Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուծոյ անունը ճանչնալը ի՛նչ կը պարփակէ

Աստուծոյ անունը ճանչնալը ի՛նչ կը պարփակէ

Աստուծոյ անունը ճանչնալը ի՛նչ կը պարփակէ

ԱՆՈՒՆԴ առանձնայատուկ իմաստ մը ունի՞։ Աշխարհի որոշ շրջաններու մէջ, սովորութիւն է որ երեխայի մը իմաստալից անուն մը տրուի։ Ընտրուած անունը թերեւս արտացոլացնէ ծնողքին հաւատալիքներն ու արժանիքները կամ զաւակին ապագային նկատմամբ իրենց յոյսերն ու երազները։

Իմաստալից անուններ տալու սովորութիւնը նոր բան մը չէ։ Աստուածաշունչի ժամանակներուն, անձնական անունները սովորաբար կը տրուէին իրենց հաղորդած նշանակութեանը համար։ Անունները կրնային նշել անհատին ակնկալուած դերը կեանքին մէջ։ Օրինակ՝ Սողոմոնի ապագայ դերը իր հօր՝ Դաւիթին նշելով, Եհովա ըսաւ. «Անոր անունը Սողոմոն [արմատէ մը, որ կը նշանակէ «Խաղաղութիւն»] պիտի ըլլայ ու անոր օրերուն մէջ Իսրայէլի խաղաղութիւն ու հանդարտութիւն պիտի տամ» (Ա. Մնացորդաց 22։9

Երբեմն Եհովա նոր անուն մը կու տար այն անհատին, որ նոր դեր մը պիտի ստանձնէր։ Աբրահամի ամուլ կինը ստացաւ Սառա անունը, որ կը նշանակէ «Իշխանուհի»։ Ինչո՞ւ։ Եհովա բացատրեց. «Զանիկա պիտի օրհնեմ, նաեւ անկէ որդի մը պիտի տամ քեզի ու պիտի օրհնեմ զանիկա ու ազգերու մայր պիտի ըլլայ եւ ժողովուրդներու թագաւորներ պիտի ելլեն անկէ» (Ծննդոց 17։16)։ Բացայայտ է որ հասկնալը՝ թէ ինչո՛ւ Սառա նոր անուն մը ստացաւ, պիտի պարփակէր հասկնալ անոր նոր դերը։

Իսկ ի՞նչ ըսենք կարեւորագոյն անուան մասին,– Եհովա։ Անիկա ի՞նչ կը նշանակէ։ Երբ Մովսէս Աստուծոյ հարցուց Իր անուան մասին, Եհովա պատասխանեց. «Ես Պիտի Ըլլամ Ինչ Որ Պիտի Ըլլամ» (Ելից 3։14, ՆԱՌոթըրհէմ–ի թարգմանութիւնը կ’ըսէ. «Պիտի Ըլլամ ինչ որ կը հաճիմ ըլլալ»։ Եհովայի անունը կը յայտնէ, թէ անհամար դերեր ունեցող Աստուած մըն է։ Պարզ լուսաբանութիւն մը գործածենք. իր զաւակները հոգալու համար, մայր մը թերեւս ամէն օր զանազան դերեր պէտք է ստանձնէ,– բուժքոյր, խոհարարուհի, ուսուցչուհի,– ըստ հարկին։ Նոյնն է պարագան Եհովային, բայց աւելի բարձր մակարդակի վրայ։ Մարդկութեան ի նպաստ իր սիրալիր նպատակը իրագործելու համար, ան կրնայ ըլլալ ի՛նչ որ կը հաճի, որեւէ անհրաժեշտ դեր ստանձնելով։ Ուստի, Եհովան իր անունով ճանչնալը կը պարփակէ՝ իր բազմաթիւ դերերը հասկնալ ու գնահատել։

Ցաւօք սրտի, Աստուծոյ անձնաւորութեան գեղեցկութիւնը ծածկուած է անոնցմէ, որոնք զինք իր անունով չեն ճանչնար։ Սակայն Աստուածաշունչը ուսումնասիրելով կրնաս գնահատել Եհովայի դերերը, ինչպէս՝ իմաստուն Խրատատու, հզօր Փրկիչ եւ առատաձեռն Հայթայթող։ Արդարեւ Եհովայի անուան հարուստ նշանակութիւնը երկիւղ կը ներշնչէ։

Այսուհանդերձ, Աստուած իր անունով ճանչնալը միշտ դիւրին չէ։ Յաջորդ յօդուածը պատճառը պիտի յայտնէ։