Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուծոյ հաճութեան մէջ մնալ՝ հակառակ փոփոխութիւններու

Աստուծոյ հաճութեան մէջ մնալ՝ հակառակ փոփոխութիւններու

Աստուծոյ հաճութեան մէջ մնալ՝ հակառակ փոփոխութիւններու

ԿԵԱՆՔԻԴ մէջ փոփոխութիւններ կը դիմագրաւե՞ս։ Զանոնք ընդունելու դժուարութիւն ունի՞ս։ Մեզմէ շատեր այդ կացութեան մէջ գտնուած են կամ պիտի գտնուին։ Իսկական կեանքէ առնուած կարգ մը անցեալի օրինակներ կրնան մեզի օգնել, որ օգտակար յատկութիւններ բնորոշենք։

Օրինակ՝ նկատի առ Դաւիթը եւ անոր դիմագրաւած բազմաթիւ փոփոխութիւնները։ Ան պատանի հովիւ մըն էր, երբ Սամուէլ զինք օծեց որպէս ապագայ թագաւոր։ Երբ տակաւին պատանի էր, ան կամաւորաբար ներկայացաւ փղշտացի Գողիաթին դէմ մարտնչելու (Ա. Թագ. 17։26-32, 42)։ Ան հրաւիրուեցաւ Սաւուղ թագաւորին արքունիքը բնակելու, եւ բանակին հրամանատար նշանակուեցաւ։ Դաւիթ չէր կրնար նոյնիսկ երեւակայել իր կեանքին մէջ այս բոլոր փոփոխութիւնները. ո՛չ ալ կրնար կանխատեսել գալիք իրադարձութիւնները։

Սաւուղի հետ Դաւիթի փոխյարաբերութիւնը ծայր աստիճան խանգարուեցաւ (Ա. Թագ. 18։8, 9. 19։9, 10)։ Դաւիթ իր կեանքը ազատելու համար, ստիպուեցաւ քանի մը տարի որպէս փախստական ապրիլ։ Նոյնիսկ երբ ան իսրայէլի վրայ կը թագաւորէր, իր պարագաները հիմնովին փոխուեցան, յատկապէս՝ շնութիւն գործելէ եւ այդ մեղքը ծածկելու համար ոճիր գործելէ ետք։ Դաւիթի մեղքերուն առ ի հետեւանք, անոր ընտանիքը աղէտներու հանդիպեցաւ։ Ի միջի այլոց, իր որդին՝ Աբիսողոմ իրեն դէմ ըմբոստացաւ (Բ. Թագ. 12։10-12. 15։1-14)։ Այսուհանդերձ, շնութեան ու մարդասպանութեան մեղքերէն զղջալէ ետք, Դաւիթ ներում ստացաւ եւ Աստուծոյ հաճութիւնը վերագտաւ։

Թերեւս քու պարագաներդ ալ փոխուին։ Առողջապահական խնդիրները, տնտեսական նեղութիւնները կամ ընտանեկան դժուարութիւնները,– նոյնիսկ մեր արարքները,– մեր կեանքին մէջ փոփոխութիւններ կը մտցնեն։ Ի՞նչ յատկութիւններ կրնան մեզի օգնել աւելի լաւ պատրաստուած ըլլալու, որպէսզի այսպիսի մարտահրաւէրներու հետ գլուխ ելլենք։

Խոնարհութիւնը մեզի կ’օգնէ

Խոնարհութիւնը կը պարփակէ ենթարկուող կեցուածք ունենալ։ Իսկական խոնարհութիւնը մեզ կարող կը դարձնէ, որ մենք մեզ տեսնենք ինչպէս որ իրապէս ենք, իսկ ուրիշները՝ ինչպէս որ են։ Ուրիշներու յատկութիւններն ու յաջողութիւնները չանտեսելով, աւելի լաւ պիտի արժեւորենք թէ անոնք ո՛վ են եւ ի՛նչ կ’ընեն։ Նոյնպէս, խոնարհութիւնը մեզ կարող կը դարձնէ հասկնալու թէ մեզի հետ որոշ բան մը ինչո՛ւ պատահեցաւ եւ թէ անոր հետ ինչպէ՛ս պէտք է գլուխ ելլել։

