Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Կայէն իր կինը ուրկէ՞ գտաւ

Կայէն իր կինը ուրկէ՞ գտաւ

Ընթերցողները կը հարցնեն

Կայէն իր կինը ուրկէ՞ գտաւ

▪ «Եթէ Ադամն ու Եւան երկու որդի ունէին՝ Կայէն եւ Աբէլ, ուրկէ՞ եկաւ Կայէնին կինը»։ Թէեւ ասիկա Աստուածաշունչի սկեպտիկներուն կողմէ յաճախ ուղղուած նենգամիտ հարցում մըն է, բայց Աստուածաշունչը բաւարար մանրամասնութիւններ կը հայթայթէ, գոհացուցիչ պատասխան մը տալու համար։

Ծննդոց 3–րդ եւ 4–րդ գլուխները հետեւեալ տեղեկութիւնները կը ներկայացնեն. 1) Եւան «ամէն կենդանութիւն ունեցողներուն մայրն» էր։ 2) Ժամանակ անցաւ Կայէնի ծնունդէն մինչեւ ընծայ մատուցանելը, զոր Աստուած մերժեց։ 3) «Աստանդական ու թափառական» ըլլալու վճիռը ստանալէ ետք, Կայէն մտահոգութիւն յայտնեց թէ ‘ով որ զինք գտնէ’ թերեւս փորձէ զինք մեռցնել։ 4) Աստուած Կայէնը պաշտպանելու համար նշան մը դրաւ,– ինչ որ ցոյց կու տայ թէ անոր եղբայրներն ու քոյրերը կամ այլ ազգականներ թերեւս փորձէին զինք սպաննել։ 5) Յետագային, ‘Նայիդ երկրին’ մէջ, Կայէն իր կնոջ հետ սեռային յարաբերութիւն ունեցաւ (Ծննդոց 3։20. 4։3, 12, 14-17

Վերոյիշեալէն կրնանք պատշաճօրէն եզրակացնել, թէ Կայէնի կինը Եւայի մէկ զարմն էր, որուն ծննդեան թուականը անյայտ է։ Ծննդոց 5։4–ը կը հաստատէ թէ Ադամ, որ 930 տարի ապրեցաւ, «տղաքներ ու աղջիկներ ծնաւ»։ Անշուշտ, Աստուածաշունչը չի սահմաներ թէ Կայէնի կինը Եւայի դուստրն էր։ Արդարեւ, այն իրողութիւնը թէ ան Կայէնի վռնտուելէն ետք յիշուած է, ցոյց կու տայ թէ բաւարար ժամանակ անցած էր եւ ան կրնար նոյնիսկ Ադամի ու Եւայի թոռնուհիներէն մէկը ըլլալ։ Ուստի, The Amplified Old Testament պարզապէս կը նկարագրէ Կայէնի կինը որպէս «Ադամի սերունդէն մէկը»։

ԺԹ. դարու Աստուածաշունչի մեկնաբան Էտէմ Քլարք ենթադրեց, թէ Աստուած Կայէնի վախին պատճառաւ նշան մը հաստատեց, քանի որ արդէն Ադամէն քանի մը սերունդներ գոյութիւն ունէին,– ինչ որ բաւարար էր «քանի մը գիւղեր հիմնելու»։

Ներկայիս կարգ մը համայնքներ անփափաքելի կը նկատեն Կայէնի ամուսնութիւնը իր քրոջ կամ Ադամի մէկ թոռնուհիին հետ։ Պատճառը սովորաբար այն է, թէ այսպիսի ամուսնութիւն ընկերային գետնի վրայ արգիլուած է կամ ծինային թերութիւններուն դուռ կը բանայ։ Այսուհանդերձ, Ֆ. Լակարտ Սմիթ գիրքի մը մէջ (The Narrated Bible in Chronological Order) կ’ըսէ. «Շատ հաւանական է որ այս առաջին եղբայրներն ու քոյրերը իրարու հետ ամուսնացան, հակառակ անպատշաճութեան զգացումին, որ կրնար յառաջ գալ եթէ ամուսնութիւնը տեղի ունենար յետագայ սերունդներուն մէջ»։ Նաեւ, ուշագրաւ է որ միայն մ.թ.ա. 1513–ին, երբ Մովսէս իսրայէլ ազգին համար Աստուծոյ օրէնքները ստացաւ, այսպիսի մօտիկ ազգականներու միջեւ սեռային յարաբերութիւնը յատկապէս արգիլուեցաւ (Ղեւտացւոց 18։9, 17, 24

Այսօր, մենք հազարամեակներ հեռու ենք այն կատարելութենէն, զոր ատեն մը մեր առաջին ծնողքը վայելեցին։ Մեզի ազդող ծիները եւ ժառանգութիւնը կրնային անոնց համար ազդակ մը չըլլալ։ Ասկէ զատ, վերջերս կատարուած ուսումնասիրութիւններ, ինչպէս՝ Journal of Genetic Counseling–ին մէջ հրատարակուած ուսումնասիրութիւն մը, ցոյց կու տան թէ զարմիկներու եւ զարմուհիներու միջեւ եղած ամուսնութիւնը, ծննդեան թերութիւններով զաւակներ յառաջ բերելու աւելի նուազ հաւանականութիւն ունի, քան ինչ որ շատեր կը կարծեն։ Տրամաբանօրէն, Ադամի կեանքին ընթացքին կամ նոյնիսկ Նոյի օրերէն առաջ, այսպիսի հարցեր լուրջ մտահոգութիւն չէին ներկայացներ։ Ուստի կրնանք եզրակացնել, թէ Կայէնի կինը իր ազգականներէն մէկն էր։