Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Այրե՛ր, Քրիստոսի գլխաւորութեան կ’ենթարկուի՞ք

Այրե՛ր, Քրիստոսի գլխաւորութեան կ’ենթարկուի՞ք

Այրե՛ր, Քրիստոսի գլխաւորութեան կ’ենթարկուի՞ք

«Ամէն այր մարդու գլուխը Քրիստոսն է» (Ա. ԿՈՐ. 11։3

1. Ի՞նչ բան կը յայտնէ թէ Եհովա կարգապահութեան Աստուած է։

ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ 4։10–ը կ’ըսէ. «Արժանի ես, Տէ՛ր, փառք ու պատիւ եւ զօրութիւն առնելու, վասն զի ամէն բան դուն ստեղծեցիր եւ քու կամքովդ եղան ու ստեղծուեցան»։ Ստեղծիչ ըլլալով, Եհովա Աստուած տիեզերքի Գերիշխանն է եւ իր ամբողջ ստեղծագործութեան վրայ հեղինակութիւն ունի։ Այն իրողութիւնը թէ Եհովա «խռովութեան Աստուած չէ, հապա խաղաղութեան», բացայայտ է այն կերպին մէջ, որով իր հրեշտակային ընտանիքը կազմակերպած է (Ա. Կոր. 14։33. Եսա. 6։1-3. Եբ. 12։22, 23

2, 3. ա) Եհովայի առաջին ստեղծագործութիւնը ո՞վ էր։ բ) Հօր կապակցաբար անդրանիկ Որդին ի՞նչ դիրք ունի։

2 Որեւէ բան ստեղծելէ առաջ, Աստուած անհամար դարեր առանձին գոյութիւն ունէր։ Իր առաջին ստեղծագործութիւնը եղաւ այն հոգեղէն արարածը, որ ճանչցուեցաւ որպէս «Բանը»,– Եհովայի Խօսնակը։ «Բան»ին միջոցաւ միւս բոլոր բաները գոյացան։ Յետագային, ան երկիր եկաւ իբրեւ կատարեալ մարդ ու ճանչցուեցաւ որպէս Յիսուս Քրիստոս (կարդալ՝ Յովհաննէս 1։1-3, 14

3 Աստուծոյ եւ իր անդրանիկ Որդւոյն յարաբերական դիրքերուն նկատմամբ Սուրբ Գրութիւնները ի՞նչ կ’ըսեն։ Ներշնչման ներքեւ գրելով, Պօղոս առաքեալ մեզի կ’ըսէ. «Կ’ուզեմ որ գիտնաք թէ ամէն այր մարդու գլուխը Քրիստոսն է ու կնոջ գլուխը՝ այր մարդը եւ Քրիստոսին գլուխը՝ Աստուած» (Ա. Կոր. 11։3)։ Քրիստոս իր Հօր գլխաւորութեան ներքեւ է։ Մտացի արարածներուն մէջ խաղաղութիւն ու կարգապահութիւն տիրելու համար, գլխաւորութիւնը եւ հպատակումը կենսական են։ Նոյնիսկ ա՛ն, որուն միջոցաւ «ամէն բան ստեղծուեցաւ», պէտք է Աստուծոյ գլխաւորութեան ենթարկուի (Կող. 1։16

4, 5. Յիսուս Եհովայի կապակցաբար իր դիրքին նկատմամբ ինչպէ՞ս զգաց։

4 Եհովայի գլխաւորութեան ենթարկուելու եւ երկիր գալու նկատմամբ Յիսուս ինչպէ՞ս զգաց։ Սուրբ Գրութիւնները կը տեղեկագրեն. «Քրիստոս Յիսուս. . . Աստուծոյ կերպարանքը ունենալով, յափշտակութիւն մը չսեպեց Աստուծոյ հաւասար ըլլալը. հապա անձը ունայնացուց ծառայի կերպարանք առնելով՝ մարդոց նման ըլլալով եւ մարդու կերպարանքովը ինքզինք խոնարհեցուց, մինչեւ իսկ մեռնելու յօժարեցաւ ու այն ալ խաչի մահուամբ» (Փլպ. 2։5-8

