Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Առասպելը ընդդէմ իրողութեան. Յիսուսի մասին ճշմարտութիւնը

Առասպելը ընդդէմ իրողութեան. Յիսուսի մասին ճշմարտութիւնը

Առասպելը ընդդէմ իրողութեան. Յիսուսի մասին ճշմարտութիւնը

Ի՞ՆՉ ԿԸ ԽՈՐՀԻՍ. ՀԵՏԵՒԵԱԼ ԽՕՍՔԵՐԸ ԻՐՈՂՈՒԹԻ՞ՒՆ ԵՆ ԹԷ՝ ԱՌԱՍՊԵԼ։

Յիսուս դեկտեմբեր 25–ին ծնած է։

Երեք մոգեր Յիսուսի այցելեցին՝ իր ծնած օրը։

Յիսուս եղբայրներ ու քոյրեր չունէր։

Յիսուս մարմնացեալ Աստուած էր։

Յիսուս բարի մարդ մը ըլլալէն աւելին էր։

ՇԱՏԵՐ պիտի ըսեն, թէ այդ բոլոր խօսքերը իրողութիւններ են։ Ուրիշներ թերեւս ըսեն, թէ դժուար է՝ նոյնիսկ անկարելի է՝ ստոյգ գիտնալ։ Անոնք կը խորհին թէ այնքան ատեն որ Յիսուսի կը հաւատաս, պատասխանը կարեւոր հարց մը չէ։

Սակայն Աստուածաշունչը ուրիշ բան մը կ’ըսէ։ Անիկա մեզ կը քաջալերէ, որ ‘մեր Տէր Յիսուսի գիտութեամբը լեցուինք’ (Բ. Պետրոս 1։8, Անթիլիաս)։ Այդ ճշգրիտ գիտութիւնը ձեռք կը ձգենք՝ Աւետարանները քննելով։ Անոնք Յիսուսի մասին ճշմարտութիւնը կը յայտնեն, մեզ կարող դարձնելով որ առասպելը իրողութենէն անջատենք։ Ուստի նկատի առնենք, թէ Աւետարանները վերոնշեալ հաւատալիքներուն նկատմամբ ի՛նչ ցոյց կու տան։

ՀԱՒԱՏԱԼԻՔ. Յիսուս դեկտեմբեր 25–ին ծնած է։

ՀԱՆԳԱՄԱՆՔ. ԱՌԱՍՊԵԼ։

Աստուածաշունչին մէջ, Յիսուսի ծնած ամիսը կամ օրը նշող ուղղակի ակնարկութիւն մը չկայ։ Արդ, դեկտեմբեր 25 թուականը ուրկէ՞ եկաւ։ Համայնագիտարանի մը համաձայն, քրիստոնեայ ըլլալ դաւանողներէն ոմանք «փափաքեցան որ այս թուականը զուգադիպի հեթանոս հռոմէական տօնին, որ կը նշէր. . . ձմեռնային արեւադարձը, երբ օրերը դարձեալ կը սկսին երկարելու եւ արեւը կը սկսի երկնքի մէջ աւելի բարձրանալու»։ Նոյն աշխատասիրութիւնը դիտել կու տայ, թէ Ծնունդի շատ մը սովորութիւններ ծագում առած են «ձմրան կիսուն տեղի ունեցող հողագործական եւ արեգակնային հեթանոս տօնակատարութիւններէն» (The Encyclopædia Britannica

Միթէ Յիսուս պիտի հաճէ՞ր, որ իր ծնունդը դեկտեմբեր 25–ին տօնակատարուէր։ Պահ մը խորհէ. Յիսուսի ծննդեան օրը անորոշ է։ Սուրբ Գրութիւններուն մէջ ո՛չ մէկ տեղ մեզի ուղղութիւն կը տրուի, որ այդ ծնունդը տօնակատարենք։ Որեւէ ապացոյց չկայ, թէ նախկին քրիստոնեաները զայն տօնեցին։ Միւս կողմէ, Աստուածաշունչը Յիսուսի մահուան ճշգրիտ թուականը կու տայ, եւ Յիսուս իր հետեւորդներուն պատուիրեց որ այդ օրը պահեն (Ղուկաս 22։19 * Բացայայտօրէն, Յիսուս ուզեց որ շեշտը դրուի ոչ թէ իր ծնունդին, հապա իր զոհաբերական մահուան արժէքին վրայ (Մատթէոս 20։28

