Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Արեւի պէս պիտի փայլին արդարները»

«Արեւի պէս պիտի փայլին արդարները»

«Արեւի պէս պիտի փայլին արդարները»

«Այն ատեն արեւի պէս պիտի փայլին արդարները իրենց Հօրը թագաւորութեանը մէջ» (ՄԱՏ. 13։43

1. Յիսուս առակներ գործածեց Թագաւորութեան ո՞ր երեսակները բացատրելու։

ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍ Թագաւորութեան զանազան երեսակները բացատրելու համար, բազմաթիւ առակներ կամ լուսաբանութիւններ գործածեց։ Ան «առակներով խօսեցաւ ժողովուրդին։ Առանց առակի բան մը չէր խօսեր անոնց» (Մատ. 13։34)։ Թագաւորութեան ճշմարտութեան սերմը ցանելու առակներուն մէջ, Յիսուս ընդգծեց պատգամը ընդունելու մէջ անհատին սրտի վիճակին դերը եւ հոգեւոր աճման մէջ Եհովայի ունեցած դերը (Մար. 4։3-9, 26-29)։ Յիսուս նաեւ լուսաբանեց Թագաւորութեան շահերուն արտակարգ աճը երկրի վրայ, նոյնիսկ եթէ այդ աճումը սկիզբը միշտ նկատելի չըլլայ (Մատ. 13։31-33)։ Ասկէ զատ, ան ցցուն ըրաւ, թէ Թագաւորութեան պատգամին ընդառաջող բոլոր անհատները անպայմանօրէն Թագաւորութեան յարմար հպատակներ չեն (Մատ. 13։47-50 *

2. Որոմին առակին մէջ բարի սերմը ի՞նչ կը ներկայացնէ։

2 Սակայն Յիսուսի առակներէն մէկը լուսարձակի տակ կ’առնէ անոնց հաւաքումը, որոնք Յիսուսի հետ պիտի իշխեն իր Թագաւորութեան մէջ։ Ասիկա յաճախ կոչուած է՝ որոմին առակը, եւ արձանագրուած է Մատթէոս 13–րդ գլուխին մէջ։ Մինչ այլ առակի մը մէջ Յիսուս կ’ըսէ, թէ ցանուած սերմը «թագաւորութեան խօսքն» է, այս առակին մէջ ան կը նշէ, թէ բարի սերմը կը ներկայացնէ տարբեր բան մը,– «թագաւորութեանը որդիները» (Մատ. 13։19, 38)։ Անոնք Թագաւորութեան հպատակներ չեն, այլ՝ Թագաւորութեան «որդիներ» կամ ժառանգորդներ (Հռով. 8։14-17. կարդալ՝ Գաղատացիս 4։6, 7

Որոմին առակը

3. Բացատրէ թէ առակին մէջի մարդը ի՛նչ խնդիր կը դիմագրաւէ եւ ինչպէ՛ս զայն ձեռք կ’առնէ։

3 Առակը հետեւեալն է. «Երկնքի թագաւորութիւնը նմանեցաւ մարդու մը, որ իր արտին մէջ բարի սերմ ցանեց։ Երբ մարդիկ կը քնանային իր թշնամին եկաւ ու ցորենին մէջ որոմ ցանեց եւ գնաց։ Երբ խոտը բուսաւ ու պտուղ բերաւ, անկէ յետոյ որոմն ալ երեւցաւ։ Ուստի տանտիրոջ ծառաները մօտեցան ու իրեն ըսին. ‘Տէ՛ր, չէ՞ որ դուն քու արտիդ մէջ բարի սերմ ցանեցիր. ուրեմն որոմը ուրկէ՞ է’։ Անիկա ըսաւ անոնց. ‘Թշնամի մարդ մը ըրած է ատիկա’։ Ծառաները իրեն ըսին. ‘Հիմա կ’ուզե՞ս որ երթանք զանոնք քաղենք’։ Ան ալ ըսաւ. ‘Ո՛չ, չըլլայ թէ որոմը քաղած ատեննիդ ցորենն ալ անոր հետ փրցնէք։ Թող տուէ՛ք որ երկուքն ալ մէկտեղ աճին մինչեւ հունձքի ատենը։ Եւ հունձքի ատենը հնձողներուն պիտի ըսեմ. «Առաջ որոմը քաղեցէք, խուրձ խուրձ կապեցէք այրելու համար, իսկ ցորենը իմ ամբարս ժողվեցէք»’» (Մատ. 13։24-30

