Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Անոնք աշխարհի վախճանէն այլեւս չեն վախնար

Անոնք աշխարհի վախճանէն այլեւս չեն վախնար

Անոնք աշխարհի վախճանէն այլեւս չեն վախնար

ԿԷՐԻ եւ Քէրըն, 1970–ական թուականներուն վերջաւորութեան համոզուեցան, թէ աշխարհի վախճանը մօտ է։ Ուստի անոնք քաղաքէն փոխադրուեցան գիւղային շրջան մը եւ որոշեցին ամբողջովին ինքնաբաւ ըլլալ։ Անոնք ուզեցին վախճանէն վերապրիլ։

Հարկ եղած հմտութիւնները ձեռք ձգելու համար, անոնք գիրքեր գնեցին, դասընթացքներու հետեւեցան եւ կարելի եղածին չափ շատ մարդոց խօսեցան։ Անոնք բանջարեղէնի պարտէզ ու 50 պտղատու ծառեր տնկեցին, եւ հունտեր ու գործիքներ մթերեցին։ Անոնք սորվեցան ուտելիք աճեցնել ու պահպանել։ Բարեկամուհի մը անոնց սորվեցուց ինչպէ՛ս անասունը մորթել ու միսը աղել։ Քէրըն սորվեցաւ անտառին մէջ գտնուող բոյսերն ու արմատները բնորոշել, որպէսզի անոնցմով կարենային սնուցանուիլ, եթէ ուտելիքը հատնէր։ Կէրի սորվեցաւ եգիպտացորենէն վառելանիւթ պատրաստել, փայտ գործածող մետաղեայ օճախ շինել եւ ինքնաբաւ տուն կառուցանել։

Քէրըն կ’ըսէ. «Այդ ատեն աշխարհի ահռելի վիճակները տեսնելով, զգացի թէ քաղաքակրթութիւնը շուտով վերջ պիտի գտնէ»։ Կէրի կը բացատրէ. «Այլ երիտասարդներու նման, աշխուժօրէն ջանացի ցեղապաշտութեան, Վիեթնամի պատերազմին ու փտածութեան վերջ դնել։ Բայց շուտով հիասթափ դարձայ։ Ինծի թուեցաւ թէ մարդկութիւնը ինքնակործանման ուղի բռնած է»։

Կէրի կ’ըսէ. «Գիշեր մը՝ յաւելեալ ժամանակ ունենալով, Աստուածաշունչ մը առի ու Մատթէոսէն մինչեւ Յայտնութիւն կարդացի։ Յաջորդ չորս գիշերները, զայն դարձեալ կարդացի։ Հինգերորդ օրուան առաւօտուն, Քէրընի ըսի. ‘Մենք վերջին օրերուն մէջ կ’ապրինք։ Աստուած շուտով երկրագունդը պիտի մաքրէ։ Պէտք է գտնենք այն անհատները, որոնք պիտի վերապրին’»։ Կէրի եւ Քէրըն սկսան կրօնքէ կրօնք երթալ, փնտռելով զանոնք՝ որոնք կ’ուզէին աշխարհի վախճանին համար նախապատրաստուիլ։

Շատ չանցած, Եհովայի վկայ մը անոնց դուռը զարկաւ, եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսուեցաւ։ Քէրըն կը մտաբերէ. «Շատ ոգեւորուած էի, քանի որ Սուրբ Գրութիւնները իսկապէս կը բացատրուէին։ Ես աշխարհի վախճանի ժամանակին մասին ճշմարտութիւնը կը փնտռէի, եւ վերջապէս զայն գտայ։ Ապագային համար ստոյգ յոյս մը կար։ Բայց աւելի կարեւորը, սկսայ երկնաւոր Հօրս՝ տիեզերքի Ստեղծիչին ու Աստուծոյն հետ բարեկամութիւն հաստատել»։

Կէրի կ’ըսէ. «Կեանքս իսկական իմաստ մը ստացաւ։ Անգամ մը որ Աստուածաշունչը սկսայ ուսումնասիրել, չկրցայ կանգ առնել։ Աստուածաշնչական մարգարէութիւնները կարդացի, անոնց կատարման ապացոյցները քննեցի եւ համոզուեցայ, թէ Աստուած շուտով գործի պիտի լծուի։ Խորհեցայ. ‘Մարդիկ պէտք է պատրաստուին, ոչ թէ աղէտի մը համար, այլ՝ այն կեանքին համար, զոր Աստուած կարգադրած է մեզի’»։ Կէրի եւ Քէրըն ապագային նկատմամբ դրական հայեցակէտ մը որդեգրեցին։ Փոխանակ աշխարհի վախճանին մասին մտահոգուելու, անոնք վստահ եղան թէ Աստուած մարդկութիւնը հարուածող խնդիրները պիտի վերցնէ եւ երկրագունդը դրախտի պիտի վերածէ։

Այժմ՝ շուրջ 25 տարի ետք, Կէրի եւ Քէրըն ի՞նչ կ’ընեն։ Քէրըն կ’ըսէ. «Եհովա Աստուծոյ հանդէպ սէրս ու հաւատքս կը շարունակեմ կերտել, եւ կը ջանամ ուրիշներուն օգնել որ նոյնը ընեն։ Կէրին եւ ես իրարու կ’աջակցինք, մինչ մեր ընտանիքը Աստուծոյ պաշտամունքին մէջ զօրաւոր ու միացած կը պահենք։ Կը փորձենք միշտ կազմակերպուած ըլլալ, եւ կը ջանանք մեր կենցաղակերպը պարզ պահել, որպէսզի կարենանք ուրիշներու կարիքներուն վրայ կեդրոնանալ»։

Կէրի կ’աւելցնէ. «Կանոնաւորաբար կ’աղօթեմ որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը գայ ու հանգստութիւն բերէ միլիոնաւորներու։ Ամէն անգամ որ ուրիշներու հետ կը խօսիմ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրի մասին, կ’աղօթեմ որ կարենամ Աստուածաշունչէն գոնէ յոյս տալ առնուազն մէկ անհատի։ Աւելի քան 25 տարի է, որ Եհովա քաղցրօրէն այս աղօթքին կը պատասխանէ։ Քէրընը եւ ես կը հաւատանք, թէ Եհովա մօտ օրէն երկրագունդին մեծ փոփոխութիւններ պիտի բերէ, բայց մենք աշխարհի վախճանէն այլեւս չենք վախնար» (Մատթէոս 6։9, 10. Բ. Պետրոս 3։11, 12

[Նկար՝ էջ 9]

Կէրի եւ Քէրըն այժմ ուրախութեամբ ուրիշներուն կ’օգնեն, որ Աստուածաշունչի պատգամէն յոյս ձեռք ձգեն