Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մկրտուած՝ որո՞նց եւ ի՞նչ բանի անունով

Մկրտուած՝ որո՞նց եւ ի՞նչ բանի անունով

Մկրտուած՝ որո՞նց եւ ի՞նչ բանի անունով

«Գացէ՛ք. . . աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ» (ՄԱՏ. 28։19

1, 2. ա) Մ.թ. 33–ի Պէնտէկոստէին Երուսաղէմի մէջ ի՞նչ տեղի ունեցաւ։ բ) Ինչո՞ւ շատեր մղուեցան մկրտուելու։

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԸ կ’եռար բազմաթիւ երկիրներէ եկած ամբոխներով։ Մ.թ. 33–ի Պէնտէկոստէին, կարեւոր տօնախմբութիւն մը տեղի կ’ունենար, եւ շատ մը այցելուներ անոր կը մասնակցէին։ Բայց արտասովոր բան մը պատահեցաւ, որմէ ետք Պետրոս առաքեալ ներկայացուց ոգեցունց ճառ մը, որ ապշեցուցիչ ազդեցութիւն ունեցաւ։ Շուրջ 3000 հրեաներ ու նորահաւատներ անոր խօսքերով տպաւորուեցան, զղջացին ու ջուրին մէջ մկրտուեցան։ Այսպէս, անոնք նորակազմ քրիստոնէական ժողովքին միացան (Գործք 2։41)։ Երուսաղէմի շրջակայքը գտնուող աւազաններուն կամ ջրամբարներուն մէջ անոնց մկրտութիւնը, ուրիշներուն ուշադրութիւնը գրաւած ըլլալու էր։

2 Ի՞նչ բան մղեց որ շատեր մկրտուին։ Նախապէս, այդ օրը «յանկարծակի երկնքէն ձայն մը եղաւ սաստկաշունչ հովի մը ձայնին պէս»։ Վերնատան մը մէջ Յիսուսի աշակերտներէն շուրջ 120 հոգի սուրբ հոգիով լեցուեցան։ Անկէ ետք, աստուածավախ տղամարդիկ ու կիներ հաւաքուեցան եւ զարմացան, որ այս աշակերտները ‘ուրիշ լեզուներով կը խօսէին’։ Ականջ տալով Պետրոսի ըսածներուն, ի ներառեալ՝ Յիսուսի մահուան մասին իր յատկանշական լուսաբանութիւնները, շատեր «իրենց սրտերուն մէջ զղջացին»։ Անոնք ի՞նչ պէտք էր ընէին։ Պետրոս պատասխանեց. «Ապաշխարեցէ՛ք ու ձեզմէ ամէն մէկը թող մկրտուի Յիսուս Քրիստոսին անունովը. . . եւ Սուրբ Հոգիին պարգեւը պիտի ընդունիք» (Գործք 2։1-4, 36-38

3. Պէնտէկոստէի օրը, զղջացող հրեաներն ու նորահաւատները ի՞նչ պէտք էր ընէին։

3 Պահ մը խորհէ Պետրոսի ականջ տուող հրեաներուն ու նորահաւատներուն կրօնական կացութեան մասին։ Անոնք արդէն իսկ Եհովան ընդունած էին որպէս իրենց Աստուածը։ Եւ Եբրայերէն Գրութիւններէն անոնք գիտէին սուրբ հոգիին մասին,– Աստուծոյ գործօն ուժը, որ ստեղծագործութեան ընթացքին եւ անկէ ետք գործածուեցաւ (Ծն. 1։2. Դատ. 14։5, 6. Ա. Թագ. 10։6. Սաղ. 33։6)։ Բայց անոնք յաւելեալ բանի մը կարիքը ունէին։ Կենսական էր որ անոնք հասկնային եւ ընդունէին Աստուծոյ՝ փրկութեան միջոցը,– Մեսիան, Յիսուսը։ Ուստի, Պետրոս ցցուն ըրաւ անոնց կարիքը, որ ‘մկրտուին Յիսուս Քրիստոսի անունով’։ Քանի մը օր առաջ, յարուցեալ Յիսուս պատուիրած էր Պետրոսի եւ ուրիշներու, որ մարդիկ մկրտեն «յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ» (Մատ. 28։19, 20)։ Ասիկա առաջին դարուն խոր իմաստ մը կը կրէր, ու տակաւին կը կրէ։ Ի՞նչ է արդեօք։