ՀԱՒԱՏԱԼԻՔ. Երեք մոգեր (կամ թագաւորներ, ըստ կարգ մը աւանդութիւններու) Յիսուսի այցելեցին՝ իր ծնած օրը։

ՀԱՆԳԱՄԱՆՔ. ԱՌԱՍՊԵԼ։

Թերեւս տեսած ես գծագրութիւններ կամ Ծնունդի տեսարաններ, որոնք մանուկ Յիսուսը կը ներկայացնեն մսուրի մէջ պառկած, եւ իր շուրջը երեք մոգեր կան՝ նուէրներ շալկած։ Բայց այս պատկերը երեւակայական է, եւ ոչ թէ իրողութիւն։

Ճիշդ է որ Արեւելքէն եկող պատուիրակութիւն մը մանուկ Յիսուսը մեծարեց, բայց այցելուները աստղաբաշխներ էին (Մատթէոս 2։1)։ Արդեօք անոնք Յիսուսը տեսան մսուրի՞ մը մէջ։ Ո՛չ. անոնք տան մը մէջ իրեն այցելեցին։ Ակներեւօրէն, անոնք Յիսուսի ծնունդէն քանի մը ամիս ետք հասան (Մատթէոս 2։9-11

Այցելուները քանի՞ հոգի էին. արդեօք երկո՞ւ, երե՞ք, երեսո՞ւն։ Աստուածաշունչը չ’ըսեր։ Թերեւս աւանդական երեք թիւը ծագում առած է տրուած երեք տեսակ նուէրներէն (Մատթէոս 2։11 * Ոմանք նոյնիսկ ըսած են, թէ իւրաքանչիւր մոգ ներկայացուց մարդկային ցեղ մը։ Բայց այս գաղափարը Սուրբ Գրութիւններուն մէջ չի գտնուիր։ Փոխարէն, ինչպէս Աւետարաններու մասին մեկնաբանութիւն մը կը նշէ, այս յատուկ առասպելը «ութերորդ դարու պատմաբանի մը վառ երեւակայութեան» արդիւնքն է։

ՀԱՒԱՏԱԼԻՔ. Յիսուս եղբայրներ ու քոյրեր չունէր։

ՀԱՆԳԱՄԱՆՔ. ԱՌԱՍՊԵԼ։

Աւետարանները բացայայտօրէն կը նշեն, թէ Յիսուս եղբայրներ ու քոյրեր ունէր։ Ղուկասի Աւետարանը Յիսուսի կ’ակնարկէ որպէս Մարիամի «անդրանիկ որդին», ցոյց տալով թէ Մարիամ յետագային ուրիշ զաւակներու ծնունդ տուաւ (Ղուկաս 2։7 * Մարկոսի Աւետարանը կը տեղեկագրէ, թէ Նազարէթէն ոմանք Յիսուսը իր եղբայրներուն ու քոյրերուն նման նկատեցին, զինք բացառիկ անձ մը չսեպելով։ Անոնք հարց տուին. «Ասիկա. . . Յակոբոսին ու Յովսէսին եւ Յուդային ու Սիմոնին եղբայրը [չէ՞] ու ասոր քոյրերը հոս մեր քով չե՞ն» (Մարկոս 6։3. Մատթէոս 12։46. Յովհաննէս 7։5