Սաւուղի որդին՝ Յովնաթան լաւ օրինակ մըն է։ Իր հակակշռէն դուրս եղող իրադարձութիւններ իր պարագաները փոփոխութեան ենթարկեցին։ Երբ Սամուէլ Սաւուղի ըսաւ թէ Եհովա թագաւորութիւնը իրմէ պիտի առնէր, ան չըսաւ թէ Յովնաթան գահը պիտի բարձրանար (Ա. Թագ. 15։28. 16։1, 12, 13)։ Աստուած Դաւիթը ընտրելով որպէս յաջորդ թագաւոր, Յովնաթանը բացառեց։ Առումով մը, Սաւուղի անհնազանդութիւնը Յովնաթանի վրայ բացասական ազդեցութիւն ունեցաւ։ Որեւէ կերպով պատասխանատու չըլլալով հանդերձ, Յովնաթան իր հօրը յաջորդը պիտի չըլլար (Ա. Թագ. 20։30, 31)։ Յովնաթան այս կացութեան ինչպէ՞ս հակազդեց։ Ան կորսուած պատեհութեան համար Դաւիթի հանդէպ ոխ ու նախանձ սնուցանե՞ց։ Ո՛չ։ Տարիքով աւելի մեծ եւ աւելի փորձառու ըլլալով հանդերձ, Յովնաթան հաւատարմօրէն Դաւիթի նեցուկ կանգնեցաւ (Ա. Թագ. 23։16-18)։ Խոնարհութիւնը իրեն օգնեց հասկնալու, թէ ո՛վ աստուածային օրհնութիւնը ունէր, եւ ան ‘իր մասին աւելի բարձր համարում չունեցաւ՝ քան ինչ որ պէտք էր մտածէր’ (Հռով. 12։3, ԱԾ)։ Յովնաթան հասկցաւ թէ Եհովա իրմէ ի՛նչ կ’ակնկալէր եւ Իր որոշումը ընդունեց։

Անշուշտ, շատ մը փոփոխութիւններ դժուարութիւններ կը յարուցանեն։ Որոշ մէկ հանգրուանին, Յովնաթան իրեն մօտիկ եղող երկու անհատներու հետ գործառնութիւն ունեցաւ։ Մէկը՝ ապագայ թագաւորն ու իր բարեկամը՝ Դաւիթն էր, որ Եհովայի կողմէ նշանակուած էր։ Իսկ միւսը՝ իր հայրը Սաւուղն էր, որ Եհովայի կողմէ մերժուած էր ու տակաւին կը թագաւորէր։ Այս կացութիւնը զգացական ճնշում պատճառած ըլլալու էր Յովնաթանի, մինչ կը փորձէր Եհովայի հաճութիւնը պահպանել։ Մեր դիմագրաւած փոփոխութիւնները թերեւս որոշ մտահոգութիւններ ու վախեր պատճառեն։ Բայց եթէ փորձենք Եհովայի տեսակէտը հասկնալ, պիտի կարենանք շարունակել իրեն հաւատարմօրէն ծառայել, մինչ փոփոխութիւններուն կը դիմանանք։

Համեստութեան կարեւորութիւնը

Համեստութիւնը կը պարփակէ՝ անձնական սահմանափակումները ընդունիլ։ Համեստութեան ու խոնարհութեան միջեւ պէտք չէ շփոթինք։ Խոնարհ անհատ մը կրնայ իր սահմանափակումներուն լիովին չգիտակցիլ։

Դաւիթ համեստ էր։ Թէեւ Եհովա զինք ընտրած էր թագաւոր ըլլալու, բայց Դաւիթ տարիներ շարունակ չկրցաւ գահ բարձրանալ։ Աստուածաշունչին մէջ չենք կարդար, որ Դաւիթ այս երեւութական ուշացման համար Եհովայի կողմէ որեւէ բացատրութիւն ստացաւ։ Այսուհանդերձ, այս յուսախաբիչ կացութիւնը զինք չխռովեցուց։ Ան իր սահմանափակումներուն գիտակից էր, եւ ըմբռնեց թէ Եհովան, որ այս վիճակը կը թոյլատրէր, հարցերը հակակշռին տակ առած էր։ Հետեւաբար, Դաւիթ նոյնիսկ իր կեանքը փրկելու համար Սաւուղը չսպաննեց, եւ Աբեսսայի ալ թոյլ չտուաւ որ զայն սպաննէ (Ա. Թագ. 26։6-9