Հօր անունով

4. Եհովայի հետ յարաբերութիւն ունեցող մարդոց առնչութեամբ ի՞նչ փոփոխութիւն տեղի ունեցաւ։

4 Ինչպէս նշուեցաւ, Պետրոսի ճառին ընդառաջողները Եհովան կը պաշտէին ու նախապէս Իրեն հետ յարաբերութիւն ունէին։ Անոնք կը ջանային իր Օրէնքին հետեւիլ, եւ այս պատճառով ոմանք այլ երկիրներէ Երուսաղէմ եկած էին (Գործք 2։5-11)։ Սակայն Աստուած այժմ իր գործառնութեանց մէջ նշանակալից փոփոխութիւն մը ըրած էր։ Ան հրեաները մերժած էր որպէս իր մասնայատուկ ազգը. Օրէնքը պահելը այլեւս իր հաճութիւնը ստանալու միջոցը չէր (Մատ. 21։43. Կող. 2։14)։ Եթէ այդ ունկնդիրները կ’ուզէին Եհովայի հետ յարատեւ յարաբերութիւն մը ունենալ, որոշ բան մը պէտք էր ընէին։

5, 6. Առաջին դարու բազմաթիւ հրեաներ ու նորահաւատներ ի՞նչ ըրին, որպէսզի Աստուծոյ հետ փոխյարաբերութիւն ունենան։

5 Վստահաբար, այդ քայլը իրենց Կենսատուէն՝ Եհովայէ հեռանալ չէր (Գործք 4։24)։ Պետրոսի բացատրութեան ընդառաջողները որեւէ ժամանակէ աւելի կրնային տեսնել, թէ Եհովա բարեգործ Հայր մըն է։ Ան Մեսիան ղրկեց զիրենք ազատելու համար եւ պատրաստ էր ներելու նոյնիսկ անո՛նց, որոնց Պետրոս կրցաւ ըսել. «Բոլոր Իսրայէլի տունը ճշմարտապէս թող գիտնայ թէ Աստուած զանիկա Տէ՛ր ալ ըրաւ՝ Օծեա՛լ ալ, այն Յիսուսը, որ դուք խաչեցիք»։ Արդարեւ, Պետրոսի խօսքերը գործադրողները այժմ աւելի մեծ պատճառ մը պիտի ունենային գնահատելու ի՛նչ որ Հայրը ըրած էր բոլոր անոնց համար, որոնք կ’ուզէին իրեն հետ փոխյարաբերութիւն ունենալ (կարդալ՝ Գործք 2։30-36

6 Այդ հրեաներն ու նորահաւատները այժմ կրնային ըմբռնել, թէ Եհովայի հետ յարաբերութիւն ունենալը կը պարփակէր զինք ընդունիլ որպէս Յիսուսի միջոցաւ փրկութիւն Հայթայթողը։ Ուստի կրնաս հասկնալ թէ անոնք ինչո՛ւ զղջացին իրենց մեղքերուն համար, ի ներառեալ՝ Յիսուսի սպանութեան մէջ գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար բաժին բերելու մեղքը։ Նաեւ զարմանալի չէ որ յաջորդող օրերուն, անոնք «միշտ առաքեալներուն վարդապետութեան. . . ետեւէն էին» (Գործք 2։42)։ Անոնք կրնային ուզել եւ պիտի ուզէին ‘համարձակութիւնով մօտենալ շնորհաց աթոռին’ (Եբ. 4։16

7. Ներկայիս շատեր ինչպէ՞ս Աստուծոյ մասին իրենց տեսակէտը փոխած են եւ Հօր անունով մկրտուած են։

7 Ներկայիս, զանազան ենթահողերէ միլիոնաւորներ Աստուածաշունչէն սորված են ճշմարտութիւնը Եհովայի մասին (Եսա. 2։2, 3)։ Ոմանք անաստուած կամ աստուածադաւան * էին, բայց համոզուեցան թէ գոյութիւն ունի Ստեղծիչ մը, որուն հետ կրնան իմաստալից յարաբերութիւն մը ունենալ։ Ուրիշներ երրեակ աստուած մը կամ այլազան կուռքեր կը պաշտէին։ Անոնք սորվեցան թէ միայն Եհովան է ամենակալ Աստուածը, եւ այժմ անոր անձնական անունը կը գործածեն։ Ասիկա ներդաշնակ է այն իրողութեան հետ, թէ Յիսուս ըսաւ որ իր աշակերտները պէտք է մկրտուին Հօր անունով։