4. ա) Առակին մէջի մարդը ո՞վ է։ բ) Յիսուս ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս սկսաւ այս սերմը ցանելու։

4 Իր արտին մէջ բարի սերմ ցանող մարդը ո՞վ է։ Յիսուս պատասխանը կու տայ, երբ իր աշակերտներուն կը բացատրէ. «Բարի սերմը ցանողը Որդին մարդոյ է» (Մատ. 13։37)։ Յիսուս՝ «Որդին մարդոյ», իր երկրային ծառայութեան երեքուկէս տարուան ընթացքին արտը ցանելու պատրաստեց (Մատ. 8։20. 25։31. 26։64)։ Մ.թ. 33–ի Պէնտէկոստէէն սկսեալ, ան սկսաւ ցանելու բարի սերմը՝ «թագաւորութեանը որդիները»։ Այս ցանելը ակներեւօրէն տեղի ունեցաւ, երբ Յիսուս որպէս Եհովայի ներկայացուցիչը սկսաւ աշակերտներուն վրայ սուրբ հոգին թափելու, զանոնք որպէս Աստուծոյ որդիներ օծելով (Գործք 2։33 * Բարի սերմը աճելով ցորեն եղաւ։ Ուստի բարի սերմը ցանելու նպատակն էր՝ ի վերջոյ Յիսուսի հետ իր Թագաւորութեան մէջ ժառանգակից եւ իշխանակից ըլլալիք անհատներուն լման թիւը հաւաքել։

5. Առակին մէջի թշնամին ո՞վ է, եւ որոմը զո՞վ կը պատկերացնէ։

5 Ո՞վ է թշնամին, եւ ո՞վ են որոմները։ Յիսուս մեզի կ’ըսէ, թէ թշնամին «Սատանան է», իսկ որոմը «չարին որդիներն են» (Մատ. 13։25, 38, 39)։ Յիսուսի ակնարկած այս որոմը թունաւոր է ու նախնական հանգրուաններուն շատ կը նմանի ցորենին։ Ի՜նչ յարմար նկարագրութիւն մը անոնց, որոնք կը դաւանին Թագաւորութեան որդիներն ըլլալ, բայց իսկական պտուղ չեն արտադրեր։ Այս կեղծաւոր քրիստոնեաները, որոնք Քրիստոսի հետեւորդներ ըլլալ կը դաւանին, իրապէս Բանսարկուի «սերունդ»ին մաս կը կազմեն (Ծն. 3։15

6. Որոմը ե՞րբ սկսաւ ի յայտ գալու, եւ այդ ատեն մարդիկ ինչպէ՞ս «կը քնանային»։

6 Այս որոմանման քրիստոնեաները ե՞րբ ի յայտ եկան։ «Երբ մարդիկ կը քնանային», կ’ըսէ Յիսուս (Մատ. 13։25)։ Ասիկա ե՞րբ էր։ Պատասխանը կը գտնենք եփեսացի երէցներուն ուղղուած Պօղոս առաքեալի խօսքերուն մէջ. «Գիտեմ թէ իմ զատուելէս ետքը ձեր մէջ յափշտակող գայլեր պիտի մտնեն, որոնք պիտի չխնայեն հօտին։ Եւ ձեզմէ ալ այնպիսի՛ մարդիկ պիտի ելլեն, որոնք ծուռ բաներ պիտի խօսին՝ աշակերտները իրենց ետեւէն քաշելու համար» (Գործք 20։29, 30)։ Ապա ան այդ երէցները յորդորեց, որ հոգեւորապէս արթուն մնան։ Հաւատուրացութիւնը ‘արգիլող’ առաքեալները մեռնելու սկսելէ ետք, բազմաթիւ քրիստոնեաներ հոգեւորապէս քնացան (կարդալ՝ Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։3, 6-8Ա՛յդ ատեն մեծ հաւատուրացութիւնը սկսաւ։

