն միջեւ խաղաղութիւնը պիտի վերահաստատէ (Եսա. 11։6-9)։ Աղքատութիւնը եւ անօթութիւնը մարդկային իշխանութեան ներքեւ մնայուն երեսակներ եղած են, բայց Աստուծոյ իշխանութիւնը զանոնք պիտի չքացնէ (Եսա. 65։21)։ Նոյնիսկ լաւագոյն միտումներ ունեցող մարդկային կառավարիչներ չեն կրցած հիւանդութեան ու մահուան վերջ դնել, բայց Աստուծոյ իշխանութեան ներքեւ, ծերերն ու հիւանդները իրենց երիտասարդական կորովը պիտի վերագտնեն (Յոբ 33։25. Եսա. 35։5, 6)։ Արդարեւ երկրագունդը պիտի ըլլայ դրախտ մը, ուր նոյնիսկ մեռելները պիտի յարուցանուին (Ղուկ. 23։43. Գործք 24։15

18. Ինչպէ՞ս կրնանք ապացուցանել, թէ կը հաւատանք որ Աստուծոյ իշխելու կերպը լաւագոյնն է։

18 Այո, Աստուծոյ իշխանութիւնը պիտի ջնջէ այն բոլոր վնասները, զորս Սատանան պատճառեց, երբ մեր առաջին ծնողքը դրդեց, որ իրենց Ստեղծիչէն հեռանան։ Նաեւ նկատի առ թէ Սատանան շուրջ 6000 տարիէ ի վեր աւերներ կը գործէ, բայց Աստուած Քրիստոսի միջոցաւ այդ բոլոր աւերները պիտի ջնջէ միայն 1000 տարուան մէջ։ Ի՜նչ հզօր ապացոյց մը, թէ Աստուծոյ իշխելու կերպը գերազանց է։ Աստուծոյ Վկաներ ըլլալով, զինք կ’ընդունինք որպէս մեր Կառավարիչը։ Ուստի մեր կեանքի իւրաքանչիւրը օրը, արդարեւ իւրաքանչիւր ժամը, ցոյց տանք թէ Եհովայի երկրպագուներն ենք, իր Թագաւորութեան հպատակներն ենք ու հպարտ ենք որ իր Վկաներն ենք։ Նաեւ ամէն պատեհութիւն օգտագործենք, որ մարդոց ըսենք թէ Եհովայի իշխելու կերպը լաւագոյնն է։

Աստուծոյ իշխանութեան առնչութեամբ ի՞նչ սորվեցանք, կարդալով՝

Բ. Օրինաց 7։7, 8.

Ա. Թագաւորաց 8։9-18.

Եբրայեցիս 13։17.

Յայտնութիւն 21։3-5։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 29]

Եհովա միշտ իր իշխանութիւնը պահպանած է

[Նկար՝ էջ 31]

Եհովայի իշխելու կերպին յօժարակամ ենթարկուիլը համաշխարհային միութիւն յառաջ կը բերէ