5 Ամէն ժամանակ Յիսուս խոնարհաբար իր Հօր կամքին ենթարկուեցաւ։ Ան ըսաւ. «Ես ինքնիրմէս բան մը չեմ կրնար ընել. . . իմ դատաստանս արդար է, վասն զի ես իմ կամքս չեմ փնտռեր, հապա անոր կամքը որ զիս ղրկեց» (Յովհ. 5։30)։ «Ես միշտ [Հօրս] հաճելի եղած բաները կ’ընեմ», ըսաւ ան (Յովհ. 8։29)։ Երկրի վրայ իր կեանքին վերջաւորութեան, Յիսուս իր Հօր ուղղած աղօթքին մէջ ըսաւ. «Ես քեզ երկրի վրայ փառաւորեցի, այն գործը որ ինծի տուիր ընելու՝ լմնցուցի» (Յովհ. 17։4)։ Բացայայտօրէն, Յիսուս Աստուծոյ գլխաւորութիւնը ճանչնալու եւ ընդունելու մէջ խնդիր չունէր։

Հօր ենթարկուիլը Որդիին օգուտներ կը բերէ

6. Յիսուս ի՞նչ սքանչելի յատկութիւններ ցուցաբերեց։

6 Երբ երկրի վրայ էր, Յիսուս բազմաթիւ սքանչելի յատկութիւններ ցուցաբերեց։ Անոնցմէ մէկն էր՝ իր Հօր հանդէպ ցուցաբերած խոր սէրը։ «Ես Հայրը կը սիրեմ», ըսաւ ան (Յովհ. 14։31)։ Ան նաեւ մեծ սէր ցուցաբերեց մարդոց հանդէպ (կարդալ՝ Մատթէոս 22։35-40Յիսուս քաղցր ու նկատառու էր, ոչ թէ՝ կոշտ կամ գոռոզ։ Ան ըսաւ. «Եկէ՛ք ինծի, բոլոր յոգնած ու բեռնաւորուածներ եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ։ Իմ լուծս ձեր վրայ առէք եւ ինձմէ սորվեցէք՝ որ հեզ եմ ու սրտով խոնարհ եւ ձեր անձերուն հանգստութիւն պիտի գտնէք. վասն զի իմ լուծս քաղցր է եւ իմ բեռս թեթեւ» (Մատ. 11։28-30)։ Ամէն տարիքի ոչխարանման անհատներ, յատկապէս կեղեքուած ու ընկճուած անձեր, Յիսուսի հաճելի անձնաւորութեամբ ու խթանիչ պատգամով մեծապէս մխիթարուեցան։

7, 8. Օրէնքին ներքեւ, արիւնահոսութենէ տառապող կինը ինչպէ՞ս կը նկատուէր, իսկ Յիսուս անոր հետ ինչպէ՞ս վարուեցաւ։

7 Նկատի առ թէ Յիսուս կիներու հետ ինչպէ՛ս վարուեցաւ։ Պատմութեան ընթացքին, բազմաթիւ տղամարդիկ կիներու հանդէպ շատ գէշ վերաբերմունք ցուցաբերած են։ Վաղեմի իսրայէլի կրօնական առաջնորդները անոնց շարքին էին։ Բայց Յիսուս կիներու հետ յարգանքով վարուեցաւ։ Տասներկու տարի արիւնահոսութենէ տառապող կնոջ մը հետ իր վարուելու կերպը ասիկա կը բացայայտէ։ Ան «շատ նեղութիւն կրած էր» բժիշկներէ, եւ իր ամբողջ ունեցածը վատնած էր իր առողջութիւնը բարելաւելու համար։ Հակառակ իր թափած ջանքերուն, իր վիճակը «ալ աւելի սաստկացեր էր»։ Օրէնքին ներքեւ ան անմաքուր կը նկատուէր, եւ իրեն դպչող ոեւէ անհատ նոյնպէս անմաքուր կ’ըլլար (Ղեւ. 15։19, 25