Հակառակ Աւետարաններուն ըսածներուն, բազմաթիւ աստուածաբաններ կը պնդեն, թէ Յիսուս եղբայրներ ու քոյրեր չունէր։ Ոմանք կը թելադրեն թէ նշուած եղբայրներն ու քոյրերը Յիսուսի զարմիկներն էին։ * Ուրիշներ կ’ենթադրեն թէ անոնք Մարիամի խորթ զաւակներն էին։ Բայց պահ մը մտածէ. եթէ Յիսուս Մարիամի միակ զաւակն ըլլար, այդ նազովրեցիները այդպէս պիտի ըսէի՞ն։ Ընդհակառակը, անոնցմէ ոմանք հաւանաբար Մարիամի յղութիւններուն ականատես եղած էին։ Անոնք անձամբ գիտէին, որ Յիսուս Մարիամի ծնած զաւակներէն մին էր։

ՀԱՒԱՏԱԼԻՔ. Յիսուս մարմնացեալ Աստուած էր։

ՀԱՆԳԱՄԱՆՔ. ԱՌԱՍՊԵԼ։

Այն գաղափարը, թէ Աստուած երկիր եկաւ եւ որպէս Յիսուս մարդը ապրեցաւ, որ Երրորդութեան վարդապետութեան կորիզն է, երկար ատենէ գոյութիւն ունի,– բայց ոչ թէ Յիսուսի ժամանակէն։ Փոխարէն, համայնագիտարան մը դիտել կու տայ. «Ո՛չ Երրորդութիւն բառը, ո՛չ ալ բացայայտ վարդապետութիւնը կը գտնուին Նոր Կտակարանին մէջ. . . Վարդապետութիւնը դարերու ընթացքին եւ բազմաթիւ տարակարծութիւններու միջոցով աստիճանաբար զարգացաւ» (The Encyclopædia Britannica

Կրօնք մը Յիսուսը կը նուաստացնէ, երբ կը սորվեցնէ թէ ան մարմնացեալ Աստուած էր։ * Ինչպէ՞ս։ Նկատի առ սա լուսաբանութիւնը. կարգ մը գործաւորներ իրենց վերակացուին խնդրանք մը կը ներկայացնեն, բայց ան կ’ըսէ թէ զայն շնորհելու հեղինակութիւնը չունի։ Եթէ անոր խօսքը ճշմարիտ է, ուրեմն ան խոհեմօրէն իր սահմանափակումներուն կը գիտակցի, իսկ եթէ ճշմարիտ չէ,– ան կրնայ խնդրանքը շնորհել, բայց պարզապէս չ’ուզեր,– ան խաբեբայ մըն է։

Յիսուս ինչպէ՞ս ընդառաջեց, երբ երկու առաքեալներ փափաքեցան երեւելի դիրքեր ձեռք ձգել։ Ան անոնց ըսաւ. «Իմ աջ ու ձախ կողմս նստիլը ես չեմ կրնար որոշել, հապա անոնց որ պատրաստուած է իմ Հօրմէս» (Մատթէոս 20։23)։ Եթէ Յիսուս իրապէս Աստուած ըլլար, այդ խօսքը սուտ մը պիտի չը՞լլար։ Փոխարէն, աւելի մեծ հեղինակութիւն Ունեցողին ենթարկուելով, Յիսուս համեստութեան գեղեցիկ օրինակ հանդիսացաւ,– եւ ցոյց տուաւ թէ Աստուծոյ հաւասար չէր։

ՀԱՒԱՏԱԼԻՔ. Յիսուս բարի մարդ մը ըլլալէն աւելին էր։

ՀԱՆԳԱՄԱՆՔ. ԻՐՈՂՈՒԹԻՒՆ։

Յիսուս յստակօրէն ըսաւ, թէ բարի մարդ մը ըլլալէն աւելին էր։ Ան նշեց. «Աստուծոյ Որդի եմ» (Յովհաննէս 10։36)։ Անշուշտ, ոեւէ անհատ կրնայ դաւանիլ Աստուծոյ Որդի ըլլալ։ Բայց եթէ Յիսուսի դաւանութիւնը սխալ էր, ասիկա զինք ինչպիսի՞ մէկը պիտի դարձնէր։ Արդարեւ, ան ոչ թէ բարի մարդ, այլ մեծ խաբեբայ մը պիտի ըլլար։

