Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յիսուս ի՛նչ սորվեցուց Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին

Յիսուս ի՛նչ սորվեցուց Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին

Յիսուս ի՛նչ սորվեցուց Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին

«Ինք քաղաքէ քաղաք ու գիւղէ գիւղ պտըտելով՝ կը քարոզէր եւ Աստուծոյ թագաւորութիւնը կ’աւետարանէր» (ՂՈՒԿԱՍ 8։1

ՄԵՆՔ կը սիրենք խօսիլ մեզ հետաքրքրող ու մեր սրտին մօտիկ եղող բաներուն մասին։ Յիսուս ինք ըսաւ. «Բերանը սրտին աւելցուքէն կը խօսի» (Մատթէոս 12։34)։ Իր ծառայութեան ընթացքին, Յիսուսի խօսած կէտերը նկատի առնելով կրնանք եզրակացնել, թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը իր սրտին մօտիկ էր։

Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը Թագաւորութիւնը կառավարութիւն մըն է, որուն գլուխը թագաւոր է։ Ուստի Աստուծոյ Թագաւորութիւնը, Աստուծոյ կողմէ հաստատուած կառավարութիւն մըն է։ Յիսուս Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին շատ բան խօսեցաւ, զայն իր պատգամին բնաբանը դարձնելով։ Չորս աւետարաններուն մէջ աւելի քան 110 ակնարկումներ կան այդ Թագաւորութեան։ Բայց Յիսուս միայն խօսքով չսորվեցուց։ Իր արարքներն ալ շատ բան յայտնեցին Աստուծոյ Թագաւորութեան եւ անոր ընելիք բաներուն մասին։

Ո՞վ է Թագաւորը Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը մարդկային քուէարկուներու կողմէ չէ ընտրուած։ Փոխարէն, այս Կառավարիչը աստուածընտիր է։ Իր ուսուցումին մէջ, Յիսուս յայտնեց թէ Աստուած զի՛նք ընտրած է, որպէսզի թագաւորէ։

Յիսուս գիտէր թէ աստուածաշնչական մարգարէութիւնները նախագուշակած էին, թէ խոստացեալ Մեսիան յաւիտենական Թագաւորութեան մը Գլուխը պիտի ըլլար (Բ. Թագաւորաց 7։12-14. Դանիէլ 7։13, 14. Մատթէոս 26։63, 64)։ Մտաբերէ թէ Յիսուս հրապարակաւ նշեց, թէ ինք նախագուշակուած Մեսիան էր։ Այսպիսով Յիսուս կը հաստատէր, թէ ինք Աստուծոյ կողմէ նշանակուած Թագաւորն է (Յովհաննէս 4։25, 26)։ Տեղին ըլլալով, Յիսուս քանի մը անգամ գործածեց «իմ թագաւորութիւնս» արտայայտութիւնը (Յովհաննէս 18։36

Յիսուս նաեւ սորվեցուց, թէ Թագաւորութեան մէջ ուրիշներ ալ իրեն հետ պիտի իշխէին (Ղուկաս 22։28-30)։ Ան այս իշխանակիցները կոչեց «պզտիկ հօտ», քանի որ անոնց թիւը սահմանափակ պիտի ըլլար։ Անոնց մասին խօսելով, ան ըսաւ. «Ձեր Հայրը հաճեցաւ, որ թագաւորութիւնը ձեզի տայ» (Ղուկաս 12։32)։ Աստուածաշունչի վերջին գիրքը ցոյց կու տայ, թէ ընդամէնը 144,000 հոգի Քրիստոսի հետ իշխելու առանձնաշնորհումը պիտի ունենան (Յայտնութիւն 5։9, 10. 14։1