8. Ադամական մեղքին մասին գաղափար չունեցողները, Հօր մասին ի՞նչ բան պէտք էր գիտնային։

8 Անոնք նաեւ սորված են թէ Ադամէն մեղք ժառանգեցին (Հռով. 5։12)։ Ասիկա նոր բան մըն էր, զոր պէտք էր որպէս ճշմարտութիւն ընդունէին։ Անոնք կրնան նմանցուիլ հիւանդի մը, որ իր հիւանդութեան անտեղեակ էր։ Թերեւս ան ունէր կարգ մը ախտանշաններ, ինչպէս՝ ատեն–ատեն ցաւ։ Սակայն ախտաճանաչում չըլլալով, ան թերեւս կը խորհէր թէ հիմնականօրէն առողջ էր։ Բայց իրողութիւնները հակառակը ցոյց տուին (համեմատել՝ Ա. Կորնթացիս 4։4)։ Եթէ անոր հիւանդութիւնը ճշգրտօրէն գիտցուէր, խոհեմութիւն պիտի չը՞լլար որ ան ճանչցուած եւ ազդու դարմանում մը փնտռէր։ Նոյնպէս, ժառանգուած մեղքի մասին ճշմարտութիւնը սորվելէ ետք, շատեր Աստուածաշունչի «ախտաճանաչումը» ընդունած են եւ հասկցած են, թէ Աստուած «դարմանը» կը մատուցանէ։ Այո, Հօրմէն օտարացած բոլոր անհատները պէտք է դիմեն Անո՛ր, որ կրնայ զիրենք «բուժել» (Եփ. 4։17-19

9. Եհովա ի՞նչ ըրաւ իրեն հետ յարաբերութիւն ունենալը կարելի դարձնելու համար։

9 Եթէ արդէն կեանքդ Եհովա Աստուծոյ նուիրած ես ու մկրտուած քրիստոնեայ մը եղած ես, գիտես թէ իրեն հետ յարաբերութիւն մը ունենալը ի՜նչ սքանչելի բան մըն է։ Այժմ կրնաս գնահատել, թէ ո՜րքան սիրառատ է Հայրդ՝ Եհովան (կարդալ՝ Հռովմայեցիս 5։8, 9Թէեւ Ադամ ու Եւա իրեն դէմ մեղանչեցին, բայց Աստուած նախաքայլը առաւ որ անոնց զարմը,– ի ներառեալ մենք,– կարենայ իրեն հետ լաւ յարաբերութիւն մը ունենալ։ Ասիկա ընելով, Աստուած ինքզինք տառապանքի ենթարկեց, իր սիրելի Որդիին չարչարանքն ու մահը տեսնելով։ Ասիկա գիտնալը չ’օ՞գներ որ սէրէ մղուած՝ Աստուծոյ հեղինակութիւնը ընդունինք եւ իր պատուիրաններուն հնազանդինք։ Արդարեւ, պատճառներ ունիս որ անձդ Աստուծոյ նուիրես ու մկրտուիս։

Որդիին անունով

10, 11. ա) Յիսուսի ո՞րքան կը պարտիս։ բ) Փրկանք հայթայթելու համար Յիսուսի մեռնիլը ինչպէ՞ս կը նկատես։