7. Ցորենէն մաս մը որոմի վերածուեցա՞ւ. բացատրէ։

7 Յիսուս չըսաւ թէ ցորենը որոմի պիտի վերածուէր, այլ՝ թէ որոմ ցանուեցաւ ցորենին մէջ։ Ուստի այս առակը չի նկարագրեր հարազատ քրիստոնեաներ, որոնք ճշմարտութենէն կը հեռանան։ Փոխարէն, անիկա ուշադրութեան կը յանձնէ Սատանայի դիտումնաւոր ջանքը, որ քրիստոնէական ժողովքը ապականէ, ամբարիշտ անհատներ ներմուծելով։ Վերջին առաքեալին՝ Յովհաննէսի ծերութեան ժամանակ, այս հաւատուրացութիւնը բացայայտ էր (Բ. Պետ. 2։1-3. Ա. Յովհ. 2։18

«Թող տուէ՛ք որ երկուքն ալ մէկտեղ աճին մինչեւ հունձքի ատենը»

8, 9. ա) Ինչո՞ւ Հողատիրոջ տուած հրահանգները իմաստալից էին Յիսուսի ունկնդիրներուն։ բ) Առակին կատարման մէջ, ցորենը եւ որոմը ինչպէ՞ս միասնաբար աճեցան։

8 Հողատիրոջ ծառաները իրեն կ’իմացնեն խնդիրը եւ կը հարցնեն. «Հիմա կ’ուզե՞ս որ երթանք [որոմները] քաղենք» (Մատ. 13։27, 28)։ Անոր պատասխանը զարմանալի կրնայ թուիլ։ Ան կ’ըսէ անոնց, որ թոյլ տան որ ցորենը եւ որոմը միասին աճին մինչեւ հունձքի ատենը։ Յիսուսի աշակերտներուն համար այդ պատուէրը իմաստալից էր։ Անոնք գիտէին թէ դժուար էր զանազանել ցորենը որոմէն։ Իսկ հողագործական փորձառութիւն ունեցողները գիտէին, թէ որոմին արմատները եւ ցորենին արմատները սովորաբար իրարու կ’անցնին։ * Զարմանալի չէ որ Հողատէրը կը պատուիրէ սպասել։

9 Նոյնպէս, դարերու ընթացքին, քրիստոնեայ աշխարհի այլազան աղանդները առատ որոմներ յառաջ բերած են,– նախ՝ կաթողիկէ եւ ուղղափառ եկեղեցիներուն մէջ, ապա բողոքական խումբերուն մէջ։ Միեւնոյն ատեն, աշխարհի արտին մէջ հարազատ ցորենի սերմեր ալ ցանուած են։ Առակին մէջի հողատէրը աճման ժամանակամիջոցին համբերութեամբ սպասեց մինչեւ հունձքի ատենը։

Ակնկալուած հունձքի ատենը

10, 11. ա) Հունձքի ատենը ե՞րբ է։ բ) Այլաբանական ցորենը ինչպէ՞ս Եհովայի ամբարը կը բերուի։