Թագաւորութիւնը ո՞ւր կը գտնուի «Իմ թագաւորութիւնս այս աշխարհէն չէ», ըսաւ Յիսուս հռոմայեցի կառավարիչ Պոնտացի Պիղատոսին (Յովհաննէս 18։36)։ Քրիստոսի յանձնուած Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի չիշխէ մարդկային գործակալութիւններու միջոցաւ։ Յիսուս յաճախ Աստուծոյ Թագաւորութեան ակնարկեց որպէս «երկնքի թագաւորութիւնը» (Մատթէոս 4։17. 5։3, 10, 19, 20 * Հետեւաբար, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը երկնային կառավարութիւն մըն է։

Յիսուս լիովին ակնկալեց, որ երկրի վրայ իր կեցութիւնը աւարտելէ ետք, երկինք վերադառնայ։ Ան ըսաւ, թէ հոն ‘տեղ պիտի պատրաստէր’, իր իշխանակիցներուն առջեւ ճամբան հարթելով որ իրեն միանան (Յովհաննէս 14։2, 3

Թագաւորութիւնը ի՞նչ կ’իրագործէ Յիսուս իր ունկնդիրներուն սորվեցուց, որ Աստուծոյ աղօթեն. «Քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ» (Մատթէոս 6։9, 10)։ Երկնքի մէջ Աստուծոյ կամքը կը կատարուի։ Թագաւորութիւնը այն միջոցն է, որով երկրին նկատմամբ Աստուծոյ նպատակը կը կատարուի։ Զայն իրագործելու համար, Թագաւորութիւնը այս երկրագունդին վրայ շշմեցուցիչ փոփոխութիւններ պիտի կատարէ։

Թագաւորութիւնը երկրագունդին վրայ ի՞նչ պիտի ընէ Յիսուս սորվեցուց, որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը չարութիւնը պիտի չքացնէ, մէջտեղէն վերցնելով զանոնք, որոնք վճռած են չարագործ մնալ (Մատթէոս 25։31-34, 46)։ Ասիկա պիտի նշանակէ՝ ամէն տեսակ փտածութեան եւ ամբարշտութեան վախճանը։ Յիսուս սորվեցուց, թէ երկիրը պիտի լեցուի այնպիսի մարդոցմով, որոնք «հեզ», արդար, ողորմած, «սրտով մաքուր» ու խաղաղասէր են (Մատթէոս 5։5-9

Այսպիսի հաւատարիմներ ապականա՞ծ երկրագունդի մը վրայ պիտի բնակին։ Բնա՛ւ երբեք։ Յիսուս խոստացաւ որ Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ, երկիրը սքանչելի փոփոխութիւններու պիտի ենթարկուի։ Յիսուսի կողքին մահուան դատապարտուած մարդ մը ըսաւ. «Տէ՛ր, յիշէ՛ զիս, երբ քու թագաւորութիւնովդ գաս»։ Յիսուս պատասխանեց. «Ինծի հետ դրախտին մէջ պիտի ըլլաս» (Ղուկաս 23։42, 43)։ Այո, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը այս երկրագունդը աշխարհածաւալ դրախտի մը պիտի վերածէ,– Եդեմի պարտէզի դրախտին նման։

Թագաւորութիւնը ուրիշ ի՞նչ պիտի ընէ մարդկութեան համար Յիսուս ո՛չ միայն խոստացաւ, այլ նաեւ ցոյց տուաւ թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՛նչ պիտի ընէ։ Յիսուս բազմաթիւ հրաշալի բուժումներ կատարեց, փոքր տարողութեամբ ցոյց տալով ի՛նչ որ ապագային իր Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ մեծ տարողութեամբ պիտի ընէ։ Աւետարանի ներշնչեալ արձանագրութիւնը կ’ըսէ Յիսուսի մասին. «Յիսուս բոլոր Գալիլիա պտըտելով, կը սորվեցնէր անոնց ժողովարաններուն մէջ եւ արքայութեան աւետարանը կը քարոզէր ու ժողովուրդին մէջի ամէն կերպ հիւանդութիւնները ու ամէն կերպ ցաւերը կը բժշկէր» (Մատթէոս 4։23

