Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Չար արարքներուն վերջը երաշխաւորուած է

Չար արարքներուն վերջը երաշխաւորուած է

Չար արարքներուն վերջը երաշխաւորուած է

ԱՍՏՈՒԱԾ մեզի տուած է իր ներշնչեալ Խօսքը, որ կը նշէ թէ մարդիկ ի՛նչ պատճառներով գէշ բաներ կ’ընեն։ Ան մեզի նաեւ տուած է ազատ կամք եւ ժուժկալութիւն ի գործ դնելու կարողութիւն, կարելի դարձնելով որ ընտրենք գէշ բաներ չընել (Բ. Օրինաց 30։15, 16, 19)։ Ասոր ի տես, կրնանք զատորոշել որեւէ սխալ հակում, որ թերեւս ունինք, եւ անհրաժեշտ սրբագրիչ քայլերը առնել։ Ի վերջոյ, գէշ արարքներէ ետ կենալով, թէ՛ մենք երջանիկ պիտի ըլլանք եւ թէ մեր շուրջինները (Սաղմոս 1։1

Այսուհանդերձ, անհատապէս ո՛րքան ալ ջանանք գէշ բաներ ընելէ հեռու կենալ, աշխարհը կը շարունակէ մարդոց գործած չար արարքներով զեղուն ըլլալ։ Աստուածաշունչը կը զգուշացնէ. «Գիտցիր թէ վերջին օրերը չար ժամանակներ պիտի գան»։ Ցոյց տալու համար թէ ի՛նչ բաներ օրերը «չար» կը դարձնեն, անիկա կ’աւելցնէ. «Մարդիկ պիտի ըլլան անձնասէր, արծաթասէր, ամբարտաւան, հպարտ, հայհոյիչ, ծնողներու անհնազանդ, ապերախտ, անսուրբ, անգութ, անհաշտ, բանսարկու, անժուժկալ, դաժանաբարոյ, բարին չսիրող, մատնիչ, յանդուգն, գոռոզ, աւելի հեշտասէր քան թէ աստուածասէր. որոնք աստուածպաշտութեան կերպարանքը ունին, բայց անոր զօրութիւնը ուրացած են եւ դուն անոնցմէ մէկդի՛ կեցիր» (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5

Մէջբերուած վերոնշեալ մարգարէական խօսքին մէջ թերեւս նկատեցիր «վերջին օրեր» արտայայտութիւնը։ Ասիկա քեզի համար ի՞նչ կը նշանակէ։ Ինչպէս սովորաբար կը հասկցուի, «վերջին օրեր» ըսելը կը թելադրէ, թէ բան մը վերջ գտնելու վրայ է։ Անիկա ի՞նչ կրնայ ըլլալ։ Նկատի առ թէ Աստուած իր Խօսքին մէջ ի՛նչ կը խոստանայ։

Ամբարիշտները ամբողջովին պիտի վերցուին։

«Քիչ ժամանակէ յետոյ ամբարիշտը պիտի չքանայ, անոր տեղը պիտի փնտռես ու պիտի չգտնես։ Սակայն հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը ու խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան» (ՍԱՂՄՈՍ 37։10, 11

«Տէրը բոլոր զինք սիրողները կը պահէ, սակայն բոլոր ամբարիշտները կը կորսնցնէ» (ՍԱՂՄՈՍ 145։20

Այլեւս հարստահարում պիտի չըլլայ։

«Աղքատը պիտի փրկէ աղաղակելու ատենը, խեղճն ալ ու զանիկա ալ, որ օգնական չունի։ Հարստահարութենէ ու բռնութենէ պիտի փրկէ անոնց անձը» (ՍԱՂՄՈՍ 72։12, 14

«Ստեղծուածները իրենք ալ ապականութեան ծառայութենէն ազատուելով, Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութեանը պիտի հասնին» (ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 8։21

Մարդոց նիւթական կարիքները պիտի գոհացուին։

«Ամէն մարդ իր որթատունկին տակ ու իր թզենիին տակ պիտի նստի, վախցնող պիտի չըլլայ» (ՄԻՔԻԱ 4։4

«Տուներ պիտի շինեն ու պիտի բնակին, այգիներ պիտի տնկեն ու անոնց պտուղը պիտի ուտեն։ Անոնք պիտի չշինեն, որպէս զի ուրիշները բնակին, անոնք պիտի չտնկեն, որպէս զի ուրիշները ուտեն. վասն զի իմ ժողովուրդիս օրերը ծառի օրերու չափ պիտի ըլլան եւ իմ ընտրածներս իրենց ձեռքերուն գործերը պիտի հինցնեն» (ԵՍԱՅԻ 65։21, 22