Երբեմն մեր տեղական ժողովքին մէջ կրնայ պարագայ մը ծագիլ, զոր չենք հասկնար կամ մեր տեսանկիւնէն դիտուած՝ կը թուի թէ լաւագոյն կերպով կամ ամէնէն կազմակերպուած ձեւով ձեռք չ’առնուիր։ Համեստօրէն պիտի ընդունի՞նք որ Յիսուս ժողովքին Գլուխն է եւ թէ ան կը գործէ երէցներու մարմինին միջոցաւ, որոնք նշանակուած են առաջնորդութիւնը առնելու։ Համեստութիւն պիտի ցուցաբերե՞նք, գիտակցելով թէ Եհովայի հաճութիւնը պահելու համար իրեն պէտք է սպասենք, որպէսզի Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ առաջնորդէ։ Համեստօրէն պիտի սպասե՞նք, նոյնիսկ եթէ ասիկա ընելը դժուար է (Առ. 11։2, ՆԱ

Հեզութիւնը մեզի կ’օգնէ դրական ըլլալու

Հեզութիւնը մեղմ վերաբերմունք է։ Անիկա մեզ կարող կը դարձնէ համբերութեամբ վնասուածքին տոկալու, առանց զայրանալու, ընդվզելու եւ ոխակալ ըլլալու։ Հեզութեան յատկութիւնը մշակելը դժուար է։ Հետաքրքրականօրէն, Աստուածաշունչի մէկ համարը կը հրաւիրէ «երկրի բոլոր հեզերը», որ ‘հեզութիւն փնտռեն’ (Սոփ. 2։3, ԱԾ)։ Հեզութիւնը առնչուած է խոնարհութեան ու համեստութեան, բայց նաեւ կ’ընդգրկէ այլ յատկութիւններ, ինչպէս՝ բարութիւն ու մեղմութիւն։ Հեզ անհատը կրնայ հոգեւորապէս աճիլ, մինչ կ’ընդունի տրուած ուսուցումն ու մարզումը։

Հեզութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ օգնել, որ մեր կեանքի նոր հանգրուանները դիմագրաւենք։ Հաւանաբար նկատած ես թէ շատեր փոփոխութիւնները բացասական աչքով կը դիտեն։ Իրականութեան մէջ, անոնք կրնան մեզի պատեհութիւններ ներկայացնել, Եհովայի կողմէ յաւելեալ մարզում ստանալու։ Մովսէսի կեանքը ասիկա կը լուսաբանէ։

Երբ 40 տարեկան էր, Մովսէս արդէն ընտիր յատկութիւններ ունէր։ Ան ցոյց տուաւ որ Աստուծոյ ժողովուրդին կարիքներուն նկատմամբ զգայուն էր եւ անձնազոհութեան հոգի մը ունէր (Եբ. 11։24-26)։ Այսուհանդերձ, Եհովայի կողմէ նշանակուելէ առաջ որ իսրայէլը Եգիպտոսէն դուրս հանէ, Մովսէս պէտք էր դիմագրաւէր փոփոխութիւններ, որոնք իր հեզութիւնը պիտի յղկէին։ Ան Եգիպտոսէն փախաւ եւ 40 տարի Մադիամի երկիրը բնակեցաւ, ուր որպէս հովիւ աշխատեցաւ, լուսարձակներէ հեռու։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Այս փոփոխութիւնը զինք աւելի լաւ անհատ մը դարձուց (Թուոց 12։3)։ Ան սորվեցաւ հոգեւոր շահերը անհատական շահերէն առաջ դասել։