Աստուած ինք տուաւ ամէնէն արժանահաւատ վկայութիւնը։ Ան երկու անգամ Յիսուսի նկատմամբ ըսաւ. «Ասիկա է իմ սիրելի Որդիս» (Մատթէոս 3։17. 17։5)։ Պահ մը խորհէ. Սուրբ Գրութիւնները կը տեղեկագրեն միայն քանի մը առիթներ, երբ Աստուծոյ սեփական ձայնը երկրի վրայ լսուեցաւ,– այսուհանդերձ, անոնցմէ երկուքին մէջ ան հաստատեց, թէ Յիսուս իր Որդին է։ Ասիկա ցարդ լաւագոյն ապացոյցն է, թէ Յիսուս ճշգրտօրէն իր ինքնութիւնը յայտնեց։

Այս յօդուածը Յիսուսի մասին իրողութիւն մը երեւան հանե՞ց, զոր նախապէս չէիր գիտեր։ Եթէ այո՛, ինչո՞ւ ներշնչեալ Աւետարանները աւելի չքննես։ Այս ուսումնասիրութիւնը կրնայ թէ՛ հաճոյալի եւ թէ վարձահատոյց ըլլալ։ Ի վերջոյ, Յիսուս ինք ըսաւ թէ իր եւ իր Հօր մասին ճշմարտութիւնը սորվիլը, «յաւիտենական կեանք» կը նշանակէ (Յովհաննէս 17։3

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 13 Հրէական օրացոյցին համաձայն, Յիսուս Պասեքի օրը կամ Նիսան 14–ին մեռաւ (Մատթէոս 26։2

^ պարբ. 18 Մատթէոս կը տեղեկագրէ, թէ այս օտարերկրացիները ‘իրենց գանձերը բացին’ եւ Յիսուսի նուիրեցին ոսկի, կնդրուկ ու զմուռս։ Հետաքրքրականօրէն, այդ սուղ նուէրները հաւանաբար ճիշդ ժամանակին հասան, քանի որ Յիսուսի ընտանիքը,– որ բացայայտօրէն աղքատ էր,– շուտով ստիպուեցաւ փախչիլ որպէս գաղթական (Մատթէոս 2։11-15

^ պարբ. 21 Յիսուսի յղացումը հրաշքով եղաւ, բայց Մարիամի մնացեալ զաւակները բնական կերպով յղացուեցան, իր ամուսինին՝ Յովսէփի կողմէ (Մատթէոս 1։25

^ պարբ. 22 Շուրջ մ.թ. 383–ին Յերոնիմոսի կողմէ հաստատուած այս գաղափարը, ժողովրդական է անոնց մօտ, որոնք կը հաւատան թէ Մարիամ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին կոյս մնաց։ Յետագային Յերոնիմոս իր տեսութեան շուրջ կասկած յայտնեց, բայց տակաւին շատեր,– եւ պաշտօնապէս կաթողիկէ եկեղեցին,– այս գաղափարը կ’որդեգրեն։

^ պարբ. 26 Երրորդութեան վարդապետութեան մանրամասն քննարկութեան համար, տե՛ս Պէ՞տք է հաւատաք Երրորդութեան գրքոյկը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։

[Շրջանակ/Նկար՝ էջ 14]

Յաւելեալ իրողութիւններ, որոնք կրնան քեզ անակնկալի բերել

Յիսուս ինչպիսի՞ անձ մըն էր։ Ան ա՛յնքան խստակեաց, անտարբեր ու վերապահ մէ՞կն էր, որ չէր կրնար հասարակ մարդոց հետ շփման մէջ գալ։ Այո՛, պիտի պատասխանեն ոմանք։ Թերեւս այս պատճառաւ անոնք անակնկալի պիտի գան, երբ սորվին թէ Յիսուս՝

• ընկերային ուրախ առիթներու ներկայ գտնուեցաւ (Յովհաննէս 2։1-11

• գովասանքի խօսքեր ըսաւ (Մարկոս 14։6-9

• երեխաներու ընկերակցութիւնը վայելեց (Մարկոս 10։13, 14

• հանրապէս լացաւ (Յովհաննէս 11։35

• կարեկցեցաւ (Մարկոս 1։40, 41