10 Յիսուս մեզի կ’ըսէ. «Հունձքը աշխարհիս վերջն է ու հնձողները հրեշտակներն են» (Մատ. 13։39)։ Իրերու այս չար դրութեան վերջին օրերուն ընթացքին անջատում մը տեղի կ’ունենայ,– Թագաւորութեան որդիները պէտք է հաւաքուին եւ որոմանման անհատներէն զատուին։ Ասոր առնչութեամբ Պետրոս առաքեալ կը նշէ. «Ժամանակ է որ դատաստանը Աստուծոյ տունէն սկսի։ Եթէ առաջ մեզմէ սկսի, հապա անոնց վերջը ի՞նչ պիտի ըլլայ՝ որոնք Աստուծոյ աւետարանին չեն հնազանդիր» (Ա. Պետ. 4։17

11 Վերջին օրերը սկսելէն քիչ ետք, ճշմարիտ քրիստոնեաներ ըլլալ դաւանողներուն դատաստանը սկսաւ,– ըլլա՛ն անոնք իրապէս «թագաւորութեանը որդիները» կամ «չարին որդիները»։ Հունձքին սկիզբը, «առաջ» Մեծ Բաբելոնը ինկաւ, ապա Թագաւորութեան որդիները հաւաքուեցան (Մատ. 13։30)։ Բայց ներկայիս, այլաբանական ցորենը ի՞նչպէս Եհովայի ամբարը կը բերուի։ Այս հնձուող անհատները կա՛մ վերահաստատուած քրիստոնէական ժողովքին մէջ բերուեցան, ուր Աստուծոյ հաճութիւնն ու պաշտպանութիւնը կը վայելեն, եւ կամ իրենց երկնային վարձատրութիւնը ստացան։

12. Հունձքը ո՞րքան ժամանակ կը շարունակուի։

12 Դատաստանը ո՞րքան երկար կը տեւէ։ Յիսուս խօսեցաւ հունձքի «ատեն»ին մասին, որ սովորաբար որոշ ժամանակամիջոց մըն է (Յայտ. 14։15, 16)։ Օծեալ դասակարգին անդամներուն դատաստանը կը շարունակուի վերջին ժամանակին ընթացքին։ Անիկա պիտի տեւէ մինչեւ անոնց վերջնական կնքումը (Յայտ. 7։1-4

13. Որոմները ինչպէ՞ս գայթակղութիւն կը պատճառեն եւ անօրէնութիւն կը գործեն։

13 Թագաւորութենէն որո՞նք պիտի հաւաքուին, եւ անոնք ի՞նչպէս գայթակղութիւններ եւ անօրէնութիւն կը գործեն (Մատ. 13։41)։ Քրիստոնեայ աշխարհի որոմանման կղերները դարեր շարունակ մոլորեցուցած են միլիոնաւորներ։ Անոնք ասիկա ըրած են Աստուած անպատուող ուսուցումներով՝ «գայթակղութիւններ»ով, ինչպէս՝ դժոխքի կրակին մէջ յաւերժական պատիժի վարդապետութիւնը եւ խորհրդաւոր Երրորդութիւնը։ Բազմաթիւ կրօնական առաջնորդներ իրենց հօտերուն գէշ օրինակ հանդիսացած են, այս աշխարհին բարեկամ ըլլալով ու կարգ մը պարագաներուն՝ բացայայտ անբարոյ վարքով (Յակ. 4։4)։ Ասկէ զատ, քրիստոնեայ աշխարհը հետզհետէ աւելի հանդուրժած է իր անդամներուն անբարոյութիւնը (կարդալ՝ Յուդա 4Հակառակ այս բոլորին, անոնք կը շարունակեն բարեպաշտութեան եւ աստուածպաշտութեան դրսերեւոյթ մը պահպանել։ Թագաւորութեան որդիները ո՜րքան ուրախ են, որ այսպիսի որոմանման ազդեցութիւններէ եւ գայթակղութիւն պատճառող ուսուցումներէ անջատուած են։

