Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յիսուս Քրիստոս. իր պատգամը եւ դուն

Յիսուս Քրիստոս. իր պատգամը եւ դուն

Յիսուս Քրիստոս. իր պատգամը եւ դուն

«Ես եկայ որ կեանք ունենան եւ ա՛լ աւելի ունենան» (ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 10։10

ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍ երկիր եկաւ գլխաւորաբար տալու եւ ոչ թէ առնելու։ Իր ծառայութեան միջոցաւ, ան մարդկութեան տուաւ անգին պարգեւ մը,– պատգամ մը՝ որ Աստուծոյ եւ անոր կամքին մասին ճշմարտութիւնը յայտնեց։ Այդ պատգամին ընդառաջողները կրնան հիմա իսկ աւելի լաւ կեանք մը վայելել, ինչպէս որ միլիոնաւոր ճշմարիտ քրիստոնեաներ կրնան ասոր համար վկայել։ * Բայց Յիսուսի քարոզած պատգամին կորիզը կը կազմէ ամենաթանկագին պարգեւը,– մեզի համար իր զոհած կատարեալ կեանքը։ Մեր յաւերժական բարօրութիւնը կախեալ է մեր ընդառաջումէն իր պատգամին այս բանալի երեսակին։

Աստուած ու Քրիստոս ի՛նչ տուին Յիսուս գիտէր որ իր թշնամիներուն ձեռքով տանջալից մահ պիտի ճաշակէր (Մատթէոս 20։17-19)։ Այսուհանդերձ, Յովհաննէս 3։16–ի համաձայն, ան ըսաւ. «Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ»։ Յիսուս նաեւ նշեց, թէ եկաւ «իր կեանքը շատերու համար փրկանք տալու» (Մատթէոս 20։28)։ Ան ինչո՞ւ ըսաւ թէ իր կեանքը պիտի տրուէր եւ ոչ թէ առնուէր։

Անգերազանցելի սէրէ մղուած, Աստուած մարդոց ի նպաստ կարգադրութիւն ըրաւ, որպէսզի զանոնք ազատէ ժառանգուած մեղքէն եւ անոր հետեւանքներէն,– անկատարութիւն ու մահ։ Աստուած ասիկա ըրաւ՝ իր միածին Որդին երկիր ղրկելով, որպէսզի զոհաբերական մահով մեռնի։ Յիսուս սիրայօժար ենթարկուեցաւ, իր կատարեալ մարդկային կեանքը մեզի համար զոհելով։ Այս կարգադրութիւնը, որ փրկանք կը կոչուի, մարդկութեան տրուած Աստուծոյ մեծագոյն պարգեւն է։ * Անիկա կրնայ յաւիտենական կեանքի առաջնորդել։

Ի՛նչ պէտք է ընես Փրկանքը քեզի համար պարգե՞ւ մըն է։ Ասիկա քեզմէ կախեալ է։ Լուսաբանենք. երեւակայէ որ անհատ մը նուէրի թուղթով փաթթուած տուփ մը քեզի կը ներկայացնէ։ Արդարեւ, այս նուէրը քուկդ չ’ըլլար մինչեւ որ ձեռքդ երկարես ու զայն ընդունիս։ Նոյնպէս, Եհովա փրկանքը քեզի կը ներկայացնէ, բայց այս պարգեւը քեզի չ’ըլլար մինչեւ որ զայն ընդունիս։ Ինչպէ՞ս։

Յիսուս ըսաւ թէ անոնք որոնք իրեն ‘կը հաւատան’, յաւիտենական կեանք պիտի ստանան։ Հաւատքը կը պարփակէ կենցաղակերպդ (Յակոբոս 2։26)։ Յիսուսի հաւատալը կը նշանակէ՝ կեանքդ ներդաշնակել անոր ըսածներուն եւ ըրածներուն հետ։ Ասիկա ընելու համար, Յիսուսը եւ իր Հայրը պէտք է լաւ ճանչնաս։ Յիսուս ըսաւ. «Այս է յաւիտենական կեանքը, որ ճանչնան քեզ միմիայն ճշմարիտ Աստուածդ ու Յիսուս Քրիստոսը, որ դուն ղրկեցիր» (Յովհաննէս 17։3

Շուրջ 2000 տարի առաջ, Յիսուս Քրիստոս քարոզեց պատգամ մը, որ համայն աշխարհի մէջ միլիոնաւորներու կեանքը փոխած է։ Կը փափաքի՞ս աւելին գիտնալ այդ պատգամին մասին եւ թէ ինչպէ՛ս կրնաս սիրելիներուդ հետ անկէ օգտուիլ, ո՛չ միայն հիմա, այլ՝ յաւիտեան։ Եհովայի վկաները սիրով պիտի ուզեն քեզի օգնել։

Յաջորդ յօդուածը յաւելեալ լոյս պիտի սփռէ Յիսուս Քրիստոսի վրայ,– այն մարդը՝ որուն քարոզած պատգամը կրնայ կեանքդ յաւիտեան փոխել։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 3 Քրիստոնեայ ըլլալ դաւանող բոլոր անհատները Քրիստոսի հարազատ հետեւորդներ չեն։ Յիսուսի ճշմարիտ հետեւորդները անոնք են, որոնք Աստուծոյ եւ անոր կամքին մասին իր սորվեցուցած ճշմարտութիւններուն հետ ներդաշնակ կ’ապրին (Մատթէոս 7։21-23

^ պարբ. 5 Փրկանքի աստուածաշնչական ուսուցումին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին 5–րդ գլուխը, «Փրկանքը՝ Աստուծոյ մեծագոյն պարգեւը», հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։