Մովսէսի հեզութիւնը յստակացնելու համար, նկատի առնենք թէ ի՛նչ պատահեցաւ, երբ Եհովա ըսաւ թէ կ’ուզէր անհնազանդ ազգը մերժել ու Մովսէսի սերունդը զօրաւոր ազգի մը վերածել (Թուոց 14։11-20)։ Մովսէս ազգին համար բարեխօսեց։ Իր խօսքերը ցոյց կու տան թէ հետաքրքրուած էր Աստուծոյ բարի համբաւով եւ իր եղբայրներուն բարօրութեամբ, եւ ո՛չ թէ՝ իր անձնական շահերով։ Մովսէսին դերը որպէս ազգին առաջնորդ ու միջնորդ կը պահանջէր հեզութիւն։ Երբ Մարիամ եւ Ահարոն իրեն դէմ տրտնջացին, Աստուածաշունչի արձանագրութիւնը կ’ըսէ թէ Մովսէս «շատ հեզ մարդ մըն էր» (Թուոց 12։1-3, 9-15)։ Այնպէս կը թուի թէ Մովսէս հեզութեամբ հանդուրժեց անոնց քննադատութիւնը։ Ի՞նչ կրնար պատահիլ եթէ Մովսէս հեզ չըլլար։

Ուրիշ առիթով մը, Եհովայի հոգին կարգ մը մարդոց վրայ իջաւ, պատճառ ըլլալով որ մարգարէանան։ Մովսէսի ծառան՝ Յեսու զգաց թէ այդ իսրայէլացիները անպատշաճօրէն կը վարուէին։ Բայց Մովսէս հեզութեամբ հարցերը Եհովայի տեսանկիւնէն դիտեց եւ իր հեղինակութիւնը կորսնցնելու նկատմամբ չմտահոգուեցաւ (Թուոց 11։26-29)։ Եթէ Մովսէս հեզ չըլլար, Եհովայի կարգադրութեան մէջ այս փոփոխութիւնը պիտի ընդունէ՞ր։

Հեզութիւնը Մովսէսը կարող դարձուց, որ իրեն տրուած այս մեծ հեղինակութիւնը եւ Աստուծմէ իրեն նշանակուած դերը լաւ կերպով գործածէ։ Եհովա զինք հրաւիրեց որ Քորեբ լեռը ելլէ եւ ժողովուրդին առջեւ կայնի։ Աստուած Մովսէսի խօսեցաւ հրեշտակի մը միջոցաւ եւ զինք ուխտին միջնորդ նշանակեց։ Մովսէսի հեզութիւնը կարելի դարձուց, որ ան հեղինակութեան այս մեծ փոփոխութիւնը ընդունի եւ Աստուծոյ հաճութեան մէջ մնայ։

Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ մեր մասին։ Հեզութիւնը մեր անհատական աճման համար անհրաժեշտ է։ Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ առանձնաշնորհումներ ու հեղինակութիւն ստացած բոլոր անհատները պէտք է հեզ ըլլան։ Հեզութիւնը արգելք կը հանդիսանայ որ փոփոխութիւններ դիմագրաւելու ժամանակ հպարտ ըլլանք, ու մեզ կարող կը դարձնէ որ պարագաներուն հետ շիտակ հայեցակէտով վարուինք։ Մեր հակազդեցութիւնը կարեւոր է։ Փոփոխութիւնը պիտի ընդունի՞նք։ Զայն պիտի նկատե՞նք բարելաւուելու պատեհութիւն մը։ Անիկա կրնայ հեզութիւն մշակելու իւրայատուկ առիթ մը ըլլալ։

Մեր կեանքին մէջ մի՛շտ փոփոխութիւններ պիտի դիմագրաւենք։ Երբեմն դիւրին չէ հասկնալ թէ որոշ բաներ ինչո՛ւ կը պատահին։ Անհատական սահմանափակումները եւ զգացական լարուածութիւնը կրնան հոգեւոր հայեցակէտ պահպանելը դժուարացնել։ Այսուհանդերձ, խոնարհութեան, համեստութեան ու հեզութեան նման յատկութիւններ մեզի պիտի օգնեն փոփոխութիւնները ընդունելու եւ Աստուծոյ հաճութեան մէջ մնալու։

[Մէջբերում՝ էջ 12]

Իսկական խոնարհութիւնը մեզ կարող կը դարձնէ, որ մենք մեզ տեսնենք ինչպէս որ իրապէս ենք

[Մէջբերում՝ էջ 14]

Հեզութիւնը մեր անհատական աճման համար անհրաժեշտ է