14. Որոմանման անհատները ինչպէ՞ս կու լան եւ իրենց ակռաները կը կրճտեն։

14 Որոմանման անհատները ի՞նչպէս կու լան եւ իրենց ակռաները կը կրճտեն (Մատ. 13։42)։ «Չարին որդիները» կը չարչարուին այն իրողութեամբ, թէ «թագաւորութեանը որդիները» որոմանման անհատներուն հոգեւորապէս թունաւոր վիճակը կը քօղազերծեն։ Անոնք նաեւ կ’ողբան, որ եկեղեցիներու անդամները իրենց նուազ թիկունք կը կանգնին եւ աշխարհական դասը այլեւս իրենց հակակշռին տակ չէ (կարդալ՝ Եսայի 65։13, 14

15. Որոմանման անհատները ի՞նչ առումով կ’այրուին կրակի մէջ։

15 Որոմները ի՞նչ առումով կը քաղուին ու կ’այրուին կրակի մէջ (Մատ. 13։40)։ Ասիկա կ’ակնարկէ որոմներուն վերջնական վիճակին։ Այլաբանօրէն կրակի հնոցին մէջ ձգուիլը ցոյց կու տայ, թէ անոնք յաւերժական կործանումի պիտի ենթարկուին (Յայտ. 20։14. 21։8)։ Կեղծ, խաբեբայ, որոմանման քրիստոնեաները «մեծ նեղութեան» ընթացքին արմատահան պիտի ըլլան (Մատ. 24։21

«Արեւի պէս պիտի փայլին»

16, 17. Աստուծոյ տաճարին առնչութեամբ Մաղաքիա ի՞նչ մարգարէացաւ, եւ ասիկա ինչպէ՞ս սկսաւ կատարուելու։

16 Ցորենանման անհատները ե՞րբ «արեւի պէս [կը] փայլին» (Մատ. 13։43)։ Աստուծոյ տաճարին մաքրագործման առնչութեամբ, Մաղաքիա մարգարէացաւ. «Ձեր փնտռած Տէրը, այսինքն ուխտին հրեշտակը, որու կը հաւնիք, յանկարծ իր տաճարը պիտի գայ։ Ահա կու գայ, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։ Անոր գալուստին օրը ո՞վ կրնայ դիմանալ։ Անոր երեւնալուն ատենը ո՞վ կրնայ կայնիլ. քանզի անիկա հալեցնողին՝ կրակին պէս ու թափիչներուն օճառին պէս պիտի ըլլայ։ Անիկա արծաթ հալեցնողի ու մաքրողի պէս պիտի նստի։ Ղեւիին որդիները պիտի մաքրէ, զանոնք ոսկիի պէս ու արծաթի պէս պիտի զտէ։ Անոնք արդարութեամբ Տէրոջը ընծայ պիտի մատուցանեն» (Մաղ. 3։1-3

17 Արդի ժամանակներուն, այս մարգարէութիւնը ակներեւօրէն սկսաւ կատարուելու 1918–ին, երբ Եհովա, «ուխտին հրեշտակ»ին՝ Յիսուս Քրիստոսի հետ, հոգեւոր տաճարը քննեց։ Մաղաքիա մեզի կ’ըսէ թէ ի՛նչ տեղի կ’ունենայ, երբ այս մաքրագործումը կ’ամբողջանայ. «Պիտի դառնաք ու արդարին եւ ամբարիշտին, Աստուծոյ ծառայութիւն ընողին եւ անոր ծառայութիւն չընողին տարբերութիւնը պիտի տեսնէք» (Մաղ. 3։18)։ Կազդուրուած ճշմարիտ քրիստոնեաներուն մեծ գործունէութիւնը կը մատնանշէ այդ շրջանը որպէս հունձքի ատենին սկիզբը։