10 Դարձեալ մտածէ ամբոխին ուղղուած Պետրոսի խօսքերուն մասին։ Ան ընդգծեց Յիսուսը ընդունիլը, ինչ որ ուղղակի առնչուած է ‘յանուն Որդւոյ’ մկրտուելուն։ Ասիկա այդ ժամանակ ինչո՞ւ կենսական էր, իսկ ներկայիս ինչո՞ւ կենսական է։ Յիսուսը ընդունիլը եւ իր անունով մկրտուիլը կը նշանակէ՝ Ստեղծիչին հետ մեր յարաբերութեան մէջ իր դերը ճանչնալ։ Յիսուս տանջանքի ցիցի մը վրայ պէտք էր կախուէր, որպէսզի հրեաներուն վրայէն Օրէնքին անէծքը վերցնէր. սակայն իր մահը աւելի մեծ օգուտ մը ունէր (Գաղ. 3։13)։ Ան ամբողջ մարդկութեան հարկ եղած փրկանքի զոհը հայթայթեց (Եփ. 2։15, 16. Կող. 1։20. Ա. Յովհ. 2։1, 2)։ Ասիկա իրագործելու համար, Յիսուս տոկաց անիրաւութեան, նախատինքի, չարչարանքի եւ ի վերջոյ՝ մահուան։ Անոր զոհաբերութիւնը ո՞րքան կը գնահատես։ Երեւակայէ որ 12 տարեկան տղեկ մըն ես ու կը ճամբորդես Թայթէնիք նաւուն վրայ, որ 1912–ին սառցալերան մը պատճառաւ ընկղմեցաւ։ Կը փորձես փրկանաւու մը մէջ մտնել, բայց անիկա լեցուն է։ Ապա փրկանաւուն մէջ մարդ մը իր կնոջ կը համբուրէ, նաւ կը վերադառնայ ու քեզ փրկանաւուն մէջ կը դնէ։ Ի՞նչպէս կը զգաս։ Վստահաբար իրեն երախտապարտ կ’ըլլաս։ Կրնաս հասկնալ թէ այս իրական փորձառութիւնը ունեցող տղեկը ի՛նչպէս զգաց։ * Բայց Յիսուս քեզի համար աւելին ըրաւ։ Ան մեռաւ, որպէսզի անվերջ կեանք ձեռք ձգես։

11 Ի՞նչպէս զգացիր երբ իմացար թէ Աստուծոյ Որդին քեզի համար ի՛նչ ըրաւ (կարդալ՝ Բ. Կորնթացիս 5։14, 15Հաւանաբար խորապէս երախտապարտ եղար։ Ասիկա քեզի օգնեց որ մղուիս կեանքդ Աստուծոյ նուիրելու եւ ‘միայն քու անձիդ համար կենդանի չըլլալու, հապա անոր՝ որ քեզի համար մեռաւ’։ Որդիին անունով մկրտուիլը կը նշանակէ՝ ընդունիլ ի՛նչ որ Յիսուս քեզի համար ըրած է եւ ճանչնալ իր հեղինակութիւնը որպէս «կենաց Առաջնորդը» (Գործք 3։15. 5։31)։ Նախապէս, ո՛չ Ստեղծիչին հետ փոխյարաբերութիւն ունէիր, ոչ ալ՝ վաւերական յոյս մը։ Բայց Յիսուս Քրիստոսի թափուած արեան հաւատք ընծայելով եւ մկրտուելով, այժմ Հօր հետ փոխյարաբերութիւն կը վայելես (Եփ. 2։12, 13)։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Ձեզ ալ՝ որ ատեն մը օտարացած էիք ու չար գործերով թշնամիներ՝ ձեր խորհուրդներովը, հիմա [Աստուած] հաշտեցուց բուն [Յիսուսի] մարմնովը՝ մահուամբ, որպէս զի ձեզ անոր առջեւ սուրբ ու անբիծ եւ անարատ կայնեցնէ» (Կող. 1։21, 22

12, 13. ա) Որդիին անունով մկրտուիլը ինչպէ՞ս պէտք է ազդէ հակազդեցութեանդ, երբ մէկը քեզ ընդվզեցնէ։ բ) Որպէս Յիսուսի անունով մկրտուած քրիստոնեայ, ի՞նչ պարտաւորութիւն ունիս։