Իրաւունքը պիտի տիրէ։

«Աստուած իր ընտրեալներուն իրաւունք պիտի չընէ՞, որոնք ցորեկ ու գիշեր իրեն կ’աղաղակեն. . . Ձեզի կ’ըսեմ թէ շուտով անոնց իրաւունք պիտի ընէ» (ՂՈՒԿԱՍ 18։7, 8

«Տէրը կը սիրէ իրաւունքը եւ իր սուրբերը երեսէ չի ձգեր. յաւիտեան կը պահուին անոնք» (ՍԱՂՄՈՍ 37։28

Անձնասիրութիւնը պիտի փոխարինուի արդարութեամբ։

«Աշխարհի բնակիչները արդարութիւն կը սորվին» (ԵՍԱՅԻ 26։9

«Իր խոստումին համեմատ, նոր երկնքի ու նոր երկրի մը կը սպասենք, որոնց մէջ արդարութիւնը կը բնակի» (Բ. ՊԵՏՐՈՍ 3։13

Անհատներ կը փոխուին՝ նոյնիսկ հիմա

Կասկած չկայ, թէ բոլորս այսպիսի խոստումներով կ’ուրախանանք։ Բայց ի՞նչ երաշխիք կայ, թէ անոնք պիտի իրականանան։ Իրականութեան մէջ, հիմա իսկ ապացոյց ունինք որ Աստուծոյ խոստումները պիտի կատարուին։ Ի՞նչ է այդ ապացոյցը։ Այն իրողութիւնն է՝ թէ ներկայիս համայն աշխարհի մէջ, միլիոնաւորներ արդէն իսկ յաջողած են ձերբազատուիլ անձնասէր, անբարոյ կամ վայրագ նկարագրի գիծերէ ու սորված են պարկեշտ, խաղաղասէր եւ ազնիւ անհատներ ըլլալ։ Այսօր, աւելի քան եօթը միլիոն Եհովայի վկաները միջազգային եղբայրութիւն մըն են, որ կը յաղթահարէ ցեղային, էթնիքական, ազգայնական, քաղաքական ու տնտեսական խոչընդոտները, որոնք պատմութեան ընթացքին շատ ատելութիւն, բռնութիւն եւ արիւնահեղութիւն պատճառած են։ * Այս փոփոխութիւններուն տեղի ունենալը հաստատ հիմ մըն է հաւատալու, թէ Աստուծոյ խոստումները ընդարձակ տարողութեամբ պիտի իրականանան։

Սակայն ի՞նչ բան այսպիսի փոփոխութիւններ կը յառաջացնէ։ Պատասխանը կը գտնուի Աստուածաշունչի ուրիշ մէկ խոստումին մէջ, զոր Եսայի մարգարէն արձանագրեց։ Ան գրեց.

«Գայլը գառին հետ պիտի բնակի ու ինձը ուլին հետ պիտի պառկի։ Հորթն ու առոյգ առիւծը եւ պարարտ զուարակը մէկտեղ պիտի արածին ու զանոնք պզտիկ տղայ մը պիտի քշէ։ . . .Առիւծը արջառի պէս յարդ պիտի ուտէ ու կաթնկեր տղան իժին ծակին վրայ պիտի խաղայ եւ կաթէն կտրուածը ձեռքը քարբին բոյնին վրայ պիտի դնէ։ Անոնք պիտի չվնասեն ու չապականեն իմ բոլոր սուրբ լերանս վրայ. քանզի երկիրը Տէրոջը գիտութիւնովը պիտի լեցուի, ինչպէս ջուրերը ծովը կը ծածկեն» (Եսայի 11։6-9

Այս մարգարէութիւնը պարզապէս կը նախագուշակէ ժամանա՞կ մը, երբ անասունները մարդոց հետ համերաշխութեամբ պիտի ապրին։ Ո՛չ, անիկա աւելին կ’ընէ։ Նկատէ թէ հատուածին վերջին մասը կը նշէ, թէ ի՛նչ բան փոխակերպութիւնը կը պատճառէ. «Երկիրը Տէրոջը գիտութիւնովը պիտի լեցուի»։ Աստուծոյ գիտութիւնը անասունի մը վերաբերմունքը կը փոխէ՞։ Ո՛չ։ Բայց անիկա կրնա՛յ մարդիկը փոխել եւ կը փոխէ։ Այս մարգարէութիւնը կը նախագուշակէ, թէ անոնք որոնք անասնական հակումներ ունէին, զանոնք մէկդի պիտի դնեն ու քրիստոսանման անձնաւորութիւն պիտի մշակեն, Աստուածաշունչի ուսուցումները սորվելով ու կիրարկելով։