8 Երբ կինը լսեց թէ Յիսուս հիւանդներ կը բուժէր, զայն շրջապատող ամբոխին միացաւ, ըսելով. «Եթէ միայն անոր հանդերձներուն դպչիմ, պիտի բժշկուիմ»։ Ան Յիսուսի դպաւ եւ անմիջապէս բուժուեցաւ։ Յիսուս գիտէր թէ կինը իր հանդերձներուն պէտք չէր դպչէր։ Այսուհանդերձ, ան զինք չկշտամբեց։ Ընդհակառակը, ան կնոջ հետ քաղցրօրէն վարուեցաւ։ Ան հասկցաւ թէ կինը տարիներ հիւանդութենէ տառապելով ի՛նչ զգացած ըլլալու էր ու գիտակցեցաւ թէ ան ճարահատօրէն օգնութեան կարիք ունէր։ Կարեկցաբար Յիսուս անոր ըսաւ. «Ա՛ղջիկ, քու հաւատքդ քեզ բժշկեց. գնա խաղաղութեամբ եւ բժշկուի՛ր» (Մար. 5։25-34

9. Երբ Յիսուսի աշակերտները փորձեցին երեխաները արգիլել իրեն մօտենալէ, ան ինչպէ՞ս հակազդեց։

9 Նոյնիսկ երեխաներ Յիսուսի ներկայութեան հանգիստ զգացին։ Առիթով մը, երբ մարդիկ երեխաներ բերին իրեն, աշակերտները զանոնք յանդիմանեցին, ակներեւօրէն խորհելով թէ ան պիտի չուզէր երեխաներուն կողմէ խանգարուիլ։ Բայց Յիսուս այդպէս չզգաց։ Աստուածաշնչական տեղեկագրութիւնը մեզի կ’ըսէ. «Յիսուս երբ տեսաւ, սրդողելով [աշակերտներուն դէմ] ըսաւ. ‘Թող տուէք այդ մանր տղոցը, որ ինծի գան եւ մի՛ արգիլէք ատոնք, վասն զի Աստուծոյ թագաւորութիւնը այդպիսիներունն է’»։ Ապա «զանոնք գիրկը առաւ, անոնց վրայ ձեռք դրաւ ու օրհնեց զանոնք»։ Յիսուս պարզապէս երեխաներուն չհանդուրժեց. ան զանոնք ջերմօրէն ընդունեց (Մար. 10։13-16

10. Յիսուս ինչպէ՞ս ձեռք ձգեց իր ցուցաբերած յատկութիւնները։

10 Յիսուս ինչպէ՞ս ձեռք ձգեց այն յատկութիւնները, զորս ցուցաբերեց իր երկրային կեանքին ընթացքին։ Իր նախամարդկային գոյութեան ընթացքին, ան անհամար դարեր իր երկնաւոր Հայրը դիտեց եւ անոր ճամբաները սորվեցաւ (կարդալ՝ Առակաց 8։22, 23, 30Երկնքի մէջ, Յիսուս՝ ամբողջ ստեղծագործութեան վրայ գլխաւորութիւն բանեցնելու Եհովայի սիրալիր կերպը տեսած էր ու զայն իւրացուցած էր։ Յիսուս ասիկա պիտի կարենա՞ր ընել, եթէ ենթարկուող չըլլար։ Իրեն համար իր Հօր ենթարկուիլը բերկրանք էր, իսկ Եհովայի համար այսպիսի Որդի ունենալը հաճելի էր։ Երբ երկրի վրայ էր, Յիսուս իր երկնաւոր Հօր հիանալի յատկութիւնները կատարելապէս արտացոլացուց։ Ի՜նչ առանձնաշնորհում մըն է մեզի, որ ենթարկուինք Քրիստոսին,– երկնային Թագաւորութեան Կառավարիչը, զոր Աստուած նշանակած է։