12 Որդիին անունով մկրտուելով հանդերձ, քու մեղաւոր հակումներուդ մեծապէս կը գիտակցիս։ Այս գիտակցութիւնը ամէն օր օգտակար է։ Օրինակ՝ եթէ անհատ մը քեզ ընդվզեցնէ, ի մտի կ’ունենա՞ս թէ երկուքդ ալ մեղաւոր էք։ Երկուքդ Աստուծոյ ներումին կարիք ունիք եւ ներող պէտք է ըլլաք (Մար. 11։25)։ Այս կարիքը շեշտելու համար, Յիսուս առակ մը տուաւ. ծառայի մը տէրը անոր տասը հազար տաղանդ (60 միլիոն դահեկան) պարտքը ջնջեց։ Իսկ այս ծառան չներեց ծառայակիցի մը պարտքը, որ 100 դահեկան կը պարտէր իրեն։ Ապա Յիսուս սա կէտը ընդգծեց. Եհովա պիտի չներէ անոր՝ որ իր եղբօր չի ներեր (Մատ. 18։23-35)։ Այո, Որդիին անունով մկրտուիլը կը նշանակէ՝ Յիսուսի հեղինակութիւնը ընդունիլ եւ ջանալ անոր օրինակին եւ ուսուցումներուն հետեւիլ, ի ներառեալ՝ կամենալ ուրիշներուն ներել (Ա. Պետ. 2։21. Ա. Յովհ. 2։6

13 Անկատար ըլլալով, չես կրնար կատարելապէս Յիսուսը ընդօրինակել։ Այսուհանդերձ, քանի որ Աստուծոյ սրտանց նուիրուած ես, կ’ուզես Յիսուսը կրցածիդ չափ ընդօրինակել։ Ասիկա կը պարփակէ շարունակել հին անձնաւորութիւնը մէկդի դնել ու նորը հագուիլ (կարդալ՝ Եփեսացիս 4։20-24Երբ կը սկսիս բարեկամ մը յարգելու, հաւանաբար կը ջանաս անոր օրինակէն ու լաւ յատկութիւններէն սորվիլ։ Նոյնպէս, կ’ուզես Քրիստոսէն սորվիլ ու զինք ընդօրինակել։

14. Ինչպէ՞ս կրնաս ցոյց տալ, թէ կ’ընդունիս Յիսուսի հեղինակութիւնը որպէս երկնային Թագաւոր։

14 Այլ կերպով մըն ալ կրնաս ցոյց տալ, թէ կը հասկնաս Որդիին անունով մկրտուիլը ի՛նչ կը պարփակէ։ Աստուած «ամէն բան [Յիսուսի] ոտքերուն տակ հնազանդեցուց եւ զանիկա որպէս եկեղեցիին գլուխը դրաւ բոլոր բաներուն վրայ» (Եփ. 1։22)։ Ուստի պէտք է յարգես Եհովայի նուիրուած անհատները առաջնորդելու Յիսուսի կերպը։ Քրիստոս ժողովքիդ մէջ կը գործածէ անկատար մարդիկ, յատկապէս՝ հոգեւորապէս ծեր եղողները, նշանակուած երէցները։ Այսպիսի տղամարդիկ նշանակուած են «սուրբերուն կատարելութեանը համար. . . Քրիստոսին մարմնին շինութեանը համար» (Եփ. 4։11, 12)։ Նոյնիսկ եթէ անկատար մարդ մը սխալ մը գործէ, որպէս երկնային Թագաւորութեան Թագաւոր՝ Յիսուս կրնայ հարցը ձեռք առնել, իր որոշած ատենին ու կերպով։ Ասոր կը հաւատա՞ս։

15. Եթէ մկրտուելու վրայ ես, ի՞նչ օրհնութիւններ կրնաս ակնկալել։

15 Դարձեալ, տակաւին ոմանք Եհովայի չեն նուիրուած ու չեն մկրտուած։ Եթէ դուն անոնցմէ մէկն ես, կրնա՞ս վերոնշեալ կէտերէն տեսնել, թէ Որդին ընդունիլը տրամաբանական է եւ երախտագիտութիւնդ ցոյց կու տայ։ Որդիին անունով մկրտուիլը քեզի ճամբան պիտի հարթէ հոյակապ օրհնութիւններ ստանալու (կարդալ՝ Յովհաննէս 10։9-11