Յիսուս այլազան բուժումներ կատարեց։ Ան ‘կոյր ծնածի մը աչքերը բացաւ’ (Յովհաննէս 9։1-7, 32, 33)։ Յիսուս զզուելի բորոտութենէ տառապող մարդ մը բուժեց, քնքշօրէն անոր դպչելով (Մարկոս 1։40-42)։ Երբ «խուլ ու դժուարախօս» մարդ մը իրեն բերին, Յիսուս ապացուցանեց թէ կրնար ‘խուլերուն լսել տալ եւ համրերուն՝ խօսիլ’ (Մարկոս 7։31-37

Աստուծոյ նշանակուած Թագաւորը նոյնիսկ հեղինակութիւն ունէր մահուան վրայ։ Երեք արձանագրուած առիթներով, Յիսուս մեռելներ վերակենդանացուց։ Ան յարուցանեց այրիի մը մէկ հատիկ տղան, 12 տարեկան աղջնակ մը եւ իր սիրելի բարեկամը՝ Ղազարոս (Ղուկաս 7։11-15. 8։41-55. Յովհաննէս 11։38-44

Աստուծոյ Թագաւորութեան հպատակներուն վերապահուած սքանչելի ապագան նկարագրելով, Յիսուս Յովհաննէս առաքեալին միջոցաւ նախագուշակեց. «Ահա՛ Աստուծոյ խորանը մարդոց մէջ։ Անիկա հոն պիտի բնակի եւ անոնք անոր ժողովուրդը պիտի ըլլան եւ Աստուած ինք անոնց հետ պիտի ըլլայ իբրեւ անոնց Աստուածը եւ ինք անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասն զի առաջուան բաները անցան» (Յայտնութիւն 1։1. 21։3, 4)։ Պահ մը երեւակայէ. աշխարհ մը, որ զերծ է վիշտի արցունքներէ, ցաւէ եւ մահէ։ Այն ատեն, լիովին պիտի կատարուի այն աղօթքը, որ Աստուծոյ կամքը ըլլայ, ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ։

Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ե՞րբ պիտի գայ Յիսուս սորվեցուց, թէ իր թագաւորական իշխանութեան սկիզբը զուգահեռ պիտի ընթանար յատուկ ժամանակամիջոցի մը հետ, զոր կոչեց իր «ներկայութիւն»ը։ Յիսուս մանրամասն մարգարէութիւն մը տուաւ, նշելու համար թէ թագաւորական իշխանութեամբ իր ներկայութիւնը ե՛րբ պիտի սկսէր։ Այս ժամանակամիջոցը պիտի յատկանշուէր աշխարհածաւալ խռովութիւններով, ի ներառեալ՝ պատերազմներ, սովեր, երկրաշարժներ, մահտարաժամներ եւ չափազանց անօրէնութիւն (Մատթէոս 24։3, ՆԱ, 7-12. Ղուկաս 21։10, 11)։ Յիսուսի նախագուշակած այս ու բազմաթիւ այլ երեսակներ յատկապէս բացայայտ եղած են 1914–էն ի վեր, երբ Համաշխարհային Ա. պատերազմը ծագեցաւ։ Ուստի ներկայիս Յիսուս կը թագաւորէ, եւ շուտով Թագաւորութիւնը պիտի գայ ու պատճառ պիտի ըլլայ, որ Աստուծոյ կամքը երկրի վրայ կատարուի։ *

Աստուծոյ Թագաւորութեան գալուստը ի՞նչ պիտի նշանակէ քեզի համար։ Ասիկա կախեալ է Յիսուսի պատգամին ինչպէ՛ս ընդառաջելէդ։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 8 «Երկնքի թագաւորութիւնը» արտայայտութիւնը Մատթէոսի Աւետարանին մէջ շուրջ 30 անգամ կը նշուի։

^ պարբ. 17 Մանրամասն տեղեկութեանց համար, թէ ինչպէ՛ս գիտենք որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մօտալուտ է, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին 9–րդ գլուխը, «Արդեօք ‘վերջին օրերուն’ մէ՞ջ կ’ապրինք», հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։