Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Կեանքի գոյատեւման համար, երկրագունդը միշտ բաւարար ուտելիք պիտի արտադրէ՞

Կեանքի գոյատեւման համար, երկրագունդը միշտ բաւարար ուտելիք պիտի արտադրէ՞

Ընթերցողները կը հարցնեն

Կեանքի գոյատեւման համար, երկրագունդը միշտ բաւարար ուտելիք պիտի արտադրէ՞

▪ Մեր գեղեցիկ Երկիր մոլորակը կեանքին նեցուկ կանգնելու մեծ կարողութիւն ունի։ Սակայն, հետզհետէ աւելցող բնակչութեան եւ երկրագունդի հարստութեան ծայրայեղ սպառումի պատճառաւ, թերեւս հարց տաս. ‘Կարելի՞ է որ մեր մեծ վախերէն մէկը իրապէս տեղի ունենայ։ Միշտ բաւարար ուտելիք եւ աղբիւրներ պիտի ըլլա՞ն’։

Այս ուղղութեամբ, մեզ կը հաւաստիացնէ Աստուծոյ խոստումը, զոր աւելի քան 4000 տարի առաջ՝ մարդկային ընտանիքին տուաւ. «Որչափ որ երկիրը կը մնայ, սերմ ու հունձք, ցուրտ ու տաքութիւն, ամառ ու ձմեռ եւ ցորեկ ու գիշեր պիտի չդադարին» (Ծննդոց 8։22)։ Ուստի, ինչպէս որ ստոյգ գիտենք թէ արեւը ամէն օր պիտի ծագի, կրնա՛նք վստահ ըլլալ որ երկրագունդը կեանքի գոյատեւման համար հարկ եղածը արտադրելէ երբեք պիտի չդադրի։

«Մոլորակը կրնա՞յ մեզ կերակրել» վերնագրով 2004–ին լոյս տեսած տեղեկագրութեան մէջ, կենսոլորտի թղթակից Ալեքս Քըրպի ըսաւ. «Աշխարհը ամէն ոք կերակրելու համար իսկապէս բաւարար ուտելիք կ’արտադրէ։ Բայց ուտելիքը յաճախ սխալ տեղ կը գտնուի, կամ գինը շատ բարձր է, կամ երկար ժամանակ չի մթերուիր։ Ուստի, բոլորին բաւարար ուտելիք հայթայթելը աւելի քաղաքական հարց է, քան՝ գիտական»։ Եթէ երկրագունդին վրայ պատշաճ վերակացութիւն ըլլայ եւ անոր աղբիւրները իմաստութեամբ գործածուին, պատճառ չկայ վախնալու որ ուտելիքի պակաս տեղի ունենայ։ Օրինակ՝ վաղեմի իսրայէլի օրերուն, Աստուած երկրին պատշաճ գործածութեան շուրջ յստակ ուղղութիւններ տուաւ։ Ինչպէս արձանագրուած է Ղեւտացւոց 25։4–ի մէջ, Աստուած իսրայէլացիներուն ըսաւ. «Եօթներորդ տարին երկրին համար հանգստութեան շաբաթ. . . պէտք է ըլլայ։ Քու արտդ պիտի չցանես»։ Թէեւ անոնք իւրաքանչիւր եօթներորդ տարին արտը պիտի չցանէին, սակայն Աստուած խոստացաւ հոգ տանիլ, որ ժողովուրդը առատ բարիքներով ուրախանայ ու հաւանական ուտելիքի–պակասի նկատմամբ չմտահոգուի (Ղեւտացւոց 26։3-5

Ներկայիս անկեղծ ջանքեր կը թափուին յեղաշրջելու համար երկրագունդին եւ անոր աղբիւրներուն հասած վնասները, բայց շատեր այս ջանքերը կը նկատեն չնչին ու շա՜տ ուշացած։ Միակ մնայուն լուծումը կը գտնուի Յայտնութիւն 11։18–ի մէջ։ Հոն Աստուածաշունչը կը նշէ, թէ Եհովա ‘պիտի ապականէ երկիրը ապականողները’։ Եհովա ոչ միայն երկրագունդին եւ անոր հարստութեան սխալ տնօրինութիւնը պիտի չքացնէ, այլ նաեւ՝ հոգ պիտի տանի որ երկրագունդը բոլոր բնակիչներուն համար առատ ուտելիք արտադրէ։ Աստուծոյ նպատակը յամառօրէն անտեսելը եւ անձնական օգտին համար երկրագունդը շահագործելը վերջ պիտի գտնեն։ Միւս կողմէ, անոնք որոնք Եհովայի իշխանութեան կամովին թիկունք կը կանգնին, պիտի շօշափեն Սաղմոս 72։16–ի խօսքերուն իրականութիւնը. «Ցորենի յորդառատութիւն պիտի ըլլայ երկրին մէջ՝ լեռներուն գագաթը» (ԱԾ

Իր անսահման սիրով եւ իմաստութեամբ, Եհովա նպատակադրած է որ մարդկութիւնը դրախտային երկրի վրայ պիտի բնակի եւ անոր հոգ պիտի տանի (Ծննդոց 1։28)։ Իր իշխանութեան ներքեւ, հնազանդ մարդկութիւնը պիտի սորվի բնական աղբիւրները խոհեմօրէն գործածել, առանց երկրագունդին շտեմարանը հատցնելու։ Ո՜րքան երախտապարտ ենք սիրառատ Հայթայթիչին համար, որ ամէն կենդանի մարմին պիտի կշտացնէ՝ իր փափաքին համաձայն (Սաղմոս 145։16

[Մէջբերում՝ էջ 12]

«Բոլորին բաւարար ուտելիք հայթայթելը աւելի քաղաքական հարց է, քան՝ գիտական»