Սուրբ հոգիին անունով

16, 17. Սուրբ հոգիին անունով մկրտուիլը քեզի համար ի՞նչ կը նշանակէ։

16 Սուրբ հոգիին անունով մկրտուիլը ի՞նչ կը նշանակէ։ Ինչպէս նախապէս նշուեցաւ, Պէնտէկոստէի օրը Պետրոսի մտիկ ընողները սուրբ հոգիին մասին տեղեակ էին։ Իրականութեան մէջ, անոնք իրենց աչքերուն առջեւ կրնային տեսնել, թէ Աստուած կը շարունակէր սուրբ հոգին գործածել։ Պետրոս անոնցմէ մէկն էր, որոնք «Սուրբ Հոգիով լեցուեցան ու սկսան ուրիշ լեզուներով խօսիլ» (Գործք 2։4, 8)։ «Յանուն» արտայայտութիւնը անպայման անձի մը անունին չ’ակնարկեր։ Ներկայիս, շատ մը բաներ կը կատարուին «յանուն պետութեան», որ անձ մը չէ։ Անոնք պետութեան հեղինակութեամբ կը կատարուին։ Նմանապէս, սուրբ հոգիին անունով մկրտուած անհատը կը գիտակցի, թէ սուրբ հոգին անձ մը չէ, այլ՝ Եհովայի գործօն ուժն է։ Իսկ այս մկրտութիւնը կը նշանակէ, թէ անհատը կ’ընդունի սուրբ հոգիին խաղցած դերը Աստուծոյ նպատակին մէջ։

17 Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեամբ չէ՞ որ սուրբ հոգիին մասին գիտութիւն ստացար։ Օրինակ՝ հասկցար թէ Սուրբ Գրութիւնները սուրբ հոգիին ներշնչման ներքեւ գրուեցան (Բ. Տիմ. 3։16)։ Մինչ հոգեւորապէս յառաջդիմեցիր, հաւանաբար սկսար աւելի գնահատելու այն իրողութիւնը, թէ «Հայրը երկնքէն Սուրբ Հոգին պիտի տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն», ի ներառեալ՝ դուն (Ղուկ. 11։13)։ Հաւանաբար շօշափած ես թէ սուրբ հոգին կը ներգործէ կեանքիդ մէջ։ Միւս կողմէ, եթէ տակաւին սուրբ հոգիին անունով չես մկրտուած, Յիսուսի երաշխիքը թէ Հայրը կու տայ սուրբ հոգին, կը նշանակէ թէ իսկական օրհնութիւններ վերապահուած են քեզի, այդ հոգին ստանալով։

18. Սուրբ հոգիին անունով մկրտուողները ի՞նչ օրհնութիւններ կը ստանան։

18 Բացայայտ է թէ այսօր ալ իր հոգիին միջոցով Եհովա քրիստոնէական ժողովքը կ’առաջնորդէ։ Այդ հոգին նաեւ անհատապէս մեզի կ’օգնէ մեր առօրեայ գործունէութեանց մէջ։ Սուրբ հոգիին անունով մեր մկրտուիլը կը պարփակէ՝ մեր կեանքին մէջ անոր դերը ընդունիլ եւ երախտապարտօրէն անոր հետ համագործակցիլ։ Սակայն ոմանք կրնան հարց տալ, թէ ի՛նչպէս կրնանք Եհովայի կատարած մեր նուիրումին համաձայն ապրիլ եւ ի՛նչպէս սուրբ հոգին պարփակուած է։ Յաջորդ յօդուածը ասիկա պիտի քննարկէ։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 7 Աստուածադաւանները կը հաւատան Աստուծոյ գոյութեան, բայց կը խորհին թէ ան իր ստեղծագործութեամբ հետաքրքրուած չէ։

^ պարբ. 10 Տե՛ս Զարթի՛ր–ի 22 հոկտեմբեր 1981 թիւը, էջ 3-8։

Կը յիշե՞ս

• Հօր անունով մկրտուիլը քեզի համար ի՞նչ կը պարփակէ։

• Որդիին անունով մկրտուիլը ի՞նչ կը նշանակէ։

• Ինչպէ՞ս կրնաս ցոյց տալ, թէ Հօր եւ Որդիին անունով մկրտուելուն կարեւորութիւնը կը գնահատես։

• Սուրբ հոգիին անունով մկրտուիլը ի՞նչ կը նշանակէ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 16]

Մ.թ. 33–ի Պէնտէկոստէէն ետք, նոր աշակերտները Հօր հետ ի՞նչ փոխյարաբերութիւն ունեցան

[Նկարին աղբիւրը]

By permission of the Israel Museum Jerusalem