Քրիստոսի յատկութիւնները ընդօրինակէ

11. ա) Զո՞վ պէտք է ջանանք ընդօրինակել։ բ) Ինչո՞ւ յատկապէս ժողովքի տղամարդիկը պէտք է ջանան Յիսուսը ընդօրինակել։

11 Քրիստոնէական ժողովքին բոլոր անդամները, յատկապէս տղամարդիկը, պէտք է շարունակ ծանր աշխատին Քրիստոսի յատկութիւնները ընդօրինակելու։ Նախապէս նշուեցաւ թէ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ամէն այր մարդու գլուխը Քրիստոսն է»։ Ինչպէս Քրիստոս իր Գլուխը՝ ճշմարիտ Աստուածը ընդօրինակեց, նոյնպէս քրիստոնեայ այրեր պէտք է ջանան իրենց գլուխը՝ Քրիստոսը ընդօրինակել։ Քրիստոնեայ ըլլալէ ետք, Պօղոս առաքեալ ասիկա ըրաւ։ Ան հաւատակիցները յորդորեց. «Ինծի նմանեցէ՛ք, ինչպէս ես ալ՝ Քրիստոսին» (Ա. Կոր. 11։1)։ Իսկ Պետրոս առաքեալ ըսաւ. «Դուք այս բանին համար կանչուեցաք, վասն զի Քրիստոս ալ ձեզի համար չարչարուեցաւ ու ձեզի օրինակ թողուց՝ որպէս զի իր շաւիղներուն հետեւիք» (Ա. Պետ. 2։21)։ Քրիստոսը ընդօրինակելու յորդորը այլ պատճառով մըն ալ յատկապէս կը հետաքրքրէ տղամարդիկը. անոնք երէցներ եւ օգնական ծառաներ կ’ըլլան։ Ինչպէս որ Յիսուս Եհովան ընդօրինակելու մէջ ուրախութիւն գտաւ, քրիստոնեայ այրերն ալ Քրիստոսն ու անոր յատկութիւնները ընդօրինակելու մէջ ուրախութիւն պէտք է գտնեն։

12, 13. Երէցները իրենց հոգատարութեան յանձնուած ոչխարներուն հետ ինչպէ՞ս պէտք է վարուին։

12 Քրիստոնէական ժողովքին երէցները պարտաւոր են սորվելու Քրիստոսի նման ըլլալ։ Պետրոս երէցներուն սա յորդորը տուաւ. «Աստուծոյ հօտը որ ձեր մէջ է՝ արածեցէք, վերակացու ըլլալով ո՛չ թէ ակամայ՝ հապա կամաւ, ո՛չ թէ անարգ շահախնդրութեամբ՝ հապա յօժարութեամբ, ո՛չ թէ վիճակներուն վրայ տիրելով՝ հապա հօտին օրինակ ըլլալով» (Ա. Պետ. 5։1-3)։ Քրիստոնեայ երէցները բռնակալական, կամայական կամ կոշտ պէտք չէ ըլլան։ Քրիստոսի օրինակին հետեւելով, անոնք կը ջանան իրենց հոգատարութեան վստահուած ոչխարներուն հետ սիրալիր, նկատառու, խոնարհ ու քաղցր ըլլալ։