18. Դանիէլ մեր օրերուն մասին ի՞նչ մարգարէացաւ։

18 Դանիէլ մարգարէն մեր օրերուն մասին խօսեցաւ, երբ նախագուշակեց. «Իմաստունները երկնքի հաստատութեանը լոյսին պէս ու անոնք որ շատերը արդարութեան կ’առաջնորդեն՝ աստղերու պէս պիտի փայլին յաւիտեանս յաւիտենից» (Դան. 12։3)։ Լոյսի պէս փայլող այս անհատները ո՞վ են։ Անոնք օծեալ քրիստոնեաներն են, որոմի առակին մէջ Յիսուսի ակնարկած հարազատ ցորենը։ Ոչխարանման անհատներու հետզհետէ աւելցող մեծ բազմութիւնը յստակօրէն զատորոշուած է որոմանման քրիստոնեաներուն ‘ժողվուիլը’։ Հոգեւոր իսրայէլի մնացորդին յարելով, Թագաւորութեան այս ապագայ հպատակները նոյնպէս խաւար աշխարհին մէջ իրենց լոյսը կը փայլեցնեն (Զաք. 8։23. Մատ. 5։14-16. Փլպ. 2։15

19, 20. «Թագաւորութեանը որդիները» անձկագին ի՞նչ կը սպասեն, իսկ յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

19 Ներկայիս, «թագաւորութեանը որդիները» անձկագին կը սպասեն իրենց փառաւոր երկնային վարձատրութեան (Հռով. 8։18, 19. Ա. Կոր. 15։53. Փլպ. 1։21-24)։ Սակայն մինչ այդ, անոնք հաւատարիմ պէտք է մնան, շարունակելով փայլիլ ու «չարին որդիներ»էն ուշագրաւօրէն տարբերիլ (Մատ. 13։38. Յայտ. 2։10)։ Ո՜րքան ուրախ ենք, որ որոմներուն այլաբանական ‘քաղումին’ արդիւնքը տեսնելու առանձնաշնորհումը ունեցած ենք։

20 Բայց Թագաւորութեան այս որդիներուն եւ որպէս Թագաւորութեան հպատակներ երկրի վրայ առյաւէտ ապրելու յոյսը ունեցող մեծ բազմութեան միջեւ ի՞նչ կապ կայ։ Յաջորդ յօդուածը այս հարցումին պիտի պատասխանէ։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 1 Այս առակներուն մանրամասն քննարկութեան համար, տե՛ս Դիտարան–ի 1 յուլիս 2008 թիւը, էջ 24-32։

^ պարբ. 4 Այս առակին մէջ, ցանելը չի պատկերացներ քարոզելու եւ աշակերտելու գործը, որ պիտի բերէր նորեկներ, որոնք օծեալ քրիստոնեաներ պիտի դառնային։ Արտին մէջ ցանուած բարի սերմին առնչութեամբ, Յիսուս ըսաւ. «Թագաւորութեանը որդիներն են [ոչ թէ՝ «պիտի դառնան»]»։ Ցանելը կ’ակնարկէ աշխարհի արտին մէջ Թագաւորութեան այս որդիներուն օծման։

^ պարբ. 8 Որոմին արմատները եւ ցորենին արմատները ա՛յնքան իրարու կ’անցնին, որ հունձքէն առաջ որոմը արմատախիլ ընելը կրնայ ցորենին կորուստ պատճառել (տե՛ս Խորաթափանց ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն վրայ, հատոր 1, էջ 1178)։

Կը յիշե՞ս

Որոմի առակին մէջ, հետեւեալները ի՞նչ կը նշանակեն։

• Բարի սերմը

• Սերմ ցանող մարդը

• Սերմ ցանելը

• Թշնամին

• Որոմը

• Հունձքի ատենը

• Ամբարը

• Լալը եւ ակռաներ կրճտելը

• Կրակի հնոցը

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 26]

Մ.թ. 33–ի Պէնտէկոստէն նշեց բարի սերմը ցանելու սկիզբը

[Նկար՝ էջ 27]

Այլաբանական ցորենը այժմ Եհովայի ամբարը կը բերուի

[Նկարին աղբիւրը]

Pictorial Archive (Near Eastern History) Est.