Նկատի առ Փատրոյի պարագան։ * Երբ ահաբեկչական կազմակերպութեան մը միացաւ, ան կը հաւատար թէ արդարութեան համար կը պայքարէր։ Մարզում ստանալէ ետք, ան ոստիկանանոց մը պայթեցնելու հրաման ստացաւ։ Մինչ պատրաստութիւններ կը տեսնէր, ան ձերբակալուեցաւ։ Փատրօ 18 ամիս բանտարկուեցաւ, ուր շարունակեց իր քանդիչ գործունէութիւնը։ Մինչ այդ, անոր կինը սկսաւ Եհովայի վկաներուն հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։ Բանտէն ազատ արձակուելէ ետք, Փատրոն ալ սկսաւ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել, եւ Եհովա Աստուծոյ մասին իր սորվածները զինք մղեցին, որ իր կեցուածքին ու կեանքի նկատմամբ իր մօտեցումին մէջ մեծ փոփոխութիւններ կատարէ։ Փատրօ կ’ըսէ. «Շնորհապարտ եմ Եհովայի, որ ահաբեկիչ եղած տարիներուս ընթացքին մէկը չսպաննեցի։ Այժմ Աստուծոյ հոգիին սուրը՝ Աստուածաշունչը՝ կը գործածեմ, մարդոց տալու իսկական խաղաղութեան եւ արդարութեան պատգամ մը,– Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը»։ Փատրօ նոյնիսկ այցելեց այն ոստիկանանոցը, զոր պիտի կործանէր, որպէսզի խաղաղութեան եւ բռնութենէ զերծ աշխարհի մը մասին խօսի։

Մարդոց վրայ Աստուծոյ Խօսքին ունեցած զօրաւոր ազդեցութիւնը, մեզի յաւելեալ պատճառ կու տայ, որ հաւատանք Աստուծոյ խոստումին, թէ բոլոր չար արարքներուն վերջը ստոյգ է։ Այո, մարդիկ յաւիտեան գէշ բաներ պիտի չընեն, այլ պիտի բարեփոխուին։ Շուտով Եհովա պիտի վերցնէ չար արարքներուն ծագում տուողը՝ Բանսարկուն, որ վարագոյրին ետեւէն կը ղեկավարէ աշխարհը։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Բոլոր աշխարհ չարին մէջ է» (Ա. Յովհաննէս 5։19)։ Բայց մօտ ատենէն ան պիտի չքանայ։ Նաեւ պիտի անհետանան բոլոր անոնք, որոնք յամառօրէն կը մերժեն իրենց չար ճամբաներէն հրաժարիլ։ Այդ օրհնեալ ժամանակին մէջ ապրիլը ի՜նչ սքանչելի պիտի ըլլայ։

Անհատ մը ի՞նչ պէտք է ընէ այսպիսի ապագայ մը երաշխաւորելու համար։ Մտաբերէ թէ «Տէրոջը գիտութիւնն» է որ ներկայիս մարդիկը կը փոխէ եւ մօտ ապագային համաշխարհային փոփոխութիւն պիտի բերէ։ Աստուածաշունչի ճշգրիտ գիտութիւն ձեռք ձգելով եւ զայն կիրարկելով,– ինչպէս Փատրօ ըրաւ,– դուն ալ կրնաս ակնկալել ապրիլ աշխարհի մը մէջ, ուր «արդարութիւնը կը բնակի» (Բ. Պետրոս 3։13)։ Հետեւաբար քեզ կը յորդորենք, որ տակաւին մատչելի եղող պատեհութիւնը օգտագործես՝ Աստուծոյ ու Յիսուս Քրիստոսի մասին գիտութիւն ստանալու, քանի որ ասիկա կրնա՛յ քեզի համար յաւիտենական կեանք նշանակել (Յովհաննէս 17։3

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 21 Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս Եհովայի վկաներ—Որո՞նք են. ի՞նչ են իրենց հաւատալիքները գրքոյկը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։

^ պարբ. 25 Անունը փոխուած է։

[Մէջբերում՝ էջ 9]

Դուն ալ կրնաս ակնկալել ապրիլ աշխարհի մը մէջ, ուր «արդարութիւնը կը բնակի» (Բ. ՊԵՏՐՈՍ 3։13)