13 Ժողովքին մէջ առաջնորդութիւն առնողները անկատար տղամարդիկ են, եւ յարատեւաբար իրենց սահմանափակումներուն պէտք է գիտակցին (Հռով. 3։23)։ Ուստի անոնք Յիսուսի մասին սորվելու եւ անոր սէրը ընդօրինակելու սաստիկ փափաքը պէտք է ունենան։ Անոնք պէտք է խոկան այն կերպին վրայ, որով Աստուած ու Քրիստոս կը վարուին մարդոց հետ, ապա ջանան զանոնք ընդօրինակել։ Պետրոս մեզ կը յորդորէ. «Բոլորդ իրարու հպատակելով՝ խոնարհութի՛ւն հագէք. որովհետեւ Աստուած կ’ընդդիմանայ ամբարտաւաններուն, բայց շնորհք կու տայ խոնարհներուն» (Ա. Պետ. 5։5, ԱԾ

14. Երէցներ ո՞ր տարողութեամբ ուրիշները պէտք է պատուեն։

14 Աստուծոյ հօտին հետ իրենց գործառնութեանց մէջ, ժողովքի նշանակուած տղամարդիկը ընտիր յատկութիւններ պէտք է ցուցաբերեն։ Հռովմայեցիս 12։10–ը կ’ըսէ. «Եղբայրսիրութեան մէջ իրարու գորովալից եղէ՛ք. պատուելու մէջ իրարմէ անցէ՛ք»։ Երէցներն ու օգնական ծառաները ուրիշները կը պատուեն։ Ընդհանուր քրիստոնեաներուն նման, այս տղամարդիկը ‘բան մը գրգռութիւնով կամ սնապարծութիւնով չեն ըներ. հապա խոնարհութիւնով մէկզմէկ իրենց անձէն լաւ կը սեպեն’ (Փլպ. 2։3)։ Առաջնորդութիւն առնողները ուրիշները պէտք է նկատեն թէ իրենցմէ գերադաս են։ Այսպէս ընելով, նշանակուած տղամարդիկը Պօղոսի սա խրատին հետեւած կ’ըլլան. «Մենք որ զօրաւոր ենք, պէտք է տկարներուն տկարութիւնը վերցնենք ո՛չ միայն մեր անձին հաճոյ ըլլալու համար, հապա մեզմէ ամէն մէկը շինութեան համար իր ընկերին հաճոյ ըլլայ՝ բարի բաներու մէջ։ Քանզի Քրիստոս ալ ո՛չ թէ իր անձին հաճոյ եղաւ» (Հռով. 15։1-3

‘Կիները պատուել’

15. Ամուսիններ իրենց կիներուն հետ ինչպէ՞ս պէտք է վարուին։

15 Այժմ նկատի առ ամուսնացած տղամարդոց ուղղուած Պետրոսի խրատը։ Ան գրեց. «Այրե՛ր, իմաստութեամբ ապրեցէք ձեր կիներուն հետ, պատուելով զանոնք՝ իրենց տկար բնութեան համար» (Ա. Պետ. 3։7, Անթիլիաս)։ Անհատ մը պատուել կը նշանակէ՝ զինք մեծապէս արժեւորել։ Ուստի անհատին կարծիքները, կարիքներն ու փափաքները նկատի կ’առնես եւ անոր տեղի կու տաս, եթէ հարցը լուրջ չէ։ Ամուսին մը իր կնոջ հետ այսպէ՛ս պէտք է վարուի։

16. Կիները պատուելու նկատմամբ Աստուծոյ Խօսքը ամուսիններուն ի՞նչ ազդարարութիւն կու տայ։

16 Ամուսիններուն ըսելէ ետք, որ իրենց կիները պատուեն, Պետրոս ազդարարութիւն մը կ’աւելցնէ. «Որպէս զի ձեր աղօթքներուն արգելք չըլլայ» (Ա. Պետ. 3։7)։ Ասիկա յստակօրէն ցոյց կու տայ, թէ Եհովա կնոջ հանդէպ ամուսինին վարուելու կերպը ո՜րքան լուրջի կ’առնէ։ Իր կինը չպատուելը կրնայ ամուսինին աղօթքներուն արգելք հանդիսանալ։ Ասկէ զատ, կիներ ընդհանրապէս դրականօրէն չե՞ն ընդառաջեր, երբ ամուսիններ իրենց հետ պատուաւորապէս վարուին։

17. Ամուսին մը ո՞ր տարողութեամբ իր կինը պէտք է սիրէ։

17 Տղամարդը իր կինը սիրելու հարցին շուրջ, Աստուծոյ Խօսքը կը խրատէ. «Պէտք է որ այրերը իրենց կիները սիրեն իրենց մարմիններուն պէս. . . Վասն զի մէկը բնաւ իր անձը չ’ատեր, հապա կը սնուցանէ ու կը խնամէ զանիկա, ինչպէս Տէրն ալ՝ եկեղեցին։ . . .Ձեզմէ ամէն մէկն ալ իր կինը այնպէս սիրէ՝ որպէս թէ իր անձը» (Եփ. 5։28, 29, 33)։ Ամուսիններ ո՞ր տարողութեամբ իրենց կիները պէտք է սիրեն։ Պօղոս գրեց. «Այրե՛ր, սիրեցէ՛ք ձեր կիները, ինչպէս Քրիստոս ալ սիրեց եկեղեցին ու իր անձը մատնեց անոր համար» (Եփ. 5։25)։ Այո, ամուսին մը յօժար պէտք է ըլլայ նոյնիսկ իր կեանքը իր կնոջ համար տալու, ճիշդ ինչպէս որ Քրիստոս ուրիշներուն համար ասիկա ըրաւ։ Երբ քրիստոնեայ ամուսինը իր կնոջ հետ քնքշօրէն, փափկանկատօրէն, ուշադրութեամբ եւ անձնուրացօրէն կը վարուի, իր գլխաւորութեան ենթարկուիլը կնոջ համար աւելի դիւրին կ’ըլլայ։

18. Ամուսնութեան մէջ իրենց պատասխանատուութիւնները հոգալու համար ամուսիններ ի՞նչ օգնութիւն ունին։

18 Մե՞ծ բան մըն է ակնկալել, որ ամուսիններ իրենց կիները այս կերպով պատուեն։ Ո՛չ. Եհովա երբեք չի խնդրեր բան մը, որ անոնց կարողութիւններէն վեր է։ Ասկէ զատ, Եհովայի երկրպագուներուն համար մատչելի է տիեզերքի մեծագոյն զօրութիւնը,– Աստուծոյ սուրբ հոգին։ Յիսուս ըսաւ. «Եթէ դուք որ չար էք՝ ձեր զաւակներուն աղէկ ընծաներ տալ գիտէք, որչա՜փ աւելի ձեր Հայրը երկնքէն Սուրբ Հոգին պիտի տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն» (Ղուկ. 11։13)։ Իրենց աղօթքներուն մէջ ամուսիններ կրնան խնդրել, որ Եհովա իր հոգիին միջոցաւ օգնէ ուրիշներուն հետ իրենց գործառնութեանց մէջ, ի ներառեալ՝ իրենց կիները (կարդալ՝ Գործք 5։32

19. Ուսումնասիրութեան յաջորդ յօդուածը ի՞նչ նկատի պիտի առնէ։

19 Արդարեւ, այրեր Քրիստոսի ենթարկուիլ սորվելու եւ անոր գլխաւորութիւնը ընդօրինակելու ծանր պատասխանատուութիւն կը կրեն։ Բայց ի՞նչ կրնայ ըսուիլ կիներուն, յատկապէս ամուսնացած կիներուն մասին։ Յաջորդ յօդուածը պիտի քննարկէ, թէ կիներ Եհովայի կարգադրութեան մէջ իրենց դերը ինչպէ՛ս պէտք է նկատեն։

Կը յիշե՞ս

• Յիսուսի ո՞ր յատկութիւնները պէտք է ընդօրինակենք։

• Երէցներ ոչխարներուն հետ ինչպէ՞ս պէտք է վարուին։

• Ամուսին մը իր կնոջ հետ ինչպէ՞ս պէտք է վարուի։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]